Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի

Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի

Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի

«Գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ [«զայն կարդա՛», ՆԱ]։—ՅԵՍՈՒԱՅ 1։8

1. Ընդհանուր ընթերցանութեան, եւ մասնաւորաբար Աստուածաշունչի ընթերցանութեան, կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ նիւթ մը կարդալը օգտաւէտ զբաղմունք մըն է։ Ֆրանսացի քաղաքական իմաստասէր Մոնթէսգիէօ (Շարլ Լուի տը Սըկոնտա) գրեց. «Ինծի համար, սերտողութիւնը կեանքի անախորժութեան դէմ միշտ ամենաբոյժ դարմանը եղած է։ Չեմ ունեցած որեւէ նեղութիւն որ ժամ մը ընթերցանութեամբ չէ փարատած»։ Ասիկա շատ ճիշդ է Աստուածաշունչի ընթերցանութեան պարագային։ Ներշնչեալ սաղմոսերգուն ըսաւ. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն»։—Սաղմոս 19։7, 8

2. Եհովա ինչո՞ւ պահպանած է Աստուածաշունչը դարերու ընթացքին, եւ ան ի՞նչ կ’ակնկալէ իր ծառաներէն։

2 Որպէս Սուրբ Գրքին Հեղինակը, Եհովա Աստուած պահպանած է զայն, թէ՛ կրօնական եւ թէ աշխարհիկ դարաւոր դաժան հակառակութենէ։ Քանի որ իր կա՛մքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան», ինք հոգ տարած է որ իր Խօսքը բոլոր մարդոց մատչելի ըլլայ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Հաշիւներու համաձայն, երկրի բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսին կարելի է հասնիլ 100 լեզուներու գործածութեամբ։ Ամբողջ Աստուածաշունչը մատչելի է 370 լեզուներով, իսկ անոր որոշ մասերը կարելի է կարդալ յաւելեալ 1,860 լեզուներով եւ բարբառներով։ Եհովա կ’ուզէ որ իր ժողովուրդը իր Խօսքը կարդայ։ Ան կ’օրհնէ իր Խօսքին ուշադրութիւն ընծայող ծառաները, այո, անոնք որ զայն ամէն օր կը կարդան։—Սաղմոս 1։1, 2

Աստուածաշունչի Ընթերցանութիւնը Պահանջուած՝ Տեսուչներէն

3, 4. Եհովա ի՞նչ պահանջած էր Իսրայէլի թագաւորներէն, իսկ ի՞նչ պատճառներով այս պահանջքը կը կիրարկուի արդի Քրիստոնեայ երէցներուն։

3 Խօսելով այն ժամանակին մասին, երբ Իսրայէլ ազգը մարդկային թագաւոր մը պիտի ունենար, Եհովա ըսաւ. «Երբ իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն՝ հատ մը թող գրքի մը մէջ գրէ։ Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ. որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ ու այս պատուիրանքներէն աջ կամ ձախ դին չխոտորի»։—Բ. Օրինաց 17։18-20

4 Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատճառներով Եհովա պահանջեց որ Իսրայէլի ապագայ բոլոր թագաւորները աստուածային օրէնքին գիրքը ամէն օր կարդային. (1) «որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ», (2) «որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ», (3) «այս պատուիրանքներէն աջ կամ ձախ դին չխոտորի»։ Այսօր ալ, Քրիստոնեայ տեսուչները կարիք չունի՞ն Եհովայէ վախնալու, անոր օրէնքին հնազանդելու եւ Եհովայի պատուիրաններէն չշեղելու։ Ուստի, Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը նուազ կարեւոր չէ իրենց պարագային, որքան որ էր Իսրայէլի թագաւորներուն պարագային։

5. Կառավարիչ Մարմինը վերջերս Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մասին ի՞նչ գրեց Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամներուն. ինչո՞ւ լաւ է որ բոլոր Քրիստոնեայ երէցները հետեւին այս խրատին։

5 Ներկայիս Քրիստոնեայ երէցներ շատ խճողուած յայտագիր մը ունին, ինչ որ կը դժուարացնէ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը։ Օրինակ, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինի եւ համայն աշխարհի Մասնաճիւղի Յանձնախումբերու անդամները շատ զբաղած մարդիկ են։ Այսուհանդերձ, վերջերս բոլոր Մասնաճիւղի Յանձնախումբերուն Կառավարիչ Մարմինէն ղրկուած նամակ մը, Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ ունենալու կարիքը կը շեշտէր։ Նամակը կը նշէր որ ասիկա մեր սէրը պիտի աւելցնէ Եհովայի ու ճշմարտութեան հանդէպ, եւ «պիտի օգնէ որ մեր հաւատքը, ուրախութիւնը եւ յարատեւութիւնը պահենք մինչեւ փառաւոր վախճանը»։ Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ գտնուող բոլոր երէցները նոյն կարիքը կը զգան։ Սուրբ Գիրքը ամէն օր կարդալը անոնց պիտի օգնէ որ «խելացութեամբ վարուին»։ (Յեսուայ 1։7, 8, ստորանիշ) Մասնաւորաբար իրենց համար, Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

Անհրաժեշտութիւն մը՝ Երիտասարդներուն ու Տարեցներուն Համար

6. Յեսու ինչո՞ւ Իսրայէլի ցեղերուն եւ օտարականներուն դիմաց բարձրաձայն կարդաց Եհովայի օրէնքին բոլոր խօսքերը։

6 Անցեալին, անձնական գործածութեան համար Սուրբ Գիրքերու օրինակներ մատչելի չէին, ուստի Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կը կատարուէր հաւաքուած բազմութեան դիմաց։ Գայի քաղաքին վրայ Եհովա իրեն յաղթանակ տալէ ետք, Յեսու Իսրայէլի ցեղերը Գեբաղ Լերան եւ Գարիզին Լերան դիմաց հաւաքեց։ Անկէ ետք, ըստ տեղեկութեան, «օրէնքին բոլոր խօսքերը կարդաց, թէ՛ օրհնութիւնները եւ թէ՛ անէծքները, ինչ որ գրուած էր օրէնքներու գրքին մէջ։ Մովսէսի բոլոր պատուէրներէն բնաւ խօսք մը չմնաց, որ Յեսու զանիկա Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին եւ անոնց կիներուն ու տղաքներուն եւ անոնց մէջ պտըտող օտարականին առջեւ չկարդայ»։ (Յեսուայ 8։34, 35) Երիտասարդ թէ տարեց, բնիկ թէ օտարական պէտք էր իրենց սրտին ու մտքին վրայ դրոշմէին թէ ինչպիսի վարմունք Եհովայի օրհնութեան պիտի արժանացնէր եւ ինչպիսին՝ իր տհաճութեան։ Կանոնաւորաբար Աստուածաշունչ կարդալը վստահաբար մեզի պիտի օգնէ այս ուղղութեամբ։

7, 8. (ա) Ներկայիս որո՞նք «օտարական»ներուն նման են, եւ անոնք ինչո՞ւ ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալու կարիքը ունին։ (բ) Եհովայի ծառաներուն մէջ «տղաքներ»ը ի՞նչ կերպով Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։

7 Ներկայիս, Եհովայի ծառաներէն միլիոնաւորներ հոգեւոր առումով այդ «օտարական»ներուն նման են։ Ժամանակ մը անոնք աշխարհի չափանիշներուն համաձայն կ’ապրէին, բայց իրենց կեանքը փոխեցին։ (Եփեսացիս 4։22-24. Կողոսացիս 3։7, 8) Անոնք յարատեւաբար պէտք է յիշեն բարիի ու չարի Եհովայի չափանիշները։ (Ամովսայ 5։14, 15) Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալը անոնց կ’օգնէ որ այս բանը ընեն։—Եբրայեցիս 4։12. Յակոբու 1։25

8 Եհովայի ծառաներուն մէջ կան նաեւ բազմաթիւ «տղաքներ», որոնք իրենց ծնողներէն սորված են Եհովայի չափանիշները, բայց անձնապէս պէտք է համոզուին որ իր կամքը շիտակ է։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2) Ասիկա ի՞նչպէս կրնան ընել։ Իսրայէլի մէջ, քահանաներուն եւ երէցներուն պատուէր տրուած էր. «Բոլոր Իսրայէլին առջեւ այս օրէնքը պիտի կարդաք, որպէս զի լսեն։ Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներն ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները, որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն։ Անոնց չգիտցող տղաքները լսելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվին»։ (Բ. Օրինաց 31։11-13) Օրէնքին ներքեւ ապրելով, Յիսուս 12 տարեկանին սուր հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ իր Հօրը օրէնքները հասկնալու նկատմամբ։ (Ղուկաս 2։41-49) Հետագային, իր սովորութիւնն էր ժողովարանին մէջ Սուրբ Գրքի ընթերցանութիւնը ունկնդրել ու անոր մասնակցիլ։ (Ղուկաս 4։16. Գործք 15։21) Ներկայ պատանիներն ալ քաջալերուած են որ Յիսուսի օրինակին հետեւին, ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալով եւ կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախելով, ուր Աստուածաշունչը կը կարդացուի եւ կ’ուսումնասիրուի։

Աստուածաշունչի Ընթերցանութիւնը՝ Նախապատուութիւն մը

9. (ա) Ինչո՞ւ մեր ընթերցանութեան մէջ ընտրողական պէտք է ըլլանք։ (բ) Այս պարբերաթերթին հիմնադիրը ի՞նչ նշեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օգնական գրականութիւններուն նկատմամբ։

9 Սողոմոն իմաստուն թագաւորը գրեց. «Վերջապէս, որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։ Շատ գիրք շինելը ծայր չունի ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ»։ (Ժողովողի 12։12) Կարելի է աւելցնել որ ներկայիս հրատարակուած բազմաթիւ գիրքերը կարդալը ո՛չ միայն մարմինը կը յոգնեցնէ, այլ անկեղծ ըլլալու համար՝ մտքին համար վտանգաւոր է։ Ուստի, կարեւոր է ընտրողական ըլլալ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան նպաստող մեր գրականութիւնները կարդալէ զատ, պէտք է Աստուածաշունչն ալ կարդանք։ Այս պարբերաթերթին հիմնադիրը իր ընթերցողներուն գրեց. «Բնաւ մի՛ մոռնաք որ Աստուածաշունչն է մեր Չափանիշը, եւ թէ մեզի տրուած օգնականները որքան ալ աստուածատուր ըլլան, անոնք ‘օգնականներ’ են եւ ո՛չ թէ Աստուածաշունչը փոխարինողներ»։ * Հետեւաբար, սուրբ գրային գրականութիւնները չանտեսելով հանդերձ, պէտք է ուղղակի Աստուածաշունչը կարդանք։

10. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կարեւորութիւնը ի՞նչպէս շեշտած է։

10 Ասոր կարիքին գիտակցելով, տարիներէ ի վեր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ, Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէկ մասը ըրած է։ (Մատթէոս 24։45) Ներկայ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրով զայն ծայրէ ի ծայր կարելի է կարդալ շուրջ եօթը տարուան մէջ։ Այս յայտագիրը բոլորին օգտաւէտ է, բայց մա՛նաւանդ նորեկներուն, որոնք բնաւ ամբողջութեամբ չեն կարդացած Աստուածաշունչը։ Անոնք որոնք միսիոնարներու համար Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցը, եւ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը կը յաճախեն, ինչպէս նաեւ Պէթէլի ընտանիքի նոր անդամներ են, իրենցմէ կը պահանջուի որ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդան մէկ տարուան մէջ։ Անհատապէս կամ ընտանեօք ի՛նչ յայտագրի որ կը հետեւիք, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան նախապատուութիւն պէտք է տաք։

Ձեր Ընթերցանութեան Սովորութիւնը Ի՞նչ կը Յայտնէ

11. Ի՞նչպէս եւ ինչո՛ւ ամէն օր Եհովայի խօսքերով պէտք է սնուցանուինք։

11 Եթէ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին հետ քայլ պահելու դժուարութիւն ունիք, լաւ է որ դուք ձեզի հարց տաք. ‘Ընթերցումի, կամ հեռատեսիլ դիտելու իմ սովորութիւններս ի՞նչ ազդեցութիւն ունին Եհովայի Խօսքը կարդալու իմ կարողութեանս վրայ’։ Յիշեցէք որ Մովսէս գրեց՝ եւ Յիսուս կրկնեց՝ թէ «մարդ միայն հացով չ’ապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի»։ (Մատթէոս 4։4. Բ. Օրինաց 8։3) Ճիշդ ինչպէս որ ամէն օր հաց կամ անոր համապատասխան բան մը ուտելու կարիքը ունինք մեր ֆիզիքական մարմինը կազդուրելու համար, նոյն կերպով, ամէ՛ն օր Եհովայի խորհուրդները իւրացնելու պէտքը ունինք մեր հոգեւորականութիւնը պահպանելու համար։ Ամէն օր Եհովայի խորհուրդներուն կրնանք թափանցել՝ Սուրբ Գիրքը կարդալով։

12, 13. (ա) Պետրոս առաքեալ ի՞նչպէս կը պատկերացնէ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեծ փափաք ունենալը։ (բ) Պօղոս կաթի օրինակը ի՞նչպէս Պետրոսէն տարբեր իմաստով մը կը գործածէ։

12 Եթէ գնահատենք Աստուածաշունչը «ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք»ը, պիտի հրապուրուինք անով, ճիշդ ինչպէս մանուկ մը մօրը կաթին կը տենչայ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13) Պետրոս առաքեալ այս բաղդատութիւնը ըրաւ, երբ գրեց. «Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք մինչեւ փրկութիւն, քանզի Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք»։ (Ա. Պետրոս 2։2, 3) Եթէ անձնական փորձառութեամբ, իրապէս համտեսած ենք «Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը», Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հանդէպ մեծ փափաք պիտի զարգացնենք։

13 Պէտք է նկատի առնել որ Պետրոս այս հատուածին մէջ կաթին հետ եղած համեմատութիւնը Պօղոս առաքեալէն տարբեր իմաստով կը գործածէ։ Նորածինի մը համար, կաթը անոր սննդական ամբողջ կարիքն է։ Պետրոսի օրինակը ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ Խօսքը ‘մինչեւ փրկութիւն մեծնալու’ համար մեր ամէն կարիքը կը պարունակէ։ Իսկ Պօղոս իր կողմէ, հոգեւորապէս չափահաս ըլլալ դաւանողին խեղճ կերակրումի սովորութիւնը ցոյց տալու համար կը գործածէ կաթի կարիք ունենալը։ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս գրեց. «Թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։ Քանզի այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։ Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են [«ըմբռնելու կարողութիւնը մարզուած է», ՆԱ] բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։12-14) Աստուածաշունչի ուշադիր ընթերցանութիւնը կրնայ մեծապէս նպաստել մեր ըմբռնելու կարողութիւնը զարգացնելու եւ՝ հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր ախորժակը սրելու։

Ի՛նչպէս Կարդալ Աստուածաշունչը

14, 15. (ա) Աստուածաշունչի Հեղինակը ի՞նչ առանձնաշնորհում կը մատուցանէ մեզի։ (բ) Աստուածային իմաստութենէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։ (Օրինակներ տուէք։)

14 Ամենէն օգտաւէտ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կը սկսի ո՛չ թէ կարդալով, հապա՝ աղօթելով։ Աղօթքը հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։ Կարծես թէ խորունկ նիւթի մը մասին գիրք մը կը սկսիք կարդալ, անոր հեղինակէն խնդրելով որ ձեր կարդացածը հասկնալու մէջ օգնէ ձեզի։ Անիկա ի՜նչ մեծ նպաստ մը կրնայ ըլլալ։ Աստուածաշունչին Հեղինակը՝ Եհովա, այս առանձնաշնորհումը կը մատուցանէ ձեզի։ Առաջին դարու կառավարիչ մարմինի անդամներէն մէկը գրեց իր եղբայրներուն. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի»։ (Յակոբու 1։5, 6) Արդի Կառավարիչ Մարմինը անդադար մեզ կը յորդորէ որպէսզի աղօթարար հոգիով կարդանք Աստուածաշունչը։

15 Իմաստութիւնը՝ գիտութեան գործնական գործադրութիւնն է։ Ուստի, ձեր Աստուածաշունչը բանալէն առաջ Եհովայէ խնդրեցէք որ ձեզի օգնէ ձեր ընթերցանութեան մէջ տեսնելու այն կէտերը, որոնք ձեր անձնական կեանքին մէջ գործադրելու կարիքը ունիք։ Ձեր նոր սորված բաները կապեցէք ձեր նախկին գիտելիքներուն հետ։ Զանոնք ձեր ընդունած «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»ին հետ յարմարեցուցէք։ (Բ. Տիմոթէոս 1։13) Եհովայի վաղեմի ծառաներուն կեանքի կարգ մը միջադէպերուն մասին խորհեցէք եւ դուք ձեզի հարց տուէք թէ ի՛նչպէս պիտի հակազդէիք նման պարագաներու ներքեւ։—Ծննդոց 39։7-9. Դանիէլ 3։3-6, 16-18. Գործք 4։18-20

16. Ի՞նչ գործնական թելադրութիւններ տրուած են մեր Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը աւելի օգտաւէտ եւ գործնական դարձնելու համար։

16 Միայն էջեր ծածկելու համար մի՛ կարդաք։ Ժամանակ տուէք. ձեր կարդացածին վրայ կեցէք։ Երբ որոշ կէտ մը շփոթեցնէ ձեզ, անոր վերագրումներուն նայեցէք՝ եթէ ձեր Աստուածաշունչը կը պարունակէ։ Եթէ կէտը տակաւին յստակ չէ, նոթ առէք որպէսզի հետագային յաւելեալ փնտռտուք ընէք այդ մասին։ Մինչ կը կարդաք, նշեցէք այն համարները որոնք կ’ուզէք յիշել, կամ զանոնք ընդօրինակեցէք։ Կրնաք անձնական նոթեր կամ վկայակոչումներ աւելցնել լուսանցքին մէջ։ Այն համարները, որոնք կը խորհիք որ օր մը պէտք կրնաք ունենալ քարոզելու կամ սորվեցնելու գործին մէջ, անոնց գլխաւոր բառը նոթագրեցէք եւ ձեր Աստուածաշունչին ետեւի սուրբ գրային բառերու ցանկին մէջ նշեցէք։ *

Աստուածաշունչի Ընթերցանութիւնը Հաճոյք մը Դարձուցէք

17. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը կարդալէն պէտք է հաճոյք առնենք։

17 Սաղմոսերգուն խօսեցաւ ուրախ մարդու մը մասին, որուն «հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ [«օրէնքը ցած ձայնով կը կարդայ», ՆԱ]»։ (Սաղմոս 1։2) Աստուածաշունչի մեր առօրեայ ընթերցանութիւնը տհաճ պարտականութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ իսկական հաճոյք մը։ Զայն հաճոյք մը դարձնելու կերպերէն մէկն է՝ ձեր սորված բաներուն արժէքին իրապէս գիտակից ըլլալ։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը գրեց. «Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ . . . Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։ Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան»։ (Առակաց 3։13, 17, 18) Իմաստութիւն ձեռք ձգելու համար թափուած ջանքերը իրապէս արժէքաւոր են, քանի որ անոր ճամբաները հաճոյական են եւ խաղաղութեան, ուրախութեան, եւ վերջապէս, կեանքի ճամբաներ են։

18. Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն զատ ի՞նչ բանի կարիքը կայ, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

18 Այո, Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը թէ՛ օգտաւէտ է, թէ՛ հաճելի։ Բայց այսքանը բաւարա՞ր է։ Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիի անդամները դարերէ ի վեր կը կարդան Աստուածաշունչը, «որ միշտ կը սորվին, բայց բնաւ չեն կրնար ճշմարտութիւնը ճանչնալ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։7) Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը արդիւնաբեր ըլլալու համար, անոր միջոցաւ մեր ստացած գիտութիւնը մեր անձնական կեանքին մէջ կիրարկելու, եւ քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ գործածելու միտումով պէտք է ընենք զայն։ (Մատթէոս 24։14. 28։19, 20) Ասիկա ջանք եւ ուսումնասիրութեան լաւ կերպեր կը պահանջէ. ասոնք ալ հաճոյալի եւ վարձահատոյց կրնան ըլլալ, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Տես՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ, էջ 241, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 16 Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1995, էջ 16, «Թելադրութիւններ՝ Աստուածաշունչի Ձեր Ընթերցանութիւնը Բարելաւելու Համար» նիւթը։

Վերաքաղի հարցումներ

• Իսրայէլի թագաւորներուն տրուած ո՞ր խրատները ներկայ տեսուչներուն կը կիրարկուին եւ ինչո՛ւ։

• Որո՞նք այսօր «օտարական»ներուն եւ «տղաքներ»ուն նման են, եւ անոնք ինչո՞ւ պէտք է ամէն օր Աստուածաշունչ կարդան։

• Ի՞նչ գործնական կերպերով «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզի օգնած է որ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդանք։

• Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութենէն ի՞նչպէս կրնանք իսկապէս օգտուիլ եւ անկէ հաճոյք

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 9]

Մասնաւորաբար երէցները պէտք է ամէն օր Աստուածաշունչ կարդան

[Նկար՝ էջ 10]

Յիսուսի սովորութիւնն էր ժողովարանին մէջ Սուրբ Գրութիւններու ընթերցանութեան մասնակցիլ