Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խոնարհ Յովսիան Եհովայի հաճութիւնը ունէր

Խոնարհ Յովսիան Եհովայի հաճութիւնը ունէր

Խոնարհ Յովսիան Եհովայի հաճութիւնը ունէր

ՅՈՒԴԱՅԻ հինգ տարեկան Յովսիա Իշխանը վախի մէջ ըլլալու է։ Իր մայրը Յեդիդա կ’ողբայ։ Յեդիդա ողբալու պատճառ ունի, քանի որ Յովսիայի մեծ հայրը՝ Մանասէ Թագաւորը՝ մեռած է։—Դ. Թագաւորաց 21։18

Այժմ, Յովսիայի հայրը՝ Ամոնը պիտի ըլլար Յուդայի թագաւորը։ (Բ. Մնացորդաց 33։20) Երկու տարի ետք (Հ.Դ.Ա. 659), Ամոն կը սպաննուի իր ծառաներուն կողմէ։ Ժողովուրդը դաւադիրները կը սպաննէ եւ մանուկ Յովսիան թագաւոր կ’ընէ։ (Դ. Թագաւորաց 21։24. Բ. Մնացորդաց 33։25) Ամոնի իշխանութեան ընթացքին, Յովսիա խունկի հոտով լեցուն Երուսաղէմի օդին վարժ էր, շատ մը տանիքներու վրայ դրուած խունկի սեղաններուն պատճառաւ, ուր մարդիկ չաստուածներու երկրպագութիւն կ’ընէին։ Հեթանոս քուրմեր ամէն տեղ կը շրջագայէին, իսկ հաւատացեալներ՝ նոյնիսկ Եհովան պաշտել դաւանողներ՝ Մեղքոմ չաստուծոյն անունով երդում կ’ընէին։—Սոփոնեայ 1։1, 5

Յովսիա գիտէ թէ Ամոն չարութիւն գործեց չաստուածներ պաշտելով։ Յուդայի դեռատի թագաւորը նաեւ կը սկսի Աստուծոյ մարգարէին Սոփոնիայի ծանուցումները աւելի լաւ հասկնալ։ Երբ Յովսիա 15 տարեկան կ’ըլլայ (Հ.Դ.Ա. 652), ան իր իշխանութեան ութերորդ տարին կը թեւակոխէ եւ կը վճռէ Սոփոնիայի խօսքերուն հնազանդիլ։ Իր պատանի հասակին մէջ, Յովսիա կը սկսի Եհովան փնտռել։—Բ. Մնացորդաց 33։21, 22. 34։3

Յովսիա Գործի կը Լծուի

Չորս տարի կ’անցնի եւ Յովսիա կը սկսի Յուդան եւ Երուսաղէմը սուտ կրօնքէն մաքրել (Հ.Դ.Ա. 648)։ Ան կը քանդէ կուռքերը, սրբազան ցիցերը եւ Բահաղի պաշտամունքին համար գործածուած խունկի սեղանները։ Չաստուածներու արձանները փոշիի կը վերածուին, ապա զոհ մատուցանողներու գերեզմաններուն վրայ կը ցանուին։ Պիղծ պաշտամունքի համար գործածուած սեղանները կ’անարգուին, ապա կը բնաջնջուին։—Դ. Թագաւորաց 23։8-14

Յովսիայի մաքրագործութիւնը իր զենիթին կը հասնի երբ Երեմիա՝ Ղեւտացի քահանայի մը որդին, Երուսաղէմ կու գայ (Հ.Դ.Ա. 647)։ Եհովա Աստուած երիտասարդ Երեմիան նշանակած է որպէս իր մարգարէն, իսկ ան սուտ կրօնքի դէմ Եհովայի պատգամը ուժգին կերպով կը ծանուցանէ։ Պատանի Յովսիա թագաւորը գրեթէ Երեմիայի տարիքը ունէր։ Սակայն, հակառակ Յովսիայի քաջարի մաքրագործութեան եւ Երեմիայի խիզախ ծանուցումներուն, ժողովուրդը շուտով սուտ պաշտամունքի կը վերադառնայ։—Երեմեայ 1։1-10

Թանկարժէք Յայտնաբերում մը

Շուրջ հինգ տարի կ’անցնի։ Քսանհինգ տարեկան Յովսիայի իշխանութեան 18–րդ տարին է։ Ան կը կանչէ Սափան դպիրը, քաղաքին իշխանը՝ Մաասիան եւ յիշատակներու դպիրը՝ Յովաքը։ Թագաւորը Սափանին կը հրամայէ. ‘Քեղկիա քահանայապետին ըսէ՛ որ առնէ այն դրամը, զոր տաճարի դրան պահապանները ժողովուրդէն հաւաքեցին, եւ զայն բանուորներուն տայ, որպէսզի անոնք Եհովայի տունը նորոգեն’։—Դ. Թագաւորաց 22։3-6. Բ. Մնացորդաց 34։8

Առտու կանուխ, տաճարը նորոգողները ժրաջանութեամբ գործի կը լծուին։ Վստահաբար, Յովսիա երախտապարտ է Եհովայի, որ բանուորները իր ամբարիշտ նախահայրերէն ոմանց Աստուծոյ տան հասցուցած վնասները կը նորոգեն։ Մինչ աշխատանքը կը յառաջանայ, Սափանը լուր մը կը բերէ։ Ի՞նչ լուր։ Ան իր ձեռքին մէջ գալար մը ունի։ Ան կը բացատրէ թէ Քեղկիա քահանայապետը ‘Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտած է’։ (Բ. Մնացորդաց 34։12-18) Ի՜նչ յայտնաբերում մը. անկասկա՛ծ, Օրէնքին հարազատ բնագիրն էր անիկա։

Յովսիա անհամբեր է լսելու գրքին բոլոր խօսքերը։ Մինչ Սափան կը կարդայ, թագաւորը կը ջանայ տեսնել թէ իւրաքանչիւր պատուէր ի՛նչպէս կը կիրարկուի իրեն եւ ժողովուրդին։ Մանաւանդ, ան կը տպաւորուի թէ գիրքը որքա՛ն շեշտ կը դնէ ճշմարիտ պաշտամունքի վրայ, եւ կը նախատեսէ այն պատուհասները եւ գերութիւնը, որոնք պիտի պատահէին եթէ ժողովուրդը սուտ կրօնքի միջամուխ ըլլար։ Այժմ, նկատելով թէ Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները չեն գործադրուած, Յովսիա իր հանդերձները կը պատռէ եւ Քեղկիայի, Սափանի, եւ միւսներուն հրաման կու տայ, ըսելով. ‘Այս գրքերուն խօսքերուն վրայով Եհովայի հարցուցէ՛ք. քանզի մեր վրայ Եհովայի մեծ բարկութիւնը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գրքին խօսքերուն չհնազանդեցան’։—Դ. Թագաւորաց 22։11-13. Բ. Մնացորդաց 34։19-21

Եհովայի Խօսքը կը Մեկնուի

Յովսիայի պատգամաւորները Երուսաղէմի մէջ եղող Ողդա մարգարէուհիին կ’երթան եւ անկէ տեղեկագրութիւն կը բերեն։ Ողդա Եհովայի խօսքը կը մեկնէ, ցոյց տալով թէ նոր գտնուած գրքին մէջ արձանագրուած աղէտները այս հաւատուրաց ազգին վրայ պիտի գան։ Սակայն, Եհովա Աստուծոյ առջեւ խոնարհելուն պատճառաւ, Յովսիա այդ չարիքէն պիտի խնայուի։ Ան իր հայրերուն պիտի խառնուի եւ խաղաղութեամբ իր գերեզմանը պիտի իջնէ։—Դ. Թագաւորաց 22։14-20. Բ. Մնացորդաց 34։22-28

Կրնա՞յ ըսուիլ թէ Ողդայի մարգարէութիւնը շիտակ ելաւ, երբ Յովսիա պատերազմի մէջ մեռաւ։ (Դ. Թագաւորաց 23։28-30) Այո՛, քանի որ Յուդայի վրայ գալիք «չարիք»ին հակառակը, ինք «խաղաղութեամբ» իր գերեզմանը իջաւ։ (Դ. Թագաւորաց 22։20. Բ. Մնացորդաց 34։28) Յովսիա մահացաւ Հ.Դ.Ա. 609-607–ի աղէտէն՝ Բաբելոնացիները Երուսաղէմը պաշարելէն եւ կործանելէն՝ առաջ։ Իսկ ‘հայրերուն հետ խառնուիլը’ անպայմանօրէն չի նշանակեր վայրագ մահէ զերծ ըլլալ։ Նոյն արտայայտութիւնը գործածուած է վայրագ եւ ոչ–վայրագ մահերու կապակցաբար։—Բ. Օրինաց 31։16. Գ. Թագաւորաց 2։10. 22։34, 40

Ճշմարիտ Պաշտամունքը կը Ծաւալի

Յովսիա Երուսաղէմի ժողովուրդը կը հաւաքէ եւ Եհովայի տանը մէջ գտնուած «ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը» անոնց առջեւ կը կարդայ։ Ապա ուխտ մը կ’ընէ «որ այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը հաստատելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ»։ Բոլոր ժողովուրդը ուխտին հաւանութիւն կու տայ։—Դ. Թագաւորաց 23։1-3

Այժմ, Յովսիա Թագաւորը կռապաշտութեան դէմ ուրիշ, եւ ըստ երեւոյթին, աւելի ուժգին արշաւի մը կը ձեռնարկէ։ Յուդայի մէջ օտար չաստուածներու քուրմերը անգործ կը մնան։ Անմաքուր պաշտամունքի միջամուխ եղած Ղեւտացի քահանաներ, Եհովայի սեղանին քով ծառայելու իրենց առանձնաշնորհումը կը կորսնցնեն, եւ Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին կառուցուած բարձր տեղերը պաշտամունքի անյարմար կը նկատուին։ Մաքրագործումը նաեւ կը պարփակէ նախկին Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան հողամասը, որ նախապէս կործանած էր Ասորեստանցիներու կողմէ (Հ.Դ.Ա. 740)։

300 տարիներ առաջ, անունը չյիշուած «Աստուծոյ մարդ»ուն կողմէ խօսուած խօսքերուն առ ի կատարում, Յովսիա Բեթէլի մէջ Յերոբովամ Ա. Թագաւորին շինած սեղանին վրայ, Բահաղի քուրմերուն ոսկորները կ’այրէ։ Հոն եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ եղող բարձր տեղերը կը վերցուին, իսկ քուրմերը կը մորթուին իրենց իսկ ծառայած բագիններուն վրայ։—Գ. Թագաւորաց 13։1-4. Դ. Թագաւորաց 23։4-20

Մեծ Զատիկ մը կը Տօնակատարուի

Աստուած զօրավիգ կը կանգնի ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղելու Յովսիայի կատարած արարքներուն։ Իր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ, թագաւորը փառք կու տայ Աստուծոյ որ ժողովուրդը ‘իր հայրերուն Եհովա Աստուծմէն չխոտորեցաւ’։ (Բ. Մնացորդաց 34։33) Իսկ Յովսիա ի՞նչպէս կրնայ մոռնալ այն սքանչելի միջադէպը, որ տեղի ունեցաւ իր իշխանութեան 18–րդ տարին։

Թագաւորը ժողովուրդին կը պատուիրէ. «Ձեր Տէր Աստուծոյն զատիկը կատարեցէք, ինչպէս այս [վերջերս գտնուած] ուխտի գրքին մէջ գրուած է»։ (Դ. Թագաւորաց 23։21) Յովսիա կ’ուրախանայ, տեսնելով անոնց նպաստաւոր ընդառաջումը։ Այս տօնակատարութեան համար, ան անձամբ 30,000 զատկի անասուններ եւ 3,000 արջառ կը պարգեւէ։ Ասիկա ի՜նչ ուշագրաւ Պասեք մըն էր։ Իր զոհերով, լաւ ծրագրուած կարգադրութիւններով, եւ երկրպագուներու թիւով, ասիկա Սամուէլ մարգարէի օրերէն ի վեր տօնակատարուած բոլոր Պասեքները կը գերազանցէր։—Դ. Թագաւորաց 23։22, 23. Բ. Մնացորդաց 3։1-19

Իր Մահը կ’Ողբան Մեծ Սուգով

31 տարի տեւող իր իշխանութեան մնացեալ տարիներուն (Հ.Դ.Ա. 659-629), Յովսիա կ’իշխէ որպէս բարի թագաւոր մը։ Իր իշխանութեան վերջաւորութեան, ան կը լսէ թէ Նեքաւով Փարաւոնը Եփրատ Գետին քով, Քարքամիսի մէջ, Բաբելոնի բանակները կասեցնելու եւ այս կերպով Ասորեստանի թագաւորին օգնելու համար, կը ծրագրէ Յուդայէն անցնիլ։ Անծանօթ պատճառով մը, Յովսիա Եգիպտացիներուն դէմ պատերազմելու կ’երթայ։ Նեքաւով անոր պատգամաւորներ կը ղրկէ, ըսելով. «Ինծի հետ եղող Աստուծմէն ետ կեցիր, որպէս զի քեզ չկորսնցնէ»։ Սակայն, Յովսիա կը ծպտուի եւ կը ջանայ Մակեդդովի մէջ Եգիպտացիներուն յառաջխաղացքը կասեցնել։—Բ. Մնացորդաց 35։20-22

Ասիկա Յուդայի թագաւորին համար ճակատագրական կ’ըլլայ։ Թշնամիին աղեղնաւորները զինք նետով կը զարնեն. իր ծառաներուն դառնալով ան կ’ըսէ. «Զիս վերցուցէք ասկէ, վասն զի սաստիկ վիրաւորուեցայ»։ Անոնք Յովսիան իր պատերազմական կառքէն կը հանեն, եւ ուրիշ կառք մը հեծցնելով Երուսաղէմ կ’ուղղուին։ Հոն կամ քաղաք տանող ճամբուն վրայ, Յովսիա իր վերջին շունչը կը փչէ։ Ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «[Ան] մեռաւ ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ եւ բոլոր Յուդան ու Երուսաղէմը Յովսիային համար սուգ ըրին»։ Երեմիա ողբաց Յովսիային վրայ. իսկ անկէ ետք շատ մը առիթներով ողբերգներու մէջ յիշուեցաւ այս թագաւորը։—Բ. Մնացորդաց 35։23-25

Այո, Յովսիա Թագաւորը ցաւալի սխալ մը գործեց, երբ Եգիպտացիներուն դէմ պատերազմի գնաց։ (Սաղմոս 130։3) Ասով մէկտեղ, իր խոնարհութիւնը եւ ճշմարիտ պաշտամունքի հանդէպ իր հաստատ կեցուածքը, զինք Աստուծոյ հաճութեան արժանացուցին։ Յովսիայի կեանքը որքա՜ն յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ Եհովա խոնարհ սիրտ ունեցող իր նուիրեալ ծառաներուն շնորհք կու տայ։—Առակաց 3։34. Յակոբու 4։6

[Նկար՝ էջ 29]

Պատանի Յովսիա Թագաւորը անձկագին Եհովան փնտռեց

[Նկար՝ էջ 31]

Յովսիա բարձր տեղերը կործանեց եւ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ մղեց