Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շուտով՝ յուսահատութենէ զերծ աշխարհ մը

Շուտով՝ յուսահատութենէ զերծ աշխարհ մը

Շուտով՝ յուսահատութենէ զերծ աշխարհ մը

ԿԵԱՆՔԸ հետզհետէ աւելի պահանջկոտ կը դառնայ, եւ յուսահատութեան պատճառները շատ են։ Երբ յուսահատած ենք, մեր զգացումները զսպելը դժուար կրնայ ըլլալ։ Նոյնիսկ կեանքը սիրող անհատներ, կրնան յուսահատելու աստիճան ապերջանիկ ըլլալ։ Նկատի առէք քանի մը օրինակներ։

Վաղեմի ժամանակներուն, Մովսէս մարգարէն ա՛յնքան յուսահատեցաւ որ Աստուծոյ ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, մէկէն մեռցո՛ւր զիս, եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, որպէս զի իմ չարիքս չտեսնեմ»։ (Թուոց 11։15) Իր թշնամիներէն փախչելու ժամանակ, Եղիա մարգարէն բացագանչեց. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս [կեանքս]»։ (Գ. Թագաւորաց 19։4) Իսկ Յովնան մարգարէն ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինծմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։ (Յովնանու 4։3) Սակայն, ո՛չ Մովսէս, ո՛չ Եղիա եւ ո՛չ ալ Յովնան անձնասպան եղան։ Ամէնքն ալ գիտէին Աստուծոյ պատուիրանը որ կ’ըսէր՝ «Սպանութիւն մի՛ ըներ»։ (Ելից 20։13) Աստուծոյ վրայ զօրաւոր հաւատք ունենալով, անոնք գիտէին թէ չկայ կացութիւն մը որ անյոյս է, եւ թէ՝ կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է։

Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այժմ մեր դիմագրաւած խնդիրներուն մասին։ Զգացական նեղութենէն կամ ֆիզիքական խնդիրներէն զատ, երբեմն ընտանիքի անդամներ, դրացիներ կամ գործակիցներ մեզի հետ գէշ կերպով կը վարուին։ Աստուածաշունչը կը խօսի մարդոց մասին որոնք լեցուած են «ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով, նախանձով, մարդասպանութիւնով, հակառակութիւնով եւ նենգութիւնով, չարասրտութիւնով եւ [են] քսուներ։ Չարախօսներ, Աստուած ատողներ, նախատողներ, հպարտներ, ամբարտաւաններ, չար բաներ հնարողներ, ծնողաց անհնազանդներ, անմիտներ, ուխտ չպահողներ, անգութներ, անհաշտներ, անողորմներ»։ (Հռովմայեցիս 1։28-31) Ամէն օր այսպիսի անհատներով շրջապատուած ըլլալը, կրնայ կեանքը անտանելի դարձնել։ Մխիթարութեան եւ հանգստութեան կարիքը ունեցող անհատներուն ի՞նչպէս կրնանք օգնել։

Մտիկ Ընելու Յօժարակամութիւն

Փորձանքներն ու տառապանքը կրնան պատճառ ըլլալ որ անհատ մը իր մտային հաւասարակշռութիւնը կորսնցնէ։ Իմաստուն մարդը ըսաւ. «Բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ»։ (Ժողովողի 7։7) Ուստի անձնասպանութեան մասին խօսող անհատ մը լուրջի պէտք է առնուի։ Իր ունեցած խնդիրը ինչ որ ալ ըլլայ՝ զգացական, ֆիզիքական, մտային, կամ հոգեւոր, շուտափոյթ ուշադրութեան կրնայ կարօտիլ։ Անշուշտ, մասնագիտական դարմանները եւ բուժումները կը տարբերին, իսկ դարմանի տեսակին նկատմամբ անձնական որոշում մը պէտք է տրուի։—Գաղատացիս 6։5

Անձնասպանական զգացումներու պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ներատես, կարեկից եւ համբերատար անհատի մը ձեր սիրտը պարպելը, կրնայ իրապէս տարբերութիւն մը ընել։ Մտիկ ընելու պատրաստ եղող ընտանիքի անդամներ ու բարեկամներ օգնական ձեռք մը կրնան երկարել։ Կարեկցութեան ու ազնուութեան կողքին, Աստուծոյ Խօսքէն շինիչ գաղափարներն ալ կրնան յուսահատ անհատներու շատ օգտակար ըլլալ։

Հոգեւոր Օգնութիւն՝ Ընկճուածներուն

Կրնաք անակնկալի գալ, գիտնալով թէ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը որքա՛ն քաջալերական կրնայ ըլլալ։ Թէեւ Աստուածաշունչը մտային առողջապահութեան ուղեցոյց մը չէ, սակայն, անիկա կրնայ մեզի օգնել կեանքը արժեւորելու։ Սողոմոն Թագաւոր ըսաւ. «Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է»։ (Ժողովողի 3։12, 13) Կեանքին իմաստ տուող գոհացուցիչ գործէն զատ, պարզ բաներ՝ ինչպէս մաքուր օդը, արեւը, ծաղիկները, ծառերն ու թռչունները, աստուածատուր պարգեւներ են, զորս կրնանք վայելել։

Ասկէ աւելի ոգեւորիչ է Աստուածաշունչի տուած երաշխիքը, թէ՝ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, հոգ կը տանին մեզի։ (Յովհաննու 3։16. Ա. Պետրոս 5։6, 7) Տեղին ըլլալով, սաղմոսերգուն ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Եհովան, որ ամէն օր մեր տեղը կը կրէ մեր բեռը, մեր փրկութեան ճշմարիտ Աստուածը»։ (Սաղմոս 68։19, ՆԱ) Թէեւ կրնանք աննշան եւ անարժէք զգալ, բայց Աստուած մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն աղօթենք։ Վստահ կրնաք ըլլալ թէ խոնարհաբար եւ անկեղծօրէն իր օգնութիւնը խնդրող ոեւէ անհատ, պիտի չմերժուի։

Ոեւէ անհատ իրաւացիօրէն չի կրնար ակնկալել որ ներկայ կեանքը խնդիրներէ զերծ ըլլայ։ (Յոբայ 14։1) Սակայն, Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը, շատերուն ցոյց տուած է թէ անձնասպանութիւնը իրենց խնդիրները լուծելու շիտակ կերպը չէ։ Նկատի առէք թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչպէս օգնեց յուսահատ բանտապետի մը, որ «երբ արթնցաւ ու բանտին դռները բացուած տեսաւ, թուրը քաշեց եւ ինքզինք պիտի սպաննէր, կարծելով թէ կապուածները փախեր են»։ Պահ մը, այդ բանտապետը եզրակացուցած էր թէ անձնասպանութիւնը նախընտրելի էր, քան՝ իր ձախողութեան պատճառաւ ամօթալի եւ թերեւս աւելի ուշ մահը։ Առաքեալը բարձրաձայն կանչեց. «Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ, վասն զի ամէնքս ալ հոս ենք»։ Պօղոս հոս չկեցաւ։ Իրականութեան մէջ, ինք եւ Շիղան բանտապետը մխիթարեցին եւ իր հարցուցած՝ «Տէ՛րեր, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ» հարցումին պատասխանեցին։ Անոնց պատասխանն էր. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ»։ Ապա անոր եւ ընտանիքին Եհովայի Խօսքը խօսեցան, որպէս արդիւնք՝ «մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները»։ Այս բանտապետը եւ իր ամբողջ ընտանիքը մեծապէս ուրախացան եւ կեանքի մէջ նոր իմաստ մը գտան։—Գործք 16։27-35

Ներկայիս, ի՜նչ հանգստացուցիչ է գիտնալ թէ Աստուած չէ՛ չարութեան պատասխանատուն։ Իր Խօսքը կը բնորոշէ չար ոգի մը՝ «որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»՝ որպէս ‘բոլոր աշխարհ մոլորեցնողը’։ Սակայն անոր ժամանակը կարճցած է։ (Յայտնութիւն 12։9, 12) Շուտով, Սատանայի ու իր դեւերուն երկրի բնակիչներուն պատճառած բոլոր նեղութիւնները, աստուածային միջամտութեամբ վերջ պիտի գտնեն։ Ապա, Աստուծոյ խոստացած արդար նոր աշխարհը, վերջնական լուծում մը պիտի բերէ յուսահատութեան եւ անձնասպանութեան ետին եղող պատճառներուն։—Բ. Պետրոս 3։13

Օգնութիւն Խնդրողներուն՝ Մխիթարութիւն

Նոյնիսկ հիմա, յուսահատ անհատներ կրնան Սուրբ Գրութիւններէն մխիթարութիւն ստանալ։ (Հռովմայեցիս 15։4) Սաղմոսերգու Դաւիթ երգեց. «Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր»։ (Սաղմոս 51։17) Ճիշդ է որ չենք կրնար կարգ մը փորձութիւններէ խոյս տալ եւ անկատարութեան հետեւանքներէն զերծ ըլլալ։ Սակայն, մեր քաղցրաբարոյ, բանաւոր եւ սիրալիր երկնաւոր Հօր մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալը, մեզի երաշխիք պիտի տայ թէ մենք իր աչքին թանկագին ենք։ Աստուած կրնայ մեր լաւագոյն Բարեկամը եւ Ուսուցիչը ըլլալ։ Եթէ Եհովա Աստուծոյ հետ մտերիմ բարեկամութիւն մը մշակենք, ան երբեք մեզ յուսախաբ պիտի չընէ։ Մեր Ստեղծիչը կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։—Եսայեայ 48։17

Աստուծոյ ապաւինիլը շատերուն օգնած է։ Օրինակ. Երկարատեւ յուսալքումը արդէն իսկ տկարացուցած էր Մարան, երբ ան երթեւեկի արկածով մը իր մէկ հատիկ որդին կորսնցուցած էր։ * Ան շփոթութեան մատնուելով փորձեց անձնասպան ըլլալ։ Սակայն, հիմա ան ամէն առաւօտ կանուխ կ’արթննայ եւ իր առտնին գործերով կը զբաղի։ Ան կը սիրէ երաժշտութիւն ունկնդրել եւ ուրիշներու օգնել։ Այն յոյսը որ ‘թէ՛ արդարները եւ թէ՛ մեղաւորները յարութիւն պիտի առնեն’, իր սիրելի զաւկին ողբերգական մահուան խայթոցը մեղմացուցած՝ եւ Աստուծոյ հանդէպ իր հաւատքը զօրացուցած է։ (Գործք 24։15) Քանի որ Մարա երբեք չէր փափաքած երկնքի մէջ հրեշտակ մը ըլլալ, Սաղմոս 37։11–ի խօսքերը իր սրտին դպած էին. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։

Սանտրա անունով ուրիշ Պրազիլիացի կին մը, ծանր աշխատեցաւ որ իր երեք զաւակներուն համար իտէալ մայր մը ըլլայ։ Ան կը խոստովանի. «Այնքան զբաղած էի որ երբ յանկարծ հայրս մահացաւ եւ նոյն ատեն տեղեկացայ թէ ամուսինս ուրիշ կնոջ մը հետ սիրային կապի մէջ էր, նոյնիսկ մտքէս իսկ չանցաւ որ աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրեմ»։ Յուսահատ վիճակի մէջ, Սանտրան փորձեց անձնասպան ըլլալ։ Ի՞նչ բան օգնեց իրեն որ կազդուրուի։ Հոգեւոր բաներու հանդէպ իր գնահատութիւնը։ «Ամէն գիշեր, քունի չանցած, Աստուածաշունչը կը կարդամ, եւ կը փորձեմ իմ անձս Աստուածաշունչի անձնաւորութիւններուն տեղը դնել։ Նաեւ կը կարդամ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը. հաճոյք կ’առնեմ մանաւանդ կենսագրութիւններէն, քանի որ անոնք ինծի կ’օգնեն որ վիճակիս հետ հաշտուիմ»։ Գիտնալով թէ Եհովա՛ն է իր լաւագոյն բարեկամը, ան սորված է իր աղօթքներուն մէջ մասնայատուկ ըլլալ։

Յուսահատութենէ Զերծ Ապագայ մը

Ի՜նչ մխիթարութիւն է գիտնալ թէ մարդկութեան տառապանքը ժամանակաւոր է։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, ոճիրի, անիրաւութեան կամ կանխադատողութեան զոհ գացած երախաներ ու անչափահասներ պիտի ուրախանան։ Ինչպէս որ մարգարէական սաղմոսի մը մէջ նախատեսուած է, Եհովայի նշանակած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոսը, «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի»։ Ասկէ զատ, ան «պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ»։ Արդարեւ, «հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ»։—Սաղմոս 72։12-14

Մարգարէական այս խօսքերուն կատարման ժամանակը մօտ է։ Այսպիսի պայմաններու ներքեւ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու գաղափարը ձեզ կը հրապուրէ՞։ Եթէ այո, ուրեմն պատճառ ունիք որ ուրախ ըլլաք եւ կեանքին վրայ գուրգուրաք, զայն նկատելով Աստուծոյ պարգեւը։ Իսկ եթէ այս սուրբ գրային մխիթարական խոստումները ուրիշներու հետ բաժնէք, կրնաք մեծապէս ուրախացնել զանոնք՝ որոնք այս անզգամ եւ անսէր աշխարհին մէջ օգնութեան համար կ’աղաղակեն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 15 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 6]

Ներկայիս ուրախութեան բազմաթիւ առիթներ կան

[Նկար՝ էջ 7]

Յուսահատութենէ զերծ աշխարհ մը կը ցանկա՞ք