Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչպէս կրնաք մշակել բարեկամութիւններ

Ի՛նչպէս կրնաք մշակել բարեկամութիւններ

Ի՛նչպէս կրնաք մշակել բարեկամութիւններ

«ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԷ՛Կ ԲԱՐԵԿԱՄ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԼԱՒ Է. ԵՐԿՈՒՔԸ՝ ՇԱՏ Է. ԵՐԵՔԸ՝ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է»։—Հէնրի Պրուքս Էտըմզ

ԱՅՍՊԻՍԻ դիտողութիւն մը կը թելադրէ թէ ճշմարիտ բարեկամներ հազուագիւտ են։ Շատ յաճախ, հետեւեալին նման արտայայտութիւններ կը լսենք բարեկամութիւն փնտռող մենակեաց անհատներէն. «Մէկը չունիմ որու կրնամ դիմել», «Մէկու մը չեմ կրնար վստահիլ», կամ՝ «Շունս լաւագոյն բարեկամս է»։

Մնայուն բարեկամութիւններ մշակելը եւ զայն պահպանելը մարտահրաւէր մըն է։ Շուկայի մէջ եղած փորձագիտանք մը ցոյց տուած է թէ «Միացեալ Նահանգներու մէջ, չափահաս բնակչութեան 25 տոկոսը ‘երկարատեւ առանձնութենէ’ կը տառապի, իսկ . . . Ֆրանսայի մէջ, բնակչութեան կէսը լուրջ մեկուսացումէ տառապած է»։ Ժամադրութեան ակումբներու եւ համակարգչային զրոյցի սենեակներու ուռճացումը եւ ընկերակից փնտռողներու կողմէ օրաթերթերուն մէջ դրուած ծանուցումներուն աւելնալը, ցոյց կու տան թէ մարդիկ բարեկամներ ունենալու տենչը ունին։

Առանձնութիւնը ոչ միայն անհատի մը մտային վիճակին կ’ազդէ, այլ նաեւ՝ անոր ֆիզիքական առողջութեան, կ’ըսէ ջղահոգեբան՝ Բժ. Տէյվիտ Ուիքս։ «Մտահոգութեան վախէ եւ յուսալքումէ տառապող հիւանդներու մեծ տոկոս մը ունիմ, որոնք կրնան բնութագրուիլ որպէս մենակեացներ։ Սաստիկ յուսալքման եւ սաստիկ առանձնութեան միջեւ կապեր կան»։

Ամուսնալուծումը եւ ընտանեկան կեանքի քայքայումը, հետզհետէ աւելի անհատներ առանձին ապրելու կը դատապարտեն։ Բրիտանիոյ մէջ եղած փորձագիտանք մը եզրակացուց թէ 21–րդ դարու սկիզբը, այդ երկրին բնակչութեան աւելի քան 30 տոկոսը մէկ անդամէ բաղկացած տուներ պիտի ըլլան։

Ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւնները նախագուշակեցին թէ «վերջին օրեր»ը անձնասէր հոգի մը պիտի տիրէր։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Կ’երեւի թէ շատեր աւելի հետաքրքրուած են նիւթական ստացուածքներով, ինչպէս՝ տունով, ինքնաշարժով, կամ իրենց աշխատանքով, քան ուրիշներու հետ յարաբերութիւններ մշակելով։ Հեղինակ Էնթընի Սթոռ դիտել կու տայ. «Իրենց կեանքը փոխանակ իրենց կողակիցին եւ զաւակներուն շուրջ դառնալու, աշխատավայրին վրայ կեդրոնացած է»։

ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԱՆԳԻՆ ԵՆ

Ձեր կեանքին որակը մեծաւ մասամբ կախեալ է ձեր բարեկամութիւններու որակէն։ Իրենց անձին համար ապրող անհատներ, յաճախ ուրախ չեն ըլլար, քանի որ բարեկամներ չունին, որոնց հետ կրնան իրենց ունեցածները կամ գաղափարները բաժնել։ Յիսուս Քրիստոսի խօսքերը ճշմարիտ են. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Այս ճշմարտութիւնը արձագանգելով, Անգլիացի բանաստեղծ Ճորճ Պայրըն գրեց. «Բոլոր անոնք որոնք ուրախութիւն ձեռք կը ձգեն, զայն պէտք է բաժնեն»։

Ի՞նչ է բարեկամ մը։ Բառարան մը բարեկամը կը սահմանէ որպէս «մէկը որ ուրիշի մը կապուած է, անոր հանդէպ խանդաղատանք կամ համարում ունենալով»։ Ճշմարիտ բարեկամը կրնայ օգնել որ ձեր միտքը օգտակար բաներու ուղղէք։ Ան կրնայ նեղութեան ժամանակ ձեզ քաջալերել եւ կերտել։ Ան նոյնիսկ կրնայ ձեր վիշտը բաժնել։ Սողոմոն Թագաւոր ըսաւ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու նեղութեան ատենուան համար ծնած եղբայր է»։ (Առակաց 17։17, ՆԱ) Մինչ նիւթական բաները ժամանակի ընթացքին յաճախ իրենց արժէքը կը կորսնցնեն, ճշմարիտ բարեկամութիւնը ժամանակի ընթացքին կ’աճի եւ կ’ուռճանայ։

Սուրբ Գիրքը Քրիստոնեաները կը յորդորէ, որ իրենց սիրոյն մէջ ‘լայննան’։ (Բ. Կորնթացիս 6։13) Ուրիշներու հանդէպ մեր սէրը ընդլայնելու մէջ իմաստութիւն կայ։ Ժողովողի 11։1, 2–ի մէջ կը կարդանք. «Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։ Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր, վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ»։ Այս սկզբունքը ի՞նչպէս կը կիրարկուի բարեկամութեան։ Եթէ շատերու հետ բարեկամութիւն մշակած էք, ոմանք կրնան ձեզի օգնութեան հասնիլ, երբ դժուարութիւններ ծագին։

Ճշմարիտ բարեկամները ուրիշ կերպով ալ պաշտպանութիւն մըն են։ Առակաց 27։6–ը կ’ըսէ. «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են»։ Թէեւ շատեր գովասանքի խօսքեր կրնան ըսել ձեզի, սակայն միա՛յն ձեզի համակրող իսկական բարեկամները լուրջ յանցանք մը պիտի մատնանշեն եւ սիրալիր կերպով շինիչ խրատ մը պիտի տան։—Առակաց 28։23

Լաւ եւ մտերիմ բարեկամները այդ հազուագիւտ պարգեւներէն են, որոնք ձեր վրայ դրական ազդեցութիւն մը կրնան ունենալ։ Գործք Առաքելոց 10–րդ գլուխին մէջ, Հռովմէացի զինուորական Կոռնելիոսի կեանքէն առնուած միջադէպ մը կը կարդանք։ Հրեշտակ մը անոր տեղեկացուցած էր թէ իր աղօթքները լսուած էին։ Պետրոս առաքեալի այցելութիւնը ակնկալելով, Կոռնելիոս «իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները» կանչեց։ Կոռնելիոսի այդ մտերիմ բարեկամները, առաջին անթլփատ հեթանոսներն եղան, որոնք բարի լուրը ողջունեցին եւ սուրբ հոգիով օծուեցան, Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ իշխելու հեռանկարով։ Կոռնելիոսի սերտ բարեկամներուն համար ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն մըն էր։—Գործք 10։24, 44

Սակայն, ի՞նչպէս կրնաք բարեկամութիւններ մշակել։ Աստուածաշունչը, որ բարեկամութեան մասին ըսելիք շատ բան ունի, գործնական խրատներով պատասխան կը հայթայթէ։ (Տես շրջագիծը։)

Ո՛ՒՐ ԿՐՆԱՔ ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԳՏՆԵԼ

Իսկական բարեկամներ գտնելու լաւագոյն վայրը, քրիստոնէական ժողովքն է։ Նախ, կրնաք Եհովայի՝ ձեր Ստեղծիչին ու երկնաւոր Հօր, եւ Յիսուս Քրիստոսի՝ ձեր Փրկիչին հետ բարեկամութիւն մշակելու պատեհութիւնը օգտագործել։ «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ», ըսաւ Յիսուս, որ ձեզ կը հրաւիրէ, որ իր բարեկամը ըլլաք։ (Յովհաննու 15։13, 15) Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի հետ բարեկամութիւն մշակելով, կրնաք վստահ ըլլալ թէ անոնք «ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ [պիտի] ընդունին»։ Այո, Եհովայի ու Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը, յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։—Ղուկաս 16։9. Յովհաննու 17։3

Ի՞նչպէս կրնաք անոնց ջերմ բարեկամութիւնը շահիլ։ Որպէս Եհովայի բարեկամներէն մէկը, իր վրանին մէջ հիւր մը ըլլալու պահանջները 15–րդ Սաղմոսին մէջ ուրուագծուած են։ Բացէք ձեր Աստուածաշունչը, եւ կարդացէք այդ սաղմոսին հինգ համարները։ Ասկէ զատ, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ»։—Յովհաննու 15։14

Այո, Աստուծոյ Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն եկած ուղղութիւնը բծախնդրօրէն ուսումնասիրելով եւ կիրարկելով, ցոյց կու տաք թէ կ’ուզէք Եհովայի եւ Յիսուսի բարեկամը ըլլալ։ Ասիկա իրագործելու համար, պէտք է նաեւ կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիք, ուր Եհովա Աստուծոյ գիտութիւնը կը մատակարարուի։ Հաւատարմօրէն ջանացէք Եհովայի մտիկ ընել, եւ այն ատեն պիտի կարենաք Իրեն եւ իր Որդւոյն աւելի մօտ զգալ։

Ժողովներուն կրնաք նաեւ ծանօթանալ անհատներու, որոնք Եհովան կը սիրեն ու իրենց կեանքին մէջ կը ցուցաբերեն հոգիին պտուղները՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Եթէ իրապէս կը փափաքիք բարեկամներ ունենալ եւ ձեր առանձնութիւնը փարատել, ամէն շաբաթ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուեցէք։ Ասիկա ընելը Աստուծոյ օրհնեալ ժողովուրդին հետ մնայուն բարեկամութիւն մշակելու համար, ձեզ շիտակ վայրին ու ժամանակին մէջ կը դնէ։

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

Ճշմարիտ բարեկամութիւնը Եհովա Աստուծմէ սքանչելի պարգեւ մըն է։ Անիկա իր անձնաւորութենէն եւ էութենէն ծագում կ’առնէ։ Իր սիրալիր եւ առատաձեռն հոգիին պատճառաւ, ան երկիրը մտացի արարածներով լեցուցած է, որոնց հետ կրնաք բարեկամութիւններ մշակել։ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ ընկերակցեցէք։ Զանոնք քաջալերեցէք։ Անոնց հետ ծառայութեան մասնակցեցէք։ Անոնց հետ եւ անոնց համար կանոնաւորաբար աղօթեցէք։ Այն ատեն, Եհովան ու իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակած պիտի ըլլաք։

Բարեկամութիւնը պարգեւ մըն է որ ամէն անհատ կարող է տալ եւ ստանալ։ Մօտ ապագային, ձեր բարեկամներու շրջանակը ընդլայնելու պատեհութիւնը պիտի ունենաք։ Կրնաք բարեկամութիւններ մշակել հիմա ապրող միլիոնաւորներու հետ, ինչպէս նաեւ անցեալ սերունդներէ անհատներու հետ, որոնք մահուան մէջ քնացած են եւ յարութեան կը սպասեն, երբ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։ (Յայտնութիւն 21։4. Յովհաննու 5։28, 29) Ջանացէք հիմա՛ բարեկամական ըլլալ եւ Եհովան սիրողներուն հետ բարեկամութիւն մշակել։ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հետ ձեր բարեկամութիւնը շարունակեցէք, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մտիկ ընելով։ Այն ատեն, ամբողջ յաւիտենականութեան ընթացքին, անգամ մըն ալ մենակեաց պիտի չըլլաք։

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 22, 23]

ՎԵՑ ՔԱՅԼԵՐ՝ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ

1. ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ ԵՂԷՔ։ Աբրահամ «Աստուծոյ բարեկամ»ը կոչուեցաւ, իր անխախտ հաւատքին համար։ (Յակոբու 2։23) Սակայն, յաւելեալ պատճառ մըն ալ կար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աբրահամ Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը ցուցաբերեց։ (Բ. Մնացորդաց 20։7) Ան նախաքայլը առաւ եւ իր զգացումները Եհովայի յայտնեց։ (Ծննդոց 18։20-33) Այո, ձեր բարեկամութեան ապացոյցը ներկայացնելը նախաձեռնութիւն կը պահանջէ։ Յիսուս ըսաւ. «Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի»։ (Ղուկաս 6։38) Քաջալերական խօսքով կամ օգնական ձեռք մը երկարելով, կրնայ հոյակապ բարեկամութիւն մը ծլիլ ու աճիլ։ Ամերիկացի ճառագիր Ռալֆ Վալտօ Էմըրսըն անգամ մը ըսաւ. «Բարեկամ մը ունենալու լաւագոյն կերպն է՝ բարեկամ մը ըլլալ»։

2. ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑԷՔ։ Շատեր կը փափաքին բարեկամութենէ առթած օգուտները վայելել։ Սակայն, անոնք հարկ եղած ժամանակը տրամադրելու համար շատ զբաղած են։ Հռովմայեցիս 12։15, 16–ը կը քաջալերէ մեզ որ ուրիշներու ուրախութիւնն ու յաջողութիւնը, վշտերն ու յուսախաբութիւնները բաժնենք։ Անիկա կ’ըսէ. «Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք. իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք»։ Թէեւ Յիսուս Քրիստոս բազմազբաղ անհատ մըն էր, սակայն, իր բարեկամներուն համար միշտ ժամանակ ունէր։ (Մարկոս 6։31-34) Մի՛ մոռնաք որ բարեկամութիւնը, ծլող բոյսի մը նման ջրուելու եւ պարարտացուելու կարիքը ունի, որպէսզի ծաղկի, եւ ասիկա ժամանակ կը պահանջէ։

3. ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԾԱՅԵՑԷՔ ԵՐԲ ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԿԸ ԽՕՍԻՆ։ Լաւ եւ ուշադիր ունկնդիրներ յաճախ աւելի դիւրաւ բարեկամներ կը գտնեն։ «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու . . . մէջ», կ’ըսէ Յակոբոս աշակերտ։ (Յակոբու 1։19) Երբ ուրիշներու հետ կը զրուցէք, անոնց զգացումներուն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցէք։ Զանոնք քաջալերեցէք որ իրենք իրենց մասին խօսին։ Զանոնք պատուելու մէջ առաջնորդութիւնը առէք։ (Հռովմայեցիս 12։10) Այն ատեն, անոնք պիտի փափաքին ձեր հետ ըլլալ։ Միւս կողմէ, եթէ իւրաքանչիւր խօսակցութիւն դուք ղեկավարէք, կամ մի՛շտ ուշադրութիւնը ձեր վրայ կեդրոնացնէք, դժուարութիւն պիտի ունենաք գտնելու անհատ մը, որ պատրաստ ըլլայ ձեզի մտիկ ընելու կամ ձեր զգացումներուն եւ կարիքներուն նկատմամբ հոգածու ըլլալու։

4. ՆԵՐՈՂ ԵՂԷՔ։ Անգամ մը Յիսուս Պետրոսի ըսաւ որ «մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը» ներելու պատրաստ ըլլայ։ (Մատթէոս 18։21, 22) Իսկական բարեկամը չնչին թերացումները զանց ընելու մէջ արագ կ’ըլլայ։ Օրինակ մը տանք. Ոմանք չեն սիրեր մորենի ուտել, անոր մանր կուտերուն համար։ Սակայն, այս պտուղը սիրողները, անոր կուտերը չեն նշմարեր։ Իսկական բարեկամները իրենց ընտիր յատկութիւններուն համար կը սիրուին. անոնց փոքր սխալները կ’անտեսուին։ Պօղոս յորդորեց մեզ. «Շարունակեցէք իրարու համբերել եւ իրարու անհաշիւ ներել»։ (Կողոսացիս 3։13, ՆԱ) Անոնք որոնք կը սորվին ներող ըլլալ, իրենց բարեկամները կը պահեն։

5. ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՄԵՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵՑԷՔ։ Ամէն ոք երբեմն մենութեան կարիքը ունի, ի ներառեալ ձեր բարեկամները։ Առակաց 25։17–ն իմաստուն կերպով դիտել կու տայ. «Քու ոտքդ դրացիիդ տունը թող չյաճախէ, չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ»։ Ուստի, բարեկամներու տուած ձեր այցելութիւններուն յաճախակիութիւնը եւ երկարութիւնը տրամաբանական թող ըլլայ։ Խուսափեցէք զանոնք սեփականացնելէ. ասիկա կրնայ նախանձի առաջնորդել։ Լաւ դատողութիւն գործածեցէք երբ հարցերու մասին ձեր անձնական նախընտրութիւնները կամ կարծիքները կը յայտնէք։ Ասիկա թարմացուցիչ եւ հաճելի բարեկամութեան մը կը նպաստէ։

6. ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ԵՂԷՔ։ Բարեկամութիւնները առատաձեռնութեամբ կը մշակուին։ Պօղոս առաքեալի խրատն է՝ ‘առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլալ’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։18) Օրինակ, ուրիշները քաջալերական բաներու մասնակից ըրէք։ (Առակաց 11։25) Անկեղծ գովասանքներու եւ կերտիչ խօսքերու մէջ առատաձեռն եղէք։ Երբ ուրիշներու բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուիք, անոնք ձեզի կը մօտենան։ Խորհեցէք թէ ի՛նչ կրնաք ընել անոնց համար, փոխանակ կեդրոնանալու թէ անոնք ի՛նչ կրնան ընել ձեզի համար։