Գիտէ՞ք սպասել
Գիտէ՞ք սպասել
ԿՐՆԱ՞Ք երեւակայել թէ մարդիկ ամէն տարի որքա՛ն ժամանակ կը վատնեն, միայն սպասելով։ Անոնք շարքի կեցած՝ կը սպասեն խանութի մը կամ վառելանիւթի կայարանի մը մէջ. կը սպասեն որ սպասարկուին ճաշարանին մէջ. կը սպասեն բժիշկին կամ ատամնաբոյժին դարմանատան մէջ. կը սպասեն օթոպիւսը կամ շոգեկառքը։ Այո, անհատ մը իր կեանքին մէջ անհաւատալի ժամանակ կ’անցընէ, սպասելով՝ որ որոշ բաներ պատահին։ Փորձագիտանքի մը համաձայն, Գերմանացիները տարեկան 4.7 միլիառ ժամ կը վատնեն, երթեւեկի խճողումներու մէջ սպասելով։ Անհատ մը հաշիւ ըրած է, թէ ասիկա հաւասար է շուրջ 7,000 անհատներու կեանքի տեւողութեան ընդհանուր գումարին։
Սպասելը շատ վհատեցուցիչ կրնայ ըլլալ։ Այս օրերուն, կը թուի թէ ամէն բան ընելու բաւարար ժամանակ չկայ, եւ մեր ընելիք բաներուն մասին մտածելը, սպասելը իրապէս նեղացուցիչ կրնայ դարձնել։ Հեղինակ Աղեքսանդր Ռոզ անգամ մը ըսաւ. «Ապրելու տանջանքին կէսը սպասելն է»։
Ամերիկացի քաղաքագէտ Պէնճէմին Ֆրէնգլին ընդունեց թէ, սպասելը կրնայ նաեւ սուղի նստիլ։ Աւելի քան 250 տարի առաջ, ան նշեց. «Ժամանակը դրամ է»։ Այս պատճառով ալ, առեւտրական հաստատութիւններ կը ջանան իրենց գործընթացին մէջ կերպեր գտնել, անտեղի ուշացումներէ խուսափելու համար։ Նուազ ժամանակի մէջ շատ քանակով արտադրելը, կրնայ աւելի մեծ շահեր ապահովել։ Ուղղակի հանրութեան ծառայող հաստատութիւններ կը ջանան արագ սպասարկութիւն ապահովել, ինչպէս՝ ֆասթ ֆուտ, առանց ինքնաշարժէն իջնելու դրամատան սպասարկութիւն եւ նման բաներ. անոնք գիտեն թէ սպասելու ժամանակը նուազագոյնի իջեցնելը յաճախորդը հաճեցնելուն մաս կը կազմէ։
Մեր Կեանքը Վատնել
Տասնըիններորդ դարու Ամերիկացի բանաստեղծ Ռալֆ Վալտօ Էմըրսըն առիթով մը գանգատեցաւ. «Մարդուն կեանքէն որքա՜ն ժամանակ կը վատնուի սպասելով»։ Աւելի վերջերս, հեղինակ Լէնս Մորրօ գանգատեցաւ սպասելուն ձանձրացուցիչ եւ նեղացուցիչ ըլլալուն մասին։ Սակայն,
ետքը ան խօսեցաւ «սպասելու լռելեայն դժբախտութեան մասին»։ Ասիկա ի՞նչ է։ «Այն գիտութիւնը որ մէկու մը ամենէն թանկագին ստացուածքը՝ ժամանակը, անհատի մը կեանքէն մաս մը՝ կը գողցուի, անվերադառնալի կերպով կը վատնուի»։ Ասիկա ցաւալի իրողութիւն մըն է։ Այն ժամանակը որ սպասելով կը վատնուի յաւիտեան կը կորսուի։Անշուշտ, եթէ կեանքը կարճ չըլլար, սպասելը աւելի նուազ մտահոգիչ պիտի ըլլար։ Սակայն, կեանքը կարճ է՛։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, Աստուածաշունչի սաղմոսերգուն ըսաւ. «Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք»։ (Սաղմոս 90։10) Ո՛ւր որ ալ ապրինք, ո՛վ որ ալ ըլլանք, մեր կեանքը՝ ծնելու ատեն մեր ունեցած օրերը, ժամերը, վայրկեանները՝ սահմանափակ է։ Այսուհանդերձ, չենք կրնար խուսափիլ այն պարագաներէն, որոնք կը ստիպեն մեզ այդ արժէքաւոր ժամանակէն մաս մը վատնելու, դէպքերու կատարման, կամ անհատներու սպասելով։
Սպասել Սորվիլ
Շատերս գտնուած ենք ինքնաշարժի մը մէջ, ուր վարորդը շարունակ կը ջանայ իր առջեւ եղած ինքնաշարժէն առաջ անցնիլ։ Յաճախ, անմիջական կարիք չկայ, վարորդը կարեւոր ժամադրութիւն մը չունի։ Բայց եւ այնպէս, ան չի կրնար հանդուրժել որ ուրիշ վարորդ մը իր յառաջխաղացքը դանդաղեցնէ։ Անոր համբերութեան պակասը ցոյց կու տայ թէ ան չէ սորված սպասել։ Սորվի՞լ։ Այո, սպասել սորվիլը, դաս մըն է որ պէտք է սորվիլ։ Ո՛չ ոք սպասելու կարողութեամբ կը ծնի։ Երախաներ անմիջական ուշադրութիւն կը պահանջեն երբ անօթենան կամ անհանգստանան։ Միայն երբ կը մեծնան կը հասկնան, թէ երբեմն իրենց ուզածը ունենալու համար պէտք է սպասեն։ Արդարեւ, քանի որ սպասելը կեանքի անխուսափելի մէկ մասն է, անհրաժեշտ եղած ատեն համբերութեամբ սպասել գիտնալը, հասունութիւն կը նշէ։
Անշուշտ, անմիջական պարագաներ կան, երբ անհամբերութիւնը հասկնալի է։ Երբ երիտասարդ ամուսին մը կ’արտորայ իր կինը հիւանդանոց հասցնել, քանի որ իրենց մանուկը ծնանելու վրայ է, ուշացումներու պարագային անհամբեր ըլլալու իրաւունք ունի։ Ղովտը Սոդոմէն հեռանալ յորդորող հրեշտակները Ղովտի տնտնալը տեսնելով չուզեցին սպասել։ Կործանումը մօտ էր, իսկ Ղովտի ու իր ընտանիքին կեանքը վտանգի տակ էր։ (Ծննդոց 19։15, 16) Սակայն, շատ մը պարագաներու, երբ անհատներ կը ստիպուին սպասել, կեանքեր վտանգի տակ չեն ըլլար։ Այդ պարագաներուն, վիճակները աւելի հաճելի կ’ըլլան, եթէ ամէն ոք սորվի համբերատար ըլլալ. նոյնիսկ եթէ սպասումը մէկու մը անատակութեան կամ անհոգութեան պատճառաւ ըլլայ։ Ասկէ զատ, համբերելը աւելի կը դիւրանայ, եթէ ամէն մարդ սպասելու համար վատնուած ժամանակը սորվի օգտակար կերպով գործածել։ 5–րդ էջին վրայ գտնուող շրջագիծը կարգ մը թելադրութիւններ կու տայ, որոնք սպասելը ոչ միայն հանդուրժելի կը դարձնեն, այլեւ՝ շահաբեր։
Կարելի չէ չնկատել թէ անհամբեր հոգի մը հպարտ կեցուածք մը կը մատնէ, զգացում մը՝ թէ անհատը շա՛տ կարեւոր անձնաւորութիւն մըն է եւ կարելի չէ զինք սպասցնել։ Այսպիսի կեցուածք ունեցող անհատ մը, լաւ կ’ըլլայ որ Աստուածաշունչէն հետեւեալ խօսքերը նկատի առնէ. «Երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է»։ (Ժողովողի 7։8) Հպարտութիւնը նկարագրի լուրջ թերութիւն մըն է, եւ Աստուածաշունչի առակը կ’ըսէ. «Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են»։ (Առակաց 16։5) Ուստի, համբերութիւն՝ կամ սպասել սորվիլը, կրնայ պահանջել որ մեր անձը եւ մեր շուրջը եղողներուն հետ մեր յարաբերութիւնը լաւ մը քննենք։
Համբերութիւնը Պիտի Վարձատրուի
Սովորաբար, սպասելը աւելի դիւրին կ’ըլլայ, երբ համոզուած ըլլանք որ ուշացած բանին համար սպասելը կ’արժէ եւ թէ անիկա ի վերջոյ իրապէս պիտի գայ։ Այս առնչութեամբ, կ’արժէ անդրադառնալ այն իրողութեան, թէ Աստուծոյ բոլոր անկեղծ երկրպագուները, Աստուածաշունչին մէջ գտնուած իր սքանչելի խոստումներուն կատարման կը սպասեն։ Զոր օրինակ, Աստուծմէ ներշնչուած սաղմոս մը մեզի կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Այս խոստումը դարձեալ կրկնուեցաւ Յովհաննէս առաքեալի կողմէ, երբ ըսաւ. «Ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Սաղմոս 37։29. Ա. Յովհաննու 2։17) Բացայայտօրէն, եթէ կարենայինք յաւիտեան ապրիլ, սպասելը մեծ հարց մը պիտի չըլլար։ Սակայն, առայժմ յաւիտեան չենք ապրիր։ Իրապաշտութիւն պիտի ըլլա՞ր յաւիտենական կեանքի մասին խօսիլ։
Պատասխանելէ առաջ, նկատի առէք թէ Աստուած մեր առաջին ծնողքը ստեղծեց յաւիտեա՛ն ապրելու հեռանկարով։ Պարզապէս իրենց մեղանչելո՛ւն Ծննդոց 3։15. Հռովմայեցիս 5։18
պատճառաւ այդ հեռանկարը կորսնցուցին, թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց զաւակներուն համար՝ մէջը ըլլալով մեզի։ Սակայն, իրենց մեղանչելէն անմիջապէս ետք, Աստուած յայտարարեց թէ իր նպատակն էր անոնց անհնազանդութեան հետեւանքները յեղաշրջել։ Ան խոստացաւ «սերունդ»ի մը գալը, որ Յիսուս Քրիստոսը եղաւ։—Մե՛նք պէտք է որոշենք թէ իր խոստումներէն անհատապէս պիտի օգտուինք թէ ոչ։ Ասիկա համբերութիւն պիտի պահանջէ։ Այսպիսի համբերութիւն ունենալ սորվելու համար, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ երկրագործին օրինակին մասին մտածենք։ Ան իր սերմը կը ցանէ եւ ուրիշ ճար չունի եթէ ոչ սպասել, մինչ այդ՝ ձեռքէն եկածը կ’ընէ իր բերքը պաշտպանելու համար, մինչեւ որ հունձքի ժամանակը գայ։ Այն ատեն իր համբերութիւնը կը վարձատրուի, եւ իր աշխատանքին պտուղը կը քաղէ։ (Յակոբու 5։7) Պօղոս առաքեալ համբերութեան ուրիշ օրինակ մը կը յիշէ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ վաղեմի հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները։ Անոնք ակնկառոյց կը սպասէին Աստուծոյ նպատակներուն կատարման, սակայն ստիպուած էին Աստուծոյ որոշած ժամանակին սպասել։ Պօղոս կը քաջալերէ մեզ որ նմանինք անոնց, որոնք «հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին»։—Եբրայեցիս 6։11, 12
Այո, սպասելը կեանքի անխուսափելի իրողութիւն մըն է։ Սակայն, անիկա պէտք չէ որ նեղութեան յարատեւ աղբիւր մը ըլլայ։ Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը սպասողներուն համար, անիկա կրնայ ուրախութեան աղբիւր մը ըլլալ։ Անոնք կրնան սպասելու տրամադրուած ժամանակը լեցնել, Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակելով եւ իրենց հաւատքը ցուցաբերող գործեր ընելով։ Իսկ աղօթելով, ուսումնասիրելով, եւ խոկալով, անոնք կրնան անխախտ վստահութիւն մը մշակել, թէ Աստուծոյ խոստացած բոլոր բաներն ալ իր որոշած ժամանակին տեղի պիտի ունենան։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 5]
ՍՊԱՍՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ
Կանխաւ ծրագրեցէք։ Եթէ գիտէք թէ պիտի ստիպուիք սպասել, պատրաստ եղէք կարդալու, գրելու, հիւսելու, քրոշէ աշխատելու, կամ ուրիշ որեւէ օգտակար գործունէութեան մը մասնակցելու։
Ժամանակը գործածեցէք խոկալու համար. բան մը՝ որ հետզհետէ դժուար կը դառնայ մեր սրընթաց աշխարհին մէջ։
Հեռաձայնին քով ընթերցելիք նիւթեր դրէք, զանոնք գործածելու համար՝ երբ ձեզմէ խնդրուի սպասել. հինգ կամ տասը վայրկեանի մէջ, կրնաք քանի մը էջ կարդալ։
Երբ ձեր սպասած վայրը ուրիշներ ալ կան, եթէ յարմար ըլլայ, պատեհութիւնը օգտագործեցէք ուրիշներու հետ խօսակցութիւն մը սկսելու եւ անոնց հետ շինիչ գաղափարներ փոխանակելու։
Ձեր ինքնաշարժին մէջ նոթատետր մը կամ ընթերցելիք նիւթ ունեցէք, անակնկալ սպասումի պահերու համար։
Ձեր աչքերը գոցեցէք, դուք ձեզ թուլցուցէք կամ աղօթեցէք։
ՅԱՋՈՂ ԿԵՐՊՈՎ ՍՊԱՍԵԼԸ ԳԼԽԱՒՈՐԱԲԱՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ԵՒ ԿԱՆԽԱՄՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ Է