Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի բարոյագիտութիւնը լաւագո՞յնն է

Աստուածաշունչի բարոյագիտութիւնը լաւագո՞յնն է

Աստուածաշունչի բարոյագիտութիւնը լաւագո՞յնն է

«ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ հիմնական արժէքներու կառոյցի մը պէտք ունի, որ իր անդամներուն ապահովութիւն եւ առաջնորդութիւն տայ»։ Այսպէս բացատրեց փորձառու Գերմանացի գրագիր եւ հեռատեսիլի հաղորդավար մը։ Անշուշտ ասիկա տրամաբանական է։ Մարդկային ընկերութիւնը կայուն եւ բարգաւաճ ըլլալու համար, մարդիկ հասարակութեան կողմէ ընդունուած չափանիշներու՝ վէմի մը պէտք ունի, որ բնորոշէ շիտակը կամ սխալը, լաւը՝ կամ վատը։ Հարցը հետեւեալն է. Ո՞ր չափանիշները լաւագոյնն են ե՛ւ ընկերութեան, ե՛ւ անոր անդամներուն համար։

Եթէ Աստուածաշունչի բարոյական արժէքները որպէս չափանիշ որդեգրուին, անիկա պէտք է մարդոց օգնէ որ կայուն եւ ուրախ կեանք մը վարեն։ Ատիկա իր կարգին, այդ արժէքները պահող աւելի ուրախ եւ աւելի կայուն մարդկային ընկերութիւն մը յառաջ պիտի բերէ։ Ա՞յս է պարագան։ Տեսնենք ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ երկու կարեւոր հարցերու մասին. ամուսնութեան մէջ հաւատարմութիւն, եւ առօրեայ կեանքին մէջ պարկեշտութիւն։

Ձեր Կողակիցին Յարեցէք

Մեր Ստեղծիչը Ադամը ստեղծեց, ապա Եւան ըրաւ որպէսզի անոր լծակիցը ըլլայ։ Իրենց միութիւնը պատմութեան առաջին ամուսնութիւնն էր եւ անիկա տեւական կապ մը պիտի ըլլար։ Աստուած ըսաւ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի»։ Շուրջ 4,000 տարիներ ետք, Յիսուս Քրիստոս ամուսնական այս չափանիշը կրկնեց իր բոլոր հետեւորդներուն համար։ Ասկէ զատ, ան ամուսնութենէն դուրս եղող սեռային յարաբերութիւնները դատապարտեց։—Ծննդոց 1։27, 28. 2։24. Մատթէոս 5։27-30. 19։5

Ըստ Աստուածաշունչին, ուրախ ամուսնութեան նպաստող երկու կարեւոր բանալիներն են՝ երկու լծակիցներուն կողմէ սէրն ու յարգանքը։ Ամուսինը՝ որ տան գլուխն է, պէտք է անձնուրաց սէր ցոյց տայ, իր կնոջ լաւագոյն շահերը փնտռելով։ Ան պէտք է անոր հետ բնակի «խոհեմութիւնով», «դառն» չըլլալով անոր հետ։ Կինը ամուսինին հետ ‘ակնածանքով’ պէտք է վարուի։ Եթէ կողակիցներ այս սկզբունքներուն հետեւին, կարելի կ’ըլլայ շատ մը ամուսնական դժուարութիւններէն խուսափիլ կամ զանոնք յաղթահարել։ Ամուսինը պիտի ուզէ իր կնոջ յարիլ եւ կինն ալ՝ իր ամուսնոյն։—Ա. Պետրոս 3։1-7. Կողոսացիս 3։18, 19. Եփեսացիս 5։22-33

Արդեօք հաւատարմաբար իր կողակիցին յարելու Աստուածաշունչի չափանիշը ուրախ ամուսնութեան կը նպաստէ՞։ Լաւ, Գերմանիոյ մէջ կատարուած փորձագիտանքի մը արդիւնքը նկատի առէք։ Անհատներու հարցուեցաւ թէ լաւ ամուսնութեան մը համար ի՛նչ ազդակներ կարեւոր են։ Ցանկին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր փոխադարձ հաւատարմութիւնը։ Չէ՞ք համաձայնիր որ ամուսնացած կողակիցներ շատ աւելի ուրախ կ’ըլլան, երբ գիտնան թէ իրենց կողակիցը հաւատարիմ է։

Երբ Խնդիրներ Ծագին

Ի՞նչ պէտք է ընել, երբ տէր եւ տիկին լուրջ տարակարծութիւններ ունին։ Ի՞նչ ընել, երբ իրենց սէրը մարած է։ Այս պարագաներուն, նախընտրելի չէ՞ վերջ դնել ամուսնութեան. թէ ոչ հաւատարմօրէն իր կողակիցին յարելու Աստուածաշունչի չափանիշը տակաւին տրամաբանական կը մնայ։

Աստուածաշունչը գրողները գիտակցած են որ մարդկային անկատարութեան պատճառով բոլոր ամուսնացած զոյգերն ալ խնդիրներ պիտի ունենան։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Բայց եւ այնպէս, Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն հետեւող ամոլներ կը ջանան ներել եւ միասնաբար կ’աշխատին իրենց դժուարութիւններուն վրայ։ Անշուշտ, կա՛ն պարագաներ՝ ինչպէս պոռնկութիւնը եւ ֆիզիքական չարաշահումը, երբ Քրիստոնեայ մը բաժանումի կամ ամուսնալուծման մասին կը մտածէ։ (Մատթէոս 5։32. 19։9) Բայց առանց լուրջ պատճառի, ուրիշ կողակից մը առնելու համար արտորնօք ամուսնութեան մը վերջ դնելը, ուրիշները անձնասիրաբար արհամարհել կը նշէ։ Վստահաբար, անիկա մէկու մը կեանքին կայունութիւն եւ ուրախութիւն չի տար։ Օրինակ մը առնենք։

Բիթըր զգաց որ իր ամուսնութիւնը իր առաջուան կենսունակութիւնը կորսնցուցած էր։ * Ուստի, ան ձգեց իր կինը եւ Մոնիգայի հետ սկսաւ կենակցիլ, որ իր կարգին, իր ամուսինը ձգած էր։ Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը։ Քանի մը ամիս ետք, Բիթըր ընդունեց որ Մոնիգայի հետ ապրիլը «այնքան ալ դիւրին չէր, ինչպէս ինք կը խորհէր»։ Ինչո՞ւ։ Մարդկային թերացումները նոյնքան բացայայտ էին իր նոր ընկերակիցին մէջ, որքան որ էին հինին մէջ։ Հարցերը աւելի բարդացնելով, իր արագ եւ անձնասէր որոշումը դրամական լուրջ խնդիրներու մէջ ալ ձգած էր զինք։ Ասկէ զատ, Մոնիգայի զաւակները իրենց ընտանեկան կեանքին հիմնական փոփոխութենէն զգացականօրէն ջախջախուած էին։

Ինչպէս որ այս փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, երբ ամուսնութիւն մը փոթորիկի հանդիպի, շատ քիչ պարագայի նաւը լքելը լուծումը կրնայ ըլլալ։ Միւս կողմէ, փոթորիկի մը դիմաց, Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին բարոյական արժէքներով ապրիլը յաճախ կրնայ օգնել որ ամուսնութիւն մը ծփայ եւ աւելի հանդարտ ջուրերու առաջնորդուի։ Թոմասի եւ Տորիսի պարագան այս եղաւ։

Թոմասը եւ Տորիսը աւելի քան 30 տարիներէ ամուսնացած էին, երբ Թոմաս սկսաւ չափազանց ոգելից ըմպելի գործածել։ Տորիս յուսալքումի մէջ ինկաւ եւ երկուքն ալ ամուսնալուծման մասին սկսան խօսիլ։ Տորիս իր սիրտը բացաւ Եհովայի Վկայի մը։ Վկան ցոյց տուաւ Տորիսին ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ ամուսնութեան մասին, քաջալերելով զինք որ հապճեպով բաժնուելու մասին չմտածէ, հապա նախ տրամաբանէ իր ամուսնոյն հետ եւ փորձէ լուծում մը գտնել։ Տորիս այս է որ ըրաւ։ Քանի մը ամիս ետք այլեւս ամուսնալուծման մասին խօսք չէր ըլլար։ Թոմասը եւ Տորիսը սկսան միասնաբար աշխատիլ իրենց խնդիրներուն վրայ։ Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիլը զօրացուց իրենց ամուսնութիւնը եւ ժամանակ տուաւ որ իրենց խնդիրները լուծեն։

Պարկեշտութիւն Ամէ՛ն Բանի Մէջ

Հաւատարմաբար կողակիցի մը յարիլը, նկարագրի զօրութիւն եւ սկզբունքային սէր կը պահանջէ։ Նոյն յատկութիւնները պահանջուած են անպարկեշտ աշխարհի մը մէջ պարկեշտ մնալու համար։ Աստուածաշունչը շատ կը խօսի պարկեշտութեան մասին։ Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Հրէաստանի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Կ’ուզենք պարկեշտ ընթացք մը ցոյց տալ ամէն բանի մէջ»։ (Եբրայեցիս 13։18, Երուսաղէմ) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Պարկեշտ անհատ մը ճշմարտախօս եւ խարդախութենէ զերծ է։ Ուրիշներու հետ իր վերաբերմունքին մէջ անաչառ է՝ ուղիղ, յարգալից եւ ո՛չ թէ խաբող կամ մոլորեցնող։ Ասկէ զատ, պարկեշտ անհատ մը ուղղամիտ մէկն է, որ իր նմանները չի խաբեր։ Պարկեշտ անհատներ վստահութեան ու ապահովութեան մթնոլորտի մը կը նպաստեն, որ ողջախոհ կեցուածքի կ’առաջնորդէ եւ մարդկային զօրաւոր յարաբերութիւններու կը նպաստէ։

Պարկեշտ անհատները ուրա՞խ են։ Այո, անոնք ուրախ ըլլալու պատճառ ունին։ Հակառակ համատարած ապականութեան եւ խաբկանքի՝ կամ անոնց իսկ պատճառով՝ ուրիշներ ընդհանրապէս կը զմայլին պարկեշտ անհատներու վրայ։ Երիտասարդներու մէջ կատարուած փորձագիտանքի մը համաձայն, պատասխանողներուն 70 տոկոսը մեծապէս կ’արժեւորէր պարկեշտութեան առաքինութիւնը։ Աւելին ըլլալով, ի՛նչ տարիքի մէջ ալ ըլլանք, պարկեշտութիւնը գլխաւոր պահանջն է զոր կը փնտռենք մեր բարեկամներուն մէջ։

Քրիստինին 12 տարեկանէն գողութիւն սորվեցուցած էին։ Տարիներու ընթացքին ան վարպետ քսակահատ մը եղաւ։ «Կային օրեր որ մինչեւ 5,000 գերմ. մարք [$2,200] կը բերէի տուն», կ’ըսէ ան։ Բայց Քրիստինը բազմիցս ձերբակալուած էր եւ միշտ բանտ երթալու վախով կ’ապրէր։ Երբ Եհովայի Վկաները անոր բացատրեցին ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէր պարկեշտութեան մասին, ան հրապուրուեցաւ անոր բարոյական չափանիշներով։ Ան սորվեցաւ հետեւեալ յորդորին հնազանդիլ. «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ»։—Եփեսացիս 4։28

Երբ Քրիստինը որպէս Եհովայի Վկայ մկրտուեցաւ, այլեւս ան գող մը չէր։ Ան կը ջանար ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալ, քանի որ Վկաները մեծ շեշտ կը դնեն պարկեշտութեան եւ քրիստոնէական այլ յատկութիւններու վրայ։ Լաուսիթզէր Ռունտշօ (Գերմաներէն) լրագիրը կը տեղեկագրէ. «Վկաներուն հաւատքին մէջ շատ բարձր գնահատուած են պարկեշտութեան, չափաւորութեան եւ դրացիական սիրոյ նման բարոյական արտայայտութիւններ»։ Քրիստինը ի՞նչ կը զգայ իր կեանքի փոփոխութեան համար։ «Հիմա ա՛յնքան ուրախ եմ որ գողութիւնը դադրեցուցի։ Կը զգամ որ ընկերութեան մէջ յարգալից անդամ մըն եմ»։

Ամբողջ Ընկերութիւնը կ’Օգտուի

Իրենց կողակիցին հաւատարիմ ու պարկեշտ անհատներ ո՛չ միայն աւելի ուրախ են, այլ նաեւ բարիք մըն են ընդհանուր հասարակութեան։ Գործատէրեր կը նախընտրեն այն գործաւորները որոնք չեն խաբեր։ Բոլորս ալ կը սիրենք վստահելի դրացիներ ունենալ եւ գնում ընել այն խանութներէն, որոնք ուղիղ առեւտրականներ են։ Չե՞նք յարգեր այն քաղաքագէտները, ոստիկանները եւ դատաւորները որոնք կաշառակերութիւնը կը մերժեն։ Հասարակութիւնը մեծապէս կ’օգտուի, երբ իր անդամները սկզբունքէ մղուած պարկեշտօրէն կը վարուին, եւ ո՛չ թէ՝ երբ իրենց գործին կու գայ։

Ասկէ զատ, հաւատարիմ կողակիցներ կայուն ընտանիքներու հիմը կը կազմեն։ Իսկ շատեր համաձայն պիտի գտնուին Եւրոպացի այն քաղաքագէտին հետ որ ըսաւ. «[Աւանդական] ընտանիքը մինչեւ օրս կը մնայ մարդկային ապահովութեան եւ նպատակին ամենէն կարեւոր պատսպարանը»։ Խաղաղ ընտանեկան միաւորի մը մէջ է որ չափահասներ եւ երախաներ զգացականօրէն ապահով ըլլալու լաւագոյն առիթը ունին։ Ամուսնութեան մէջ հաւատարիմ եղողները այս կերպով նպաստած կ’ըլլան ընկերութեան կայունութեան։

Խորհեցէք թէ իւրաքանչիւր անհատ ո՛րքան պիտի օգտուէր, եթէ լքուած կողակիցներ, ամուսնալուծման ատեաններ, կամ զաւկի խնամակալութեան պարագաներ չըլլային։ Ի՞սկ եթէ այլեւս քսակահատներ, խանութի գողեր, խորողներ, կաշառակեր պաշտօնեաներ կամ խարդախ գիտնականներ չըլլան. . .։ Ասիկա երազայի՞ն կը հնչէ։ Ո՛չ անոնց համար, որոնք իրապէս կը հետաքրքրուին Աստուածաշունչով եւ ապագային մասին անոր ըսածով։ Աստուծոյ Խօսքը կը խոստանայ որ Եհովայի Մեսիական Թագաւորութիւնը շուտով պիտի ստանձնէ երկրի վրայ ամբողջ մարդկութեան տիրապետութիւնը։ Այդ Թագաւորութեան ներքեւ, անոր բոլոր հպատակները պիտի սորվին Աստուածաշունչի բարոյականութեան համաձայն ապրիլ։ Այդ ժամանակ, «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։29

Աստուածաշունչի Բարոյագիտութիւնը Լաւագոյն Բարոյագիտութիւնն Է

Սուրբ Գիրքը մօտէն սերտող միլիոնաւոր անհատներ գնահատած են որ Աստուածաշունչի խրատները հիմնուած են աստուածային իմաստութեան վրայ, որ մարդկային խորհուրդներէն շատ գերիվեր է։ Այսպիսիներ Աստուածաշունչը կը նկատեն որպէս վստահելի եւ արդի աշխարհին մէջ մեր կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող բան մը։ Անոնք գիտեն որ Աստուծոյ Խօսքին խրատներուն ուշադրութիւն ընծայելով լաւագոյնս կ’օգտուին։

Ուստի, այսպիսի անհատներ սրտանց ուշադրութիւն կ’ընծայեն Աստուածաշունչի խրատին. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ (Առակաց 3։5, 6) Այսպէս ընելով, թէ՛ իրենց կեանքը մեծապէս կը բարելաւեն եւ թէ իրենց շուրջիններուն օգտակար կ’ըլլան։ Իսկ հաստատ վստահութիւն կը զարգացնեն «ապագայ կեանքին» հանդէպ, երբ ամբողջ մարդկութիւնը Աստուածաշունչի բարոյագիտութեան պիտի հետեւի։—Ա. Տիմոթէոս 4։8

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Յօդուածին մէջի անունները փոխուած են։

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Ամուսնական փոթորիկի մը դիմաց, Աստուածաշունչի չափանիշներով ապրիլը յաճախ կրնայ օգնել որ ամուսնութիւն մը ծփայ եւ աւելի հանդարտ ջուրերու առաջնորդուի

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Հակառակ համատարած ապականութեան՝ կամ անոր իսկ պատճառով՝ ուրիշներ ընդհանրապէս կը զմայլին պարկեշտ անհատներու վրայ