Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկիրը պարզապէս փորձադա՞շտ մըն է

Երկիրը պարզապէս փորձադա՞շտ մըն է

Երկիրը պարզապէս փորձադա՞շտ մըն է

Ի՜ՆՉ հանգստութիւն։ Յաջողա՛ծ էր։ Աշակերտուհին որ երկու անտանելի շաբաթներ քննութիւններ տալով անցուցած էր, ի վերջոյ գոհացուցիչ տեղեկագրութիւն մը ստացած էր։ Այժմ, ան կրնար երկար ատենէ իր փափաքած գործին ձեռնարկել։

Շատեր, երկրի վրայ կեանքի հանդէպ նման տեսակէտ մը ունին։ Անոնք զայն կը նկատեն որպէս նախնական քննութիւն մը, որուն մէջէն բոլորս ալ պէտք է անցնինք։ Անկէ «յաջողութեամբ անցնողները» տեսակ մը Անդէնականի մէջ աւելի լաւ վիճակի մը պիտի փոխադրուին։ Արդարեւ, ցաւալի պիտի ըլլար եթէ ներկայ կեանքը, որ շատերու համար պարզ գոյութիւն մըն է, մարդոց լաւագոյն ակնկալութիւնը ըլլար։ Թէեւ իր կեանքին մեծ մասը առողջ եւ բարգաւաճ անցուց, Աստուածաշունչի դէմքերէն մէկը՝ Յոբը, դիտել տուաւ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է»։—Յոբայ 14։1

Շատերու մտածելակերպը արտացոլացնելով, Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «Աստուած մարդուն համար ի մտի ունէր երկնային փառքի ճակատագիրը։ . . . Մարդուն երջանկութիւնը երկնային երանութիւն ստանալուն մէջ կը կայանայ»։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քրիստոսի Եկեղեցիին կողմէ վերջերս կատարուած փորձագիտանք մը, ցոյց կու տար թէ մասնակցողներուն 87 տոկոսը կը հաւատան, թէ մեռնելէ ետք հաւանաբար երկինք պիտի երթան։

Քրիստոնեայ չեղողներէն շատեր ալ կ’ակնկալեն մեռնելէ ետք երկրէն լաւ վայր մը մեկնիլ։ Օրինակի համար, Մահմետականները կը յուսան երկնային դրախտ մը երթալ։ Չինաստանի եւ Ճափոնի մէջ, Պուտտայականութեան՝ Անարատ Երկիր աղանդներուն հետեւորդները, կը հաւատան թէ անդադար կրկնելով «Ամիթապհա»՝ Անսահման Լոյսի Պուտտային անունը, Անարատ Երկրին կամ Արեւմտեան Դրախտին մէջ պիտի վերածնին, ուր պիտի ապրին գերազանց ուրախութեան մէջ։

Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչը՝ աշխարհի մէջ ամենէն շատ թարգմանուած եւ բաշխուած սուրբ գիրքը՝ երկիրը չի ներկայացներ որպէս անկէ խոյս տրուելիք վայր մը, տեսակ մը ոտնաքար մը։ Զոր օրինակ, անիկա կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Աստուածաշունչին մէջ նաեւ կը գտնուի Յիսուսի համբաւաւոր խօսքը. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը»։—Մատթէոս 5։5

Ընդհանուրին կողմէ ընդունուած տեսակէտը՝ թէ մեր երկրային կեցութիւնը ժամանակաւոր է, այն գաղափարը կը հաղորդէ թէ մահը երանելի յետմահու կեանքի մը սեմն է։ Եթէ այս է պարագան, ուրեմն մահը իրապէս օրհնութիւն մըն է։ Սակայն, ընդհանուր առմամբ, մարդիկ մահը ա՞յս կերպով կը դիտեն, թէ ոչ կը փորձեն իրենց կեանքը երկարեցնել։ Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ երբ մարդիկ տրամաբանական չափով առողջութիւն եւ ապահովութիւն վայելեն, անոնք մեռնիլ չեն ուզեր։

Այսուհանդերձ, քանի որ երկրի վրայ կեանքը չարութեամբ եւ տառապանքով լեցուն է, տակաւին շատերուն կողմէ երկինքը կը նկատուի որպէս միակ վայրը, ուր իսկական խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կարելի է գտնել։ Երկինքը, պարզապէս չարութենէ եւ աններդաշնակութենէ բոլորովին զերծ, երանելի խաղաղութեան վա՞յր մըն է։ Իսկ Անդէնականը միայն երկնային որոշ ծիրի մը մէ՞ջ է։ Աստուածաշունչի պատասխանները կրնան ձեզ զարմացնել։ Հաճեցէք շարունակել ձեր ընթերցանութիւնը։