Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զոհեր՝ որոնք հաճելի էին Աստուծոյ

Զոհեր՝ որոնք հաճելի էին Աստուծոյ

Զոհեր՝ որոնք հաճելի էին Աստուծոյ

«Ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 8։3

1. Մարդիկ ինչո՞ւ Աստուծոյ դառնալու կարիքը կը զգան։

«ԶՈՀԵՐ մատուցանելը մարդուն համար այնքան ‘բնական’ կը թուի, որքան աղօթելը. մէկը ցոյց կու տայ թէ ան ի՛նչ կը զգայ ինքն իր մասին, իսկ միւսը՝ թէ ի՛նչ կը զգայ Աստուծոյ մասին», կը գրէ սուրբ գրային պատմաբան Ալֆրէտ Էտըրշայմ։ Մեղքը աշխարհ մտնելէն ի վեր, անիկա իր հետ բերած է յանցապարտութեան, Աստուծմէ օտարացումի եւ յուսալքութեան ցաւը։ Ասոնցմէ ձերբազատուելու կարիքը կայ։ Դժուար չէ հասկնալ որ երբ մարդիկ իրենք զիրենք այսպիսի յուսահատ վիճակի մէջ գտնեն, օգնութեան համար Աստուծոյ դառնալու կարիքը կը զգան։—Հռովմայեցիս 5։12

2. Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ մատուցուած նախնական զոհերու մասին ի՞նչ տեղեկութիւն կը գտնենք։

2 Աստուածաշունչի արձանագրութեան մէջ Աստուծոյ մատուցուած առաջին զոհերը Կայէնի ու Աբէլի զոհերն էին։ Կը կարդանք. «Ժամանակ մը յետոյ Կայէն երկրի պտուղէն Տէրոջը ընծայ բերաւ։ Եւ Աբէլ ինք ալ ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ»։ (Ծննդոց 4։3, 4) Ասկէ ետք, կը տեսնենք Նոյը, որ մեծ Ջրհեղեղով իր օրուան ամբարիշտ սերունդին բնաջնջումէն Աստուծոյ կողմէ պահպանուելէ ետք, մղուեցաւ «սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանել» Եհովայի։ (Ծննդոց 8։20) Բազմաթիւ առիթներով, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան եւ բարեկամը՝ Աբրահամ, Աստուծոյ տուած խոստումներէն եւ օրհնութիւններէն ազդուած՝ «սեղան շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց»։ (Ծննդոց 12։8. 13։3, 4, 18) Հետագային, Աբրահամ իր հաւատքին մեծագոյն փորձութիւնը դիմագրաւեց, երբ Եհովա իրեն ըսաւ որ իր որդին Իսահակը ողջակէզ մատուցանէ։ (Ծննդոց 22։1-14) Այս դրուագները՝ թէեւ հակիրճ, բայց շատ լոյս կը սփռեն զոհի նիւթին վրայ, ինչպէս պիտի տեսնենք։

3. Զոհերը ի՞նչ դեր կը խաղան պաշտամունքի մէջ։

3 Աստուածաշունչի այս՝ եւ ուրիշ, պատմութիւններէն յստակ կ’ըլլայ որ զոհ մատուցանելու որոշ կերպեր պաշտամունքի հիմնական մէկ մասն էին, Եհովա անոնց մասին մասնայատուկ օրէնքներ տալէն շատ առաջ։ Ասոր հետ համաձայն ըլլալով, աշխատասիրութիւն մը «զոհ» բառը կը սահմանէ որպէս «կրօնական ծէս մը, որու ընթացքին առարկայ մը կը մատուցանուի աստուածութեան մը, որպէսզի մարդը նպաստաւոր յարաբերութիւն մը հաստատէ, պահպանէ կամ վերահաստատէ սրբազան նկատած բանին հետ»։ Բայց ասիկա նկատողութեան արժանի կարգ մը կարեւոր հարցումներ կը յարուցանէ. Պաշտամունքի մէջ ինչո՞ւ զոհի կարիքը կայ։ Ի՞նչպիսի զոհեր ընդունելի են Աստուծոյ։ Իսկ վաղեմի զոհերը մեզի համար ի՞նչ իմաստ ունին ներկայիս։

Ինչո՞ւ Զոհի Կարիքը Կայ

4. Ադամի ու Եւայի մեղանչումին հետեւանքը ի՞նչ եղաւ իրենց համար։

4 Երբ Ադամ մեղանչեց, կամայականօրէն ըրաւ ասիկա։ Բարիի ու չարի գիտութեան ծառին պտուղէն առնելը եւ ուտելը դիտումնաւոր անհնազանդութիւն մըն էր։ Այդ անհնազանդութեան պատիժը մահ էր, ինչպէս Աստուած բացայայտօրէն նշած էր. «Այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։17) Ադամն ու Եւան վերջապէս մեղքին վարձքը ստացան՝ բնաջինջ եղան։—Ծննդոց 3։19. 5։3-5

5. Եհովա ինչո՞ւ Ադամի սերունդին ի նպաստ քայլեր առաւ, եւ Ան ի՛նչ ըրաւ անոնց համար։

5 Իսկ Ադամի սերունդին մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Ադամէ մեղք եւ անկատարութիւն ժառանգած ըլլալով, անոնք ալ մարդկային առաջին զոյգին նման՝ Աստուծմէ օտարացումի, յուսալքութեան եւ մահուան ենթարկուեցան։ (Հռովմայեցիս 5։14) Սակայն, Եհովա ո՛չ միայն արդարութեան եւ զօրութեան Աստուած է, այլ նաեւ՝ եւ գլխաւորաբար՝ սիրոյ։ (Ա. Յովհաննու 4։8, 16) Ուստի, ինք նախաքայլը կ’առնէ բացուած ճեղքը գոցելու համար։ Նշելէ ետք թէ «մեղքին վարձքը մահ է», Աստուածաշունչը կը շարունակէ ըսել, «բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք [է]՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։—Հռովմայեցիս 6։23

6. Ադամի մեղքին պատճառած վնասին համար Եհովայի կամքը ի՞նչ է։

6 Այդ պարգեւը ապահովելու համար, Եհովա Աստուած ի վերջոյ հայթայթեց բան մը, որ կարենայ Ադամի մեղանչումին պատճառած կորուստը ծածկել։ Եբրայերէնի մէջ քա·ֆար բառը սկիզբը հաւանաբար կը նշանակէր «ծածկել», կամ թերեւս՝ «սրբել», եւ թարգմանուած է նաեւ՝ «քաւութիւն»։ * Ուրիշ խօսքով, Ադամէ ժառանգուած մեղքը ծածկելու ու անոր պատճառած վնասը սրբելու համար Եհովա յարմար միջոց մը հայթայթեց, որպէսզի այդ պարգեւին արժանի եղողները մեղքի ու մահուան դատապարտութենէն ազատագրուին։—Հռովմայեցիս 8։21

7. (ա) Սատանային վրայ Աստուծոյ արձակած դատապարտութեամբ ի՞նչ յոյս հայթայթուեցաւ։ (բ) Մարդկութիւնը մեղքէ ու մահէ ազատագրելու համար ի՞նչ գին պէտք էր վճարուէր։

7 Մեղքի ու մահուան գերութենէն ազատագրուելու յոյսին ակնարկում մը եղաւ մարդկային առաջին զոյգին մեղանչումէն անմիջապէս ետք։ Օձով ներկայացուած Սատանային վրայ իր դատապարտութիւնը արձակելով, Եհովա նշեց. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Մարգարէական այդ յայտարարութեամբ, յոյսի նշոյլ մը ծագեցաւ այդ խոստումին բոլոր հաւատացողներուն համար։ Բայց այդ ազատագրման համար գին մը պէտք էր վճարուէր։ Խոստացեալ Սերունդը պարզապէս գալով Սատանան բնաջինջ պիտի չընէր. Սերունդին գարշապարը պիտի խայթուէր, ուրիշ խօսքով պէտք էր մեռնէր, բայց ո՛չ՝ մնայուն կերպով։

8. (ա) Կայէն ի՞նչպէս յուսախաբութիւն մը եղաւ։ (բ) Աբէլի զոհը ինչո՞ւ ընդունելի եղաւ Աստուծոյ։

8 Անկասկած, Ադամն ու Եւան շատ մտածեցին խոստացեալ Սերունդին ինքնութեան մասին։ Երբ Եւա իր անդրանիկ որդւոյն՝ Կայէնի ծնունդ տուաւ, ան ծանուցանեց. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։ (Ծննդոց 4։1) Արդեօք կը խորհէր որ իր որդի՞ն թերեւս ըլլար Սերունդը։ Այդպէս խորհած ըլլար կամ ոչ, պարզուեցաւ որ Կայէն՝ ինչպէս նաեւ իր սերունդը, յուսախաբութիւն մըն էր։ Իսկ միւս կողմէ, իր եղբայրը Աբէլ, Աստուծոյ խոստումին հաւատք ընծայեց եւ մղուեցաւ որ իր հօտին առջինեկներէն զոհ մատուցանէ Եհովայի։ Կը կարդանք. «Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը»։—Եբրայեցիս 11։4

9. (ա) Աբէլ ի՞նչ բանին հաւատք ընծայեց եւ զայն ի՛նչպէս արտայայտեց։ (բ) Աբէլի զոհը ի՞նչ իրագործեց։

9 Աբէլի հաւատքը պարզապէս Աստուծոյ վրայ ընդհանուր հաւատք մը չէր, քանի որ Կայէն ալ նոյնքան հաւատք ունենալու էր։ Աբէլ կը հաւատար Սերունդի մասին Աստուծոյ տուած խոստումին, որ պիտի փրկէր հաւատարիմ մարդիկը։ Իրեն յայտնուած չէր թէ անիկա ի՛նչպէս պիտի իրագործուէր, բայց Աբէլ Աստուծոյ խոստումէն գիտակցեցաւ որ մէկու մը գարշապարը պիտի խայթուէր։ Այո, ան երեւութապէս եզրակացուց որ արիւն պէտք էր թափուէր. զոհին բուն իսկ միտքը։ Աբէլ կեանքի Աղբիւրին մատուցանեց կեանք եւ արիւն պարունակող ընծայ մը, հաւանաբար Աստուծոյ խոստումին իրականացման նկատմամբ իր ունեցած մեծ կարօտին եւ սպասումին որպէս ապացոյց։ Հաւատքի այս արտայայտութիւնն էր որ Աբէլի զոհը հաճելի դարձուց Եհովայի եւ սահմանափակ կերպով անիկա զոհին հոգին արտայայտեց. միջոց մը, որով մեղաւոր մարդիկ կրնան Աստուծոյ մօտենալ իր հաճութիւնը շահելու համար։—Ծննդոց 4։4. Եբրայեցիս 11։1, 6

10. Զոհին իմաստը ի՞նչպէս յստակ դարձաւ, երբ Եհովա Աբրահամէ խնդրեց որ Իսահակը զոհ մատուցանէ։

10 Զոհին խոր իմաստը վառ կերպով յստակ եղաւ, երբ Եհովա պատուէր տուաւ Աբրահամին որ իր որդին Իսահակը որպէս ողջակէզ մատուցանէ։ Թէեւ այդ զոհը բառացիօրէն չկատարուեցաւ, բայց որպէս պատկեր ծառայեց թէ Եհովա իրապէս ի՛նչ պիտի ընէր. մարդկութեան նկատմամբ իր կամքը իրագործելու համար որպէս մեծագոյն զոհ՝ իր միածին Որդին պիտի մատուցանէր։ (Յովհաննու 3։16) Մովսիսական Օրէնքին զոհերով եւ ընծաներով Եհովա մարգարէական նախատիպեր տուաւ, իր ընտրեալ ժողովուրդին սորվեցնելու համար թէ ի՛նչ պէտք է ընեն իրենց մեղքերուն ներում ստանալու եւ փրկութեան վրայ իրենց յոյսը ամրապնդելու համար։ Ասոնցմէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Եհովայի Ընդունելի Զոհեր

11. Իսրայէլի քահանայապետը ի՞նչ երկու տեսակի ընծաներ կը մատուցանէր եւ ի՛նչ նպատակաւ։

11 Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է»։ (Եբրայեցիս 8։3) Նկատի առէք որ Պօղոս քահանայապետին կողմէ մատուցուած ընծաները երկու խումբի կը բաժնէ՝ որպէս «պատարագներ» ու «զոհեր», կամ ‘մեղքերու զոհեր’։ (Եբրայեցիս 5։1) Սովորաբար մարդիկ նուէրներ կու տան սէր եւ գնահատութիւն յայտնելու, ինչպէս նաեւ՝ բարեկամութիւն ու հաճութիւն մշակելու, կամ ընդունելի ըլլալու համար։ (Ծննդոց 32։20. Առակաց 18։16) Նոյն կերպով, Օրէնքին պատուիրած բոլոր զոհերն ալ կրնան, Իր կողմէ ընդունուելու ու իր հաճութիւնը փնտռելու մտքով Աստուծոյ մատուցուած «ընծաներ» նկատուիլ։ * Օրէնքին բեկանումը հատուցում կը պահանջէր, եւ որպէս տուգանք ‘մեղքի զոհեր’ կը մատուցուէին։ Հնգամատեանը՝ մանաւանդ Ելից, Ղեւտացւոց եւ Թուոց գրքերը՝ տարբեր տեսակի զոհերու ու ընծաներուն համար հայթայթուած այլազան իրերու մասին կը խօսի։ Թէեւ մեզի համար կրնայ իրապէս դժուար ըլլալ բոլոր մանրամասնութիւնները ըմբռնել եւ յիշել, բայց տարբեր տեսակի զոհերու շուրջ կարգ մը գլխաւոր կէտեր մեր ուշադրութեան արժանի են։

12. Աստուածաշունչին մէջ ո՞ւր կրնանք ընդհանուր բացատրութիւն մը գտնել Օրէնքին զոհերուն եւ ընծաներուն մասին։

12 Կրնանք նշմարել որ Ղեւտացւոց 1-7–րդ գլուխներուն մէջ, հինգ տարբեր տեսակի ընծաներ անջատաբար նկարագրուած են, հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք միասնաբար կը մատուցուէին. անոնք են՝, ողջակէզի զոհ, հացի ընծայ, խաղաղութեան զոհ, մեղքի պատարագ եւ յանցանքի պատարագ։ Կը նշմարենք նաեւ որ այս ընծաները երկու անգամ նկարագրուած են այս գլուխներուն մէջ, բայց տարբեր նպատակով. անգամ մը Ղեւտացւոց 1։2–6։7–ի մէջ, ուր մանրամասնութիւններ կու տայ թէ սեղանին վրայ ի՛նչ պիտի մատուցուէր, իսկ երկրորդը՝ Ղեւտացւոց 6։8–7։36–ի մէջ, ուր ցոյց կու տայ քահանաներուն որոշուած բաժինը եւ մատուցանողին ինկած բաժինը։ Ապա Թուոց 28 եւ 29–րդ գլուխներուն մէջ կը գտնենք այն ինչ որ կարելի է նկատել մանրամասնուած ժամանակացոյց, ուրուագծելով թէ ի՛նչ պէտք էր մատուցանուէր օրական, շաբաթական, ամսական եւ տարեկան տօնակատարութիւններուն։

13. Աստուծոյ մատուցուած կամաւոր ընծաները նկարագրեցէք։

13 Իր հաճութիւնը շահելու համար Աստուծոյ մօտենալու կամաւոր ընծաներուն մաս կը կազմէին ողջակէզի ընծաները, հացի ընծաները եւ խաղաղութեան զոհերը։ Կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին որ «ողջակէզի ընծայ» կը նշանակէ՝ «բարձրացնելու ընծայ»։ Ասիկա կը յարմարի, քանի որ ողջակէզի ընծային մէջ սպաննուած անասունը սեղանին վրայ կ’այրուէր եւ անոյշ կամ հանգստացնող հոտը դէպի երկինք, Աստուծոյ կը բարձրանար։ Ողջակէզի ընծային յատկանշական մէկ երեսակը այն էր, որ անոր արիւնը սեղանին շուրջ սրսկուելէ ետք, անասունը ամբողջութեամբ Աստուծոյ կը մատուցանուէր։ «Քահանան բոլորը պէտք է այրէ սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու համար»։—Ղեւտացւոց 1։3, 4, 9. Ծննդոց 8։21

14. Հացի ընծան ի՞նչպէս կը բերուէր։

14 Հացի ընծան նկարագրուած է Ղեւտացւոց 2–րդ գլուխին մէջ։ Անիկա կամաւոր ընծայ մըն էր, որ կը բաղկանար բարակ ալիւրէ, սովորաբար իւղով շաղուած կ’ըլլար եւ վրան կնդրուկ կ’աւելցուէր։ «Քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ եւ քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար»։ (Ղեւտացւոց 2։2) Կնդրուկը սուրբ խունկին բաղադրիչներէն մէկն էր, որ տաղաւարին եւ տաճարին մէջ խունկի սեղանին վրայ կը ծխէին։ (Ելից 30։34-36) Դաւիթ Թագաւոր ասիկա ի մտի ունենալու էր, երբ ըսաւ. «Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս»։—Սաղմոս 141։2

15. Խաղաղութեան զոհին նպատակը ի՞նչ էր։

15 Ուրիշ կամաւոր ընծայ մը՝ խաղաղութեան [«հաղորդութեան», ՆԱ] զոհն էր, որ նկարագրուած է Ղեւտացւոց 3–րդ գլուխին մէջ։ Եբրայերէնի մէջ «խաղաղութիւն» բառը պարզապէս պատերազմէ կամ խռովութենէ զերծ ըլլալէն աւելին կը նշանակէ։ «Աստուածաշունչին մէջ, անիկա այս իմաստը ունի, բայց նաեւ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խաղաղ վիճակ կամ յարաբերութիւն, բարգաւաճութիւն, երջանկութիւն եւ ուրախութիւն», կ’ըսէ Մովսիսական Սովորութիւններու Ուսումնասիրութիւններ խորագրով գիրքը (Անգլերէն)։ Ուստի, խաղաղութեան զոհերը կը մատուցանուէին ո՛չ թէ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ապահովելու՝ որպէս թէ զինք հանդարտեցնելու համար, հապա Իրեն հաճութիւնը ունեցող բոլոր անհատներուն Աստուծոյ հետ վայելած խաղաղութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու, կամ զայն տօնակատարելու համար։ Անոր արիւնը եւ ճարպը Եհովայի մատուցուելէն ետք, քահանաները եւ ընծայողը զոհէն կ’ուտէին։ (Ղեւտացւոց 3։17. 7։16-21. 19։5-8) Գեղեցիկ եւ այլաբանական կերպով, մատուցանողը, քահանաները եւ Եհովա Աստուած ճաշի մը մասնակից կ’ըլլային, իրենց միջեւ եղող խաղաղ յարաբերութիւնը նշելու համար։

16. (ա) Մեղքի պատարագին ու յանցանքի պատարագին նպատակը ի՞նչ էր։ (բ) Ասոնք ի՞նչպէս տարբեր էին ողջակէզի զոհէն։

16 Մեղքի թողութիւն կամ Օրէնքին դէմ կատարուած յանցանքներու քաւութիւն հայցելու համար մատուցուած զոհերը կը պարփակէին մեղքի պատարագ ու յանցանքի պատարագ։ Թէեւ այս զոհերն ալ սեղանին վրայ կ’այրուէին, բայց անոնք ողջակէզի զոհերէն կը տարբերէին անով, որ ամբողջ անասունը չէր որ Աստուծոյ կը մատուցուէր, այլ միայն ճարպը եւ անոր կարգ մը մասերը։ Անասունին մնացեալ մասերը բանակավայրէն դուրս տարուելով կը փճացուէին, կամ կարգ մը պարագաներու՝ քահանաներուն կողմէ կ’ուտուէին։ Այս տարբերութիւնը յատկանշական էր։ Ողջակէզի զոհը Աստուծոյ մօտենալու համար որպէս ընծայ կը ներկայացուէր եւ միմիայն ու ամբողջութեամբ Աստուծոյ կը մատուցուէր։ Հետաքրքրականօրէն, ողջակէզի զոհէն առաջ սովորաբար մեղքի պատարագ ու յանցանքի պատարագ կը մատուցուէր, թելադրելով որ մեղաւորի մը ընծան Աստուծոյ ընդունելի ըլլալու համար մեղքի թողութեան կարիքը կար։—Ղեւտացւոց 8։14, 18. 9։2, 3. 16։3, 5

17, 18. Մեղքի պատարագը ի՞նչ բանի համար հայթայթուած էր եւ յանցանքի ընծաներուն նպատակը ի՞նչ էր։

17 Մեղքի պատարագը կ’ընդունուէր միայն Օրէնքին դէմ անդիտումնաւոր մեղքի, մարմնի տկարութեան պատճառաւ գործուած մեղքի համար։ «Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ», այդ պարագային մեղանչողը համայնքին մէջ իր վիճակին կամ դիրքին համաձայն մեղքի պատարագ պէտք էր մատուցանէր։ (Ղեւտացւոց 4։2, 3, 22, 27) Իսկ միւս կողմէ, անզեղջ մեղաւորները կը սպաննուէին. անոնց համար զոհ չկար։—Ելից 21։12-15. Ղեւտացւոց 17։10. 20։2, 6, 10. Թուոց 15։30. Եբրայեցիս 2։2

18 Յանցանքի պատարագին նշանակութիւնն ու նպատակը պարզուած է Ղեւտացւոց 5 եւ 6–րդ գլուխներուն մէջ։ Անհատ մը կրնար անդիտումնաւոր կերպով մեղանչել։ Բայց իր յանցանքը թերեւս իր ընկեր արարածին կամ Եհովա Աստուծոյ իրաւունքներուն դէմ մեղք մըն էր եւ այդ սխալին համար հատուցում պէտք էր տրուէր կամ սրբագրուէր։ Տարբեր տեսակի մեղքեր յիշուած են։ Անոնցմէ ոմանք անհատական մեղքեր էին (5։2-6), ոմանք «Տէրոջը սուրբ բաներուն դէմ մեղք»եր էին (5։14-16), իսկ ոմանք՝ թէեւ ոչ դիտումնաւոր, բայց սխալ ցանկութիւններու կամ մարմնաւոր տկարութիւններու հետեւանքով եղած մեղքեր էին (6։1-3)։ Այսպիսի մեղքեր խոստովանելէ զատ, յանցաւորէն պահանջուած էր որ ուր որ պէտք էր՝ հատուցում ընէր, ու ապա Եհովայի յանցանքի պատարագ մատուցանէր։—Ղեւտացւոց 6։4-7

Գալիք Աւելի Լաւ Բան մը

19. Օրէնքը եւ անոր զոհերը ունենալով հանդերձ, Իսրայէլ ինչո՞ւ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցուց։

19 Մովսիսական Օրէնքը իր բազմաթիւ զոհերով ու ընծաներով Իսրայելացիներուն տրուած էր, որպէսզի անոնք կարենային Աստուծոյ մօտենալ իր հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը ստանալու համար, մինչեւ որ գար խոստացեալ Սերունդը։ Պօղոս առաքեալ, մարմնաւոր Հրեայ մը, այս կերպով բացատրեց. «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք»։ (Գաղատացիս 3։24) Դժբախտաբար, Իսրայէլ որպէս ազգ այդ դաստիարակութեան չընդառաջեց, այլ այդ առանձնաշնորհումը չարաչար գործածեց։ Հետեւաբար, անոնց անթիւ զոհերը Եհովայի համար զզուելի եղան, որ ըսաւ. «Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։ Եւ զուարակներուն ու գառներուն եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր»։—Եսայեայ 1։11

20. Հ.Դ. 70–ին ի՞նչ պատահեցաւ Օրէնքին եւ անոր զոհերուն։

20 Հ.Դ. 70–ին, հրէական իրերու դրութիւնը իր տաճարով եւ քահանայութեամբ՝ վերջ գտաւ։ Անկէ ետք, Օրէնքին կողմէ պայմանաւորուած զոհեր մատուցանելը կարելի չէր։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ զոհերը՝ որոնք Օրէնքին անբաժան մէկ մասն էին, Աստուծոյ երկրպագուներուն համար ամէն իմաստ կորսնցուցած են ներկայիս։ Յաջորդ յօդուածով պիտի քննենք ասիկա։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը կը բացատրէ. «Ինչպէս գործածուած է Աստուածաշունչին մէջ, ‘քաւութիւն’ բառին հիմնական միտքն է ‘ծածկել’ կամ ‘փոխանակել’, իսկ ուրիշ բանի փոխարէն, կամ որպէս ‘ծածկոց’ տրուած բանը պէտք է անոր համանմանը ըլլայ։ . . . Ադամին կողմէ տուժուած բանին յարմար քաւութիւն ընելու համար, մարդկային կատարեալ կեանքին ճիշդ համարժէք եղող մեղքի պատարագ մը պէտք էր հայթայթուէր»։

^ պարբ. 11 Յաճախ «զոհ» թարգմանուած Եբրայերէն բառն է գոր·պան։ Դպիրներու ու Փարիսեցիներու անպատկառ սովորութիւնը դատապարտող Յիսուսի խօսքերը արձանագրելու ատեն, Մարկոս բացատրեց որ կորբան կը նշանակէ «Աստուծոյ տալիք ընծայ»։—Մարկոս 7։11, Երուսաղէմ

Կրնա՞ք բացատրել

• Ի՞նչ բան մղեց որ վաղեմի հաւատարիմ տղամարդիկը Եհովայի զոհեր մատուցանեն։

• Ինչո՞ւ զոհերու կարիքը կար։

• Օրէնքին ներքեւ գլխաւորաբար ի՞նչ տարբեր զոհեր կը մատուցանուէին, եւ ի՞նչ էր անոնց նպատակը։

• Ըստ Պօղոսի, Օրէնքը եւ անոր զոհերը ի՞նչ գլխաւոր նպատակի ծառայեցին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Աբէլի զոհը ընդունելի եղաւ, քանի որ անիկա Եհովայի խոստումին նկատմամբ իր հաւատքը ցոյց կու տար

[Նկար՝ էջ 15]

Այս տեսարանին իմաստը կը գնահատէ՞ք