Կը յիշէ՞ք
Կը յիշէ՞ք
Դիտարան–ի վերջին թիւերը կարդալով գոհ մնացի՞ք։ Շատ աղէկ, կրնա՞ք հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
• Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եսայեայ 65։17-19–ի մէջ, ‘նոր երկնքի ու նոր երկրի’ մարգարէութեան կատարումը, Հրեաներու գերութենէ վերադարձէն աւելին պարփակեց։
Քանի որ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները, Հ.Դ. առաջին դարուն գրելով, ապագայ կատարման մը ակնարկեցին, որ տակաւին գալիք օրհնութիւններ կը պարփակէ։ (Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1-4)—4/15, էջ 10-12
• Ի՞նչ բան վայրագ կիսաստուածներու մասին, յունական վաղեմի դիցաբանութիւններուն հիմը կրնայ կազմել։
Ասոնք կրնան զարդարուած եւ խեղաթիւրուած տեղեկագրութիւններ ըլլալ, այն իրողութեան թէ՝ Ջրհեղեղէն առաջ կարգ մը հրեշտակներ մարդկային մարմիններ առնելով վայրագ ու անբարոյ կեանք վարեցին երկրի վրայ։ (Ծննդոց 6։1, 2)—4/15, էջ 27
• Հասուն Քրիստոնեաներ ո՞ր կարգ մը վտանգներէն պիտի զգուշանան հարսանիքներու ընթացքին։
Կարեւոր է զգուշանալ խռովարար անառակութիւններէ, որոնք կրնան զարգանալ եթէ ոգելից ըմպելին շատ ազատօրէն հոսի, եւ սանձարձակ պար ու բարձր երաժշտութիւն ըլլայ։ Եթէ չըսուի թէ ընդունելութիւնը բոլորին համար է, չհրաւիրուած անհատներ պէտք չէ երթան։ Փեսան վստահ պէտք է ըլլայ որ պատասխանատու Քրիստոնեաներ ներկայ պիտի ըլլան, մինչեւ որ հանդիսութիւնը վերջանայ տրամաբանական ժամու մը։—5/1, էջ 19-22
• Ի՞նչ ըսել կ’ուզուի երբ Սաղմոս 128։3–ի մէջ որդիները կը նմանցուին մարդու մը սեղանին չորս կողմը եղող «ձիթենիի տունկերու»։
Յաճախ ձիթենիի մը գլխաւոր բունը նոր ծիլեր կ’արձակէ։ Երբ ծեր ձիթենիի մը իսկական բունը առաջուան պէս պտուղ չի տար, նոր ծիլեր անոր շուրջ ուժեղ կոճղեր կրնան դառնալ։ Նմանապէս, ծնողներ կրնան ուրախանալ որ պտուղ տուող զաւակներ ունին, որոնք իրենց կողքին Եհովայի կը ծառայեն։—5/15, էջ 27
• Ընտանեկան լաւ մթնոլորտէ մը զաւակներ ի՞նչպիսի օգուտներ կը քաղեն։
Անիկա հեղինակութեան նկատմամբ առողջ տեսակէտի, պատշաճ արժէքներու հանդէպ գնահատութեան եւ ուրիշներու հետ ուրախ յարաբերութեան հիմը կը դնէ։ Այսպիսի մթնոլորտ մը, կրնայ նաեւ անոնց օգնել որ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն մշակեն։—6/1, էջ 18
• Հեռաւոր Արեւելեան երկրի մը մէջ ի՞նչ կարգադրութիւն եղաւ, այն գաղափարը քաջալերելու համար թէ բոլո՛ր Քրիստոնեաներն ալ եղբայրներ են։
Բոլոր ժողովքներուն յորդոր տրուեցաւ որ կարգ մը անհատներու համար մեծարանքի բառեր չգործածեն։ Աւելի տեղին է բոլորն ալ եղբայր կոչել։—6/15, էջ 21, 22
• Եհովայի Վկաները արիւնէ քաղուած դեղեր կ’ընդունի՞ն։
Կը հաւատանք թէ ‘արիւնէ ետ կենալու’ Աստուածաշունչի պատուէրը իր մէջ կը պարփակէ մերժել՝ ամբողջ արեան կամ անոր գլխաւոր բաղադրիչներու (պլազմայի, կարմիր գնդիկներու, ճերմակ գնդիկներու եւ թիթեղիկներու) ներարկումը։ (Գործք 15։28, 29) Իսկ ինչ կը վերաբերի արեան գլխաւոր բաղադրիչներէ քաղուած մասնիկներուն, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ անհատապէս կ’որոշէ այս մասին, ի մտի ունենալով Աստուածաշունչին ըսածը եւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը։—6/15, էջ 29-31
• Իրապէս կարելի՞ է ներկայիս ներքին խաղաղութիւն գտնել։
Այո՛։ Աստուածաշունչի միջոցաւ, Յիսուս Քրիստոս մարդիկը կ’առաջնորդէ Եսայեայ 32։18–ի մէջ նկարագրուած ճշմարիտ պաշտամունքի ճամբուն եւ խաղաղութեան։ Ասկէ զատ, այսպիսի խաղաղութիւն ձեռք ձգող անհատներ, երկրի վրայ մնայուն խաղաղութիւն վայելելու հեռանկարը ունին, առ ի կատարում Սաղմոս 37։11, 29–ի։—7/1, էջ 7
• Աստուածպետական արդի պատմութեան մէջ Ճորճ Եանկ ի՞նչ դեր խաղցաւ։
1917–էն սկսեալ, շատ մը երկիրներու մէջ ան Թագաւորութեան բարի լուրի լուսատու մը եղաւ։ Իր ծառայութիւնը զինք տարաւ Գանատայի բոլոր կողմերը, Ղարիպեան կղզիներ, Պրազիլիա եւ Հարաւային Ամերիկայի ուրիշ երկիրներ, Կեդրոնական Ամերիկա, Սպանիա, Փորթուկալ, նախկին Սովետական Միութիւն, եւ Միացեալ Նահանգներ։—7/1, էջ 22-27
• Ա. Կորնթացիս 15։29–ը (ՆԱ) ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ թէ ոմանք «մեռելներ ըլլալու համար կը մկրտուին»։
Կէտը այն թէ երբ Քրիստոնեաներ սուրբ հոգիով կ’օծուին, անոնք կեանքի ընթացքի մը մէջ կը մտնեն որ զիրենք մահուան ու անկէ ետք երկնային կեանքի յարութեան կ’առաջնորդէ։—7/15, էջ 17
• Պօղոս առաքեալ՝ անծանօթ տարիներ կոչուած ժամանակաշրջանին ի՞նչ կ’ընէր։
Հաւանաբար, Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ ժողովքներ հաստատելու եւ զօրացնելու մէջ բաժին կը բերէր։ Բ. Կորնթացիս 11։23-27–ի մէջ յիշուած նեղութիւններէն շատեր պատահած ըլլալու էին այս ժամանակաշրջանին, որոնք ցոյց կու տան թէ ան կը շարունակէր գործօն բաժին բերել ծառայութեան մէջ։—7/15, էջ 26, 27
• Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ մեր ակնկալութիւններուն մէջ տրամաբանական ըլլանք։
Յիշեցէք թէ Եհովա հասկացող է։ Իրեն աղօթելը կրնայ մեզի օգնել մեր մտածելակերպը հաւասարակշռելու, եւ համեստութիւն ցոյց կու տայ։ Հասուն բարեկամի մը հետ խօսակցելով նոր տեսակէտ մը ունենալը, ուրիշ օգնութիւն մըն է։—8/1, էջ 29, 30