Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարդկային առաջին զոյգէն կրնանք սորվիլ

Մարդկային առաջին զոյգէն կրնանք սորվիլ

Մարդկային առաջին զոյգէն կրնանք սորվիլ

ԱՍՏՈՒԱԾ Երկիր մոլորակը աչքէ անցուց։ Զայն կը պատրաստէր մարդկային բնակութեան համար։ Ան տեսաւ որ իր բոլոր ըրած բաները բարի էին։ Արդարեւ, երբ այս գործը աւարտեց, զայն «շատ բարի» կոչեց։ (Ծննդոց 1։12, 18, 21, 25, 31) Այդ կատարեալ եզրակացութեան յանգելէ առաջ, սակայն, Աստուած խօսեցաւ բանի մը մասին որ ‘աղէկ չէր’։ Անշուշտ Աստուած որեւէ բան անկատար չէր ըրած։ Այլ, պարզապէս իր ստեղծագործութիւնը տակաւին ամբողջացած չէր։ Եհովա ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար»։—Ծննդոց 2։18

Եհովայի նպատակն էր որ մարդկային ընկերութիւնը դրախտ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքը վայելէր առողջութեան, ուրախութեան եւ առատութեան մէջ։ Ամբողջ մարդկութեան հայրը Ադամն էր։ Իր կինը՝ Եւան, «ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը» եղաւ։ (Ծննդոց 3։20) Թէեւ երկիրը հիմա կը վխտայ իրենց միլիառաւոր սերունդով, բայց մարդիկ կատարեալ ըլլալէն շա՜տ հեռու են։

Ադամի եւ Եւայի պատմութիւնը հանրածանօթ է։ Բայց անիկա ի՞նչ գործնական արժէք կը ներկայացնէ մեզի համար։ Մարդկային առաջին զոյգին փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

«Արու եւ Էգ Ստեղծեց Զանոնք»

Երբ Ադամ անասուններուն անուններ կը դնէր, նշմարեց որ անոնք ընկերակիցներ ունէին եւ ինք չունէր։ Ուստի երբ տեսաւ այն գեղեցիկ արարածը որ Եհովա իր կողոսկրէն շիներ էր, ան ուրախացաւ։ Գիտակցելով որ անիկա բացարձակապէս իրեն մէկ մասն էր, Ադամ բացագանչեց. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։—Ծննդոց 2։18-23

Մարդը «օգնական»ի մը պէտք ունէր։ Ահաւասիկ մէկը որ ամէ՛ն կերպով իրեն յարմար էր։ Եւան կատարելապէս յարմար էր Ադամի լրացուցիչը ըլլալու. ան իրենց պարտէզին եւ անասուններուն հոգ տանելու, զաւակներ բերելու եւ մտային գետնի վրայ զինք խթանելու եւ նեցուկ կանգնելու համար իսկական ընկերակից մըն էր։—Ծննդոց 1։26-30

Եհովա հայթայթեց ամէ՛ն բան որ տրամաբանօրէն զոյգը կրնար փափաքիլ։ Եւան իր ամուսինին քով բերելով եւ այսպիսով իրենց միութիւնը վաւերացնելով, Աստուած ամուսնութեան եւ ընտանիքի հաստատութիւններուն հիմը դրաւ, որոնցմով մարդկային ընկերութիւնը պիտի կազմակերպուէր։ Ծննդոցի պատմութիւնը կը նշէ. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Իսկ երբ Եհովա օրհնեց առաջին ամուսնացած զոյգը եւ անոնց ըսաւ որ արգասաբեր ըլլային, իր մտադրութիւնն էր որ իւրաքանչիւր երախայ ծնէր հոգածու ընտանիքի մը մէջ, զինք խնամող հայր մը ու մայր մը ունենալով։—Ծննդոց 1։28. 2։24

«Աստուծոյ Պատկերովը»

Ադամ Աստուծոյ կատարեալ որդին էր, Իր «պատկերին ու նմանութեանը պէս» շինուած։ Բայց քանի որ «Աստուած հոգի է», նմանութիւնը չէր կրնար ֆիզիքական ըլլալ։ (Ծննդոց 1։26. Յովհաննու 4։24) Այդ նմանութիւնը՝ մարդը անասուններէն գերադասող յատկութիւններուն մէջ էր։ Այո, սկիզբէն իսկ, մարդուն մէջ ցանուած էր սիրոյ, իմաստութեան, զօրութեան եւ արդարութեան յատկութիւնները։ Ան օժտուած էր ազատ կամքով եւ հոգեւորականութեան կարողութիւնով։ Ներքին բարոյական զգացում մը կամ խիղճ մը, շիտակը սխալէն զանազանելու կ’օգնէր։ Մարդը իմացական կարողութիւն ունէր, ինչ որ իրեն կ’օգնէր որ մարդոց առկայութեան մասին խորհէր, իր Ստեղծիչին մասին գիտութիւն ամբարէր եւ Անոր հետ մտերմութիւն մշակէր։ Այսպէս զինուած ըլլալով, Ադամ հարկ եղած ամէ՛ն բան ունէր, Աստուծոյ երկրային ձեռագործին խնամակալը ըլլալու իր դերը կատարելու համար։

Եւան կը Մեղանչէ

Անկասկած Ադամ շուտով տեղեկացուց Եւայի՝ Եհովայի պարտադրած միակ արգելքը. Անոնք կրնային իրենց պարտէզ բնակարանին բոլոր ծառերուն պտուղներէն ուտել, բացի մէկէն՝ բարին ու չարը գիտնալու ծառէն։ Անկէ պէտք չէր ուտէին։ Եթէ ուտէին, նոյն օրը պիտի մեռնէին։—Ծննդոց 2։16, 17

Շատ չանցած, արգիլուած պտուղին մասին հարց մը ծագեցաւ։ Հոգեղէն անտեսանելի արարածի մը կողմէ որպէս խօսնակ ծառայող օձ մը մօտեցաւ Եւային։ Անմեղունակ երեւոյթով, օձը հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք»։ Եւան պատասխանեց որ բոլոր ծառերէն ուտելու արտօնութիւն ունէին, բացի մէկէն։ Այն ատեն օձը Աստուծոյ հակասեց, կնոջ ըսելով. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Կինը սկսաւ արգիլուած ծառը տարբեր աչքով դիտել։ «Ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն»։ Լիովին խաբուած, Եւան Աստուծոյ օրէնքը բեկանեց։—Ծննդոց 3։1-6. Ա. Տիմոթէոս 2։14

Եւայի մեղքը անխուսափելի՞ էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Դուք ձեզ իր տեղը դրէք։ Օձին դաւանութիւնը ամբողջովին խեղաթիւրած էր Աստուծոյ ու Ադամի խօսքերը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր հակազդեցութիւնը, երբ անհատ մը ձեզի սիրելի ու վստահելի եղող մէկը ամբաստանէր որպէս անպարկեշտ։ Եւան տարբեր կերպով պէտք էր վարուէր, զզուանք եւ ցասում յայտնելով, նոյնիսկ մերժելով անոր մտիկ ընել։ Ի վերջոյ, օձը ո՞վ էր որ հարցի տակ դնէր Աստուծոյ արդարութիւնը եւ իր ամուսնոյն խօսքը։ Գլխաւորութեան սկզբունքին հանդէպ յարգանքէ մղուած, Եւան որոշում մը տալէն առաջ, խրատ պէտք էր հարցնէր։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք, եթէ Աստուծոյ տուած հրահանգներուն հակառակ տեղեկութիւն մը ներկայացուի մեզի։ Բայց Եւան Փորձիչին խօսքին վստահեցաւ, փափաքելով որ ան ըլլար իր դատաւորը թէ ինչը բարին եւ ինչը չար էր իրեն համար։ Որքան այդ գաղափարին մասին մտածեց, անիկա այդքան աւելի հրապուրիչ թուեցաւ իրեն։ Ի՜նչ մեծ սխալ մը գործեց սխալ ցանկութեան մը վրայ կեդրոնացնելով իր միտքը, փոխանակ զայն իր մտքէն վանելու, կամ իր ընտանիքի գլուխին հետ այս նիւթը նկատի առնելու։—Ա. Կորնթացիս 11։3. Յակոբու 1։14, 15

Ադամ Իր Կնոջ Մտիկ կ’Ընէ

Եւա շուտով համոզեց Ադամը որ իր մեղքին միանայ։ Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել անոր թուլամորթ համակերպումը։ (Ծննդոց 3։6, 17) Ադամ հաւատարմութիւններու պայքարի մը դիմաց գտնուեցաւ։ Ան պիտի հնազանդէ՞ր իր Ստեղծիչին, որ իրեն տուած էր ամէ՛ն բան, մէջը ըլլալով իր սիրուն կողակիցը՝ Եւան։ Ադամ իր ընելիքին մասին Աստուծոյ առաջնորդութիւնը պիտի փնտռէ՞ր, թէ ոչ իր կնոջ վիճակը պիտի բաժնէր։ Ադամ շատ լաւ գիտէր թէ ինչ որ իր կինը յուսաց ձեռք ձգել արգիլուած պտուղէն ուտելով՝ պատրանք մըն էր։ Պօղոս առաքեալ ներշնչումի ներքեւ գրեց. «Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց»։ (Ա. Տիմոթէոս 2։14) Ուստի Ադամ կամովին ընտրեց Եհովայի ընդդիմանալ։ Իր կնոջմէն բաժնուելու իր վախը ակներեւաբար աւելի մեծ էր, քան կացութիւնը փրկելու Աստուծոյ կարողութեան վրայ իր ունեցած հաւատքը։

Ադամի արարքը կործանարար էր։ Անիկա նաեւ սպանութեան պատճառ եղաւ այն ամբողջ սերունդին, որուն հայրը ըլլալու արտօնութիւն տուաւ Եհովա ողորմածօրէն, քանի որ բոլորն ալ մեղքին բերած մահուան դատապարտութեան ներքեւ ծնան։ (Հռովմայեցիս 5։12) Անձնասէր անհնազանդութեան համար վճարուած ի՜նչ մեծ գին մը։

Մեղքին Հետեւանքները

Մեղքին անմիջական հետեւանքն էր ամօթը։ Փոխանակ ուրախութեամբ վազելով Եհովայի խօսելու այս մասին, զոյգը պահուեցաւ։ (Ծննդոց 3։8) Աստուծոյ հետ իրենց բարեկամութիւնը խորտակուած էր։ Երբ իրենց հարցուեցաւ իրենց ըրածին մասին, անոնք խղճահարութիւն ցոյց չտուին, թէեւ երկուքն ալ գիտակից էին որ Աստուծոյ օրէնքը բեկանած էին։ Արգիլուած պտուղէն ուտելով, անոնք աստուածային բարութեան կռնակ դարձուցին։

Որպէս հետեւանք, Աստուած նշեց որ ծննդաբերութեան ընթացքին ցաւերը պիտի շատնային։ Եւայի փափաքը դէպի իր ամուսինը պիտի ըլլար եւ ան իր վրայ պիտի տիրէր։ Այս կերպով, անկախութիւն ձեռք ձգելու իր փորձը ճիշդ հակառակը բերաւ իր վրայ։ Այլեւս Ադամ տանջանքով պիտի ուտէր երկրի բերքէն։ Փոխանակ Եդեմին մէջ առանց ճգնելու իր անօթութիւնը յագեցնելու, պէտք էր պայքարէր իր գոյութիւնը պահպանելու համար, մինչեւ հողին դառնալը, ուրկէ առնուած էր։—Ծննդոց 3։16-19

Վերջապէս, Ադամն ու Եւան Եդեմի պարտէզէն վտարուեցան։ Եհովա ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթուլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի»։ «Նախադասութիւնը կէս կը մնայ», կը նշէ ուսումնական Կորտըն Վենհէմ, եւ մեզի կը մնայ ենթադրել Աստուծոյ մտքին շարունակութիւնը, որ էր հաւանաբար՝ «զինք պարտէզէն վտարեմ»։ Սովորաբար, Աստուածաշունչը գրող մը Աստուծոյ ամբողջ միտքը կը տեղեկագրէ։ Բայց հոս, կը շարունակէ Վենհէմ, «եզրակացութեան զանցառութիւնը, Աստուծոյ գործի անցնելուն արագութիւնը կը հաղորդէ։ Ան հազիւ խօսիլը վերջացուցած էր, անոնք պարտէզէն դուրս դրուեցան»։ (Ծննդոց 3։22, 23) Ասով երեւութապէս Եհովայի եւ առաջին զոյգին միջեւ ամէն հաղորդակցութիւն վերջ գտաւ։

Ադամն ու Եւան 24 ժամէ բաղկացած այն օրուան մէջ չմեռան ֆիզիքապէս։ Բայց անոնք հոգեւոր առումով մեռան։ Անվերականգնելիօրէն հեռանալով կեանքի Աղբիւրէն, անոնք սկսան դէպի մահ ուղղուիլ։ Երեւակայեցէք որքա՜ն դառն էր մահուան հետ անոնց ունեցած առաջին փորձառութիւնը, երբ իրենց երկրորդ որդին՝ Աբէլը՝ սպաննուեցաւ իրենց անդրանիկ որդւոյն, Կայէնի կողմէ։—Ծննդոց 4։1-16

Անկէ ետք, շատ քիչ տեղեկութիւն ունինք առաջին զոյգին մասին։ Անոնց երրորդ որդին՝ Սէթը երբ ծնաւ, Ադամ 130 տարեկան էր։ Ադամ 800 տարի ետք մահացաւ, 930 տարեկան հասակին, «տղաքներ ու աղջիկներ»ու հայր ըլլալէ ետք։—Ծննդոց 4։25. 5։3-5

Դաս մը Մեզի Համար

Մարդկային ընկերութեան այլասերած վիճակին պատճառը յայտնելէն զատ, մարդկային առաջին զոյգին պատմութիւնը մեզի հիմնական դաս մը կը սորվեցնէ։ Եհովա Աստուծմէ անկախ ըլլալու որեւէ յաւակնոտութիւն բացայայտ յիմարութիւն է։ Անոնք որոնք իրապէս իմաստուն են, հաւատք կ’ընծայեն Եհովայի ու իր Խօսքին, ու ո՛չ թէ իրենց ենթադրեալ ինքնաբաւ գիտութեան։ Եհովա ի՛նք կ’որոշէ բարին ու չարը, եւ շիտակը ընելու բուն ծուծը՝ Իրեն հնազանդիլն է։ Յանցագործութիւն կը նշանակէ իր օրէնքները բեկանել եւ իր սկզբունքները անտեսել։

Աստուած մարդկութեան հրամցուց, եւ տակաւին կը հրամցնէ, ամէ՛ն բան որ անոնք կը ցանկան. յաւիտենական կեանք, ազատութիւն, գոհունակութիւն, ուրախութիւն, առողջութիւն, խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ նոր բաներու յայտնաբերում։ Սակայն այս բոլորը վայելելու համար պայման է գիտակցիլ որ ամբողջովին մեր երկնաւոր Հօրմէն՝ Եհովայէ կախեալ ենք։—Ժողովողի 3։10-13. Եսայեայ 55։6-13

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 26]

Ադամն ու Եւան. պարզապէս առասպե՞լ

Մեղքի պատճառաւ առաջին դրախտին կորուստին մասին հաւատալիքներ լայնատարած էին վաղեմի Բաբելոնացիներու, Ասորիներու, Եգիպտացիներու եւ ուրիշներու մէջ։ Շատ մը պատմութիւններու մէջ տեղ գրաւած է կենաց ծառ մը, որուն պտուղը յաւիտենական կեանք կը շնորհէ անկէ ուտողին։ Ուստի, մարդկութիւնը կը յիշէ թէ ողբերգական բան մը պատահած է Եդեմի մէջ։

Ներկայիս, շատեր կը վանեն Աստուածաշունչի Ադամ ու Եւայի պատմութիւնը, որպէս առասպել։ Բայց գիտնականներէն շատեր կ’ընդունին որ մարդկային ցեղը հասարակաց ծագում ունեցող մէկ ընտանիք է։ Շատ աստուածաբաններ անկարելի կը գտնեն ժխտել այն իրողութիւնը թէ հասարակաց նախահօր մը գործած մեղքը փոխանցուեցաւ մարդկութեան։ Մարդը մէկէ աւելի աղբիւրէ զարգացած ըլլալուն հաւատալը, զիրենք պիտի ստիպէր ըսելու թէ նախնական մեղքը գործուած է բազմաթիւ նախահայրերու կողմէ։ Ասիկա իր կարգին պիտի մղէր զիրենք մերժելու որ Քրիստոս՝ «վերջին Ադամը»՝ փրկեց մարդկութիւնը։ Սակայն Յիսուս եւ իր աշակերտները այսպիսի անել կացութեան չմատնուեցան։ Անոնք ընդունեցին որ Ծննդոցի պատմութիւնը իրողութիւն մըն էր։—Ա. Կորնթացիս 15։22, 45. Ծննդոց 1։27. 2։24. Մատթէոս 19։4, 5. Հռովմայեցիս 5։12-19