Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մասնաւոր ժառանգութեամբ մը օրհնուած

Մասնաւոր ժառանգութեամբ մը օրհնուած

Կենսագրութիւն

Մասնաւոր ժառանգութեամբ մը օրհնուած

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ԳԱՐՈԼ ԷԼԸՆ–Ի ԿՈՂՄԷ

Առանձին էի, գեղեցիկ ու նոր գիրքս ամուր բռնած։ Վախը պատեց զիս եւ արցունքներ սահեցան այտերէս։ Ի վերջոյ, միայն եօթը տարեկան աղջնակ մըն էի՝ օտար քաղաքի մը մէջ, հարի՛ւր հազարաւոր մարդոցմով շրջապատուած։

ՎԵՐՋԵՐՍ՝ շուրջ 60 տարիներ ետք, մանկութեան այդ վառ յիշատակները ողողեցին միտքս, երբ ամուսնոյս, Փոլին հետ այցելեցինք գեղեցիկ Դիտարանի Կրթական Կեդրոնը, Փէթըրսընի մէջ, Նիւ Եորք։ Ինք հոն հրաւիրուած էր Եհովայի Վկաներու ճամբորդող տեսուչներու դպրոցին երկրորդ դասարանը յաճախելու համար։

Մինչ լուսաւոր նախասրահին մէջ շուրջս կը դիտէի, «ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐ» խորագրով մեծ ցուցատախտակ մը նկատեցի։ Անոր մէջտեղը հին սեւ–ճերմակ պատկեր մը կար. երախաներ հրճուանքով օդին մէջ կը ճօճէին գիրք մը որ մանկութեանս ունէի։ Անմիջապէս կարդացի պատկերին խորագիրը. «1941՝ Սէնթ Լուիզի մէջ, Միսուրի, երբ առաւօտեան նիստը սկսաւ, 5–էն 18 տարեկանի միջեւ եղող 15,000 երախաներ հաւաքուած էին գլխաւոր դաշտավայրին մէջ՝ բեմին ճիշդ դիմացը։ . . . Եղբայր Ռատըրֆորտը ծանուցանեց Երախաներ խորագրով նոր գրքին լոյս տեսնելը»։

Իւրաքանչիւր երախայի անձնական օրինակ մը տրուեցաւ։ Անկէ ետք երախաները վերադարձան իրենց ծնողներուն քով, բոլորը՝ բացի ինձմէ։ Ես կորսուա՜ծ էի։ Ազնիւ հիւրընկալ մը զիս գրկեց եւ նուիրատուութեան երկար տուփի մը վրայ կայնեցուց եւ ինծի ըսաւ որ շուրջս նայիմ, ծանօթ մը տեսնելու համար։ Անձկութեամբ աչքէ անցուցի լայն սանդուխներէն վար խուժող ամբոխը։ Յանկարծ ծանօթ դէմք մը տեսայ։ «Պապ հօբար, Պապ հօբար», վերջապէ՜ս գտնուած էի։ Պապ Ռէյնըրը զիս տարաւ հոն՝ ուր մտահոգուած ծնողքս կը սպասէր։

Կեանքս Ձեւաւորող Նախնական Դէպքեր

Այդ ցուցատախտակին նայիլը յիշատակներով ողողեց զիս. դէպքեր՝ որոնք իմ կեանքս ձեւաւորեցին եւ Փէթըրսընի սիրուն համալիրին մէջ գտնուելու առաջնորդեցին մեզ։ Միտքս դէպի ետ գնաց աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ պատահած դէպքերուն. բաներ՝ որոնք լսած էի մասնաւորաբար մեծ–ծնողներէս եւ ծնողներէս։

Դեկտեմբեր 1894–ին, լիաժամ Աստուածաշունչի Աշակերտ մը՝ ինչպէս Եհովայի Վկաները կը ճանչցուէին այն ատեն՝ մեծհօրս՝ Գլէյթըն Ճ. Ուուտուըրթին այցելած էր իր բնակարանին մէջ, Սգրէնթըն, Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.)։ Գլէյթընը նոր ամուսնացած էր։ Ան նամակ մը գրեց Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան նախագահ՝ Չարլզ Թէյզ Ռասըլի, եւ անիկա հրատարակուեցաւ 15 Յունիս 1895–ի Դիտարան–ին մէջ։ Ան բացատրեց.

«Մենք երիտասարդ տէր եւ տիկին մըն ենք, եւ շուրջ տասը տարիներէ ի վեր անուանական եկեղեցիի մը անդամներ ենք. բայց հիմա վստահ ենք որ անոր խաւարէն նոր օրուան արշալոյսին մէջ կը մտնենք, որ կը ծագի Բարձրելոյն նուիրագործուած զաւակներուն համար։ . . . Մենք իրարու հանդիպելէն շատ առաջ, մեր սրտին փափաքն էր օտար դաշտի մը մէջ որպէս միսիոնար Տիրոջ ծառայել՝ եթէ երբեք այդ է իր կամքը»։

Հետագային, 1903–ին, մօրս մեծ–ծնողներուն ծնողքը՝ Սէպասթյըն եւ Գէթրին Գրէզկի, ուրախութեամբ լսեցին Դիտարանի երկու ներկայացուցիչներուն բերած Աստուածաշունչի պատգամը, որոնք Փէնսիլվանիոյ Փոգոնօ սիրուն Լեռներուն մէջ գտնուող իրենց բնակած մեծ ագարակը կ’այցելէին։ Անոնց դուստրերը՝ Գորան եւ Մէյրին ալ հոն կը բնակէին իրենց ամուսիններուն, Ուաշինկթըն եւ Էտմընտ Հօուէլի հետ։ Դիտարանի ներկայացուցիչները՝ Գարլ Հէմըրլի եւ Ռէյ Ռէթգլիֆ մէկ շաբաթ անոնց քով մնացին, անոնց շատ բաներ սորվեցնելով։ Այս ընտանիքին վեց անդամները մտիկ ըրին, ուսումնասիրեցին եւ շուտով եռանդուն Աստուածաշունչի Աշակերտներ եղան։

Այդ նոյն տարին՝ 1903–ին, Գորա եւ Ուաշինկթըն Հօուէլ աղջիկ մը ունեցան Գէթրին անունով։ Անոր ամուսնութիւնը իմ հօրս՝ Գլէյթըն Ճ. Ուուտուըրթ Կր. հետ, կը խորհիմ որ շատ հետաքրքրական եւ իմաստալից պատմութիւն մըն է։ Անիկա ցոյց կու տայ իմ մեծհօրս, Գլէյթըն Ճ. Ուուտուըրթի Եր. սիրալիր ներատեսութիւնը եւ ծնողական հոգատարութիւնը։

Հայրս Սիրալիր Օգնութիւն կը Ստանայ

Հայրս՝ Գլէյթըն կրտսերը, ծնած էր 1906–ին Սգրէնթընի մէջ, Հօուէլներուն ագարակէն մօտաւորապէս 80 քմ. անդին։ Այդ տարիներուն, մեծհայրս՝ Ուուտուըրթ՝ մօտէն ծանօթացած էր Հօուէլ մեծ ընտանիքին, յաճախ անոնց հանրածանօթ հիւրասիրութիւնը վայելելով։ Ան այդ շրջանի Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ժողովքին մեծապէս օգտակար էր։ Ժամանակ մը ետք, մեծհօրմէս խնդրեցին որ Հօուէլներու երեք տղոց ամուսնութիւնը կատարէ, եւ ան իր տղուն բարօրութիւնը ի մտի ունենալով իւրաքանչիւր ամուսնութեան զինք իր հետ կը տանէր։

Հայրս այն ատեն Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ծառայութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն բերող մը չէր։ Ճիշդ է որ ինք մղած էր մեծհօրս որ իր քարոզչական այցելութիւնները կատարէր, բայց հակառակ մեծհօրս քաջալերութիւններուն, հայրս անձամբ գործօն մասնակցութիւն չէր բերեր։ Այդ ժամանակ երաժշտութեան հանդէպ հօրս ունեցած հետաքրքրութիւնը մնացեալ բոլոր բաները կը գերազանցէր եւ անոր նպատակն էր զայն իր ասպարէզը դարձնել, անոր մէջ մասնագիտանալով։

Գորա եւ Ուաշինկթըն Հօուէլներու աղջիկը՝ Գէթրինն ալ յաջողակ երաժշտուհի մը եղած էր. ան դաշնակ կը նուագէր ու կը դասաւանդէր։ Բայց ճիշդ այն ատեն երբ մասնագիտական ասպարէզ մը կը բացուէր իր դիմաց, ան զայն մէկ կողմ դրաւ եւ սկսաւ լիաժամ ծառայութեան մասնակցիլ։ Մեծհայրս իր տղուն համար ա՛սկէ աւելի լաւ ընկերուհի մը չէր կրնար երեւակայել՝ գոնէ իմ կարծիքով։ Հայրս մկրտուեցաւ եւ վեց ամիս ետք մօրս հետ ամուսնացաւ, 1931–ի Յունիսին։

Մեծհայրս իր տղուն երաժշտական տաղանդով միշտ հպարտ կը զգար։ Ան շա՛տ ուրախացաւ երբ հօրմէս խնդրուեցաւ որ համաժողովի մեծ նուագախումբին կորիզը մարզէ, 1946–ի Քլիվլէնտի, Օհայօ, միջազգային համաժողովին համար։ Յաջորդ տարիներուն, հայրս բազմիցս նուագախումբը վարեց, Եհովայի Վկաներու այլ համաժողովներուն։

Մեծ Հօրս Դատավարութիւնը եւ Բանտարկութիւնը

Փէթըրսընի նախասրահին մէջ, Փոլ եւ ես այդ ցուցատախտակին մէջ պատահաբար տեսանք նաեւ յաջորդ էջին վրայի պատկերը։ Անմիջապէս ճանչցայ պատկերը, քանի որ մեծհայրս աւելի քան 50 տարի առաջ անկէ օրինակ մը ղրկած էր ինծի։ Ան հեռաւոր աջին կայնողն է։

Առաջին Աշխարհամարտի ատենները հայրենասիրական տագնապի ընթացքին, այս ութ Աստուածաշունչի Աշակերտները, մէջը ըլլալով Ճոզէֆ Ռատըրֆորտը (մէջտեղը նստած)՝ Դիտարանի Ընկերութեան նախագահը, անիրաւաբար բանտարկուեցան եւ կալանուեցան առանց երաշխաւորութեան։ Անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւնը հիմնուած էր Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ուն եօթներորդ հատորին՝ Կատարուած Խորհուրդը գրքին մէջ գտնուած կարգ մը արտայայտութիւններու վրայ։ Այդ արտայայտութիւնները սխալ կերպով ըմբռնուած էին, որպէս թէ անոնք չէին քաջալերեր որ Միացեալ Նահանգները Ա. Համաշխարհային Պատերազմին մասնակցէր։

Չարլզ Թէյզ Ռասըլը տարիներ դրած էր Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ուն առաջին վեց հատորները գրելու համար, բայց եօթներորդը գրելէն առաջ ան մահացաւ։ Ուստի, անոր նոթերը տրուեցան մեծհօրս եւ ուրիշ Աստուածաշունչի աշակերտի մը, եւ անոնք գրեցին եօթներորդ հատորը։ Անիկա լոյս տեսաւ 1917–ին, պատերազմը աւարտելէն առաջ։ Դատավարութեան ընթացքին, մեծհայրս եւ մնացեալներուն մեծամասնութիւնը 20 տարուան չորս համընթաց դատապարտութիւններ ստացան։

Փէթըրսընի նախասրահին մէջի պատկերին խորագիրը կը բացատրէր. «Ռատըրֆորտի եւ իր ընկերակիցներուն դատավճիռէն ինը ամիս ետք՝ պատերազմն ալ վերջացած ըլլալով՝ 21 Մարտ 1919–ին, վերաքննիչ ատեանը ութը ամբաստանեալներուն համար երաշխաւորում պահանջեց, եւ 26 Մարտին Պրուքլինի մէջ ազատ արձակուեցան, ամէն մէկուն համար 10,000 տոլար երաշխաւորութեամբ։ 5 Մայիս 1920–ին, Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ եւ մնացեալները անմեղ յայտարարուեցան»։

Դատավճիռը ստանալէն ետք եւ դաշնակցային Աթլանթայի, Ճորճիա, բանտը ղրկուելէն առաջ, ութն ալ իրենց առաջին քանի մը օրը անցուցին Ռէյմոնտ Սթրիթի բանտը, Պրուքլինի մէջ, Նիւ Եորք։ Այդտեղէն մեծհայրս նամակ մը գրելով նկարագրեց որ 1.8 մեթրով 2.4 մ. խցիկի մը մէջ դրուած էին, «անբացատրելի աղտոտութեան եւ անկարգութեան մէջ»։ Ան դիտել տուաւ. «Օրաթերթերու դէզ մը ունինք եւ եթէ մէկը սկիզբը անոնց կարեւորութիւն չտայ, շուտով կ’անդրադառնայ որ այդ թերթերը եւ օճառն ու լաթի կտորները իր մաքրութեան եւ արժանապատուութեան միակ միջոցն են»։

Ասով հանդերձ, մեծհայրս իր զուարթամտութիւնը կը պահէր, բանտին ակնարկելով որպէս՝ «Ռէյմոնտեան Պանդոկ», նշելով՝ «Ասկէ պիտի մեկնիմ, երբ օթեւանութեանս ժամանակը վերջանայ»։ Ան կը նկարագրէր նաեւ բակին մէջ իր շրջագայիլը։ Անգամ մը երբ պահ մը կանգ առած էր մազը սանտրելու համար, քսակահատ մը իր գրպանի ժամացոյցը խլած էր, բայց ինչպէս գրած էր, «շղթան կտրուեցաւ եւ կրցայ ազատել զայն»։ 1958–ին երբ Պրուքլին Պէթէլը կ’այցելէի, Կրէնթ Սութըր, որ այն ատեն Դիտարանի Ընկերութեան քարտուղար–գանձապահն էր, զիս իր գրասենեակը կանչեց եւ այդ ժամացոյցը ինծի տուաւ։ Տակաւին գանձի մը պէս կը պահեմ զայն։

Հօրս Վրայ Ազդեցութիւն

Երբ մեծհայրս անիրաւօրէն բանտարկուեցաւ 1918–ին, հայրս միայն 12 տարեկան էր։ Մեծմայրս իրենց տունը փակեց եւ զինք առնելով եկաւ ու իր մօրը եւ երեք քոյրերուն հետ բնակեցաւ։ Մեծմօրս աղջկութեան անունն էր՝ Արթըր եւ ընտանիքը հպարտօրէն կը դաւանէր որ իրենց ազգականներէն մէկը՝ Չէսթըր Էլէն Արթըր, Միացեալ Նահանգներու 21–րդ նախագահը եղած էր։

Երբ մեծհօրս՝ Ուուտուըրթի երկար դատավճիռ մը տրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դէմ գործուած ենթադրեալ ոճիրներու համար, Արթըրները բացայայտօրէն զայն իրենց ընտանիքին անուան անարգանք նկատեցին։ Անիկա զգացականօրէն վիրաւորական էր հօրս համար։ Թերեւս այս վերաբերմունքն էր որ սկիզբը զինք ետ պահեց հանրային ծառայութեան մասնակցելէ։

Երբ մեծհայրս բանտէն արձակուեցաւ, իր ընտանիքը մեծ ծեփապատ տան մը մէջ փոխադրեց, Սգրէնթընի Գուինսի Փողոցին մէջ։ Որպէս մանուկ, այդ տունը լաւ կը յիշեմ, նաեւ կը յիշեմ մեծմօրս գեղեցիկ յախճապակիները։ Զանոնք իր սրբազան պնակեղէնները կը կոչէինք, քանի որ մեծմօրմէս զատ ո՛չ մէկը արտօնութիւն ունէր զանոնք լուալու։ 1943–ին երբ մեծմայրս մահացաւ, մայրս միշտ ինքն էր որ հոգ կը տանէր այդ գեղեցիկ պնակեղէններուն եւ կը գործածէր զանոնք։

Զբաղած՝ Թագաւորութեան Ծառայութեան Մէջ

Ուրիշ օր մը, Փէթըրսընի համալիրին մէջ պատահմամբ Եղբայր Ռատըրֆորտի պատկերներէն մէկը տեսայ, երբ կը դասախօսէր 1919–ի Սիտըր Փոյնթի համաժողովին, Օհայօ։ Հոն՝ ան բոլորը քաջալերեց որ նախանձախնդրաբար ծանուցանեն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ գործածեն այդ համաժողովին լոյս տեսած նոր պարբերաթերթը՝ Ոսկեդարը։ Մեծհայրս անոր խմբագիրը նշանակուած էր, եւ ան յօդուածներ կը գրէր անոր մէջ մինչեւ 1940–ական թուականները, իր մահուընէ քիչ առաջ։ 1937–ին պարբերաթերթին անունը Մխիթարութիւն կոչուեցաւ, իսկ 1946–ին՝ Զարթի՛ր։

Մեծհայրս իր յօդուածները կը գրէր թէ՛ Սգրէնթընի իր տան մէջ, եւ թէ Դիտարանի կեդրոնատեղիին մէջ՝ որ Պրուքլինէն մօտ 240 քմ. անդին կը գտնուէր՝ իւրաքանչիւր վայրի մէջ երկու շաբաթ մնալով։ Հայրս կ’ըսէ որ մեծհօրս գրամեքենան շատ անգամ առաւօտեան հինգէն սկսեալ կ’աշխատէր։ Սակայն, մեծհայրս հանրային քարոզչութեան մասնակցիլն ալ շատ լուրջի կ’առնէր։ Իրականութեան մէջ, անիկա մեծ ներքնագրպաններով տղամարդու բաճկոն մը նախագծեց, սուրբ գրային գրականութիւններ պարունակելու համար։ 94 տարեկան քեռկինս՝ Նաօմի Հօուէլը տակաւին հատ մը ունի անկէ։ Ան նաեւ կիներու համար գրքի պայուսակ մը նախագծեց։

Անգամ մը, վառ խօսակցութենէ մը ետք, մեծհօրս ծառայութեան ընկերը ըսաւ. «Գ. Ճ., մէ՛կ բան սխալ ըրիր»։

«Ի՞նչ բան», հարցուց մեծհայրս։ Ան իր բաճկոնը քննեց. երկու գրպաններն ալ պարապ էին։

«Մոռցա՛ր իրեն Ոսկեդար–ի բաժանորդագրութիւն առաջարկել»։ Անոնք կուշտ ու կուռ խնդացին քանի որ խմբագիրը մոռցած էր իր պարբերաթերթը առաջարկել։

Յիշատակներ՝ Մինչ Հասակ կը Նետէի

Կը յիշեմ երբ որպէս մանուկ մեծհօրս գիրկը կը նստէի, պզտիկ ձեռքս իր ձեռքին մէջ առնելով, ինծի կը պատմէր «Մատին Պատմութիւնը»։ Սկսելով՝ «Բթամատը ըսաւ . . ., ցուցամատը ըսաւ . . .», ամէն մէկ մատին համար բան մը կ’ըսէր։ Ապա զգուշութեամբ բոլոր մատները կը ծալլէր, անոր բարոյական դասը տալով. «Միասնաբար կը գործեն, մէկը միսին օգնելով»։

Ամուսնանալէ ետք, ծնողքս Քլիվլէնտ (Օհայօ) փոխադրուեցաւ եւ Էտ եւ Մէրի Հուբըրի հետ սերտ բարեկամներ եղան։ Իրենց ծնողները քսաներորդ դարուն սկիզբէն ի վեր Աստուածաշունչի Աշակերտներ էին։ Իմ ծնողներս եւ Էտ հօբարն ու Մէրի մօրաքը՝ ինչպէս ես կ’անուանէի զանոնք, անբաժանելի էին։ Հուբըրները իրենց միակ զաւակը կորսնցուցած էին, աղջիկ մանուկ մը, ուստի երբ ես եկայ 1934–ին, անոնց մասնայատուկ «աղջիկը» եղայ։ Այսպիսի հոգեւոր միջավայրի մը մէջ հասակ նետելով, Աստուծոյ նուիրուեցայ ու մկրտուեցայ ութը տարեկանս բոլորելէ առաջ։

Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը իմ վաղ տարիներուս մէկ մասն էր։ Եսայեայ 11։6-9–ի մէջ տրուած նոր աշխարհի նկարագրութիւնը նախասիրած հատուածներէս մէկն էր։ Ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալու իմ առաջին ջանքս ըրի 1944–ին, Ըմէրիքըն Սթէնտըրտ Վըրժըն–ի իմ անձնական օրինակս ունենալէ ետք, որ Պաֆըլոյի համաժողովին, Նիւ Եորք, լոյս տեսաւ որպէս արտակարգ հրատարակութիւն մը։ Ո՜րքան ուրախութեամբ կարդացի այս թարգմանութիւնը, որուն մէջ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա, մօտաւորապէս 7,000 անգամ իր արժանի տեղը գրաւած էր, «Հին Կտակարան»ին մէջ։

Շաբաթավերջերը ուրախ ժամանակներ էին։ Ծնողքս եւ Հուբըրները զիս իրենց հետ գիւղերը կը տանէին՝ քարոզելու համար։ Մեր հետ ճաշ կը տանէինք եւ գետակի մը եզերքը փիքնիք կ’ընէինք։ Ապա մէկու մը ագարակը կ’երթայինք բացօթեայ դասախօսութիւն մը ունկնդրելու, որուն հրաւիրած կ’ըլլայինք բոլոր դրացիները։ Կեանքը պարզ էր։ Որպէս ընտանիքներ, մեր ուրախութիւնը գտած էինք։ Ընտանեկան նախկին բարեկամներէն շատեր հետագային շրջանային տեսուչներ եղան, մէջը ըլլալով Էտ Հուբըրը, Պապ Ռէյնըրը եւ իր երկու տղաքը։ Ռիչըրտ Ռէյնըր տակաւին այս գործին մէջ է իր տիկնոջ՝ Լինտայի հետ։

Ամառը մասնաւորաբար ուրախ ժամանակ մըն էր։ Ես Հօուէլներուն ագարակը կը մնայի զարմիկներուս հետ։ 1949–ին, զարմուհիս՝ Կրէյսը ամուսնացաւ Մալգոլմ Էլէնին հետ։ Այդ տարիներուն, մտքէս իսկ չէր անցներ որ ես պիտի ամուսնանայի Մալգոլմին եղբօր հետ։ Քեռիիս աղջիկը՝ Մարիոնը միսիոնար էր Ուրուկուէյի մէջ։ Ան 1966–ին ամուսնացաւ Հաուըրտ Հիլպորնի հետ։ Այս զարմիկներէս երկուքն ալ իրենց ամուսիններուն հետ Պրուքլինի կեդրոնատեղին ծառայեցին երկար տարիներ։

Մեծհայրս եւ Իմ Շրջանաւարտութիւնս

Երկրորդականի տարիներուս, մեծհայրս իմ հաւատարիմ թղթակիցս էր։ Իր նամակները կը պարունակէին ընտանեկան հին նկարներ, որոնց ետեւը ընտանիքին պատմութիւնը պատմող մանրամասն բացատրութիւններ կային։ Այս կերպով է որ իր եւ անիրաւօրէն բանտարկուած միւսներուն նկարէն օրինակ մը ունեցայ։

1951–ի վերջաւորութեան, մեծհայրս խռչափողի խլիրդի բռնուեցաւ։ Իր սրամտութիւնը պահած էր, բայց իր խօսքերը պզտիկ նոթատետրի մը վրայ կը գրէր, զոր իր հետ կը պտըտցնէր։ Երկրորդականս պէտք էր աւարտէի 1952–ի Յունուարին, տարեշրջանի կիսուն։ Դեկտեմբերի սկիզբը, մեծհօրս ղրկեցի շրջանաւարտներու ուղերձին մէկ սեւագրութիւնը։ Ան քանի մը խմբագրական դիտողութիւններ ըրած եւ վերջին էջին վրայ երեք բառ գրած էր, որոնք զիս յուզեցին. «Մեծհայրդ ուրախ է»։ Ան իր երկրային ընթացքը աւարտեց 81 տարեկանին, 18 Դեկտեմբեր 1951–ին։ * Տակաւին կը գուրգուրամ այդ դեղնած ուղերձի սեւագրութեանս վրայ, որու վերջին էջին վրայ գրուած են այդ երեք բառերը։

Շրջանաւարտ ըլլալէս անմիջապէս ետք ռահվիրայութեան սկսայ՝ ինչպէս որ Եհովայի Վկաները լիաժամ քարոզչութիւնը կը կոչեն։ 1958–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ հսկայ համաժողովին ներկայ գտնուեցայ, ուր 123 երկիրներէ եկած 253,922 անհատներու բարձրագոյն թիւ մը լեցուցած էր Եանգի Սթէտիումը եւ Փոլօ Կրաունտզը։ Հոն, օր մը հանդիպեցայ Ափրիկէէն եկած պատուիրակի մը, որու լանջանշանին վրայ գրուած էր՝ «Ուուտուըրթ Միլզ»։ Շուրջ 30 տարի առաջ, ան մեծհօրս անունով կոչուած էր։

Ուրախ՝ Ունեցած Ժառանգութեանս Համար

Երբ 14 տարեկան էի, մայրս դարձեալ ռահվիրայութեան սկսաւ։ Ան մեռաւ 40 տարի ետք՝ 1988–ին, երբ տակաւին ռահվիրայ մըն էր։ Հայրս ռահվիրայութիւն կ’ընէր երբ կարելիութիւն ունենար։ Ան մօրմէս ինը ամիս առաջ մեռաւ։ Անոնց հետ որ ուսումնասիրեցինք, մեզի հետ կենսատեւ սիրելի բարեկամներ եղան։ Անոնց զաւակներէն ոմանք Պրուքլինի կեդրոնատեղիին մէջ ծառայեցին, իսկ ուրիշներ ռահվիրայութեան ձեռնարկեցին։

Ինծի համար 1959–ն մասնայատուկ տարի մը եղաւ։ Այն ատեն էր որ ծանօթացայ Փոլ Էլէնին։ Ան 1946–ին Եհովայի Վկաներու միսիոնարական դպրոցէն, Գաղաադու եօթներորդ դասարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, շրջանային տեսուչ նշանակուած էր։ Երբ իրարու ծանօթացանք, ոչ մէկս գիտէինք որ Փոլին յաջորդ նշանակումը պիտի ըլլար Քլիվլէնտ, Օհայօ, ուր ես ռահվիրայութիւն կ’ընէի։ Հայրս ու մայրս սիրեցին զինք։ 1963–ին ամուսնացանք Հօուէլներուն ագարակին մէջ, մեր ընտանիքներով հաւաքուած եւ Էտ Հուբըրը ներկայացուց ամուսնական դասախօսութիւնը։ Անիկա երազ մըն էր որ իրականացաւ։

Փոլ բնաւ ինքնաշարժ ունեցած չէր։ Երբ Քլիվլէնտէն մեկնեցանք իր յաջորդ նշանակումին երթալու համար, մեր բոլոր ունեցածը բաւեց իմ 1961–ի Ֆոլքսվակըն–իս մէջ։ Յաճախ անակնկալօրէն բարեկամներ մեզ տեսնելու կու գային Երկուշաբթի օրերը, երբ ուրիշ ժողովք մը կը փոխադրուէինք։ Ճամբրուկներուն, ձեռքի պայուսակներուն, թղթածրարներու տուփին, գրամեքենային եւ նման բաներուն այդ պզտիկ ինքնաշարժին մէջ անհետանալը տեսնելը, կրկէսի խաղերուն կը նմանէր։

Փոլը եւ ես միասնաբար անհամար մղոններ ճամբորդած ենք, ներկայ աշխարհի լաւ կամ գէշ օրերը վայելելով կամ անոնց տոկալով, ամէն բան ընելով այն ուժով, որ միայն Եհովան կրնայ հայթայթել։ Ուրախ տարիներ էին անոնք, Եհովայի, իրարու եւ հին ու նոր բարեկամներու հանդէպ սիրով լի։ Փէթըրսընի մէջ մեր անցուցած երկու ամիսները՝ ուր Փոլը մարզում կը ստանար՝ մինչեւ հիմա մեր կեանքի ամենէն նշանակալից պահերը եղած են։ Եհովայի երկրային կազմակերպութիւնը մօտէն դիտելը աւելի հաստատեց այն համոզումս որ ինծի փոխանցուած էր, որպէս իմ թանկագին հոգեւոր ժառանգութեանս մէկ մասը. Ասիկա ա՛րդարեւ Աստուծոյ կազմակերպութիւնն է։ Ի՜նչ ուրախութիւն է անոր նոյնիսկ պզտիկ մէկ մասը ըլլալ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 44 Տես՝ Դիտարան 15 Փետրուար 1952, էջ 128 (Անգլերէն)։

[Նկար՝ էջ 25]

Էտ Հուբըրին հետ, 1941–ի Սէնթ Լուիզի համաժողովէն քիչ առաջ, ուր «Երախաներ» գրքին անձնական օրինակս ստացայ

[Նկար՝ էջ 26]

Մեծհայրս 1948–ին

[Նկար՝ էջ 26]

Հօուէլներուն ագարակը, երբ ծնողքս (շրջանակի մէջ) ամուսնացան

[Նկար՝ էջ 27]

Աստուածաշունչի ութ աշակերտները, որոնք 1918–ին անիրաւօրէն բանտարկուեցան (Մեծհայրս ոտքի կայնած՝ աջին ամենէն ծայրը)

[Նկար՝ էջ 29]

Մեր բոլոր առարկաները կը մտնէին մեր «Ֆոլքսվակըն»ին մէջ

[Նկար՝ էջ 29]

Ամուսնոյս՝ Փոլի հետ