Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Անոնք բարութեան եւ սիրոյ մասին կը խօսին’

‘Անոնք բարութեան եւ սիրոյ մասին կը խօսին’

‘Անոնք բարութեան եւ սիրոյ մասին կը խօսին’

ՎԵՐՋԻՆ տարիներուն, Եհովայի Վկաները Ֆրանսայի մէջ զրպարտութեան ուժգին արշաւներու թիրախը դարձան։ Անոնց հակառակորդներուն կողմէ կէս–իրականութիւններ եւ սխալ տեղեկատուութիւններ գործածուեցան, զիրենք հանրութեան սխալ ներկայացնելու համար։ 1999–ի սկիզբը, Եհովայի Վկաները ամբողջ Ֆրանսայի մէջ 12 միլիոն թերթիկ բաշխեցին, որու խորագիրն էր՝ Ո՛վ Ֆրանսացիներ՝ Ձեզ կը Խաբեն։ Այս թերթիկին մէջ, անոնք իրենց դէմ ուղղուած վարկաբեկիչ խօսքերը հերքեցին։

Արշաւէն քանի մը օր ետք, բժիշկ եւ Խորհրդարանի նախկին անդամ Պրն. Ժան Պոնոմ, տեղական օրաթերթի մը բաց նամակ մը ղրկեց։ Ան գրեց. «Ժամանակ առ ժամանակ, Եհովայի Վկաները տունս կու գան։ Անոնք կու գան ինծի խօսելու համար բարութեան եւ տիեզերական սիրոյ մասին։ . . . Անոնք իրենց ներկայութիւնը չեն պարտադրեր։ Անոնք հեզութեամբ կը խօսին, եւ ազնուօրէն մտիկ կ’ընեն իմ սկեպտիկութեանս»։

Եհովայի Վկաներու հոգեւոր տեսակէտին մասին խօսելով, Պրն. Պոնոմ ըսաւ. «Անոնց անմեղունակութիւնը անվնաս է։ Մինչ միւս կողմէ, կարգ մը քաղաքագէտներու անմեղունակութիւնը մեծ սպառնալիք մըն է քաղաքացիներու խաղաղութեան եւ ընկերութեան ներդաշնակութեան»։