Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաջողութիւնը ի՞նչով կը չափէք

Յաջողութիւնը ի՞նչով կը չափէք

Յաջողութիւնը ի՞նչով կը չափէք

ԲԱՌԱՐԱՆ մը յաջողութիւնը կը սահմանէ որպէս՝ «հարստութիւն, հաճութիւն կամ կարկառուն դիրք մը ձեռք ձգել»։ Անոր ամբողջ սահմանումը ասիկա՞ է։ Հարստութիւնը, հաճութիւնը կամ կարկառուն դիրքը յաջողութեան միա՞կ չափանիշերն են։ Պատասխանելէ առաջ, հետեւեալը նկատի առէք. Յիսուս Քրիստոս իր կեանքի տեւողութեան նիւթական ստացուածք չդիզեց։ Ան մարդոց մեծամասնութեան հաճութեան չարժանացաւ. ո՛չ ալ իր օրուան կարկառուն մարդոց կողմէ յարգարժան նկատուեցաւ։ Սակայն Յիսուս յաջողակ մարդ մըն էր։ Ինչո՞ւ։

Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս ‘Աստուծմով հարուստ’ էր։ (Ղուկաս 12։21) Իր յարութենէն ետք, Աստուած զինք վարձատրեց՝ «փառքով ու պատուով» պսակելով։ Եհովա իր Որդին «խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է»։ (Եբրայեցիս 2։9. Փիլիպպեցիս 2։9) Յիսուսի կեանքի ընթացքը Եհովայի սիրտը ուրախացուց։ (Առակաց 27։11) Անոր երկրային կեանքը յաջող էր, քանի որ իր նպատակին ծառայեց։ Յիսուս Աստուծոյ կամքը կատարեց եւ Անոր անուան պատիւ բերաւ։ Իր կարգին, Աստուած Յիսուսը պատուեց, անոր այնպիսի հարստութիւն, հաճութիւն եւ կարկառուն դիրք մը տալով, որու ո՛չ մէկ ակադեմական, քաղաքական, կամ մարզական հերոս կրնար հասնիլ։ Յիսուս իրապէս երկրի վրայ ապրող ամենէն յաջողակ մարդն էր։

Քրիստոնեայ ծնողներ կը գիտակցին որ եթէ իրենց զաւակները Քրիստոսի քայլերուն հետեւին, Յիսուսի նման Աստուծմով հարստանան, հի՛մա ճոխ օրհնութիւններ պիտի քաղեն, եւ գալիք իրերու դրութեան մէջ՝ աներեւակայելի վարձատրութիւններ պիտի վայելեն։ Քրիստոսի քայլերուն հետեւող պատանիի մը համար աւելի լաւ բան չկայ, քան Յիսուսի կատարած գործը կատարել, լիաժամ ծառայութեան մասնակցելով, եթէ կարելի է։

Սակայն, կարգ մը մշակոյթներու մէջ, տիրական եղող սովորութիւն է, որ դեռահասակներ լիաժամ ծառայութեան չձեռնարկեն։ Երբ պատանի մը դպրոցը աւարտէ, իրմէ կ’ակնկալուի լիաժամ գործ մը գտնել, ամուսնանալ եւ ընտանիք կազմել։ Երբեմն, այսպիսի ենթահողերէ եկած պատանիներ, սխալմամբ ետ կը կենան լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելէ։ (Առակաց 3։27) Ինչո՞ւ։ Ճնշումի պատճառաւ. անոնք տիրական եղող մշակութային չափանիշներուն կը համակերպին։ Այս էր որ պատահեցաւ Ռոպէրթին։ *

Երբ Մշակոյթը եւ Խղճմտանքը Բախումի Մէջ Ըլլան

Ռոպէրթ որպէս Եհովայի Վկայ մը մեծցած էր։ Իր պատանեկութեան տարիներուն, անոր վարմունքն ու ընկերակիցներու ընտրութիւնը շատ փափաքելի չէր։ Մայրը սկսաւ մտահոգուիլ։ Հետեւաբար, ան ռահվիրայէ մը՝ Եհովայի Վկաներու լիաժամ ծառայէ մը՝ խնդրեց որ զինք քաջալերէ։ Ռոպէրթ կը բացատրէ թէ անկէ ետք ի՛նչ պատահեցաւ։

«Իրապէս գնահատեցի ինծի հանդէպ ռահվիրայ եղբօր ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը։ Իր լաւ օրինակը մղեց զիս որ փափաքիմ դպրոցս աւարտելէն անմիջապէս ետք ռահվիրայութեան ասպարէզին մէջ մտնել։ Հոս է որ մայրս դարձեալ մտահոգուեցաւ, սակայն՝ ուրիշ պատճառով։ Մեր մշակոյթին մէջ ընդունուած է որ աղջիկ մը դպրոցը աւարտելէն անմիջապէս ետք ռահվիրայութեան սկսի, սակայն, մանչէն կ’ակնկալուի որ նա՛խ նիւթական գետնի վրայ ինքզինք ապահովէ, ապա ռահվիրայութեան մասին մտածէ։

«Արհեստ մը սորվեցայ, ապա անձնական գործ բացի։ Շուտով գործովս տարուեցայ եւ ժողովներու յաճախելը եւ քարոզելը մեքենայական սովորութիւն մը դարձան։ Խիղճս զիս կը տանջէր. գիտէի որ կրնամ աւելի լիարժէք ծառայութիւն մը մատուցանել Եհովայի։ Բայց եւ այնպէս, իսկական պայքար մըն էր ձերբազատուիլ ուրիշներու ակնկալութիւններէն, սակայն, ուրախ եմ որ կրցայ։ Ներկայիս, ամուսնացած եմ եւ երկու տարիէ ի վեր կնոջս հետ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ։ Վերջերս, ժողովքին մէջ օգնական ծառայ նշանակուեցայ։ Անկեղծօրէն կրնամ ըսել որ, այժմ բոլոր սրտովս՝ իմ բոլոր հնարաւորութիւններովս՝ Եհովայի ծառայելով, իսկական գոհունակութիւն կը զգամ»։

Այս պարբերաթերթը կրկին անգամ քաջալերած է երիտասարդները, որ եթէ կարելի է, արհեստ մը սորվին կամ կարգ մը օգտակար որակումներ մշակեն, մինչ տակաւին դպրոց կը յաճախեն։ Ի՞նչ նպատակաւ։ Հարստանալո՞ւ համար։ Ո՜չ։ Գլխաւոր պատճառը այն է որ իրենց չափահասութեան կարենան պատշաճօրէն իրենց ապրուստը ճարել եւ կարելի եղածին չափ լիովին Եհովայի ծառայեն, մանաւանդ՝ լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Սակայն, յաճախ կը պատահի որ երիտասարդներ կամ երիտասարդուհիներ աշխարհիկ ասպարէզ մը հետապնդելով այնքան կը տարուին, որ ծառայութիւնը նուազ կարեւոր կը դառնայ։ Ոմանք՝ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելու մասին երբեք չեն մտածեր։ Ինչո՞ւ։

Ռոպէրթին խօսքերը որոշ լոյս մը կը սփռեն այս նիւթին շուրջ։ Արհեստ մը սորվելէ ետք, Ռոպէրթ գործի սկսաւ։ Շատ չանցած, աննպատակ ձանձրացուցիչ առօրեայի մը կը հետեւէր։ Իր նպատակակէտն էր նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգել։ Սակայն, քրիստոնէական ժողովքէն դուրս կամ ներս եղող ոեւէ մէկը լիովին հասա՞ծ է այդ նպատակակէտին։ Քրիստոնեաներ պէտք է ջանան նիւթական գետնի վրայ պատասխանատու զգալ, իրենց տնտեսական պարտաւորութիւններուն ժրաջանօրէն հոգ տանելով. սակայն, պէտք է հասկնան նաեւ թէ այս անորոշ ժամանակներուն, քիչեր կը հասնին այն մակարդակին երբ կրնան իրապէս իրենք զիրենք նիւթական գետնի վրայ ապահով նկատել։ Անոր համար Մատթէոս 6։33–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խոստումը կը մխիթարէ Քրիստոնեաները։

Ռոպէրթ ուրախ է որ որոշեց իր սրտին ցանկութիւններուն հետեւիլ, քան՝ իր մշակոյթին պարտադրած չափանիշներուն։ Ներկայիս, ան լիաժամ ծառայութեան ասպարէզին մէջ է։ Այո, լիաժամ ծառայութիւնը պատուաբեր ասպարէզ մըն է։ Ռոպէրթ իր անձին հետ խաղաղութեան մէջ է, քանի որ Եհովայի կը ծառայէ, ինչպէս ինք կ’ըսէ՝ ‘իր բոլոր հնարաւորութիւններով’։

Ձեր Տաղանդները Լաւագոյնս Գործածեցէք

Եհովայի Վկաներուն մէջ բազմաթիւ տաղանդաւոր անհատներ կան։ Ոմանք մտային ուշագրաւ կարողութիւններ ունին. ուրիշներ՝ ձեռային աշխատանքներու մէջ տաղանդաւոր են։ Այս բոլոր պարգեւները Եհովայէ կու գան, որ «ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան» կու տայ։ (Գործք 17։25) Առանց կեանքի, այս պարգեւները արժէք մը չեն ներկայացներ։

Հետեւաբար, պատշաճ է որ մեր նուիրեալ կեանքը Եհովայի ծառայութեան մէջ գործածենք։ Տաղանդաւոր երիտասարդ մը ճիշդ այս էր որ որոշեց ընել։ Ան Հ.Դ. առաջին դարուն կ’ապրէր։ Երեւելի ընտանիքի մը մէկ անդամն էր, եւ իր պատանեկութիւնը անցուցած էր Կիլիկիոյ հանրածանօթ Տարսոն քաղաքին մէջ։ Թէեւ ծնունդով Հրեայ էր, բայց ան իր հօրմէն հռովմէական հպատակութիւն ժառանգած էր։ Ասիկա զինք բազմաթիւ իրաւունքներու եւ առանձնաշնորհումներու արժանացուցած էր։ Երբ մեծցաւ, իր ժամանակուան անուանի «ուսուցիչներէն» մէկուն՝ Գամաղիէլի՝ քով Օրէնքը սորվեցաւ։ Այնպէս կը թուէր թէ շատ չանցած, ան ‘հարստութեան, հաճութեան, եւ կարկառուն դիրքի մը’ պիտի տիրանար։—Գործք 21։39. 22։3, 27, 28

Ո՞վ էր այս երիտասարդը։ Անոր անունը Սօղոս էր։ Սակայն Սօղոս Քրիստոնեայ մը եղաւ եւ ի վերջոյ ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալը։ Ան իր ունեցած փառասիրութիւնները մէկ կողմ դրաւ եւ որպէս Քրիստոնեայ՝ իր ամբողջ կեանքը Եհովայի ծառայութեան նուիրեց։ Պօղոս ճանչցուեցաւ, ոչ թէ որպէս կարկառուն օրէնսգէտ մը, այլ՝ որպէս բարի լուրի նախանձախնդիր քարոզիչ մը։ Շուրջ 30 տարի որպէս միսիոնար ծառայելէ ետք, ան Փիլիպպէի մէջ եղող իր բարեկամներուն նամակ մը գրեց։ Անոր մէջ ան վերաքաղ ըրաւ Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ իր կատարած կարգ մը գործերը, ապա ըսաւ. «[Յիսուս Քրիստոսի] համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ»։ (Փիլիպպեցիս 3։8) Պօղոս չզղջաց որ իր կեանքը այս կերպով գործածած էր։

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն մարզումին մասին զոր Պօղոս Գամաղիէլէ ստացած էր։ Ասիկա իրեն որեւէ կերպով օգտակար եղա՞ւ։ Այո՛։ Անիկա բազմիցս «աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը» նպաստեց։ Սակայն, Պօղոսի գլխաւոր գործն էր՝ բարի լուրի քարոզչութիւնը. բան մը որ իր նախկին կրթութիւնը երբեք չէր կրնար սորվեցնել։—Փիլիպպեցիս 1։7. Գործք 26։24, 25

Նմանապէս ներկայիս, ոմանք կրցած են իրենց պարգեւներն ու տաղանդները, նոյնիսկ իրենց ուսումը գործածել Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար։ Էյմին, զոր օրինակ, առեւտրական եւ իրաւագիտական վկայականներ ունի։ Ատեն մը, ան իրաւաբանական հաստատութեան մը մէջ շահաբեր պաշտօն մը ունէր, սակայն, ներկայիս ան որպէս անվճար կամաւոր մը կը ծառայէ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակներէն մէկուն մէջ։ Ներկայիս Էյմին իր կեանքը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «Կը խորհիմ թէ կեանքիս մէջ լաւագոյն ընտրութիւնը ըրած եմ։ . . . Չեմ փափաքիր համալսարանական դասընկերներէս ոեւէ մէկուն տեղը ըլլալ։ Ընտրած ընթացքովս հպարտ եմ։ Ի՛նչ որ պէտք ունիմ եւ կ’ուզեմ՝ ունիմ. գոհունակ եւ ուրախ կեանք մը, նաեւ՝ իմաստալից ու գոհացուցիչ ասպարէզ մը»։

Էյմին ճամբայ մը ընտրեց, որ իրեն մտքի խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ Եհովայի օրհնութիւնը բերաւ։ Վստահաբար, Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակներուն համար այս է որ կը փափաքին։

Քրիստոնէական Ծառայութեան Մէջ Յաջողութիւն

Անշուշտ, կենսական է քրիստոնէական ծառայութեան մէջ, յաջողութեան հանդէպ պատշաճ տեսակէտ մը ունենալ։ Դիւրին է յաջողութեան զգացում մը ունենալ երբ դաշտի ծառայութեան մէջ հաճելի ժամանակ մը կ’անցընենք՝ սուրբ գրային գրականութիւն մը տեղաւորելով, կամ սուրբ գրային հետաքրքրական խօսակցութեան մը միջամուխ ընելով տանտէրները։ Սակայն, եթէ հազուադէպօրէն լսող ականջ մը գտնենք, կրնանք եզրակացնել թէ ժամավաճառ կ’ըլլանք։ Սակայն, յիշեցէք թէ յաջողութեան սահմանումներէն մէկն է՝ ‘հաճութիւն ձեռք ձգել’։ Որո՞ւ հաճութիւնը կ’ուզենք շահիլ։ Անշո՛ւշտ՝ Եհովայի։ Ասիկա կրնանք ձեռք ձգել մարդիկ մեր պատգամին մտիկ ընեն՝ կամ ոչ։ Յիսուս այս ուղղութեամբ իր աշակերտներուն ազդու դաս մը սորվեցուց։

Կը յիշէք թէ Յիսուս 70 Թագաւորութեան քարոզիչներ ղրկեց «բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար»։ (Ղուկաս 10։1) Անոնք առանց Յիսուսի ընկերակցութեան պիտի քարոզէին քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ Ասիկա նոր փորձառութիւն մըն էր անոնց համար։ Ուստի, Յիսուս զանոնք ուղարկելէ առաջ մանրամասն հրահանգներ տուաւ անոնց։ Երբ անոնք «բարեւի արժանի մարդ»ու մը հանդիպէին, Թագաւորութեան մասին ամբողջական վկայութիւն մը պիտի տային։ Սակայն, երբ մերժուէին, իրենց ճամբան պէտք էր շարունակէին, առանց հոգ ընելու։ Յիսուս բացատրեց թէ իրենց մտիկ ընել մերժողները, իրականութեան մէջ, Եհովան կը մերժէին։—Ղուկաս 10։4-7, 16

Երբ 70–ը իրենց քարոզչական նշանակումը վերջացուցին, անոնք «դարձան ուրախութեամբ» եւ Յիսուսի տեղեկացուցին, ըսելով. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ (Ղուկաս 10։17) Այս անկատար մարդոց համար հոգեղէն զօրաւոր արարածներ վտարելը շա՛տ ոգեւորիչ ըլլալու էր։ Սակայն, Յիսուս իր խանդավառ աշակերտները զգուշացուց, ըսելով. «Դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։ (Ղուկաս 10։20) 70 աշակերտները թերեւս մի՛շտ դեւեր վտարելու զօրութիւնը չունենային, ո՛չ ալ ծառայութեան մէջ մի՛շտ դրական արդիւնքներ ձեռք ձգէին։ Սակայն, եթէ հաւատարիմ մնային, մի՛շտ Եհովայի հաճութիւնը պիտի ունենային։

Լիաժամ Ծառաները կը Գնահատէ՞ք

Անգամ մը երիտասարդ մը Քրիստոնեայ երէցի մը ըսաւ. «Երբ երկրորդականս աւարտեմ, պիտի փորձեմ գործ մը գտնել։ Եթէ գործ մը չկարենամ գտնել, այն ժամանակ պիտի մտածեմ լիաժամ ծառայութեան մարզերէն մէկուն մէջ մտնել»։ Սակայն, ռահվիրայական ծառայութեան ձեռնարկող անհատներէն շատերուն տեսակէտը այս չէ։ Ռահվիրայ ըլլալու համար, ոմանք շահաբեր ասպարէզներ հետապնդելու պատեհութիւններէն հրաժարած են։ Ուրիշներ, ուսման հոյակապ պատեհութիւններ մերժած են։ Պօղոս առաքեալի նման, անոնք զոհողութիւններ ըրած են, սակայն Պօղոսի, Ռոպէրթի եւ Էյմիի նման, անոնք իրենց ըրած ընտրութեան համար չեն զղջար։ Անոնք կը գնահատեն իրենց տաղանդները Եհովան փառաբանելու համար գործածելու իրենց առանձնաշնորհումը, քանի որ Ան արժանի է իրենց լաւագոյնին։

Բազմաթիւ հաւատարիմ Եհովայի Վկաներ, զանազան պատճառներով ի վիճակի չեն ռահվիրայ ըլլալու։ Թերեւս անոնք սուրբ գրային պարտաւորութիւններ ունին, որոնց հոգ պէտք է տանին։ Այսուհանդերձ, եթէ իրենց բոլոր ‘սրտով, անձով ու մտքով’ Աստուծոյ կը ծառայեն, Եհովա կը հաճի անոնց։ (Մատթէոս 22։37) Թէեւ անձամբ չեն կրնար ռահվիրայ մը ըլլալ, սակայն, կը գիտակցին թէ անոնք որ ռահվիրայ են, ընտիր ասպարէզ մը ընտրած են։

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Պօղոսի խրատին համաձայն, պէտք չէ թոյլ տանք որ այս դրութեան մշակութային կամ աշխարհային չափանիշները մեր մտածելակերպը ձեւակերպեն։ Ռահվիրայ կրնաք ըլլալ կամ ոչ, Եհովայի ծառայութիւնը ձեր կեանքին կորիզը դարձուցէք։ Յաջողակ անհատ մը պիտի ըլլաք, ա՛յնքան ատեն որ Եհովայի հաճութիւնը ունիք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Անունները փոխուած են։

[Նկար՝ էջ 19]

Աննպատակ ձանձրացուցիչ առօրեայի մը մի՛ հետեւիք