Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա իր ժողովուրդին հանգստավայր մը կը հայթայթէ

Եհովա իր ժողովուրդին հանգստավայր մը կը հայթայթէ

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Եհովա իր ժողովուրդին հանգստավայր մը կը հայթայթէ

ԼԵՌՆԱՅԻՆ արահետի մը վրայ, ստուերոտ հանգստավայր մը, շատ հաճելի է յոգնած ուղեւորի մը համար։ Նէփալի մէջ, այսպիսի հանգստավայրեր չոթարա կը կոչուին։ Սովորական չոթարա մը կարելի է գտնել փարթամ հնդկաթզենիի մը կողքին, շուք տեղ մը՝ նստելու եւ հանգստանալու համար։ Չոթարա մը կանգնելը ազնիւ արարք մըն է, եւ զայն հայթայթող բարերարներէն շատեր անծանօթ կը մնան։

Նէփալէն եկած փորձառութիւններ ցոյց կու տան թէ Եհովա Աստուած ի՛նչպէս ուրախութեան եւ հոգեւոր թարմացումի Աղբիւր մը եղած է, այս դրութեան մէջի յոգնած «ուղեւորներուն»։—Սաղմոս 23։2

• Լիլ Քոմարին կ’ապրի Փոքհարա կոչուած գեղեցիկ քաղաքին մէջ, որ ձիւնապատ Հիմալայան Լեռներուն նայող հոյակապ տեսարան մը ունի։ Իր ընտանիքին տնտեսական վիճակով մտահոգուած ըլլալով, Լիլ Քոմարին անել կացութեան մատնուած էր։ Երբ Եհովայի Վկայ մը անոր այցելեց, Աստուածաշունչին պայծառ յոյսը զինք ոգեւորեց, եւ անմիջապէս տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։

Թէեւ Լիլ Քոմարին ուսումնասիրութենէն հաճոյք կ’առնէր, սակայն, ընտանիքին բուռն հակառակութեան պատճառաւ զայն շարունակելը դիւրին չեղաւ։ Այսուհանդերձ, ան տեղի չտուաւ։ Ան քրիստոնէական ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուեցաւ եւ իր սորվածները՝ յատկապէս կնոջական հպատակութեան մասին՝ կիրարկեց։ Որպէս արդիւնք, ամուսինն ու մայրը անդրադարձան որ Լիլ Քոմարիի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը բոլոր ընտանիքին օգտակար կը դառնար։

Ներկայիս, իր ամուսինն ու կարգ մը ազգականներ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսումնասիրեն։ Փոքհարայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին, Լիլ Քոմարին եւ իր ազգականներէն 15 հոգի յայտագիրը վայելեցին։ Ան կ’ըսէ. «Տունս հանգստավայր մը եղած է, քանի որ այժմ ընտանիքս ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ միացած է, իսկ ես մտքի իսկական խաղաղութիւն գտած եմ»։

• Թէեւ Նէփալի մէջ դասակարգային խտրականութիւնը ապօրէն է, սակայն անիկա ժողովուրդին կենցաղին վրայ տակաւին զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէ։ Հետեւաբար, շատեր հետաքրքրուած են թէ հաւասարութեան եւ անաչառութեան մասին Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։ Սուրյա Մայայի եւ իր ընտանիքին կեանքը մեծապէս փոխուեցաւ, երբ անոնք սորվեցան թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ»։—Գործք 10։34

Սուրյա Մայան դասակարգային խտրականութեան անիրաւութենէն եւ խորապէս արմատացած աւանդութիւններու ու սովորութիւններու ծանրակշիռ բեռներէն ընկճուած էր։ Հաւատացեալ կին մը ըլլալով, Սուրյա Մայան տարիներ իր կուռքերէն օգնութիւն խնդրած էր։ Սակայն, անոր աղօթքները չէին պատասխանուած։ Օր մը երբ ան օգնութեան համար կ’աղաղակէր, իր վեց տարեկան թոռնիկը՝ Պապիթան, իրեն մօտ գալով հարցուց. «Ինչո՞ւ անկարող կուռքերէն օգնութիւն կը խնդրես»։

Իրողութիւնը այն էր որ Պապիթայի մայրը Եհովայի Վկայի մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր։ Պապիթան իր մեծ մայրը խանդավառութեամբ քրիստոնէական ժողովի մը հրաւիրեց։ Երբ Սուրյա Մայան ներկայ գտնուեցաւ, զարմացաւ՝ տեսնելով զանազան դասակարգերէ անհատներ, որոնք առանց կանխադատողութեան իրարու ընկերակցութիւնը կը վայելէին։ Անմիջապէս, ան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։ Թէեւ ասոր պատճառաւ դրացիները իրմէ երես դարձուցին, սակայն ան չվհատեցաւ. ոչ ալ կարդալու եւ գրելու իր սահմանափակ կարողութիւնը իր հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք հանդիսացաւ։

Այն օրուընէ ի վեր ութը տարի անցած է, եւ իր ընտանիքէն վեց անդամներ, ի ներառեալ ամուսինը եւ երեք զաւակները, Եհովայի Վկաներ եղած են։ Ներկայիս Սուրյա Մայան լիաժամ քարոզիչ մըն է, կանոնաւոր ռահվիրայ մը, եւ ուրախութեամբ ուրիշներուն կ’օգնէ որ իրենց ծանր բեռներէն ձերբազատուին իսկական հանգստավայրին մէջ, որ միա՛յն Եհովան կրնայ հայթայթել։