Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր թանկարժէք ժառանգը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար

Մեր թանկարժէք ժառանգը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար

Մեր թանկարժէք ժառանգը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար

«Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 25։34

1. Մարդիկ ի՞նչպիսի բաներ ժառանգ ստացած են։

ԲՈԼՈՐ մարդիկ ունին բաներ՝ որոնք ժառանգած են։ Ոմանց համար ժառանգ մը կրնայ պարփակել նիւթապէս հանգստաւէտ կեանք մը։ Ուրիշներուն համար՝ աղքատ կեանք մը։ Կարգ մը պարագաներու, իրենց ունեցած փորձառութեան կամ լսած բաներուն պատճառաւ, նախկին սերունդներ իրենց զաւակներուն որպէս կտակ՝ բուռն ատելութիւն ձգած են։ Բայց բոլորս ալ հասարակաց բան մը ունինք։ Բոլորս ալ առաջին մարդէն՝ Ադամէն մեղք ժառանգած ենք։ Այդ ժառանգութիւնը ի վերջոյ մահուան կ’առաջնորդէ։—Ժողովողի 9։2, 10. Հռովմայեցիս 5։12

2, 3. Եհովա սկիզբը ի՞նչ ժառանգ կարելի ըրաւ Ադամի ու Եւայի սերունդին, բայց ինչո՞ւ անոնք չստացան զայն։

2 Եհովա՝ որպէս սիրալիր երկնաւոր Հայր մը, սկիզբը բոլորովին տարբեր ժառանգութիւն մը հրամցուց մարդկութեան՝ Դրախտին մէջ կատարեալ պայմաններու ներքեւ յաւիտենական կեանք։ Մեր առաջին ծնողներուն՝ Ադամի ու Եւայի կատարեալ, անմեղ սկիզբ մը տրուեցաւ։ Եհովա Աստուած երկիր մոլորակը մարդկութեան նուէր տուաւ։ (Սաղմոս 115։16) Ան Եդեմի Պարտէզը տուաւ որպէս նմոյշ, ցոյց տալու համար թէ ամբողջ երկրագունդը ի՛նչ կրնար ըլլալ, եւ մեր առաջին ծնողներուն դիմաց հոյակապ ու հրապուրիչ նշանակում մը դրաւ։ Անոնք զաւակներ պիտի ունենային, երկրին ու անոր այլազան բոյսերուն ու անասնական կեանքին հոգ պիտի տանէին եւ Դրախտին սահմանները մինչեւ երկրագունդին ծայրերը պիտի տարածէին։ (Ծննդոց 1։28. 2։8, 9, 15) Իրենց զաւակները մասնակցութիւն պիտի բերէին ասոր մէջ։ Ի՜նչ գեղեցիկ ժառանգութիւն մը պիտի կարենային փոխանցել անոնց։

3 Սակայն, այս բոլորը վայելելու համար, Ադամն ու Եւան ու անոնց սերունդը Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն մը պէտք էր ունենային։ Անոնք Եհովայի սէր ու հնազանդութիւն կը պարտէին, բայց Ադամն ու Եւան թերագնահատեցին Աստուծոյ տուածը եւ իր պատուէրին անհնազանդ գտնուեցան։ Անոնք իրենց Դրախտ բնակարանը եւ իրենց դիմաց Աստուծոյ դրած փառաւոր հեռանկարը կորսնցուցին։ Հետեւաբար, չկրցան այս բաները իրենց սերունդին փոխանցել։—Ծննդոց 2։16, 17. 3։1-24

4. Ադամի կորսնցուցած ժառանգութիւնը ի՞նչպէս կրնանք ձեռք ձգել։

4 Եհովա ողորմածօրէն կարգադրութիւն ըրաւ որ Ադամի ու Եւայի սերունդը պատեհութիւնը ունենար ստանալու Ադամի կորսնցուցած ժառանգութիւնը։ Ի՞նչպէս։ Աստուծոյ որոշած ժամանակին, իր իսկ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս իր մարդկային կատարեալ կեանքը տուաւ Ադամի սերունդին համար։ Այս կերպով, Քրիստոս բոլորն ալ վերագնեց։ Բայց մարդիկ ինքնաբերաբար չեն տիրանար այս ժառանգութեան։ Անոնք Աստուծոյ առջեւ ընդունելի վիճակ մը պէտք է ունենան, զոր կրնան շահիլ Յիսուսի զոհին մեղք քաւող արժէքին հաւատք ընծայելով եւ այդ հաւատքը հնազանդութեամբ ցոյց տալով։ (Յովհաննու 3։16, 36. Ա. Տիմոթէոս 2։5, 6. Եբրայեցիս 2։9. 5։9) Ձեր կեանքի ընթացքը գնահատութիւն ցոյց կու տա՞յ այդ կարգադրութեան հանդէպ։

Աբրահամի Միջոցով Փոխանցուած Ժառանգութիւն մը

5. Աբրահամ ի՞նչպէս գնահատութիւն ցոյց տուաւ Եհովայի հետ իր յարաբերութեան։

5 Մինչ երկրի նկատմամբ իր նպատակը կ’իրագործէր, Եհովա մասնայատուկ կերպով վարուեցաւ Աբրահամի հետ։ Այդ հաւատարիմ մարդուն պատուէր տուաւ որ ձգէր իր երկիրը եւ երթար երկիր մը, որ Աստուած ինք ցոյց պիտի տար իրեն։ Աբրահամ սիրայօժար կերպով հնազանդեցաւ։ Աբրահամ հոն հասնելէ ետք, Եհովա իրեն ըսաւ որ իր սերո՛ւնդը այդ երկիրը որպէս ժառանգ պիտի ստանար, եւ ոչ թէ ինք։ (Ծննդոց 12։1, 2, 7) Ի՞նչ եղաւ Աբրահամի հակազդեցութիւնը։ Ան յօժարեցաւ Եհովայի ծառայել, ան ո՛ւր եւ ի՛նչպէս որ զինք առաջնորդէր, որպէսզի իր սերունդը այդ ժառանգութիւնը ստանար։ Աբրահամ օտար երկրի մը մէջ Եհովայի ծառայեց 100 տարի, մինչեւ իր մահը։ (Ծննդոց 12։4. 25։8-10) Դուք կ’ընէի՞ք ասիկա։ Եհովա ըսաւ որ Աբրահամ իր «բարեկամ»ն էր։—Եսայեայ 41։8

6. (ա) Իր որդին զոհելու պատրաստ ըլլալով Աբրահամ ի՞նչ ցոյց տուաւ։ (բ) Աբրահամ ի՞նչ թանկարժէք ժառանգութիւն մը կրցաւ փոխանցել իր սերունդին։

6 Աբրահամ տարիներ սպասած էր մինչեւ որ որդի մը՝ Իսահակը ունենար, որու շատ կը սիրէր։ Երբ տղան երիտասարդ եղաւ, Եհովա պատուէր տուաւ Աբրահամի որ տղան տանէր ու իրեն համար զոհ մատուցանէր։ Աբրահամ չէր գիտեր թէ ինք պիտի ցուցադրէր այն ինչ որ Աստուած պիտի ընէր, իր Որդին որպէս փրկանք վճարելով. այսուհանդերձ հնազանդեցաւ եւ Իսահակը զոհելու վրայ էր, երբ Եհովայի հրեշտակը կասեցուց զինք։ (Ծննդոց 22։9-14) Եհովա ըսած էր որ Աբրահամի տուած իր խոստումները Իսահակի միջոցով պիտի կատարուէին։ Ուստի, Աբրահամ իրապէս կը հաւատար որ եթէ պէտք ըլլար, Աստուած մեռելներէն ետ կը բերէր Իսահակը, հակառակ անոր որ նախապէս այդպիսի բան մը բնա՛ւ պատահած չէր։ (Ծննդոց 17։15-18. Եբրայեցիս 11։17-19) Քանի որ Աբրահամ նոյնիսկ իր որդին չխնայեց, Եհովա ըսաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին [«իրենք զիրենք պիտի օրհնեն», ՆԱ]»։ (Ծննդոց 22։15-18) Ասիկա կը նշէր որ Ծննդոց 3։15–ի մէջ յիշուած Սերունդը՝ Մեսիական ազատարարը, Աբրահամի շառաւիղէն պիտի գար։ Փոխանցելիք ի՜նչ թանկարժէք ժառանգութիւն մը։

7. Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ ի՞նչպէս գնահատութիւն ցոյց տուին իրենց ժառանգութեան հանդէպ։

7 Աբրահամ այն ատեն Եհովայի ըրածին իմաստը չգիտցաւ, ո՛չ ալ՝ իր որդին Իսահակը կամ թոռը՝ Յակոբը, «որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին»։ Բայց բոլորն ալ Եհովայի վրայ վստահութիւն ունէին։ Անոնք չկապուեցան այդ երկրին քաղաք–թագաւորութիւններէն որեւէ մէկուն, քանի որ անոնք աւելի լաւ բանի մը կը սպասէին՝ «այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 11։8-10, 13-16) Սակայն, Աբրահամի սերունդէն եղողներուն բոլորը չգնահատեցին իր միջոցով մատչելի եղող այդ թանկարժէք ժառանգութիւնը։

Ժառանգութիւնը Անարգողներէն Ոմանք

8. Եսաւ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ իր ժառանգութեան թանկարժէք ըլլալուն հանդէպ գնահատութիւն չունէր։

8 Իսահակի անդրանիկ որդին՝ Եսաւ, որպէս անդրանիկ իր անդրանկութեան իրաւունքը չարժեւորեց։ Ան սրբազան բաները չգնահատեց։ Ուստի, օր մը երբ Եսաւ անօթի էր, ան իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց իր եղբօր՝ Յակոբի։ Ի՞նչ բանի փոխարէն։ Աման մը ոսպէ ապուրի եւ հացի մը փոխարէն։ (Ծննդոց 25։29-34. Եբրայեցիս 12։14-17) Այն ազգը, որու միջոցաւ Աբրահամի տուած Աստուծոյ խոստումը պիտի կատարուէր, եկաւ Յակոբէն, որուն անունը Աստուած Իսրայէլի փոխեց։ Այդ մասնայատուկ ժառանգութիւնը անոնց առջեւ ի՞նչ պատեհութիւններ բացաւ։

9. Իրենց հոգեւոր ժառանգութեան պատճառաւ, Յակոբի կամ Իսրայէլի սերունդը ի՞նչ ազատագրում ունեցաւ։

9 Սովի մը ընթացքին, Յակոբ եւ իր ընտանիքը Եգիպտոս փոխադրուեցան։ Հոն անոնք բազմացան եւ շատցան, բայց նաեւ գերիներ եղան։ Բայց Եհովա չմոռցաւ Աբրահամի հետ իր ըրած ուխտը։ Իր որոշած ժամանակին, Աստուած Իսրայէլի որդիները գերութեան կապանքէն ազատեց եւ անոնց ուշադրութեան յանձնեց որ զիրենք «կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը» պիտի տանէր, այն երկիրը որ Աբրահամին խոստացած էր։—Ելից 3։7, 8. Ծննդոց 15։18-21

10. Սինա Լերան ստորոտը, ուրիշ ի՞նչ արտակարգ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութեան կապակցաբար։

10 Երբ Իսրայէլի որդիները դէպի Խոստացեալ Երկիրը կ’երթային, Եհովա զիրենք հաւաքեց Սինա Լերան ստորոտը։ Հոն անոնց ըսաւ. «Հիմա եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք»։ (Ելից 19։5, 6) Ժողովուրդը սիրայօժար կերպով եւ միաձայնութեամբ համաձայնելէ ետք, Եհովա անոնց տուաւ իր Օրէնքը, բան մը որ ուրիշ որեւէ ազգի չէր ըրած։—Սաղմոս 147։19, 20

11. Իսրայէլի որդիներուն հոգեւոր ժառանգութեան կարգ մը թանկարժէք բաները ի՞նչ էին։

11 Այդ նոր ազգը ի՜նչ հոգեւոր ժառանգութիւն մը ունեցաւ։ Անոնք միակ ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտէին։ Անոր կողմէ ազատագրուեցան Եգիպտոսէ եւ երբ Սինա Լերան վրայ Օրէնքը կը տրուէր, ահաւոր դէպքերու ականատես եղան։ Անոնց ժառանգութիւնը աւելի ճոխացաւ, երբ մարգարէներուն միջոցաւ ստացան նաեւ «Աստուծոյ պատգամները»։ (Հռովմայեցիս 3։1, 2) Անոնք իր վկաները ըլլալու համար Եհովայէ նշանակում ստացած էին։ (Եսայեայ 43։10-12) Մեսիական Սերունդը այդ ազգէն պիտի յայտնուէր։ Օրէնքը իրեն կը մատնանշէր, անիկա պիտի բնորոշէր զինք եւ անոնց պիտի օգնէր որ անոր կարիքը զգային։ (Գաղատացիս 3։19, 24) Ասկէ զատ, անոնց պատեհութիւն պիտի տրուէր որ այդ Մեսիական Սերունդին ընկերակցութեամբ ծառայէին որպէս քահանաներու թագաւորութիւն եւ սուրբ ազգ մը։—Հռովմայեցիս 9։4, 5

12. Թէեւ անոնք Խոստացեալ Երկիրը մտան, բայց Իսրայելացիները ի՞նչ բանի մէջ թերացան։ Ինչո՞ւ։

12 Իր խոստումին տէրը ըլլալով, Եհովա Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիրը առաջնորդեց։ Բայց ինչպէս Պօղոս առաքեալ հետագային բացատրեց, իրենց անհաւատութեան պատճառաւ այդ երկիրը իրապէս ‘հանգիստի’ տեղ մը չեղաւ իրենց համար։ Որպէս ժողովուրդ, անոնք ‘Աստուծոյ հանգիստը’ չմտան, քանի որ Ադամի ու Եւայի ստեղծագործութենէն ետք սկսած Աստուծոյ հանգիստի օրուան նպատակը չկրցան ըմբռնել եւ անոր հետ ներդաշնակ գործել։—Եբրայեցիս 4։3-10

13. Իր հոգեւոր ժառանգութիւնը չգնահատելով, Իսրայէլ որպէս ազգ ի՞նչ տուժեց։

13 Մարմնաւոր Իսրայէլը կրնար լման թիւը հայթայթել անոնց՝ որոնք որպէս քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը Մեսիայի հետ երկնքի Թագաւորութեան մասնակից պիտի ըլլային։ Բայց անոնք չգնահատեցին իրենց թանկարժէք ժառանգութիւնը։ Երբ Մեսիան եկաւ, մարմնաւոր Իսրայելացիներէն միայն մնացորդ մը ընդունեց զինք։ Որպէս հետեւանք, միայն պզտիկ թիւ մը նախագուշակուած քահանաներու թագաւորութեան մէջ առնուեցաւ։ Մարմնաւոր Իսրայէլէն Թագաւորութիւնը առնուեցաւ եւ ‘տրուեցաւ այն ազգին որ անոր պտուղ կը բերէր’։ (Մատթէոս 21։43) Ո՞վ է այդ ազգը։

Երկնքի Մէջ Ժառանգութիւն

14, 15. (ա) Յիսուսի մահուընէ ետք, ազգերը ի՞նչպէս սկսան իրենք զիրենք օրհնել Աբրահամի «սերունդով»։ (բ) «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի անդամները ի՞նչ ժառանգութիւն կը ստանան։

14 Այն ազգը, որու տրուեցաւ Թագաւորութիւնը՝ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը, հոգեւոր Իսրայէլն էր, որ Յիսուս Քրիստոսի 144,000 հոգիով օծուած հետեւորդներէն բաղկացած էր։ (Գաղատացիս 6։16. Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1-3) Այդ 144,000–էն ոմանք մարմնաւոր Հրեաներ էին, բայց մեծամասնութիւնը հեթանոսներէն եկած էին։ Այս կերպով, Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը, թէ իր «սերունդով» բոլոր ազգերը պիտի օրհնուէին, սկսաւ կատարուիլ։ (Գործք 3։25, 26. Գաղատացիս 3։8, 9) Այդ սկզբնական կատարման մէջ, ազգերէն եկած մարդիկը սուրբ հոգիով օծուեցան եւ Եհովա Աստուծոյ կողմէ որդեգրուեցան որպէս հոգեւոր որդիներ՝ Յիսուս Քրիստոսի եղբայրները։ Այս կերպով, անոնք ալ «սերունդ»ին երկրորդական մասը կազմեցին։—Գաղատացիս 3։28, 29

15 Իր մահուընէ առաջ, Յիսուս այդ նոր ազգին Հրեայ անդամներուն ներկայացուց նոր ուխտը, որ իր արիւնով պիտի վաւերացուէր։ Այդ վաւերական զոհին հանդէպ իրենց հաւատքին հիման վրայ, այդ ուխտին մէջ առնուողները «մշտնջենապէս կատարեալ» պիտի ըլլային։ (Եբրայեցիս 10։14-18) Անոնք կրնային ‘արդարացուիլ’ եւ՝ իրենց մեղքերը ներուիլ։ (Ա. Կորնթացիս 6։11) Ուստի, այդ առումով, անոնք Ադամին կը նմանին՝ անոր մեղանչելէն առաջ։ Սակայն ասոնք երկրային դրախտին մէջ պիտի չապրին։ Յիսուս ըսաւ որ անոնց համար տեղ մը պիտի պատրաստէր երկնքի մէջ։ (Յովհաննու 14։2, 3) Անոնք իրենց երկրային ակնկալութիւններէն ձեռք կը քաշեն, որպէսզի ‘երկինքը պահուած ժառանգութիւնը’ ունենան։ (Ա. Պետրոս 1։4) Անոնք ի՞նչ կ’ընեն հոն։ Յիսուս բացատրեց. «Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը»։—Ղուկաս 22։29

16. Օծեալ Քրիստոնեաներուն դիմաց ծառայութեան ի՞նչ սքանչելի նշանակում մը դրուած է։

16 Անոնք որոնք երկնքէն Քրիստոսի հետ պիտի իշխեն, ի միջի այլոց, երկրէն պիտի վերցնեն Եհովայի գերիշխանութեան դէմ եղող ըմբոստութեան բոլոր հետքերը։ (Յայտնութիւն 2։26, 27) Որպէս Աբրահամի հոգեւոր սերունդին երկրորդական մասը, մասնակից պիտի ըլլան կատարեալ կեանքի օրհնութիւնները բերելու բոլոր ազգերէն եղող մարդոց վրայ։ (Հռովմայեցիս 8։17-21) Անոնք ի՜նչ թանկարժէք ժառանգութիւն մը ունին։—Եփեսացիս 1։16-18

17. Օծեալ Քրիստոնեաները իրենց ժառանգութեան ո՞ր երեսակները կը վայելեն երկրի վրայ իրենց կեցութեան ընթացքին։

17 Բայց Յիսուսի օծեալ հետեւորդներուն ժառանգութիւնը միայն ապագայի համար չէ։ Յիսուս անոնց օգնեց որ Եհովան՝ միակ ճշմարիտ Աստուածը ճանչնան այնպիսի կերպով մը, որ ոեւէ՛ մէկը չէր կրնար ընել։ (Մատթէոս 11։27. Յովհաննու 17։3, 26) Խօսքով եւ օրինակով անոնց սորվեցուց թէ ի՛նչ կը նշանակէր ‘Եհովայի յուսալ’ եւ Եհովայի հանդէպ հնազանդութիւնը ի՛նչ կը պարփակէր։ (Եբրայեցիս 2։13. 5։7-9) Յիսուս անոնց վստահեցաւ Աստուծոյ նպատակին նկատմամբ ճշմարտութեան գիտութիւնը եւ հաւաստիացուց որ սուրբ հոգին պիտի օգնէր որ զայն աւելի լման կերպով հասկնային։ (Յովհաննու 14։24-26) Ան իրենց մտքին ու սրտին վրայ քանդակեց Աստուծոյ Թագաւորութեան կարեւորութիւնը։ (Մատթէոս 6։10, 33) Յիսուս անոնց տուաւ նաեւ Երուսաղէմի, Հրէաստանի, Սամարիայի եւ երկրի հեռաւոր մասերուն մէջ վկայելու եւ աշակերտելու նշանակումը։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Գործք 1։8

Թանկարժէք Ժառանգութիւն մը Մեծ Բազմութեան մը Համար

18. Աբրահամի «սերունդով» բոլոր ազգերը իրենք զիրենք օրհնելու Եհովայի խոստումը ի՞նչ կերպով կը կատարուի ներկայիս։

18 Հաւանական է որ հոգեւոր Իսրայէլի՝ Թագաւորութեան ժառանգորդներու «պզտիկ հօտ»ին, լման թիւը արդէն հաւաքուած է։ (Ղուկաս 12։32) Հիմա տասնեակ տարիներէ ի վեր, Եհովա իր ուշադրութիւնը դարձուցած է բոլոր ազգերէն եղող մեծ բազմութեան մը վրայ։ Այս կերպով, մեծ տարողութեամբ կատարուած է Աբրահամի տուած Եհովայի խոստումը, թէ բոլոր ազգերը իրենք զիրենք պիտի օրհնէին իր «սերունդով»։ Այս օրհնեալ անհատներն ալ ուրախութեամբ Եհովայի սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն եւ կ’ընդունին որ Աստուծոյ Գառնուկին՝ Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայելէն կախեալ է իրենց փրկութիւնը։ (Յայտնութիւն 7։9, 10) Այդ ուրախ խումբին մաս կազմելու Եհովայի ողորմած հրաւէրը ընդունա՞ծ էք։

19. Ներկայիս ազգերէն եկող ու օրհնուած անհատները ի՞նչ ժառանգութիւն կ’ակնկալեն։

19 Եհովա ի՞նչ թանկարժէք ժառանգութիւն մը կը մատուցանէ պզտիկ հօտէն չեղողներուն։ Անիկա երկնային ժառանգութիւն մը չէ։ Հապա այն ժառանգութիւնն է, որ Ադամ պիտի կարենար փոխանցել իր սերունդին. աստիճանաբար ամբողջ երկրագունդը ընդգրկող դրախտին մէջ, կատարելութեան մէջ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը։ Անիկա պիտի ըլլայ աշխարհ մը, որուն մէջ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ (Յայտնութիւն 21։4) Ուստի ձեզի է որ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը կ’ըսէ. «Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛. երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։ Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, . . . սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։3, 4, 10, 11, 29

20. «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչպէս օծեալ Քրիստոնեաներուն հոգեւոր ժառանգութենէն շատերը կը վայելեն։

20 Յիսուսի «ուրիշ ոչխարներ»ը, երկնային Թագաւորութեան երկրային ոլորտին մէջ ժառանգութիւն ունին։ (Յովհաննու 10։16ա) Թէեւ անոնք երկնքի մէջ պիտի չըլլան, բայց օծեալներուն վայելած հոգեւոր ժառանգութեան մեծ մասը իրենց պիտի փոխանցուի։ Օծեալներու հաւաքական մարմինին՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով է որ ուրիշ ոչխարները Աստուծոյ Խօսքին պարունակած թանկարժէք խոստումները կը հասկնան։ (Մատթէոս 24։45-47. 25։34) Օծեալներն եւ ուրիշ ոչխարները միասնաբար կը ճանչնան եւ կը պաշտեն Եհովան, միակ ճշմարիտ Աստուածը։ (Յովհաննու 17։20, 21) Անոնք միասնաբար շնորհակալութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ, Յիսուսի զոհին մեղք քաւող արժէքին համար։ Անոնք միասնաբար կը ծառայեն որպէս մէկ հօտ, մէկ Հովիւ՝ Յիսուս Քրիստոսի ներքեւ։ (Յովհաննու 10։16բ) Անոնք բոլորն ալ սիրալիր ու համերկրային մէկ եղբայրակցութեան մաս կը կազմեն։ Անոնք միասնաբար կը վայելեն Եհովայի եւ իր Թագաւորութեան Վկաները ըլլալու առանձնաշնորհումը։ Այո, եթէ դուք Եհովայի նուիրուած եւ մկրտուած ծառայ մըն էք, այս բոլորը ձեր հոգեւոր ժառանգութեան մաս կը կազմեն։

21, 22. Բոլորս ալ ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ մեր հոգեւոր ժառանգութեան վրայ կը գուրգուրանք։

21 Այս հոգեւոր ժառանգութիւնը ո՞րքան թանկարժէք է ձեզի համար։ Զայն բաւական արժէքաւոր կը նկատէ՞ք որ Աստուծոյ կամքը կատարելը ձեր կեանքին կարեւորագոյն բանը դարձնէք։ Որպէս ապացոյց, քրիստոնէական ժողովքի բոլոր հանդիպումներուն կանոնաւորաբար յաճախելու մասին իր Խօսքին ու կազմակերպութեան տուած խրատներուն կ’անսա՞ք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Այդ ժառանգութիւնը այնքան արժէքաւո՞ր է ձեզի համար որ հակառակ դժուարութիւններու շարունակէք ծառայել Աստուծոյ։ Անոր հանդէպ ձեր գնահատութիւնը բաւարար զօրաւո՞ր է որ ընդդիմանաք որեւէ ընթացքի, որու հետեւիլը կրնայ զայն կորսնցնելու առաջնորդել։

22 Թող որ բոլորս ալ Աստուծոյ մեզի տուած ժառանգութեան վրայ գուրգուրանք։ Մինչ մեր աչքերը սեւեռած կը պահենք մեր դիմաց եղող Դրախտին վրայ, հիմա Եհովայի մեզի շնորհած հոգեւոր ժառանգութեան մէջ լիարժէք մասնակցութիւն բերենք։ Մեր կեանքը իրապէս Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան շուրջ կերտելով, համոզիչ ապացոյց մը կու տանք թէ Աստուծոյ մեզի տուած ժառանգութիւնը իրապէս շա՛տ թանկագին է։ Կը մաղթենք որ մենք ալ ըլլանք անոնց մէջ, որոնք կ’աղաղակեն. «Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ»։—Սաղմոս 145։1

Ի՞նչպէս պիտի բացատրէիք

• Եթէ Ադամ Աստուծոյ հաւատարիմ մնար, ի՞նչ ժառանգութիւն փոխանցած պիտի ըլլար մեզի։

• Աբրահամի սերունդը ի՞նչպէս վարուեցաւ իրեն մատչելի եղող ժառանգութեան հետ։

• Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն ժառանգութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Մեծ բազմութեան ժառանգութիւնը ի՞նչ է, եւ անոնք ի՞նչպէս կրնան ցոյց տալ որ իրապէս կը գնահատեն զայն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20]

Աբրահամի սերունդը թանկարժէք ժառանգութեան մը խոստումը ստացաւ

[Նկարներ՝ էջ 23]

Ձեր հոգեւոր ժառանգութիւնը կը գնահատէ՞ք