Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առատաձեռնութիւնը ուրախութիւն կը բերէ

Առատաձեռնութիւնը ուրախութիւն կը բերէ

Առատաձեռնութիւնը ուրախութիւն կը բերէ

ՊՕՂՈՍ առաքեալ սիրալիր Քրիստոնեայ տեսուչ մը ըլլալով, իր հաւատակիցներուն լաւագոյն շահը կը փնտռէր։ (Բ. Կորնթացիս 11։28) Ուստի, երբ մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարու 50–ական թուականներու կիսուն Հրէաստանի մէջ գտնուող կարօտեալ Քրիստոնեաներուն համար դրամական նուիրատուութիւն մը կազմակերպեց, ան այս պատեհութիւնը օգտագործեց առատաձեռնութեան մասին արժէքաւոր դաս մը սորվեցնելու համար։ Պօղոս ընդգծեց թէ Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ յօժարակամ տուողը. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։—Բ. Կորնթացիս 9։7

Ծանր Աղքատութեան Մէջ՝ Սակայն Առատաձեռն

Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը ընկերային գետնի վրայ կարկառուն չէր։ Պօղոս նշեց թէ անոնց մէջ «շատ զօրաւորներ» չկային։ Անոնք «աշխարհիս տկարները» եւ «ցածազգիներն» էին։ (Ա. Կորնթացիս 1։26-28) Զոր օրինակ, Մակեդոնիոյ մէջ ապրող Քրիստոնեաները «ծանր աղքատութեան» եւ «նեղութեան» մէջ կ’ապրէին։ Այսուհանդերձ, այդ խոնարհ Մակեդոնացի հաւատացեալները աղաչեցին որ «սուրբերուն համար եղած օգնութեան» նիւթապէս նպաստելու առանձնաշնորհումը ունենան. իսկ ինչ որ տուին, ըստ Պօղոսի վկայութեան, իրենց «կարողութենէն ալ աւելի» էր։—Բ. Կորնթացիս 8։1-4

Այսուհանդերձ, այսպիսի առատաձեռն նուիրատուութիւն տրուած գումարէն չէր դատուեր։ Հապա՝ շարժառիթը, բաժնեկցելու կամեցողութիւնը եւ սրտի կեցուածքը կարեւոր էին։ Պօղոս Կորնթացի Քրիստոնեաներուն ցոյց տուաւ թէ նուիրատուութիւններ ընելու մէջ, միտքն ու սիրտը պարփակուած են։ Ան ըսաւ. «Գիտեմ ես ձեր յօժարութիւնը, որուն համար կը պարծենամ ձեզի համար Մակեդոնացիներուն մէջ, . . . ասիկա շատերուն բարի նախանձը գրգռեց»։ Անոնք իրենց ‘սրտովը յօժարած’ էին որ առատաձեռնօրէն տան։—Բ. Կորնթացիս 9։2, 7

‘Անոնց Հոգին Կամեցաւ’

Պօղոս առաքեալ թերեւս ի մտի ունէր առատաձեռնօրէն տալու նախկին օրինակ մը, որ տեղի ունեցած էր անապատին մէջ, իր ժամանակէն աւելի քան 15 դար առաջ։ Իսրայէլի 12 ցեղերը Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրուած էին։ Այժմ անոնք Սինա Լերան ստորոտը կը գտնուէին, եւ Եհովա անոնց պատուիրած էր որ պաշտամունքի համար տաղաւար մը շինեն եւ զայն պաշտամունքի պիտոյքներով լեցնեն։ Ասիկա շատ եկամուտի կը կարօտէր. ազգին հրաւէր տրուեցաւ որ օժանդակէր։

Այդ Իսրայելացիները ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ «Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու վկայութեան խորանին գործին համար . . . Տէրոջը ընծայ բերին»։ (Ելից 35։21) Ազգը առատաձեռն նուիրատուութիւններ ըրա՞ւ։ Այո՛։ Մովսէս հետեւեալ տեղեկագրութիւնը ստացաւ. «Ժողովուրդը աւելի կը բերէ, քան՝ որչափ պէտք է Տէրոջը պատուիրած բաները շինելու համար»։—Ելից 36։5

Այն ժամանակ Իսրայելացիներուն նիւթական վիճակը ի՞նչ էր։ Այս դէպքէն քիչ առաջ, անոնք թշուառ գերիներ էին, ‘ծանր գործերով չարչարուած’, եւ ‘ծանր գործով’ եւ ‘չարչարանքով’ լեցուն կեանք մը կը վարէին։ (Ելից 1։11, 14. 3։7. 5։10-18) Ուստի, հաւանական չէ որ անոնք նիւթապէս բարգաւաճ ըլլային։ Ճիշդ է որ Իսրայելացիները հօտերով ու արջառներով գերութեան երկիրը ձգեցին։ (Ելից 12։32) Սակայն, ասոնք շատ մեծ բան չէին ներկայացներ, քանի որ Եգիպտոսէն ելլելէ անմիջապէս ետք, անոնք գանգատեցան թէ ոչ ուտելիք միս, ո՛չ ալ հաց ունէին։—Ելից 16։3

Հետեւաբար, Իսրայելացիները տաղաւարին շինութեան համար իրենց նուիրած թանկարժէք իրերը ուրկէ՞ բերին։ Իրենց նախկին տէրերէն՝ Եգիպտացիներէն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիները . . . Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր եւ ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին։ . . . Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին»։ Եգիպտացիներու այս առատաձեռն արարքները Եհովայի մէկ օրհնութիւնն էր, եւ ոչ թէ՝ Փարաւոնին։ Աստուածային արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացիներուն առջեւ, այնպէս որ Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին»։—Ելից 12։35, 36

Ուստի, երեւակայեցէք թէ Իսրայելացիները ի՛նչպէս զգացին։ Սերունդնե՜ր ամբողջ դառն գերութենէ եւ զրկանքէ տառապած էին։ Այժմ, ազատ էին եւ ճոխ նիւթական ստացուածքներ ունէին։ Անոնք ի՞նչ պիտի զգային եթէ այդ ստացուածքներէն մաս մը տային։ Թերեւս խորհէին թէ ասոնք իրենք շահած էին եւ իրաւասութիւն ունէին զանոնք պահելու։ Այսուհանդերձ, երբ ճշմարիտ պաշտամունքին նիւթապէս թիկունք կանգնելու հրաւէր ստացան, անոնք ընդառաջեցին, սակայն ո՛չ դժկամելով եւ ոչ ալ ժլատութեամբ։ Անոնք չմոռցան որ Եհովա՛ն կարելի դարձուցած էր որ այդ նիւթական բաները ունենան։ Ուստի, անոնք իրենց արծաթէն ու ոսկիէն եւ ստացուածքէն առատօրէն տուին։ Անոնք ‘սրտով յօժար’ էին։ Անոնց ‘սրտերը փափաքեցան’։ Անոնց ‘հոգին կամեցաւ’։ Իրապէս ասիկա ‘յօժարակամ ընծայ էր Տէրոջը’։—Ելից 25։1-9. 35։4-9, 20-29. 36։3-7

Տալու Պատրաստակամութիւն

Պայման չէ որ նուիրատուութեան մը քանակը զայն տուողին առատաձեռնութեան մասին գաղափար մը տայ։ Առիթով մը Յիսուս Քրիստոս տաճարի գանձանակներուն մէջ դրամ ձգող մարդիկը կը դիտէր։ Հարուստները շատ լումաներ ձգեցին, սակայն Յիսուս տպաւորուեցաւ երբ չքաւոր որբեւայրի մը տեսաւ, որ չնչին արժէք ներկայացնող երկու լումայ ձգեց։ Ան ըսաւ. «Այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց. . . . ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։—Ղուկաս 21։1-4. Մարկոս 12։41-44

Կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոսի խօսքերը, Յիսուսի այս գաղափարին հետ ներդաշնակ էին։ Կարօտեալ հաւատակիցներու օգնելու համար նուիրատուութիւններ ընելու նկատմամբ, Պօղոս դիտել տուաւ. «Եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը»։ (Բ. Կորնթացիս 8։12) Այո՛, նուիրատուութիւնները մրցակցութեան կամ իրարու հետ բաղդատուելու առիթ մը չեն։ Անհատ մը իր կարողութեան չափով կու տայ, եւ առատաձեռն հոգին հաճելի է Եհովայի։

Թէեւ ոեւէ մէկը իրապէս չի կրնար Եհովան հարստացնել, որ ամէն բանի սեփականատէրն է, սակայն, նուիրատուութիւններ ընելը առանձնաշնորհում մըն է, երկրպագուներուն պատեհութիւն տալով որ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը ցուցաբերեն։ (Ա. Մնացորդաց 29։14-17) Այն նուիրատուութիւնները որոնք կը տրուին ոչ թէ ցուցադրութեան կամ ուրիշ անձնասէր շարժառիթներու համար, այլ, պատշաճ մտավիճակով եւ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանելու համար, ուրախութիւն կու տան, եւ անոր հետ՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը բերեն։ (Մատթէոս 6։1-4) Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Կրնանք այդ ուրախութեան մասնակից ըլլալ, Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր կորովը դնելով եւ մեր նիւթական ստացուածքէն մաս մը յատկացնելով՝ ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու եւ արժանի եղողներուն օգնելու համար։—Ա. Կորնթացիս 16։1, 2

Տալու Պատրաստակամութիւնը՝ Ներկայիս

Ներկայիս, Եհովայի Վկաները կը հրճուին տեսնելով՝ «Թագաւորութեան բարի լուր»ի քարոզչութեան արձանագրած համաշխարհային յառաջդիմութիւնը։ (Մատթէոս 24։14, ՆԱ) 20–րդ դարու վերջին տասնամեակի ընթացքին, աւելի քան 3,000,000 անհատներ մկրտուած են Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իրենց նուիրումը խորհրդանշելով, եւ շուրջ 30,000 նոր ժողովքներ կազմուած են։ Այո, ներկայիս գոյութիւն ունեցող Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէկ երրորդը, վերջին տասը տարիներու ընթացքին կազմուած են։ Այս յաւելումին մեծ մասը, անկեղծ Քրիստոնեայ այրերու եւ կիներու ծանր աշխատանքին արդիւնքն է, որոնք իրենց ժամանակէն ու կորովէն կու տան որպէսզի իրենց դրացիներուն այցելեն եւ անոնց Եհովայի նպատակներուն մասին խօսին։ Յաւելումին մէկ մասը միսիոնարներու աշխատանքին արդիւնքն է, որոնք իրենց տուները կը ձգեն ու հեռաւոր երկիրներ կը ճամբորդեն, հո՛ն Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին աջակցելու համար։ Այս յաւելումը պատճառ եղած է որ նոր շրջաններ կազմուին, որոնք նոր շրջանային տեսուչներ նշանակելու կարիքը ստեղծած են։ Ասկէ զատ, քարոզչութեան եւ անձնական ուսումնասիրութեան մէջ գործածուելու համար յաւելեալ Աստուածաշունչերու կարիքը ծագած է։ Գրականութիւններու յաւելեալ կարիքը տեսնուած է։ Շատ մը երկիրներու մէջ, մասնաճիւղի գրասենեակները ընդարձակուած, կամ աւելի մեծերը կառուցուած են։ Այս բոլոր յաւելեալ կարիքները Եհովայի ժողովուրդին յօժարակամ նուիրատուութիւններով հայթայթուած են։

Թագաւորութեան Սրահներու Կարիքը

Եհովայի Վկաներու թիւի յաւելումին հետ, աչքառու կարիք մը մէջտեղ եկած է՝ Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը։ 2000–ի սկիզբը կատարուած փորձագիտանքներէն երեւան եկած է, թէ զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ, ուր տնտեսական պայմանները դժուար են, աւելի քան 11,000 Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը կայ։ Նկատի առէք Անկոլան։ Տարիներ քաղաքացիական պատերազմէ տառապելով հանդերձ, այս երկրին մէջ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն միջինը տարեկան 10 առ հարիւր յաւելում կ’արձանագրէ։ Սակայն, Ափրիկեան այս մեծ երկրին մէջ, 675 ժողովքներուն մեծամասնութիւնը բացօթեայ վայրերու մէջ կը ժողվուի։ Երկրին մէջ միայն 22 Թագաւորութեան Սրահներ կան, իսկ ասոնցմէ միայն 12–ը տեսակ մը երդիք ունին։

Նման պարագայ մը գոյութիւն ունի Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ։ Թէեւ Քինշասա մայրաքաղաքին մէջ գրեթէ 300 ժողովքներ կան, սակայն միայն տասը Թագաւորութեան Սրահներ գոյութիւն ունին։ Ամբողջ երկրին մէջ, աւելի քան 1,500 Թագաւորութեան Սրահներու անմիջական կարիքը կայ։ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող արագ աճման պատճառաւ, Ռուսաստանը եւ Ուգրանիան միասնաբար կը տեղեկագրեն թէ հարիւրաւոր Թագաւորութեան Սրահներու կարիքը ունին։ Լատին Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցող հսկայ աճը շատ աչքառու է Պրազիլիոյ մէջ, ուր աւելի քան կէս միլիոն Վկաներ կան, եւ Թագաւորութեան Սրահներու մեծ կարիք կայ։

Այսպիսի երկիրներու կարիքները գոհացնելու համար, Եհովայի Վկաները Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու արագ յայտագիր մը պատրաստած են։ Այս յայտագիրը համաշխարհային եղբայրակցութեան առատաձեռն նուիրատուութիւններով կ’իրագործուի, այնպէս որ նոյնիսկ ամենէն աղքատ ժողովքները պիտի կարենան պաշտամունքի պատշաճ վայր մը ունենալ։

Ինչպէս էր պարագան վաղեմի Իսրայէլի մէջ, ներկայիս ալ շատ բան կրնայ իրագործուիլ, քանի որ անկեղծ Քրիստոնեաներ ‘Եհովան կը պատուեն իրենց ստացուածքով’։ (Առակաց 3։9, 10) Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը կը փափաքի այս առիթը օգտագործել խոր երախտագիտութիւն յայտնելու համար բոլոր անոնց, որոնց սիրտը զիրենք մղած է այս յօժարակամ նուիրատուութեանց մէջ բաժին բերելու։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի հոգին պիտի շարունակէ իր ժողովուրդին սրտերը մղել՝ որպէսզի յարաճուն Թագաւորութեան գործի կարիքներուն թիկունք կանգնին։

Մինչ համաշխարհային ընդլայնումը յառաջ կ’ընթանայ, շարունակենք՝ մեր կորովէն, ժամանակէն եւ ստացուածքէն տալու պատեհութիւններուն համար մեր ուրախութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը ցոյց տալ։ Նաեւ վայելենք այն իսկական ուրախութիւնը որ այսպիսի առատաձեռն հոգիէ մը յառաջ կու գայ։

[Շրջանակ՝ էջ 29]

«ԶԱՅՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱ՛ՄԲ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ»

«Տասը տարեկան եմ։ Այս դրամը կը ղրկեմ ձեզի, որպէսզի կարենաք գրքեր շինելու համար թուղթ կամ ուրիշ բան գնել»։—Սինտի

«Կը փափաքիմ այս դրամը ձեզի ուղարկել, որպէսզի մեզի համար աւելի գրքեր շինէք։ Այս դրամը խնայեցի՝ հօրս օգնելով։ Ուրեմն, զայն իմաստութեա՛մբ գործածեցէք»։—Փամ, եօթը տարեկան

«Ոլորամրրիկին համար շատ նեղուեցայ։ Կը յուսամ ողջ առողջ էք։ Ասիկա [2 Ամերիկեան տոլարը] գանձանակիս մէջ եղած բոլոր գումարն է»։—Էլիսըն, չորս տարեկան

«Անունս Ռուտի է, 11 տարեկան եմ։ Եղբայրս՝ Ռալֆը՝ վեց։ Իսկ քոյրս՝ Ժուտիդը՝ երկուքուկէս տարեկան է։ Երեք ամիսէ ծախսելու համար մեզի տրուած դրամէն կը խնայենք, որպէսզի [պատերազմէ պառակտուած շրջանի մը մէջ] մեր եղբայրներուն օգնենք։ Կրցանք 20 տոլար խնայել, զոր այժմ ձեզի կը ղրկենք»։

«Շատ նեղուեցայ [ոլորամրրիկի հանդիպած] մեր եղբայրներուն համար։ Հօրս հետ աշխատելով 17 տոլար շահեցայ։ Այս դրամը մասնայատուկ բանի մը գործածելու համար չեմ ղրկեր, ուստի, որոշումը ձեզի կը ձգեմ»։—Մէքլին, ութ տարեկան

[Շրջանակ՝ էջ 31]

Տալու կարգ մը կերպեր

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԵՐԿՐԱԾԱՒԱԼ ԳՈՐԾԻՆ ՀԱՄԱՐ

Շատեր գումար մը, կամ պիւտճէ մը կը յատկացնեն, զոր կը դնեն նուիրատուութեան սնտուկին մէջ, որու վրայ գրուած է. «Նուիրատուութիւններ՝ Ընկերութեան Երկրածաւալ Գործին Համար—Մատթէոս 24։14»։ Ամէն ամիս ժողովքները այս գումարները կը ղրկեն կա՛մ Պրուքլին, Նիւ Եորքի կեդրոնատեղին կամ ալ՝ տեղւոյն մասնաճիւղին։

Դրամական կամաւոր նուիրատուութիւններ կրնան նաեւ ուղղարկուիլ ուղղակի Գանձապահին Գրասենեակը, Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, 25 Columbia Heights, Brooklyn, New York 11201-2483, կամ ձեր երկրին ծառայող Ընկերութեան գրասենեակը։ Կարելի է նաեւ գոհարեղէն կամ ուրիշ արժէքաւոր պիտոյքներ նուիրել։ Այս նուիրատուութիւններուն հետ հակիրճ նամակ մը պէտք է ղրկուի, հաստատելով թէ ասոնք ուղղակի նուէր մըն են։

ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ–ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Դիտարանի Ընկերութեան կարելի է դրամ փոխ տալ, այն պայմանաւ որ անձնական կարիքի պարագային անիկա պիտի վերադարձուի նուիրողին։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք դիմել Գանձապահին Գրասենեակը, վերոյիշեալ հասցէին։

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

Դրամական պարգեւներէն եւ պայմանաւոր–նուիրատուութիւններէն զատ, Թագաւորութեան երկրածաւալ ծառայութեան ի նպաստ եղած նուիրատուութեան ուրիշ կերպեր ալ կան։ Ասոնց շարքին են.

Ապահովագրութիւն. Դիտարանի Ընկերութիւնը կրնայ կեանքի ապահովագրութեան կամ հանգստաթոշակի ծրագրի մը նպաստընկալը ըլլալ։

Դրամատան Հաշիւներ. Դրամատան հաշիւներ, հաշուին դրուած վկայագիրներ, կամ անձնական հանգստաթոշակի հաշիւներ կրնան յանձնուիլ, կամ՝ անհատին մահուընէ ետք վճարելի ըլլալ Դիտարանի Ընկերութեան, դրամատան տեղւոյն պահանջներուն համաձայն։

Արժեթուղթեր եւ Պարտատոմսեր. Արժեթուղթեր ու պարտատոմսեր կրնան նուիրուիլ Դիտարանի Ընկերութեան, որպէս ուղղակի պարգեւ։

Կալուած. Ծախուելիք կալուածներ Դիտարանի Ընկերութեան կրնան նուիրուիլ, որպէս ուղղակի պարգեւ կամ կարգադրութեամբ մը, որ նուիրատուն հոն կրնայ բնակիլ այնքան ատեն որ ողջ է։ Որեւէ կալուած Ընկերութեան կտակելէ առաջ, անպայման Ընկերութեան հետ կապ պահեցէք։

Կտակներ եւ Աւանդներ. Կալուած կամ դրամ կրնան կտակուիլ Դիտարանի Ընկերութեան, օրինականօրէն կատարուած կտակով մը, կամ՝ կարելի է Ընկերութեան անունը դնել որպէս աւանդի համաձայնութենէ մը օգտուողը։ Կրօնական կազմակերպութեան մը տրուած աւանդը, տուրքերու կողմէ որոշ առաւելութիւններ կրնայ ունենալ։

Ինչպէս որ «բարեսիրական ծրագիրներ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, այսպիսի նուիրատուութիւններ սովորաբար նուիրատուին կողմէ որոշ չափով ծրագրում կը պահանջեն։ Բարեսիրական ծրագիրներու միջոցաւ Ընկերութեան օգտակար դառնալ փափաքող անհատներուն աջակցելու համար, Ընկերութիւնը Անգլերէն եւ Սպաներէն Լեզուներով գրքոյկ մը պատրաստած է, որու խորագիրն է՝ Բարեսիրական Ծրագիրներ՝ Թագաւորութեան Երկրածաւալ Ծառայութեան Ի Նպաստ։ Այս գրքոյկը գրուած է պարգեւներու, կտակներու եւ աւանդներու առնչութեամբ Ընկերութեան ստացած բազմաթիւ հարցումներուն որպէս պատասխան։ Անիկա կալուածի, դրամի կամ տուրքի վերաբերեալ յաւելեալ օգտակար տեղեկութիւններ ալ կը բովանդակէ։ Անիկա պատրաստուած է օգնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրողներուն, որոնք կը ծրագրեն Ընկերութեան մասնաւոր նուէր մը ընել հիմա, կամ իրենց մահուընէ ետք կտակ մը ձգել, որպէսզի անոնք իրենց ընտանեկան կամ անձնական պարագաներուն յարմարող լաւագոյն եւ ազդու կերպը ընտրեն։ Այս գրքոյկը կրնաք ձեռք ձգել, զայն ուղղակիօրէն խնդրելով Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակէն։

Գրքոյկը կարդալէն ու Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակին հետ խորհրդակցելէ ետք, շատեր կրցած են Ընկերութեան օգտակար դառնալ եւ միեւնոյն ժամանակ տուրքերէն առաւելագոյնս օգտուիլ։ Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակը այս բոլորէն տեղեակ պէտք է ըլլայ եւ այս կարգադրութիւններուն հետ առնչուող որեւէ փաստաթուղթէ օրինակ մը ստանայ։ Բարեսիրական ծրագիրներու այս կարգադրութիւններէն որեւէ մէկով եթէ հետաքրքրուած էք, թղթակցութեամբ կամ հեռաձայնով կապ պէտք է պահէք Բարեսիրական Ծրագիրներու Գրասենեակին հետ, գործածելով ստորեւ տրուած կամ՝ ձեր երկրին մէջ ծառայող Ընկերութեան գրասենեակի հասցէն։

CHARITABLE PLANNING OFFICE

Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania

100 Watchtower Drive, Patterson, New York 12563-9204

Telephone։ (845) 306-0707