Կրնա՛ք բարոյապէս մաքուր մնալ
Կրնա՛ք բարոյապէս մաքուր մնալ
«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։—Ա. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5։3
1. Ներկայ մարդոց մէջ վարքի ի՞նչ հակադրութիւն կը տեսնուի։
ՎԱՂՈՒՑ, Մաղաքիա մարգարէն ներշնչման ներքեւ նախատեսեց ժամանակ մը, երբ Աստուծոյ ժողովուրդին վարքը, բացայայտօրէն տարբեր պիտի ըլլար Աստուծոյ չծառայող անհատներու վարքէն։ Մարգարէն գրեց. «Պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը պիտի տեսնէք»։ (Մաղաքեայ 3։18) Այդ մարգարէութիւնը կը կատարուի ներկայիս։ Աստուծոյ պատուիրանները պահելը՝ մէջը ըլլալով անոնք որ բարոյական մաքրութիւն կը պահանջեն, իմաստուն եւ պատշաճ կեանքի ընթացք մըն է։ Սակայն, միշտ ալ դիւրին ընթացք մը չէ։ Տեղին ըլլալով, Յիսուս ըսաւ որ Քրիստոնեաները պէտք է զօրաւոր ջանք թափեն փրկութիւն շահելու համար։—Ղուկաս 13։23, 24
2. Դուրսէն եկած ո՞ր ճնշումներուն պատճառաւ, ոմանք բարոյապէս մաքուր մնալը դժուար կը գտնեն։
2 Ինչո՞ւ դժուար է բարոյապէս մաքուր մնալ։ Պատճառներէն մէկը՝ դուրսէն եկած ճնշումներն են։ Զուարճութեան ճարտարարուեստը անօրէն սեռը կը ներկայացնէ որպէս հմայիչ, հաճոյալի եւ հասունութեան ապացոյց, իրապէս անտեսելով անոր բացասական կողմերը։ (Եփեսացիս 4։17-19) Ներկայացուած մտերիմ յարաբերութիւններուն շատերը իրարու հետ չամուսնացած զոյգերու միջեւ են։ Շարժապատկերներն ու հեռատեսիլի ցուցադրութիւնները յաճախ սեռային յարաբերութիւնները կը նկարագրեն որպէս պատահական, անցողակի յարաբերութիւններ, որոնք զուրկ են ջերմութենէ եւ փոխադարձ յարգանքէ։ Շատեր իրենց մանկութեան այսպիսի պատգամներու ազդեցութեան ներքեւ եկած են։ Ասկէ զատ, շրջապատը զօրաւոր ճնշում կը բանեցնէ, ներկայ ազատ բարոյականին համակերպելու համար, իսկ անոնք որ չեն ենթարկուիր, կը ծաղրուին կամ նոյնիսկ կը նախատուին։—Ա. Պետրոս 4։4
3. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով աշխարհի մէջ շատեր անբարոյութեան անձնատուր եղած են։
3 Ներքին ճնշումներն ալ բարոյապէս մաքուր մնալը կը դժուարացնեն։ Եհովա մարդիկը ստեղծեց սեռային ցանկութիւններով եւ անոնք կրնան շատ զօրաւոր ըլլալ։ Մեր խորհած բաները մեր մէջ ցանկութիւն կը յառաջացնեն, եւ անբարոյութիւնը՝ Եհովայի խորհուրդներուն հետ ներդաշնակ չեղող բաներ խորհելուն հետ կապուած է։ (Յակոբու 1։14, 15) Օրինակ, Պրիթիշ Մէտիքըլ Ճըրնըլ–ի մէջ վերջերս հրատարակուած փորձագիտանքի մը համաձայն, առաջին անգամ սեռային յարաբերութիւն ունեցողներէն շատեր, պարզապէս հետաքրքրուած էին գիտնալու թէ սեռը ի՛նչպիսի բան մըն էր։ Ուրիշներ խորհելով որ իրենց տարիքը ունեցողներէն շատեր սեռային գետնի վրայ աշխոյժ են, ուստի իրենք ալ ուզած են իրենց կուսութիւնը կորսնցնել։ Տակաւին ուրիշներ ըսած են որ իրենց զգացումներով տարուած են եւ թէ «այդ ժամանակ քիչ մը խմած էին»։ Եթէ կ’ուզենք Աստուած հաճեցնել՝ մեր մտածելակերպը պէտք է փոխենք։ Ի՞նչպիսի մտածելակերպ մեզի պիտի օգնէ որ բարոյապէս մաքուր մնանք։
Զօրաւոր Համոզումներ Կերտեցէք
4. Բարոյապէս մաքուր մնալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
4 Բարոյապէս մաքուր մնալու համար, պէտք է ընդունինք որ իրապէ՛ս կ’արժէ այսպիսի կենցաղի մը հետեւիլ։ Ասիկա կը համապատասխանէ Հռովմի Քրիստոնեաներուն Պօղոս առաքեալի գրածին. «Քնն[եց]էք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Բարոյական մաքրութեան արժէքին գիտակցելու համար, չի բաւեր պարզապէս գիտնալ թէ անբարոյութիւնը դատապարտուած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Անիկա կը պարփակէ հասկնալ թէ անբարոյութիւնը ինչո՛ւ դատապարտուած է եւ անկէ խուսափելով ի՛նչպէս կ’օգտուինք։ Այս պատճառներէն ոմանք նկատի առնուած էին նախորդ յօդուածին մէջ։
5. Քրիստոնեաները գլխաւորաբար ինչո՞ւ կ’ուզեն բարոյապէս մաքուր մնալ։
5 Ուստի, մեզի՝ Քրիստոնեաներուս համար, սեռային անբարոյութենէն խուսափելու ամենէն զօրաւոր պատճառները, Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան հետ կապուած են։ Սորված ենք թէ ինք գիտէ ինչ որ լաւագոյնն է մեզի համար։ Իրեն հանդէպ մեր սէրը մեզի պիտի օգնէ որ ատենք ինչ որ չար է։ (Սաղմոս 97։10) Աստուած է «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողը։ (Յակոբու 1։17) Ան կը սիրէ մեզ։ Իրեն հնազանդելով, ցոյց կու տանք որ կը սիրենք զինք եւ կը գնահատենք այն բոլոր բաները զորս ըրած է մեզի համար։ (Ա. Յովհաննու 5։3) Բնա՛ւ չենք ուզեր Եհովայի յուսախաբութիւն ու ցաւ պատճառել, իր արդար պատուիրանները բեկանելով։ (Սաղմոս 78։41) Չենք ուզեր այնպէս մը վարուիլ որ իր սուրբ հոգին եւ պաշտամունքի արդար կերպը նախատուին։ (Տիտոս 2։5. Բ. Պետրոս 2։2) Բարոյապէս մաքուր մնալով, Բարձրեալը կ’ուրախացնենք։—Առակաց 27։11
6. Մեր բարոյական չափանիշները ուրիշներուն գիտցնելը ի՞նչպէս կ’օգնէ։
6 Բարոյապէս մաքուր մնալ վճռելէն ետք, այդ համոզումը ուրիշներուն գիտցնելով յաւելեալ պաշտպանութիւն կ’ունենանք։ Մարդիկ թող գիտնան որ դուք Եհովա Աստուծոյ ծառայ մըն էք եւ թէ որոշած Սաղմոս 64։10) Բնա՛ւ մի ամչնաք ձեր բարոյական համոզումներուն մասին ուրիշներուն խօսելէ։ Արտայայտուիլը կրնայ զօրացնել, պաշտպանել ձեզ, եւ քաջալերել ուրիշները որ ձեր օրինակին հետեւին։—Ա. Տիմոթէոս 4։12
էք իր բարոյական բարձր չափանիշները պահել։ Անիկա ձե՛ր կեանքը, ձե՛ր մարմինը եւ ձե՛ր ընտրութիւնն է։ Խնդրոյ առարկան ի՞նչ է։ Երկնաւոր Հօրը հետ ձեր ունեցած թանկագին յարաբերութիւնը։ Ուստի յստակ կերպով հասկցուցէք որ ձեր ուղղամտութիւնը սակարկելի չէ։ Հպարտ զգացէք որ Աստուած կը ներկայացնէք՝ իր սկզբունքները պաշտպանելով։ (7. Բարոյապէս մաքուր մնալու մեր վճռակամութեան ի՞նչպէս կրնանք կառչած մնալ։
7 Բարձր բարոյական չափանիշ պահելէն եւ մեր դիրքը գիտցնելէն զատ, մեր որոշումին կառչելու համար քայլեր պէտք է առնենք։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է ուշադիր ըլլալ մեր ընկերներու ընտրութեան մէջ։ «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ», կը նշէ Աստուածաշունչը։ Ընկերութիւն ըրէք անոնց հետ որոնք ձեր բարոյական արժէքները կը բաժնեն. անոնք պիտի զօրացնեն ձեզ։ Այս համարը կ’ըսէ նաեւ՝ «Բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Որքան որ կարելի է, խուսափեցէք այն մարդոցմէ, որոնք կրնան ձեր վճռակամութիւնը տկարացնել։—Ա. Կորնթացիս 15։33
8. (ա) Ինչո՞ւ մեր միտքը առողջ բաներով պէտք է սնուցանենք։ (բ) Ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափինք։
8 Աւելին ըլլալով, մեր միտքը պէտք է սնուցանենք ճշմարիտ, լուրջ, արդար, մաքուր, սիրալիր, բարի համբաւ ունեցող, առաքինի եւ գովաբանելի բաներով։ (Փիլիպպեցիս 4։8) Ասիկա կ’ընենք ընտրողական ըլլալով մեր դիտած եւ կարդացած բաներուն, եւ մեր մտիկ ըրած երաժշտութեան մէջ։ Անբարոյ գրականութիւնը ապականիչ ազդեցութիւն չունենար ըսելը, կը նմանի՝ բարոյական գրականութիւնը որեւէ դրական ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ ըսելուն։ Մի՛ մոռնաք որ անկատար անհատներ դիւրութեամբ անբարոյութեան մէջ կ’իյնան։ Ուստի, սեռային զգացումներ գրգռող գրքերը, պարբերաթերթերը, շարժապատկերները եւ երաժշտութիւնը սխալ ցանկութիւններու պիտի առաջնորդեն, որոնք իրենց կարգին մեղքի պիտի տանին։ Բարոյական մաքրութիւն պահելու համար, մեր միտքը աստուածային իմաստութեամբ պէտք է լեցնենք։—Յակոբու 3։17
Անբարոյութեան Առաջնորդող Քայլեր
9-11. Ինչպէս Սողոմոն կը պատմէ, ո՞ր քայլերը աստիճանաբար պոռնկութեան առաջնորդեցին երիտասարդի մը։
9 Յաճախ անբարոյութեան առաջնորդող բնորոշիչ քայլեր կան։ Ամէն մէկ քայլ որ կ’առնուի, անկէ ետ դառնալը աւելի դժուար կ’ըլլայ։ Նայեցէք թէ ասիկա ի՛նչպէս նկարագրուած է Առակաց 7։6-23–ի մէջ։ Սողոմոն կը դիտէ լաւ շարժառիթ չունեցող կամ «պակասամիտ պատանի մը»։ Երիտասարդը «այն կնոջ [պոռնիկին] տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր ու անոր տանը ճամբան բռնեց։ Երբ իրիկուն եղաւ, օրը տարաժամեցաւ»։ Ահաւասիկ իր առաջին սխալը։ Վերջալոյսին իր սիրտը զինք ուղղեց ո՛չ թէ որեւէ փողոց երթալու, հապա ա՛յն փողոցը, ուր գիտէր որ սովորաբար պոռնիկ մը կրնար գտնել։
10 Ապա կը կարդանք. «Ահա անոր առջեւ կին մը ելաւ, անիկա պոռնիկի կերպարանք ու նենգաւոր սիրտ մը ունէր»։ Ահաւասիկ կը տեսնէ զինք։ Ան կրնար ետ դառնալ եւ տուն երթալ, բայց այժմ ասիկա ընելը աւելի դժուար է, մանաւանդ որ ինք բարոյապէս տկար է։ Կինը կը բռնէ զինք ու կը համբուրէ։ Համբոյրը ընդունելով, մտիկ կ’ընէ անոր համոզիչ հրապոյրին։ Ան կ’ըսէ. «Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան, ես այսօր իմ ուխտերս կատարեցի»։ Խաղաղութեան զոհերը կը բովանդակէին միս, ալիւր, իւղ եւ գինի։ (Ղեւտացւոց 19։5, 6. 22։21. Թուոց 15։8-10) Զանոնք յիշելով, ան թերեւս ըսել կ’ուզէր որ հոգեւորականութիւն ունէր եւ թէ կը հասկցնէր որ իր տան մէջ լաւ տեսակի շատ ուտելիք ու խմելիք ունէր։ Ան կ’աղաչէ իրեն. «Եկուր մինչեւ առտու սիրով զուարճանանք ու ցանկութիւններով զբօսնունք»։
11 Դժուար չէ նախագուշակել հետեւանքը։ «Իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց»։ Ան ալ «սպանդանոց գացող արջառի պէս» կնոջ հետեւեցաւ, «ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպի ծուղակը կ’երթայ»։ Սողոմոն կ’եզրափակէ սթափեցուցիչ խօսքերով. «Չի գիտեր թէ դէպի իր անձին կորուստը կ’երթայ»։ Իր անձը կամ կեանքը խնդրոյ առարկայ է, քանի որ «Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբրայեցիս 13։4) Ի՜նչ ազդու դաս մը թէ՛ տղամարդոց եւ թէ կիներու համար։ Աստուծոյ տհաճութեան առաջնորդող առաջին քայլէն իսկ պէտք է զգուշանանք։
12. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ «պակասամիտ» արտայայտութիւնը։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք բարոյական զօրութիւն կերտել։
12 Նկատի ունեցէք որ այս դրուագին երիտասարդը Բ. Տիմոթէոս 3։1) Աստուած մեզի օգնելու համար կարգադրութիւն ըրած է։ Ան քրիստոնէական ժողովներ կը հայթայթէ, մեզի ուղիղ ճամբուն մէջ առաջնորդելու համար, եւ մեզ շփման մէջ բերելու ուրիշներու հետ, որոնք նոյն նպատակը ունին։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Ժողովքի երէցները կան, որոնք մեզ կը հովուեն եւ արդարութեան ճամբաները կը սորվեցնեն մեզի։ (Եփեսացիս 4։11, 12) Ունինք Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, մեզ ուղղելու եւ առաջնորդելու համար։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Իսկ ամէն ատեն առիթ ունինք աղօթելու որ Աստուծոյ հոգին օգնէ մեզի։—Մատթէոս 26։41
«պակասամիտ» էր։ Այս արտայայտութիւնը մեզի կը գիտցնէ որ իր խորհուրդները, ցանկութիւնները, սէրերը, յոյզերը, եւ կեանքի նպատակակէտերը Աստուծոյ հաճած բաներուն հետ ներդաշնակ չէին։ Իր բարոյական տկարութիւնը ողբերգական հետեւանքներու առաջնորդեց զինք։ Այս դժուարին «վերջին օրեր»ուն, բարոյական զօրութիւն կերտելու համար ջանք կը պահանջուի։ (Դաւիթի Մեղքերէն Սորվինք
13, 14. Դաւիթ Թագաւոր ի՞նչպէս լուրջ մեղքերու միջամուխ եղաւ։
13 Դժբախտաբար, նոյնիսկ Աստուծոյ կարկառուն ծառաներ սեռային անբարոյութեան միջամուխ եղած են։ Այսպիսի անհատներէն մէկն էր Դաւիթ Թագաւոր, որ տասնեակ տարիներ հաւատարմաբար ծառայած էր Եհովայի։ Կասկած չունինք որ ան չափազանց կը սիրէր Աստուած։ Սակայն ան մեղաւոր ընթացքի մը մէջ խորասուզուեցաւ։ Սողոմոնի նկարագրած երիտասարդին նման, քայլեր կային, որոնք Դաւիթը մեղքի առաջնորդեցին, ապա զայն բարդացուցին։
14 Այն ատեն Դաւիթ միջին տարիքի մարդ մըն էր, հաւանաբար 50–ական տարիքի մէջ։ Իր տանիքէն տեսաւ գեղեցիկ Բերսաբէն որ կը լոգնար։ Ան հարցնելով տեղեկացաւ անոր ո՛վ ըլլալը։ Հասկցաւ որ անոր ամուսինը Ուրիան, Ամմոնացիներու քաղաքին՝ Ռաբբայի պաշարման գացած էր։ Դաւիթ կինը իր պալատը բերել տուաւ եւ անոր հետ սեռային յարաբերութիւններ ունեցաւ։ Հետագային հարցը բարդացաւ. կինը անդրադարձաւ որ Դաւիթէն յղի մնացած էր։ Յուսալով որ Ուրիան գիշերը իր կնոջ հետ պիտի անցընէր, Դաւիթ զինք կանչել տուաւ պատերազմէն։ Այդ կերպով, Ուրիան երեւութապէս Բերսաբէի կրած զաւկին հայրը կրնար ըլլալ։ Բայց Ուրիան տուն չգնաց։ Իր մեղքը ամէն գնով ծածկելու մտահոգութեամբ, Դաւիթ Ուրիան ետ Ռաբբա ղրկեց, իր հետ բանակի հրամանատարին նամակ մը յղելով, որուն մէջ կ’ըսէր որ Ուրիան պէտք էր դրուէր դիրքի մը վրայ որ ստոյգ մեռնէր։ Ուրիան այս կերպով իր կեանքը կորսնցուց եւ Դաւիթ ամուսնացաւ իր այրիին հետ, առաջ որ անոր յղի ըլլալը գիտցուի հանրութեան կողմէ։—Բ. Թագաւորաց 11։1-27
15. (ա) Դաւիթի մեղքը ի՞նչպէս երեւան ելաւ։ (բ) Դաւիթ ի՞նչպէս հակազդեց Նաթանի վարպետօրէն տուած յանդիմանութեան։
15 Երեւութապէս, իր մեղքը ծածկելու Դաւիթի ծրագիրը յաջողեցաւ։ Ամիսներ անցան. երախան ծնաւ՝ մանչ մըն էր։ Եթէ Դաւիթ այս դէպքը իր մտքին մէջ ունենալով գրեց 32–րդ Սաղմոսը, կը նշանակէ թէ իր խիղճը իրապէս կը տանջէր զինք։ (Սաղմոս 32։3-5) Սակայն, մեղքը ծածկուած չէր Աստուծմէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Դաւիթին այս ըրած բանը Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ»։ (Բ. Թագաւորաց 11։27) Եհովա Նաթան մարգարէն ղրկեց, որ վարպետօրէն Դաւիթի ըրածը իր ճակտին զարկաւ։ Դաւիթ անմիջապէս խոստովանեցաւ եւ Եհովայէ թողութիւն խնդրեց։ Իր անկեղծ զղջումը Աստուծոյ հետ հաշտուելու առաջնորդեց։ (Բ. Թագաւորաց 12։1-13) Յանդիմանութիւնը չզայրացուց Դաւիթը։ Հապա ան Սաղմոս 141։5–ի նկարագրած կեցուածքը ցոյց տուաւ. «Արդարը թող զիս զարնէ, այն ողորմութիւն է. եւ զիս յանդիմանէ, այն գլխու իւղ է. իմ գլուխս չմերժէ զանիկա» (Արեւմտահայերէն)։
16. Սողոմոն ի՞նչ ազդարարութիւն եւ խրատ տուաւ յանցանքներու նկատմամբ։
16 Սողոմոն՝ որ Դաւիթի եւ Բերսաբէի երկրորդ որդին էր, հաւանաբար իր հօրը կեանքին մէջի այս մռայլ միջադէպին մասին մտածած ըլլալու էր։ Ան հետագային գրեց. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ»։ (Առակաց 28։13) Եթէ լուրջ մեղքի մէջ իյնանք, պէտք է այս ներշնչեալ յորդորին անսանք, որ թէ՛ ազդարարութիւն եւ թէ խրատ մըն է։ Պէտք է Եհովայի խոստովանինք եւ ժողովքի երէցներուն մօտենանք օգնութեան համար։ Երէցներուն կարեւոր պատասխանատուութիւններէն մէկն է յանցանքի մէջ ինկած անհատներու օգնել որ վերահաստատուին։—Յակոբու 5։14, 15
Մեղքին Հետեւանքները Կրել
17. Թէեւ Եհովա կը ներէ մեղքը, բայց ի՞նչ բանէն չի պաշտպաներ մեզ։
17 Եհովա ներեց Դաւիթին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Դաւիթ ուղղամիտ մարդ մըն էր, ուրիշներու հանդէպ ողորմած էր եւ իր զղջումը անկեղծ էր։ Այսուհանդերձ, Դաւիթ անոր հետեւանքներէն պաշտպանուած չէր։ (Բ. Թագաւորաց 12։9-14) Նոյնը ճշմարիտ է ներկայիս։ Թէեւ Եհովա զղջացողները չի պատժեր, բայց զիրենք չի պաշտպաներ իրենց սխալ արարքներուն բնական հետեւանքներէն։ (Գաղատացիս 6։7) Սեռային անբարոյութեան հետեւանքները կրնան ըլլալ ամուսնալուծում, անփափաքելի յղութիւն, սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւն եւ վստահութեան ու յարգանքի կորուստ։
18. (ա) Պօղոս ըսաւ որ ի՞նչպէս վարուին Կորնթացիներու ժողովքին մէջ կատարուած լուրջ յանցագործութեան հետ։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս սէր ու ողորմութիւն ցոյց կու տայ մեղաւորներուն հանդէպ։
18 Եթէ անհատապէս լուրջ սխալ մը գործած ենք, դիւրին է վհատիլ, երբ մեր գործած սխալին հետեւանքները կը կրենք։ Այսուհանդերձ, պէտք չէ թոյլ տանք որ որե՛ւէ բան մեզ ետ պահէ զղջալէ եւ Եհովայի հետ հաշտուելէ։ Առաջին դարուն, Պօղոս Կորնթացիներուն գրեց որ պէտք էր ժողովքէն վտարէին մարդ մը որ արիւնապիղծ պոռնկութիւն կ’ընէր։ (Ա. Կորնթացիս 5։1, 13) Մարդը անկեղծօրէն զղջալէ ետք, Պօղոս պատուիրեց ժողովքին որ ‘անոր ներէին ու մխիթարէին ու անոր վրայ իրենց սէրը հաստատէին’։ (Բ. Կորնթացիս 2։5-8) Այս ներշնչեալ խրատին մէջ, զղջացող մեղաւորներուն հանդէպ Եհովայի սէրն ու ողորմութիւնը կը տեսնենք։ Երկնքի հրեշտակները կ’ուրախանան, երբ մեղաւոր մը զղջայ։—Ղուկաս 15։10
19. Սխալ ընթացքի մը պատճառաւ տեղին ըլլալով տխրելէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղուին։
19 Թէեւ սխալ ընթացքի մը համար կրնանք ցաւ զգալ, բայց մեր զգացած վիշտը կրնայ օգնել մեզի որ ‘զգուշանանք անօրէնութեան դառնալէ’։ (Յոբայ 36։21) Արդարեւ, մեղքին դառն հետեւանքները պէտք է մեզ ետ պահեն սխալ մը կրկնելէ։ Դաւիթ, իր մեղաւոր ընթացքին տխուր փորձառութիւնը գործածեց ուրիշները խրատելու համար։ Ան ըսաւ. «Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան»։—Սաղմոս 51։13
Եհովայի Ծառայելով Ուրախութիւն Ձեռք կը Ձգենք
20. Աստուծոյ արդար պահանջներուն հնազանդելէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։
20 «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն», ըսաւ Յիսուս։ (Ղուկաս 11։28) Աստուծոյ արդար պահանջներուն հնազանդիլը ուրախութիւն կը պատճառէ հիմա եւ անվերջ ապագային։ Եթէ բարոյապէս մաքուր մնացած ենք, շարունակե՛նք այդ ընթացքին մէջ, մեզի ի նպաստ Եհովայի ըրած բոլոր կարգադրութիւններէն օգտուելով։ Եթէ անբարոյութեան մէջ ինկած ենք, քաջալերուինք՝ տեղեկանալով որ Եհովա պատրաստ է ներելու իրապէս զղջացողներուն եւ վճռենք բնա՛ւ չկրկնել այդ մեղքը։—Եսայեայ 55։7
21. Պետրոս առաքեալի ո՞ր խրատը կիրարկելը մեզի կ’օգնէ որ բարոյապէս մաքուր մնանք։
21 Շուտով այս ամբարիշտ աշխարհը պիտի չքանայ, իր ամբողջ անբարոյ կեցուածքներուն եւ սովորութիւններուն հետ։ Բարոյական մաքրութիւն պահելով, պիտի օգտուինք հի՛մա եւ՝ յաւիտեան։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։ . . . Առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք»։—Բ. Պետրոս 3։14, 17
Կրնա՞ք բացատրել
• Ինչո՞ւ բարոյապէս մաքուր մնալը կրնայ դժուար ըլլալ։
• Բարոյական բարձր չափանիշներու հետեւելու մեր վճռակամութեան թիկունք կանգնող կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
• Սողոմոնի յիշած երիտասարդին մեղքերէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։
• Դաւիթի օրինակը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ զղջումի մասին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 13]
Բարոյական հարցերու մէջ ձեր դիրքը ուրիշներուն գիտցնելը պաշտպանութիւն մըն է
[Նկարներ՝ էջ 16, 17]
Քանի որ Դաւիթ անկեղծօրէն զղջաց՝ Եհովա ներեց իրեն