Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա կը զօրացնէ յոգնածները

Եհովա կը զօրացնէ յոգնածները

Եհովա կը զօրացնէ յոգնածները

«[Եհովա] է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 40։29

1. Աստուծոյ ստեղծած բաներուն մէջ առկայ եղող զօրութիւնը բացատրեցէք։

ԵՀՈՎԱՅԻ ուժը անսահման է։ Իսկ իր ստեղծած բաներուն մէջ ի՜նչ սաստիկ զօրութիւն պարփակուած է։ Շատ մանր հիւլէն՝ բոլոր բաներուն բուն իսկ կառուցման հիմքը, ա՛յնքան փոքր է որ կաթիլ մը ջուրը հարիւր միլիառ միլիառ հիւլէ կը պարունակէ։ * Երկրի վրայ ամէն կեանք արեւուն վրայ հիւլէական հակազդեցութենէն առթած ուժէն կախեալ է։ Բայց երկրի վրայ կեանքը պահպանելու համար ո՞րքան արեգակնային ուժի կարիք կայ։ Երկիրը արեւուն կողմէ հայթայթուած ուժէն միա՛յն չնչին մաս մը կը ստանայ։ Այսուհանդերձ, երկրի վրայ հասնող արեւուն ուժին այդ չնչին մասը, աշխարհի ճարտարարուեստներուն մէջ գործածուած ամբողջ ուժանիւթէն անսահմանօրէն աւելի մեծ է։

2. Եսայեայ 40։26–ը Եհովայի զօրութեան մասին ամփոփ կերպով ի՞նչ կ’ըսէ։

2 Հիւլէին մասին մտածենք, թէ մեր ուշադրութիւնը դարձնենք անհուն տիեզերքին, Եհովայի ահաւոր զօրութիւնը մեզ կը տպաւորէ։ Զարմանալի չէ որ մեզի կ’ըսէ. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը [«ուժեղ ուժովը», ՆԱ] ու սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։ (Եսայեայ 40։26) Այո, Եհովա «սաստիկ զօրութիւն» ունի եւ համայն տիեզերքը մէջտեղ բերող «ուժեղ ուժ»ին Աղբիւրն է։

Գերբնական Զօրութեան Կարիքը Կայ

3, 4. (ա) Ի՞նչ ազդակներ կրնան մեզ յոգնեցնել։ (բ) Ո՞ր հարցումները նկատողութեան արժանի են։

3 Մինչ Եհովայի զօրութիւնը սահման չունի, բայց մարդիկ կը յոգնին։ Ո՛ւր որ երթանք, կը տեսնենք յոգնած մարդիկ։ Անոնք յոգնած կ’արթննան, յոգնած գործի կամ դպրոց կ’երթան, յոգնած տուն կու գան եւ ո՛չ թէ միայն յոգնած, հապա խոնջած անկողին կ’երթան։ Ոմանք կը փափաքին տեղ մը երթալ ու քիչ մը հանգստանալ, որու անհրաժեշտ կարիքը ունին։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, մենք ալ կը յոգնինք, քանի որ մեր աստուածապաշտ կեանքը շատ մեծ ջանք կը պահանջէ։ (Մարկոս 6։30, 31. Ղուկաս 13։24. Ա. Տիմոթէոս 4։8) Ուրիշ շատ մը ազդակներ ալ կան, որոնք մեր ուժը կը սպառեն։

4 Քրիստոնեայ ըլլալով, մենք մնացեալ մարդոց ունեցած ընդհանուր խնդիրներէն խնայուած չենք։ (Յոբայ 14։1) Հիւանդութիւնը, նիւթական ձախորդութիւններ կամ կեանքի ուրիշ դժուարութիւններ կրնան մեզ յուսահատեցնել, հետեւաբար՝ տկարացնել։ Այս դժուարութիւններուն վրայ աւելցուցէք արդարութեան սիրոյն հալածուողներուն մասնայատուկ եղող փորձութիւնները։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Ա. Պետրոս 3։14) Աշխարհէն եկած առօրեայ կեանքի ճնշումներուն եւ մեր Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին դէմ եղած հակառակութեան պատճառով, մեզմէ ոմանք կրնան ա՛յնքան յոգնած ըլլալ որ կը զգան թէ կը դանդաղին Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանել տալու մտքով, Բանսարկու Սատանան իր տրամադրութեան տակ ունեցած ամէ՛ն միջոցի կը դիմէ։ Ուստի, չյոգնելու եւ ձեռք չքաշելու համար ի՞նչպէս կրնանք հարկ եղող հոգեւոր զօրութիւն ստանալ։

5. Ինչո՞ւ մարդկային զօրութենէն աւելին պէտք է քրիստոնէական ծառայութիւնը կատարելու համար։

5 Հոգեւոր զօրութեան համար պէտք է Եհովայի՝ ամենազօր Ստեղծիչին ապաւինինք։ Պօղոս առաքեալ նշեց որ քրիստոնէական ծառայութիւնը անկատար մարդոց ունեցած զօրութենէն գերիվեր եղող զօրութիւն պիտի պահանջէր։ Ան գրեց. «Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը [«գերազանց զօրութիւնը», Տրապիզոն] Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7) Օծեալ Քրիստոնեաները «հաշտութեան պաշտօնը» կը կատարեն, երկրային յոյս ունեցող իրենց ընկերակիցներուն օգնութեամբ։ (Բ. Կորնթացիս 5։18. Յովհաննու 10։16. Յայտնութիւն 7։9) Քանի որ մենք՝ անկատար արարածներս՝ հալածանքի դիմաց Աստուծոյ գործը կը կատարենք, չենք կրնար զուտ մեր ուժով ընել զայն։ Եհովա մեզի կ’օգնէ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ, եւ այս կերպով մեր տկարութիւնը կը պանծացնէ իր զօրութիւնը։ Իսկ որքա՜ն մեզ կը մխիթարէ այն երաշխաւորութիւնը թէ «արդարներուն նեցուկը Տէրն է»։—Սաղմոս 37։17, ստորանիշ։

‘Եհովան Մեր Զօրութիւնն Է’

6. Սուրբ Գիրքը ի՞նչպէս մեզ կը վստահեցնէ թէ Եհովա է մեր զօրութեան Աղբիւրը։

6 Մեր երկնաւոր Հայրը «սաստիկ զօրութիւն» ունի եւ հեշտութեամբ կրնայ օգնել մեզի։ Արդարեւ մեզի ըսուած է. «[Եհովա] է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։ Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան, բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»։ (Եսայեայ 40։29-31) Մեր վրայ կուտակուող ճնշումներուն պատճառաւ, երբեմն ուժասպառ եղած վազողի մը կը նմանինք, որու սրունքները ա՛լ չեն կրնար աւելի հեռուն տանիլ զինք։ Բայց կեանքի մրցավազքին աւարտագիծը ճիշդ մեր դիմաց է եւ պէտք չէ ձեռնթափ ըլլանք։ (Բ. Մնացորդաց 29։11) Մեր Հակառակորդը՝ Սատանան, «մռնչող առիւծի պէս» մեր շուրջը կը դառնայ եւ կ’ուզէ մեզ կասեցնել։ (Ա. Պետրոս 5։8) Չմոռնանք որ ‘Եհովան մեր զօրութիւնն ու մեր ասպարն է’, եւ ‘յոգնածին ոյժ տալու համար’ առատ հայթայթումներ ըրած է։—Սաղմոս 28։7

7, 8. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովա զօրացուց Դաւիթը, Ամբակումը եւ Պօղոսը։

7 Եհովա Դաւիթին հարկ եղած ուժը տուաւ, որպէսզի մեծ արգելքներու դիմաց կարենայ շարունակել։ Հետեւաբար, հաւատքով ու վստահութեամբ լեցուն, Դաւիթ գրեց. «Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք. ու ան պիտի արհամարհէ [«կոխէ», Արեւմտահայերէն] մեր թշնամիները»։ (Սաղմոս 60։12) Եհովա Ամբակումին ալ կորովը աւելցուց, որպէսզի կարենայ իր նշանակումը գլուխ հանել որպէս մարգարէ։ Ամբակումայ 3։19–ն կ’ըսէ. «Տէր Եհովան իմ զօրութիւնս է, որ իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտըտցնէ»։ Պօղոսի օրինակն ալ ուշագրաւ է, որ գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։—Փիլիպպեցիս 4։13

8 Դաւիթի, Ամբակումի ու Պօղոսի նման, պէտք է հաւատք ընծայենք մեզ զօրացնելու ու փրկելու Աստուծոյ կարողութեան։ Գիտակցելով որ Գերիշխան Տէր Եհովան մեր ‘զօրութեան’ Աղբիւրն է, արդ, Աստուծոյ ըրած առատ հայթայթումներէն հոգեւոր զօրութիւն քաղելու կարգ մը կերպեր տեսնենք։

Մեզ Կազդուրող Հոգեւոր Հայթայթումներ

9. Մեզ կերակրելու համար քրիստոնէական գրականութիւնները ի՞նչ դեր կը խաղան։

9 Քրիստոնէական գրականութիւններու օգնութեամբ Սուրբ Գրքի ջանադիր ուսումնասիրութիւնը կրնայ մեզ կազդուրել ու ոտքի պահել։ Սաղմոսերգուն երգեց. «Երանելի է այն մարդը, . . . որ[ու] հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ (Սաղմոս 1։1-3) Ճիշդ ինչպէս որ ֆիզիքական ոյժ ունենալու համար պէտք է ուտենք, նոյնպէս պէտք է սնուցանուինք այն հոգեւոր կերակուրով զոր Աստուած կը հայթայթէ, իր Խօսքին եւ քրիստոնէական գրականութիւններուն միջոցաւ, մեր հոգեւոր ուժը պահպանելու համար։ Հետեւաբար, իմաստալից ուսումնասիրութիւնն ու խոկալը անհրաժեշտ են։

10. Ե՞րբ կրնանք ուսումնասիրելու եւ խոկալու համար ժամանակ գտնել։

10 Արդարեւ, «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն մասին խոկալը վարձահատոյց է։ (Ա. Կորնթացիս 2։10) Բայց ե՞րբ ժամանակ գտնել խորհրդածութեան համար։ Աբրահամի որդին՝ Իսահակ «իրիկուան դէմ դաշտը ելեր էր մտածելու համար»։ (Ծննդոց 24։63-67) Սաղմոսերգու Դաւիթ ‘գիշերուան պահերուն մէջ Աստուծոյ մասին կը մտածէր’։ (Սաղմոս 63։6) Կրնանք Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել ու անոր վրայ խոկալ առաւօտուն, իրիկունը, գիշերը, այո, որեւէ ժամանակ։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւն ու մտորում Եհովայի զօրացնող ուրիշ մէկ հայթայթումին կ’առաջնորդէ, որ է աղօթքը։

11. Ինչո՞ւ կանոնաւորաբար աղօթելու շատ մեծ կարեւորութիւն պէտք է տանք։

11 Աստուծոյ մատուցուած կանոնաւորաբար եղած աղօթքները կրնան մեզ կազդուրել։ Ուստի, ‘ստէպ աղօթքի կենանք’։ (Հռովմայեցիս 12։12) Երբեմն, փորձութեան մը հետ գլուխ ելլելու համար հարկ եղած իմաստութեան ու զօրութեան համար մասնայատուկ խնդրանք մը ներկայացնելու կարիքը կը զգանք։ (Յակոբու 1։5-8) Չմոռնանք Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել ու զինք փառաբանել, երբ իր նպատակներուն գործադրուիլը կամ իր ծառայութիւնը շարունակելու համար մեզ զօրացնելը նկատենք։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Եթէ աղօթքով Եհովայի մօտիկ մնանք, ան բնաւ պիտի չլքէ մեզ։ Դաւիթ երգեց. «Ահա Աստուած ինծի օգնական է»։—Սաղմոս 54։4

12. Ինչո՞ւ Աստուծմէ իր սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք։

12 Մեր երկնաւոր Հայրը իր սուրբ հոգիին կամ գործօն ուժին միջոցաւ մեզ կը կազդուրէ ու կը զօրացնէ։ Պօղոս գրեց. «Ծունկի կու գամ . . . Հօր առջեւ, . . . որպէսզի դուք, իր փառքի մեծութեան համեմատ, իր Հոգիին միջոցով զօրութեամբ ամրանաք ձեր ներքին մարդուն մէջ»։ (Եփեսացիս 3։14-16, Երուսաղէմ) Աղօթքով սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք, վստահ ըլլալով որ Եհովա անով մեզ պիտի օրհնէ։ Յիսուս հետեւեալ վերլուծումը ըրաւ. Եթէ երախայ մը ձուկ ուզէ, սիրալիր հայր մը օ՞ձ պիտի տայ անոր։ Անշուշտ ո՛չ։ Ուստի եզրափակեց. «Եթէ դուք որ [մեղաւոր ու քիչ թէ շատ] չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։11-13) Ուստի, ա՛յսպիսի վստահութեամբ աղօթենք, եւ միշտ յիշենք թէ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները իր հոգիին միջոցաւ կրնան ‘զօրութեամբ ամրանալ’։

Ժողովքը՝ Զօրացնող Ազդակ մը

13. Քրիստոնէական ժողովները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

13 Եհովա մեզ կը կազդուրէ քրիստոնէական ժողովքի ժողովներուն միջոցաւ։ Յիսուս ըսաւ. «Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։ (Մատթէոս 18։20) Երբ Յիսուս այս խոստումը ըրաւ, ինք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն ուշադրութիւնը պահանջող նիւթերու մասին կը խօսէր։ (Մատթէոս 18։15-19) Սակայն սկզբունքով, իր խօսքը կը կիրարկուի մեր բոլոր ժողովներուն եւ համաժողովներուն, որոնք իր անունով խնդրուած աղօթքով կը բացուին ու կը փակուին։ (Յովհաննու 14։14) Ուստի, առանձնաշնորհում է այսպիսի քրիստոնէական հաւաքոյթներու ներկայ գտնուիլ, ներկաներուն թիւը ըլլայ քիչ թէ հազարներ։ Ուրեմն երախտագիտութիւն յայտնաբերենք այս առիթներուն համար, որոնց նպատակն է հոգեւորապէս մեզ զօրացնել եւ մեզ սիրոյ ու բարի գործերու մղել։—Եբրայեցիս 10։24, 25

14. Քրիստոնեայ երէցներու ջանքերէն ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

14 Քրիստոնեայ երէցները հոգեւոր օգնութիւն ու քաջալերութիւն կը հայթայթեն։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Պօղոս իր ծառայած ժողովքներուն օգնեց ու զանոնք քաջալերեց, ինչպէս ճամբորդող տեսուչներ կ’ընեն ներկայիս։ Իրապէս, ան կը տենչար հաւատակիցներու հետ ըլլալ, փոխադարձ կերտիչ քաջալերութեան համար։ (Գործք 14։19-22. Հռովմայեցիս 1։11, 12) Թող որ միշտ գնահատութիւն ցոյց տանք մեր տեղւոյն երէցներուն եւ ուրիշ Քրիստոնեայ տեսուչներուն հանդէպ, որոնք մեզ զօրացնելու մէջ մեծ դեր ունին։

15. Մեր ժողովքին մէջի հաւատակիցները ի՞նչպէս մեզի «մխիթարութիւն» կ’ըլլան։

15 Մեր ժողովքը կազմող հաւատակիցներն ալ կրնան «մխիթարութիւն» ըլլալ մեզի։ (Կողոսացիս 4։10, 11) Որպէս ճշմարիտ ‘բարեկամներ’, անոնք կրնան մեզի օգնել նեղութեան ժամանակ։ (Առակաց 17։17) Օրինակ, 1945–ին, երբ 220 Աստուծոյ ծառաներ Նացի պահակներու հսկողութեան ներքեւ Սագսէնհաուզընի կեդրոնացման ճամբարէն հանուեցան, անոնք 200 քիլոմեթր հետիոտն քալելու ստիպուեցան։ Անոնք խումբով կը քալէին եւ աւելի զօրաւորները շատ տկար եղողները սայլերու վրայ դրած կը քաշէին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Այս մահուան քայլարշաւին մէջ, որու ընթացքին կեդրոնացման ճամբարի աւելի քան 10,000 բանտարկեալներ իրենց կեանքը կորսնցուցին, Եհովայի Վկաներէն ոեւէ մէկը չմեռաւ։ Այսպիսի պատմութիւններ, զորս կը գտնենք Դիտարանի Ընկերութեան հրատարակութիւններուն մէջ, մէջը ըլլալով՝ Եհովայի Վկաներու Տարեգիրք–ին եւ՝ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գրքին մէջ, կը փաստեն որ Աստուած կը զօրացնէ իր ծառաները, որպէսզի տեղի չտան։—Գաղատացիս 6։9 *

Մեր Դաշտի Ծառայութեամբ կը Զօրանանք

16. Ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը ի՞նչպէս հոգեւորապէս կը զօրացնէ մեզ։

16 Թագաւորութեան քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը մեզ հոգեւորապէս կը զօրացնէ։ Այսպիսի գործունէութիւն մեզի կ’օգնէ որ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ եւ յաւիտենականութիւնն ու անոր երանելի օրհնութիւնները մեր աչքին առջեւ պահենք։ (Յուդա 20, 21) Մեր ծառայութեան ընթացքին սուրբ գրային խոստումներուն մասին խօսիլը մեզի յոյս կու տայ եւ մեզ վճռակամ կը դարձնէ Միքիա մարգարէին նման, որ ըսաւ. «Մենք յաւիտեանս յաւիտենից մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք»։—Միքիայ 4։5

17. Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններու նկատմամբ ի՞նչ թելադրութիւններ տրուած են։

17 Եհովայի հետ մեր անձնական յարաբերութիւնը կը զօրանայ, երբ ուրիշներուն սորվեցնելու համար աւելի յաճախ գործածենք Սուրբ Գիրքը։ Օրինակ, երբ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարենք Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին օգնութեամբ, իմաստութիւն է մէջբերուած համարներէն քանի մը հատը կարդալ ու նկատի առնել։ Ասիկա թէ՛ աշակերտին կ’օգնէ, թէ՛ մեր հոգեւոր հասկացողութիւնը կը զօրացնէ։ Եթէ աշակերտ մը սուրբ գրային գաղափար մը կամ օրինակ մը հասկնալու դժուարութիւն ունի, Գիտութիւն գրքին մէկ գլուխը վերջացնելու համար թերեւս մէկէ աւելի ուսումնասիրութեան նիստեր հարկ ըլլան։ Որքա՜ն ուրախ կ’ըլլանք երբ լաւ պատրաստուինք եւ յաւելեալ ջանք թափենք ուրիշներուն օգնելով որ Աստուծոյ մօտենան։

18. Բացատրեցէք թէ Գիտութիւն գիրքը ի՛նչպէս ազդու կերպով կը գործածուի։

18 Ամէն տարի, Գիտութիւն գիրքը ազդու կերպով կը գործածուի հազարաւորներու օգնելու համար որ Եհովայի նուիրուած ծառաներ ըլլան, մէջը ըլլալով շատեր, որոնք Աստուածաշունչէն գաղափար չունին։ Օրինակ, Սրի Լանքայէն Հինտու մարդ մը երախայ եղած ժամանակ, Դրախտի մասին Վկայի մը խօսակցութիւնը լսած էր։ Քանի մը տարի ետք, ան Վկայ քրոջ մօտեցաւ եւ շուտով անոր ամուսինը իրեն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։ Այս երիտասարդը ամէն օր կու գար ուսումնասիրութեան համար եւ յարաբերաբար կարճ ժամանակուան մէջ Գիտութիւն գիրքը վերջացուց։ Ան սկսաւ բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիլ, իր նախկին կրօնքին հետ իր կապերը խզեց եւ Թագաւորութեան հրատարակիչ մը եղաւ։ Երբ մկրտուեցաւ, արդէն իր ծանօթներէն մեկուն հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարէր։

19. Երբ նախ Թագաւորութիւնը փնտռենք, ի՞նչ բանէն կրնանք վստահ ըլլալ։

19 Նախ Թագաւորութիւնը փնտռելը կազդուրիչ ուրախութիւն կը պատճառէ։ (Մատթէոս 6։33) Նոյնիսկ երբ այլազան փորձութիւններ դիմագրաւենք, կը շարունակենք բարի լուրը հռչակել։ (Տիտոս 2։14) Շատերս լիաժամ ռահվիրայական ծառայութեան պահանջները կը լեցնենք եւ ոմանք կը ծառայեն հոն՝ ուր աւետարանիչներու աւելի մեծ կարիք մը կայ։ Թագաւորութեան շահերը ա՛յս՝ թէ այլ կերպերով ուրախութեամբ յառաջ կը տանինք, վստահ ենք որ Եհովա պիտի չմոռնայ մեր գործը եւ իր անուան համար մեր ցուցուցած սէրը։—Եբրայեցիս 6։10-12

Եհովայի Զօրութեամբ Յարատեւենք

20. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ զօրութեան համար Եհովայի կը նայինք։

20 Ամէն պարագայի, ցոյց տանք որ Եհովայի կը յուսանք եւ իրեն կը նայինք զօրութեան համար։ Ասիկա կրնանք ընել լիովին օգտուելով այն հոգեւոր հայթայթումներէն, զորս կ’ընէ իր ‘հաւատարիմ ծառային’ միջոցով։ (Մատթէոս 24։45) Քրիստոնէական գրականութիւններու օգնութեամբ Աստուծոյ Խօսքը անձնապէս թէ ժողովքով ուսումնասիրելը, սրտանց աղօթքը, երէցներուն հոգեւոր օգնութիւնը, հաւատարիմ հաւատակիցներու գեղեցիկ օրինակները եւ ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը, Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը զօրացնելու միջոցներ են եւ իր սրբազան ծառայութեան մէջ յարատեւելու համար մեզի ոյժ կու տան։

21. Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները ի՞նչպէս աստուածատուր զօրութեան կարիքին մասին արտայայտուեցան։

21 Հակառակ մեր մարդկային տկար կազմուածքին, Եհովա մեզ պիտի զօրացնէ, որպէսզի իր կամքը կատարենք՝ եթէ օգնութեան համար իրեն ապաւինինք։ Այսպիսի օգնութեան կարիքին գիտակցելով, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Եթէ մէկը մատակարարութիւն ընէ, որպէս թէ Աստուծոյ շնորհներու զօրութենէն թող ընէ»։ (Ա. Պետրոս 4։11) Իսկ Պօղոս ցոյց տուաւ որ Աստուծոյ կ’ապաւինէր, երբ ըսաւ. «Համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։10) Թող որ նոյն համոզումը ցոյց տանք եւ փառք բերենք Գերիշխան Տէր Եհովայի, որ յոգնածին ոյժ կու տայ։—Եսայեայ 12։2

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Այս թիւը, Մ.Ն. թուարկման կերպին համաձայն, կը ներկայացնէ 1 եւ ետեւը 20 զէռօ։

^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

• Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ գերբնական զօրութեան կարիքը ունին։

• Սուրբ գրային ի՞նչ փաստ կայ թէ Աստուած կը զօրացնէ իր ծառաները։

• Մեզ զօրացնելու համար Եհովայի ըրած հոգեւոր հայթայթումներէն ոմանք ի՞նչ են։

• Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ զօրութեան համար Աստուծոյ կը նայինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 12]

Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը կը զօրանայ, երբ ուրիշներուն սորվեցնելու համար Աստուածաշունչը գործածենք