Բարոյական արժէքները անկում կը կրեն
Բարոյական արժէքները անկում կը կրեն
«ԱՅԴՊԻՍԻ բաներ բնաւ չէին պատահեր», ըսաւ Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Հէլմութ Շմիթը։ Ան կ’ողբար հանրային պաշտօնեաներու կողմէ վերջերս կատարուած լուրջ անպարկեշտութեան վրայ, որ թերթերու վերնագիրները գրաւեց։ «Բարոյական չափանիշները ագահութեան մէջ կորսուած են», ըսաւ ան։
Շատեր պիտի համաձայնին իրեն հետ։ Բարոյական արժէքները, որոնք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ արմատացած եւ երկար ժամանակ լայնօրէն ընդունուած էին որպէս շիտակի ու սխալի առաջնորդ, մէկ կողմ շպրտուած են։ Այս է պարագան նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, որոնք անունով Քրիստոնէութեան կը պատկանին։
Աստուածաշունչի Բարոյականութիւնը Կիրարկելի՞ Է
Աստուածաշունչի ուսուցումներուն վրայ հիմնուած բարոյականութիւնը՝ պարկեշտութիւն եւ ուղղամտութիւն կը ներառէ։ Սակայն, խաբկանքը, կաշառակերութիւնը եւ խարդախութիւնը համատարած են։ Լոնտոնի Թայմզ–ը կը տեղեկագրէ թէ կարգ մը գաղտնի ոստիկաններ «կը կարծուի որ իւրաքանչիւրը ամէն անգամ մինչեւ 100,000 սթերլին գրպանած է, թմրեցուցիչները ետ շրջագայութեան մէջ մտցնելու, կամ ստորերկրեայ գլխաւոր դէմքերու դէմ փաստերը կորսնցնելու համար»։ Աւստրիոյ մէջ, ապահովագրութեան
խարդախութիւնը սովորական բան մը դարձած է։ Իսկ Գերմանիոյ մէջ, գիտական համայնքը սարսափի մատնուեցաւ, երբ հետազօտողներ վերջերս երեւան հանեցին «գերմանական գիտական մարզին մէջ խարդախութեան ամենէն խայտառակ պարագաներ»։ «Գերմանական ծագումնաբաններուն մէջ աստղ» եղող փրոֆէսէօր մը, մեծ տարողութեամբ տուեալներ կեղծած կամ հնարած ըլլալով ամբաստանուած էր։
Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած բարոյականութիւնը կը բովանդակէ հաւատարմութիւն ամուսնութեան մէջ, որ տեւական կապ մը պէտք է ըլլայ։ Բայց հետզհետէ ամուսնալուծուողներու թիւը կ’աւելնայ։ Ժամանակակից Քրիստոնեան (Գերմաներէն) Կաթողիկէ լրագիրը կը տեղեկագրէ թէ «նոյնիսկ ‘պահպանողական’ Զուիցերիոյ մէջ, հետզհետէ աւելի ամուսնութիւններ կը քայքայուին»։ Հոլանտայի մէջ, բոլոր ամուսնութիւններուն 33 տոկոսը ամուսնալուծմամբ վերջ կը գտնէ։ Տիկին մը, որ անցեալ քանի մը տարուան ընթացքին Գերմանիոյ մէջ ընկերային փոփոխութիւնները նշմարած էր, իր մտահոգութիւնը գրեց. «Ներկայիս ամուսնութիւնը նկատուած է որպէս հնամենի բան մը։ Այլեւս մարդիկ կենսատեւ կողակիցի մը հետ չեն ամուսնանար»։
Միւս կողմէ, միլիոնաւոր անհատներ մեր արդի աշխարհին մէջ Աստուածաշունչին սորվեցուցած բարոյական չափանիշները վստահելի ու կիրարկելի կը գտնեն։ Զուիցերիոյ ու Գերմանիոյ սահմանին վրայ ապրող ամուսնացած զոյգ մը նկատեց որ Աստուածաշունչի բարոյականութեան համաձայն ապրիլ սորվիլը զիրենք աւելի ուրախ դարձուցած է։ Իրենց համար «միայն մէկ վարքագիծ կայ կեանքի բոլոր երեսակներուն համար։ Այդ վարքագիծը Աստուածաշունչն է»։
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ Աստուածաշունչը կրնա՞յ որպէս արժէքաւոր վարքագիծ մը ծառայել։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած բարոյականութիւնը կիրարկելի՞ է ներկայիս։