Բարոյական մաքրութեան շուրջ աստուածային տեսակէտը
Բարոյական մաքրութեան շուրջ աստուածային տեսակէտը
«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 48։17
1, 2. (ա) Ընդհանրապէս մարդիկ ի՞նչպէս կը նկատեն սեռային բարոյականութիւնը։ (բ) Սեռային բարոյականութեան շուրջ ի՞նչ է Քրիստոնեաներուն տեսակէտը։
ՆԵՐԿԱՅԻՍ՝ երկրի շատ մասերուն մէջ, բարոյական վարքը անձնական հարց մը նկատուած է։ Մարդիկ սեռային յարաբերութիւնը սիրոյ բնական արտայայտութիւն մը կը նկատեն, որու անձնատուր կ’ըլլան ե՛րբ որ փափաքին, եւ ոչ թէ որպէս բան մը որ միայն ամուսնութեան սահմանուած է։ Անոնք կը խորհին թէ այնքան ատեն որ ոեւէ մէկուն վնաս չի հասնիր, սխալ մը չկայ որ անհատ մը որոշէ թէ ինչպէս պիտի վարուի։ Իրենց կարծիքով, մարդիկ պէտք չէ դատուին բարոյական հարցերով, մանաւանդ սեռի վերաբերեալ հարցով։
2 Եհովան ճանչցողները տարբեր տեսակէտ մը ունին։ Անոնք ուրախութեամբ կը հետեւին սուրբ գրային վարքագծերու, քանի որ կը սիրեն Եհովան ու կ’ուզեն զինք հաճեցնել։ Անոնք կը գիտակցին որ Եհովան կը սիրէ զիրենք եւ իրենց օգտակար եղող ուղղութիւններ կու տայ, որոնք իրապէս իրենց բարիքին կը ծառայեն եւ զիրենք կ’ուրախացնեն։ (Եսայեայ 48։17) Քանի որ Աստուած կեանքի Աղբիւրն է, տրամաբանական է որ իրենց մարմինը ինչպէս գործածելու առնչութեամբ իրեն նային ուղղութեան համար, մանաւանդ այս հարցին մէջ, որ կեանք փոխանցելու հետ սերտօրէն առնչուած է։
Պարգեւ մը՝ Սիրալիր Ստեղծիչի մը Կողմէ
3. Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ շատերու ի՞նչ սորվեցուցած են սեռային յարաբերութեան մասին, եւ ասիկա Աստուածաշունչի ուսուցումին հետ համեմատելով ի՞նչ կը տեսնենք։
3 Ներկայ աշխարհին հակառակը, Քրիստոնեայ Աշխարհէն ոմանք սորվեցուցած են թէ սեռային յարաբերութիւնը ամօթ է, մեղք է, եւ թէ Եդեմի պարտէզին Ծննդոց 2։25) Աստուած անոնց ըսաւ որ զաւակներ ունենան, պատուիրելով՝ «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Անիմաստ պիտի ըլլար որ Աստուած Ադամի ու Եւայի պատուիրէր որ զաւակներ ունենային, ապա զանոնք պատժէր այդ հրահանգը կատարելնուն համար։—Սաղմոս 19։8
«առաջին մեղքը»՝ Եւայի սեռային հրապոյրին Ադամի ենթարկուիլն էր։ Այսպիսի տեսակէտ մը հակառակ է ներշնչեալ Սուրբ Գրքի ըսածին։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը մարդկային առաջին զոյգին կ’ակնարկէ որպէս «Ադամ ու իր կինը»։ (4. Աստուած մարդոց ինչո՞ւ սեռային կարողութիւններ տուած է։
4 Մեր առաջին ծնողքին տրուած՝ եւ Նոյին ու իր որդիներուն փոխանցուած, այդ պատուէրին մէջ կը տեսնենք սեռային յարաբերութեան գլխաւոր նպատակը. զաւակներ յառաջ բերել։ (Ծննդոց 9։1) Սակայն, Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ որ իր ամուսնացած ծառաները ստիպուած չեն սեռային յարաբերութիւնը միայն զաւակներ ունենալու սահմանափակել։ Այդ յարաբերութիւնները կրնան պատշաճ կերպով զգացական եւ ֆիզիքական կարիքներ լեցնել եւ ամուսնացած զոյգի մը համար հաճոյքի աղբիւր մը ըլլալ։ Անիկա իրարու հանդէպ խոր սէր արտայայտելու կերպ մըն է։—Ծննդոց 26։8, 9. Առակաց 5։18, 19. Ա. Կորնթացիս 7։3-5
Աստուածային Սահմանափակումներ
5. Աստուած ի՞նչ սահմանափակում դրաւ մարդոց սեռային գործունէութեան վրայ։
5 Մինչ սեռականութիւնը պարգեւ մըն է Աստուծմէ, բայց անիկա սանձարձակ պէտք չէ ըլլայ։ Այս սկզբունքը կը կիրարկուի նոյնիսկ ամուսնական կարգադրութենէն ներս։ (Եփեսացիս 5։28-30. Ա. Պետրոս 3։1, 7) Ամուսնութենէն դուրս, սեռային յարաբերութիւնները արգիլուած են։ Աստուածաշունչը բաւական մասնայատուկ է այս հարցին մէջ։ Իսրայէլ ազգին տուած Աստուծոյ Օրէնքին մէջ ըսուած էր. «Շնութիւն մի՛ ըներ»։ (Ելից 20։14) Հետագային, Յիսուս «շնութիւններ»ը, «պոռնկութիւններ»ը «չար խորհուրդներ»ու շարքին դասեց, որոնք սրտէն ծագում կ’առնեն ու կը պղծեն անհատը։ (Մարկոս 7։21, 22) Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ Կորնթոսի Քրիստոնեաները խրատեց. «Պոռնկութենէն փախէք»։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Իսկ Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս նշեց. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։—Եբրայեցիս 13։4
6. Աստուածաշունչին մէջ «պոռնկութիւն» բառը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։
6 «Պոռնկութիւն» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա կու գայ Յունարէն բոռ·նէա բառէն, որ երբեմն գործածուած է չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային յարաբերութեան ակնարկելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 6։9) Այլ տեղեր, ինչպէս Մատթէոս 5։32 եւ Մատթէոս 19։9–ի մէջ, անիկա աւելի ընդարձակ իմաստ մը ունի եւ յաւելեալ ըլլալով կ’ակնարկէ շնութեան, ազգապղծութեան եւ անասնապղծութեան։ Իրարու հետ չամուսնացած անհատներու միջեւ սեռային ուրիշ արարքներ ալ կրնան բնորոշուիլ որպէս բոռ·նէա, ինչպէս բերանի եւ յետոյքի միջոցաւ սեռը եւ ուրիշ անհատի մը սեռային անդամներու փաղաքշումը։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ այսպիսի սովորութիւններ դատապարտուած են՝ ըլլայ բացայայտօրէն թէ քօղարկուած կերպով։—Ղեւտացւոց 20։10, 13, 15, 16. Հռովմայեցիս 1։24, 26, 27, 32 *
Աստուծոյ Բարոյական Օրէնքներէն Օգտուինք
7. Բարոյապէս մաքուր մնալով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
7 Սեռային վարքի մասին Եհովայի տուած ուղղութեան հնազանդիլը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ անկատար մարդոց համար։ ԺԲ. դարու Հրեայ հռչակաւոր իմաստասէր Մայմոնիդ գրեց. «Թորայի [Մովսիսական Օրէնքին] մէջ չկայ որեւէ արգիլում որու հետեւիլը այնքան դժուար ըլլայ, որքան արգիլուած սեռային միաւորումները եւ անօրէն յարաբերութիւնները»։ Սակայն, եթէ Աստուծոյ ցուցմունքին հնազանդինք, մեծապէս կ’օգտուինք։ (Եսայեայ 48։18) Օրինակ, այս հարցին մէջ հնազանդիլը մեզ կը պաշտպանէ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններէն, որոնցմէ քանի մը հատը անբուժելի են եւ կրնան մահացու ըլլալ։ * Մենք պաշտպանուած ենք արտամուսնական յղութիւններէն։ Աստուածային իմաստութիւնը կիրարկելը մաքուր խիղճ մը ունենալու ալ կը նպաստէ։ Այսպէս վարուիլը մեր արժանապատուութիւնը պահելուն, եւ ուրիշներուն՝ մեր ազգականներուն, կողակիցին, զաւակներուն եւ Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, յարգանքը շահելուն կը նպաստէ։ Անիկա նաեւ մեր մէջ կը յառաջացնէ սեռի մասին ողջամիտ եւ դրական կեցուածք մը, ինչ որ ամուսնութեան ուրախութեան պիտի նպաստէ։ Քրիստոնեայ երիտասարդուհի մը գրեց. «Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը լաւագոյն պաշտպանութիւնն է։ Ես ամուսնութեան կը սպասեմ, եւ երբ ամուսնանամ, հետս ամուսնացող Քրիստոնեայ մարդուն հպարտութեամբ պիտի ըսեմ թէ բարոյապէս մաքուր մնացած եմ»։
8. Ի՞նչ կերպերով մեր մաքուր վարքը կը նպաստէ ճշմարիտ պաշտամունքին։
8 Մաքուր վարք մը պահպանելով կրնանք նաեւ ճշմարիտ պաշտամունքին դէմ կազմուած սխալ տպաւորութիւնները չէզոքացնել եւ մարդիկը մեր պաշտած Աստուծոյն քաշել։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։ (Ա. Պետրոս 2։12) Եթէ նոյնիսկ Եհովայի չծառայողները մեր մաքուր վարքը չընդունին կամ անոր հաւանութիւն չտան, կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր երկնաւոր Հայրը կը տեսնէ, կը գնահատէ իր ուղղութեան հետեւելու մեր ջանքերը, եւ նոյնիսկ կ’ուրախանայ անոնց համար։—Առակաց 27։11. Եբրայեցիս 4։13
9. Ինչո՞ւ վստահութիւն պէտք է ունենանք Աստուծոյ ցուցմունքներուն վրայ, նոյնիսկ երբ լիովին չենք կրնար ըմբռնել իր պատճառները։ Բացատրեցէք։
9 Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը կ’ընդգրկէ այն վստահութիւնը թէ ինք գիտէ ինչ որ լաւագոյնն է մեզի համար, նոյնիսկ երբ լիովին չըմբռնենք մեզի տուած ուղղութեան բոլոր պատճառները։ Մովսիսական Օրէնքէն օրինակ մը նկատի առնենք։ Զինուորական բանակումներու մասին կանոն մը կը պահանջէր որ կղկղանքը բանակավայրէն դուրս թաղուէր։ (Բ. Օրինաց 23։13, 14) Կրնայ ըլլալ որ Իսրայելացիները հարց տուին այս հրահանգին պատճառին շուրջ. թերեւս ոմանք անհարկի տեսան զայն։ Բայց անկէ ի վեր, բժշկութիւնը ընդունած է որ այս օրէնքը ջուրի աղբիւրները վարակումէ զերծ մնալու նպաստած է եւ միջատներու կողմէ տարածուած շատ մը հիւանդութիւններէն պաշտպանած է։ Նոյն կերպով, հոգեւոր, ընկերային, զգացական, ֆիզիքական եւ հոգեբանական պատճառներով Աստուած սեռային յարաբերութիւնը սահմանափակած է ամուսնական անկողնին։ Հիմա բարոյական մաքրութիւն պահած սուրբ գրային կարգ մը օրինակներ տեսնենք։
Յովսէփ Օրհնուած՝ Իր Բարոյական Վարքին Համար
10. Ո՞վ փորձեց հրապուրել Յովսէփը եւ ան ի՞նչպէս պատասխանեց։
10 Հաւանաբար Աստուածաշունչէն ձեզի ծանօթ է Յակոբի որդւոյն, Յովսէփի օրինակը։ 17 տարեկանին, իր կամքէն անկախ, ան Եգիպտոսի Փարաւոնին դահճապետին՝ Պետափրէսի ծառան եղաւ։ Եհովա օրհնեց Յովսէփը, եւ եկաւ ժամանակ մը որ ան Պետափրէսի ամբողջ տան վերակացու նշանակուեցաւ։ Երբ քսանական տարիքին հասաւ, «Յովսէփ գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով»։ Ան Պետափրէսի կնկան ուշադրութիւնը գրաւեց, որ փորձեց հրապուրել զինք։ Յովսէփ պարզեց իր դիրքը, բացատրելով որ տեղի տալը ո՛չ միայն իր տէրը դաւաճանել պիտի նշանակէր, այլ նաեւ՝ «Աստուծոյ Ծննդոց 39։1-9
դէմ մեղանչել»։ Յովսէփ ինչո՞ւ այսպէս տրամաբանեց։—11, 12. Թէեւ պոռնկութիւնն ու շնութիւնը արգիլող աստուածային գրաւոր օրէնք մը չկար, բայց Յովսէփ ինչո՞ւ այդպէս պատճառաբանեց։
11 Ակներեւաբար, Յովսէփի որոշումը մարդոց կողմէ բռնուելու վախին վրայ հիմնուած չէր։ Յովսէփի ընտանիքը շատ հեռուն կը բնակէր եւ իր հայրը կը կարծէր որ ինք մեռած էր։ Եթէ Յովսէփ սեռային անբարոյութեան անձնատուր ըլլար, իր ընտանիքը բնաւ տեղեակ պիտի չըլլար անկէ։ Այսպիսի մեղք մը հաւանաբար կրնար ծածկուիլ Պետափրէսէն եւ անոր սպասաւորներէն ալ, քանի որ կային ժամանակներ որ անոնք տունը չէին ըլլար։ (Ծննդոց 39։11) Բայց Յովսէփ գիտէր որ այսպիսի մեղք մը պիտի չպահուէր Աստուծմէ։
12 Յովսէփի դատողութիւնը հիմնուած ըլլալու էր Եհովայի մասին իր ունեցած տեղեկութեան վրայ։ Անկասկած գիտցած ըլլալու էր ինչ որ Եհովա ըսած էր Եդեմի պարտէզին մէջ. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ (Ծննդոց 2։24) Ասկէ զատ, Յովսէփ տեղեակ ըլլալու էր ինչ որ Եհովա ըսած էր Փղշտացի թագաւորի մը, որ կը ծրագրէր Յովսէփի մեծհօրը մայրը եղող Սառայի տիրանալ։ Եհովա այդ թագաւորին ըսաւ. «Ահա այդ կնոջ համար, որ դուն առիր, պիտի մեռնիս. քանզի անիկա այր ունի։ . . . Նաեւ քեզ ինծի դէմ մեղք գործելէ ետ պահեցի. անոր համար քեզ չթողուցի որ անոր մօտենաս»։ (Ծննդոց 20։3, 6) Ուստի, թէեւ Եհովա տակաւին գրաւոր օրէնք մը տուած չէր, ամուսնութեան շուրջ իր զգացումները յստակ էին։ Յովսէփի բարոյական ըմբռնումը եւ Եհովան հաճեցնելու իր ցանկութիւնը պատճառ եղան որ ան անբարոյութիւնը մերժէր։
13. Հաւանաբար, Յովսէփ ինչո՞ւ չէր կրնար Պետափրէսի կնոջմէն խուսափիլ։
13 Սակայն, Պետափրէսի կինը կը պնդէր, «օրէ օր» կը պաղատէր որ հետը պառկի։ Յովսէփ ինչո՞ւ ուղղակի չխուսափեցաւ անկէ։ Քանի որ, որպէս ծառայ պարտաւորութիւններ ունէր եւ իր կացութիւնը փոխելը իր ձեռքը չէր։ Հնագիտական ապացոյցներ կը թելադրեն թէ եգիպտական տուները այնպէս մը շինուած էին, որ ստիպուած էին տան գլխաւոր մուտքէն անցնիլ, մառանները երթալու համար։ Ուստի, Պետափրէսի կնոջմէ խուսափիլը Յովսէփի համար անկարելի եղած ըլլալու էր։—Ծննդոց 39։10
14. (ա) Ի՞նչ պատահեցաւ Յովսէփին, Պետափրէսի կնոջ քովէն փախչելէն ետք։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս օրհնեց Յովսէփը իր հաւատարմութեան համար։
14 Եկաւ օր մը երբ անոնք տան մէջ առանձին էին։ Պետափրէսի կինը բռնեց Յովսէփը եւ խնդրեց. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Ան փախաւ։ Անոր մերժումէն վիրաւորուած, ան զրպարտեց որ Յովսէփ փորձած էր զինք բռնաբարել։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովա անմիջապէս վարձատրե՞ց իր ուղղամիտ ընթացքը։ Ո՛չ։ Յովսէփ բանտ նետուեցաւ ու իր ոտքերը կապանքներու մէջ դրուեցան։ (Ծննդոց 39։12-20. Սաղմոս 105։18) Եհովա տեսաւ այս անիրաւութիւնը եւ վերջապէս Յովսէփը բանտէն հանելով պալատին մէջ բարձր դիրքի բարձրացուց։ Ան Եգիպտոսի երկրորդ հեղինակաւոր անձնաւորութիւնը եղաւ եւ կին մը ու զաւակներ ունեցաւ։ (Ծննդոց 41։14, 15, 39-45, 50-52) Ասկէ զատ, Յովսէփի ուղղամտութեան պատմութիւնը 3,500 տարիներ առաջ գրուեցաւ, անկէ ի վեր Աստուծոյ ծառաներուն կողմէ նկատի առնուելու համար։ Աստուծոյ արդար օրէնքներուն կառչելու փոխարէն ի՜նչ հոյակապ օրհնութիւններ։ Մենք ալ ներկայիս թերեւս բարոյական ուղղամտութեան անմիջական օգուտները միշտ չտեսնենք, բայց կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը տեսնէ եւ յարմար ժամանակին պիտի օրհնէ մեզ։—Բ. Մնացորդաց 16։9
‘Իր Աչքերուն Հետ’ Յոբի Ըրած Ուխտը
15. Յոբ ի՞նչ ուխտ ըրած էր իր աչքերուն հետ։
15 Ուրիշ ուղղամիտ անհատ մըն էր Յոբը։ Սատանայի կողմէ իր վրայ եկած փորձութիւններուն ընթացքին, Յոբ իր կեանքը աչքէ անցուց եւ յայտնեց որ յօժար էր ինքզինք խիստ պատիժի ենթարկել, եթէ ուրիշ բաներու կարգին, Եհովայի սեռային բարոյականութեան սկզբունքը ոտնակոխած էր։ Յոբ ըսաւ. «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ»։ (Յոբայ 31։1) Այս խօսքերով Յոբ ըսել ուզեց որ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահելու համար, ինք որոշած էր նոյնիսկ ցանկութեամբ չնայիլ կնկայ մը։ Անշուշտ, իր առօրեայ կեանքին մէջ կիներ կը տեսնէր եւ հաւանաբար անոնց կ’օգնէր, երբ հարկը տեսնուէր։ Բայց բնաւ ինքզինքին չէր թոյլատրած որ սիրային նպատակակէտեր որոնելու համար ուշադրութիւն դարձնէր անոնց։ Իր փորձութիւնները սկսելէն առաջ, ինք շատ հարուստ մարդ մըն էր՝ «բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր»։ (Յոբայ 1։3) Բայց ան իր հարստութեան ուժը չգործածեց շատ կիներ հրապուրելու համար։ Շատ որոշ է որ ան աւելի երիտասարդ կիներու հետ անօրէն սեռային յարաբերութիւն ունենալու գաղափարը մտքէն իսկ չանցուց։
16. (ա) Յոբ ինչո՞ւ լաւ օրինակ մըն է ամուսնացած Քրիստոնեաներուն։ (բ) Մաղաքիայի օրուան տղամարդոց վերաբերմունքը ի՞նչպէս Յոբի վերաբերմունքէն տարբեր էր. ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։
16 Ուստի, ե՛ւ լաւ ժամանակներուն ե՛ւ վատ ժամանակներուն, Յոբ բարոյական ուղղամտութիւն ցոյց տուաւ։ Եհովա նկատեց ասիկա եւ առատօրէն օրհնեց զինք։ (Յոբայ 1։10. 42։12) Յոբ ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մըն է ամուսնացած Քրիստոնեաներուն համար, անոնք ըլլան տղամարդիկ՝ թէ կիներ։ Զարմանալի չէ որ Եհովա զինք շատ կը սիրէր։ Ասոր հակառակը, ներկայիս շատերուն վերաբերմունքը աւելի կը նմանի Մաղաքիայի օրուան վիճակներուն։ Մարգարէն դատապարտեց այն տղամարդիկը, որոնք իրենց կողակիցները կը լքէին, աւելի երիտասարդ կիներ առնելու համար։ Եհովայի սեղանը ծածկուած էր լքուած կիներու արցունքով եւ Եհովա դատապարտեց անոնք որոնք ‘անհաւատարմութեամբ կը վարուէին իրենց կնոջ հետ’։—Մաղաքեայ 2։13-16
Բարոյապէս Մաքուր Երիտասարդուհի մը
17. Սողոմացին ի՞նչպէս «փակեալ պարտէզ»ի մը նման էր։
17 Երրորդ ուղղամիտ անհատը Սողոմացի աղջիկ մըն էր։ Երիտասարդ եւ գեղեցիկ ըլլալով, ոչ միայն հովիւ մը սիրահարեցաւ անոր, այլեւ՝ Իսրայէլի հարուստ Սողոմոն թագաւորը։ Երգ Երգոցին մէջ պատմուած գեղեցիկ պատմութեան տեւողութեան, Սողոմացին մաքուր մնաց եւ այս կերպով իր շուրջիններուն յարգանքը շահեցաւ։ Սողոմոն՝ որ իր կողմէ մերժուեցաւ, ներշնչումի ներքեւ իր պատմութիւնը արձանագրեց։ Իր սիրած հովիւն ալ կը յարգէր իր մաքուր վարքը։ Եղաւ ժամանակ մը որ ան երազեց որ Սողոմացին «փակեալ պարտէզ մըն» էր։ (Երգ Երգոց 4։12) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, գեղեցիկ պարտէզները այլազան բանջարեղէններ, բուրումնաւէտ ծաղիկներ եւ վեհաշուք ծառեր կը պարունակէին։ Այսպիսի պարտէզներ մասնայատուկ կերպով շրջապատուած կ’ըլլային ցանկապատով մը եւ միայն կղպուած դռնէ մը կը մտցուէր հոն։ (Եսայեայ 5։5) Սողոմացիին բարոյական մաքրութիւնը եւ սիրունութիւնը հազուագիւտ գեղեցկութեամբ այսպիսի պարտէզի մը նման էր հովիւին համար։ Ան իրապէս մաքուր աղջիկ մըն էր։ Անոր գգուանքը միայն իր ապագայ ամուսնոյն համար էր։
18. Յովսէփի, Յոբի եւ Սողոմացիին պատմութիւնները ի՞նչ կը յիշեցնեն մեզի։
18 Բարոյական ուղղամտութեան մէջ Սողոմացին ներկայ Քրիստոնեայ կիներուն համար հոյակապ օրինակ մըն է։ Եհովա Սողոմացի աղջկան առաքինութիւնը գնահատեց եւ զինք օրհնեց, ինչպէս օրհնած էր Յովսէփը եւ Յոբը։ Անոնց ուղղամիտ արարքները արձանագրուած են Աստուծոյ Խօսքին մէջ՝ մեզի ուղղութիւն տալու համար։ Թէեւ ներկայիս ուղղամտութիւն պահելու մեր ջանքերը չեն արձանագրուիր Աստուածաշունչին մէջ, բայց Եհովա «յիշատակի գիրք» մը ունի, անոնց համար, որ իր կամքը կը կատարեն։ Բնա՛ւ չմոռնանք որ Եհովա ‘ուշադրութիւն կ’ընէ’ եւ կ’ուրախանայ, երբ բարոյապէս մաքուր մնալու համար հաւատարմաբար ջանք թափենք։—Մաղաքեայ 3։16, ՆԱ
19. (ա) Բարոյական մաքրութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բանի մասին պիտի խօսինք։
19 Թէեւ անհաւատ անհատներ կրնան մեզ հեգնել, բայց մենք մեր սիրալիր Ստեղծիչին հնազանդելով կ’ուրախանանք։ Մենք աւելի բարձր բարոյականութիւն, աստուածային բարոյականութիւն ունինք։ Անով մենք հպարտ ենք եւ մեծապէս կը գնահատենք զայն։ Բարոյական մաքուր կեցուածք մը պահպանելով, կրնանք Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելել եւ ապագայ անվերջ օրհնութիւններու փայլուն յոյսը ունենալ։ Բայց գործնական գետնի վրայ, ի՞նչ կրնանք ընել բարոյապէս մաքուր մնալու համար։ Յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի այս կարեւոր հարցումին մասին։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Տես՝ Դիտարան 15 Մարտ 1983, էջ 29-31 (Անգլերէն)։
^ պարբ. 7 Դժբախտաբար, երբեմն անմեղ Քրիստոնեայ մը սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւն մը կ’ունենայ անհաւատ կողակիցէ մը, որ Աստուծոյ տուած ուղղութեան հետեւած չէ։
Կրնա՞ք բացատրել
• Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ սեռային յարաբերութեան մասին։
• Աստուածաշունչին մէջ «պոռնկութիւն» բառը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։
• Բարոյապէս մաքուր մնալով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
• Յովսէփ, Յոբ եւ Սողոմացի աղջիկը ի՞նչպէս լաւ օրինակներ են ներկայ Քրիստոնեաներուն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 9]
Յովսէփ անբարոյութենէն խոյս տուաւ
[Նկար՝ էջ 10]
Սողոմացի աղջիկը ‘փակեալ պարտէզի մը’ նման էր
[Նկար՝ էջ 11]
Յոբ ‘իր աչքերուն հետ ուխտ’ ըրած էր