Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի մտավիճակը արտացոլացնե՛նք

Քրիստոսի մտավիճակը արտացոլացնե՛նք

Քրիստոսի մտավիճակը արտացոլացնե՛նք

«Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը տայ որ Քրիստոս Յիսուսին ունեցած մտավիճակը ունենաք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15։5, ՆԱ

1. Անհատի մը կեանքը ի՞նչպէս կրնայ ազդուիլ իր ունեցած վերաբերմունքէն։

ԱՆՀԱՏԻ մը վերաբերմունքը մեծ տարբերութիւն կ’ընէ կեանքի մէջ։ Անփոյթ կամ ջանասէր, կռուասէր կամ համագործակցող, գանգատող կամ երախտապարտ վերաբերմունք մը կրնայ մեծապէս ազդել թէ անհատ մը ի՛նչպէս կը հակազդէ կացութիւններու, եւ թէ ուրիշներ ինչպէս կը վարուին իրեն հետ։ Լաւ վերաբերմունքը անհատ մը ուրախ կը պահէ, նոյնիսկ շատ դժուար կացութիւններու մէջ։ Իսկ վատ վերաբերմունք ունեցողին համար ամէ՛ն բան սխալ է, նոյնիսկ երբ՝ անաչառօրէն դիտուած՝ իր կեանքին մէջ ամէն բան լաւ է։

2. Անհատ մը ի՞նչպէս կը սորվի վերաբերմունք։

2 Վերաբերմունքը՝ լաւ կամ վատ՝ կարելի է սորվիլ։ Իրականութեան մէջ, զայն պէ՛տք է սորվինք։ Նորածին մանուկի մը մասին խօսելով, Գոլիէրի Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Վերջապէս ի՛նչ վերաբերմունք որ ունենայ՝ պէտք է ձեռք ձգած կամ սորված ըլլայ, ճիշդ ինչպէս որ լեզու մը կամ որեւէ բան պէտք է ձեռք ձգէ կամ սորվի»։ Վերաբերմունքը ի՞նչպէս կը սորվինք։ Մինչ շատ բան կը նպաստէ անոր, բայց միջավայրը եւ ընկերակցութիւնը շատ մեծ ազդեցութիւն ունին։ Վերոյիշեալ համայնագիտարանը կը նշէ. «Ներմղումի նման՝ մեզի հետ սերտօրէն ընկերակցող անհատներուն վերաբերմունքը կը սորվինք կամ կ’իւրացնենք»։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը նոյնանման բան մը ըսաւ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։—Առակաց 13։20. Ա. Կորնթացիս 15։33

Պատշաճ Վերաբերմունքի Նմոյշ մը

3. Ո՞վ օրինակելի վերաբերմունք մը ունէր, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։

3 Ինչպէս միւս բոլոր բաներուն մէջ, Յիսուս Քրիստոս վերաբերմունքի հարցին մէջ ալ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Ան ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։ (Յովհաննու 13։15) Յիսուսի նման ըլլալու համար, նախ պէտք է իր մասին սորվինք։ * Յիսուսի կեանքը կ’ուսումնասիրենք, Պետրոս առաքեալի յանձնարարածը ընելու մտադրութեամբ. «Այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Մեր նպատակն է կարելի եղածին չափ Յիսուսի նմանիլ։ Անիկա իր մէջ կը պարփակէ իր մտավիճակը մշակել։

4, 5. Հռովմայեցիս 15։1-3–ի մէջ, Յիսուսի մտավիճակին ո՞ր երեսակը շեշտուած է, եւ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան ընդօրինակել զինք։

4 Քրիստոս Յիսուսի մտավիճակը ունենալուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։ Հռովմէացիներուն գրած Պօղոսի նամակին 15–րդ գլուխը մեզի կ’օգնէ որ այդ հարցումին պատասխանենք։ Այս գլուխին առաջին քանի մը համարներուն մէջ, Պօղոս Յիսուսի աչքառու մէկ յատկութեան կ’ակնարկէ, երբ կ’ըսէ. «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար, հապա մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ։ Քանզի Քրիստոս ալ ո՛չ թէ իր անձին հաճոյ եղաւ, հապա ինչպէս գրուած է՝ ‘Քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան’»։—Հռովմայեցիս 15։1-3

5 Յիսուսի վերաբերմունք ընդօրինակելով, Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ խոնարհութեամբ ուրիշներու կարիքներուն ծառայեն, փոխանակ միայն իրենց անձը հաճեցնելու։ Արդարեւ, ուրիշներուն ծառայելու այսպիսի խոնարհ կամեցողութիւն «զօրաւոր» եղողներու յատկանիշներէն մէկն է։ Յիսուս որ ապրած բոլոր մարդոցմէ աւելի զօրաւոր էր հոգեւորապէս, ինքն իր մասին ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Որպէս Քրիստոնեաներ, մենք ալ կը փափաքինք ուրիշներուն օգնել, ի ներառեալ՝ «տկարներուն»։

6. Ի՞նչ կերպով կրնանք ընդօրինակել հակառակութեան եւ նախատինքի հանդէպ Յիսուսի հակազդեցութիւնը։

6 Ուրիշ գեղեցիկ յատկանիշ մը որ Յիսուս յայտնաբերեց՝ միշտ դրական եղող խորհուրդի ու արարքի օրինակ մըն էր։ Ան բնա՛ւ թոյլ չտուաւ որ ուրիշներու ժխտական վերաբերմունքը, Աստուծոյ ծառայելու իր գեղեցիկ կեցուածքին ազդէր. մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Երբ Աստուած հաւատարմաբար պաշտելուն համար նախատուեցաւ ու հալածուեցաւ, Յիսուս համբերութեամբ տոկաց՝ առանց գանգատելու։ Ան գիտէր թէ անոնք որոնք կը ջանան ‘շինութեան համար իրենց ընկերին հաճոյ ըլլալ’՝ հակառակութիւն պիտի ակնկալեն անհաւատ եւ անհասկացող աշխարհէն։

7. Յիսուս ի՞նչպէս համբերութիւն ցոյց տուաւ, իսկ մենք ինչո՞ւ պէտք է նոյնը ընենք։

7 Յիսուս ուրիշ կերպերով ալ պատշաճ վերաբերմունք ցոյց տուաւ։ Ան բնաւ Եհովայի հանդէպ անհամբեր չգտնուեցաւ, այլ համբերութեամբ սպասեց Իր նպատակներուն գործադրման։ (Սաղմոս 110։1. Մատթէոս 24։36. Գործք 2։32-36. Եբրայեցիս 10։12, 13) Ասկէ զատ, Յիսուս բնաւ անհամբեր չէր իր հետեւորդներուն նկատմամբ։ Անոնց ըսաւ. «Ինծմէ սորվեցէք». քանի որ ինք «հեզ» էր, իր հրահանգները կերտիչ եւ հանգստացուցիչ էին։ Իսկ քանի որ «խոնարհ» էր, ան բնաւ գոռոզ կամ յաւակնոտ չէր։ (Մատթէոս 11։29) Պօղոս մեզ կը քաջալերէ որ Յիսուսի ունեցած վերաբերմունքին այս երեսակները ընդօրինակենք, երբ կ’ըսէ. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը [«մտավիճակը», ՆԱ] թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով»։—Փիլիպպեցիս 2։5-7

8, 9. (ա) Ինչո՞ւ ոչ–անձնասէր վերաբերմունք մը մշակելու համար պէտք է աշխատինք։ (բ) Եթէ Յիսուսի ձգած օրինակին հետեւելու մէջ թերանանք, ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատինք. Պօղոս ի՞նչպէս լաւ օրինակ մըն էր այս ուղղութեամբ։

8 Դիւրին է ըսել որ կը փափաքինք ուրիշներուն ծառայել եւ անոնց կարիքները մերիններէն առաջ դասել։ Բայց պարկեշտօրէն քննելով մեր մտավիճակը, կրնայ յայտնուիլ որ մեր սիրտը այդ հակումը լման կերպով չունի։ Ինչո՞ւ։ Նախ՝ մենք Ադամէն ու Եւայէն անձնասիրութիւն ժառանգած ենք. երկրորդ՝ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ անձնասիրութիւն կը քաջալերէ։ (Եփեսացիս 4։17, 18) Ոչ–անձնասէր վերաբերմունք մը զարգացնել յաճախ կը նշանակէ մեր բնածին անկատար բնոյթին հակառակ մտածելակերպ մը մշակել։ Ասիկա վճռակամութիւն եւ ջանք կը պահանջէ։

9 Մեր բացայայտ անկատարութիւնը, Յիսուսի ձգած կատարեալ օրինակին ճիշդ հակառակը ըլլալով, երբեմն պատճառ կ’ըլլայ որ յուսահատինք։ Նոյնիսկ կրնանք կասկածիլ որ Յիսուսի ունեցած մտավիճակը ունենալը որեւէ կերպով կարելի է։ Բայց նկատի առէք Պօղոսի քաջալերական խօսքերը. «Գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասն զի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ Վասն զի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է»։ (Հռովմայեցիս 7։18, 19, 22, 23) Ճիշդ է որ Պօղոսի անկատարութիւնը կրկին անգամ արգելք հանդիսացաւ որ իր փափաքած չափով Աստուծոյ կամքը կատարէր, բայց իր վերաբերմունքը՝ Եհովայի ու իր ճամբաներուն մասին իր խորհած ու զգացած կերպը՝ օրինակելի էր։ Մենք ալ կրնանք նոյն վերաբերմունքը ունենալ։

Սխալ Վերաբերմունքները Սրբագրենք

10. Պօղոս Փիլիպպեցիները քաջալերեց որ ի՞նչպիսի մտավիճակ ունենան։

10 Կրնա՞յ ըլլալ որ անհատ մը սխալ վերաբերմունք մը սրբագրելու կարիքը ունենայ։ Այո՛։ Այս էր պարագան առաջին դարու կարգ մը ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն։ Փիլիպպեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս շիտակ կեցուածք ունենալու մասին խօսեցաւ։ Ան գրեց. «Ոչ թէ ես արդէն առեր եմ [աւելի կանուխ յարութեամբ երկնային կեանքը], կամ արդէն կատարեալ եղեր եմ, հապա ետեւէն ինկած եմ որ բռնեմ մրցանակը, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէն։ Եղբա՛յրներ, ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. Նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ։ Ուստի մենք ամէնքս՝ որ կատարեալ ենք՝ ասիկա խորհինք [«մենք՝ որ հասուն ենք, այս մտավիճակը ունենանք», ՆԱ]»։—Փիլիպպեցիս 3։12-15

11, 12. Եհովա ի՞նչ կերպով պատշաճ վերաբերմունքը կը յայտնէ մեզի։

11 Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան որ այն Քրիստոնեան որ յառաջդիմելու կարիքը չի զգար՝ անոր վերաբերմունքը սխալ է։ Ան Քրիստոսի մտավիճակը որդեգրելու մէջ թերացած է։ (Եբրայեցիս 4։11. Բ. Պետրոս 1։10. 3։14) Այսպիսի անհատներուն վիճակը անյո՞յս է։ Բնա՛ւ երբեք։ Եթէ մենք իրապէ՛ս կ’ուզենք՝ Աստուած կրնայ օգնել որ մեր վերաբերմունքը փոխենք։ Պօղոս կը շարունակէ ըսել. «Եթէ բան մը ուրիշ կերպով խորհելու ըլլաք, զայն ալ Աստուած ձեզի պիտի յայտնէ»։—Փիլիպպեցիս 3։15

12 Սակայն, եթէ կը փափաքինք որ Եհովա յայտնէ մեզի թէ ի՛նչ է պատշաճ վերաբերմունքը, պէտք է մենք մեր բաժինը ընենք։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած քրիստոնէական գրականութիւններուն օգնութեամբ Աստուծոյ Խօսքը աղօթարար վերաբերմունքով ուսումնասիրելը, ‘բան մը ուրիշ կերպով խորհողներուն’ պիտի օգնէ որ պատշաճ վերաբերմունք մշակեն։ (Մատթէոս 24։45) «Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու» համար, սուրբ հոգիով նշանակուած Քրիստոնեայ երէցները ուրախութեամբ օգտակար պիտի ըլլան ձեզի։ (Գործք 20։28) Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովա մեր անկատարութիւնները հաշուի կ’առնէ եւ սիրալիր կերպով օգնութիւն կ’առաջարկէ։ Թող որ ընդունի՛նք զայն։

Ուրիշներէն Սորվինք

13. Աստուածաշունչի Յոբի պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք պատշաճ վերաբերմունքի մասին։

13 Հռովմայեցիս 15–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս ցոյց կու տայ որ պատմական օրինակներուն մասին խորհիլը կ’օգնէ որ վերաբերմունքը վերաճշդենք։ Ան կը գրէ. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Եհովայի վաղեմի հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք իրենց վերաբերմունքին որոշ երեսակները սրբագրելու հարկը տեսան։ Յոբ, զոր օրինակ, ընդհանուր առմամբ լաւ կեցուածք մը ունէր։ Ան երբեք չար բան մը չվերագրեց Եհովայի, եւ որեւէ ատեն թոյլ չտուաւ որ իր տառապանքը Աստուծոյ վրայ իր ունեցած վստահութիւնը խախտէ։ (Յոբայ 1։8, 21, 22) Բայց ան ինքզինք արդարացնելու հակումը ունեցաւ։ Յոբի այս հակումը սրբագրելու համար Եհովա Եղիուսը ղրկեց։ Փոխանակ նախատուած զգալու, Յոբ ընդունեց սրբագրել իր վերաբերմունքը եւ զայն ընելու համար անմիջապէս գործի անցաւ։—Յոբայ 42։1-6

14. Երբ մեր վերաբերմունքին համար խրատուինք, ի՞նչպէս կրնանք Յոբի նման ըլլալ։

14 Եթէ Քրիստոնեայ հաւատակից մը ազնուութեամբ մեր ուշադրութեան յանձնէր որ սխալ վերաբերմունք մը ունինք, Յոբի նման պիտի հակազդէի՞նք։ Յոբի նման, թող որ ‘Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չընենք’։ (Յոբայ 1։22) Եթէ անիրաւօրէն տառապինք, մեր դժուարութիւններուն համար բնաւ չգանգատինք եւ Եհովան պատասխանատու չբռնենք։ Բնաւ մենք մեզ չփորձենք արդարացնել, յիշելով որ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր առանձնաշնորհումները ի՛նչ որ ալ ըլլան՝ մենք տակաւին «անպիտան ծառաներ» ենք։—Ղուկաս 17։10

15. (ա) Յիսուսի հետեւորդներէն ոմանք ի՞նչ սխալ վերաբերմունք մը ունեցան։ (բ) Պետրոս ի՞նչպէս լաւ վերաբերմունք մը ցոյց տուաւ։

15 Առաջին դարուն, Յիսուսի մտիկ ընողներէն ոմանք անպատշաճ վերաբերմունք ցոյց տուին։ Առիթով մը Յիսուս բան մը ըսաւ որ դժուար էր հասկնալ։ Որպէս հետեւանք, «աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. ‘Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել’»։ Անոնք որոնք այս կերպով արտայայտուեցան, պարզ էր որ իրենց վերաբերմունքը սխալ էր։ Իսկ ասիկա պատճառ եղաւ որ անոնք Յիսուսի մտիկ ընելէն դադրին։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտիր»։ Բոլո՞րն ալ սխալ վերաբերմունք ունէին։ Ո՛չ. արձանագրութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Այն ատեն Յիսուս տասներկուքին ըսաւ. ‘Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ’։ Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ անոր. ‘Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս’»։ (Յովհաննու 6։61, 67-69) Ի՜նչ գեղեցիկ վերաբերմունք մը։ Երբ նախապէս դժուար հասկցուած կարգ մը համարներու մասին բացատրութիւններ կամ բարեճշդումներ տրուին, լաւ պիտի չըլլա՞յ Պետրոսի վերաբերմունքը ունենալ։ Որքա՜ն անմտութիւն պիտի ըլլար Եհովայի ծառայելէ ետ կենալ, կամ «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»ին դէմ արտայայտուիլ, պարզ անոր համար որ կարգ մը բաներ հասկնալու դժուարութիւն ունեցանք սկիզբը։—Բ. Տիմոթէոս 1։13

16. Յիսուսի օրուան Հրեայ կրօնական առաջնորդները ի՞նչ ցնցիչ վերաբերմունք ցոյց տուին։

16 Առաջին դարու Հրեայ կրօնական առաջնորդները Յիսուսի ունեցած մտավիճակը ցոյց չտուին։ Յիսուսի մտիկ չընելու իրենց վճռական որոշումը ցոյց տրուեցաւ, երբ ան Ղազարոսը յարուցանեց մեռելներէն։ Շիտակ վերաբերմունք ունեցող ոեւէ մէկու համար, այդ հրաշքը իսկական փաստ մը պիտի ըլլար թէ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր։ Սակայն կը կարդանք. «Քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. ‘Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը’»։ Ի՞նչ որոշեցին։ «Այն օրէն յետոյ որոշեցին, որ սպաննեն զանիկա»։ Յիսուսը սպաննելու դաւ մը լարելէն զատ, իր հրաշագործ ըլլալու կենդանի ապացոյցն ալ ուզեցին փճացնել։ «Քահանայապետները խորհուրդ ըրին, որ Ղազարոսն ալ մեռցնեն»։ (Յովհաննու 11։47, 48, 53. 12։9-11) Որքա՜ն նողկալի, այո, ո՛րքան վտանգաւոր պիտի ըլլայ, եթէ նման վերաբերմունք մը ունենանք եւ բարկանանք կամ ընդվզինք այն բաներուն համար, որոնց վրայ իրապէս պէտք է ուրախանանք։

Քրիստոսի Դրական Վերաբերմունքը Ընդօրինակենք

17. (ա) Ի՞նչ պարագաներու ներքեւ Դանիէլ անվախ վերաբերմունք մը ցոյց տուաւ։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս քաջութիւն ցոյց տուաւ։

17 Եհովայի ծառաները դրական վերաբերմունք մը կը պահպանեն։ Երբ Դանիէլի թշնամիները դաւադրութեամբ օրէնք մը հանել տուին որ 30 օր թագաւորէն զատ ոեւէ աստուծոյ կամ մարդու աղօթք մատուցանելը արգիլուէր, Դանիէլ գիտցաւ որ անիկա Եհովա Աստուծոյ հետ իր յարաբերութեան արգելք պիտի հանդիսանար։ Ան 30 օր Աստուծոյ աղօթելէ ե՞տ պիտի կենար։ Ո՛չ. ան շարունակեց անվախօրէն օրական երեք անգամ աղօթել Եհովայի, ըստ իր սովորութեան։ (Դանիէլ 6։6-17) Յիսուս ալ իր թշնամիներէն չվախցաւ։ Շաբաթ օր մը ան մարդու մը հանդիպեցաւ որու ձեռքը չորցած էր։ Յիսուս գիտէր որ Շաբաթ օրով անհատ մը բուժելը հոն գտնուող Հրեաներէն շատերուն հաճելի պիտի չըլլար։ Ան շեշտակի հարցում մը հարցուց որպէսզի այս հարցին մասին իրենց կարծիքը տան։ Երբ անոնք չուզեցին պատասխանել, Յիսուս բուժեց մարդը։ (Մարկոս 3։1-6) Յիսուս բնա՛ւ իր պաշտօնը կատարելէն ետ չէր կենար երբ զգար որ ըրածը շիտակ էր։

18. Ոմանք ինչո՞ւ կը հակառակին մեզի, բայց մենք ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք անոնց ժխտական կեցուածքին։

18 Ներկայիս Եհովայի Վկաներն ալ կը գիտակցին որ հակառակորդներուն ժխտական կեցուածքէն բնաւ պէտք չէ վախնան։ Ապա թէ ոչ, Յիսուսի մտավիճակը ցուցաբերած պիտի չըլլան։ Շատեր կը հակառակին Եհովայի Վկաներուն. ոմանք քանի որ իրողութիւններէն տեղեակ չեն, իսկ ուրիշներ՝ քանի որ կ’ատեն Վկաները եւ անոնց պատգամը։ Բայց բնա՛ւ թոյլ չտանք որ անոնց անբարեկամական ընթացքը մեր դրական կեցուածքին ազդէ։ Բնա՛ւ թոյլ պէտք չէ տանք որ ուրիշներ մեզի ըսեն թէ ի՛նչպէս պէտք է պաշտենք։

19. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուս Քրիստոսի նման մտավիճակ մը ցուցաբերել։

19 Յիսուս մի՛շտ դրական մտավիճակ մը ցուցաբերեց իր հետեւորդներուն, եւ Աստուծոյ կարգադրութիւններուն հանդէպ, ո՛րքան ալ դժուար ըլլար այդպէս ընելը։ (Մատթէոս 23։2, 3) Պէտք է զինք ընդօրինակենք։ Կ’ընդունինք որ մեր եղբայրները անկատար են, բայց մե՛նք ալ նոյնն ենք։ Իսկ մեր համաշխարհային եղբայրակցութենէն դուրս, ո՞ւր կրնանք աւելի լաւ ընկերներ եւ իրապէս հաւատարիմ բարեկամներ գտնել։ Եհովա տակաւին մեզի ամբողջական հասկացողութիւն տուած չէ իր գրաւոր Խօսքին մասին, բայց կրօնական ո՞ր խումբը մեզմէ լաւ կը հասկնայ։ Թող որ մի՛շտ շիտակ մտավիճակ մը պահենք, մտավիճակ մը որ Յիսուս Քրիստոս ունէր։ Ի միջի այլոց, ասիկա կը պարփակէ գիտնալ թէ ի՛նչպէս կրնանք Եհովայի սպասել, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Գրականութիւն մը՝ Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մասին կը խօսի։

Կրնա՞ք բացատրել

• Մեր վերաբերմունքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի մեր կեանքին վրայ։

• Յիսուս Քրիստոսի մտավիճակը նկարագրեցէք։

• Յոբի վերաբերմունքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

• Հակառակութեան դիմաց, շիտակ վերաբերմունքը ի՞նչ է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 7]

Շիտակ վերաբերմունք ունեցող Քրիստոնեան կը ցանկայ ուրիշներուն օգնել

[Նկարներ՝ էջ 9]

Աղօթարար կերպով Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը մեզի կ’օգնէ որ Քրիստոսի մտավիճակը որդեգրենք