Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուսումնասիրութիւնը. վարձահատոյց եւ հաճելի

Ուսումնասիրութիւնը. վարձահատոյց եւ հաճելի

Ուսումնասիրութիւնը. վարձահատոյց եւ հաճելի

«Եթէ . . . փնտռես . . . Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես»։—ԱՌԱԿԱՑ 2։4, 5

1. Ազատ ժամերուն ընթերցանութիւն ընելը ի՞նչպէս մեծ հաճոյք կրնայ տալ մեզի։

ՇԱՏԵՐ միայն հաճոյքի համար կը կարդան։ Եթէ նիւթը օգտակար է, ընթերցանութիւնը օգտաւէտ հանգստութեան աղբիւր մը կրնայ ըլլալ։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան իրենց յայտագրէն զատ, կարգ մը Քրիստոնեաներ իրական հաճոյք կը ստանան պատահականօրէն կարդալով Սաղմոսները, Առակացը, Աւետարանի դրուագները, կամ Աստուածաշունչէն այլ մասեր։ Անոր լեզուին եւ մտքերուն գեղեցկութիւնը խոր հաճոյք կը պատճառէ իրենց։ Ուրիշներ իրենց ազատ ժամերուն կը նախընտրեն կարդալ Եհովայի Վկաներու Տարեգիրք–ը, Զարթի՛ր պարբերաթերթը, այս պարբերաթերթի մէջի կենսագրութիւնները, կամ պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ բնութեան վերաբերեալ սերտողութիւններ։

2, 3. (ա) Ի՞նչ կերպով հոգեւոր խորունկ տեղեկութիւնը կարելի է բաղդատել հաստատուն կերակուրի հետ։ (բ) Ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։

2 Մինչ հաճոյքի համար ընթերցանութիւն ընելը կրնայ հանգստութիւն պատճառել, ուսումնասիրելը սակայն, մտային ջանք կը պահանջէ։ Անգլիացի իմաստասէր Ֆրէնսիս Պէյգըն գրեց. «Կարգ մը գիրքեր պէտք է համտեսել, ուրիշներ կուլ տալ, իսկ քանի մը հատն ալ պէտք է ծամել եւ մարսել»։ Աստուածաշունչը անշուշտ վերջին դասակարգին մէջ կ’իյնայ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Որուն [Թագաւոր–Քահանայ Մելքիսեդեկով նախապատկերացուած Քրիստոսի] վրայով շատ ըսելիք ունինք, որ դժուար է մեկնել, վասն զի ձեր լսելիքները բթացած են։ Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են [«ըմբռնելու կարողութիւնը մարզուած է», ՆԱ] բարին ու չարը զանազանել»։ (Եբրայեցիս 5։11, 14) Հաստատուն կերակուրը պէտք է ծամել՝ կլլուելէ եւ մարսուելէ առաջ։ Հոգեւոր խորունկ տեղեկութիւնը խորհրդածութիւն կը պահանջէ՝ իւրացնելէ եւ ըմբռնելէ առաջ։

3 Բառարան մը «ուսումնասիրութիւն»ը կը սահմանէ որպէս՝ «միտքը գործի լծելու արարք կամ գործընթաց, գիտութիւն կամ հասկացողութիւն ձեռք ձգելու համար, ըլլայ ընթերցանութեամբ, հետազօտութեամբ, եւայլն»։ Ասկէ կը հետեւցուի որ անիկա մակերեսային կերպով կարդալէն, թերեւս կարգ մը բառեր ընդգծելէն աւելին կը պարփակէ։ Ուսումնասիրութիւն կը նշանակէ աշխատանք, մտային ջանք եւ ըմբռնելու կարողութեան գործածութիւն։ Թէեւ ուսումնասիրելը ջանք կը պահանջէ, բայց ասիկա չի նշանակեր որ անիկա չի կրնար հաճոյալի ըլլալ։

Ուսումնասիրութիւնը Հաճոյք մը Դարձնել

4. Սաղմոսերգուին համաձայն, Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնայ թարմացուցիչ ու կազդուրիչ ըլլալ։

4 Աստուծոյ Խօսքը ընթերցելը եւ ուսումնասիրելը կրնայ թարմացուցիչ ու կազդուրիչ ըլլալ։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան»։ (Սաղմոս 19։7, 8) Եհովայի օրէնքներն ու վկայութիւնները մեր հոգին կը տոգորեն, մեր հոգեւոր բարօրութեան կը նպաստեն, ներքին ուրախութիւն կու տան եւ մեր աչքերը կը փայլեցնեն Եհովայի հոյակապ նպատակներուն յստակ տեսողութեամբ։ Որքա՜ն հաճելի է։

5. Ի՞նչ կերպերով ուսումնասիրութիւնը կրնայ մեծ հաճոյք պատճառել մեզի։

5 Երբ մեր աշխատանքին լաւ արդիւնքը կարենանք տեսնել, կ’ուրախանանք որ զայն կատարեցինք։ Ուստի, ուսումնասիրութիւնը հաճելի դարձնելու համար, մեր նոր ստացած գիտութիւնը պէտք է շուտով գործածենք։ Յակոբոս գրեց. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։ (Յակոբու 1։25) Մեր սորված կէտերը անմիջապէս կիրարկելը մեծ գոհունակութիւն կու տայ։ Քարոզչութեան կամ աշակերտելու ընթացքին մեզի հարցուած հարցումի մը պատասխանելու մասնայատուկ նպատակաւ հետազօտութիւն ընելը, մեզի մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։

Աստուծոյ Խօսքին Հանդէպ Խանդաղատանք Զարգացնենք

6. 119–րդ Սաղմոսը գրողը Եհովայի խօսքին հանդէպ իր խանդաղատանքը ի՞նչպէս արտայայտեց։

6 119–րդ Սաղմոսը յօրինողը՝ որ հաւանաբար Եզեկիան էր, երբ տակաւին երիտասարդ իշխան մըն էր՝ Եհովայի խօսքին հանդէպ իր խանդաղատանքը արտայայտեց։ Բանաստեղծական ոճով, ան ըսաւ. «Քու կանոններուդ հանդէպ խանդաղատանք ցոյց պիտի տամ ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։ Քու վկայութիւններուդ հանդէպ ալ խանդաղատանք ունիմ . . . Քու պատուիրանքներուդ հանդէպ խանդաղատանք ցոյց պիտի տամ, որոնք սիրեցի։ Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ, վասն զի քու օրէնքիդ հանդէպ խանդաղատանք ունիմ։ Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացի ու քու օրէնքիդ հանդէպ խանդաղատանք ունիմ»։—Սաղմոս 119։16, 24, 47, 77, 174ՆԱ

7, 8. (ա) Աշխատասիրութեան մը համաձայն, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ «խանդաղատանք ցոյց տալ» ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Եհովայի Խօսքին հանդէպ մեր սէրը ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ։ (գ) Եզրաս ինքզինք ի՞նչպէս պատրաստեց Եհովայի Օրէնքը կարդալէն առաջ։

7 119–րդ Սաղմոսին մէջ «խանդաղատանք ցոյց տալ» բառը բացատրելով, Եբրայերէն Գրութիւններու մասին բառարան մը կը նշէ. «16–րդ համարին մէջի գործածութիւնը կը համեմատի ուրախանալ եւ մտորիլ [բայերուն] . . . Հերթականութիւնն է՝ ուրախութիւն, մտորում, հաճոյք առնել . . . Այս կապակցութիւնը կրնայ թելադրել որ նպատակադրուած խորհրդածութիւնը միջոցն է որով անհատ մը Եահուէի խօսքէն հաճոյք կ’առնէ։ . . . Իմաստին մէջ զգացական մաս մը կայ»։ *

8 Այո, Եհովայի Խօսքին հանդէպ սէրը պէտք է մեր սրտէն՝ զգացումներու ակունքէն գայ։ Մեր կարդացած կարգ մը հատուածներուն վրայ տնտնալէն հաճոյք պէտք է առնենք։ Հոգեւոր խորունկ խորհուրդներու վրայ պէտք է մտածենք, անոնցմով կլանուինք եւ անոնց վրայ խոկանք։ Ասիկա մտախոհութիւն եւ աղօթք կը պահանջէ։ Եզրասի նման, մեր սիրտը պէտք է պատրաստենք Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ ուսումնասիրելու համար։ Իր մասին գրուած է՝ «Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին»։ (Եզրասայ 7։10) Նկատի առէք երեք նպատակներ, որոնց համար Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց. ուսումնասիրել, անձնական կիրարկում ընել եւ սորվեցնել։ Իր օրինակին պէտք է հետեւինք։

Ուսումնասիրութիւնը՝ Որպէս Պաշտամունքի Արարք մը

9, 10. (ա) Սաղմոսերգուն ի՞նչ կերպերով հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Եհովայի Խօսքին հանդէպ։ (բ) «Մտածել» թարգմանուած Եբրայերէն բայը ի՞նչ կը նշանակէ։ (գ) Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը նկատել որպէս «պաշտամունքի արարք մը»։

9 Սաղմոսերգուն կը նշէ թէ ինք Եհովայի օրէնքներով, պատուիրանքներով եւ վկայութիւններով հետաքրքրուած էր։ Ան կ’երգէ. «Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։ Ձեռքերս դէպի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ՝ որոնք սիրեցի ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ։ Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։ Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ, վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են»։ (Սաղմոս 119։15, 48, 97, 99) Եհովայի Խօսքը ‘մեր մտածողութիւնը’ ընելը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։

10 «Մտածել» թարգմանուած Եբրայերէն բայը նաեւ կը նշանակէ «խոկալ, մտասուզուիլ», «մտքին մէջ նիւթը որոճալ»։ «Անիկա կը գործածուի Աստուծոյ գործերուն . . . եւ Աստուծոյ խօսքին վրայ խորհրդածելու համար»։ (Հին Կտակարանի Աստուածաբանական Բառագիրք [Անգլերէն]) Գոյականական ձեւը՝ «մտածութիւն», կ’ակնարկէ «սաղմոսերգուին խորհրդածութեան», Աստուծոյ Օրէնքը «սիրալիր կերպով ուսումնասիրել» որպէս «պաշտամունքի արարք մը»։ Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւնը որպէս պաշտամունքի արարք նկատելը անոր լրջութիւնը կ’աւելցնէ։ Ուստի անիկա պէտք է կատարուի շատ ուշադիր կերպով եւ աղօթքի օգնութեամբ։ Ուսումնասիրութիւնը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է եւ անոր նպատակն է մեր պաշտամունքը բարելաւել։

Աստուծոյ Խօսքին Խորը Պեղել

11. Եհովա հոգեւոր խորունկ մտքերը ի՞նչպէս կը յայտնէ իր ժողովուրդին։

11 Պատկառալից հիացմունքով սաղմոսերգուն բացագանչեց. «Ո՛վ Տէր, որքա՜ն մեծ են քու գործերդ, շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ»։ (Սաղմոս 92։5) Իսկ Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն, խորունկ խորհուրդներուն մասին, զորս Եհովա կը յայտնէ իր ժողովուրդին, ‘իր Հոգին’ ներգործելով հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին վրայ։ (Ա. Կորնթացիս 2։10. Մատթէոս 24։45) Ծառայ դասակարգը ժրաջանօրէն հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ բոլորին. «կաթ»՝ նորեկներուն համար, իսկ «հաստատուն կերակուր»՝ «չափահասներուն համար»։—Եբրայեցիս 5։11-14

12. Ծառայ դասակարգին կողմէ բացատրուած «Աստուծոյ խորունկ բաներ»էն օրինակ մը տուէք։

12 «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը հասկնալու համար անհրաժեշտ է աղօթարար հոգիով ուսումնասիրել եւ իր Խօսքին մասին մտածել։ Օրինակ, գեղեցիկ նիւթ մը հրատարակուեցաւ, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովա կրնայ միաժամանակ արդար եւ ողորմած ըլլալ։ Իր ողորմած ըլլալը իր արդարութիւնը չի ջրեր. հապա՝ աստուածային ողորմութիւնը Աստուծոյ արդարութեան, ինչպէս նաեւ իր սիրոյն արտայայտութիւնն է։ Երբ մեղաւոր մը կը դատէ, Եհովա նախ կ’որոշէ թէ իր Որդւոյն փրկանքի զոհին հիման վրայ ողորմութիւն ցոյց տալու կարելիութիւն կայ թէ ոչ։ Եթէ մեղաւորը չի զղջար կամ ըմբոստ մըն է, Աստուած թոյլ կու տայ որ արդարութիւնը իր բնական ընթացքը առնէ՝ առանց անհարկի ողորմութեան։ Երկու պարագային ալ, ան հաւատարիմ է իր բարձր սկզբունքներուն։ * (Հռովմայեցիս 3։21-26) ‘Ո՜վ Աստուծոյ իմաստութեան խորունկութիւնը’։—Հռովմայեցիս 11։33

13. Ցարդ յայտնուած հոգեւոր ճշմարտութիւններուն ‘մեծ թիւին’ հանդէպ ի՞նչպէս գնահատութիւն պէտք է ցոյց տանք։

13 Սաղմոսերգուին նման, մեծապէս կը հրճուինք այն իրողութեամբ թէ Եհովա իր շատ մը խորհուրդները մեզի հետ կը բաժնէ։ Դաւիթ գրեց. «Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։ Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են»։ (Սաղմոս 139։17, 18) Թէեւ ներկայիս մեր ունեցած գիտութիւնը ամբողջ յաւիտենականութեան մէջ Եհովայի յայտնելիք անհամար խորհուրդներէն միայն չնչին մաս մը կը ներկայացնէ, բայց մենք կը գնահատենք ցարդ մեզի յայտնուած թանկագին հոգեւոր ճշմարտութիւններուն ‘մեծ թիւը’, եւ Աստուծոյ Խօսքին բովանդակութեան աւելի խորը կը պեղենք։—Սաղմոս 119։160, ստորանիշ։

Ջանքի եւ Ազդու Գործիքներու Կարիք Ունինք

14. Առակաց 2։1-6–ը ի՞նչպէս կ’ընդգծէ թէ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը ջանք կը պահանջէ։

14 Աստուածաշունչի խորունկ ուսումնասիրութիւնը ջանք կը պահանջէ։ Այս իրողութիւնը յստակօրէն երեւան կու գայ Առակաց 2։1-6–ը ուշադիր կերպով կարդալով։ Աստուածային գիտութիւնը, իմաստութիւնը եւ հանճարը ձեռք ձգելու համար թափուած ջանքը ընդգծելու մէջ իմաստուն Սողոմոն Թագաւորին գործածած ներգործական բայերը նկատի առէք։ Ան գրեց. «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրաքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ու սիրտդ հանճարին բանաս, եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։ Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են»։ Այո, վարձահատոյց ուսումնասիրութիւնը կը պահանջէ հետազօտել, պեղել, պահուած գանձի պէս փնտռել։

15. Սուրբ գրային ո՞ր օրինակը ուսումնասիրութեան լաւ կերպերու կարիքը կ’ընդգծէ։

15 Հոգեւորապէս պարարտացուցիչ ուսումնասիրութիւնը սերտողութեան լաւ կերպեր ալ կը պահանջէ։ Սողոմոն գրեց. «Եթէ երկաթը բթացած է ու անոր բերանը չոր է, այն ատեն մարդ իր ոյժը կրկնապատկելու է»։ (Ժողովողի 10։10) Եթէ գործաւոր մը կտրելու գործիք մը կը գործածէ որ սուր չէ, կամ հմտութեամբ չի գործածեր զայն, ան իր ոյժը պիտի վատնէ եւ իր գործը ցածորակ պիտի ըլլայ։ Նմանապէս, սերտողութեան համար տրամադրուած ժամանակէն քաղուած օգուտները կրնան մեծապէս տարբերիլ, մեր ուսումնասիրելու կերպերէն կախեալ ըլլալով։ Մեր սերտելու կերպը բարելաւելու մասին գործնական հոյակապ թելադրութիւններ կրնանք գտնել Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգիրք–ին 7–րդ Ուսումնասիրութեան մէջ։ *

16. Ի՞նչ գործնական թելադրութիւններ տրուած են խորունկ ուսումնասիրութիւն ընելու համար։

16 Երբ արհեստաւոր մը իր գործին սկսի, ան դուրս կը հանէ այն գործիքները որոնց պէտք պիտի ունենայ։ Նոյն կերպով, երբ ուսումնասիրելու կը սկսինք, մեր անձնական գրադարանէն պէտք է ընտրենք սերտողութեան այն գործիքները, որոնց պէտք պիտի ունենանք։ Յիշելով որ սերտողութիւնը աշխատանք է եւ մտային ջանք կը պահանջէ, լաւ է նաեւ մարմնային պատշաճ դիրք մը ունենալ։ Եթէ կը փափաքինք մտովին արթուն մնալ, սեղանի մը շուրջ աթոռի մը վրայ նստիլը շատ աւելի օգտակար կրնայ ըլլալ, քան անկողնի մը վրայ երկննալը, կամ հանգստաւէտ բազկաթոռի մը մէջ նստիլը։ Որոշ ժամանակ մը կեդրոնանալէ ետք, օգտակար կրնաք գտնել մարմնի մկանները հանգստացնելու համար կարգ մը շարժումներ ընել, կամ թարմ օդ շնչելու համար դուրս ելլել։

17, 18. Ձեզի մատչելի եղող ուսումնասիրութեան գեղեցիկ գործիքները գործածելու կերպին մասին օրինակներ տուէք։

17 Ուսումնասիրութեան բազմաթիւ աննման գործիքներ ալ ունինք։ Անոնցմէ առաջինն է Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, որ ամբողջութեամբ կամ մասամբ հիմա մատչելի է 37 լեզուներով։ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ին բնական հրատարակութիւնը վերագրումներ եւ «Աստուածաշունչի Գրքերուն Ցանկ»ը կը պարունակէ, ուր մեզի կու տայ գրողին անունը, գրութեան վայրը եւ ծածկած շրջանը։ Անիկա նաեւ ունի Աստուածաշունչի բառերու ցանկը, յաւելուածական մը եւ քարտէսներ։ Կարգ մը լեզուներու մէջ այս Աստուածաշունչը տպուած է աւելի մեծ ծաւալով՝ ճանչցուած որպէս Վերագրեալ Աստուածաշունչ։ Անիկա վերոյիշեալ բոլոր առաւելութիւնները, եւ ա՛լ աւելին կը պարունակէ, մէջը ըլլալով ընդարձակ ստորանշումներ, եւ անոնք ալ ցանկագրուած են։ Ձեր լեզուին մէջ մատչելի եղող բոլոր բաներէն կ’օգտուի՞ք, որպէսզի կարենաք Աստուծոյ Խօսքը պեղելու մէջ աւելի խորը իջնել։

18 Ուսումնասիրութեան ուրիշ անգին գործիք մըն է երկ–հատոր Աստուածաշունչի համայնագիտարանը՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ։ Եթէ այս աշխատասիրութիւնը ձեր հասկցած լեզուով մը ունիք, անիկա սերտողութեան ընթացքին ձեր անբաժան ընկերը պէտք է ըլլայ։ Անիկա ձեզի հիմնական տեղեկութիւն պիտի տայ սուրբ գրային շատ նիւթերու մասին։ Ուրիշ օգտակար գործիք մըն է՝ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գիրքը։ Երբ Աստուածաշունչի գրքերէն մէկը սկսիք կարդալ, լաւ է որ «Բոլոր Գիրք»–էն նկատի առնէք անոր համապատասխան ուսումնասիրութիւնը, աշխարհագրական եւ պատմական դրոյթը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածաշունչի գրքին ամփոփումը, մեզի ի նպաստ անոր ունեցած արժէքը հասկնալու համար։ Սերտողութեան համար տպուած գործիքներուն վրայ վերջերս աւելցաւ համակարգիչի վրայ Դիտարանի Գրադարան–ը, որ ներկայիս ինը լեզուներով մատչելի է։

19. (ա) Եհովա ինչո՞ւ մեզի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար գեղեցիկ գործիքներ տուած է։ (բ) Պատշաճ կերպով Աստուածաշունչ կարդալու եւ սերտելու համար ի՞նչ բանի կարիք կայ։

19 Եհովա այս բոլոր գործիքները հայթայթած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով, որպէսզի իր երկրային ծառաները կարող ըլլան ‘Աստուծոյ գիտութիւնը փնտռել ու գտնել’։ (Առակաց 2։4, 5) Սերտողութեան լաւ սովորութիւնները մեզի կ’օգնեն որ Եհովան աւելի լաւ ճանչնանք եւ իրեն հետ աւելի սերտ յարաբերութիւն մը վայելենք։ (Սաղմոս 63։1-8) Այո, ուսումնասիրութիւնը աշխատանք է, բայց հաճոյալի ու վարձահատոյց աշխատանք մըն է։ Սակայն անիկա ժամանակ կ’առնէ. հաւանաբար մտածէք՝ ‘Աստուածաշունչ կարդալու եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու համար ժամանակը ուրկէ՞ գտնեմ’։ Այս երեսակը նկատի պիտի առնուի այս յաջորդական յօդուածներուն վերջինին մէջ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Հին Կտակարանի Աստուածաբանութեան եւ Մեկնաբանութեան Միջազգային Նոր Բառարան, Հատոր Դ., էջ 205-207 (Անգլերէն )։

^ պարբ. 12 Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1998, էջ 23, պարբերութիւն 7։ Որպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ծրագիր, կրնաք այդ թիւին երկու ուսումնասիրութեան յօդուածները վերաքաղ ընել, ինչպէս նաեւ՝ «Արդարադատութիւն», «Ողորմութիւն» եւ «Արդարութիւն» յօդուածները, Աստուածաշունչի համայնագիտարան՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գրքէն, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։ Եթէ ձեր լեզուով մատչելի չէ այս դասագիրքը, ուսումնասիրելու կերպերու մասին լաւ խրատներ կրնաք գտնել Դիտարան–ի հետեւեալ թիւերուն մէջ. 1 Նոյեմբեր 1993, էջ 21-25. 15 Մայիս 1986, էջ 19-20 (Անգլերէն)։

Վերաքաղի հարցումներ

• Մեր անձնական ուսումնասիրութիւնը ի՞նչպէս կրնանք թարմացնող ու վարձահատոյց դարձնել։

• Սաղմոսերգուին նման, Եհովայի Խօսքին հանդէպ ի՞նչպէս «խանդաղատանք» եւ «մտածութիւն» կրնանք ցոյց տալ։

Առակաց 2։1-6–ը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու համար ջանք կը պահանջուի։

• Եհովա սերտողութեան ի՞նչ գեղեցիկ գործիքներ հայթայթած է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Մտածութիւնը եւ աղօթքը կ’օգնեն որ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ սէր մշակենք

[Նկարներ՝ էջ 17]

Աստուծոյ Խօսքը պեղելու մէջ աւելի խորը իջնելու համար մատչելի եղող սերտողութեան գործիքները լիովին կը գործածէ՞ք