Օգնութեան աղաղակ մը
Օգնութեան աղաղակ մը
ՊՐԱԶԻԼԻԱՑԻ կին մը բացագանչեց, ըսելով. «Աստուած զիս մոռցա՛ծ է»։ Իր ամուսինը յանկարծամահ ըլլալէ ետք, ան զգաց թէ իր կեանքը այլեւս իմաստ մը չունէր։ Երբեք փորձա՞ծ էք մխիթարել անհատ մը, որ ա՛յս աստիճան վշտացած է, կամ թերեւս օգնութեան համար կ’աղաղակէ։
Ոմանք ա՛յնքան յուսահատ կ’ըլլան որ իրենց կեանքին վերջ կը դնեն. անոնցմէ շատեր դեռատիներ են։ Ֆոլիա տէ Սաօ Փաոլօ օրաթերթին համաձայն, Պրազիլիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ թէ «պատանիներու անձնասպանութիւնը 26 առ հարիւր յաւելում մը արձանագրած է»։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Սաօ Փաոլոյի մէջ բնակող երիտասարդի մը՝ Ուալթըրի՝ պարագան։ * Ան ո՛չ ծնողք, ո՛չ տուն, ո՛չ առանձին անկիւն մը, ո՛չ ալ վստահելի բարեկամներ ունէր։ Իր թշուառութեան վերջ մը դնելու համար, Ուալթըր որոշեց կամուրջի մը վրայէն նետուիլ։
Առանձին մայր մը՝ Էտնա, արդէն երկու զաւակ ունէր երբ նոր մարդու մը ծանօթացաւ։ Ամիս մը չանցած, անոնք այս մարդուն մօրը տունը սկսան բնակիլ. մայրը ոգեհարցութեամբ կը զբաղէր եւ ալքոլամոլ մըն էր։ Էտնա ուրիշ զաւակ մըն ալ ունեցաւ, սկսաւ չափազանց խմել եւ ա՛յնքան յուսալքուեցաւ որ փորձեց անձնասպան ըլլալ։ Ի վերջոյ, ան իր զաւակներուն խնամակալութիւնը կորսնցուց։
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ տարեցներուն մասին։ Մարիան բնաւորութեամբ զուարթ եւ խօսուն անհատ մըն էր։ Սակայն, մինչ տարիքը կ’առնէր, սկսաւ որպէս հիւանդապահուհի իր գործին նկատմամբ մտահոգուիլ, վախնալով որ սխալներ ընէր։ Ասիկա զինք յուսալքեց։ Ինքզինք դարմանել փորձելէ ետք, բժշկական խնամք որոնեց, եւ ըստ երեւոյթին իր ստացած դարմանէն օգտուեցաւ։ Սակայն, երբ 57 տարեկանին գործը կորսնցուց, յուսալքումը ա՛յնքան զօրաւոր վերադարձաւ, որ ան լուծում մը չէր տեսներ։ Մարիա սկսաւ անձնասպանութեան մասին խորհիլ։
Սաօ Փաոլօ Համալսարանէն՝ Ուսուցչապետ Խոսէ Ալպէրթօ Տէլ Բորթօ կ’ըսէ. «Յուսալքուած անհատներուն շուրջ 10 տոկոսը կը փորձէ անձնասպան ըլլալ»։ Միացեալ Նահանգներու վիրաբուժական ընդհանուր պատասխանատուն՝ Բժ. Տէյվիտ Սաչըր կը տեղեկագրէ. «Դժուար է հաւատալ թէ անձնասպանութեամբ մեռնողները մարդասպանութեամբ մեռնողներէն աւելի են, սակայն, ասիկա ցաւալի իրողութիւն մըն է»։
Երբեմն, անձնասպանութեան փորձ մը իրականութեան մէջ օգնութեան աղաղակ մըն է։ Եւ վստահաբար՝ ընտանիքի անդամներ ու բարեկամներ կ’ուզեն շիտակ քայլը առնել յուսահատ անհատին
օգնելու համար։ Անշուշտ, շիտակ պիտի չըլլար այսպիսի արտայայտութիւններ գործածել, ինչպէս՝ «Կը բաւէ դուն քու վրադ մեղքնաս», «Ուրիշներ քեզմէ աւելի գէշ պայմաններ ունին», կամ, «Բոլորս ալ երբեմն գէշ պահեր կ’ունենանք»։ Ասոր փոխարէն, ջանացէք իսկական բարեկամ եւ լաւ մտիկ ընող մը ըլլալ։ Այո, փորձեցէք յուսահատ անհատին օգնել որ հասկնայ թէ կեանքը հաճելի է։Ֆրանսացի հեղինակ Վոլթէր գրեց. «Այն մարդը որ մելամախձոտութեան մէկ պահուն, անձնասպան կ’ըլլայ այսօ՛ր, պիտի փափաքէր ապրիլ, եթէ շաբաթ մը սպասէր»։ Ուստի, յուսահատ անհատներ ի՞նչպէս կրնան գիտնալ թէ կեանքը արժէքաւոր է։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 3 Անուններէն ոմանք փոխուած են։
[Նկար՝ էջ 3]
Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով դեռատիներ եւ չափահասներ անձնասպան կ’ըլլան
[Նկար՝ էջ 4]
Ի՞նչպէս կրնաք յուսահատ անհատի մը օգնել