Յօժարակամ սրտով Աստուծոյ ծառայեցէք
Յօժարակամ սրտով Աստուծոյ ծառայեցէք
«ԵՍ յօժարակամութեամբ պիտի վատնեմ եւ պիտի վատնուիմ ձեզի համար», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ (Բ. Կորնթացիս 12։15, Երուսաղէմ) Այս խօսքերը ձեզի ի՞նչ կ’ըսեն Եհովայի ծառաներուն մշակելիք հայեցակէտին եւ կեցուածքին մասին։ Աստուածաշունչի ուսումնականի մը համաձայն, երբ Պօղոս այս խօսքերը Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն գրեց, ան ըսել կ’ուզէր. «Ես յօժար եմ իմ ուժս, ժամանակս եւ կեանքս եւ բոլոր ունեցածս վատնել ձեր բարօրութեան համար, ինչպէս հայր մը հաճոյքով ասիկա կ’ընէ՝ իր երախաներուն համար»։ Պօղոս պատրաստուած էր, ի պահանջեալ հարկին, ամբողջովին ‘վատնուելու’ կամ «ուժասպառ ըլլալու եւ մաշելու», իր քրիստոնէական ծառայութիւնը կատարելու համար։
Ասկէ զատ, Պօղոս այս բոլորը «յօժարակամութեամբ» ըրաւ։ Ան «մեծ հաճոյքով» ասիկա ընելու պատրաստ էր, կ’ըսէ Անթիլիաս թարգմանութիւնը։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Դուք ալ ձեր ժամանակը, կորովը, տաղանդները եւ նիւթական միջոցները վատնելու յօժա՞ր էք, Եհովա Աստուծոյ եւ ուրիշներուն օգտին համար, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը երբեմն ‘ուժասպառ ըլլալ եւ մաշիլ’ նշանակէ։ Իսկ ասիկա «մեծ հաճոյքով» պիտի ընէ՞ք։
Անոնք Ամբողջովին կը Մերժեն Ծառայել
Մարդոցմէ շատեր ոչ թէ Աստուծոյ ծառայելու կը վարանին, այլ ուղղակիօրէն չեն ուզեր ասիկա ընել։ Անոնք ապերախտ, անձնասիրաբար անկախ եւ ըմբոստ հոգի մը ունին։ Սատանան Ադամն ու Եւան այսպիսի մտածելակերպով մը հրապուրեց։ Ան անճշդօրէն անոնց ըսաւ որ ‘աստուածներու պէս պիտի ըլլային’, իրենք իրենց համար որոշելով թէ ի՛նչն է բարին ու ի՛նչը՝ չարը։ (Ծննդոց 3։1-5) Անոնք որոնք նման հոգի մը ունին ներկայիս, կը խորհին թէ իրենց սրտին ուզածը ընելու լման ազատութիւն պէտք է ունենան, առանց Աստուծոյ հանդէպ որեւէ պարտաւորութեան կամ անոր կողմէ ընդհատուելու։ (Սաղմոս 81։11, 12) Անոնք կ’ուզեն իրենց բոլոր ունեցածը գործածել միմիայն իրենց անձնական շահերը հետապնդելու համար։—Առակաց 18։1
Հաւանաբար դուք այս ծայրայեղ տեսակէտը չէք բաժներ։ Անշուշտ անկեղծօրէն կը գնահատէք հիմա ձեր վայելած կեանքի պարգեւը եւ տակաւին՝ յաւիտեան դրախտ երկրի մը մէջ ապրելու աւելի հոյակապ ակնկալութիւնը։ (Սաղմոս 37։10, 11. Յայտնութիւն 21։1-4) Թերեւս խորապէս երախտապարտ էք Եհովայի ձեզի հանդէպ իր ցուցաբերած բարութեան համար։ Բայց բոլորս ալ պէտք է արթուն ըլլանք այն վտանգին դէմ, թէ Սատանան կրնայ աղաւաղել մեր մտածելակերպը այնպիսի կերպով մը, որ մեր ծառայութիւնը կրնայ ընդունելի չըլլալ Աստուծոյ։ (Բ. Կորնթացիս 11։3) Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ։
Յօժարակամ Ծառայութիւն Պահանջուած Է
Եհովա յօժարակամ, սրտանց ծառայութիւն կ’ուզէ։ Ան բնա՛ւ մեզ չի ստիպեր որ իր կամքը կատարենք։ Սատանան է որ մարդոց իր կամքը կատարել տալու համար բա՛ն մը չի խնայեր։ Աստուծոյ ծառայելու կապակցաբար, Աստուածաշունչը կը խօսի՛ պարտականութիւններու, պատուիրաններու, պահանջներու եւ նման բաներու մասին։ (Ժողովողի 12։13. Ղուկաս 1։6) Սակայն, Աստուծոյ ծառայելու մեր գլխաւոր շարժառիթն է՝ սէրը։—Ելից 35։21. Բ. Օրինաց 11։1
Ա. Կորնթացիս 13։1-3) Երբ Աստուածաշունչը գրողները Քրիստոնեաներուն կ’ակնարկեն որպէս Աստուծոյ ծառաներ, անոնք հարկադրանքի վրայ հիմնուած ծայրայեղ ստրկութեան ակնարկում չեն ըներ։ (Հռովմայեցիս 12։11. Կողոսացիս 3։24) Այլ անոնց ըսել ուզածը Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ խոր ու սրտանց սիրոյ վրայ հիմնուած յօժար հպատակութիւն է։—Մատթէոս 22։37. Բ. Կորնթացիս 5։14. Ա. Յովհաննու 4։10, 11
Պօղոս որքան ալ ինքզինք վատնեց Աստուծոյ ծառայութեան համար, գիտէր թէ այս բոլորը անարժէք պիտի ըլլային՝ ‘եթէ սէր չունենար’։ (Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը մարդոց հանդէպ ալ խոր սէր պէտք է արտացոլացնէ։ «Մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ», գրեց Պօղոս Թեսաղոնիկէի ժողովքին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 8) Ներկայիս շատ մը երկիրներու մէջ մայրեր իրենց զաւակներուն հոգ տանելու իրաւական պարտաւորութիւնը ունին։ Բայց վստահաբար մայրերուն մեծամասնութիւնը պարզապէս օրէնքին հնազանդելու համար չէ որ կ’ընեն ասիկա, այդպէս չէ՞։ Ասիկա կ’ընեն՝ քանի որ կը սիրե՛ն իրենց զաւակները։ Այո, կաթնատու մայր մը հսկայական զոհողութիւններ կ’ընէ իր զաւակներուն համար։ Քանի որ Պօղոս նոյնանման «գորով» ունէր այն անհատներուն հանդէպ որոնց կը ծառայէր, ան «յօժարակամ» («պատրաստ», Անթիլիաս. «հաճելի», Երուսաղէմ) էր ուղղակի իր կեանքը գործածելու՝ իրենց օգնելու համար։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8) Սէրը մեզ կը մղէ որ Պօղոսը ընդօրինակենք։—Մատթէոս 22։39
Ի՞նչ Կրնայ Ըսուիլ Դժկամակ Ծառայութեան Մասին
Անշուշտ պէտք չէ թոյլ տանք որ անձնասիրութիւնը՝ Աստուծոյ ու մարդոց հանդէպ սէրը գերակշռէ։ Ապա թէ ոչ իրական վտանգ կայ որ միայն կէս սրտով, դժկամակ ծառայութիւն մը մատուցանենք։ Նոյնիսկ կրնանք ընդվզիլ, նեղուիլ որ մեր փափաքած կերպով չենք կրնար մեր կեանքը ապրիլ։ Ասիկա պատահեցաւ կարգ մը Իսրայելացիներու, որոնք Աստուծոյ հանդէպ իրենց սէրը կորսնցուցին, բայց պարտականութեան զգացումէ մղուած տակաւին կարգ մը ծառայութիւններ կը մատուցանէին անոր։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուծոյ ծառայութիւնը «աշխատութիւն» եղաւ իրենց համար։—Մաղաքեայ 1։13
Որեւէ զոհ որ Աստուծոյ պիտի ներկայացնէին, պէտք էր միշտ «անարատ» ըլլար, եղածներուն «լաւագոյնը»։ (Ղեւտացւոց 22։17-20. Ելից 23։19, ՆԱ) Սակայն, Մաղաքիայի օրերուն, փոխանակ իրենց անասուններուն լաւագոյնները տալու Եհովայի, մարդիկ սկսան մատուցանել անոնք որոնք չէին ուզեր իրենց պահել։ Եհովա ի՞նչպէս հակազդեց։ Ան քահանաներուն ըսաւ. «Երբ կոյրը զոհի համար կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. աղէ՜, եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես, միթէ քեզի պիտի հաճի՞, կամ քեզ սիրով պիտի ընդունի, . . . Յափշտակուածն ու կաղը եւ հիւանդը որպէս ընծայ բերիք։ Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ»։—Մաղաքեայ 1։8, 13
Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ ոեւէ մէկուս։ Մեր զոհերը կրնան մեզի «աշխատութիւն» մը ըլլալ, եթէ իրապէս յօժար սիրտ ու հոգի չունենանք։ (Ելից 35։5, 21, 22. Ղեւտացւոց 1։3. Սաղմոս 54։6. Եբրայեցիս 13։15, 16) Օրինակ, արդեօք Եհովա մեր ժամանակին աւելցուքնե՞րը կը ստանայ։
Կարելի՞ է որ անհատ մը լրջօրէն մտածէ թէ Աստուծոյ ընդունելի պիտի ըլլար, եթէ լաւ միտումով ընտանիքի անդամ մը, կամ նախանձախնդիր Ղեւտացի մը, ստիպէր որ անյօժարակամ Իսրայելացի մը զոհի համար իր անասուններուն լաւագոյնը ընտրէր, երբ ինք զայն մատուցանելու յօժար չէր։ (Եսայեայ 29։13. Մատթէոս 15։7, 8) Եհովա այսպիսի զոհերը եւ ի վերջոյ, զանոնք մատուցանողներն ալ՝ մերժեց։—Ովսեայ 4։6. Մատթէոս 21։43
Աստուծոյ Կամքը Կատարելէն Հաճոյք Առնել
Աստուծոյ ընդունելի ծառայութիւն մատուցանելու համար, պէտք է Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւինք։ Ան ըսաւ. «Ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց»։ (Յովհաննու 5։30) Յիսուս մեծ ուրախութիւն գտաւ Աստուծոյ յօժարակամ կերպով ծառայելու մէջ։ Ան կատարեց Դաւիթի մարգարէական խօսքերը. «Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ»։—Սաղմոս 40։8
Թէեւ Եհովայի կամքը կատարելը Յիսուսի համար հաճոյք էր, բայց անիկա միշտ ալ հեշտ չէր։ Նկատի առէք որ իր ձերբակալութենէն, դատի քաշուելէն եւ մահուան դատապարտուելէն ճիշդ առաջ ի՛նչ պատահեցաւ։ Մինչ Գեթսեմանիի պարտէզը կը գտնուէր, Յիսուս «տրտում» եւ «սաստիկ նեղութեան մէջ» էր։ Զգացական ճնշումը այնքա՛ն Մատթէոս 26։38. Ղուկաս 22։43, 44
սաստիկ էր, որ մինչ կ’աղօթէր, «իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր»։—Յիսուս ինչո՞ւ այսպիսի սաստիկ նեղութեան մէջ էր։ Վստահաբար ինքն իր շահը փնտռելուն, կամ Աստուծոյ կամքը կատարելու դժկամելուն համար չէր։ Ան մեռնելու պատրաստ էր եւ ուժգին հակադարձեց Պետրոսի, երբ ան ըսաւ. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ (Մատթէոս 16։21-23) Յիսուսի մտահոգութիւնը այն էր թէ որպէս նախատելի ոճրագործ մը իր մահը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենար Եհովայի եւ Իր սուրբ անուան վրայ։ Յիսուս շատ լաւ տեղեակ էր որ իր Հայրը մեծապէս պիտի ցաւէր տեսնելով իր սիրելի Որդւոյն հետ մարդոց բարբարոսաբար վարուիլը։
Յիսուս նաեւ գիտակից էր որ Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ ճակատագրական ժամանակին կը մօտենար։ Աստուծոյ օրէնքներուն հաւատարմաբար կառչիլը ամէն կասկածէ վեր պիտի ապացուցանէր որ Ադամն ալ կրնար նոյնը ընել։ Յիսուսի հաւատարմութիւնը բացայայտօրէն պիտի յայտնէր որ Սատանայի յայտարարութիւնը սուտ էր, թէ մարդիկ փորձութեան ներքեւ պիտի չյօժարէին հաւատարմօրէն ծառայել Աստուծոյ։ Յիսուսի միջոցով, Եհովա ի վերջոյ պիտի ճզմէր Սատանան եւ վերացնէր անոր ըմբոստութեան հետքերը։—Ծննդոց 3։15
Ի՜նչ հսկայական պատասխանատուութիւն մը կար Յիսուսի ուսերուն վրայ։ Ամէն բան՝ իր Հօրը անունը, տիեզերական խաղաղութիւնը եւ մարդկային ընտանիքին փրկութիւնը՝ Յիսուսի հաւատարմութենէն կախեալ էր։ Ասոր գիտակցելով, ան աղօթեց. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։ (Մատթէոս 26։39) Նոյնիսկ ամենադառն փորձութեան ներքեւ, Յիսուս բնաւ չվարանեցաւ սիրայօժար կերպով ենթարկուելու Եհովայի կամքին։
«Հոգին Յօժար Է, Բայց Մարմինը Տկար»
Նկատի ունենալով որ Եհովայի ծառայելու ատեն Յիսուս զգացական սաստիկ ճնշումի ենթարկուեցաւ, ուրեմն որպէս Աստուծոյ ծառաներ կրնանք ակնկալել որ Սատանան մեր վրայ ալ ճնշում բանեցնէ։ (Յովհաննու 15։20. Ա. Պետրոս 5։8) Ասկէ զատ, մենք անկատար ենք։ Ուստի, նոյնիսկ երբ ծառայենք Աստուծոյ, մեզի համար դիւրին պիտի չըլլայ ասիկա ընել։ Յիսուս տեսաւ որ իր առաքեալները ինչպէս կը պայքարէին, իրենց պատուիրած բոլոր բաները ընելու համար։ Անոր համար ըսաւ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ (Մատթէոս 26։41) Իր կատարեալ մարդկային մարմնին մէջ ժառանգական ո՛չ մէկ տկարութիւն կար։ Բայց ինք ի մտի ունէր իր աշակերտներուն մարմնին տկարութիւնը եւ անկատար Ադամէ անոնց ժառանգած անկատարութիւնը։ Յիսուս գիտցաւ որ ժառանգուած անկատարութեան, եւ որպէս հետեւանք մարդկային սահմանափակումներուն պատճառաւ, անոնք պայքար պէտք էր մղէին Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց բոլոր ուզածը ընելու համար։
Ուստի մենք ալ Պօղոս առաքեալի զգացումը կրնանք բաժնել, որ խորապէս կը վշտանար, երբ անկատարութիւնը իրեն արգելք կ’ըլլար լիովին ծառայելու Աստուծոյ։ Պօղոս գրեց. «Կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար»։ (Հռովմայեցիս 7։18) Մենք ալ կրնանք նկատել որ մեր փափաքած բոլոր բարի բաները չենք կրնար ընել։ (Հռովմայեցիս 7։19) Ո՛չ թէ որովհետեւ ասիկա ընելու կը դժկամինք, այլ՝ մարմնին տկարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ, նոյնիսկ երբ շատ ջանք կը թափենք։
Բնա՛ւ չյուսահատինք։ Եթէ մեր ձեռքէն եկածը ընելու անկեղծ պատրաստակամութիւն ունինք, Աստուած վստահաբար պիտի ընդունի մեր ծառայութիւնը։ (Բ. Կորնթացիս 8։12) ‘Ջանանք’ Աստուծոյ կամքին լիովին ենթարկուելու Քրիստոսի հոգին ընդօրինակել։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15. Փիլիպպեցիս 2։5-7. Ա. Պետրոս 4։1, 2) Եհովա պիտի վարձատրէ եւ նեցուկ կանգնի այսպիսի յօժարակամ հոգիի մը։ Ան մեր տկարութիւններուն որպէս հատուցում, մեզի պիտի տայ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7-10, ՆԱ) Եհովայի օգնութեամբ, Պօղոսի նման մենք ալ Իր թանկագին ծառայութեան մէջ ‘յօժարակամութեամբ պիտի վատնենք եւ պիտի վատնուինք’։
[Նկար՝ էջ 21]
Պօղոս յօժարակամօրէն ծառայեց Աստուծոյ՝ իր ձեռքէն եկածը ընելով
[Նկար՝ էջ 23]
Նոյնիսկ ամենադառն փորձութեան ներքեւ Յիսուս իր Հօրը կամքը կատարեց