Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սուրբ հոգին անձնական օգնականս ըրա՞ծ եմ

Սուրբ հոգին անձնական օգնականս ըրա՞ծ եմ

Սուրբ հոգին անձնական օգնականս ըրա՞ծ եմ

ՀԱՍԱՐԱԿ ժողովուրդէն զատ, աստուածաբաններ անգամ Աստուծոյ սուրբ հոգիին ինքնութեան մասին զանազան գաղափարներ ունին։ Այսուհանդերձ, այսպիսի անորոշութիւն անտեղի է։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը բացատրէ թէ ի՛նչ է սուրբ հոգին։ Փոխանակ անձնաւորութիւն մը ըլլալու, ինչպէս ոմանք կը դաւանին, անիկա Իր կամքը կատարելու համար Աստուծոյ գործածած զօրաւոր գործօն ոյժն է։—Սաղմոս 104։30. Գործք 2։33. 4։31. Բ. Պետրոս 1։21

Քանի որ սուրբ հոգին Աստուծոյ նպատակներուն իրագործման հետ սերտօրէն առնչուած է, պէտք է ուզենք մեր կեանքը անոր հետ ներդաշնակել։ Պէտք է փափաքինք որ անիկա մեր անձնական օգնականը ըլլայ։

Ինչո՞ւ Օգնականի մը Կարիքը Կայ

Երկրէն իր մեկնիլը նախատեսելով, Յիսուս իր աշակերտներուն վստահեցուց. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ [«օգնական», ՆԱ] մը պիտի տայ ձեզի»։ Նաեւ՝ «Ես ճշմարիտը կ’ըսեմ ձեզի. ‘Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը [«օգնականը», ՆԱ] ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ’»։—Յովհաննու 14։16, 17. 16։7

Յիսուս իր աշակերտներուն լուրջ յանձնարարութիւն մը տուաւ, անոնց պատուիրելով. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ասիկա դիւրին պարտականութիւն մը պիտի չըլլար, քանի որ հակառակութեան դիմաց պիտի իրագործուէր։—Մատթէոս 10։22, 23

Դուրսէն եկած հակառակութեան կողքին, ժողովքին մէջէն որոշ չափով բախումներ պիտի ըլլային։ Պօղոս շուրջ Հ.Դ. 56–ին, Հռովմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն գրեց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք անոնք, որոնք ձեր սորված վարդապետութենէն դուրս բաժանում կը յառաջացնեն ու գայթակղութիւններ կ’ընեն։ Անոնցմէ ետ կեցէք»։ (Հռովմայեցիս 16։17, 18) Առաքեալներուն մահէն ետք, այս կացութիւնը պիտի վատթարանար։ Պօղոս ազդարարեց. «Գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։—Գործք 20։29, 30

Այս արգելքները յաղթահարելու համար, Աստուծոյ օգնութեան կարիքը կար։ Ան ասիկա հայթայթեց Յիսուսի միջոցաւ։ Իր յարութենէն ետք, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէի օրը, իր հետեւորդներէն շուրջ 120 հոգի՝ «ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան»։—Գործք 1։15. 2։4

Աշակերտները հասկցան թէ այս առիթով թափուած սուրբ հոգին, Յիսուսի խոստացած օգնութիւնն էր։ Անկասկած, այժմ անոնք Յիսուսի հայթայթած բնորոշումը աւելի լաւ հասկցած էին. «Մխիթարիչը [«օգնականը», ՆԱ]՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ (Յովհաննու 14։26) Ան նաեւ զայն կոչեց՝ ‘օգնականը, ճշմարտութեան հոգին’։—Յովհաննու 15։26ՆԱ

Հոգին Ի՞նչպէս Օգնական մըն Է

Հոգին որպէս օգնական մը, զանազան կերպերով պիտի ծառայէր։ Նախ՝ Յիսուս խոստացաւ որ անիկա իր աշակերտներուն միտքը պիտի բերէր ինչ որ անոնց ըսած էր։ Ասով ան ըսել կ’ուզէր որ սուրբ հոգին խօսքեր յիշեցնելէն աւելին պիտի ընէր։ Հոգին անոնց պիտի օգնէր որ իր սորվեցուցած բաներուն խորունկ իմաստը եւ կարեւորութիւնը ըմբռնէին։ (Յովհաննու 16։12-14) Ուրիշ խօսքով, հոգին աշակերտներուն պիտի առաջնորդէր որ ճշմարտութիւնը աւելի լաւ կերպով հասկնային։ Պօղոս առաքեալ հետագային գրեց. «Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Որպէսզի Յիսուսի օծեալ հետեւորդները կարենային ուրիշներու ճշգրիտ գիտութիւն փոխանցել, անոնց հասկացողութիւնը պէտք էր լաւ հիմ ունենար։

Երկրորդ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն եւ ասիկա յաճախ ընեն։ Եթէ երբեմն վստահ չըլլային թէ ի՛նչ պէտք է աղօթեն, հոգին կրնար իրենց համար բարեխօսել կամ օգնել։ «Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով»։—Հռովմայեցիս 8։26

Երրորդ, հոգին Յիսուսի աշակերտներուն պիտի օգնէր որ հանրապէս ճշմարտութիւնը պաշտպանէին։ Ան զանոնք զգուշացուց. «Ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի»։—Մատթէոս 10։17-20

Սուրբ հոգին նաեւ պիտի օգնէր քրիստոնէական ժողովքը բնորոշելու եւ անոր անդամները մղելու որ իմաստուն որոշումներ տան։ Այս երկու երեսակները աւելի մանրամասնօրէն նկատի առնենք եւ տեսնենք թէ մեզի համար ի՛նչ կարեւորութիւն ունին ներկայիս։

Որպէս Բնորոշող Նշան մը Պիտի Ծառայէր

Դարեր շարունակ, Հրեաները Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ ծառայեցին որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը։ Քանի որ անոնք Յիսուսը մերժեցին որպէս Մեսիան, ան նախագուշակեց թէ շուտով իրենք ալ պիտի մերժուէին. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն։ Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ»։ (Մատթէոս 21։42, 43) Երբ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ, Քրիստոսի հետեւորդները ‘անոր պտուղ բերող ազգը’ եղան։ Անկէ ի վեր, այս ժողովքը Աստուծոյ հաղորդակցութեան խողովակը եղած է։ Որպէսզի մարդիկ կարենային հասկնալ աստուածային հաճութեան այս փոխանցումը, Աստուած մասնայատուկ ու անժխտելի նշան մը հայթայթեց։

Պէնտէկոստէին՝ սուրբ հոգին աշակերտներուն կարող դարձուց որ օտար լեզուներ խօսին, զորս երբեք չէին սորված, որու պատճառաւ ականատեսներ զարմացան եւ հարց տուին. «Ի՞նչպէս կը լսենք մենք մեր ամէն մէկ լեզուովը՝ որուն մէջ ծնած ենք»։ (Գործք 2։7, 8) Օտար լեզուներ խօսելու կարողութիւնը, եւ ‘առաքեալներուն ձեռքով եղած շատ հրաշքներն ու նշանները’, շուրջ երեք հազար անհատներու առաջնորդեցին ընդունելու, որ Աստուծոյ հոգին իրապէս գործի վրայ էր։—Գործք 2։41, 43

Նաեւ, «հոգիին պտուղը» ցուցաբերելով՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն՝ Քրիստոսի աշակերտները բացայայտօրէն բնորոշուեցան որպէս Աստուծոյ ծառաները։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Իրականութեան մէջ, սէ՛րը ուշագրաւօրէն բնորոշեց ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքը։ Յիսուս նախագուշակեց. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։34, 35

Նախկին քրիստոնէական ժողովքին անդամները Աստուծոյ սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը ընդունեցին եւ անոր մատուցանած օգնութենէն օգտուեցան։ Թէեւ Քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ Աստուած ներկայիս մեռելները չի յարուցաներ եւ հրաշքներ չի կատարեր ինչպէս առաջին դարուն կ’ընէր, սակայն անոնք թոյլ կու տան որ Աստուծոյ հոգիին պտուղները զիրենք բնորոշեն որպէս Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտները։—Ա. Կորնթացիս 13։8

Օգնական մը՝ Անձնական Որոշումներ Տալու Մէջ

Աստուածաշունչը սուրբ հոգիին մէկ արտադրութիւնն է։ Հետեւաբար, երբ թոյլ տանք որ Աստուածաշունչը մեզ համոզէ, կարծես թէ արտօնած կ’ըլլանք որ սուրբ հոգին մեզի սորվեցնէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Անիկա կրնայ մեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ տանք։ Սակայն, թոյլ կու տա՞նք անոր։

Ի՞նչ կրնանք ըսել գործ կամ աշխատանք մը ընտրելու նկատմամբ։ Սուրբ հոգին պիտի օգնէ մեզի որ հաւանական աշխատանք մը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտենք։ Մեր գործը Եհովայի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլայ, եւ նախընտրաբար՝ մեզի պէտք է օգնէ աստուածպետական նպատակակէտեր հետապնդելու։ Գործի մը վճարումը, կամ անոր հետ առնչուող հանգամանքն ու վարկը, իրապէս նուազ կարեւորութիւն ունին։ Կարեւորը այն է թէ անիկա մեզի կեանքի անհրաժեշտութիւնները կը հայթայթէ՞ եւ բաւարար ժամանակ եւ պատեհութիւն կու տա՞յ, որ մեր քրիստոնէական պարտականութիւնները կատարենք։

Կեանքը վայելելու փափաքը բնական եւ պատշաճ է։ (Ժողովողի 2։24. 11։9) Ուստի, հաւասարակշռուած Քրիստոնեայ մը թարմանալու եւ զուարճանալու համար կրնա՛յ զբօսանք ունենալ։ Սակայն, ան պէտք է ընտրէ այնպիսի զբօսանք մը որ հոգիին պտուղները կը ցոլացնէ, եւ ոչ թէ՝ «մարմնին գործերը»։ Պօղոս կը բացատրէ. «Մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են»։ Նաեւ պէտք է խուսափինք ‘սնապարծ ըլլալէ, մէկզմէկ գրգռելէ ու իրարու վրայ նախանձելէ’։—Գաղատացիս 5։16-26

Պարագան նոյն է բարեկամներ ընտրելու առնչութեամբ։ Իմաստութիւն է զանոնք հոգեւորականութեան հիման վրայ ընտրել, եւ ոչ թէ՝ անոնց արտաքին երեւոյթին կամ ստացուածքին։ Դաւիթ բացայայտօրէն Աստուծոյ բարեկամն էր, քանի որ Աստուած զինք նկարագրեց որպէս՝ ‘իր սրտին համեմատ մարդ մը’։ (Գործք 13։22) Արտաքին երեւոյթը անտեսելով, Աստուած Դաւիթը ընտրեց որպէսզի Իսրայէլի թագաւորը ըլլայ, ըստ հետեւեալ սկզբունքին. «Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։—Ա. Թագաւորաց 16։7

Հազարաւոր բարեկամութիւններ քանդուած են, քանի որ անոնք արտաքին երեւոյթի կամ ստացուածքներու վրայ հիմնուած էին։ Անվստահելի հարստութեան վրայ հիմնուած բարեկամութիւնները կրնան յանկարծ վերջ գտնել։ (Առակաց 14։20) Հոգիէն ներշնչուած Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը խրատէ, որ այնպիսի բարեկամներ ընտրենք, որոնք կրնան մեզի օգնել Եհովայի ծառայելու։ Անիկա մեզի կ’ըսէ որ կեդրոնանանք ոչ թէ առնելու վրայ, այլ՝ տալու, քանի որ տալը աւելի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ (Գործք 20։35) Ժամանակն ու գորովը շատ արժէքաւոր բաներ են, զորս կրնանք մեր բարեկամներուն տալ։

Կողակից փնտռող Քրիստոնեայի մը համար, Աստուածաշունչը հոգիէն ներշնչուած խրատներ կը հայթայթէ։ Առումով մը անիկա կ’ըսէ. ‘Դէմքէն ու երեւոյթէն անդին նայէ՛։ Ոտքերուն նայէ՛’։ Ոտքերո՞ւն։ Այո՛, հետեւեալ իմաստով. Անոնք կը գործածուի՞ն բարի լուրի քարոզչութիւնը՝ Եհովայի գործը՝ կատարելու համար եւ այսպէս իր աչքին գեղեցիկ են։ Անոնք ճշմարտութեան պատգամով եւ խաղաղութեան բարի լուրով ամրացուա՞ծ են։ Կը կարդանք. «Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ ու Սիօնին կ’ըսէ՝ ‘Քու Աստուածդ կը թագաւորէ’»։—Եսայեայ 52։7. Եփեսացիս 6։15

Քանի որ կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, Աստուծոյ կամքը կատարելու համար օգնութեան կարիքը ունինք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Օգնականը՝ Աստուծոյ սուրբ հոգին՝ առաջին դարու Քրիստոնեաներու գործունէութեան զօրաւոր կերպով թիկունք կանգնեցաւ, եւ անոնց անձնական օգնականը եղաւ։ Աստուծոյ Խօսքը՝ սուրբ հոգիին մէկ արտադրութիւնը՝ ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը գլխաւոր կերպ մըն է, որով մենք ալ կրնանք սուրբ հոգին մեր անձնական օգնականը ընել։ Ասիկա ըրա՞ծ ենք։

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 23]