Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութեան սերմերը կ’ոռոգուին Չիլիի մէջ

Ճշմարտութեան սերմերը կ’ոռոգուին Չիլիի մէջ

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Ճշմարտութեան սերմերը կ’ոռոգուին Չիլիի մէջ

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Չիլիի անապատին մէջ, քանի մը տարին անգամ մը անձրեւ կու գայ։ Սակայն, երբ գայ, ծարաւ ու քարքարուտ գետինը, գոյնզգոյն ծաղիկներով ծածկուած իսկական գորգի մը կը վերածուի։ Այս տպաւորիչ տեսարանը, այդ երկրին չորս կողմերէն զբօսաշրջիկներ կը հրապուրէ։

Սակայն, ասկէ շատ աւելի հետաքրքրական երեւոյթ մը տեղի կ’ունենայ ներկայիս Չիլիի ժողովուրդին մէջ։ Ճշմարտութեան ջուրերը կը հոսին երկրին ամէն անկիւնները, եւ շատ մը անկեղծ անհատներ «ծաղկելով» Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները կ’ըլլան։ Ճշմարտութեան այս ջուրերը տարածելու միջոցներէն մէկն է՝ հեռաձայնը։ Հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան այն հոյակապ արդիւնքները, որոնք ձեռք կը ձգուին վկայութեան այս մեթոտով։

• Գարինա անունով լիաժամ քարոզիչէ մը խնդրուեցաւ շրջանային համաժողովի մը յայտագրին մէջ ցուցադրել հեռաձայնով վկայելու կերպը։ Սակայն, Գարինան վկայութեան այս երեսակին երբեք մասնակցած չէր։ Որպէսզի զինք քաջալերեն համաժողովի յայտագրին մասնակցելու, երէց մը եւ իր կինը, Գարինայի հետ հեռաձայնով վկայելու մասին կարգ մը կէտեր վերաքաղ ըրին։ Անոնք նաեւ զինք քաջալերեցին որ այս հարցին առնչութեամբ Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրէ։ Ան ասիկա ըրաւ, եւ ի վերջոյ որոշեց փորձել հեռաձայնով վկայել։

Գարինան հեռաձայնի թիւ մը ընտրեց որ մօտակայ գիւղի մը կը պատկանէր։ Հեռախօսավարուհի մը պատասխանեց, եւ Գարինան անոր բացատրեց իր հեռաձայնելուն նպատակը։ Հեռախօսավարուհիին ընդառաջումը դրական եղաւ, եւ կարգադրութիւններ ըրին որ երեք օր ետք դարձեալ իրարու հետ խօսին։ Հեռաձայնով եղած վերայցելութիւնը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջնորդեց, գործածելով՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը։ Անկէ ի վեր, անոնք հետաքրքրական եւ վառ ուսումնասիրութիւններ վայելած են, եւ Գարինան կնոջ հարցումներուն պատասխանելու համար գրականութիւններ ղրկած է։

• Պերնարտա նախաքայլը առաւ մարդու մը վկայելու, որ սխալմամբ իր հեռաձայնի թիւը դարձուցեր էր։ Փոխանակ նեղուելու, Պերնարտա ինքզինք ներկայացուց որպէս Եհովայի Վկայ մը եւ օգնութիւն առաջարկեց։ Խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ, եւ մարդը մտիկ ըրաւ մինչ ան բացատրեց թէ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս շուտով անարդարութեան վերջ պիտի դնէ։ Մարդը Պերնարտայի տուաւ իր հեռաձայնի թիւը, եւ ան հեռաձայնը գործածելով վերայցելութիւններ ըրաւ։ Անոնց խօսակցութիւններէն մէկուն ընթացքին, ան մարդուն կարդաց Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքէն հատուած մը։ Մարդը հարցուց թէ ի՛նչպէս կրնար օրինակ մը ստանալ. Պերնարտա անոր օրինակ մը ղրկեց, Աստուածաշունչի մը հետ։ Կարգադրութիւններ եղան որ տեղւոյն ժողովքէն եղբայր մը իրեն այցելէր։ Այժմ եղբայրը կը շարունակէ «ջրել» այս ծաղկող «բոյսը»։

Այո, այս աշխարհի անջրդի հոգեւոր հողին մէջ թաքնուած սերմեր կը սպասեն որ ճշմարտութեան կենսատու ջուրերը իրենց հասնելով ծիլ տան։ Հազարաւոր ծարաւած անհատներ կը շարունակեն «բուսնիլ» եւ «ծաղկիլ»՝ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ դառնալով։—Եսայեայ 44։3, 4