Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անտեսանելի Աստուծոյ մը կրնա՞ք մօտենալ

Անտեսանելի Աստուծոյ մը կրնա՞ք մօտենալ

Անտեսանելի Աստուծոյ մը կրնա՞ք մօտենալ

Թերեւս հարց տաք. ‘Ի՞նչպէս կրնամ մտերիմ յարաբերութիւն մը մշակել անհատի մը հետ զոր չեմ տեսներ’։ Ասիկա վաւերական հարցում մը կրնայ թուիլ։ Սակայն, նկատի առէք.

ՍԻՐԱԼԻՐ եւ մնայուն յարաբերութիւններ մշակելու համար, տեսողութիւնը որքա՞ն կարեւոր է։ Անտեսանելի ազդակներ նոյնքան կարեւոր չե՞ն, եթէ ոչ աւելի։ Արդարե՛ւ։ Այդ պատճառաւ, ոմանք ուրիշներու հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակած են կանոնաւորաբար նամակցելով. անոնց նամակները անկեղծօրէն կը հաղորդեն իրենց սիրած եւ չսիրած բաները, նպատակակէտեր, սկզբունքներ, զուարթամտութիւն, նկարագրի գծեր կամ անձնական հետաքրքրութիւններ։

Կոյրերն ալ կ’ապացուցանեն թէ տեսողութիւնը այնքան ալ կարեւոր չէ, ուրիշ անհատի մը հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակելու համար։ Նկատի առէք կոյր ամոլի մը՝ Էտուարտ եւ Կուէնի՝ օրինակը։ * Էտուարտ Կուէնի ծանօթացաւ կոյրերու դպրոցի մը մէջ, ուր Կուէն չափահաս աշակերտուհի մըն էր։ Ան Կուէնի յատկութիւններուն վրայ հիացաւ, մանաւանդ՝ անոր պարկեշտ խօսելակերպին եւ վերաբերմունքին, եւ աշխատանքի հանդէպ անոր ունեցած սքանչելի կեցուածքին վրայ։ Իր կարգին, Կուէն Էտուարտով հրապուրուեցաւ, քանի որ ըստ իր խօսքերուն՝ «Էտուարտ կը ցուցաբերէր այն բոլոր յատկութիւնները, որոնց կարեւորութիւնը սորված էի»։ Դարպասման շրջան մը զարգացաւ, եւ երեք տարի ետք անոնք ամուսնացան։

«Երբ միասին ըլլաք», կ’ըսէ Էտուարտ, «կուրութիւնը իսկական խնդիր մը չէ ուրիշ անհատի մը հետ յարաբերութիւն մը կերտելու համար։ Թերեւս կարող չէք զիրար տեսնել, սակայն զգացումները կոյր չեն»։ Այժմ, 57 տարիներ ետք, անոնք տակաւին իրարու հանդէպ խոր սէր ունին։ Անոնք կը բացատրեն թէ իրենց սքանչելի յարաբերութեան գաղտնիքը, առնուազն չորս բաներ կ’ընդգրկէ. (1) միւս անհատին յատկութիւնները նկատել, (2) այդ յատկութիւններուն մասին մտածել եւ անոնցմով հրապուրուիլ, (3) լաւ հաղորդակցութիւն պահպանել, եւ (4) միասնաբար բաներ ընել։

Այս չորս կէտերը անհրաժեշտ են որեւէ յարաբերութեան համար, ըլլայ անիկա բարեկամներու, կողակիցներու, կամ՝ աւելի կարեւորը, մարդոց ու Աստուծոյ միջեւ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ի՛նչպէս այս կէտերը կիրարկելը, մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակելու, թէեւ՝ զինք չենք կրնար տեսնել։ *

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 6 Մարդոց միջեւ եղած յարաբերութեան մը հակառակը, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը հիմնուած է իր գոյութեան հանդէպ հաւատք ունենալուն վրայ։ (Եբրայեցիս 11։6) Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք մը կերտելու մասին ամբողջական քննարկութեան մը համար, հաճեցէք տեսնել՝ Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գիրքը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։