Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ պէտք է աղօթէք

Ինչո՞ւ պէտք է աղօթէք

Ինչո՞ւ պէտք է աղօթէք

«ԿԸ ԽՆԴՐԷՔ ու չէ՛ք առներ, վասն զի չարաչար [«գէշ նպատակով», Անթիլիաս] կը խնդրէք . . . Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ (Յակոբու 4։3, 8) Յիսուսի աշակերտին՝ Յակոբոսի այս խօսքերը, կրնան մեզ մղել որ աղօթելու մեր պատճառները աչքէ անցընենք։

Աղօթքը միմիայն Աստուծոյ մեր կարիքներուն մասին խօսելու միջոցը չէ։ Իր համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։ Այսուհանդերձ, Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Շարունակեցէ՛ք խնդրել եւ պիտի տրուի ձեզի»։ (Մատթէոս 6։8. 7։7, ՆԱ) Ուստի, Եհովա կ’ուզէ՛ որ իրեն ըսենք ինչ որ կը խորհինք թէ պէտք ունինք։ Սակայն, աղօթքը ասկէ աւելին կը պարփակէ։

Իսկական բարեկամները միա՛յն բանի մը պէտք ունենալու ատեն չէ որ իրարու հետ կը հաղորդակցին։ Անոնք իրարմով հետաքրքրուած են եւ իրենց բարեկամութիւնը կ’աճի երբ իրենց զգացումները կ’արտայայտեն։ Նմանապէս՝ աղօթքը պարզապէս անհրաժեշտ բաները խնդրելէն շատ աւելի վեհ նպատակ մը ունի։ Անիկա պատեհութիւն կ’ընծայէ, որ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը զօրացնենք, իրեն հանդէպ մեր անկեղծ նուիրումը արտայայտելով։

Այո, Աստուած աղօթելու առանձնաշնորհումը շնորհած է մեզի, որպէսզի կարենանք իրեն մօտենալ։ Ասիկա կրնայ պատահիլ միա՛յն՝ երբ մեր անձնական զգացումները արտայայտենք Աստուծոյ, փոխանակ մեր անգիր սորված աղօթքները արտասանելու։ Աղօթքով Եհովայի հետ խօսիլը ի՜նչ հաճոյալի է։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի [«հաճելի», Արարատ] է»։—Առակաց 15։8

Սաղմոսերգու Ասափ երգեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի»։ (Սաղմոս 73։28) Սակայն, Աստուծոյ մօտենալու համար, աղօթելէն աւելին պէտք է ընենք։ Նկատի առէք թէ հետեւեալ դէպքը ի՛նչպէս ասիկա ցոյց կու տայ.

«[Յիսուսի] աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. ‘Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր’»։ Առ ի պատասխան, Յիսուս ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. ‘Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ’»։ (Ղուկաս 11։1, 2) Կրնա՞նք այսպիսի իմաստալից աղօթք մատուցանել, առանց նախապէս գիտնալու թէ Աստուծոյ անունը ի՛նչ է եւ թէ անիկա ի՛նչպէս պիտի սրբացուի։ Նաեւ կրնա՞նք Յիսուսի այս խօսքերուն հետ ներդաշնակ աղօթել, եթէ չենք հասկցած թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է։ Այս նիւթերուն շուրջ կրնանք հասկացողութիւն ձեռք ձգել, եթէ ուշադրութեամբ քննենք Աստուածաշունչը։ Այս կերպով ձեռք ձգուած գիտութիւնը, պիտի օգնէ մեզի որ Աստուած ճանչնանք եւ իր ճամբաները սորվինք։ Ասկէ զատ, Եհովա Աստուծոյ հետ ծանօթանալը, թոյլ պիտի տայ որ իրեն աւելի մօտիկ զգանք եւ իրեն աւելի սրտանց կապուինք։ Իր կարգին, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ մեր աղօթքին մէջ աւելի համարձակութեամբ խօսինք իր հետ։

Աղօթքը Խնդիրներ Կրնայ Լուծել

Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մը մշակելը մեզի պիտի օգնէ որ մեր խնդիրները լուծենք։ Նկատի առէք ասիկա ապացուցանող հետեւեալ պարագաները։ Անոնք ցոյց կու տան թէ աղօթող անհատները կարողացան Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը զօրացնել։

Պրազիլիոյ մէջ, Մարիա անունով կին մը, Աստուծոյ աղօթեց որ իրեն օգնէ։ Ան ուզած էր ընկերութեան կողմէ դրուած վարքագծի չափանիշներուն դէմ ըմբոստանալ, մասամբ, անոր մէջ իր տեսած կեղծիքին պատճառաւ։ Մարիան նոյնիսկ իր ամուսինը, զաւակները եւ տունը ձգած էր։ Ան թմրեցուցիչ ալ սկսած էր գործածել։ Սակայն, երբ ուրախութիւն չգտաւ, իր սիրտը Աստուծոյ բացաւ եւ օգնութեան համար անոր աղօթեց։

Շատ չանցած, երկու Եհովայի Վկաներ իր դուռը զարկին եւ Մարիայի Դիտարան պարբերաթերթ մը տուին, որ աստուածային առաջնորդութիւնը ընդունելու արժէքին մասին նիւթ մը կը բովանդակէր։ Ասիկա իր սրտին դպաւ, եւ նոյն օրն իսկ սկսաւ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ի վերջոյ, ասիկա իր ընտանեկան կեանքը վերականգնելու առաջնորդեց։ Մինչ Եհովայի մասին սորվեցաւ, փափաքեցաւ իրեն հանդէպ իր սէրը արտայայտել։ Մարիա կ’ըսէ. «Կեանքիս մէջ բարեփոխութիւններ ըրի։ Սկիզբը, ամուսինս եւ ընտանիքս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընելուս հակառակեցան։ Բայց երբ տեսան ըրած փոփոխութիւններս, սկսան քաջալերել զիս»։ Հետագային, Մարիան իր կեանքը նուիրեց աղօթքները Լսողին, որպէսզի անոր ծառայէ։

Թէեւ Խոսէ գեղեցիկ կին մը՝ եւ բարգաւաճ առեւտուր մը ունէր Պոլիվիայի մէջ, բայց ան ուրախ չէր։ Արտամուսնական յարաբերութեան մը պատճառաւ կինը լքեց զինք։ Ան ինքզինք գինեմոլութեան տուաւ եւ անպէտ զգաց։ Խոսէ կ’ըսէ. «Սկսայ բոլոր սրտով աղօթել, եւ Աստուծմէ խնդրել թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ զինք հաճեցնելու համար։ Շատ չանցած Եհովայի Վկաները գործատեղս այցելեցին եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն առաջարկեցին, սակայն զանոնք ճամբեցի։ Ասիկա երեք անգամ պատահեցաւ։ Ամէն անգամ որ օգնութեան համար կ’աղօթէին, անոնք քովս կու գային։ Ի վերջոյ, որոշեցի յաջորդ անգամ անոնց մտիկ ընել։ Աստուածաշունչը լրիւ կարդացած էի եւ բազմաթիւ հարցումներ ունէի, սակայն, անոնք մի՛շտ գոհացուցիչ պատասխաններ ունէին։ Եհովայի մասին սորվիլը, կեանքիս նոր նպատակ մը տուաւ, եւ Վկաներուն մէջ ունեցած բարեկամներս շա՛տ քաջալերական օրինակներ էին։ Հոմանուհիս եւ խմիչքի ընկերներս ձգեցի։ Շատ չանցած, կնոջս եւ զաւակներուս միացայ։ 1999–ի սկիզբը մկրտուեցայ»։

Իտալիոյ մէջ, Թամարայի ամուսնութիւնը խնդիրներու մէջ էր, ուստի ան իմաստութեան համար աղօթեց։ Ան 14 տարեկանին ծեծուած եւ ընտանիքէն դուրս նետուած ըլլալով, կռուազան վերաբերմունք մը մշակած էր։ Թամարան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչ մը գտայ եւ սկսայ զայն կարդալ։ Գիշեր մը կարդացի թէ ‘իմաստութիւն գտնելը ծածուկ գանձեր գտնելու պէս է’։ Այդ իմաստութեան համար աղօթեցի։ (Առակաց 2։1-6) Յաջորդ առաւօտ, Եհովայի Վկաները այցելեցին։ Անոնց հետ սկսայ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, սակայն, բաւական ժամանակ առաւ որպէսզի սորվածներս գործադրեմ։ Ի վերջոյ, որոշեցի քրիստոնէական ապրելակերպը որդեգրել եւ մկրտուեցայ։ Ներկայիս, ամուսնոյս հետ, ուրիշներու կ’օգնեմ որ Աստուծոյ իմաստութենէն օգտուին»։

Քարաքասի՝ Վենէզուէլա, բարձր խաւին պատկանող անհատ մըն էր Պիաթրիս։ Սակայն, ան ամուսնալուծուեցաւ եւ ընկճուած վիճակի մէջ ինկաւ։ Յուսահատ, անգամ մը ան ժամերով աղօթեց։ Յաջորդ առաւօտ, դրան զանգը հնչեց։ Բարկացած, ան ծակէն նայեցաւ եւ երկու հոգի տեսաւ պայուսակներով։ Այնպէս մը ձեւացուց թէ տունը մարդ չկար, սակայն, զոյգը այդ վայրէն հեռանալէ առաջ դրան տակէն յայտաթերթիկ մը սահեցուց։ Անոր խորագիրն էր՝ «Ձեր Աստուածաշունչը Ճանչցէք»։ Արդեօք անոնց այցելութիւնը նախորդ գիշեր իր մատուցած աղօթքներուն հետ կապ ունէ՞ր։ Զանոնք ետ կանչեց։ Շատ չանցած սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ հետագային մկրտուեցաւ։ Վերջապէս ուրախ ըլլալով, այժմ Պիաթրիսը ուրիշներուն կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս կրնան ուրախութիւն գտնել։

Գարմէն աղքատութեան դէմ իր մղած պայքարին մասին աղօթեց։ Ան տասը զաւակ եւ Ռաֆայէլ անունով գինեմոլ ամուսին մը ունէր։ Գարմէն կ’ըսէ. «Փորձեցի լուացարարութիւն ընելով դրամ վաստկիլ»։ Սակայն, Ռաֆայէլի գինեմոլութիւնը վատթարացաւ։ «Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու սկսելնէս ետքն էր որ ամուսինս սկսաւ փոխուիլ։ Թագաւորութեան խոստումին մասին սորվեցանք. թէ Եհովա շուտով աղքատութիւնը եւ կեղեքումը պիտի վերցնէ աշխարհէն։ Աստուծոյ ուղղած աղօթքներս ի վերջոյ պատասխանուեցան»։ Եհովայի ճամբաներուն մասին սորվիլը, Ռաֆայէլի օգնեց որ խմելը դադրեցնէ, եւ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնի։ (Եփեսացիս 4։24, ՆԱ) Ինք եւ իր ընտանիքը կրցան իրենց կենսամակարդակը բարելաւել։ Ռաֆայէլ կ’ըսէ. «Թէեւ հարուստ չենք եւ մեր անձնական բնակարանը չունինք, սակայն, կեանքի անհրաժեշտութիւնները ունինք եւ ուրախ ենք»։

Երբ Բոլոր Աղօթքները Պիտի Պատասխանուին

Աղօթելը այս անհատներուն որեւէ օգուտ ըրա՞ւ։ Վստա՛հաբար։ Իսկ նկատեցի՞ք թէ ընդհանրապէս անոնց աղօթքները պատասխանուեցան, երբ քրիստոնէական ժողովքէն անհատ մը անոնց օգնեց որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով Եհովա Աստուծոյ մօտենան։—Գործք 9։11

Հետեւաբար, աղօթելու լաւ պատճառներ ունինք։ Շատ շուտով, Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն եւ երկրի վրայ իր կամքը կատարուելուն մասին եղած աղօթքը պիտի պատասխանուի։ (Մատթէոս 6։10) Աստուած մեր երկրագունդը իրեն հակառակորդներէն մաքրելէ ետք, «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի»։ (Եսայեայ 11։9) Այն ատեն, բոլոր Եհովան սիրողները՝ ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի վայելեն, իսկ անոնց աղօթքները անպայման պիտի պատասխանուին։—Հռովմայեցիս 8։18-21

[Նկար՝ էջ 7]

Գիտէ՞ք ինչու պէտք է աղօթենք