Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ի՜նչ հաւատք է որ չի խախտիր»

«Ի՜նչ հաւատք է որ չի խախտիր»

Կենսագրութիւն

«Ի՜նչ հաւատք է որ չի խախտիր»

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՀԷՐՊԷՐԹ ՄԻՒԼԸՐ–Ի ԿՈՂՄԷ

Հիթլէրի բանակը Հոլանտա ներխուժելէն քանի մը ամիս ետք, Եհովայի Վկաները բանադրանքի տակ դրուեցան։ Անկէ քիչ ետք, Նացիներու կողմէ ամենաշատ փնտռուած անհատներու ցանկին մէջ անունս երեւցաւ եւ անասունի մը նման զիս հալածեցին։

ԱՆԳԱՄ մը, պահուըտելէ եւ փախչելէ այնքան յոգնած էի որ կնոջս ըսի թէ բանակին ձեռքը իյնալը հանգստութիւն պիտի ըլլար։ Ապա երգեցողութեան մը բառերը միտքս եկան. «Ի՜նչ հաւատք է որ չի խախտիր, նոյնիսկ երբ յարձակումի ենթարկուի»։ * Այս երգեցողութեան մասին խորհիլը ոյժս վերանորոգեց, եւ մէջս արթնցուց յիշատակներ՝ ծնողքս Գերմանիոյ մէջ, նաեւ այն օրը, երբ ընկերներս ողջերթի համար այս երգեցողութիւնը երգեցին։ Թոյլ տուէք որ այս յիշատակներէն ոմանք ձեզի հետ բաժնեմ։

Ծնողքիս Օրինակը

Երբ ես 1913–ին ծնայ Գերմանիոյ Գոփիթց գիւղաքաղաքին մէջ, ծնողքս Աւետարանչական Եկեղեցիի անդամներ էին։ * Եօթը տարի ետք, 1920–ին, հայրս եկեղեցին լքեց։ Ապրիլ 6–ին, Եկեղեցիէն Քաշուելու Հրաժարագիր (Գիրգընաուսդրիցպէշէնիկյունկ) մը խնդրեց։ Գիւղաքաղաքի քաղաքացիական դիւանատան պաշտօնեան հրաժարագիր մը լեցուց։ Սակայն, շաբաթ մը ետք, հայրս գրասենեակ վերադարձաւ եւ բացատրեց թէ հրաժարագրին մէջ իր աղջկան անունը չկար։ Պաշտօնեան ուրիշ փաստաթուղթ մը լեցուց եւ անոր մէջ յիշեց թէ եկեղեցիէն կը հրաժարէր նաեւ Մարթա Մարկարէթա Միւլըրը։ Այդ ժամանակ, քոյրս՝ Մարկարէթան, մէկ ու կէս տարեկան էր։ Երբ հարցը Եհովայի ծառայութեան գար, հայրս կէսկատար բաներով չէր գոհանար։

Նոյն տարին, ծնողքս մկրտուեցաւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն կողմէ, ինչպէս կը ճանչցուէին Եհովայի Վկաները այն ատեն։ Հայրս, մեզ՝ զաւակներս՝ խստութեամբ մեծցուց, սակայն Եհովայի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը մեզի օգնեց որ իր առաջնորդութիւնը ընդունինք։ Հաւատարմութիւնը նաեւ մղեց որ ծնողքս վերաճշդումներ ընէ։ Օրինակ, ժամանակ մը հայրս չէր արտօներ որ Կիրակի օրերը դուրսը խաղայինք։ Սակայն, 1925–ին, Կիրակի օր մը ծնողքս ըսաւ թէ պտոյտի պիտի երթայինք։ Մեր հետ ուտելիք առինք եւ հաճելի ժամանակ մը անցուցինք. ամբողջ օրը տան մէջ բանտարկուելուն հետ բաղդատած, ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն էր։ Հայրս ըսաւ թէ վերջերս համաժողովի մը մէջ կարգ մը կէտեր սորված էր, որոնք Կիրակի օրուան գործունէութեանց նկատմամբ իր տեսակէտը սրբագրած էին։ Ուրիշ առիթներով ալ վերաճշդումներ ընելու նո՛յն պատրաստակամութիւնը ցոյց տուաւ։

Թէեւ ծնողքիս առողջութիւնը լաւ չէր, սակայն, անոնք քարոզչութեան գործին մասնակցելէ ետ չէին կենար։ Եկեղեցականները Ամբաստանուած թերթիկը բաշխելու համար, զոր օրինակ, երեկոյ մը ժողովքին հետ միասին շոգեկառքը բարձրանալով, Տրէստընէն շուրջ 300 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ռիկէնսպըրկ գիւղաքաղաքը գացինք։ Յաջորդ օրը, ամբողջ գիւղաքաղաքին մէջ թերթիկները բաշխեցինք ու լրացնելէ ետք շոգեկառքով վերադարձանք։ Երբ տուն հասանք, ընդամէնը գրեթէ 24 ժամ տեւած էր։

Տունէն Մեկնիլս

Մեր ժողովքի Պատանեկան Խումբին (Եուկնդկրուբը) հետ ունեցած ընկերակցութիւնս ալ հոգեւոր աճմանս նպաստեց։ Ամէն շաբաթ, 14 տարեկանէն վեր եղողները կը հաւաքուէին ժողովքի կարգ մը չափահաս եղբայրներուն հետ։ Խաղեր կը խաղայինք, կը նուագէինք, Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէինք եւ ստեղծագործութեան եւ գիտութեան մասին կը խօսէինք։ Սակայն, 1932–ին, երբ 19 տարեկան եղայ, այս խումբին հետ ընկերակցութիւնս վերջ գտաւ։

Այդ տարուան Ապրիլին, հայրս Մակտըպըրկի մէջ գտնուող Դիտարանի Ընկերութեան գրասենեակէն նամակ մը ստացաւ։ Ընկերութիւնը ինքնաշարժ վարել գիտցող եւ ռահվիրայ ըլլալ փափաքող մէկը կը փնտռէր։ Գիտէի թէ ծնողքիս փափաքն էր որ ռահվիրայ ըլլամ, սակայն կը խորհէի թէ ես չեմ կրնար։ Քանի որ ծնողքս աղքատ էր, 14 տարեկան հասակէս սկսեր էի հեծանիւ եւ կարի մեքենաներ, ինչպէս նաեւ գրամեքենաներ եւ գրասենեակի այլ գործիքներ նորոգել։ Ի՞նչպէս կրնայի ընտանիքէս հեռանալ։ Անոնք իմ օգնութեանս կարիքը ունէին։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ մկրտուած չէի։ Հայրս նստեցաւ ու քանի մը հարցումներ հարցուց ինծի, տեսնելու համար որ մկրտութեան իմաստը հասկցա՞ծ եմ։ Երբ պատասխաններս զինք համոզեցին թէ մկրտուելու համար հոգեւորապէս բաւական յառաջդիմած էի, ան ըսաւ. «Պէ՛տք է այս նշանակումը ընդունիս»։ Ուստի, զայն ընդունեցի։

Շաբաթ մը ետք, Մակտըպըրկ երթալու հրաւէր ստացայ։ Երբ Պատանեկան Խումբին պատկանող բարեկամներս ասկէ տեղեակ պահեցի, անոնք փափաքեցան ուրախ երգեցողութեամբ մը ինծի ողջերթ մաղթել։ Անոնք զարմացան իմ ընտրած երգեցողութեանս համար, քանի որ զայն շատ պաշտօնական նկատեցին։ Բայց եւ այնպէս, անոնցմէ ոմանք իրենց ջութակները, մանտոլինները եւ կիթառները առնելով միասնաբար երգեցին. «Ի՜նչ հաւատք է որ չի խախտիր, որքան ալ ճնշուի. Ահ, սարսափի չի մատնուիր, երբ վայերու հանդիպի»։ Այդ օրը, չանդրադարձայ որ յառաջիկայ տարիներուն այս խօսքերը որքա՜ն յաճախ զիս պիտի զօրացնէին։

Խռովայոյզ Սկիզբ մը

Մակտըպըրկի մէջ, եղբայրները ինքնաշարժ վարելու հմտութիւններս քննելէ ետք, ինծի եւ չորս ուրիշ ռահվիրաներու ինքնաշարժ մը յանձնեցին. եւ մենք ուղղուեցանք Պելճիքայի մօտերը գտնուող Շնայֆըլ շրջանը։ Շուտով անդրադարձանք որ մեր ինքնաշարժը անհրաժեշտ էր։ Մեր ներկայութիւնը այդ շրջանի Կաթողիկէ Եկեղեցին ընդվզեցուց, իսկ գիւղացիները՝ քահանաներու դրդումով, յաճախ կը սպասէին որ մեզ վռնտեն։ Շատ անգամ, ինքնաշարժը մեզի օգնեց որ անոնց բրիչներէն եւ երեքժանիներէն խոյս տանք։

1933–ի Յիշատակատօնէն ետք, շրջանի տեսուչը՝ Փօլ Կրոսմանը, մեզի ըսաւ թէ Ընկերութեան գործը Գերմանիոյ մէջ արգիլուած էր։ Շատ չանցած, մասնաճիւղի գրասենեակը ինծմէ խնդրեց որ ինքնաշարժովս Մակտըպըրկ գամ, այդ տեղի գրականութիւնները առնեմ եւ զանոնք Մակտըպըրկէն 100 քիլոմեթր հեռուն գտնուող Սաքսոնիի նահանգը փոխադրեմ։ Սակայն, երբ Մակտըպըրկ հասայ, արդէն իսկ Կէսթափոն (Նացի գաղտնի ոստիկանութիւնը) Ընկերութեան գրասենեակը գոցել տուած էր։ Ինքնաշարժը Լայփցիկի մէջ գտնուող եղբօր մը քով ձգելով տուն վերադարձայ, սակայն, կարճ ժամանակուան մը համար։

Զուիցերիոյ մէջ, Ընկերութեան գրասենեակը զիս հրաւիրեց որ Հոլանտայի մէջ ռահվիրայութիւն ընեմ։ Ծրագրեցի մէկ կամ երկու շաբաթէն մեկնիլ։ Սակայն, հայրս զիս խրատեց որ անմիջապէս մեկնիմ։ Իր խրատին անսալով, քանի մը ժամ յետոյ տունը ձգեցի։ Յաջորդ օրը, ոստիկանները ծնողքիս տունը եկան զիս ձերբակալելու համար, որպէս դասալիք։ Շա՜տ ուշ հասած էին։

Հոլանտայի Մէջ Նոր Սկիզբ մը

15 Օգոստոս 1933–ին, Ամսթերտամէն 25 քիլոմեթր անդին՝ Հէմսթէտ գիւղաքաղաքին մէջ, ռահվիրաներու տուն մը ժամանեցի։ Յաջորդ օրը, առանց Հոլանտերէն բառ մը իսկ գիտնալու, քարոզելու գացի։ Տպուած քարոզ մը բովանդակող վկայութեան քարտով մը զինուած, քարոզելու սկսայ։ Որքա՜ն քաջալերուեցայ երբ Կաթողիկէ կին մը Հաշտութիւն գիրքը ընդունեց։ Նոյն օրը, 27 գրքոյկ ալ տեղաւորեցի։ Առաջին օրուան աւարտին, դարձեալ ազատօրէն քարոզելու կարող ըլլալուս համար բարձր տրամադրութիւն ունէի։

Այդ օրերուն, ռահվիրաները գրականութիւններու տեղաւորումէն ստացած նուիրատուութիւններէն զատ ուրիշ ապրուստի միջոց չունէին։ Այդ դրամը կը գործածուէր ուտելիք եւ անհրաժեշտ եղող այլ բաներ գնելու համար։ Եթէ ամսուան վերջաւորութեան քիչ մը դրամ մնար, անիկա ռահվիրաներու միջեւ կը բաժնուէր, անհատական ծախսեր հոգալու համար։ Նիւթական գետնի վրայ քիչ բան ունէինք, սակայն, Եհովա մեզի ա՛յնքան լաւ հոգ կը տանէր, որ 1934–ին կրցայ Զուիցերիոյ մէջ համաժողովի մը ներկայ գտնուիլ։

Հաւատարիմ Ընկերակից մը

Համաժողովին՝ 18 տարեկան Էրիքա Ֆինքէն տեսայ։ Զինք կը ճանչնայի երբ տակաւին հօրս տունը կը բնակէի։ Ան քրոջս՝ Մարկարէթայի բարեկամուհին էր եւ ճշմարտութեան համար Էրիքայի բռնած հաստատ դիրքը միշտ տպաւորած էր զիս։ 1932–ին, իր մկրտութենէն քիչ ետք, մէկը Կէսթափոյին տեղեկացուցած էր թէ Էրիքան մերժած էր «Հայլ Հիթլէր» ըսել։ Կէսթափոն զինք հետապնդած եւ ուզած էր գիտնալ թէ ինչո՛ւ մերժած էր։ Էրիքա ոստիկանատան մէջ եղող պաշտօնեային կարդացած էր Գործք Առաքելոց 17։3–ը, եւ բացատրած թէ Աստուած միա՛յն մէկ մարդ՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ նշանակած էր որպէս Փրկիչ։ Ոստիկանը ուզած էր գիտնալ. «Ուրիշներ ալ կա՞ն, որոնք նոյն բանին կը հաւատան»։ Էրիքա մերժած էր որեւէ անուն տալ։ Երբ ոստիկանը սպառնացած էր զինք ձերբակալել, Էրիքա ըսած էր թէ կը նախընտրէր մեռնիլ քան՝ անուններ տալ։ Ան Էրիքայի նայելով՝ գոռացած էր. «Այստեղէն դուրս կորի՛ր։ Տունդ գնայ։ Հայլ Հիթլէր»։

Համաժողովէն ետք, Հոլանտա վերադարձայ, մինչ Էրիքան Զուիցերիա մնաց։ Սակայն, երկուքս ալ զգացինք թէ մեր բարեկամութիւնը զարգացած էր։ Մինչ տակաւին Զուիցերիոյ մէջ էր, Էրիքա լսեց թէ Կէսթափոն հօրը տունը եկած էր ու զինք կը փնտռէր։ Ան որոշեց Զուիցերիա մնալ ու հոն ռահվիրայութիւն ընել։ Քանի մը ամիս ետք, Ընկերութիւնը իրմէ խնդրեց որ Սպանիա երթայ։ Ան ռահվիրայութիւն ըրաւ, նախ՝ Մատրիտի, ապա Պիլպաոյի, եւ հետագային Սան Սեպասթիանի մէջ, ուր կղերներու կողմէ հրահրուած հալածանքը, զինք եւ իր ընկերակիցը բանտ հասցուց։ 1935–ին անոնց հրամայուեցաւ որ Սպանիան ձգեն։ Էրիքան Հոլանտա եկաւ, եւ նոյն տարին ամուսնացանք։

Պատերազմի Ամպեր Հորիզոնին Վրայ

Մեր հարսանիքէն ետք, Հէմսթէտի մէջ ռահվիրայութիւն ըրինք, անկէ ետք Րոթըրտամ քաղաքը փոխադրուեցանք։ Հոն մեր մանչը՝ Վոլֆկանկը ծնաւ, 1937–ին։ Տարի մը ետք, Հոլանտայի հիւսիսը գտնուող Կրոնինկէն քաղաքը փոխադրուեցանք, ուր Գերմանացի ռահվիրաներու՝ Ֆերտինանտ եւ Հելկա Հոլթորֆի ու իրենց դուստրին հետ մէկ տան մէջ բնակեցանք։ Յուլիս 1938–ին, Ընկերութիւնը ըսաւ թէ հոլանտական կառավարութիւնը ազդարարութիւն մը հրապարակած էր՝ թէ գերմանական հպատակութիւն ունեցող Վկաները այլեւս քարոզելու արտօնութիւն չունէին։ Գրեթէ այդ ժամանակ, գօտիի ծառայ (շրջանային տեսուչ) նշանակուեցայ, եւ ընտանեօք փոխադրուեցանք Լիխտրակըր–ի (Լուսատու) Ընկերութեան նաւուն վրայ, որ Հոլանտայի հիւսիսային մասին մէջ քարոզող ռահվիրաներուն համար որպէս տուն կը ծառայէր։ Շատ յաճախ ընտանիքէս հեռու էի, հեծանիւով՝ մէկ ժողովքէն միւսը կ’երթայի, եղբայրները քաջալերելու համար որ շարունակեն քարոզել։ Իսկ եղբայրները ճիշդ այդ էր որ կ’ընէին։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց գործունէութիւնը աւելցուցին։ Վիմ Քէթէլարէյն լաւ օրինակ մըն էր։

Երբ Վիմին հանդիպեցայ, ան երիտասարդ մըն էր որ կ’ընդունէր ճշմարտութիւնը, սակայն, ագարակապան մը ըլլալով շատ զբաղած էր։ «Եթէ կ’ուզես Եհովայի ծառայելու համար ժամանակ ունենալ, ուրիշ գործ մը պէտք է գտնես», խրատը տուի իրեն։ Ան ըրաւ ասիկա։ Հետագային, երբ դարձեալ իրարու հանդիպեցանք, զինք քաջալերեցի որ ռահվիրայ ըլլայ։ Ան պատասխանեց. «Բայց ուտելու համար պէտք է աշխատիմ»։ Զինք վստահեցուցի, ըսելով. «Պիտի ուտե՛ս, Եհովա՛ն քեզի հոգ պիտի տանի»։ Վիմ սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել։ Հետագային, նոյնիսկ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, ան որպէս ճամբորդող տեսուչ ծառայեց։ Ներկայիս, իր 80–ական տարիքին մէջ, Վիմ տակաւին նախանձախնդիր Վկայ մըն է։ Եհովա արդարեւ իրեն հոգ տարաւ։

Բանադրանքի Տակ եւ՝ Փնտռուած

Մայիս 1940–ին, մեր երկրորդ զաւկին՝ Ռէյնային ծնունդէն շուրջ տարի մը ետք, հոլանտական բանակը յանձնուեցաւ եւ Նացիները Հոլանտան գրաւեցին։ Յուլիսին, Կէսթափոն Ընկերութեան գրասենեակին եւ տպարանին վրայ ձեռք դրաւ։ Յաջորդ տարին, Վկաներու ձերբակալութեան ալիք մը ծայր տուաւ. զիս ալ բռնեցին։ Վկայ մը եւ զինուորագրական տարիք ունեցող Գերմանացի մը ըլլալով, դժուար չէր երեւակայել թէ Կէսթափոն ինծի ի՛նչ պիտի ընէր։ Ջանացի հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ անգամ մը եւս ընտանիքս պիտի չտեսնեմ։

Ապա, Մայիս 1941–ին, Կէսթափոն զիս բանտէն ազատ արձակեց, հրամայելով որ երթամ եւ զինուորական ծառայութեան համար արձանագրուիմ։ Ականջներուս չհաւատացի։ Նոյն օրը, հետքս կորսնցուցի եւ նոյն ամիսը շրջանային գործին վերադարձայ։ Կէսթափոն զիս շատ–փնտռուած անհատներու ցանկին մէջ դրաւ։

Ընտանիքս Ի՛նչպէս Մէջէն Ելաւ

Կինս ու զաւակներս, երկրին արեւելեան մասին մէջ գտնուող Վորտէն գիւղը փոխադրուած էին։ Սակայն, որպէսզի անոնց համար վտանգը նուազեցնեմ, այցելութիւններս չափազանց սահմանափակեցի։ (Մատթէոս 10։16) Ապահովութեան համար, եղբայրները իսկական անունս չէին գործածեր, այլ միայն կեղծանուն մը՝ Տոչ Եան (Գերմանացի Ճոն)։ Նոյնիսկ չորս տարեկան տղաս՝ Վոլֆկանկը «հայրիկին» մասին խօսելու արտօնութիւն չունէր, այլ միայն՝ Օմ Եան–ին (հօրեղբայր Ճոն) մասին։ Իրեն համար ասիկա զգացականօրէն շատ դժուար էր։

Երբ փախստական էի, Էրիքան մեր զաւակներուն հոգ կը տանէր եւ կը շարունակէր քարոզել։ Երբ Ռէյնան երկու տարեկան էր, Էրիքան զինք հեծանիւի կողովին մէջ կը դնէր եւ հետը գիւղերուն մէջ քարոզելու կը տանէր։ Թէեւ ուտելիք գտնելը դժուար էր, սակայն, Էրիքան ընտանիքին ուտելիք գտնելու բնաւ դժուարութիւն չունեցաւ։ (Մատթէոս 6։33) Կաթողիկէ հողագործ մը, որուն կարի մեքենան անգամ մը նորոգած էի, իրեն գետնախնձոր կու տար։ Ան նաեւ ինծմէ Էրիքային պատգամներ կը փոխանցէր։ Անգամ մը, Էրիքան խանութէ մը ապրանք գնելու համար մէկ կուլտըն վճարեց։ Խանութպանը, գիտնալով որ ան փախստական կեանք մը կ’ապրէր եւ կարող չէր ռոճիկ ստանալու քարտեր ձեռք ձգել, անոր ուզած ապրանքը եւ հետն ալ երկու կուլտըն տուաւ։ Կարեկցութեան այսպիսի արտայայտութիւններ, իրեն օգնեցին որ վերապրի։—Եբրայեցիս 13։5

Քաջասիրտ Եղբայրներու Հետ Ուս Ուսի Գործել

Մինչ այդ, շարունակեցի ժողովքները այցելել, թէեւ միայն ժողովքի պատասխանատու եղբայրներուն հետ շփման մէջ կու գայի։ Քանի որ Կէսթափոն անդադար զիս կը հետապնդէր, երբեք չէի կրնար նոյն տեղը քանի մը ժամէն աւելի մնալ։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն մեծամասնութիւնը զիս տեսնելու արտօնութիւն չունէին։ Անոնք միայն իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խմբակին պատկանող Վկաներուն ծանօթ էին։ Այն աստիճան որ, միեւնոյն քաղաքին տարբեր մասերուն մէջ բնակող երկու մարմնաւոր քոյրեր, Բ. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին էր, որ գիտցան՝ թէ երկուքն ալ Վկաներ եղած էին այդ միջոցին։

Ընկերութեան գրականութեանց համար թաքստոցներ գտնելը ինծի վստահուած ուրիշ պարտականութիւն մըն էր։ Նաեւ թուղթ, ըսթենսիլի մեքենաներ, եւ գրամեքենաներ կը պահէինք, հարկ եղած պարագային Դիտարան–ի օրինակներ պատրաստելու համար։ Երբեմն, Ընկերութեան կողմէ տպուած գրքերը մէկ թաքստոցէն միւսը պէտք էր փոխադրէինք։ Կը յիշեմ անգամ մը որ 30 սնտուկ գրականութիւն փոխադրեցի, մինչ կը ջանայի աչքի չզարնել. ջղերը քայքայո՛ղ գործ մը։

Ասկէ զատ, արեւելեան Հոլանտայի ագարակներէն դէպի արեւմտեան քաղաքները ուտելիք փոխադրելու աշխատանքը կազմակերպեցինք, հակառակ անոր որ ասիկա արգիլուած էր։ Ուտելիքը ձիակառքի մը վրայ կը բեռցնէինք եւ արեւմուտք կ’ուղղուէինք։ Երբ գետ մը հասնէինք, կամուրջներէն որեւէ մէկը չէինք գործածեր, քանի որ անոնք զինուորներու կողմէ պահպանուած էին։ Այլ, ապրանքը նաւակներու մէջ լեցնելով, գետին մէկ կողմէն միւսը կ’անցնէինք, ապա բեռը ուրիշ կառքի մը վրայ կը բեռցնէինք։ Երբ մեր ուզած քաղաքը հասնէինք, կը սպասէինք մինչեւ որ մութը կոխէր, ձիերուն սմբակներուն գուլպայ կ’անցնէինք, ապա առանց ձայնի ժողովքին ուտեստեղէնի գաղտնի պահեստը կ’ուղղուէինք։ Այդտեղէն, ուտելիքը կը բաշխուէր կարօտեալ եղբայրներուն։

Եթէ Գերման բանակը այսպիսի ուտեստեղէնի պահեստ մը գտնէր, անհատը իր կեանքը կը վճարէր։ Այսուհանդերձ, շատ եղբայրներ պատրաստ էին օգնութեան ձեռք մը տալու։ Ամէրսֆուրթ գիւղաքաղաքին մէջ, Պլոմինք ընտանիքը, զոր օրինակ, թոյլ տուին որ իրենց նստասենեակը որպէս ուտեստեղէնի պահեստ գործածուի, թէեւ իրենց տունը գերմանական բանակի պահակազօրքէ մը քայլ մը անդին էր։ Ասոնց նման քաջարի Վկաներ, իրենց կեանքը վտանգեցին իրենց եղբայրներուն սիրոյն։

Եհովա ինծի եւ կնոջս օգնեց որ բանադրանքի ամբողջ տարիներու ընթացքին հաւատարիմ մնանք։ 1945–ի Մայիսին, գերմանական բանակը պարտուեցաւ, եւ փախստականի կեանքս ի վերջոյ վերջ գտաւ։ Ընկերութիւնը խնդրեց որ շարունակեմ որպէս շրջանային տեսուչ ծառայել, մինչեւ ուրիշ եղբայրներ մատչելի ըլլան։ 1947–ին, Պերթուս ֆան տըր Պէլ զիս փոխարինեց։ * Մինչ այդ, մեր երրորդ զաւակը ծնած էր, ուստի երկրին արեւելեան կողմը բնակեցանք։

Տխրութիւն եւ Ուրախութիւն

Պատերազմէն ետք, տեղեկացայ թէ՝ Հոլանտան ձգելէս տարի մը ետք, հայրս բանտարկուած էր։ Երկու անգամ ազատ արձակուած էր վատառողջութեան պատճառաւ, սակայն իւրաքանչիւր անգամին վերստին բանտարկուած էր։ 1938–ի Փետրուարին, Պուխըվալտի կեդրոնացման ճամբարը ղրկուած էր, ապա՝ Տախաուի։ Հոն, 14 Մայիս 1942–ին, հայրս մեռած էր։ Ան մինչեւ մահ հաստատ ու հաւատարիմ մնաց։

Մայրս ալ Տախաուի ճամբարը ղրկուած էր։ Ան հոն մնաց մինչեւ 1945՝ իր ազատագրումը։ Քանի որ իմ ծնողքիս հաստատ օրինակը շատ նպաստած էր իմ վայելած հոգեւոր օրհնութիւններուս, մեզի համար առանձնաշնորհում էր որ մայրս մեզի հետ բնակէր 1954–ին։ Քոյրս՝ Մարկարէթան ալ իր հետ եկաւ, որ 1945–էն ի վեր Համայնավար Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ ռահվիրայութիւն կ’ընէր։ Թէեւ մայրս հիւանդ էր եւ Հոլանտերէն չէր խօսեր, ան շարունակեց դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ մինչեւ 1957–ի Հոկտեմբերը, երբ իր երկրային ընթացքը հաւատարմօրէն աւարտեց։

Գերմանիոյ Նուրեմպէրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 1955–ի նահանգային համաժողովը մասնայատուկ էր։ Հոն հասնելէն ետք, Տրէստընէն եկող եղբայրներ Էրիքայի ըսին թէ իր մայրն ալ համաժողովին ներկայ էր։ Քանի որ Տրէստընը այն ժամանակ Արեւելեան Գերմանիոյ իշխանութեան ներքեւ էր, Էրիքան 21 տարիէ իր մօրը տեսած չէր։ Հանդիպում մը կարգադրուեցաւ, եւ մայր ու աղջիկ իրարու թեւերուն մէջ ինկան։ Ի՜նչ ցնծալի վերամիացում մը։

Ժամանակի ընթացքին, ութը զաւակ ունեցանք։ Դժբախտաբար, մեր զաւակներէն մէկը կորսնցուցինք ինքնաշարժի արկածով մը։ Սակայն, մեր մնացեալ զաւակներուն Եհովայի ծառայելը տեսնելը, խոր ուրախութեան աղբիւր մըն է։ Ուրախ ենք որ մեր տղան՝ Վոլֆկանկը ու իր կինը շրջանի գործին մէջ են, եւ իրենց տղան ալ, որպէս շրջանային տեսուչ կը ծառայէ։

Երախտապարտ եմ, որ Հոլանտայի մէջ Եհովայի գործին յառաջդիմութեան ականատես եղայ։ Երբ 1933–ին հոս ռահվիրայութեան սկսայ, շուրջ հարիւր Վկաներ կային։ Ներկայիս, աւելի քան 30,000 են։ Թէեւ մեր ֆիզիքական զօրութիւնը կը տկարանայ, սակայն ես ու Էրիքան տակաւին վճռած ենք այդ վաղեմի երգեցողութեան բառերուն համաձայն ապրիլ. «Ի՜նչ հաւատք է որ չի խախտիր»։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 5 Երգեցողութիւն Թիւ 194—Եհովան Փառաբանող Երգեցողութիւններ (1928)։

^ պարբ. 7 Ներկայիս Փիրնա կոչուող, Գոփիթց գիւղաքաղաքը, Էլպէ Գետին եզերքը կը գտնուի, Տրէստըն քաղաքէն 18 քիլոմեթր հեռու։

^ պարբ. 38 Եղբայր Պերթուս ֆան տըր Պէլի կենսագրութեան համար, տես՝ Դիտարան 1 Յունուար 1998 (Անգլերէն), «Ճշմարտութենէն Աւելի Լաւ Բան Չկայ» յօդուածը։

[Նկար՝ էջ 23]

«Եուկնդկրուբը» դաշտի ծառայութենէն ետք դադարի մը ընթացքին

[Նկար՝ էջ 24]

Ռահվիրայ ընկերակիցներ եւ ես Շնայֆըլի թաղամասը ծածկեցինք։ 20 տարեկան էի

[Նկար՝ էջ 25]

1940–ին՝ Էրիքայի եւ Վոլֆկանկի հետ

[Նկար՝ էջ 26]

Ձախէն աջ. Թոռնիկս Ճոնաթանը եւ իր կինը՝ Միրիամը, Էրիքան, ես, եւ տղաս՝ Վոլֆկանկը եւ իր կինը՝ Ճուլիան

[Նկար՝ էջ 26]

Հօրս բանտակից եղբայր մը, հօրս այս պատկերը գծած է 1941–ին