Տարակարծութիւնները ի՞նչպէս ձեռք կ’առնէք
Տարակարծութիւնները ի՞նչպէս ձեռք կ’առնէք
ԱՄԷՆ օր այլազան անձնաւորութիւններու հետ շփում կ’ունենանք։ Ասիկա յաճախ մեզի ուրախութիւն կու տայ եւ մեր առջեւ նոր հեռանկարներ կը բանայ։ Բայց երբեմն տարակարծութիւններու դուռ ալ կը բանայ, որոնցմէ ոմանք լուրջ, իսկ ուրիշներ մեր առօրեայ կեանքին մէջ միայն չնչին անախորժութիւններ են։ Ինչ որ ըլլայ անոնց բնոյթը, այս տարակարծութիւնները ձեռք առնելու կերպը որոշ ազդեցութիւն ունի մեր մտքին, զգացումներուն ու հոգեւորականութեան վրայ։
Այս տարակարծութիւնները հաճելի կերպով լուծելու համար մեր ձեռքէն բոլոր եկածը ընելը պիտի նպաստէ որ աւելի առողջ կեանք մը վարենք եւ մեր շուրջիններուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններ մշակենք։ Հին առակ մը կ’ըսէ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է»։—Առակաց 14։30
Ասոր ճիշդ հակառակն է հետեւեալ բացայայտ ճշմարտութիւնը. «Իր ոգին չզսպող մարդը՝ փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է»։ (Առակաց 25։28) Մեզմէ ո՞վ կ’ուզէ ինքզինք չպաշտպանել սխալ խորհուրդներու ներխուժման դիմաց, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ անպատշաճ կերպով վարուինք, կերպեր, որոնք կրնան թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն վնաս հասցնել։ Անզուսպ, բարկացկոտ ընդառաջումները ճիշդ այս է որ կ’ընեն։ Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս պատուէր տուաւ որ մեր կեցուածքը քննենք, որ իր մէջ կ’ընդգրկէ ուրիշներուն հետ եղած տարակարծութիւն մը ձեռք առնելու կերպը։ (Մատթէոս 7։3-5) Փոխանակ ուրիշները քննադատելու, պէտք է խորհինք թէ ի՛նչպէս կրնանք տարբեր տեսակէտներ ու ենթահողեր ունեցողներու հետ բարեկամութիւն մշակել ու պահել։
Մեր Կեցուածքը
Կարծեցեալ կամ իրական տարբերութիւն մը լուծելու առաջին քայլն է գիտակցիլ, որ սխալ խորհուրդներու եւ կեցուածքներու ենթակայ ենք։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը յիշեցնէ որ բոլորս ալ կը մեղանչենք ‘եւ Աստուծոյ փառքէն պակսած ենք’։ (Հռովմայեցիս 3։23) Ասկէ զատ, խոր կերպով մտածելը կրնայ երեւան հանել որ մեր խնդրին բուն աղբիւրը դիմացի անհատը չէ։ Այս առնչութեամբ, Յովնանի փորձառութիւնը նկատի առնենք։
Եհովայէ հրահանգ ստանալով, Յովնան դէպի Նինուէ ուղղուեցաւ, անոր բնակիչներուն Աստուծոյ մօտալուտ դատաստանը քարոզելու համար։ Բարեբախտաբար, ամբողջ քաղաքը զղջում յայտնեց եւ ճշմարիտ Աստուծոյ հաւատաց։ (Յովնանու 3։5-10) Եհովա տեսաւ որ անոնց զղջումը թողութեան արժանի էր, ուստի զանոնք խնայեց։ «Յովնան խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ»։ (Յովնանու 4։1) Եհովայի ողորմութեան հանդէպ Յովնանի ընդառաջումը զարմանալի էր։ Յովնան ինչո՞ւ պէտք էր բարկանար Եհովայի դէմ։ Երեւութապէս, Յովնան իր խորհուրդներով զբաղած էր, խորհելով որ սեւերես պիտի ելլէր համայնքին մէջ։ Ան Եհովայի ողորմութիւնը գնահատելու մէջ թերացաւ։ Եհովա քաղցրութեամբ գործնական դաս մը տուաւ Յովնանի, ինչ որ օգնեց իրեն որ իր կեցուածքը փոխէ եւ Աստուծոյ ողորմութեան գերազանց արժէքը տեսնէ։ (Յովնանու 4։7-11) Բացայայտ է որ Յովնա՛ն իր կեցուածքը պէտք էր փոխէր ու ո՛չ թէ Եհովան։
Արդեօք երբեմն մենք ալ նոյն կերպով հարցի մը շուրջ մեր կեցուածքը փոխելու կարիք կ’ունենա՞նք։ Պօղոս առաքեալ խրատեց. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։10) Ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ան կերպով մը մեզ կը քաջալերէ որ տրամաբանական ըլլանք եւ միւս Քրիստոնեաները խորապէս յարգենք ու պատուենք։ Ասիկա կը պարփակէ ընդունիլ որ ամէն անհատ ազատ ընտրութեան առանձնաշնորհումը ունի։ Պօղոս նաեւ մեզի կը յիշեցնէ թէ՝ «ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։5) Ուստի, տարակարծութիւնները բացուածք մը յառաջացնելէ առաջ, որքա՜ն իմաստութիւն է խորհիլ թէ արդեօք մե՛նք մեր կեցուածքը վերաճշդելու կարիքը ունինք թէ ոչ։ Պէտք է ծանր աշխատինք Եհովայի միտքը արտացոլացնելու եւ իրապէս Աստուած սիրող ուրիշներու հետ խաղաղութիւնը պահելու համար։—Եսայեայ 55։8, 9
Մեր Մերձեցումը
Երեւակայեցէք երկու երախաներ որ նոյն խաղալիքին համար կը կռուին, ամէն մէկը աւելի զօրաւոր կը քաշէ որպէսզի ի՛նք ունենայ զայն։ Կռիւին կ’ընկերակցին բարկացկոտ արտայայտութիւններ, մինչեւ որ վերջապէս կա՛մ մէկը տեղի կու տայ եւ կամ ուրիշ մը կը միջամտէ։
Ծննդոցի պատմութիւնը կ’ըսէ որ Աբրահամ լսեց որ իր հովիւներուն եւ իր զարմիկին՝ Ղովտին հովիւներուն միջեւ վէճ մը ծագեր է։ Աբրահամ նախաքայլը առաւ Ղովտին մօտենալու եւ ըսելու. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք»։ Աբրահամ որոշած էր որ որեւէ վէճ իրենց յարաբերութեան վնաս չհասցնէր։ Ի՞նչ գնով։ Ան պատրաստ էր որպէս տարեց իր ընտրելու առանձնաշնորհումը զոհելու. ան պատրաստ էր զիջելու։ Աբրահամ թոյլ տուաւ որ Ղովտ ընտրէ թէ ո՛ւր կ’ուզէ տանիլ իր ընտանիքը եւ հօտերը։ Հետեւաբար, Ղովտ ընտրեց Սոդոմի ու Գոմորի դալար շրջանը։ Աբրահամ եւ Ղովտ իրարմէ բաժնուեցան խաղաղութեամբ։—Ծննդոց 13։5-12
Ուրիշներու հետ խաղաղ յարաբերութիւն պահպանելու համար, Աբրահամի ցուցաբերած հոգիով վարուելու պատրա՞ստ ենք։ Աստուածաշունչի այս միջադէպը գեղեցիկ օրինակ մըն է մեզի համար, որպէսզի գիտնանք ինչպէս ձեռք առնել տարակարծութիւնները։ Աբրահամ աղաչեց՝ «վէճ թող չըլլայ»։ Աբրահամի անկեղծ փափաքն էր բարեկամական լուծում մը գտնել։ Խաղաղ յարաբերութիւն պահպանելու այսպիսի հրաւէր մը վստահաբար որեւէ սխալ հասկացողութիւն անտեսելու պիտի օգնէր։ Աբրահամ եզրակացուց ըսելով. «Վասն զի մենք եղբայր ենք»։ Ինչո՞ւ այսքան թանկագին յարաբերութիւն մը զոհել անձնական նախընտրութեան կամ հպարտութեան սիրոյն։ Աբրահամի մտքին մէջ յստակ էր թէ ի՛նչ բան կարեւոր էր։ Ասիկա ըրաւ իր արժանապատուութիւնն ու պատիւը պահելով, միեւնոյն ատեն պատուելով իր զարմիկը։
Թէեւ կարգ մը պարագաներու դուրսէն միջամտութիւն կրնայ պահանջուիլ, բայց ո՛րքան նախընտրելի է հարց մը իրարու մէջ լուծել։ Յիսուս մեզ կը քաջալերէ որ մեր եղբօր հետ խաղաղութիւն պահելու համար նախաքայլը առնենք. եթէ հարկ է, ներողութիւն խնդրելով։ * (Մատթէոս 5։23, 24) Ասիկա խոնարհութիւն կամ հեզութիւն կը պահանջէ, բայց Պետրոս ըսաւ. «Խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ (Ա. Պետրոս 5։5) Մեր հաւատակիցներուն հետ մեր ունեցած վերաբերմունքը ուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունի Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան վրայ։—Ա. Յովհաննու 4։20
Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, կրնայ ըլլալ որ մեզմէ պահանջուի որ խաղաղութիւնը պահպանելու համար մեր իրաւունքէն հրաժարինք։ Ներկայիս Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցողներուն հսկայ մեծամասնութիւնը Աստուծոյ
ընտանիքին ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ եկած է վերջին հինգ տարիներուն։ Ասիկա որքա՜ն կ’ուրախացնէ մեր սիրտը։ Մեր վարուած կերպը վստահաբար ազդեցութիւն ունի ասոնց, եւ ժողովքին մէջ ուրիշներուն վրայ։ Ասիկա լաւ պատճառ մըն է որ ուշադրութեամբ ընտրենք մեր ժամանցները, հետաքրքրութեան առարկաները, ընկերային զբաղումները կամ գործերը, նկատի առնելով թէ ուրիշներ ի՛նչպէս կրնան հասկնալ մեզ։ Արդեօք ձեր արարքներէն կամ խօսքերէն ոմանք կրնա՞ն սխալ հասկցուելով ուրիշներու գայթակղութեան պատճառ ըլլալ։Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի. «Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ։ Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։23, 24) Որպէս Քրիստոնեաներ, քրիստոնէական եղբայրակցութեան մէջ սէր եւ միութիւն յառաջացնելով իրապէս հետաքրքրուած ենք։—Սաղմոս 133։1. Յովհաննու 13։34, 35
Բուժիչ Խօսքեր
Խօսքերը կրնան զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ դէպի լաւը։ «Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են»։ (Առակաց 16։24) Գեդէօնի հետ, Եփրեմեաններուն հաւանական բախումը կասեցնելու մասին պատմութիւնը այս խօսքին ճշմարիտ ըլլալը կ’ապացուցանէ։
Գեդէօն Մադիամի դէմ խիստ պատերազմի մէջ էր եւ կոչ ըրաւ Եփրեմի որ օգնութեան հասնէր։ Բայց պատերազմը աւարտելէն ետք, Եփրեմ Գեդէօնի դէմ ելաւ եւ խիստ կերպով գանգատեցաւ որ կռիւին սկիզբէն ինչո՛ւ չէր կանչած զիրենք։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ որ անոնք «անոր հետ սաստիկ վէճ ըրին»։ Գեդէօն պատասխանեց. «Ես ի՞նչ ըրի ձեզի։ Եփրեմին ճռաքաղութիւնը Աբիեզերին այգեկութէն լաւագոյն չէ՞ արդեօք։ Աստուած Մադիամի իշխանները՝ Օրէբն ու Զէբը՝ ձեր ձեռքը տուաւ. ես ձեզի ի՞նչ կրցայ ընել»։ (Դատաւորաց 8։1-3) Այս լաւ ընտրուած, հանգստացնող խօսքերով, Գեդէօն առաջքը առաւ բանի մը որ կրնար միջցեղային աղիտալի պատերազմի տանիլ։ Եփրեմեանները թերեւս իրենք զիրենք տեսնելու ու հպարտութեան խնդիր ունէին։ Սակայն անիկա Գեդէօնը ետ չպահեց խաղաղութեան ի նպաստ աշխատելէ։ Մենք ալ կրնա՞նք նոյնը ընել։
Բարկութիւնը կրնայ կուտակուիլ ուրիշներու մէջ եւ մեզի դէմ թշնամութիւն յառաջացնել։ Անոնց զգացումներուն գիտակցեցէք եւ փորձեցէք հասկնալ իրենց տեսակէտը։ Արդեօք կերպով մը մենք նպաստեցի՞նք իրենց զգացումներուն։ Եթէ այո, ինչո՛ւ չընդունինք այդ դժուարութիւնը յարուցանելու մէջ մեր ունեցած բաժինը եւ ցաւ չյայտնենք որ այդ խնդիրը բարդացուցինք։ Քանի մը լաւ մտածուած խօսքեր կրնան վերահաստատել վնասուած յարաբերութիւն մը։ (Յակոբու 3։4) Գժտուած անհատներէն ոմանք թերեւս միայն պէտք ունին որ զիրենք ազնուօրէն հաւաստիացնենք։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ «առանց փայտի կրակը կը մարի»։ (Առակաց 26։20) Այո, շիտակ հոգիով եւ ուշադրութեամբ ըսուած խօսքեր կրնան ‘բարկութիւնը իջեցնել’ եւ բուժել։—Առակաց 15։1
Պօղոս առաքեալ կը յանձնարարէ. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։18) Ճիշդ է որ չենք կրնար ուրիշներու զգացումներուն վրայ հսկել, բայց խաղաղութիւն յառաջացնելու համար մեր բաժինը կրնանք ընել։ Փոխանակ մեր կամ ուրիշներուն անկատար ընդառաջումներուն ենթակայ ըլլալու, կրնանք Աստուածաշունչի լաւատեղեակ սկզբունքները կիրարկել։ Եհովայի սորվեցուցած կերպով տարակարծութիւնները ձեռք առնելը, յաւիտենական խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն պիտի տայ մեզի։—Եսայեայ 48։17
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 13 Տեսնել՝ «Ձեր սրտէն ներեցէք» եւ՝ «Կրնաք շահիլ ձեր եղբայրը», Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1999։
[Նկար՝ էջ 24]
Ամէն բան մեր ուզած կերպով ըլլալու համար կը պնդե՞նք
[Նկար՝ էջ 25]
Աբրահամ տարակարծութիւն մը լուծելու համար տեղի տալու մէջ օրինակ հանդիսացաւ