Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընթերցելու եւ ուսումնասիրելու համար ժամանակը ծախու առէք

Ընթերցելու եւ ուսումնասիրելու համար ժամանակը ծախու առէք

Ընթերցելու եւ ուսումնասիրելու համար ժամանակը ծախու առէք

«Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։16

1. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է մեր ժամանակը ծրագրել, իսկ մեր ժամանակին գործածութեան կերպը ի՞նչ կը յայտնէ մեր մասին։

ԸՍՈՒԱԾ է թէ՝ «ժամանակ որոշելը՝ ժամանակ խնայել է»։ Այն անհատը որ իր ընելիք բաներուն համար ժամանակ կը յատկացնէ, սովորաբար իր ժամանակէն աւելի կ’օգտուի։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Ամէն բանի ատենը կայ ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը»։ (Ժողովողի 3։1) Բոլորս ալ մեր տրամադրութեան ներքեւ նոյնքան ժամանակ ունինք. մեզի կ’իյնայ թէ զայն ի՛նչպէս կը գործածենք։ Մեր դրած առաջնահերթութիւններն ու մեր ժամանակին բաժանումը մեծաւ մասամբ կը յայտնեն թէ մեր սրտին համար ի՛նչն է ամենէն արժէքաւոր բանը։—Մատթէոս 6։21

2. (ա) Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ մեր հոգեւոր կարիքին մասին։ (բ) Յաջորդաբար ի՞նչպիսի անձնաքննութիւն մը պիտի ընենք։

2 Ստիպուած ենք ուտելու ու քնանալու համար ժամանակ յատկացնել, քանի որ ասոնք ֆիզիքական կարիքներ են։ Իսկ մեր հոգեւոր կարիքներուն համար ի՞նչ կ’ընենք։ Գիտենք որ անոնց ալ գոհացում պէտք է տրուի։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն [«անոնց որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր պէտքերուն», ՆԱ], վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է»։ (Մատթէոս 5։3) Անոր համար է որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» յարատեւաբար մեզի կը յիշեցնէ թէ կարեւոր է ժամանակ յատկացնել Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան։ (Մատթէոս 24։45) Թերեւս կը գիտակցիք որ ասիկա շատ կարեւոր է, բայց կը խորհիք որ Աստուածաշունչ կարդալու կամ ուսումնասիրելու համար ժամանակ չունիք։ Եթէ այս է պարագան, մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ Խօսքի ընթերցանութեան, անձնական ուսումնասիրութեան ու խոկալու տեղ տալու համար, միասնաբար կերպեր ու միջոցներ քննենք։

Աստուածաշունչի Ընթերցանութեան եւ Ուսումնասիրութեան Համար Ժամանակ Գտնել

3, 4. (ա) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ մեր ժամանակը գործածելու մասին եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Պօղոս ի՞նչ ըսել կ’ուզէր, երբ մեզի խրատ տուաւ որ ‘ժամանակը ծախու առնենք’։

3 Մեր ապրած ժամանակները ի մտի ունենալով, բոլորս ալ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք Պօղոս առաքեալի խօսքերուն. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը»։ (Եփեսացիս 5։15-17) Որպէս նուիրուած Քրիստոնեաներ, անշուշտ այս խրատը մեր կեանքին բոլոր մարզերը կը ծածկէ, չմոռնալով ժամանակ տրամադրել աղօթքի, ուսումնասիրութեան, ժողովներու եւ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ կարելի եղածին չափ լիարժէք մասնակցութիւն բերելու համար։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

4 Ըստ երեւոյթին, Եհովայի ծառաներէն շատեր ներկայիս դժուարութիւն ունին իրենց կեանքին մէջ տեղ յատկացնելու Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ խորունկ ուսումնասիրութեան։ Որոշ է որ չենք կրնար մեր օրուան վրայ ժամ մը աւելցնել, ուստի Պօղոսի խրատը ուրիշ իմաստ մը պէտք է ունենայ։ Յունարէնին մէջ՝ «ժամանակը ծախու առէք» նախադասութիւնը իր մէջ կը պարունակէ, ուրիշ բանի մը հաշւոյն ծախու առնելու իմաստը։ Վայնի Բացատրական Բառարանը անոր կու տայ հետեւեալ իմաստը. «Ամէն պատեհութիւն լաւագոյնս օգտագործել, ամէն առիթէ լաւագոյնս օգտուիլ, քանի որ փախցուած առիթը ետ չի գար»։ Աստուածաշունչ կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար ժամանակը ի՞նչ բանէ եւ ուրկէ՛ կրնանք ծախու առնել։

Առաջնահերթութիւններ Որոշել

5. Ինչո՞ւ եւ ի՛նչպէս պէտք է ‘աւելի կարեւոր բաները ընտրենք’։

5 Մեր աշխարհիկ պարտականութիւններէն զատ, հոգեւոր բնոյթ ունեցող շատ բաներ ունինք որոնց պէտք է հոգ տանինք։ Որպէս Եհովայի նուիրուած ծառաներ «շատ բան ունինք ընելիք Տէրոջը գործին մէջ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։58, ՆԱ) Այս պատճառով, Պօղոս յորդորեց Փիլիպպէի Քրիստոնեաները, որ ‘աւելի կարեւոր բաները ընտրեն’։ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ) Ասիկա կը նշանակէ թէ առաջնահերթութիւններ պէտք է դնենք։ Հոգեւոր բաները միշտ պէտք է նիւթական հետաքրքրութիւններէն առաջ գան։ (Մատթէոս 6։31-33) Սակայն, մեր հոգեւոր պարտականութիւնները կատարելու մէջ ալ հաւասարակշռուած պէտք է ըլլանք։ Մեր քրիստոնէական կեանքին տարբեր մարզերուն համար մեր ժամանակը ի՞նչպէս կը բաժնենք։ Ճամբորդող տեսուչները կը տեղեկագրեն թէ Քրիստոնեաներուն հոգ տանելիք ‘աւելի կարեւոր բաներուն’ մէջ, անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը անտեսուելու հակում մը կայ։

6. Աշխարհիկ գործի կամ տան գործի պարագային, ժամանակը ծախու առնել ի՞նչ կրնայ պարփակել։

6 Ինչպէս տեսանք, ժամանակը ծախու առնել իր մէջ կը պարփակէ «ամէն պատեհութիւն լաւագոյնս օգտագործել» եւ «ամէն առիթէ լաւագոյնս օգտուիլ»։ Ուստի, եթէ մեր Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը շատ խեղճ վիճակի մէջ է, լաւ է որ անձնական վերլուծում մը ընենք, տեսնելու համար թէ մեր ժամանակը ի՛նչպէս կ’անցընենք։ Եթէ մեր աշխարհիկ գործը չափազանց պահանջկոտ է, մեր ժամանակը եւ ուժը չափէ դուրս կը վատնէ, այս մասին Եհովայի պէտք է աղօթենք։ (Սաղմոս 55։22) Թերեւս կրնանք բարեճշդումներ ընել, որպէսզի աւելի ժամանակ ունենանք Եհովայի պաշտամունքին՝ ի ներառեալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան նման կարեւոր բաներու համար։ Շիտակ է այդ խօսքը թէ կնոջ մը գործը բնա՛ւ չի վերջանար։ Ուստի, Քրիստոնեայ քոյրեր ալ առաջնահերթութիւններ պէտք է դնեն եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան համար որոշ ժամանակ յատկացնեն։

7, 8. (ա) Ընդհանրապէս ո՞ր գործունէութիւններէն կարելի է ժամանակ ծախու առնել կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար։ (բ) Զբօսանքին նպատակը ի՞նչ է եւ ասիկա յիշելը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ որ առաջնահերթութիւններ դնենք։

7 Ընդհանրապէս, շատերս կրնանք ուսումնասիրութեան համար ժամանակ ծախու առնել անհրաժեշտ չեղող գործունէութիւններու հաշւոյն։ Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Ո՞րքան ժամանակ կը յատկացնեմ աշխարհիկ պարբերաթերթեր կամ լրագիր կարդալու, հեռատեսիլի յայտագիրներ դիտելու, երաժշտութիւն ունկնդրելու, կամ խաղեր խաղալու համար։ Համակարգիչի՞ն դիմաց աւելի ժամանակ կ’անցընեմ թէ՝ Աստուածաշունչ կարդալով’։ Պօղոս կ’ըսէ. «Անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը»։ (Եփեսացիս 5։17) Ըստ երեւոյթին, հեռատեսիլի անտրամաբանական գործածութիւնը գլխաւոր պատճառն է որ Վկաներ բաւարար ժամանակ չյատկացնեն անձնական ուսումնասիրութեան եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան։—Սաղմոս 101։3. 119։37, 47, 48

8 Ոմանք կրնան ըսել թէ միշտ չեն կրնար ուսումնասիրել եւ թէ քիչ մը զբօսանք ընելու կարիքը ունին։ Թէեւ ասիկա ճիշդ է, բայց լաւ է հանգստանալու ժամանակը համեմատել Աստուածաշունչը իսկապէս ուսումնասիրելու ու կարդալու հետ։ Արդիւնքը կրնայ զարմացնել մեզ։ Զբօսանքն ու հանգստանալը անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ, իրենց տեղը պէտք է պահուին։ Անոնց նպատակն է մեզ թարմացնել, որպէսզի վերանորոգուած կորով ունենանք հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ Հեռատեսիլի եւ պատկերիզի շատ խաղեր անհատ մը ուժասպառ կը դարձնեն, մինչդեռ Աստուծոյ Խօսքը կարդալն ու ուսումնասիրելը կը թարմացնէ ու կը կազդուրէ։—Սաղմոս 19։7, 8

Ոմանք Ի՛նչպէս Ուսումնասիրութեան Համար Ժամանակ կը Գտնեն

9. 1999–ի Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին մէջ տրուած խրատին հետեւելուն օգուտները ի՞նչ են։

9 1999–ի Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին նախաբանը կը նշէր. «Առաւելութիւնները շատ աւելի են, եթէ այս գրքոյկէն օրուան համարը առաւօտո՛ւն նկատի առնէք։ Այդ տպաւորութիւնը պիտի ունենաք որ Եհովա՝ Մեծ Ուսուցիչը, ձեզ կ’արթնցնէ իր հրահանգներով։ Յիսուս Քրիստոսի մասին մարգարէաբար ըսուած է որ ամէն առաւօտ Եհովայի հրահանգներէն կ’օգտուի. ‘[Եհովա] ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, անիկա իմ ականջս կը բանայ, որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ’։ Այսպիսի հրահանգներ ‘իմաստուններու լեզու’ տուին Յիսուսի, որպէսզի ‘կարենայ խօսքով օգնել յոգնածին’։ (Եսայ. 30։20. 50։4. Մատթ. 11։28-30) Ամէն առաւօտ Աստուծոյ Խօսքէն այժմէական խրատ ստանալու համար արթննալը ոչ միայն ձեզի պիտի օգնէ որ ձեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլէք, այլեւ ձեզ պիտի զինէ ‘իմաստուններու լեզուով’ ուրիշներուն օգնելու»։ *

10. Ոմանք ի՞նչպէս ժամանակ կը գտնեն Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան. ի՞նչ օգուտներ քաղելով։

10 Շատ Քրիստոնեաներ այս խրատին կը հետեւին օրուան համարը եւ անոր մեկնութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածաշունչ կարդալով, կամ առաւօտ կանուխ զայն ուսումնասիրելով։ Ֆրանսայի մէջ, հաւատարիմ ռահվիրայ մը ամէն առաւօտ կանուխ կ’արթննայ եւ 30 վայրկեան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կը յատկացնէ։ Ի՞նչ բան օգնած է իրեն որ տարիներ այս բանը ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Շատ մեծ ցանկութիւն ունիմ եւ ընթերցանութեան յայտագրիս կառչած կը մնամ, ի՛նչ որ ալ պատահի»։ Օրուան մէջ ինչ որ ալ ըլլայ մեր ընտրած ժամանակը, կարեւորը այն է որ մեր յայտագրին կառչած մնանք։ Ռընէ Միգա, որ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր ռահվիրայութիւն կ’ընէ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, կ’ըսէ. «1950–էն ի վեր նպատակակէտս եղած է ամէն տարի Աստուածաշունչը լրիւ կարդալ, ինչ որ արդէն 49 անգամ ըրած եմ։ Կը խորհիմ որ ասիկա կենսական է Ստեղծիչիս հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը պահպանելու համար։ Աստուծոյ Խօսքին վրայ խորհրդածելը կ’օգնէ որ Եհովայի արդարութիւնը եւ իր այլ յատկութիւնները աւելի լաւ հասկնամ եւ ասոնք անհաւատալի զօրութեան աղբիւր մը եղած են ինծի համար»։ *

‘Ատենին Ուտելիք’

11, 12. (ա) Ի՞նչ հոգեւոր «ուտելիք» հայթայթուած է ‘հաւատարիմ տնտեսին’ կողմէ։ (բ) «Ուտելիք»ը ի՞նչպէս ատենին հայթայթուած է։

11 Ճիշդ ինչպէս որ կանոնաւորաբար ուտելու սովորութիւնները ֆիզիքական լաւ առողջութեան կը նպաստեն, ուսումնասիրութեան եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագիր մը, հոգեւոր լաւ առողջութեան կ’օժանդակէ։ Ղուկասու Աւետարանին մէջ, կը կարդանք Յիսուսի խօսքերը. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ»։ (Ղուկաս 12։42) Այժմ, աւելի քան 120 տարի է որ հոգեւոր ‘ուտելիքը ատենին’ հայթայթուած է Դիտարան–ին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Սուրբ Գրքի վրայ հիմնուած ուրիշ գիրքերու եւ գրականութիւններու մէջ։

12 Նկատեցէք՝ «ատենին» արտայայտութիւնը։ Ճիշդ ժամանակին, մեր «Մեծ Ուսուցիչ»ը, Եհովա, իր Որդւոյն եւ ծառայ դասակարգին միջոցով իր ժողովուրդը առաջնորդած է վարդապետութեան եւ վարքի հետ կապ ունեցող հարցերու մէջ։ Կարծէք թէ հաւաքականօրէն ձայն մը լսած ենք, որ կ’ըսէ. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։20, 21ՆԱ) Ասկէ զատ, երբ անհատ մը ուշադիր կերպով Աստուածաշունչ եւ սուրբ գրային բոլոր գրականութիւնները կարդայ, յաճախ այն զգացումը կ’ունենայ որ հոն արտայայտուած բոլոր միտքերը մասնաւորաբար իրեն ուղղուած են։ Այո, աստուածային խրատը եւ առաջնորդութիւնը ատենին կը հասնի, մեզի օգնելով որ փորձութեան ընդդիմանանք եւ իմաստուն որոշումներ տանք։

Կերակրուելու Լաւ Վարժութիւն մը Զարգացուցէք

13. Հոգեւոր կերակրումի կարգ մը խեղճ վարժութիւններ ի՞նչ են։

13 Ատենին հայթայթուած այսպիսի «ուտելիք»է լիովին օգտուելու համար, պէտք է կերակրուելու լաւ վարժութիւն մը ունենանք։ Անհրաժեշտ է Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ անձնական ուսումնասիրութեան կանոնաւոր յայտագիր մը ունենալ։ Հոգեւոր կերակրումի լաւ վարժութիւն եւ անձնական խոր ուսումնասիրութեան կանոնաւոր պահեր ունի՞ք։ Թէ ոչ միմիայն հարեւանցի կը կարդաք նիւթ մը, որ այնքան բծախնդրութեամբ պատրաստուած է մեզի համար, ճիշդ որպէս թէ հապճեպով կ’ուտէք, կամ նոյնիսկ կարգ մը ճաշերուն վրայէն ամբողջովին կ’անցնիք։ Հոգեւոր կերակրումի խեղճ վարժութիւններ պատճառ եղած են որ ոմանք հաւատքի մէջ տկարանան, նոյնիսկ՝ անկէ հեռանան։—Ա. Տիմոթէոս 1։19. 4։15, 16

14. Ինչո՞ւ օգտակար է ուշադիր կերպով դարձեալ նկատի առնել նիւթ մը որ մեզի ծանօթ կրնայ թուիլ։

14 Ոմանք կրնան խորհիլ թէ իրենք արդէն գիտեն հիմնական վարդապետութիւնները եւ թէ ամէն յօդուած բոլորովին նոր բան մը չի մատուցաներ։ Հետեւաբար, կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը եւ ժողովներու յաճախելը անհրաժեշտ չեն։ Բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ մեր արդէն գիտցած բաները վերյիշելու կարիքը ունինք։ (Սաղմոս 119։95, 99. Բ. Պետրոս 3։1. Յուդա 5) Ճիշդ ինչպէս որ լաւ խոհարար մը համադամ ճաշեր կը պատրաստէ հիմնական նոյն բաղադրանիւթերը գործածելով, ծառայ դասակարգն ալ հոգեւոր սննդարար ուտելիք կը հայթայթէ շատ այլազան կերպերով։ Նոյնիսկ այն յօդուածներուն մէջ, որոնց նիւթերը յաճախ նկատի առնուած են նախապէս, կան կարգ մը գեղեցիկ կէտեր, զորս չենք ուզեր կորսնցնել։ Իրողութիւնը այն է որ մեր կարդացած նիւթէն որքան օգտուիլը մեծաւ մասամբ կախեալ է թէ ո՛րչափ ժամանակ ու ջանք կը տրամադրենք զայն ուսումնասիրելու համար։

Կարդալուն եւ Ուսումնասիրելուն Հոգեւոր Օգուտները

15. Աստուածաշունչը կարդալը եւ ուսումնասիրելը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ Աստուծոյ Խօսքին աւելի լաւ քարոզիչներ ըլլանք։

15 Աստուածաշունչը կարդալէն եւ ուսումնասիրելէն մեր քաղած օգուտները բազմաթիւ են։ Մեզի օգնութիւն տրուած է որ մեր հիմնական քրիստոնէական պատասխանատուութիւններէն մէկուն գոհացում տանք. այսինքն անհատապէս ըլլանք «այնպիսի բանուոր մը . . ., որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Ո՛րքան կարդանք եւ ուսումնասիրենք Աստուածաշունչը, այնքան աւելի մեր միտքը պիտի լեցուի Աստուծոյ խորհուրդներով։ Այն ատեն, Պօղոսի նման, պիտի կարենանք ‘բացատրել եւ ապացուցանել’ Եհովայի նպատակներուն հոյակապ ճշմարտութիւնը։ (Գործք 17։2, 3, Երուսաղէմ) Ուսուցանելու մէջ աւելի հմուտ պիտի ըլլանք եւ մեր խօսակցութիւնը, դասախօսութիւններն ու խրատները հոգեւորապէս աւելի կերտիչ պիտի ըլլան։—Առակաց 1։5

16. Անձնապէս ի՞նչպէս կ’օգտուինք Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն եւ ուսումնասիրութենէն։

16 Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքը քննելու համար մեր յատկացուցած ժամանակը մեզի պիտի օգնէ որ մեր կեանքը աւելի լման կերպով Եհովայի ճամբաներուն համաձայն վարենք։ (Սաղմոս 25։4. 119։9, 10. Առակաց 6։20-23) Անիկա պիտի զօրացնէ մեր հոգեւոր յատկութիւնները, ինչպէս՝ խոնարհութիւն, հաւատարմութիւն եւ ուրախութիւն։ (Բ. Օրինաց 17։19, 20. Յայտնութիւն 1։3) Երբ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն եւ ուսումնասիրութենէն մեր ձեռք ձգած գիտութիւնը կիրարկենք, Աստուծոյ հոգին աւելի ազատօրէն պիտի ներգործէ մեր կեանքին մէջ, մեր բոլոր ըրած բաներուն մէջ հոգիին պտուղները աւելի մեծ չափով ի յայտ գալով։—Գաղատացիս 5։22, 23

17. Աստուածաշունչի մեր անձնական ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան քանակը եւ որակը Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։

17 Ամենէն կարեւորը, Աստուածաշունչը կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար ուրիշ գործունէութիւններէն ծախու առնուած ժամանակը Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ ճոխ օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Պօղոս աղօթեց որ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները Աստուծոյ ‘կամքին գիտութիւնովը, լեցուին իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէս զի Տէրոջը արժանի կերպով քալեն եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնեն’։ (Կողոսացիս 1։9, 10) Նմանապէս, ‘Եհովայի արժանի կերպով քալելու’ համար, պէտք է «անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով»։ Յստակօրէն, Եհովայի օրհնութիւնը եւ հաճութիւնը շահիլը մեծաւ մասամբ կախեալ է Աստուածաշունչի մեր անձնական ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան քանակէն եւ որակէն։

18. Եթէ Յովհաննու 17։3–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն հետեւինք, ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

18 «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Ասիկա այն համարներէն մէկն է զոր Եհովայի Վկաները շատ կը գործածեն, օգնելու համար որ մարդիկ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու կարեւորութիւնը տեսնեն։ Վստահաբար նուազ կարեւոր չէ որ իւրաքանչիւրս ա՛նձնապէս ասիկա ընենք։ Յաւիտեան ապրելու բուն մեր յոյսը Եհովայի եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութեան մէջ աճելէն կախեալ է։ Իսկ միայն խորհեցէք թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Եհովայի մասին անվերջ պիտի սորվինք, իսկ յաւիտենականութի՛ւնը պիտի ունենանք մեր դիմաց, իր մասին սորվելու համար։—Ժողովողի 3։11. Հռովմայեցիս 11։33

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 9 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 10 Տես՝ «Անոնք Ե՛րբ կը Կարդան Զայն եւ Ի՛նչպէս կ’Օգտուին» յօդուածը Դիտարան 1 Մայիս 1995, էջ 20-21 (Անգլերէն)։

Վերաքաղի հարցումներ

• Մեր ժամանակին գործածութեան կերպը ի՞նչ կը յայտնէ։

• Ո՞ր գործունէութիւններէն կարելի է ժամանակ ծախու առնել Աստուածաշունչը կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար։

• Մեր հոգեւոր կերակրումի վարժութեան նկատմամբ ինչո՞ւ աչալուրջ պէտք է ըլլանք։

• Սուրբ Գիրքը կարդալով եւ ուսումնասիրելով ի՞նչ օգուտներ կը ստանանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 20, 21]

Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալը եւ ուսումնասիրելը մեզի պիտի օգնէ որ ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրենք’

[Նկար՝ էջ 23]

Մեր բազմազբաղ կեանքին մէջ ուրիշ գործունէութիւնները հոգեւոր հետապնդումներով հաւասարակշռելը ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ