Քրիստոնեաներ ուրախութիւն կը գտնեն՝ ծառայելով
Քրիստոնեաներ ուրախութիւն կը գտնեն՝ ծառայելով
«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—ԳՈՐԾՔ 20։35
1. Ներկայիս ի՞նչ սխալ կեցուածք տիրական է եւ անիկա ինչո՛ւ վնասակար է։
«ԵՍԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ» յաճախ լսուած բառ մը դարձաւ 1900–ական թուականներու վերջին տասնամեակներու ընթացքին։ Իրականութեան մէջ, «եսապաշտութիւն» կը նշանակէ՝ «առաջ ե՛ս». անոր ետին կայ անձնասիրութիւն ու ագահութիւն, հաշուի չառնելով ուրիշները։ Վստահաբար 2000 թուականին, եսապաշտութիւնը որեւէ կերպով նահանջ չէ արձանագրած։ Ո՞րքան յաճախ կը լսէք հետեւեալ հարցումները. «Ինծի ի՞նչ պիտի ելլէ անկէ», կամ՝ «Ինծի ի՞նչ շահ կայ անկէ»։ Այսպիսի անձնասէր կեցուածք մը ուրախութեան չ’առաջնորդեր։ Անիկա ճիշդ հակառակն է Յիսուսի նշած սկզբունքին. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35
2. Ի՞նչպէս տալը ուրախութիւն կը պատճառէ։
2 Ճի՞շդ է թէ տալը աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ քան թէ առնելը։ Այո՛։ Եհովա Աստուծոյ մասին խորհեցէք։ «Կեանքի աղբիւրը» իր քովն է։ (Սաղմոս 36։9) Մեր բոլոր կարիքները կը հայթայթէ, մեզ ուրախ ու արդիւնաբեր դարձնելու համար։ Արդարեւ, ինք «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ»ի Ակունքն է։ (Յակոբու 1։17) Եհովա ‘երանելի Աստուածը’ անդադար կու տայ։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Ան կը սիրէ իր մարդկային ստեղծագործութիւնը, որու ամէն բան առատօրէն կը հայթայթէ։ (Յովհաննու 3։16) Մարդկային ընտանիքին մասին ալ խորհեցէք։ Եթէ ծնող մըն էք, գիտէք թէ զաւակ մը մեծցնելը ո՛րքան զոհողութեան ու տալու կը կարօտի։ Իսկ երկար տարիներ, երախան չի գիտակցիր թէ որքա՛ն զոհողութիւններ կ’ընէք. ան զանոնք թեթեւի կ’առնէ։ Այսուհանդերձ, դուք ուրախ կ’ըլլաք, երբ ձեր անձնուրացաբար տալուն որպէս արդիւնք, ձեր զաւկին բարգաւաճիլը տեսնէք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կը սիրէք զինք։
3. Ինչո՞ւ Եհովայի ու մեր հաւատակիցներուն ծառայելը հաճոյք մըն է։
3 Նոյն կերպով, ճշմարիտ պաշտամունքը սիրոյ վրայ հիմնուած տալով յատկորոշուած է։ Քանի որ կը սիրենք Եհովան եւ մեր հաւատակիցները, իրենց ծառայելը, իրենց մեր անձէն տալը՝ հաճոյք է։ (Մատթէոս 22։37-39) Ոեւէ անհատ որ անձնասէր մղումով կը պաշտէ, ի վերջոյ իր ուրախութիւնը շատ քիչ կ’ըլլայ։ Բայց անոնք որ անձնուրացաբար կը ծառայեն, աւելի հետաքրքրուած ըլլալով թէ ի՛նչ կրնան տալ, քան թէ՝ ինչ ստանալ, իրապէս ուրախութիւն կ’ունենան։ Այս ճշմարտութիւնը երեւան կ’ելլէ, երբ մեր պաշտամունքին կապակցաբար սուրբ գրային կարգ մը բառեր նկատի առնենք Աստուածաշունչէն։ Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ այդ բառերէն երեքը նկատի պիտի առնենք։
Յիսուսի Հանրային Ծառայութիւնը
4. Քրիստոնեայ Աշխարհին «հանրային ծառայութեան» բնոյթը ի՞նչ է։
4 Բնագիր Յունարէնին մէջ, պաշտամունքի հետ կապ ունեցող բառերէն մէկն է լի·թուր·յիա, որ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը թարգմանած է «հանրային ծառայութիւն»։ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, լի·թուր·յիա * Սակայն, Քրիստոնեայ Աշխարհի ձեւական ծէսերը հանրութեան մատուցուած օգտակար եղող իսկական ծառայութիւն մը չեն։
բառէն ծագում առած է «լիթըրճի» [ծէս] բառը։5, 6. (ա) Իսրայէլի մէջ հանրային ի՞նչ ծառայութիւն կը մատուցանուէր եւ անկէ ի՞նչ օգուտներ կը քաղուէին։ (բ) Շատ աւելի հոյակապ եղող ո՞ր հանրային ծառայութիւնը Իսրայէլի մէջ կատարուածին տեղը առաւ եւ ինչո՛ւ։
5 Պօղոս առաքեալ լի·թուր·յիա–ի հետ առնչուած Յունարէն բառ մը գործածեց, երբ ակնարկութիւն կ’ընէր Իսրայէլի քահանաներուն։ Ան ըսաւ. «Ամէն քահանայ ամէն օր իր հանրային ծառայութեան մէջ կը կենայ [տեսակ մը լի·թուր·յիա] եւ նոյն զոհերը շատ անգամ կը մատուցանէ»։ (Եբրայեցիս 10։11, ՆԱ) Ղեւտացի քահանաները շատ արժէքաւոր հանրային ծառայութիւն մը կը մատուցանէին Իսրայէլի մէջ։ Անոնք Աստուծոյ Օրէնքը կը սորվեցնէին ու զոհեր կը մատուցանէին, ժողովուրդին մեղքերը ծածկելու համար։ (Բ. Մնացորդաց 15։3. Մաղաքեայ 2։7) Երբ քահանաները եւ ժողովուրդը Եհովայի Օրէնքին հետեւէին, ամբողջ ազգը ուրախ ըլլալու պատճառներ կ’ունենար։—Բ. Օրինաց 16։15
6 Օրէնքին ներքեւ հանրային ծառայութիւն մատուցանելը իսկական առանձնաշնորհում մըն էր Իսրայելացի քահանաներուն համար, բայց անոնց ծառայութիւնը անարժէք դարձաւ, երբ Իսրայէլ անհաւատարմութեան պատճառով մերժուեցաւ։ (Մատթէոս 21։43) Եհովա շա՛տ աւելի հոյակապ բան մը կարգադրեց. Յիսուսի՝ մեծ Քահանայապետին կողմէ կատարուած հանրային ծառայութիւնը։ Իր մասին կը կարդանք. «Ասիկա յաւիտենական ըլլալուն համար, իր քահանայութիւնը անանցանելի է։ Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար»։—Եբրայեցիս 7։24, 25
7. Յիսուսի հանրային ծառայութիւնը ինչո՞ւ անզուգական օգուտներ կը բերէ։
7 Յիսուս կը շարունակէ որպէս քահանայ յաւիտեան՝ յաջորդներ չունենալով։ Ուստի, միայն ինքն է որ կրնայ մարդիկը փրկել ամբողջովին։ Ան այս անզուգական հանրային ծառայութիւնը կը կատարէ ո՛չ թէ մարդակերտ տաճարի մը մէջ, հապա՝ հակատիպ տաճարի մը մէջ. Եհովայի ըրած պաշտամունքի մեծ կարգադրութիւնը, որ ի զօրու եղաւ Հ.Դ. 29–ին։ Յիսուս ներկայիս երկնքի մէջ այդ տաճարին Սրբութիւն Սրբութեանցին մէջ կը ծառայէ։ Ան «Սրբարանին պաշտօնեայ [լի·թուր·կոս] [է], ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը»։ (Եբրայեցիս 8։2. 9։11, 12) Թէեւ Յիսուս բարձր դիրք մը ունի, բայց տակաւին «պաշտօնեայ», կամ հանրային ծառայ մըն է։ Ան իր բարձր հեղինակութիւնը կը գործածէ տալու՝ ու ո՛չ թէ առնելու համար։ Իսկ այս տալը իրեն ուրախութիւն կը պատճառէ։ Անիկա մէկ մասն է «իր առջեւ կեցած ուրախութեան», որ զինք զօրացուց, որպէսզի երկրի վրայ իր ամբողջ կեցութեան ընթացքին կարենայ համբերել։—Եբրայեցիս 12։2
8. Յիսուս ի՞նչպէս հանրային ծառայութիւն մատուցանեց, Օրէնքի ուխտը փոխարինելով։
8 Յիսուսի հանրային ծառայութիւնը ուրիշ երեսակ մըն ալ ունի։ Պօղոս գրեց. «Յիսուս ա՛լ աւելի գերազանց պաշտօնի մը հասաւ, որչափ որ լաւագոյն խոստումներով հաստատուած լաւագոյն ուխտի մը միջնորդ է»։ (Եբրայեցիս 8։6) Մովսէս միջնորդ եղաւ այն ուխտին որ Եհովայի հետ Իսրայէլի ունեցած յարաբերութեան հիմը կազմեց։ (Ելից 19։4, 5) Յիսուս նոր ուխտին միջնորդ եղաւ, որ նոր ազգի մը՝ շատ ազգերէն եկած հոգիով օծուած Քրիստոնեաներէ բաղկացած «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին՝ ծնունդ տուաւ։ (Գաղատացիս 6։16. Եբրայեցիս 8։8, 13. Յայտնութիւն 5։9, 10) Ատիկա ի՜նչ հոյակապ հանրային ծառայութիւն մըն էր։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ ճանչցած ենք Յիսուսը, հանրային ծառայ մը, որու միջոցաւ Եհովայի ընդունելի պաշտամունք կը մատուցանենք։—Յովհաննու 14։6
Քրիստոնեաներն ալ Հանրային Ծառայութիւն կը Մատուցանեն
9, 10. Քրիստոնեաներուն կատարած հանրային ծառայութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։
9 Մարդ արարածներուն մէջ չկայ ոեւէ մէկը որ Յիսուսի նման վեհ ծառայութիւն մը մատուցանէ։ Սակայն երբ օծեալ Քրիստոնեաները իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանան, անոնք Յիսուսի կողքին իրենց տեղերը պիտի գրաւեն եւ որպէս երկնային թագաւորներ ու քահանաներ անոր հանրային ծառայութեան մասնակից պիտի ըլլան։ (Յայտնութիւն 20։6. 22։1-5) Սակայն երկրի վրայ ալ Քրիստոնեաները հանրային ծառայութիւն կը մատուցանեն եւ ասոր մէջ մեծ ուրախութիւն կը գտնեն։ Օրինակ, երբ Պաղեստինի մէջ սով եղաւ, Պօղոս առաքեալ Եւրոպայի եղբայրներէն նուիրատուութիւններ բերաւ, Հրէաստանի Հրեայ Քրիստոնեաներուն նեղութիւնը մեղմացնելու համար։ Ասիկա հանրային ծառայութիւն մըն էր։ (Հռովմայեցիս 15։27. Բ. Կորնթացիս 9։12) Ներկայիս Քրիստոնեաները ուրախութիւն կը գտնեն նման ծառայութիւններու մէջ, անմիջապէս նպաստներ հասցնելով, երբ իրենց եղբայրները թշուառութիւններու, բնական աղէտներու կամ ուրիշ չարիքներու հանդիպին։—Առակաց 14։21
10 Պօղոս ուրիշ հանրային ծառայութեան ակնարկեց, երբ գրեց. «Եթէ ընծայաբերուիմ ալ ձեր պատարագին եւ հաւատքի ծառայութեան, ուրախ եմ եւ մասնակից ձեր ամենուն հրճուանքին»։ (Փիլիպպեցիս 2։17, Երուսաղէմ) Փիլիպպեցիներուն ի նպաստ Պօղոսի ծանր աշխատանքը, սիրով ու ջանադրութեամբ կատարուած հանրային ծառայութիւն մըն էր։ Նոյնանման հանրային ծառայութիւն մը կը կատարուի ներկայիս, մանաւանդ օծեալ Քրիստոնեաներու կողմէ, որոնք կը ծառայեն որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»՝ ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթելով։ (Մատթէոս 24։45-47) Ասկէ զատ, որպէս խումբ մը, անոնք «սուրբ քահանայութիւն մը»ն են, որոնք յանձնարարութիւն ստացած են «Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու» եւ ‘հռչակելու անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’։ (Ա. Պետրոս 2։5, 9) Պօղոսի նման, անոնք այսպիսի առանձնաշնորհումներով կ’ուրախանան, նոյնիսկ երբ իրենց պատասխանատուութիւնները կատարելու համար ‘ընծայաբերուին’։ Իսկ անոնց ընկերակիցները՝ «ուրիշ ոչխարներ»ը իրենց կը միանան եւ Եհովայի ու իր նպատակներուն մասին մարդոց պատմելու գործին մէջ իրենց կ’աջակցին։ * (Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 24։14) Ատիկա ի՜նչ հոյակապ եւ ուրախ հանրային ծառայութիւն մըն է։—Սաղմոս 107։21, 22
Սրբազան Ծառայութիւն Մատուցանել
11. Աննա մարգարէուհին ի՞նչպէս գեղեցիկ օրինակ մըն է բոլոր Քրիստոնեաներուն համար։
11 Մեր պաշտամունքին հետ կապ ունեցող Յունարէն ուրիշ բառ մըն է լա·թրէյա, որ Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը «սրբազան ծառայութիւն» թարգմանած է։ Սրբազան ծառայութիւնը պաշտամունքի արարքներու հետ կապ ունի։ Օրինակ, 84 տարեկան տարեց այրի ու մարգարէուհի Աննան նկարագրուած է որպէս մէկը, որ «տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ սրբազան ծառայութիւն [լա·թրէյա] կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ»։ (Ղուկաս 2։36, 37, ՆԱ) Աննան յարատեւաբար կը պաշտէր Եհովան։ Ան գեղեցիկ օրինակ մըն է մեր բոլորին, երիտասարդ ըլլանք թէ տարեց, այր թէ կին։ Ճիշդ ինչպէս որ Աննան ջերմեռանդօրէն կ’աղօթէր Եհովայի եւ կանոնաւորաբար կը պաշտէր զինք տաճարին մէջ, մեր սրբազան ծառայութիւնը կը պարփակէ աղօթել եւ ժողովներու յաճախել։—Հռովմայեցիս 12։12. Եբրայեցիս 10։24, 25
12. Մեր սրբազան ծառայութեան գլխաւոր երեսակը ի՞նչ է, եւ ասիկա ի՞նչպէս հանրային ծառայութիւն մըն ալ է։
12 Պօղոս առաքեալ մեր սրբազան ծառայութեան գլխաւոր երեսակը յիշեց, երբ գրեց. «Վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ [«որու սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեմ», ՆԱ] իմ հոգիովս անոր Որդիին աւետարանին մէջ, թէ անդադար ձեզ կը յիշեմ, ամէն ատեն իմ աղօթքներուս մէջ»։ (Հռովմայեցիս 1։9, 10) Այո, բարի լուրի քարոզչութիւնը ո՛չ միայն հանրային ծառայութիւն մըն է զայն լսողներուն համար, այլ նաեւ պաշտամունքի արարք մը՝ Եհովա Աստուծոյ։ Մտիկ ընող ականջ մը գտնենք կամ ոչ, քարոզչութիւնը Եհովայի մատուցուած սրբազան ծառայութիւն մըն է։ Մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը գեղեցիկ յատկութիւններուն եւ օգտաշատ նպատակներուն մասին ուրիշներուն խօսիլը, վստահաբար մեզի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։—Սաղմոս 71։23
Սրբազան Ծառայութիւնը Ո՞ւր կը Մատուցանենք
13. Ի՞նչ է յոյսը անոնց, որոնք Եհովայի հոգեւոր տաճարին ներքին գաւիթին մէջ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն, եւ որո՞նք անոնց հետ կ’ուրախանան։
13 Օծեալ Քրիստոնեաներուն Պօղոս գրեց. «Քանի որ կ’ընդունինք անշարժ թագաւորութիւն մը, ամո՛ւր պահենք շնորհը, եւ այդ շնորհով ալ ծառայենք [«սրբազան Եբրայեցիս 12։28, Երուսաղէմ) Թագաւորութիւնը ժառանգելու վստահ ակնկալութեամբ, օծեալները հաւատքի մէջ անսասան կը մնան, մինչ կը ծառայեն Բարձրելոյն։ Միայն այն ատեն է որ Սրբութիւն մասին եւ Եհովայի հոգեւոր տաճարին ներքին գաւիթին մէջ կրնան իրեն սրբազան ծառայութիւն մատուցանել, իսկ անձկագին կը սպասեն որ Յիսուսի հետ ծառայեն Սրբութիւն Սրբութեանցին՝ ուղղակի երկնքին, մէջ։ Իրենց ընկերակիցները՝ ուրիշ ոչխարներու դասակարգը, իրենց ուրախակից կ’ըլլան այս սքանչելի յոյսին համար։—Եբրայեցիս 6։19, 20. 10։19-22
ծառայութիւն մատուցանենք», ՆԱ] Աստուծոյ, իրեն հաճելի ձեւով՝ ահով եւ դողով»։ (14. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչպէս կ’օգտուի Յիսուսի հանրային ծառայութենէն։
14 Ի՞նչ կրնանք ըսել ուրիշ ոչխարներու մասին։ Ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ, անոնցմէ մեծ բազմութիւն մը երեւան եկած է այս վերջին օրերուն մէջ, եւ ‘անոնք իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած’ են։ (Յայտնութիւն 7։14) Ասիկա կը նշանակէ թէ իրենց օծեալ հաւատակիցներուն նման, հաւատք կ’ընծայեն Յիսուսի մատուցած հանրային ծառայութեան, մարդկութեան ի նպաստ իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհելուն։ Ուրիշ ոչխարներն ալ Յիսուսի հանրային ծառայութենէն կ’օգտուին, այն բանով որ անոնք Եհովայի ‘ուխտին մէջ հաստատ կը կենան’։ (Եսայեայ 56։6) Անոնք նոր ուխտին մասնակիցներ չեն, բայց անոր մէջ հաստատ կը կենան, այն բանով որ անոր հետ առնչուած օրէնքները կը պահեն եւ անով եղած կարգադրութիւններուն կը համագործակցին։ Անոնք կ’ընկերակցին Աստուծոյ Իսրայէլին, անոնց հետ նոյն հոգեւոր սեղանէն կերակրուելով եւ անոր անդամներուն հետ համագործակցելով, հանրապէս Աստուած գովաբանելով եւ Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր զոհեր մատուցանելով։—Եբրայեցիս 13։15
15. Մեծ բազմութիւնը ո՞ւր սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանէ եւ այս օրհնութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ իրենց վրայ։
15 Հետեւաբար, մեծ բազմութիւնը կը տեսնուի ‘աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցած՝ ճերմակ հանդերձներ հագած’։ Ասկէ զատ, անոնք «Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ»։ Յայտնութիւն 7։9, 15) Իսրայէլի մէջ, նորահաւատները երկրպագութիւն կը մատուցանէին Սողոմոնի տաճարին դուրսի գաւիթին մէջ։ Նոյն կերպով, մեծ բազմութիւնը Եհովան կը պաշտէ իր հոգեւոր տաճարի դուրսի գաւիթին մէջ։ Հոն ծառայելը անոնց ուրախութիւն կը պատճառէ։ (Սաղմոս 122։1) Նոյնիսկ երբ իրենց օծեալ ընկերակիցներուն վերջինը իր երկնային ժառանգութիւնը ստանայ, անոնք պիտի շարունակեն Եհովայի սրբազան ծառայութիւն մատուցանել որպէս իր ժողովուրդը։—Յայտնութիւն 21։3
(Ընդունելի Չեղող Սրբազան Ծառայութիւն
16. Սրբազան ծառայութեան նկատմամբ ի՞նչ ազդարարութիւն տրուած է։
16 Վաղեմի Իսրայէլի օրերուն, սրբազան ծառայութիւնը Եհովայի օրէնքներուն համեմատ պէտք էր մատուցանուէր։ (Ելից 30։9. Ղեւտացւոց 10։1, 2) Նմանապէս ներկայիս, մեր սրբազան ծառայութիւնը Եհովայի ընդունելի ըլլալու համար պահանջներ կան։ Անոր համար Պօղոս Կողոսացիներուն գրեց. «Մենք ալ, . . . չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը»։ (Կողոսացիս 1։9, 10) Մեզի չիյնար որոշել Աստուած պաշտելու պատշաճ կերպը։ Սուրբ գրային ճշգրիտ գիտութիւնը, հոգեւոր ըմբռնումը եւ աստուածային իմաստութիւնը կենսական են։ Ապա թէ ոչ հետեւանքը կրնայ շատ աղիտալի ըլլալ։
17. (ա) Մովսէսի օրերուն, սրբազան ծառայութիւնը ի՞նչպէս խեղաթիւրուած էր։ (բ) Սրբազան ծառայութիւնը ի՞նչպէս կրնայ սխալ ուղղութիւն ստանալ ներկայիս։
17 Յիշեցէք Մովսէսի օրուան Իսրայելացիները։ Անոնց մասին կը կարդանք. «Աստուած ալ երես դարձուց ու թողուց զանոնք որ երկնքի աստղերը պաշտեն»։ (Գործք 7։42) Այդ Իսրայելացիները իրենց ի նպաստ Եհովայի գործերուն ականատես եղած էին։ Բայց անոնք ուրիշ աստուածներու դարձան, երբ խորհեցան որ ասիկա ի շահ իրենց պիտի ըլլար։ Անոնք հաւատարիմ չէին, եւ հաւատարմութիւնը պայման է, մեր սրբազան ծառայութիւնը Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար։ (Սաղմոս 18։25) Ճիշդ է որ ներկայիս հազուադէպ է որ անհատներ Եհովայէ հեռանան աստղեր կամ ոսկիէ հորթեր պաշտելու համար, բայց կռապաշտութեան տարբեր ձեւեր գոյութիւն ունին։ Յիսուս «Հարստութիւնը» պաշտելու դէմ զգուշացուց, իսկ Պօղոս ագահութիւնը կռապաշտութիւն կոչեց։ (Մատթէոս 6։24, ՆԱ. Կողոսացիս 3։5) Սատանան ինքզինք կը ջատագովէ որպէս աստուած։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Այս ձեւի կռապաշտութիւններ վերելքի մէջ են եւ որոգայթ մըն են։ Խորհեցէք, զոր օրինակ, անձի մը մասին որ կը դաւանի Յիսուսի հետեւիլ, բայց կեանքի մէջ իր իրական նպատակն է հարստանալ, կամ իր իրական վստահութիւնը դրած է իր անձին կամ իր գաղափարներուն վրայ։ Ան իրականութեան մէջ որո՞ւ կը ծառայէ։ Անիկա ո՞րքան տարբեր է Եսայիի օրուան Հրեաներէն, որոնք Եհովայի անունով երդում կ’ընէին, բայց անոր մեծ գործերը պիղծ կուռքերու կը վերագրէին։—Եսայեայ 48։1, 5
18. Անցեալին ու ներկայիս, սրբազան ծառայութիւնը ի՞նչպէս սխալ կերպով մատուցուած է։
18 Յիսուս զգուշացուց նաեւ. «Ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք [«ծառայութիւն», Անթիլիաս] կը մատուցանէ»։ (Յովհաննու 16։2) Սօղոս, որ Պօղոս առաքեալը եղաւ, անկասկած խորհեցաւ որ Աստուծոյ կը ծառայէր, երբ ‘կամակից եղաւ Ստեփանոսի սպաննուելուն’, եւ ‘Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ կը փչէր’։ (Գործք 7։59. 9։1) Ներկայիս, ազգատոհմային մաքրագործութիւն եւ ջարդեր կատարողներէն ոմանք ալ կը դաւանին Աստուած պաշտել։ Այո, շատեր կը դաւանին Աստուած պաշտել, բայց իրենց պաշտամունքը իրապէս ուղղուած է ազգայնականութեան, ցեղապաշտութեան, հարստութեան, անձնապաշտութեան եւ այլ աստուածներու։
19. (ա) Մեր սրբազան ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը դիտենք։ (բ) Սրբազան ծառայութեան ո՞ր տեսակը ուրախութիւն պիտի բերէ մեզի։
19 Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես»։ (Մատթէոս 4։10) Ան Սատանային կը խօսէր, բայց ո՛րքան կենսական է որ բոլորս ալ իր խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայենք։ Տիեզերքի Գերիշխան Տիրոջ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելը շատ վեհ ու երկիւղած առանձնաշնորհում մըն է։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել մեր պաշտամունքին կապուած հանրային ծառայութիւն մատուցանելու մասին։ Մարդ արարածին այսպիսի ծառայութիւն մատուցանելը հաճոյալի գործ մըն է որ մեծ ուրախութիւն կու տայ մեզի։ (Սաղմոս 41։1, 2. 59։16) Բայց, այսպիսի ծառայութիւններ իրական ուրախութիւն կը պատճառեն միա՛յն երբ բոլոր սրտով ու շիտակ կերպով մատուցանուին։ Որո՞նք իրապէս Աստուած կը պաշտեն պատշաճ կերպով։ Եհովա որո՞նց սրբազան ծառայութիւնը կ’ընդունի։ Այս հարցումներուն կրնանք պատասխանել, եթէ մեր պաշտամունքին կապակցաբար Աստուածաշունչին մէջ գործածուած երրորդ բառը նկատի առնենք։ Ասիկա պիտի ընենք յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 4 Քրիստոնեայ Աշխարհի ծիսակատարութիւնները՝ կա՛մ պաշտամունքի արարողութիւններ են, եւ կամ մասնայատուկ ծէսեր, ինչպէս Հաղորդութիւնը։
^ պարբ. 10 Գործք Առաքելոց 13։2–ի մէջ տեղեկացուած է որ Անտիոքի մէջ մարգարէներ եւ ուսուցիչներ «պաշտօնի» վրայ էին, կամ հանրային ծառայութիւն (լի·թուր·յիա–ի հետ առնչուած Յունարէն բառի մը թարգմանութիւնը) կը մատուցանէին Եհովայի։ Շատ հաւանական է որ այս հանրային ծառայութիւնը իր մէջ կը պարփակէր հանրութեան քարոզել։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Յիսուս հանրային ի՞նչ հոյակապ ծառայութիւն մատուցանեց։
• Քրիստոնեաները ի՞նչ հանրային ծառայութիւն կը մատուցանեն։
• Քրիստոնէական սրբազան ծառայութիւնը ի՞նչ է եւ անիկա ո՞ւր կը կատարուի։
• Մեր սրբազան ծառայութիւնը Աստուծոյ հաճելի ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ձեռք ձգենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 10]
Ծնողներ մեծ ուրախութիւն կը գտնեն՝ տալու մէջ
[Նկարներ՝ էջ 12, 13]
Քրիստոնեաներ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն, երբ ուրիշներուն կ’օգնեն եւ բարի լուրը կը քարոզեն
[Նկար՝ էջ 14]
Ճշգրիտ գիտութեան եւ հասկացողութեան կարիքը ունինք, վստահ ըլլալու համար թէ մեր սրբազան ծառայութիւնը Աստուծոյ ընդունելի է