Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը. ապրելակերպի դասագիրք մը

Աստուածաշունչը. ապրելակերպի դասագիրք մը

Աստուածաշունչը. ապրելակերպի դասագիրք մը

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, . . . կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբրայեցիս 4։12) Աստուծոյ Խօսքին իրագործման մասին եղած այս նկարագրութիւնը վստահաբար Աստուածաշունչը կը յատկորոշէ որպէս միմիայն լաւ գիրք մը ըլլալէն աւելին։

«Անոր պատգամը նոյնքան կենսական է մեր կեանքին համար, որքան մեր յաջորդ շունչը», գրեց համառօտաբար կրօնական նիւթերու մասին գրող մը։ Ապա աւելցուց. «Երբ առնէք ներկայիս բուժուելու մեր տենչը եւ կարիքը եւ այդ մտքով կարդաք Աստուածաշունչը, ապշեցուցիչ արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին»։ Պայծառօրէն փայլող ճրագի մը նման, Աստուածաշունչը լոյս կը սփռէ արդի ապրելակերպի բազմաթիւ բարդ հարցերու ու խնդիրներու վրայ։—Սաղմոս 119։105

Արդարեւ, Աստուածաշունչին մէջ արտայայտուած իմաստութիւնը զօրութիւն ունի մեր մտածելակերպը կաղապարելու, խնդիրներ լուծելու մէջ մեզի օգնելու, մեր կեանքին որակը բարելաւելու եւ մեր կողմէ փոխելը կարելի չեղող կացութիւններուն հետ գլուխ ելլելու հմտութիւններով մեզ զինելու։ Ամենէն կարեւորը, Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ որ Աստուած ճանչնանք ու սիրենք։

Նպատակ Տուող Գիրք մը

Աստուածաշունչին Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած, ‘մեր բոլոր ճամբաները գիտէ’։ Ինք մեզմէ աւելի լաւ գիտէ մեր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր կարիքները։ (Սաղմոս 139։1-3) Կարեկցաբար, մարդկային վարուելակերպին համար որոշ սահմանափակումներ կը դնէ։ (Միքիայ 6։8) Խոհեմութիւն է ջանալ հասկնալ այդ սահմանափակումները եւ ուղղութիւնները եւ սորվիլ անոնց համաձայն ապրիլ։ Երանելի է այն մարդը որու «հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է», կ’ըսէ սաղմոսերգուն։ «Ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ (Սաղմոս 1։1-3) Այսպիսի հեռանկար մը վստահաբար նկատի առնուելու արժանի է։

Մորիս՝ թոշակառու ուսուցիչ մը, միշտ կը հաւատար որ Աստուածաշունչը պատմական եւ գրական որոշ արժէք մը ունի։ Բայց անիկա աստուածային ներշնչման արդիւնքը ըլլալուն վրայ կասկած ունէր։ Աստուած իր գրաւոր Խօսքը ինչո՛ւ մարդոց տուած ըլլալուն մասին բացատրութիւն մը լսելէն ետք, Մորիս քննեց Աստուածաշունչի տարբեր մարգարէութիւնները։ Իր երիտասարդութեան, ան հին պատմութիւն, գրականութիւն, գիտութիւն եւ աշխարհագրութիւն ուսումնասիրած էր։ Ան կ’ընդունի որ ինքզինք շատ խելացի կը գտնէր ընդունելու համար Աստուածաշունչի վաւերական ըլլալուն նեցուկ կանգնող բազմաթիւ օրինակները։ «Հանգստաւէտ կեանքի, հարստութեան եւ կեանքի հաճոյքներու կոյր վազքով տարուած էի։ Դժբախտաբար անտեղեակ եւ տգէտ մնացի ցարդ գրուած մեծագոյն գրքին գեղեցկութեան եւ արժանահաւատութեան նկատմամբ»։

Հիմա որ 70 տարիքի մէջ է, Մորիս ակնարկութիւն ընելով Թովմաս առաքեալի Յիսուսի երեւնալուն, ան երախտագիտութեամբ կ’ըսէ. «Իմ ձեռքերս առաջնորդուեցան ‘արիւնոտ վէրքերուն’, որ յաւիտեան իմ մտքէս պիտի վանէ Աստուածաշունչի զուտ ճշմարտութիւն ըլլալուն մասին որեւէ կասկած»։ (Յովհաննու 20։24-29) Ճիշդ ինչպէս Պօղոս առաքեալ տեղին ըլլալով ըսաւ, Աստուածաշունչը անհատի մը սրտին դիտաւորութիւնները երեւան կը հանէ եւ կեանքին իմաստ մը կու տայ։ Անիկա իրապէս ապրելակերպի դասագիրք մըն է։

Վրդոված Կեանքի մը Կայունութիւն կու Տայ

Աստուածաշունչը նաեւ խրատներ կու տայ, որոնք մարդոց կ’օգնեն որ գէշ սովորութիւններէ ձերբազատուին։ Տանիէլ կրցաւ ծխելու անմաքուր սովորութեան, ինչպէս նաեւ անսանձ հաւաքոյթներու եւ ոգելից ըմպելիներու չափազանց գործածութեան հետ գլուխ ելլել։ (Հռովմայեցիս 13։13. Բ. Կորնթացիս 7։1. Գաղատացիս 5։19-21) Իրապաշտ ըլլալու համար, այսպիսի սովորութիւններ արմատախիլ ընելն ու «նոր անձնաւորութիւն»ը հագնիլը վճռական ջանքի կը կարօտին։ (Եփեսացիս 4։22-24, ՆԱ) Տանիէլ կ’ըսէ. «Անիկա դժուար էր, քանի որ շատ անկատար ենք»։ Այսուհանդերձ, ան յաջողեցաւ։ Հիմա Տանիէլ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կը կարդայ եւ անիկա կ’օգնէ որ Եհովայի մօտ զգայ։

Իր երիտասարդութեան Տանիէլ միշտ խոր յարգանք ունեցած էր Աստուածաշունչին հանդէպ՝ հակառակ անոր որ զայն բնաւ կարդացած չէր՝ եւ ամէն գիշեր Աստուծոյ կ’աղօթէր։ Բայց պակասութիւն մը կը զգար։ Ուրախութիւնը իրմէ խոյս կու տար։ Իր կեանքին մէջ դարձակէտ մը եղաւ, երբ առաջին անգամ Աստուծոյ անունը տեսաւ Աստուածաշունչին մէջ։ (Ելից 6։3. Սաղմոս 83։18) Անկէ ետք, աղօթելու ատեն ան սկսաւ Եհովայի անունը գործածել եւ իր աղօթքները աւելի անձնական դարձան։ «Եհովան ամենէն մտերիմ անձը եղաւ ինծի համար եւ տակաւին իմ ամենամտերիմ բարեկամս է»։

Աստուածաշունչը ուսումնասիրելէ առաջ, Տանիէլի համար ապագան մռայլ էր։ Ան կ’ըսէ. «Շատ խելացի ըլլալու հարկ չկայ տեսնելու համար աշխարհի անցուդարձերը։ Ես վախ ունէի, եւ ինքզինքս զբաղած կը պահէի, որպէսզի անոր մասին մտածելու ժամանակ չունենամ»։ Ապա ան սորվեցաւ որ Աստուած բոլորին համար արդարութիւն պիտի հաստատէ մաքրուած երկրի մը վրայ, ուր հնազանդ մարդիկ պիտի կարենան յաւիտեան խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն վայելել։ (Սաղմոս 37։10, 11. Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 21։3, 4) Հիմա Տանիէլ վստահ յոյս մը ունի։ Աստուածաշունչի կայունութիւն տուող ազդեցութիւնը իրեն կ’օգնէ որ կեանքի հանդէպ դրական տեսակէտ մը ունենայ։

Զգացական Խնդիրներ Յաղթահարելու Համար Օգնութիւն

Ճորճ եօթը տարեկան էր երբ մայրը մահացաւ։ Ան գիշերը կը վախնար քնանալու, չգիտնալով որ յաջորդ օրը պիտի զարթնէր թէ ոչ։ Ապա ան կարդաց մահուան եւ յարութեան մասին Յիսուսի ըսածը. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերն ալ իր սրտին դպան. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ (Յովհաննու 5։28, 29. 11։25) Այսպիսի խորհուրդներ բանաւոր, տրամաբանական եւ մխիթարական թուեցան։ Ճորճ կ’ըսէ. «Այս ճշմարտութիւնը ո՛չ միայն մտքին հաճելի է, այլ նաեւ սրտին կը դպչի»։

Նախապէս յիշուած Տանիէլն ալ վախ ունէր։ Իր մայրը առանձին ըլլալով չէր կրնար զինք ապրեցնել, ուստի ան բազմաթիւ խնամատար ընտանիքներու մէջ ապրեցաւ։ Ան միշտ ինքզինք օտար կը զգար եւ կարօտը ունէր սիրալիր ընտանիքի մը պատկանելու ապահովութեան։ Վերջապէս իր փնտռածը գտաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ։ Տանիէլ Եհովայի Վկաներու քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցեցաւ եւ հոգեւոր ընտանիքի մը մաս կազմեց, ուր ընդունուած ու սիրուած ըլլալու փորձառութիւնը զգաց։ Արդարեւ, Աստուածաշունչի օգտակարութիւնը թէ՛ գործնական եւ թէ զգացականօրէն գոհացուցիչ է։

Մի՛ մոռնաք որ Եհովա կը տեսնէ մեր սրտին մէջինը եւ գիտէ թէ ի՛նչ կը փնտռենք։ Աստուած «սրտերը կը կշռէ» եւ ամէն մէկուն «իր ճամբաներուն համեմատ» կու տայ։—Առակաց 21։2. Երեմեայ 17։10

Ընտանեկան Կեանքի Մասին Գործնական Խրատներ

Մարդկային յարաբերութեանց վերաբերող հարցերուն մէջ Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կու տայ։ Ճորճ կ’ըսէ. «Անձնաւորութեան բախումները կամ թիւրիմացութիւնները կեանքի ամենէն ընկճող կացութիւններուն մաս կը կազմեն»։ Ան ի՞նչպէս ձեռք կ’առնէ զանոնք։ «Երբ զգամ որ մէկը ինծի դէմ բան մը ունի, ուղղակի Մատթէոս 5։23, 24–ի խրատը կը գործադրեմ՝ ‘Եղբօրդ հետ խաղաղութիւն ըրէ’։ Խնդրին մասին խօսիլը ինքնին իրապէս արդիւնք կու տայ։ Կը զգամ Աստուածաշունչին խօսած Աստուծոյ խաղաղութիւնը։ Արդիւնքը զգալի կ’ըլլայ. շա՛տ գործնական է»։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7

Երբ տէր եւ տիկին անհամաձայն ըլլան, երկուքն ալ պէտք է «արագ ըլլան լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ (Յակոբու 1։19) Այս խրատը հաղորդակցութեան կը նպաստէ։ Ճորճ կ’աւելցնէ. «Երբ սիրելու եւ կնոջս հետ իմ անձիս նման վարուելու խրատը կիրարկեմ՝ արդիւնքը անմիջապէս կը տեսնեմ։ Իրեն համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ զիս յարգել»։ (Եփեսացիս 5։28-33) Այո, Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս մեր անկատարութիւններուն գիտակցիլ ու անոնց վրայ աշխատիլ, եւ ի՛նչպէս ուրիշներուն անկատարութիւններուն հետ յաջողութեամբ գլուխ ելլել։

Խրատներ Որոնք Այժմէական Են

Իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը ըսաւ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ (Առակաց 3։5, 6) Այս խօսքերը որքա՜ն պարզ՝ բայց խորունկ են։

Աստուածաշունչը դէպի բարին մղող ոյժ մըն է։ Անիկա Աստուած սիրողներուն կ’օգնէ որ իրենց կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակեն եւ ‘Եհովայի օրէնքին մէջ քալելով’ ուրախութիւն գտնեն։ (Սաղմոս 119։1) Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, Աստուածաշունչը մեզի հարկ եղող ուղղութիւնը եւ խրատները կու տայ։ (Եսայեայ 48։17, 18) Զայն կարդացէք ամէ՛ն օր, ձեր կարդացածին մասին խորհեցէ՛ք ու կիրարկեցէ՛ք։ Անիկա ձեր միտքը անպղտոր պիտի պահէ եւ մաքուր ու օգտակար բաներուն վրայ պիտի կեդրոնացնէ։ (Փիլիպպեցիս 4։8, 9) Պիտի սորվիք ո՛չ միայն ապրիլ ու կեանքը վայելել, այլ նաեւ՝ կեանքի Ստեղծիչը սիրել։

Այսպիսի ընթացքի մը հետեւելով, Աստուածաշունչը ձեզի համար միմիայն գիրքէ մը աւելին պիտի ըլլայ, ինչպէս եղած է միլիոնաւոր ուրիշներուն համար։ Անիկա ի՛րապէս ապրելակերպի դասագիրք մը պիտի ըլլայ։

[Նկար՝ էջ 6]

Վնասակար սովորութիւններ նուաճելու համար Աստուածաշունչը ձեր վճռակամութիւնը կրնայ զօրացնել

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուածաշունչը ձեզի կը սորվեցնէ ի՛նչպէս Աստուծոյ մօտիկ ըլլաք