Եհովայի վերյիշեցումները շատ կը սիրէ՞ք
Եհովայի վերյիշեցումները շատ կը սիրէ՞ք
«Իմ անձս քու վկայութիւններդ [«վերյիշեցումներդ», ՆԱ] պահեց ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ»։—ՍԱՂՄՈՍ 119։167
1. Մասնաւորաբար ո՞ւր կրկնակի անգամ ակնարկուած են Եհովայի վերյիշեցումները։
ԵՀՈՎԱ կ’ուզէ որ իր ծառաները ուրախ ըլլան։ Իրական ուրախութիւն վայելելու համար, անշուշտ Աստուծոյ օրէնքին մէջ պէտք է քալենք եւ իր հրամանները պահենք։ Այդ նպատակաւ, մեզի վերյիշեցումներ կու տայ։ Ասոնք յաճախակի կրկնուած են Սուրբ Գրքին, մանաւանդ՝ 119–րդ Սաղմոսին մէջ, որ հաւանաբար Յուդայի երիտասարդ Իշխանին՝ Եզեկիայի կողմէ յօրինուած էր։ Այս գեղեցիկ երգը կը սկսի հետեւեալ բառերով՝ «Երանի՜ ճամբով անբիծներուն, որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն։ Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները [«վերյիշեցումները», ՆԱ] կը պահեն ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն»։—Սաղմոս 119։1, 2
2. Աստուծոյ վերյիշեցումները ի՞նչ կապ ունին ուրախութեան հետ։
2 ‘Եհովայի օրէնքին մէջ կը քալենք’ իր Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով եւ զայն մեր կեանքին մէջ կիրարկելով։ Բայց քանի որ անկատար ենք, վերյիշեցումներու պէտք ունինք։ «Վերյիշեցումներ» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կը նշէ թէ Աստուած իր օրէնքները, հրամանները, պատուիրանները եւ կանոնները ետ մեր միտքը կը բերէ։ (Մատթէոս 10։18-20) Այս վերյիշեցումները միայն շարունակաբար պահելով է որ ուրախ կը մնանք, քանի որ անոնք կ’օգնեն որ հոգեւոր որոգայթներէն խուսափինք, որոնք չարիք ու վիշտ կը բերեն։
Եհովայի Վերյիշեցումներուն Յարինք
3. Սաղմոս 119։60, 61–ի հիման վրայ, ի՞նչ վստահութիւն ունինք։
3 Աստուծոյ վերյիշեցումները սիրելի էին սաղմոսերգուին, որ երգեց. «Քու պատուիրանքներդ պահելու արտորացի ու չուշացայ։ Ամբարիշտներուն լարերը զիս պատեցին, բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ»։ (Սաղմոս 119։60, 61, ստորանիշ) Եհովայի վերյիշեցումները մեզի կ’օգնեն որ հալածանքի տոկանք, քանի որ վստահ ենք որ մեր երկնաւոր Հայրը կրնայ մեզ արգելափակել ուզող թշնամիին լարերը կտրել։ Յարմար ժամանակին, ան մեզ կ’ազատէ այդ արգելքներէն, որպէսզի շարունակենք Թագաւորութիւնը քարոզել։—Մարկոս 13։10
4. Աստուծոյ վերյիշեցումներուն ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։
4 Երբեմն, Եհովայի վերյիշեցումները մեզ կը սրբագրեն։ Թող որ այս սրբագրութիւնները միշտ գնահատենք, սաղմոսերգուին նման։ Ան աղօթքով Աստուծոյ ըսաւ. «Քու վերյիշեցումներդ իմ ուրախութիւնս [են] . . . ես քու վերյիշեցումներդ կը սիրեմ»։ (Սաղմոս 119։24, 119, ՆԱ) Մենք Աստուծոյ վերյիշեցումները շատ աւելի ունինք քան ինչ որ սաղմոսերգուն ունէր։ Եբրայերէն Գրութիւններէն եղած հարիւրաւոր մէջբերումները, որոնք կը գտնենք Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, մեզի կը յիշեցնեն ո՛չ միայն Օրէնքին ներքեւ իր ժողովուրդին Եհովայի տուած հրահանգները, այլ նաեւ՝ քրիստոնէական ժողովքին նկատմամբ իր նպատակները։ Երբ Աստուած հարկ տեսնէ իր օրէնքներուն կապակցաբար բաներ յիշեցնել մեզի, մենք ուրախ կ’ըլլանք այս ուղղութեան համար։ Իսկ ‘Եհովայի վերյիշեցումներուն յարելով’, կը խուսափինք մեր Ստեղծիչը տհաճեցնող ու մեր ուրախութիւնը խլող մեղանչական հրապոյրներէն։—Սաղմոս 119։31, ՆԱ
5. Եհովայի վերյիշեցումները ի՞նչպէս կրնանք աւելի շատ սիրել։
5 Եհովայի վերյիշեցումները ո՞րքան պէտք է սիրենք։ «Իմ անձս քու վերյիշեցումներդ պահեց ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ»։ (Սաղմոս 119։167, ՆԱ) Եհովայի վերյիշեցումները շատ կը սիրենք, եթէ զանոնք նկատենք որպէս մեզի իրապէս հոգ տանող Հօր մը կողմէ տրուած խրատներ։ (Ա. Պետրոս 5։6, 7) Իր վերյիշեցումներուն պէտք ունինք եւ անոնց հանդէպ մեր սէրը պիտի աւելնայ, երբ տեսնենք անոնց օգուտները։
Ինչո՛ւ Աստուծոյ Վերյիշեցումներուն Կարիքը Ունինք
6. Եհովայի վերյիշեցումներուն կարիքը ունենալուն պատճառներէն մէկը ի՞նչ է, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ զանոնք յիշենք։
6 Մեր մոռացկոտութիւնը պատճառներէն մէկն է թէ ինչո՛ւ Եհովայի վերյիշեցումներուն կարիքը ունինք։ Տը Ուըրլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կ’ըսէ. «Ընդհանրապէս, որքան ժամանակ անցնի, մարդիկ աւելի կը մոռնան։ . . . Հաւանաբար պատահած է որ չէք կրցած ձեր լեզուին տակը եղող անուն մը կամ տեղեկութիւն մը յիշել։ . . . Յիշողութեան այսպիսի ժամանակաւոր կորուստ՝ որ յաճախ կը պատահի, կոչուած է ուղղելի թերացում։ Գիտնականներ զայն տակնուվրայ սենեակի մը մէջ իր տեղը չդրուած առարկայ մը գտնել ջանալուն կը նմանցնեն։ . . . Տեղեկութիւն մը վստահօրէն վերյիշելու լաւ կերպ մըն է զայն ուսումնասիրել՝ կատարելապէս գիտնալ խորհելէդ երկար ժամանակ ետք»։ Ջանադիր ուսումնասիրութիւնը եւ կրկնութիւնը մեզի պիտի օգնեն որ Աստուծոյ վերյիշեցումները մտաբերենք եւ զանոնք կատարենք՝ մեր օգտին համար։
7. Ինչո՞ւ որեւէ ատենէ աւելի ներկայիս Աստուծոյ վերյիշեցումներուն կարիքը ունինք։
7 Ներկայիս որեւէ ատենէ աւելի կարիքը ունինք Եհովայի վերյիշեցումներուն, քանի որ ամբարշտութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ Սաղմոս 119։99-101, ՆԱ) Աստուծոյ վերյիշեցումները պահելով, «ամէն գէշ ճամբայէ» ետ պիտի կենանք եւ պիտի չնմանինք մարդոց մեծամասնութեան, «որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն»։—Եփեսացիս 4։17-19
ամենաբարձր համեմատութիւններու հասած է։ Եթէ Աստուծոյ վերյիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայենք, աշխարհի ամբարիշտ դրութեամբ հրապուրուելէն խուսափելու համար հարկ եղած ներատեսութիւնը կրնանք ձեռք ձգել։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ, վասն զի քու վերյիշեցումներդ իմ մտածութիւնս են։ Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ, վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։ Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի, որպէս զի քու խօսքդ պահեմ»։ (8. Հաւատքի փորձութիւնները յաջողութեամբ դիմագրաւելու համար ի՞նչպէս կրնանք աւելի լաւ պատրաստուիլ։
8 Աստուծոյ վերյիշեցումներուն կարիքը ունինք, քանի որ անոնք մեզ կը զօրացնեն որ այս «վերջին ժամանակ»ի փորձութիւններուն տոկանք։ (Դանիէլ 12։4) Առանց այս վերյիշեցումներուն, ‘մոռցող ունկնդիրներ’ կ’ըլլանք։ (Յակոբու 1։25) Բայց «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած գրականութիւններուն օգնութեամբ Սուրբ Գիրքը անձնապէս ու ժողովքով ջանադրութեամբ ուսումնասիրելը մեզի պիտի օգնէ որ հաւատքի փորձութիւնները յաջողութեամբ դիմագրաւենք։ (Մատթէոս 24։45-47) Այսպիսի հոգեւոր հայթայթումներ մեզի կ’օգնեն որ երբ փորձիչ պարագաներու մէջ գտնուինք, կարենանք տեսնել թէ ի՛նչ բան հաճելի է Եհովայի։
Մեր Ժողովներուն Կենսական Դերը
9. Որո՞նք են ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ եւ անոնք ի՞նչպէս կ’օգնեն իրենց հաւատակիցներուն։
9 Աստուծոյ վերյիշեցումներուն մեր կարիքը մասամբ կը գոհացուի քրիստոնէական ժողովներով, ուր նշանակուած եղբայրներու կողմէ ուսուցում կը տրուի։ Պօղոս առաքեալ գրեց որ երբ Յիսուս «բարձրը ելաւ, գերիներ տանելով իր հետ եւ տղամարդիկ որպէս պարգեւներ տուաւ»։ Պօղոս աւելցուց. «[Քրիստոս] մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու ուսուցանողներ. սուրբերուն վերաճշդումին համար, ծառայութեան գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար»։ (Եփեսացիս 4։8, 11, 12, ՆԱ) Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ երբ պաշտամունքի համար կը հաւաքուինք, ‘որպէս պարգեւ տրուած այս տղամարդիկը’՝ նշանակուած երէցները՝ մեր ուշադրութիւնը կը դարձնեն Եհովայի վերյիշեցումներուն։
10. Եբրայեցիս 10։24, 25–ի գլխաւոր կէտը ի՞նչ է։
10 Աստուածային հայթայթումներուն հանդէպ երախտագիտութիւնը պիտի մղէ մեզ որ ամէն շաբաթ մեր հինգ ժողովներուն ներկայ գտնուինք։ Կանոնաւորաբար հաւաքուելու կարիքը շեշտեց Պօղոս։ Ան գրեց. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։—Եբրայեցիս 10։24, 25
11. Մեր շաբաթական իւրաքանչիւր ժողովէն ի՞նչպէս կ’օգտուինք։
11 Կը գնահատէ՞ք մեր ժողովներուն մեզի տուած օգուտը։ Շաբաթական Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը Ա. Կորնթացիս 2։12. Գործք 15։31) Հանրային Ժողովին, դասախօսներ ուսուցում կը մատակարարեն Աստուծոյ Խօսքէն, Եհովայի վերյիշեցումներն ու Յիսուսի «յաւիտենական կեանքի խօսքեր»ն ալ ներառելով։ (Յովհաննու 6։69. 7։46. Մատթէոս 5։1–7։29) Սորվեցնելու մեր հմտութիւնը կը սրի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ։ Ծառայութեան Ժողովը շատ արժէքաւոր օգնութիւն կը մատուցանէ մեզի, որպէսզի բարի լուրը տունէ տուն ներկայացնելու, վերայցելութիւններու, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններու եւ ծառայութեան ուրիշ մարզերու մէջ բարելաւուինք։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ պզտիկ խումբերը մեզի աւելի մեծ պատեհութիւն կու տան արտայայտուելու, որոնք յաճախ Աստուծոյ վերյիշեցումներուն հետ կապ ունին։
մեր հաւատքը կը զօրացնէ, մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի վերյիշեցումներուն ենթարկուինք եւ «աշխարհի հոգի»ին դէմ մեզ կը զինէ։ (12, 13. Ասիական երկրի մը մէջ, Աստուծոյ ծառաները քրիստոնէական ժողովներու հանդէպ իրենց գնահատութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուած են։
12 Ժողովքային հանդիպումներուն կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ Աստուծոյ պատուիրանները, եւ կ’օգնէ որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնանք պատերազմներու, տնտեսական դժուարութիւններու եւ մեր հաւատքի ուրիշ փորձութիւններու դիմաց։ Ժողովներու կարեւորութեան սուր կերպով գիտակցեցան ասիական երկրէ մը շուրջ 70 եղբայրներ, որոնք իրենց տուներէն հանուեցան եւ պարտադրուեցան անտառներու խորը ապրիլ։ Վճռած ըլլալով կանոնաւորաբար իրարու քով հաւաքուիլ, անոնք վերադարձան պատերազմով պառակտուած իրենց քաղաքը, քանդեցին ինչ որ մնացած էր Թագաւորութեան Սրահէն եւ զայն վերաշինեցին անտառին մէջ։
13 Նոյն քաղաքին ուրիշ մէկ մասին մէջ, տարիներ պայքարներու տոկալէ ետք, Եհովայի ծառաները տակաւին եռանդով կը ծառայեն։ Այդ շրջանի երէցներէն մէկուն հարցուեցաւ. «Ի՞նչ բան ամենէն շատ նպաստեց, որպէսզի եղբայրները իրենց միասնութիւնը պահեն»։ Ան պատասխանեց. «19 տարուան մէջ, մենք բնա՛ւ ժողով մը չենք փախցուցած։ Երբեմն ռմբակոծութեան կամ ուրիշ դժուարութիւններու պատճառաւ կարգ մը եղբայրներ չէին կրնար ժողովներու գալ, բայց մենք բնաւ ժողով մը չեղեալ չըրինք»։ Այս սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը վստահաբար կը գնահատեն՝ ‘մէկտեղ հաւաքուիլը չթողելու’ կարեւորութիւնը։
14. Տարեց Աննայի սովորութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
14 84 տարեկան որբեւարի Աննան «տաճարէն չէր զատուեր»։ Այս պատճառաւ ալ ինք ներկայ էր երբ Յիսուս մանուկը իր ծնունդէն քիչ ետք հոն բերուեցաւ։ (Ղուկաս 2։36-38) Դուք ալ որոշա՞ծ էք ժողովները չփախցնել։ Ձեր լաւագոյնը կը ջանա՞ք ընել որ մեր համաժողովներու բոլոր նիստերուն ներկայ գտնուիք։ Այս հաւաքոյթներուն մէջ մեր ստացած հոգեւորապէս օգտաւէտ ուսուցումը յստակ ապացոյց մըն է թէ մեր երկնաւոր Հայրը հոգ կը տանի իր ժողովուրդին։ (Եսայեայ 40։11) Այսպիսի առիթներ ուրախութիւն ալ կու տան, եւ մեր ներկայութիւնը ցոյց կու տայ որ Եհովայի վերյիշեցումները կը գնահատենք։—Նէեմեայ 8։5-8, 12
Եհովայի Վերյիշեցումներով Զատուած
15, 16. Եհովայի վերյիշեցումները պահելը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր վարմունքին։
15 Աստուծոյ վերյիշեցումները պահելը մեզի կ’օգնէ որ այս ամբարիշտ աշխարհէն զատուած ըլլանք։ Օրինակ, Աստուծոյ վերյիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայելը մեզ ետ կը պահէ սեռային անբարոյութենէ։ (Բ. Օրինաց 5։18. Առակաց 6։29-35. Եբրայեցիս 13։4) Աստուածային վերյիշեցումներուն ենթարկուելով, ստելու, անպարկեշտ ըլլալու կամ գողնալու փորձութիւնը յաջողապէս կրնանք նուաճել։ (Ելից 20։15, 16. Ղեւտացւոց 19։11. Առակաց 30։7-9. Եփեսացիս 4։25, 28. Եբրայեցիս 13։18) Եհովայի վերյիշեցումները պահելը մեզ ետ կը պահէ նաեւ վրէժ առնելէ, ոխ պահելէ, կամ անհատ մը զրպարտելէ։—Ղեւտացւոց 19։16, 18. Սաղմոս 15։1, 3
16 Աստուծոյ վերյիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայելով, իր ծառայութեան համար սրբագործուած՝ այսինքն զատուած կ’ըլլանք։ Իսկ որքա՛ն կարեւոր է զատուած մնալ այս աշխարհէն։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը մատուցած աղօթքի մը մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն համար հետեւեալ խնդրանքը մատուցանեց. «Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննու 17։14-17) Շարունակենք գուրգուրալ Աստուծոյ Խօսքին վրայ, որ մեզ կը զատէ իր սրբազան ծառայութեան համար։
17. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ անտեսենք Աստուծոյ վերյիշեցումները. ուստի, ի՞նչ պէտք է ընենք։
17 Որպէս Եհովայի ծառաներ, կ’ուզենք ընդունելի մնալ իր ծառայութեան համար։ Սակայն, եթէ անտեսենք Աստուծոյ վերյիշեցումները, այս աշխարհի հոգին կրնայ մեզ նուաճել, որ բացայայտ է սովորաբար անոր խօսակցութեան, գրականութեան, զբօսանքին եւ վարմունքին մէջ։ Իսկ վստահաբար չենք ուզեր ըլլալ դրամասէր, ամբարտաւան, հպարտ, ապերախտ, անսուրբ, դաժանաբարոյ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր, յիշելու համար Աստուծմէ օտարացած անհատներու նկարագրի գծերէն միայն քանի մը հատը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Քանի որ իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն մէջ խիստ յառաջացած ենք, աղօթենք որ Աստուած օգնէ մեզի, որպէսզի կարենանք շարունակել Եհովայի վերյիշեցումները պահել եւ այս կերպով ‘իր խօսքին համեմատ անոր զգուշութիւն ընել’։—Սաղմոս 119։9
18. Աստուծոյ վերյիշեցումները պահելը պատճառ պիտի ըլլայ որ դրական ի՞նչ քայլեր առնենք։
18 Եհովայի վերյիշեցումները միայն մեր չընելիք բաներուն դէմ մեզ զգուշացնելով չեն գոհանար։ Իր վերյիշեցումները պահելը պիտի մղէ մեզ որ դրական արարքներ ընենք, անվերապահօրէն Եհովայի վստահինք եւ զինք սիրենք մեր բոլոր սրտով, հոգիով, մտքով ու զօրութիւնով։ (Բ. Օրինաց 6։5. Սաղմոս 4։5. Առակաց 3։5, 6. Մատթէոս 22։37. Մարկոս 12։30) Աստուծոյ վերյիշեցումները նաեւ կը մղեն մեզ որ մեր դրացին սիրենք։ (Ղեւտացւոց 19։18. Մատթէոս 22։39) Մանաւանդ, աստուածային կամքը կատարելով եւ ուրիշներուն հետ կենսատու «Աստուծոյ գիտութիւնը» բաժնելով է որ Աստուծոյ եւ դրացիի հանդէպ սէր ցոյց կու տանք։—Առակաց 2։1-5
Եհովայի Վերյիշեցումները Պահելը Կեանք կը Նշանակէ
19. Ուրիշներուն ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ Եհովայի վերյիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայելը գործնական եւ օգտակար է։
19 Եթէ Եհովայի վերյիշեցումները պահենք եւ օգնենք որ ուրիշներ ալ նոյնը ընեն, թէ՛ մենք մեզ պիտի ազատենք, թէ՛ անոնք որ մեզի մտիկ կ’ընեն։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն ցոյց տալ որ Եհովայի վերյիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայելը իրապէս գործնական եւ օգտակար է։ Մեր անձնական կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով։ Այս կերպով, «յաւիտենական կեանքի համար լաւ տրամադրուած»ները ապացոյց պիտի ունենան թէ Աստուծոյ Խօսքին գծած ընթացքը իրապէս լաւագոյնն է։ (Գործք 13։48, ՆԱ) Անոնք իրապէս պիտի տեսնեն որ ‘Աստուած իրապէս մեր մէջ է’ եւ պիտի մղուին մեզի միանալու Գերիշխան Տէր Եհովայի պաշտամունքին մէջ։—Ա. Կորնթացիս 14։24, 25
20, 21. Աստուծոյ վերյիշեցումները եւ իր հոգին ի՞նչ ընելու պիտի օգնեն մեզի։
20 Շարունակելով Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրել, մեր սորվածը կիրարկելով, եւ Եհովայի հոգեւոր հայթայթումներէն լիովին օգտուելով, իրապէս շատ պիտի սիրենք իր վերյիշեցումները։ Երբ անոնց ուշադրութիւն ընծայենք, անոնք մեզի պիտի օգնեն որ «նոր մարդը [մ]եր վրայ հագնի[ն]ք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։ (Եփեսացիս 4։20-24) Եհովայի վերյիշեցումները եւ իր սուրբ հոգին մեզի պիտի օգնեն որ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն ցուցաբերենք՝ յատկութիւններ, որոնք Սատանայի զօրութեան ներքեւ եղող աշխարհի նկարագրի գծերուն ճի՛շդ հակառակն են։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Ա. Յովհաննու 5։19) Ուստի, երբ մեր Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան մէջ, նշանակուած երէցներուն կողմէ, եւ մեր ժողովներու ու համաժողովներու ընթացքին մեզի վերյիշեցուին Եհովայի պահանջները՝ անոր համար կրնանք երախտապարտ ըլլալ։
21 Քանի որ Եհովայի վերյիշեցումները կը պահենք, կրնանք ուրախ ըլլալ նոյնիսկ երբ արդարութեան սիրոյն տառապինք։ (Ղուկաս 6։22, 23) Աստուծոյ կը նայինք, որպէսզի մեզ փրկէ ամենէն վտանգաւոր կացութիւններէն։ Ասիկա մասնաւորաբար հիմա կարեւոր է, երբ բոլոր ազգերը կը հաւաքուին Արմագեդոնին՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար»։—Յայտնութիւն 16։14-16
22. Եհովայի վերյիշեցումներուն նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր վճռականութիւնը։
22 Եթէ յաւիտենական կեանքի պարգեւը պիտի ստանանք, որու արժանի չենք, պէտք է շատ սիրենք Եհովայի վերյիշեցումները եւ զանոնք ամբողջ սրտով պահենք։ Ուստի, սաղմոսերգուին հոգին ունենանք, որ երգեց. «Քու վկայութիւններուդ [«վերյիշեցումներուդ», ՆԱ] արդարութիւնը յաւիտենական է. իմաստուն ըրէ՛ զիս ու պիտի ապրիմ»։ (Սաղմոս 119։144) Թող որ մենք ալ սաղմոսերգուին խօսքերուն մէջի վճռականութիւնը ցոյց տանք. «Քեզի աղաղակեցի, [ո՛վ Եհովա] փրկէ՛ զիս եւ քու վկայութիւններդ [«վերյիշեցումներդ», ՆԱ] պիտի պահեմ»։ (Սաղմոս 119։146) Այո, խօսքով եւ գործով ապացուցանենք թէ իրապէս շատ կը սիրենք Եհովայի վերյիշեցումները։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
• Սաղմոսերգուն ի՞նչպէս կը նկատէր Եհովայի վերյիշեցումները։
• Ինչո՞ւ Աստուծոյ վերյիշեցումներուն կարիքը ունինք։
• Մեր ժողովները ի՞նչ դեր կը խաղան աստուածային վերյիշեցումներուն նկատմամբ։
• Եհովայի վերյիշեցումները ի՞նչպէս մեզ կը զատեն այս աշխարհէն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 15]
Սաղմոսերգուն շա՛տ կը սիրէր Եհովայի վերյիշեցումները
[Նկարներ՝ էջ 16, 17]
Աննային օրինակին հետեւելով, որոշա՞ծ էք ժողովները չփախցնել
[Նկար՝ էջ 18]
Եհովայի վերյիշեցումներուն ուշադրութիւն ընծայելը մեզ կը զատէ իր ծառայութեան համար, որպէս մաքուր եւ ընդունելի անհատներ