Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պահպանեցէք ձեր անունը

Պահպանեցէք ձեր անունը

Պահպանեցէք ձեր անունը

ՄԱՐԴ մը որ գեղեցիկ շէնքերու յատակագիծը կը պատրաստէ, որպէս վարպետ ճարտարապետ անուն մը կը վաստկի։ Երիտասարդուհի մը, որ գերազանց է դասերուն մէջ, կը ճանչցուի որպէս փայլուն աշակերտ մը։ Նոյնիսկ բա՛ն մը չընող անհատ մը անուն մը կրնայ վաստկիլ որպէս ծոյլ մէկը։ Լաւ անուն մը վաստկելու արժէքին վրայ շեշտ դնելով, Աստուածաշունչը կը նշէ. «Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է»։—Առակաց 22։1

Անհատ մը լաւ անուն մը կը վաստկի որոշ ժամանակի մէջ իր կատարած շատ մը պզտիկ արարքներով։ Բայց մէ՛կ յիմար արարք կրնայ աւրել զայն։ Սեռային սխալ վարք մը, զոր օրինակ, կրնայ արատաւորել լաւ համբաւ մը։ Աստուածաշունչի Առակաց գրքին 6–րդ գլուխին մէջ, վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը մեզ կը զգուշացնէ կեցուածքներու ու արարքներու դէմ, որոնք կրնան մեր համբաւը աւրել, ինչպէս նաեւ Եհովա Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը խաթարել։ Անոնց կարգին են անխոհեմ երաշխաւորութիւնները, ծուլութիւնը, խաբկանքը եւ սեռային անբարոյութիւնը՝ Եհովայի ատած կարգ մը բաները։ Այս խրատին անսալը, մեզի պիտի օգնէ որ մեր լաւ անունը պահպանենք։

Անխոհեմ Երաշխաւորութիւններէն Ձեռք Քաշեցէք

Առակաց 6–րդ գլուխը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Որդեա՛կ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար, կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր, քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար, բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար։ Որդեա՛կ իմ, պատուէրս կատարէ, որպէս զի ազատիս։ Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար, գնա քու բարեկամիդ խոնարհէ ու թախանձէ անոր»։—Առակաց 6։1-3

Այս առակը կը զգուշացնէ ուրիշներու՝ մանաւանդ օտարներու հետ, առեւտրական ձեռնարկներու մէջ մտնելու դէմ։ Այո, Իսրայելացիները պէտք էր օգնէին իրենց եղբօր որ ‘աղքատացած’ ու նիւթապէս «տկարացած» էր։ (Ղեւտացւոց 25։35-38, Արարատ) Բայց կարգ մը ձեռներէց Իսրայելացիներ չարաշահ գործերու մէջ նետուեցան եւ նիւթական օժանդակութիւն ստացան ուրիշները համոզելով որ իրենց համար «երաշխաւոր» ըլլան, զանոնք պարտքերու մէջ թաղելով։ Նոյնանման վիճակներ կրնան գոյանալ ներկայիս։ Դրամական հաստատութիւններ, զոր օրինակ, վտանգաւոր նկատուած փոխատուութիւն մը ընելէ առաջ կրնան պահանջել որ ուրիշ մըն ալ ստորագրէ փոխ առնողին կողքին։ Ի՜նչ անմտութիւն է ուրիշներու համար արտորնօք այսպիսի յանձնառութիւն մը ընել։ Այո, անիկա կրնայ նիւթական գետնի վրայ ծուղակ մը ըլլալ մեզի, դրամատուներու կամ ուրիշ վարկատուներու քով գէշ անուն մը շահիլ տալով։

Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ դժուար կացութեան մը մատնուինք, քայլ մը առած ըլլալով որ սկիզբը իմաստուն թուեցաւ, բայց մօտէն զննելով յայտնի եղաւ որ յիմարութիւն էր։ Խրատը հետեւեալն է. հպարտութիւնը մէկդի դնելով ‘բարեկամիդ թախանձէ’, կրկին խնդրելով։ Մեր ձեռքէն եկածը պէտք է ընենք, հարցը շտկելու համար։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Քու հակառակորդիդ հետ համաձայնելու եւ հարցը լուծելու համար գլուխդ ամէն քարի զարկ, որպէսզի պարտքի յանձնառութիւնդ քեզի ու քուկիններուդ դէմ չդառնայ»։ Իսկ ասիկա անյապաղ պէտք է ընել, քանի որ թագաւորը կ’աւելցնէ. «Աչքերուդ՝ քուն ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար. ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն, կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ’ազատի»։ (Առակաց 6։4, 5) Աւելի լաւ է՝ որքան շուտ՝ ձեռք քաշել անխոհեմ յանձնառութենէ մը, քան թէ անով կաշկանդուիլ։

Մրջիւնին Նման Աշխատասէր Եղէք

«Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր», կը խրատէ Սողոմոն։ Փոքր մրջիւնէն ի՞նչ իմաստութիւն կրնանք սորվիլ։ Թագաւորը կը պատասխանէ. «Անիկա թէեւ իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունի, բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ»։Առակաց 6։6-8

Մրջիւնները հոյակապ կերպով կազմակերպուած եւ ուշագրաւ կերպով համագործակցող են։ Բնազդաբար գալիք օրերուն համար կերակուր կը ժողվեն։ Անոնք «իշխան, ոստիկան կամ տիրող չունին»։ Ճիշդ է որ կայ թագուհի մրջիւնը, բայց անիկա թագուհի է միայն այն առումով որ հաւկիթ կ’ածէ եւ խումբին մայրն է։ Ան հրամաններ չ’արձակեր։ Մրջիւնները իրենց վրայ հսկող առաջնորդ կամ վերակացու չունենալով հանդերձ, անխոնջ կ’աշխատին։

Մենք ալ մրջիւնին նման աշխատասէր պէտք չէ՞ ըլլանք։ Մեր վրայ հսկող ունենանք կամ ոչ, լաւ է որ ծանր աշխատինք եւ մեր գործը բարելաւելու ջանք թափենք։ Այո, երբ դպրոց, կամ մեր աշխատանքի վայրը կը գտնուինք, կամ հոգեւոր գործունէութեան մը կը մասնակցինք, մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք։ Ինչպէս որ մրջիւնը կ’օգտուի իր ջանասիրութենէն, նոյնպէս Աստուած կ’ուզէ որ մենք ‘մեր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայելենք’։ (Ժողովողի 3։13, 22. 5։18) Մաքուր խիղճ մը եւ անձնական գոհունակութիւնը ծանր աշխատանքին վարձատրութիւններն են։—Ժողովողի 5։12

Հռետորական երկու հարցում գործածելով, Սողոմոն կը ջանայ անփութաջան անհատը իր ծուլութենէն զգաստացնել. «Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս»։ Խօսքով զինք ծաղրելով, թագաւորը կ’աւելցնէ. «Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար, այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս»։ (Առակաց 6։9-11) Մինչ ծոյլը կը նիրհէ, աղքատութիւնը աւազակի մը արագութեամբ կը պատէ զինք եւ չքաւորութիւնը՝ սպառազինեալ մարդու մը պէս։ Ծոյլ մարդուն արտը շուտով մոլախոտեր եւ եղիճներ կը ծածկեն։ (Առակաց 24։30, 31) Իր առեւտուրը կարճ ժամանակի մէջ կը վնասուի։ Գործատէր մը որքա՞ն ժամանակ կը հանդուրժէ դատարկապորտ անհատի մը։ Իսկ ծոյլ աշակերտ մը որ չի սորվիր, կրնա՞յ ակնկալել դպրոցին մէջ յաջողիլ։

Պարկեշտ Եղէք

Համայնքին մէջ անհատի մը համբաւը եւ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը քանդող տակաւին ուրիշ վարմունք մը ուրուագծելով, Սողոմոն կ’ըսէ. «Անօրէն ու չար մարդը ծուռ բերնով կը շարժի. անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ’ընէ, ոտքերովը կը խօսի ու մատներովը բան կը սորվեցնէ։ Անոր սրտին մէջ ծռութիւն կայ, միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ»։—Առակաց 6։12-14

Ասիկա խաբեբայի մը մասին նկարագրութիւն մըն է։ Ստախօս մը սովորաբար կը փորձէ իր ստախօսութիւնը ծածկել։ Ի՞նչպէս։ Ո՛չ միայն «ծուռ բերնով», այլ նաեւ՝ շարժուձեւով։ Ուսումնական մը կը նշէ. «Շարժումները, ձայնին թոնը եւ նոյնիսկ դէմքին արտայայտութիւնները, խաբելու համար չափուած ու կշռուած կերպեր են. անկեղծութեան երեւոյթին ներքեւ թաքնուած կը գտնուի անհամապատասխան ծուռ միտք ու հոգի մը»։ Այսպիսի անպէտ մարդ մը չար ծրագիրներ կը յղանայ եւ միշտ կռիւներ կը հանէ։ Հետեւանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ իրեն համար։

Իսրայէլի թագաւորը կը պատասխանէ. «Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ։ Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի»։ (Առակաց 6։15) Երբ քօղազերծուի, ստախօսին համբաւը իսկոյն կը քանդուի։ Այլեւս ո՞վ պիտի վստահի իրեն։ Արդարեւ անոր վախճանը կորուստ է, քանի որ «բոլոր ստախօսներ»ը յաւիտենական մահուան դատապարտուողներու ցանկին մէջ կը գտնուին։ (Յայտնութիւն 21։8) Թող որ ամէ՛ն գնով «պարկեշտ ընթացք մը ցոյց տանք ամէն բանի մէջ»։—Եբրայեցիս 13։18, Երուսաղէմ

Ատեցէք Ինչ որ Եհովան կ’Ատէ

Չարութիւնը ատե՛լ. ահաւասի՛կ մեր համբաւը աւրող արարքներէն հեռու կենալու կերպը։ Ուստի, պէտք չէ՞ չարութեան հանդէպ զզուանք մշակենք։ Բայց ճիշդ ի՞նչ պէտք է ատենք։ Սողոմոն կը նշէ. «Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ»։Առակաց 6։16-19

Առակացին յիշած եօթը դասակարգերը հիմնականներն են եւ գրեթէ ամէն տեսակ յանցագործութիւն կը պարփակեն։ «Ամբարտաւան աչքեր»ն ու «չար խորհուրդ հնարող սիրտ»ը մեղքեր են, որ անհատին մտքին մէջ կը գործուին։ «Ստախօս լեզու»ն եւ «ստութիւն խօսող անիրաւ վկան»՝ մեղաւոր խօսքեր են։ «Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր»ն ու «չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր»ը ամբարիշտ արարքներ են։ Իսկ Եհովայի աչքին մասնաւորաբար զզուելի են այն անհատները, որոնք մարդոց մէջ կռիւներ կը հրահրեն, որոնք այլապէս իրարու հետ խաղաղութեամբ պիտի բնակէին։ Ասոնց թիւը վեցէն եօթի բարձրանալը կը թելադրէ թէ այս ցանկը ամբողջական չէ, քանի որ մարդիկ կը շարունակեն իրենց չար արարքները բազմապատկել։

Արդարեւ, Աստուծոյ ատած բաներուն հանդէպ զզուանք պէտք է մշակենք։ Օրինակ, «ամբարտաւան աչքեր»է, կամ հպարտութեան որեւէ այլ ցուցադրութենէ պէտք է խուսափինք։ Իսկ վնասակար բամբասանքէ անշուշտ հեռու պէտք է մնանք, քանի որ անիկա դիւրաւ կրնայ «եղբայրներու մէջ կռիւներ» հանել։ Անազնիւ տարաձայնութիւն, անհիմն քննադատութիւն մը կամ սուտեր տարածելով, թերեւս «անմեղ արիւն թափող» մը չենք ըլլար, բայց վստահաբար կրնանք ուրիշի մը բարի համբաւը քանդել։

«Անոր Գեղեցկութեանը Մի՛ Ցանկար»

Սողոմոն իր խրատին յաջորդ մասին կ’անցնի, ըսելով. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։ Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛, զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛»։ Ի՞նչ նպատակաւ։ «Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին»։Առակաց 6։20-22

Սուրբ գրային դաստիարակութիւն մը մեզ իրապէս կրնա՞յ պահպանել սեռային անբարոյութենէ։ Անշո՛ւշտ կրնայ։ Հետեւեալ երաշխիքը ունինք. «Պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։ Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են, որպէս զի քեզ գէշ կնոջմէն, օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն»։ (Առակաց 6։23, 24) Աստուծոյ Խօսքին խրատները յիշելը եւ զայն որպէս ‘մեր ոտքերուն ճրագ ու մեր շաւիղներուն՝ լոյս’ գործածելը, մեզի պիտի օգնէ որ գէշ կնոջ, կամ գէշ մարդու մը շողոքորթ հրաւէրներուն ընդդիմանանք։—Սաղմոս 119։105

«Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի՛ ցանկար եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ», կը խրատէ իմաստուն թագաւորը։ Ինչո՞ւ։ «Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառով մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ’ըլլայ եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ’որսայ»։Առակաց 6։25, 26

Արդեօք Սողոմոն պոռնիկ կին ըսելով բոզի՞ մը կ’ակնարկէ։ Թերե՛ւս։ Կամ կրնայ ըլլալ որ ան զանազանութիւն մը կը դնէ բոզի մը հետ անբարոյութիւն գործելու, եւ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ պոռնկանալու հետեւանքներուն միջեւ։ Բոզի մը հետ կապեր ունենալով անհատ մը կրնայ չափազանց աղքատանալ, «նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ ըլլալ»։ Ան նոյնիսկ կրնայ ցաւագին եւ հաշմանդամող՝ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած, հիւանդութիւններու ենթարկուիլ, ինչպէս մահացու ԷՅՏԾ–ը։ Իսկ միւս կողմէ, ուրիշի մը կողակիցին հետ մտերիմ յարաբերութեան մէջ գալու ջանք թափող անհատը, ըստ Օրէնքին, աւելի մեծ ու անմիջական վտանգի մէջ կ’ըլլար։ Պոռնկացող կինը իր անօրէն ընկերակիցին «հոգին կ’որսայ»։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Ասիկա անառակութեամբ կեանքը կարճեցնելէն աւելին . . . կ’ընդգրկէ։ Մեղաւորը ուղղակի մահապատիժ կը ստանայ»։ (Ղեւտացւոց 20։10. Բ. Օրինաց 22։22) Ամենայնդէպս, այսպիսի կին մը իր ֆիզիքական գեղեցկութեան համար պէտք չէ ցանկալ։

‘Ծոցդ Կրակ Մի՛ Դներ’

Պոռնկութեան վտանգը աւելի շեշտելով, Սողոմոն կը հարցնէ. «Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ ու հանդերձները չայրին։ Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ ու անոր ոտքերը չայրին»։ Տուած օրինակին իմաստը բացատրելով, ան կ’ըսէ՝ «Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։ Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար»։ (Առակաց 6։27-29) Այսպիսի մեղաւոր մը անշուշտ պիտի պատժուի։

«Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ, չեն քամահրեր զանիկա», կ’ըսուի։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային, «եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ, իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ»։ (Առակաց 6։30, 31) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, գողէ մը պահանջուած էր որ հատուցում ընէր, նոյնիսկ երբ անիկա իր բոլոր ունեցածը ըլլար։ * Որքա՛ն աւելի պատիժի արժանի պիտի սեպուէր պոռնկացող մը, որ իր ըրածին համար ինքզինք չէ՛ր կրնար արդարացնել։

«Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է։ Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ», կը նշէ Սողոմոն։ Պակասամիտ մարդը լաւ դատողութիւն չունի, քանի որ ան «իր հոգին կը կորսնցնէ»։ (Առակաց 6։32) Դուրսէն կրնայ լաւ անուն ունեցող անհատ մը երեւիլ, բայց ներքին մարդը պատշաճ կերպով զարգանալու մէջ լուրջ թերացում կրնայ ունենալ։

Պոռնկացող մը տակաւին աւելին կը հնձէ։ «Անիկա վէրք ու անարգանք կը գտնէ եւ անոր նախատինքը անջնջելի է։ Քանզի նախանձը էրիկը կը կատղեցնէ ու անիկա վրէժխնդրութեան օրը չի խնայեր։ Անիկա բնաւ մէկ փրկանքի չի նայիր, կաշառքը շատցնելու ալ ըլլաս՝ անիկա չի հաճիր»։Առակաց 6։33-35

Գող մը իր գողցած բանին կրնայ հատուցում ընել, բայց պոռնկացող մը չի կրնար հատուցանել։ Զայրացած ամուսինի մը ի՞նչ հատուցում կրնայ առաջարկել։ Նոյնիսկ սաստիկ պաղատանք մատուցանելով, յանցաւորը չի կրնար կարեկցութիւն շահիլ։ Պոռնկացող մը որեւէ կերպով չի կրնար փոխհատուցում ընել իր մեղքին համար։ Իր անուան վրայ եկած նախատինքն ու անարգանքը կը մնան։ Մանաւանդ, ան որեւէ կերպով չի կրնար ինքզինք փրկել, կամ իրեն վիճակուած պատիժէն ինքզինք ազատել։

Որքա՛ն իմաստութիւն է հեռու կենալ պոռնկութենէ, ինչպէս նաեւ մեր լաւ անունը վատահամբաւող եւ Աստուծոյ վրայ նախատինք բերող ուրիշ վարքերէ ու կեցուածքներէ։ Ուստի, ուշադիր ըլլանք որ անխոհեմ երաշխաւորութիւններ չընենք։ Թող որ ջանասիրութիւնը եւ ճշմարտախօսութիւնը զարդարեն մեր համբաւը։ Իսկ մինչ կը ջանանք ատել ինչ որ Եհովան կ’ատէ, թող որ իր եւ ընկեր մարդուն քով լաւ անուն մը վաստկինք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 28 Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, գողէ մը պահանջուած էր որ իր գողցածին կրկինը, քառապատիկը կամ հնգապատիկը վերադարձնէր։ (Ելից 22։1-4) «Եօթնապատիկ» արտայայտութիւնը հաւանաբար կը նշէ պատիժի ամբողջական չափ մը, որ գողցուած բանէն շատ անգամ աւելին կրնար ըլլալ։

[Նկար՝ էջ 25]

Փոխատուութիւն մը ստորագրողին կողքին ստորագրելու մէջ զգոյշ ըլլանք

[Նկար՝ էջ 26]

Մրջիւնին նման ջանասէր ըլլանք

[Նկար՝ էջ 27]

Վնասակար բամբասանքէն զգուշանանք