Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորութիւնը քարոզել Բերուի Ալթիփլանոյի վրայ

Թագաւորութիւնը քարոզել Բերուի Ալթիփլանոյի վրայ

Մենք անոնցմէ ենք որ կը հաւատան

Թագաւորութիւնը քարոզել Բերուի Ալթիփլանոյի վրայ

ԱԼԹԻՓԼԱՆՈՆ կը գտնուի Անտեան Լեռներուն արեւելեան եւ արեւմտեան լեռնաշղթային միջեւ, հոն ուր Պոլիվիան եւ Բերուն կը միանան։ Այս անունը կը նշանակէ «սարահարթ» կամ «բարձրաւանդակ»։ Անոր մեծ մասը Պոլիվիայի մէջ կը գտնուի։

Ալթիփլանոն 100 քմ. լայնք եւ աւելի քան 1,000 քմ. երկարութիւն ունի եւ միջին բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն շուրջ 3,700 մեթր է։ Բերուի ծովեզերեայ մայրաքաղաքէն՝ Լիմայէն հոն օդանաւով թռիչք մը կատարելու ատեն, կ’անցնիք ձիւնապատ Էլ–Միսթիի վրայէն, հրաբուխային լեռ մը որ ամպերուն ընդմէջէն դէպի վեր կը սլանայ մինչեւ 5,822 մեթր։ Աւելի քան 6,000 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուին Նէվատօ Ամփաթօ եւ Նէվատօ Գորոբունա հեռաւոր ձիւնապատ գագաթները։ Յանկարծ աչքի կը զարնէ ընդարձակ բարձրաւանդակ մը՝ հարաւային Բերուի Ալթիփլանոն։

Բերուական Ալթիփլանոյին նշանաւոր քաղաքն է Բունօ, որ աշխարհի ամենաբարձր նաւարկելի Թիթիքաքա Լիճին հիւսիս արեւմուտքը կը գտնուի։ Քանի որ այդ շրջանը աւելի քան 3 քմ. բարձր է, ժամանակ կ’ուզէ որ այցելուները վարժուին անոր նօսրացած օդին։ Թիթիքաքա Լիճին մօտ կ’ապրին Քէչուա եւ Այմարա Հնդիկները։ Կրնաք տեսնել զանոնք, որոնք իրենց չագրաս–ներուն կամ պզտիկ ագարակներուն մէջ կ’աշխատին կարմիր, կանաչ կամ կապոյտ գոյներով զգեստներ հագած։ Թէեւ Բերուի գլխաւոր լեզուն Սպաներէնն է, Ալթիփլանոյի վրայ Քէչուա եւ Այմարա լեզուներն ալ կը խօսուին։

Քարոզչութիւնը Կազմակերպել

Քէչուա եւ Այմարա լեզուները խօսող ծանր աշխատող եւ համեստ անհատներէն շատեր, վերջերս Աստուածաշունչի ճշմարտութեան ճշգրիտ գիտութեան ծանօթացած են։ Ասիկա մեծաւ մասամբ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայող լիաժամ Թագաւորութեան քարոզիչներու նախանձախնդիր ջանքերուն վրայ Եհովայի տուած ճոխ օրհնութեան արդիւնքն է։

Օրինակ, մասնաւոր ռահվիրաներ՝ Խոսէ եւ Սիլվիա, Թիթիքաքա Լիճէն մօտ 50 քմ. հեռուն գտնուող Պութինա քաղաքը նշանակուեցան։ Երկու ամսուան մէջ Սիլվիան 16 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարէր, իսկ Խոսէն՝ 14։ Ճիշդ վեց ամսուան մէջ, ժողովքի հրատարակիչներուն թիւը 23–էն բարձրացաւ 41–ի։ Նոյն միջոցին, ժողովներու ներկաներուն թիւը 48–էն բարձրացաւ մինչեւ 132–ի։

Խոսէն կ’ըսէ. «Երբ այս մեկուսացած համայնքներուն մէջ ժողովներու պիտի սկսէինք, գործնական գտանք նախ Հանրային Ժողովով եւ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնով սկսիլ։ Ասիկա նոր հետաքրքրուողներուն ժողովներու գալը կը դիւրացնէ»։

Երկու քոյրեր, որոնցմէ մէկը ռահվիրայ է, բարի լուրը առաջին անգամ իրենք բերին Մունյանի մեկուսացած համայնքին մէջ, որ Պութինայէն շուրջ 20 քմ. անդին կը գտնուի։ Անոնք հոն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսան Լուսիյօ անունով կոյր մարդու մը հետ։ * Ան մօտակայ շրջանէն իր եղբայրը՝ Միկէլը հրաւիրեց, որ Կաթողիկէ ոչ–պաշտօնական միսիոնար մը եւ համայնքին առաջնորդն էր։ Երբ բարեկամ մը Միկէլին հարցուց թէ ինչո՛ւ ամէն շաբաթ Մունյանի կ’երթար, ան ըսաւ որ Եհովայի եւ իր Խօսքին մասին սորվելու համար կ’երթար։ Արդ, հարց մը ծագեցաւ. «Ինչո՞ւ հոս չուսումնասիրենք Աստուածաշունչը»։ Միկէլի համայնքին մէջ մարդոց ցուցաբերած հետաքրքրութեան պատճառով, Վկաները շուտով կարգադրութիւն ըրին որ հոն ժողովներ կազմակերպեն։

Միկէլ սկսաւ իր սորվածները ուրիշներուն հետ բաժնել։ Բայց որպէս ոչ–պաշտօնական միսիոնար եւ տեղակալ, իր ունեցած դիրքին ի՞նչ պատահեցաւ։ Համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, ան յայտնեց որ կը հրաժարէր որպէս Կաթողիկէ միսիոնար։ Իր տեղ ուրիշ մը պիտի նշանակուէ՞ր։ Ունկնդիրներէն մէկը ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք ունինք ուրիշ միսիոնարի մը, երբ մենք ճշմարտութիւնը կը սորվինք»։ Անշուշտ ան ակնարկութիւն կ’ընէր Եհովայի Վկաներուն կողմէ ուսուցուած բաներուն։ Ուրիշ մը աւելցուց. «Մենք համաձայն չենք որ միայն դուն հրաժարիս։ Ինչո՞ւ բոլորս ալ չհրաժարինք»։ Այն ատեն բոլոր ներկաները միաբերան պոռացին. «Բոլորս ալ կը հրաժարի՛նք»։

Անկէ քիչ ետք, համայնքի ժողովին մէջ խօսուեցաւ կուռքերու եւ խաչելութիւններու մասին։ Ներկաներէն մէկը ըսաւ որ բոլորն ալ կարդան Բ. Օրինաց 7։25–ը, ուր կ’ըսէ. «Անոնց աստուածներուն քանդակուած կուռքերը կրակով պէտք է այրես ու անոնց վրայ եղած ոսկիին ու արծաթին աչք մի՛ տնկեր ու զանոնք քեզի մի՛ առներ, որպէս զի անոնցմով որոգայթի մէջ չբռնուիս. վասն զի անոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ գարշելի են»։

Անկէ ետք մարդը հարցուց որ անոնք որոնք համաձայն են կուռքերը այրելու, իրենց ձեռքը բարձրացնեն։ Անմիջապէս բոլորին ձեռքերը բարձրացան։ (Գործք 19։19, 20) Հիմա այդ համայնքին 25 ընտանիքներէն 23–ը Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրեն։ Երկու անհատներ որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ կը ծառայեն եւ հինգ զոյգեր կը ծրագրեն իրենց ամուսնութիւնը օրինականացնել, Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածք մը ունենալու համար։—Տիտոս 3։1. Եբրայեցիս 13։4

Ձայնագրութիւններով Սորվեցնել

Քանի որ Ալթիփլանոյի վրայ շատեր անգրագէտ են, տեղական լեզուով պատկերիզներն ու ձայներիզները շատ օգտակար են, նոյնիսկ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Տորա անունով մասնաւոր ռահվիրայ մը ձայներիզի օգնութեամբ ուսումնասիրութիւններ կը վարէ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկով։ Ամէն անգամ մէկ պարբերութիւն լսել կու տայ, ապա աշակերտին հարցումներ կը հարցնէ իր լսած նիւթին մասին։

Տեղական ձայնասփիւռի կայան մը կանոնաւորաբար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն կը ձայնասփռէ Քէչուա լեզուով։ Նոյնպէս Սպաներէն Զարթի՛ր պարբերաթերթէն հատուածներ կը ներկայացնէ։ Ուստի, շատերու ծանօթ է Թագաւորութեան պատգամը եւ երբ Եհովայի Վկաները իրենց այցելեն, կը փափաքին աւելին սորվիլ։

Ալթիփլանոն թէեւ ընդհանուր մարդոց տեսողութենէն հեռու է, բայց ո՛չ՝ Աստուծոյ։ Մարդկութեան հանդէպ Եհովայի ունեցած սիրոյն շնորհիւ, Անտեան վեհաշուք Ալթիփլանոյին վրայ ապրողներէն շատեր մաս կը կազմեն այն բազմութիւններուն, որոնք ճշմարիտ պաշտամունքի տունը փառքով կը լեցնեն։—Անգեայ 2։7

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։