Եհովան հաճեցնող փառաբանութեան զոհեր
Եհովան հաճեցնող փառաբանութեան զոհեր
«Ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։1
1. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ մատուցուած զոհերուն յարաբերական արժէքին մասին։
«ՕՐԷՆՔԸ գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը։ Ամէն տարի մատուցուած նոյն զոհերով երբեք չի կրնար կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան»։ (Եբրայեցիս 10։1) Այս ուշագրաւ նախադասութեամբ, Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ որ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ մատուցուած բոլոր զոհերը մարդուն փրկութեան առնչութեամբ մնայուն արժէք մը չէին ներկայացներ։—Կողոսացիս 2։16, 17
2. Օրէնքին ընծաներուն ու զոհերուն մասին Աստուածաշունչին տուած մանրամասնութիւնները հասկնալու համար թափուած ջանքը ինչո՞ւ ապարդիւն չէ։
2 Ասիկա կը նշանակէ թէ Հնգամատեանին մէջ ընծաներուն ու զոհերուն մասին եղած տեղեկութիւնը որեւէ արժէք չունի՞ Քրիստոնեաներուն համար։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի Վկաներու համայն աշխարհի ժողովքներուն մէջ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուած անհատներ, վերջերս տարիէ մը աւելի ժամանակաշրջանի մը մէջ Աստուածաշունչի առաջին հինգ գրքերը կարդացին։ Ոմանք տրուած բոլոր մանրամասնութիւնները կարդալու ու հասկնալու համար մեծ ջանք թափեցին։ Անոնց թափած բոլոր ջանքերը ապարդի՞ւն եղան։ Վստահաբար չենք կրնար այդպէս ըսել, քանի որ «ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Ուստի, կը հարցնենք. Օրէնքին ընծաներուն ու զոհերուն ընդհանուր տեղեկութենէն ի՞նչ կրնանք ‘սորվիլ’ եւ ի՛նչ «մխիթարութիւն» գտնել։
Մեր Սորվելուն ու Մխիթարութեան Համար
3. Հիմնական ի՞նչ կարիք ունինք։
3 Թէեւ մեզմէ պահանջուած չէ Օրէնքին կողմէ պայմանաւորուած զոհերը բառացիօրէն մատուցանել, բայց տակաւին շատ մեծ կարիք ունինք այն բանին, որ զոհերը որոշ չափով կը կատարէին Իսրայելացիներուն համար, այսինքն՝ մեղքերու թողութիւն ունենալ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը վայելել։ Քանի որ այլեւս բառացի զոհեր չենք մատուցաներ, ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի բարիքներ վայելել։ Անասնական զոհերուն սահմանափակ արժէքին ակնարկում ընելէ ետք, Պօղոս կ’ըսէ. «Երբ [Յիսուս] աշխարհ եկաւ, ըսաւ. ‘Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։ Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար’։ Այն ատեն ըսի. ‘Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած’»։—Եբրայեցիս 10։5-7
4. Պօղոս ի՞նչպէս Սաղմոս 40։6-8–ն կը կիրարկէ Յիսուս Քրիստոսի։
4 Սաղմոս 40։6-8–ը մէջբերելով, Պօղոս կը նշէ որ Յիսուս չեկաւ ‘զոհն ու ընծան’, ‘ողջակէզները ու մեղքի պատարագը’ յաւերժացնելու, որոնք Պօղոսի գրած ժամանակ այլեւս հաճելի չէին Աստուծոյ։ Հապա Յիսուս իր Երկնաւոր Հօրը կողմէ պատրաստուած մարմնով մը եկաւ, մարմին մը՝ որ ամէն կերպով կը համապատասխանէր այն մարմնին որ Ադամը ստեղծած ատեն Աստուած պատրաստած էր իրեն։ (Ծննդոց 2։7. Ղուկաս 1։35. Ա. Կորնթացիս 15։22, 45) Որպէս Աստուծոյ կատարեալ Որդին, Յիսուս Ծննդոց 3։15–ի մէջ նախագուշակուած կնոջ «Սերունդ»ն էր։ Ան ‘Սատանային գլուխը ջախջախելու’ համար քայլեր պիտի առնէր, թէեւ իր ալ ‘գարշապարը պիտի խայթուէր’։ Այս կերպով, Յիսուս մարդկութեան փրկութեան համար Եհովայի միջոցը եղաւ, որու կը սպասէին հաւատարիմ մարդիկ Աբէլի օրերէն ի վեր։
5, 6. Աստուծոյ մօտենալու ի՞նչ գերակայ կերպ մը մատչելի է Քրիստոնեաներուն։
5 Յիսուսի խաղցած այս մասնաւոր դերին մասին խօսելով, Պօղոս կ’ըսէ. «Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց, Բ. Կորնթացիս 5։21) «Մեղաւոր սեպեց» արտայայտութիւնը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ ‘մեղքի պատարագի պէս սեպեց’։ Յովհաննէս առաքեալ կ’ըսէ. «Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։2) Ուստի, մինչ Իսրայելացիները իրենց զոհերով Աստուծոյ մօտենալու ժամանակաւոր միջոց մը ունէին, Քրիստոնեաները Աստուծոյ մօտենալու գերակայ հիմ մը ունին՝ Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութիւնը։ (Յովհաննու 14։6. Ա. Պետրոս 3։18) Եթէ Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած փրկանքի զոհին հաւատք ընծայենք եւ Իրեն հնազանդինք, մե՛ր ալ մեղքերը կրնան ներուիլ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը կրնանք վայելել։ (Յովհաննու 3։17, 18) Ասիկա մխիթարութեան աղբիւր մը չէ՞։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ որ փրկանքի զոհին հաւատք կ’ընծայենք։
որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք»։ (6 Բացատրելէ ետք թէ Քրիստոնեաները Աստուծոյ մօտենալու գերակայ հիմ մը ունին, Եբրայեցիս 10։22-25–ի մէջ Պօղոս առաքեալ կ’ամփոփէ երեք կերպեր, որոնցմով կրնանք ցոյց տալ որ Աստուծոյ սիրալիր կարգադրութեան կը հաւատանք ու զայն կը գնահատենք։ Թէեւ Պօղոսի յորդորը ուղղուած էր գլխաւորաբար անոնց, որոնք «սուրբ տեղը մտնելու» կարելիութիւնը ունէին, այսինքն՝ երկնային կոչում ունեցող օծեալ Քրիստոնեաներուն, բայց վստահաբար ամբողջ մարդկութիւնը ուշադրութիւն պէտք է ընծայէ Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերուն, եթէ անոնք կ’ուզեն Յիսուսի քաւիչ զոհէն օգտուիլ։—Եբրայեցիս 10։19
Մաքուր եւ Անարատ Զոհեր Մատուցանենք
7. (ա) Եբրայեցիս 10։22–ը ի՞նչպէս կ’անդրադառնայ զոհի մը ընթացքին կատարուած բաներուն։ (բ) Զոհ մը իրապէս Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար ի՞նչ էին պայմանները։
7 Նախ՝ Պօղոս հետեւեալ յորդորը կու տայ Քրիստոնեաներուն. «Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով, սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած»։ (Եբրայեցիս 10։22) Հոս գործածուած լեզուն անվարանօրէն կ’արտացոլացնէ ինչ որ Օրէնքին ներքեւ կը կատարուէր տիպական զոհի ընթացքին։ Ասիկա շատ տեղին է, քանի որ զոհ մը ընդունելի ըլլալու համար շիտակ շարժառիթով պէտք էր մատուցուէր եւ անիկա մաքուր ու անարատ ըլլար։ Զոհուելիք անասունը արջառներէն կամ հօտէն պէտք էր ըլլար, ուրիշ խօսքով՝ մաքուր անասուններէն եւ՝ «անարատ», անթերի։ Եթէ զոհը թռչնազգիներէն ըլլար, տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն պէտք էր ըլլար։ Եթէ այս պայմանները լեցուէին, ‘այն իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի պիտի ըլլար’։ (Ղեւտացւոց 1։2-4, 10, 14. 22։19-25) Հացի ընծան ապականութիւն խորհրդանշող թթխմոր չէր պարունակեր. ոչ ալ մեղր՝ հաւանաբար պտուղի օշարակ՝ պէտք էր պարունակէր, որ թթուելու ենթակայ է։ Երբ զոհը՝ անասնական թէ հացահատիկի՝ սեղանին վրայ կը մատուցուէր, անոր վրայ աղ կ’աւելցուէր, որ պահպանելու յատկութիւն ունի։—Ղեւտացւոց 2։11-13
8. (ա) Զոհ մատուցանող անհատէ մը ի՞նչ պահանջուած էր։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր պաշտամունքը ընդունելի է Եհովայի։
8 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ զոհը մատուցանողին մասին։ Օրէնքը կը նշէր որ Եհովայի դիմաց ներկայացող ոեւէ անհատ պէտք էր մաքուր ու անարատ ըլլար։ Անհատ մը որ որեւէ պատճառով պղծուած էր, նախ մեղքի կամ յանցանքի պատարագ պէտք էր մատուցանէր, Եհովայի առջեւ իր մաքուր կեցուածքը վերահաստատելու համար, որպէսզի իր ողջակէզը կամ խաղաղութեան զոհը Իր կողմէ ընդունուէր։ (Ղեւտացւոց 5։1-6, 15, 17) Ուստի, մենք ալ կը գնահատե՞նք Եհովայի առջեւ միշտ մաքուր կեցուածք մը ունենալու կարեւորութիւնը։ Եթէ կը փափաքինք որ մեր պաշտամունքը ընդունելի ըլլայ Աստուծոյ, Իր օրէնքներէն որեւէ խախտում անմիջապէս սրբագրելու պէտք է նայինք։ Արագօրէն պէտք է օգտուինք օգնութեան համար Աստուծոյ տուած միջոցներէն՝ «ժողովքի երէցներ»էն եւ «մեր մեղքերուն քաւութիւն» եղող Յիսուս Քրիստոսէն։—Յակոբու 5։14. Ա. Յովհաննու 2։1, 2
9. Եհովայի մատուցուած եւ կեղծ աստուածներու մատուցուած զոհերուն միջեւ գլխաւոր տարբերութիւնը ի՞նչ է։
9 Որեւէ պղծութենէ զերծ ըլլալու վրայ դրուած շեշտը իրապէս գլխաւոր տարբերութիւնն էր, Եհովայի մատուցուած զոհերուն եւ Իսրայէլի շուրջը գտնուող հեթանոսներուն կողմէ կեղծ աստուածներու մատուցուած զոհերուն միջեւ։ Մովսիսական Օրէնքին զոհերուն այս բնորոշիչ երեսակին մասին մեկնաբանելով, աշխատասիրութիւն Ամբակումայ 1։13) Իրեն մատուցուած պաշտամունքը եւ զոհերը պէտք է ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր եւ անարատ ըլլան։—Ղեւտացւոց 19։2. Ա. Պետրոս 1։14-16
մը դիտել կու տայ. «Կրնանք նշմարել որ անոնք ոգեհարցութեան կամ գուշակութեան հետ որեւէ կապ չունին. կրօնական խելագարութիւն, անդամահատութիւն, կամ սրբազան պոռնկութիւն չկան, տռփական եւ անառակ արարողութիւններ բացարձակապէս արգիլուած են. ո՛չ մարդկային զոհագործութիւններ, ո՛չ ալ մեռեալներու համար զոհեր կան»։ Այս բոլորը մէկ իրողութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն. Եհովան սուրբ է եւ որեւէ մեղքի կամ ապականութեան հաւանութիւն չի տար։ (10. Հռովմայեցիս 12։1, 2–ի մէջ տրուած Պօղոսի յորդորին համաձայն, ի՞նչ ինքնաքննութիւն պէտք է ընենք։
10 Ասիկա նկատի ունենալով, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ մենք մեզ պէտք է զննենք, վստահ ըլլալու համար որ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը ընդունելի է իրեն։ Բնա՛ւ պէտք չէ խորհինք որ այնքան ատեն որ քրիստոնէական ժողովներու ու ծառայութեան որոշ չափով կը մասնակցինք, կարեւոր չէ թէ մեր անձնական կեանքին մէջ ի՛նչ կ’ընենք։ Նաեւ պէտք չէ խորհինք որ քրիստոնէական գործունէութիւններու մասնակցիլը կերպով մը մեզ կ’ազատէ, կեանքի ուրիշ մարզերուն մէջ Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն ապրելու հարկադրանքէն։ (Հռովմայեցիս 2։21, 22) Չենք կրնար ակնկալել Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ հաճութիւնը ունենալ, եթէ թոյլ տանք որ որեւէ անմաքուր կամ պիղծ բան մեր միտքն ու արարքները ապականէ։ Ի մտի ունեցէք Պօղոսի խօսքերը. «Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։—Հռովմայեցիս 12։1, 2
Ամբողջ Սրտով Փառաբանութեան Զոհեր Մատուցանենք
11. Եբրայեցիս 10։23–ի մէջ յիշուած «դաւանութիւն» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը բովանդակէ։
11 Եբրայեցիներուն գրելով, Պօղոս յաջորդիւ ճշմարիտ պաշտամունքին ուրիշ մէկ կենսական երեւոյթին վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ. «Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ»։ (Եբրայեցիս 10։23) «Դաւանութիւն» բառացիօրէն կը նշանակէ «խոստովանութիւն», իսկ Պօղոս կը խօսի նաեւ «օրհնութեան պատարագ»ի մասին։ (Եբրայեցիս 13։15) Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Աբէլի, Նոյի եւ Աբրահամի նման մարդոց մատուցած զոհերուն տեսակը։
12, 13. Իսրայելացի մը ի՞նչ բանին կը գիտակցէր, երբ ողջակէզ մը կը մատուցանէր, եւ նոյն հոգին ցուցաբերելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
12 Երբ Իսրայելացի մը ողջակէզ մը մատուցանէր, ասիկա կ’ընէր «Եհովայի առջեւ յօժար կամքով»։ (Ղեւտացւոց 1։3, ՆԱ) Այսպիսի զոհով, ան հրապարակաւ կը դաւանէր կամ կ’ընդունէր Իր ժողովուրդին նկատմամբ Եհովայի առատ օրհնութիւններն ու ողորմութիւնը։ Մի՛ մոռնաք որ ողջակէզին յատկանշական մասը այն էր, որ անիկա ամբողջութեամբ կ’այրուէր սեղանին վրայ. ամբողջական նուիրումի յարմար խորհրդանիշ մը։ Նոյն կերպով, մենք ալ փրկանքի զոհին հանդէպ մեր հաւատքը եւ այդ կարգադրութեան համար մեր գնահատութիւնը ցոյց կու տանք, երբ սիրայօժար ու ամբողջ սրտով Եհովայի «օրհնութեան պատարագ [կը] մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը»։
13 Թէեւ Քրիստոնեաները բառացիօրէն անասնական կամ բուսական զոհեր չեն մատուցաներ, բայց անոնք Թագաւորութեան բարի լուրը վկայելու եւ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը ունին։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Առիթները օգտագործելով դուք ալ հրապարակաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը ծանուցանէ՞ք, որպէսզի շատ աւելի անհատներ տեղեակ ըլլան թէ հնազանդ մարդկութեան համար Աստուած ի՛նչ բաներ վերապահած է։ Սիրայօժար կերպով ձեր ժամանակը եւ կորովը կը գործածէ՞ք հետաքրքրուած անհատներուն սորվեցնելով ու անոնց օգնելով որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները ըլլան։ Ծառայութեան մէջ մեր բերած եռանդուն մասնակցութիւնը, Աստուծոյ շատ հաճելի եղող ողջակէզին անոյշ հոտին պէս է։—Ա. Կորնթացիս 15։58
Աստուծոյ ու Մարդոց Ընկերակցութենէն Հաճոյք Առնենք
14. Եբրայեցիս 10։24, 25–ի խօսքերը ի՞նչ յարակցութիւն ունին խաղաղութեան զոհի գաղափարին հետ։
14 Վերջապէս, Պօղոս Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ մեր հաւատակիցներուն հետ մեր վայելած յարաբերութեան վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։ «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) ‘Իրար սիրոյ եւ բարեգործութեան մղել’, «մէկտեղ հաւաքուիլ» եւ «մէկզմէկ յորդորենք» արտայայտութիւններուն բոլորն ալ մեզի կը յիշեցնեն որ խաղաղութեան զոհը Իսրայէլի մէջ ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէր Աստուծոյ ժողովուրդին համար։
15. Խաղաղութեան զոհին եւ քրիստոնէական ժողովներուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կը տեսնենք։
15 «Խաղաղութեան զոհեր» արտայայտութիւնը երբեմն «հաղորդութեան զոհեր» թարգմանուած է։ Հոս գործածուած Եբրայերէն «խաղաղութիւն» բառը յոգնակի է, թերեւս նշանակելով որ այս զոհերուն մասնակցութիւնը Աստուծոյ եւ հաւատակիցներուն միջեւ խաղաղութիւն կը բերէ։ Խաղաղութեան զոհին մասին ուսումնական մը դիտել կու տայ. «Ասիկա արդարեւ Ուխտի Աստուծոյն հետ ուրախ ընկերակցութիւն ունենալու ժամանակ մըն էր, որու ընթացքին Ան կը բարեհաճէր զոհ եղած ճաշին առիթով Իսրայէլի Հիւրը ըլլալ, հակառակ Մատթէոս 18։20) Ամէն անգամ որ քրիստոնէական ժողովի մը ներկայ գտնուինք, կ’օգտուինք հոն եղող կերտիչ ընկերակցութենէն, քաջալերական ուսուցումէն եւ այն գաղափարէն թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս մեզի հետ ներկայ է հոն։ Ասիկա քրիստոնէական ժողովը իրապէս ուրախ եւ հաւատք զօրացնող առիթ մը կը դարձնէ։
անոր որ Ան մի՛շտ իրենց Հիւրընկալն էր»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Յիսուսի խոստումը. «Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։ (16. Խաղաղութեան զոհը ի մտի ունենալով, ի՞նչ բան քրիստոնէական ժողովները մասնաւորաբար հրճուալի կը դարձնէ։
16 Խաղաղութեան զոհի պարագային, ամբողջ ճարպը՝ փորոտիքին, երիկամունքին, լեարդի թաղանթին շուրջի ճարպը, եւ կուշտերը ինչպէս նաեւ ճարպոտ դմակը՝ այրուելով Եհովայի կը մատուցուէր, սեղանին վրայ ծխելով։ (Ղեւտացւոց 3։3-16) Ճարպը անասունին ամենէն սննդարար եւ լաւագոյն մասը կը նկատուէր։ Զայն սեղանին վրայ մատուցանելը՝ լաւագոյնը Եհովայի տալ կը խորհրդանշէր։ Քրիստոնէական ժողովները մասնաւորաբար հրճուալի առիթներ դարձնողը այն է որ մենք հոն ո՛չ միայն հրահանգներ կը ստանանք, այլ նաեւ՝ Եհովայի փառաբանութիւն կը մատուցանենք։ Ասիկա կ’ընենք մեր համեստ՝ բայց լաւագոյն ջանքով՝ սրտանց մասնակցելով երգեցողութեան, ուշադրութեամբ հետեւելով եւ երբ կարելի ըլլայ՝ պատասխանելով։ Սաղմոսերգուն բացագանչեց. «Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն [«հաւատարիմներուն», ՆԱ] ժողովին մէջ»։—Սաղմոս 149։1
Եհովայէ Անհամար Օրհնութիւններ կը Սպասեն Մեզի
17, 18. (ա) Երուսաղէմի տաճարի նաւակատիքին Սողոմոն ի՞նչ փառաւոր զոհ մատուցանեց։ (բ) Ժողովուրդը ի՞նչ օրհնութիւն քաղեց տաճարի նաւակատիքի արարողութենէն։
17 Հ.Դ.Ա. 1026 տարուան եօթներորդ ամսուն, Երուսաղէմի տաճարի նաւակատիքին, Սողոմոն Թագաւոր «Տէրոջը առջեւ զոհեր մատուցանեց»՝ որոնց մէջ կային «ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը»։ Հացի ընծաներէն զատ, ընդամէնը 22,000 արջառ, 120,000 ոչխար զոհուեցաւ։—Գ. Թագաւորաց 8։62-65
18 Այսպիսի հսկայական արարողութեան ծախսը եւ գործին տարողութիւնը կրնա՞ք երեւակայել։ Բայց Իսրայէլի ստացած օրհնութիւնը այդ գինէն շա՛տ աւելի գերակշիռ էր։ Տօնախմբութեան վերջաւորութեան, Սողոմոն «ժողովուրդը արձակեց, որոնք թագաւորը օրհնեցին ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին ըրաւ»։ (Գ. Թագաւորաց 8։66) Իրապէս, ինչպէս Սողոմոն արտայայտուեցաւ՝ «Տէրոջը օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։—Առակաց 10։22
19. Եհովայէ հիմա եւ յաւիտեան հոյակապ օրհնութիւններ ստանալու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
19 Հիմա կ’ապրինք այն ժամանակին մէջ, երբ «գալիք բարիքներուն շուք»ին տեղը առած է «բուն կերպարանքը»։ (Եբրայեցիս 10։1) Յիսուս Քրիստոս հակատիպ մեծ Քահանայապետի իր դերով, արդէն մտած է բուն երկինքը եւ իր արեան արժէքը ներկայացուցած է, իր զոհագործութեան բոլոր հաւատք ընծայողներուն քաւութիւն ընելու համար։ (Եբրայեցիս 9։10, 11, 24-26) Այդ մեծ զոհին հիման վրայ եւ ամբողջ սրտով Աստուծոյ մաքուր եւ անարատ օրհնութեան պատարագներ մատուցանելով, մենք ալ կրնանք «զուարթ սրտով մը ուրախանալով» շարունակել, Եհովայէն գալիք անհամար օրհնութիւններուն ակնկալութեամբ։—Մաղաքեայ 3։10
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Զոհերու եւ ընծաներու մասին Օրէնքին տուած տեղեկութենէն ի՞նչ կը սորվինք եւ ի՛նչպէս կը մխիթարուինք։
• Զոհ մը ընդունելի ըլլալու համար առաջին պահանջը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչ իմաստ ունի մեզի համար։
• Սիրայօժար ողջակէզի համապատասխան ի՞նչ բան կը մատուցանենք։
• Ի՞նչ կերպերով քրիստոնէական ժողովները կրնան բաղդատուիլ խաղաղութեան զոհին հետ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Յիսուսի փրկանքի զոհը Եհովան հայթայթեց՝ մարդկութեան փրկութեան համար
[Նկար՝ էջ 20]
Մեր ծառայութիւնը Եհովայի ընդունելի ըլլալու համար, որեւէ պղծութենէ զերծ պէտք է ըլլանք
[Նկար՝ էջ 21]
Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, հրապարակաւ ընդունած կ’ըլլանք Եհովայի բարութիւնը