Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս»

«Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս»

«Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս»

ԱՆ ԽԵԼԱՑԻ երիտասարդ մըն էր, «գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով»։ Անոր տիրոջ կինը տռփոտ եւ լիրբ էր։ Այս երիտասարդին չափազանց սիրահարուած ըլլալով, ամէն օր կը փորձէր զինք հրապուրել։ «Օր մը Յովսէփ գործի համար տուն եկաւ եւ հոն տանը մէջ տանը մարդոցմէն մէ՛կը չկար։ Տիկինը բռնեց անոր հանդերձէն՝ ըսելով. ‘Պառկէ՛ ինծի հետ’»։ Սակայն, Յովսէփ՝ Յակոբ նահապետին որդին՝ իր հանդերձը հոն ձգեց ու Պետափրէսի կնոջմէն փախաւ։—Ծննդոց 39։1-12

Անշուշտ, ամէն անհատ փորձութեան դիմաց խոյս չի տար։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, երիտասարդի մը պարագան, որու վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն Թագաւորը գիշերով փողոցը տեսաւ։ Սանձարձակ կնոջ մը կողմէ հրապուրուած, ան ‘շիտակ կնոջ ետեւէն գնաց, սպանդանոց գացող արջառի պէս’։—Առակաց 7։21, 22

Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած է որ ‘պոռնկութենէն փախին’։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Քրիստոնեայ երիտասարդ աշակերտ Տիմոթէոսին, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22) Երբ պոռնկութիւն, շնութիւն կամ անբարոյ այլ արարքներ թելադրող կացութիւններ դիմագրաւենք, մենք ալ վճռականօրէն պէտք է փախչինք, ճիշդ ինչպէս որ Յովսէփ Պետափրէսի կնոջմէն փախաւ։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ վճռականօրէն ընենք ասիկա։ Աստուածաշունչի Առակաց գրքին 7–րդ գլուխին մէջ, Սողոմոն մեզի կարգ մը թանկարժէք խրատներ կու տայ։ Ան ո՛չ միայն կը խօսի մեզ անբարոյ անհատներու հնարամտութիւններէն պահպանող ուսուցումներու մասին, այլեւ, կը քօղազերծէ անոնց գործելակերպը, վառ կերպով նկարագրուած թատերական ուրուագիծ մը տալով, ուր անբարոյ կին մը կը հրապուրէ երիտասարդ մը։

‘Պատուիրանքներս Մատերուդ Վրայ Կապէ’

Թագաւորը հայրական խրատով մը կը սկսի. «Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ իմ խօսքերս ու իմ պատուիրանքներս քու քովդ ծածկէ։ Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս [«շարունակես ապրիլ», ՆԱ] ու իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ՛»։Առակաց 7։1, 2

Ծնողներ, յատկապէս հայրեր, իրենց զաւակներուն բարիի ու չարի նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշները սորվեցնելու աստուածատուր պատասխանատուութիւնը ունին։ Մովսէս յորդոր տուաւ հայրերուն. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Իսկ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Ուստի, ծնողի մը պատուիրանքները՝ որոնք գանձի մը պէս պէտք է պահուին, կամ մեծապէս արժեւորուին՝ վստահաբար կը պարփակեն Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ գտնուող վերյիշեցումները, պատուիրանքները եւ օրէնքները։

Ծնողական ուսուցումը նաեւ կրնայ պարփակել ուրիշ կանոններ՝ ընտանեկան օրէնքներ։ Ասոնք ընտանիքի անդամներուն բարօրութեան համար են։ Ճիշդ է որ կարիքին համաձայն, կանոնները կրնան մէկ ընտանիքէն միւսը տարբերիլ։ Սակայն, ծնողներ պատասխանատուութիւնը ունին որոշելու թէ որն է լաւագոյնը իրենց ընտանիքին համար։ Իսկ անոնց դրած կանոնները, սովորաբար իրենց անկեղծ սիրոյն եւ հետաքրքրութեան մէկ արտայայտութիւնն են։ Դեռահասակներուն խրատ կը տրուի որ այս օրէնքներուն կառչին եւ իրենց ծնողքէն ստացած սուրբ գրային ուսուցումներուն համաձայն ապրին։ Այո, հարկ է որ այս պատուիրանքները ‘ձեր աչքերուն բիբին պէս’ նկատէք, անոնց վրայ գուրգուրաք։ Ասիկա է Եհովայի չափանիշները զանց ընելուն մահացու հետեւանքէն խուսափելու կերպը, եւ ուստի՝ անով ‘ապրիլը’։

Սողոմոն կը շարունակէ. «Զանոնք [պատուիրանքներս] մատերուդ վրայ կապէ, զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛»։ (Առակաց 7։3) Ինչպէս որ մատները բացայայտ կերպով մեր աչքերուն առջեւ են եւ մեր նպատակները իրագործելու համար կենսական են, սուրբ գրային դաստիարակութենէն քաղուած դասերը կամ Աստուածաշունչէն ձեռք ձգուած գիտութիւնը, յարատեւ վերյիշեցում մը եւ առաջնորդ մը պէտք է ըլլան մեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ։ Զանոնք մեր սրտին տախտակին վրայ պէտք է փորագրենք, զանոնք մեր անձնաւորութեան մէկ մասը դարձնելով։

Իմաստութեան եւ հասկացողութեան կարեւորութիւնը չմոռնալով, թագաւորը կը յորդորէ. «Իմաստութեան ըսէ. ‘Դուն իմ քոյրս ես’ ու հանճարը ‘Բարեկամ’ կոչէ»։ (Առակաց 7։4) Իմաստութիւնը՝ աստուածատուր գիտութիւնը պատշաճօրէն գործի դնելու կարողութիւնն է։ Իմաստութեան հանդէպ խանդաղատանք պէտք է ունենանք, շատ սիրելի քրոջ մը հանդէպ զգացուածին նման։ Իսկ ի՞նչ է հասկացողութիւնը։ Անիկա հարցին խորը թափանցելու եւ անոր իմաստը հասկնալու կարողութիւնն է, անոր զանազան մասերուն միջեւ եւ ընդհանուրին հետ եղած կապակցութիւնները ըմբռնելով։ Հասկացողութիւնը, մտերիմ բարեկամի մը նման մեզի մօտիկ պէտք է ըլլայ։

Ինչո՞ւ սուրբ գրային մարզումին պէտք է կառչինք եւ իմաստութեան ու հասկացողութեան հետ մտերմութիւն մշակենք։ Որպէսզի «[մեզ] օտար կնոջմէն, շողոքորթութեամբ խօսող օտար կնոջմէն, պահեն»։ (Առակաց 7։5) Այո, ասիկա ընելը մեզ պիտի պաշտպանէ օտարականի մը՝ անբարոյ անհատի մը՝ շողոքորթ եւ համոզիչ ճամբաներէն։ *

Երիտասարդը ‘Նենգաւոր Կնոջ մը’ կը Հանդիպի

Իսրայէլի թագաւորը յաջորդիւ կը նկարագրէ տեսարան մը որու անձամբ ականատես եղած է. «Իմ տանս պատուհանէն, իմ վանդակէս նայեցայ եւ անմիտներուն մէջ տեսայ ու երիտասարդներուն մէջ պակասամիտ պատանի մը գտայ, որ փողոցին մէջ այն կնոջ տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր ու անոր տանը ճամբան բռնեց։ Երբ իրիկուն եղաւ, օրը տարաժամեցաւ ու գիշերուան մութը տիրեց»։Առակաց 7։6-9

Պատուհանը՝ ուրկէ Սողոմոն կը դիտէր վանդակ մը ունէր, ըստ երեւոյթին անիկա ձողիկներով եւ թերեւս փարթամ քանդակներով շինուած կառուցուածք մըն էր։ Մինչ օրը կը տարաժամի, գիշերուան խաւարը փողոցները կը պատէ։ Սողոմոնի ուշադրութիւնը կը գրաւէ երիտասարդ մը, որ յատկապէս տկար է։ Հանճար կամ լաւ դատողութիւն չունենալով, ան պակասամիտ է։ Հաւանական է որ ան տեղեակ է թէ ի՛նչպիսի շրջանի մը մէջ մտած է եւ թէ հոն ի՛նչ կրնայ պատահիլ իրեն։ Երիտասարդը, կնոջ տունը տանող «անկիւնին» քովէն կ’անցնի։ Ո՞վ է այդ կինը եւ ան ի՞նչ կ’ընէ հոն։

Դիտող թագաւորը կը շարունակէ. «Ահա անոր առջեւ կին մը ելաւ, անիկա պոռնիկի կերպարանք ու նենգաւոր սիրտ մը ունէր։ Անիկա աղաղակող ու անզգամ էր ու անոր ոտքերը իր տանը մէջ չէին կենար, երբեմն՝ դուրսը, երբեմն՝ հրապարակները եւ ամէն անկիւնի քով դարանամուտ կ’ըլլար»։Առակաց 7։10-12

Այս կնոջ հագուելակերպը շատ բան կը խօսի իր մասին։ (Ծննդոց 38։14, 15) Ան, անպարկեշտ կերպով հագուած է պոռնիկի մը նման։ Ասկէ զատ, ան նենգաւոր սիրտ մը ունի. միտքը «դաւադիր» եւ միտումը «խորամանկ» է։ (Ամերիկեան Թարգմանութիւն մը. Նոր Միջազգային Թարգմանութիւն) Ան վառվռուն ու յամառ, խօսուն ու քմայքոտ, բարձրախօս ու կամայական, լիրբ ու յանդուգն է։ Փոխանակ տունը նստելու, կը նախընտրէ հանրային վայրեր յաճախել, փողոցներու անկիւնները դարանամուտ ըլլալ, որպէսզի իր զոհը բռնէ։ Ան այս երիտասարդին նման մէկու մը կը սպասէ։

«Շատ Խօսքեր»

Հետեւաբար, երիտասարդ մը նենգ ծրագիր ունեցող անբարոյ կնոջ մը կը հանդիպի։ Ասիկա ո՛րքան Սողոմոնի ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալու էր։ Ան կը պատմէ. «Զանիկա բռնեց, համբուրեց ու լիրբ երեսով անոր ըսաւ. ‘Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան, ես այսօր իմ ուխտերս կատարեցի։ Անոր համար ելայ քեզ դիմաւորելու, քու երեսդ փնտռելու ու քեզ գտայ’»։Առակաց 7։13-15

Այս կինը շողոքորթ շրթունքներ ունի։ Աներեսութեամբ ան համարձակօրէն կը խօսի։ Անոր բոլոր խօսքերը չափուած ու կշռուած են, երիտասարդը հրապուրելու համար։ Ըսելով թէ այդ օրն իսկ իր խաղաղութեան զոհերը մատուցանած եւ ուխտերը կատարած է, ան ինքզինք արդար կը ձեւացնէ, ակնարկելով թէ ինք հոգեւորականութեան տէր անհատ մըն է։ Երուսաղէմի տաճարին մէջ մատուցուած խաղաղութեան զոհերը միսէ, ալիւրէ, իւղէ եւ գինիէ կը բաղկանային։ (Ղեւտացւոց 19։5, 6. 22։21. Թուոց 15։8-10) Քանի որ զոհ մատուցանողն ու իր ընտանիքը կրնային խաղաղութեան զոհէն ուտել, կինը ըսել կ’ուզէր թէ իր տան մէջ շատ ուտելիք ու խմելիք կար։ Եզրակացութիւնը յստակ է. Երիտասարդը հոն հաճելի ժամանակ պիտի անցընէր։ Ան իր տունէն դուրս եկած է յատկապէս զինք փնտռելու համար։ Ի՜նչ անոյշ խօսքեր, բայց զանոնք կլլող մը պէտք է։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ. «Ճի՛շդ է որ ան մէկը կը փնտռէր, սակայն, իրապէս այս մասնայատուկ երիտասա՞րդը կը փնտռէր։ Միայն անոր նման անմիտ մը պիտի հաւատար այս կնոջ խօսքին»։

Իր արտաքին երեւոյթով, շողոքորթ խօսքերով, ողջագուրումով եւ շրթներուն հպումով իր անձը գրաւիչ դարձնելէ ետք, հրապուրող կինը հոտառութեան զգայարանքին ալ կոչ կ’ընէ։ Ան կ’ըսէ. «Իմ անկողինս ծածկոցներով զարդարեր եմ, Եգիպտոսի ծաղկանկար բեհեզով։ Անկողնիս վրայ զմուռս, հալուէ ու կինամոն ցաներ եմ»։ (Առակաց 7։16, 17) Ան սիրուն կերպով իր անկողինը պատրաստած է Եգիպտոսէն բերուած գոյնզգոյն բեհեզով եւ զայն զմուռսի, հալուէի ու կինամոնի ընտիր անուշահոտերով օծած է։

Կինը կը շարունակէ ըսել. «Եկուր մինչեւ առտու սիրով զուարճանանք ու ցանկութիւններով զբօսնունք»։ Հրաւէրը երկու հոգիով հաճելի ընթրիք մը ընելէն շատ աւելին է։ Ան կը խոստանայ սեռային մտերմիկ յարաբերութիւն մը վայելել։ Երիտասարդին համար այս հրաւէրը արկածախնդրական եւ ոգեւորիչ է։ Որպէսզի աւելի հրապուրէ, կինը կ’աւելցնէ. «Վասն զի ամուսինս տունը չէ, անիկա հեռու ճամբայ գնաց։ Ստակին քսակը իրեն հետ առաւ եւ լուսնին լրման օրը տուն պիտի դառնայ»։ (Առակաց 7։18-20) Ան կը վստահեցնէ որ շատ ապահով պիտի ըլլան, քանի որ ամուսինը գործով ճամբորդած է եւ անոր վերադարձը շուտ չ’ակնկալուիր։ Ան երիտասարդ մը խաբելու մէջ ի՜նչ վարպետ է։ «Այսպէս իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց ու իր շրթունքներուն շողոքորթութիւնովը զանիկա գրաւեց»։ (Առակաց 7։21) Յովսէփի արժանիքները ունեցող տղամարդ մը պէտք է, ա՛յսքան հրապուրիչ հրաւէրի մը դէմ դնելու համար։ (Ծննդոց 39։9, 12) Այս երիտասարդը կրնա՞յ անոր հետ բաղդատուիլ։

«Սպանդանոց Գացող Արջառի Պէս»

Սողոմոն կը տեղեկագրէ. «Երիտասարդն ալ շիտակ կնոջ ետեւէն, սպանդանոց գացող արջառի պէս, պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը պէս կ’երթայ, մինչեւ որ նետը անոր լեարդը ծակէ, ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպի ծուղակը կ’երթայ ու չի գիտեր թէ դէպի իր անձին կորուստը կ’երթայ»։Առակաց 7։22, 23

Երիտասարդին համար այս հրաւէրը անդիմադրելի կ’ըլլայ։ Խոհեմութիւնը մէկդի դնելով, ան կնոջ ետեւէն կ’երթայ ‘սպանդանոց գացող արջառի պէս’։ Ինչպէս որ կապանքի մէջ եղող մարդ մը չի կրնար իր պատիժէն փախչիլ, նոյնպէս այս երիտասարդը մեղքի մէջ կ’իյնայ։ Ան ասոր վտանգաւոր ըլլալը չի տեսներ, մինչեւ որ «նետը անոր լեարդը ծակէ», այսինքն, մինչեւ որ մահացու վէրք մը ստանայ։ Մահը կրնայ ֆիզիքական ըլլալ՝ այսինքն, ան կրնայ ինքզինք ենթարկել սեռային գետնի վրայ տարափոխիկ մահացու հիւանդութիւններու։ * Վէրքը կրնայ նաեւ իր հոգեւոր մահուան պատճառ ըլլալ, «իր անձին կորուստը» նշանակել։ Իր ամբողջ էութիւնը եւ կեանքը լրջօրէն կ’ազդուին. ան Աստուծոյ դէմ մեծ մեղք մը կը գործէ։ Հետեւաբար, ան դէպի մահուան ճիրանները կ’արտորայ, ճիշդ ինչպէս որ թռչուն մը՝ դէպի ծուղակը։

‘Անոր Շաւիղներուն Մէջ Մի՛ Մոլորիք’

Իր տեսած բաներէն դաս մը քաղելով, իմաստուն թագաւորը կը յորդորէ. «Հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք ու իմ բերնիս խօսքերուն ականջ դրէք։ Քու սիրտդ դէպի անոր ճամբաները թող չխոտորի եւ անոր շաւիղներուն մէջ թող չմոլորի։ Վասն զի անիկա շատերը խոցոտեց ու կործանեց ու անոր բոլոր մեռցուցած մարդիկը զօրաւոր էին։ Անոր տունը դժոխքին ճամբան է, ան մահուան շտեմարանները կ’իջնէ»։Առակաց 7։24-27

Բացայայտօրէն, Սողոմոնի խրատն է՝ անբարոյ անհատի մը մահացու շաւիղներէն հեռանալ եւ ‘շարունակել ապրիլ’։ (Առակաց 7։2) Այս խրատը մեզի համար որքա՜ն ժամանակայարմար է։ Վստահաբար, պէ՛տք է խուսափիլ այն վայրերէն, ուր կը յաճախեն զոհեր խլելու դարանամուտ եղող անհատներ։ Ինչո՞ւ այսպիսի վայրեր երթալով դուք ձեզ անոնց հնարքներուն ենթարկէք։ Արդարեւ, ինչո՞ւ դուք ըլլաք այն «պակասամիտ»ը, եւ «օտար»ի մը շաւիղներուն մէջ մոլորիք։

Թագաւորին տեսած ‘օտար կինը’ երիտասարդը հրապուրեց, ‘սիրով զուարճանալու’ հրաւէր տալով անոր։ Բազմաթիւ երիտասարդներ՝ յատկապէս աղջիկներ՝ միեւնոյն կերպով չե՞ն շահագործուած։ Սակայն, նկատի առէք. Երբ անհատ մը փորձէ ձեզ սեռային անբարոյութեան միջամուխ ընել, ասիկա ճշմարիտ սէ՞ր է, թէ անձնասէր կիրք։ Անկեղծօրէն աղջիկ մը սիրող տղամարդ մը ինչո՞ւ անոր վրայ ճնշում պիտի բանեցնէ որ իր քրիստոնէական կրթութիւնը եւ խղճմտանքը բեկանէ։ Սողոմոն կը խրատէ որ ‘մեր սիրտը դէպի այսպիսի ճամբաներ թող չխոտորի’։

Հրապուրողի մը խօսքերը սովորաբար շողոքորթ եւ լաւ կշռուած կ’ըլլան։ Իմաստութիւնն ու հասկացողութիւնը մեզի մօտիկ պահելը պիտի օգնէ որ անոնց ետին եղող շարժառիթը տեսնենք։ Եհովայի պատուիրածը երբեք չմոռնալը մեզ պիտի պաշտպանէ։ Հետեւաբար, ջանանք միշտ ‘Աստուծոյ պատուիրանքները պահել, որպէս զի շարունակենք ապրիլ’, նոյնիսկ յաւիտեան։—Ա. Յովհաննու 2։17

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 11 «Օտար» բառը կը կիրարկուէր Օրէնքէն խոտորելով Եհովայէ օտարացած անհատներուն։ Հետեւաբար, անբարոյ կնոջ մը, ինչպէս՝ պոռնիկ մը, ակնարկուած է որպէս ‘օտար կին’։

^ պարբ. 24 Սեռային գետնի վրայ փոխանցուած կարգ մը հիւանդութիւններ լեարդին վնաս կը հասցնեն։ Օրինակի համար, ֆրանկախտի յառաջացած պարագաներուն, մանրէական տարրեր լեարդին վրայ կը խուժեն։ Իսկ սերմնակաթութեան պատասխանատու եղող տարրը, կրնայ լեարդի բորբոքում յառաջացնել։

[Նկարներ՝ էջ 29]

Ծնողական կանոնները ի՞նչպէս կը նկատէք

[Նկար՝ էջ 31]

Աստուծոյ պատուիրանները պահելը կեանք կը նշանակէ