Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը. արժեւորուած եւ թաքցուած

Աստուածաշունչը. արժեւորուած եւ թաքցուած

Աստուածաշունչը. արժեւորուած եւ թաքցուած

«Պիտի փափաքէի որ սրբազան գրքերը բոլոր լեզուներու թարգմանուէին», գրեց ԺԶ. դարու վաստակաւոր Հոլանտացի ուսումնական Տեսիտէրիոս Երասմոսը։

ԵՐԱՍՄՈՍԻ սրտի մեծագոյն փափաքն էր որ ամէն ոք կարենար Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ հասկնալ։ Բայց Աստուածաշունչի հակառակորդները բուռն կերպով մերժեցին այս գաղափարը։ Արդարեւ, այդ ժամանակուան Եւրոպան չափազանց վտանգաւոր վայր մըն էր ոեւէ անձի համար, որ նոյնիսկ քիչ մը հետաքրքրութիւն ունէր Աստուածաշունչի բովանդակութեան հանդէպ։ Անգլիոյ մէջ, խորհրդարանական օրէնք մը հաստատուեցաւ որ կ’ըսէր. «Ամէն ով որ Սուրբ Գիրքը Անգլերէնով կարդայ, իր ունեցած–չունեցածը եւ կեանքը պէտք է կորսնցնէ . . . եւ եթէ իրենց ներում շնորհուելէն ետք յամառօրէն շարունակեն, նախ պէտք է կախուին՝ թագաւորին դէմ դաւաճանութեան յանցանքով, ապա այրուին, Աստուծոյ դէմ հերետիկոսութեան յանցանքով»։

Եւրոպական ցամաքամասին վրայ, Կաթողիկէ Հաւատաքննութիւնը անգթօրէն «հերետիկոսական» աղանդներուն ետեւէն ինկած էր՝ ինչպէս Ֆրանսացի Վալդէնսեանները, եւ զանոնք կը հալածէր, քանի որ անոնք սովորութիւն ունէին քարոզելու «աւետարանները եւ առաքեալներուն նամակները եւ ուրիշ սրբազան գրութիւններ, . . . որովհետեւ քարոզելը եւ Սուրբ Գրքին հետ շփման մէջ գալը բացարձակապէս արգիլուած էր աշխարհիկ մարդոց»։ Անհամար տղամարդիկ եւ կիներ Աստուածաշունչին հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյն պատճառաւ անտանելի տանջանքներու եւ մահուան ենթարկուեցան։ Անոնք ամենախիստ պատիժներու ենթարկուեցան, պարզ անոր համար որ Տէրունական Աղօթքը կամ Տասը Պատուիրանները կը կրկնէին եւ զանոնք իրենց զաւակներուն կը սորվեցնէին։

Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ այսպիսի նուիրում մը շարունակեց վառ մնալ բազմաթիւ ուղեւորներու սրտին մէջ, որոնք Հիւսիսային Ամերիկան գաղութացնելու գացին։ Սկիզբը Ամերիկայի մէջ «ընթերցանութիւնը եւ կրօնքը ուղղակի ընդելուզուած էին, սահմանելով քաղաքակրթութիւն մը որ ամբողջովին ընտելացած էր Աստուածաշունչին», կ’ըսէ՝ Անձնական Կեանքի Պատմութիւն մը—Վերածնունդի Տենչերը խորագրով գիրքը (Անգլերէն)։ Արդարեւ, 1767–ին Պոսթոնի մէջ հրատարակուած քարոզ մը կ’ըսէր. «Սուրբ Գիրքը կարդալու մէջ ջանադիր եղէք։ Ամէն առտու եւ ամէն իրիկուն ձեր Աստուածաշունչէն գլուխ մը պէտք է կարդաք»։

Գալիֆորնիոյ Վենդուրայի մէջ՝ Պարնա Րիսըրչ Կրուփ–ին համաձայն, Ամերիկացիներուն աւելի քան 90 տոկոսը, միջին հաշուով երեք Աստուածաշունչ ունի։ Վերջնագոյն ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ սակայն, որ թէեւ Աստուածաշունչը տակաւին հոն շատ յարգուած է, բայց «զայն կարդալու, ուսումնասիրելու ու կիրարկելու համար ժամանակ յատկացնելը . . . անցեալին կը պատկանի»։ Շատեր մակերեսային գաղափար մը ունին անոր պարունակութեան մասին։ Օրաթերթի թղթակից մը դիտել տուաւ. «Գրեթէ կորսուած է այն գաղափարը թէ [Աստուածաշունչը] տակաւին կրնայ ընթացիկ խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն վրայ անմիջական ազդեցութիւն մը ունենալ»։

Աշխարհիկ Մտածելակերպի Ալիքը

Ժողովրդական կարծիքը այն է թէ կրնանք կեանքին մէջ յաջողակ ըլլալ միմիայն բանականութեամբ եւ մարդկային համագործակցութեամբ։ Աստուածաշունչը նկատուած է պարզապէս կրօնական գաղափարներու եւ անձնական փորձառութիւններու մասին խօսող բազմաթիւ գրքերէն մէկը՝ եւ ո՛չ թէ որպէս իրողութիւններու ու ճշմարտութեան գիրք մը։

Ուստի, մարդիկ ի՞նչպէս ձեռք կ’առնեն կեանքի հետզհետէ աւելի բարդ ու վրդովեցուցիչ հարցերը։ Անոնք հոգեւոր պարապութիւն մը ունին, առանց բարոյական եւ կրօնական հաստատուն ուղեգծերու եւ առաջնորդութեան։ Անոնք անղեկ նաւերու նման են, «ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը»։—Եփեսացիս 4։14

Ուստի պէտք է հարցնենք. Արդեօք Աստուածաշունչը պարզապէս կրօնական գի՞րք մըն է, թէ ոչ իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է, որ գործնական եւ կենսական տեղեկութիւն կը պարունակէ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչը մեր նկատողութեան արժանի՞ է։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ այս հարցումները։

[Նկար՝ էջ 3]

Տեսիտէրիոս Երասմոս

[Նկարին աղբիւրը]

From the book Deutsche Kulturgeschichte

[Նկար՝ էջ 4]

Վալդէնսեանները հալածուած էին, քանի որ Սուրբ Գիրքէն կը քարոզէին

[Նկարին աղբիւրը]

Stichting Atlas van Stolk, Rotterdam