Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւիտենական ուրախութիւն. երկնքի՞ մէջ թէ երկրի վրայ

Յաւիտենական ուրախութիւն. երկնքի՞ մէջ թէ երկրի վրայ

Յաւիտենական ուրախութիւն. երկնքի՞ մէջ թէ երկրի վրայ

ՁԵՐ ուրախութիւնը գլխաւորաբար ձեր ապրած վայրէ՞ն կախեալ է։ Մարդոց մեծամասնութիւնը իսկոյն պիտի ընդունի թէ ուրախութիւնը առաւելաբար կախեալ է այսպիսի ազդակներէ. լաւ առողջութիւն, կեանքի մէջ նպատակ մը եւ ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ։ Աստուածաշունչի առակ մը հետեւեալ կերպով կ’արտայայտէ ասիկա. «Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով»։—Առակաց 15։17

Սակայն դժբախտաբար, մեր երկրային տունը ատելութեան, բռնութեան եւ այլ տեսակի չարութիւններու երկար պատմութիւն մը ունի։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ երկնքի կամ հոգեղէն ծիրի մասին, ուր շատեր իրենց մեռնելէն ետք կը յուսան երթալ։ Անիկա մի՛շտ երանելի խաղաղութեան ու անդորրութեան վայր մը եղա՞ծ է, ամէն տեսակ խանգարումէ զերծ, ինչպէս ոմանք սովորաբար կ’ենթադրեն։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուած երկնքի մէջ կը բնակի, հրեշտակներ կոչուած միլիոնաւոր հոգեղէն արարածներու հետ։ (Մատթէոս 18։10. Յայտնութիւն 5։11) Ասոնք նկարագրուած են որպէս ‘Աստուծոյ [հոգեղէն] որդիներ’։ (Յոբայ 38։4, 7) Մարդոց նման, հրեշտակներն ալ բարոյական ազատ գործակալներ են. անոնք մարդամեքենաներ չեն։ Հետեւաբար, անոնք ալ կրնան ընտրել շիտակը կամ սխալը ընել։ Հրեշտակները պիտի ընտրէի՞ն սխալը ընել։ Ոմանք կրնան զարմանալ, տեղեկանալով թէ հազարաւոր տարիներ առաջ, որոշ թիւով հրեշտակներ արդարեւ Աստուծոյ դէմ մեղանչեցին, իր դէմ ըմբոստացան։—Յուդա 6

Ըմբոստներ՝ Երկինքի Մէջ

Հոգեղէն ծիրին մէջ մեղքը երեւան եկաւ, երբ հրեշտակ մը ըմբոստացաւ. ան Սատանայ (Հակառակորդ) եւ Բանսարկու (Զրպարտիչ) կոչուեցաւ։ Ատեն մը հնազանդ եղող այս հրեշտակը, ընտրեց իր ազատ կամքով սխալ գործել։ Անկէ ետք ան միւս հոգեղէն արարածներուն վրայ ապականիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ, այնպէս որ Նոյի օրերուն, Ջրհեղեղէն առաջ, անոնցմէ որոշ թիւ մը Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով՝ Սատանայի միացաւ։—Ծննդոց 6։2, ՆԱ, ստորանիշ. Բ. Պետրոս 2։4

Այս նուաստացած հրեշտակները անմիջապէս երկնքէն դուրս չվտարուեցան։ Այլ, հազարաւոր տարիներ անոնց թոյլատրուեցաւ հոն մտնել, ակներեւաբար որոշ սահմանափակումներով։ * Սակայն, երբ Աստուծոյ թոյլատրութեան ժամանակը վերջ գտաւ, այս չարագործները երկնքէն վար «ձգուեցան», ի վերջոյ կործանուելու համար։ Այն ատեն երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ»։ (Յայտնութիւն 12։7-12) Բացայայտօրէն, հաւատարիմ հրեշտակները մեծապէս ուրախացած ըլլալու էին, որ ի վերջոյ երկինքը այս ամբարիշտ խռովարարներէն մաքրուած էր։

Ընդհանուրին ծանօթ չեղող այս մանրամասնութիւնները նկատի առնելով, բացայայտ է թէ իսկական խաղաղութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ այնքան ատեն որ մտացի արարածներ Աստուծոյ օրէնքները եւ սկզբունքները կ’անտեսեն։ (Եսայեայ 57։20, 21. Երեմեայ 14։19, 20) Միւս կողմէ, երբ բոլորն ալ Աստուծոյ օրէնքին հնազանդին, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կը տիրէ։ (Սաղմոս 119։165. Եսայեայ 48։17, 18) Հետեւաբար, եթէ բոլոր մարդիկ Աստուած սիրեն ու անոր հնազանդին, նաեւ զիրար սիրեն, երկիրը իրապէս հաճելի եւ ուրախ բնակավայր մը պիտի չըլլա՞յ։ Աստուածաշունչը այս հարցումին այո՛ կը պատասխանէ։

Սակայն, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք անձնասիրաբար կը մերժեն իրենց ամբարիշտ ճամբաները փոխել։ Անոնք Աստուծոյ կամքը սրտանց կատարել փափաքողներուն խաղաղութիւնը յաւիտեան պիտի խանգարե՞ն։ Ո՛չ, Աստուած երկնքի մէջ գտնուող ամբարիշտ հրեշտակներուն հաշիւին նայեցաւ, ուստի երկրի վրայ գտնուող ամբարիշտ մարդոց հաշիւն ալ պիտի տեսնէ։

Մաքրագործուած Երկիր մը

Աստուած ըսաւ. «Երկինք իմ աթոռս է ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է»։ (Եսայեայ 66։1) Սրբութեան բուն իսկ մարմնացումը ըլլալով, Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ իր «պատուանդան»ը չարութեան կողմէ անվերջ ոտնակոխուի։ (Եսայեայ 6։1-3. Յայտնութիւն 4։8) Ճիշդ ինչպէս որ ան երկինքը չար ոգիներէն մաքրեց, երկիրն ալ պիտի մաքրէ բոլոր չար մարդոցմէ, ինչպէս Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները ցոյց կու տան.

«Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։—Սաղմոս 37։9

«Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։—Առակաց 2։21, 22

«Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր. որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով եւ պիտի վտարուին Տէրոջը երեսէն ու անոր զօրութեանը փառքէն»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9

«[Ամբարիշտ մարդկութեան] աշխարհ[ն] ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17

Երկիրը Խաղաղ Պիտի Մնա՞յ

Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ չարութեան աստուածային թոյլտուութիւնը չափ ու սահման ունի, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ չարը բնաջնջուելէն ետք, անիկա դարձեալ պիտի չյայտնուի։ Չէ՞ որ Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, անիկա շուտով դարձեալ երեւան եկաւ, այն տարողութեամբ, որ Աստուած ստիպուեցաւ մարդոց չար ծրագիրները ի դերեւ հանել, անոնց լեզուները խառնակելով։—Ծննդոց 11։1-8

Գլխաւոր պատճառը որ մեզ կը վստահեցնէ թէ չարութիւնը անգամ մը եւս պիտի չծաղկի, այն է՝ թէ այլեւս մարդիկ պիտի չիշխեն երկրի վրայ, ինչպէս որ էր պարագան Ջրհեղեղէն անմիջապէս ետք։ Այլ՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Երկնքէն իշխելով, այս Թագաւորութիւնը երկրի միա՛կ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ։ (Դանիէլ 2։44. 7։13, 14) Անիկա շուտով գործի պիտի լծուի ոեւէ անհատի դէմ, որ կը ջանայ չարութիւնը ներմուծել։ (Եսայեայ 65։20) Իրականութեան մէջ, անիկա ի վերջոյ չարութեան բուն հեղինակը, Բանսարկու Սատանան, պիտի կործանէ, իր դեւերուն՝ իրեն հետեւող չար հրեշտակներուն՝ հետ մէկտեղ։—Հռովմայեցիս 16։20

Ասկէ զատ, այլեւս մարդկութիւնը պատճառ պիտի չունենայ ուտելիքի, հագուելիքի, պատսպարանի եւ աշխատանքի մասին մտահոգուելու, որոնց պակասը պատճառ կ’ըլլայ որ ներկայիս ոմանք քրէական կեանք մը վարեն։ Այո՛, ամբողջ երկիրը արգասաբեր դրախտի մը պիտի վերածուի, ուր բոլորին համար առատ ուտելիք պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 65։21-23. Ղուկաս 23։43

Ասկէ աւելի կարեւորը, Թագաւորութիւնը իր հպատակները պիտի դաստիարակէ խաղաղարար կեանքի մը ճամբուն մէջ, միեւնոյն ատեն զանոնք մարդկային կատարելութեան գագաթնակէտին հասցնելով։ (Յովհաննու 17։3. Հռովմայեցիս 8։21) Անկէ ետք, մարդկութիւնը այլեւս տկարութեան եւ մեղաւոր հակումներու դէմ պայքարելու հարկը պիտի չունենայ. Աստուծոյ հանդէպ կատարեալ հնազանդութիւնը թէ՛ կարելի եւ թէ հաճելի պիտի դառնայ, ինչպէս որ էր կատարեալ մարդուն՝ Յիսուսի պարագային։ (Եսայեայ 11։3) Իրականութեան մէջ, Յիսուս Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց նոյնիսկ մեծ փորձութեան եւ չարչարանքի դիմաց, բաներ՝ որոնք դրախտային կեանքին մէջ ամբողջովին անծանօթ պիտի ըլլան։—Եբրայեցիս 7։26

Ինչո՛ւ Ոմանք Երկինք կ’Երթան

Սակայն, Աստուածաշունչը ընթերցողներէն շատեր, Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն ծանօթ են. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. . . . Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ»։ (Յովհաննու 14։2, 3) Ասիկա դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի գաղափարին չի՞ հակասեր։

Այս ուսուցումները հակասական չեն։ Արդարեւ, մէկը միւսին թիկունք կը կանգնի։ Նախ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ հաւատարիմ Քրիստոնեաներու միա՛յն սահմանափակ թիւ մը՝ 144,000 հոգի՝ որպէս հոգեղէն արարածներ պիտի յարուցանուին երկնքի մէջ ապրելու համար։ Անոնք ինչո՞ւ այս սքանչելի վարձատրութիւնը կը ստանան։ Քանի որ անոնք կը կազմեն այն խումբը, որ Յովհաննէս տեսիլքի մը մէջ տեսաւ, որոնք «նորէն կեանք առին ու հազար տարի թագաւորեցին Քրիստոսի հետ»։ (Յայտնութիւն 14։1, 3. 20։4-6, Երուսաղէմ) Երկրի վրայի միլիառաւոր անհատներու հետ բաղդատած՝ 144,000–ը իրապէս «պզտիկ հօտ» մըն է։ (Ղուկաս 12։32) Ասկէ զատ, մարդկութեան ծանօթ եղող խնդիրներուն փորձառութիւնը ունենալով, Յիսուսի նման անոնք պիտի կարենան «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ», մինչ կը հսկեն մարդկութեան ու երկրի վերակազդուրման։—Եբրայեցիս 4։15

Երկիրը՝ Մարդկութեան Յաւերժական Տունը

Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհը հայթայթելով, Աստուած 144,000–ի հաւաքումը սկսաւ գրեթէ 2,000 տարիներ առաջ. եւ ապացոյցներ կան թէ այս խումբին թիւը ամբողջացած է։ (Գործք 2։1-4. Գաղատացիս 4։4-7) Սակայն, Յիսուսի զոհագործութիւնը միա՛յն 144,000–ի մեղքերուն համար չէր, «հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ (Ա. Յովհաննու 2։2) Հետեւաբար, Յիսուսի հաւատք ընծայող բոլոր անհատները, յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունին։ (Յովհաննու 3։16) Գերեզմանին մէջ ննջող, սակայն Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղող անհատները, պիտի յարուցանուին ոչ թէ երկինքի մէջ, այլ՝ մաքրուած երկրի մը վրայ։ (Ժողովողի 9։5. Յովհաննու 11։11-13, 25. Գործք 24։15) Հոն անոնց ի՞նչ պիտի սպասէ։

Յայտնութիւն 21։1-4–ը կը պատասխանէ, ըսելով. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ . . . Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Պահ մը երեւակայեցէք. մարդկային արարածներ մահուան կապերէն ազատ կ’արձակուին եւ մահուան պատճառած ցաւն ու աղաղակը յաւիտեան կը չքանան։ Ի վերջոյ, երկրի ու մարդկութեան համար Եհովայի սկզբնական նպատակը իր փառաւոր կատարման պիտի հասնի։—Ծննդոց 1։27, 28

Մեր Ընտրութիւնը՝ Կեանք Կամ Մահ

Ադամի ու Եւայի բնա՛ւ երկինք երթալու ընտրութիւնը չտրուեցաւ։ Անոնք պէտք էր ընտրէին, կամ՝ Աստուծոյ հնազանդիլ ու երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրիլ, եւ կամ՝ չհնազանդիլ ու մեռնիլ։ Դժբախտաբար, անոնք ընտրեցին անհնազանդ ըլլալ ու հետեւաբար՝ երկրի «հողի»ն դարձան։ (Ծննդոց 2։16, 17. 3։2-5, 19) Երբեք Աստուծոյ նպատակը չէր որ առհասարակ մարդկային ընտանիքը մեռնէր, եւ գերեզմանէն անցնելով երկինք հաստատուէր։ Աստուած բիւրաւոր հրեշտակներ ստեղծեց որպէսզի երկնքի մէջ բնակին. այս հոգեղէն արարածները՝ մեռած ու երկնային կեանքի յարուցանուած մարդկային արարածներ չեն։—Սաղմոս 104։1, 4. Դանիէլ 7։10

Ի՞նչ պէտք է ընենք երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու օրհնութիւնը ստանալու համար։ Առաջին քայլն է Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը, ուսումնասիրել։ Յիսուս աղօթեց. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան, քու՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին, ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3, ՆԱ

Այս գիտութիւնը կիրարկելը, Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք ստանալու ուրիշ քայլ մըն է։ (Յակոբու 1։22-24) Աստուծոյ Խօսքին համաձայն ապրողները, իրենց աչքերով ոգեւորիչ մարգարէութիւններու կատարումները տեսնելու հեռանկարը ունին, ինչպիսին է Եսայեայ 11։9–ն, ուր կ’ըսէ. «Անոնք [մարդկութիւնը] պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։

[Ստորանիշ]

[Նկարներ՝ էջ 7]

«Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։29