Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Չէք գիտեր թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր կեանքը»

«Չէք գիտեր թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր կեանքը»

Կենսագրութիւն

«Չէք գիտեր թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր կեանքը»

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՀԷՐՊԷՐԹ ՃԷՆԻՆԿԶ–Ի ԿՈՂՄԷ

«Թէմայի նաւահանգիստէն, Կանայի Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակը կը վերադառնայի, երբ կանգնելով երիտասարդ մը հանեցի հետս, որ գիւղաքաղաք կ’ուզէր երթալ։ Առիթը օգտագործելով անոր քարոզեցի։ Կը խորհէի թէ լաւ վկայութիւն մը կու տամ։ Սակայն, երբ այս երիտասարդին փափաքած վայրը հասանք, ան բեռնակառքէն վար ցատկեց եւ վազելով գնաց»։

ՎԵՐՈՅԻՇԵԱԼ միջադէպը ինծի ցոյց տուաւ թէ տարօրինակ բան մը կը պատահէր ինծի։ Առաջ որ պատահածը պատմեմ, թոյլ տուէք որ ըսեմ թէ ի՛նչպէս ես՝ Գանատացի մը, Կանայի մէջ կը գտնուէի։

1949–ի Դեկտեմբերի կիսուն՝ կը գտնուէի Թորոնթոյի (Գանատա) հիւսիսային արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Տակաւին նոր լրացուցած էինք շուրջ մէկ մեթր խորութեամբ սառած գետինը փորել, նոր տան մը ջուր հայթայթելու համար։ Սառած ու յոգնած, մեր գործի անձնակազմը խարոյկի մը շուրջ հաւաքուեցաւ, մեզ փոխադրող բեռնակառքը սպասելով։ Յանկարծ, գործաւորներէն մէկը՝ Արնոլտ Լորդըն, սկսաւ «պատերազմներու եւ պատերազմներու լուրերու», «այս աշխարհի վերջին», եւ ինծի բոլորովին անծանօթ թուող այլ արտայայտութիւններու մասին խօսիլ։ Յանկարծ բոլորն ալ լռեցին, տակնուվրայ եղան, իսկ ոմանք նոյնիսկ անոր հակառակեցան։ Կը յիշեմ որ ես ինծի ըսի. ‘Այս մարդը շատ քաջ է։ Հոս եղողներէն ոչ մէկը կ’ուզէ իրեն մտիկ ընել, բայց ինք տակաւին կը շարունակէ’։ Սակայն, անոր ըսածները իմ սրտիս դպան։ Բ. Համաշխարհային Պատերազմէն քանի մը տարի անցած էր, եւ այսպիսի բան մը բնաւ լսած չէի Քրիստոսի Եղբայրք կրօնքին մէջ, որ քանի մը սերունդներ մեր ընտանիքին դաւանանքը եղած էր։ Ուշի ուշով մտիկ ըրի, եւ անոր տուած բացատրութիւններով յափշտակուեցայ։

Կարճ ժամանակ ետք Արնոլտի մօտեցայ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ուզելու համար։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, կը գիտակցիմ որ ան եւ իր կինը՝ Ճինը, որքան հանդուրժող եւ ազնիւ էին ինծի նման 19 տարեկան անփորձի մը հետ։ Անոնց հետ խօսելու համար, յաճախ առանց լուր տալու եւ հրաւիրուելու իրենց տունը կ’երթայի։ Անոնք մտածելակերպս սրբագրեցին եւ օգնեցին որ մատղաշ մտքիս մէջ, չափանիշներու եւ բարոյական արժէքներու միջեւ մղուած պայքարը յաղթեմ։ Ճամբուն եզերքի խարոյկին շուրջ եղած խօսակցութենէն տասը ամիս ետք, 22 Հոկտեմբեր 1950–ին, որպէս Եհովայի Վկայ մկրտուեցայ, եւ սկսայ ընկերակցիլ Ուիլոտէյլ Ժողովքին հետ, Նորթհ Եորքի մէջ, որ ներկայիս Թորոնթոյի մաս կը կազմէ։

Հաւատակիցներու Հետ Գործի կը Լծուիմ

Տան մէջ հետզհետէ լարուած վիճակ մը սկսաւ տիրել, երբ հայրս հասկցաւ թէ վճռած էի նոր գտած հաւատքիս հետեւիլ։ Վերջերս, հայրս ինքնաշարժի արկած մը անցուցած էր գինով վարորդի մը պատճառաւ, ուստի յաճախ լաւ տրամադրութեան մէջ չէր։ Մօրս, երկու եղբայրներուս եւ երկու քոյրերուս համար կեանքը դժուար էր։ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան պատճառաւ լարուածութիւնը աւելցաւ։ Հետեւաբար, տեսայ թէ խոհեմութիւն է տունը ձգել, ծնողքիս հետ խաղաղութիւն պահելու եւ «ճշմարտութեան ճամբուն» մէջ հաստատուելու համար։—Բ. Պետրոս 2։2

1951–ի ամրան վերջաւորութեան փոքր ժողովքի մը մէջ հաստատուեցայ, Քոլմանի մէջ, Ալպէրթա։ Երկու երիտասարդներ՝ Ռոս Հանթը եւ Գիթ Ռոպպինզը հոն էին. անոնք լիաժամ քարոզչութեամբ զբաղած էին, որ ճանչցուած է որպէս կանոնաւոր ռահվիրայութիւն։ Անոնք ինծի օգնեցին որ ես ալ այդ կամաւոր ծառայութեան ձեռնարկեմ։ 1 Մարտ 1952–ին, կանոնաւոր ռահվիրաներու շարքերուն միացայ։

Խանդաղատանքով կը յիշեմ ստացած քաջալերութիւնս։ Սորվելիք շատ բաներ կային, եւ հոս էր որ փորձառութիւն ձեռք ձգեցի։ Հետագային, Լէթպրիճ Ժողովքին հետ, Ալպէրթա, շուրջ տարի մը ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, որպէս շրջանային տեսուչ ծառայելու անակնկալ հրաւէր մը ստացայ։ Գանատայի արեւելեան ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ տարածուած Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն պիտի ծառայէի, Մոնքթընէն (Նիւ Պրունզուիք), մինչեւ Կասփէ (Քէպէք)։

24 տարեկան եւ ճշմարտութեան մէջ յարաբերաբար նոր ըլլալով, ինքզինքս անատակ զգացի, յատկապէս բաղդատած այն հասուն Վկաներուն, որոնց պիտի ծառայէի։ Յաջորդ քանի մը ամիսներու ընթացքին անկեղծ ջանք թափեցի։ Ապա ուրիշ անակնկալ մը եկաւ։

Գաղաադու Դպրոց եւ Դէպի Կոլտ Քոսթ

Սեպտեմբեր 1955–ին, հրաւէր ստացայ շուրջ հարիւր աշակերտներու միանալու, որոնք Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին 26–րդ դասարանը պիտի կազմէին, Հարաւային Լէնսինկի մէջ, Նիւ Եորք։ Հինգ ամսուան ընդլայնուած մարզում եւ ուսումնասիրութիւն, որու իրապէս պէտք ունէի։ Այս չափազանց ոգեւորուած խումբին հետ գտնուելով, իմ խանդավառութիւնս ալ աւելցաւ։ Այս շրջանին ուրիշ բան մըն ալ պատահեցաւ, որ մինչեւ այսօր կեանքս ճոխացուց։

Միսիոնարական գործունէութեան համար պատրաստուող աշակերտներուն մէջ կար Այլին Սթապս անունով երիտասարդ քոյր մը։ Այլինին մէջ որոշ կայունութիւն մը, լրջութիւն մը եւ համեստ ու զուարթ բնաւորութիւն մը տեսայ։ Կարծեմ զինք վախցուցի, երբ անճարակօրէն իրեն միտումներս յայտնեցի։ Բայց եւ այնպէս, ան չմերժեց զիս։ Փոխադարձ համաձայնութեամբ, Այլին Գոսթա Ռիքայի մէջ իր միսիոնարական նշանակումին պիտի մեկնէր, իսկ ես՝ Կոլտ Քոսթ (ներկայիս Կանա), Արեւմտեան Ափրիկէ։

Մայիս 1956–ին, առաւօտ մը Եղբայր Նաթան Նորին ներկայացայ, տասներորդ յարկին վրայ գտնուող իր գրասենեակին մէջ, Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Ան այն ատեն Դիտարանի Ընկերութեան նախագահն էր։ Մասնաճիւղի ծառայ պիտի նշանակուէի քարոզչութեան գործին վերահսկելու համար՝ Կոլտ Քոսթ, Թօկօլէնտ (ներկայիս Թօկօ), Այվըրի Քոսթ (ներկայիս Գոթ Տիվուար), Վերին Վոլթա (ներկայիս Պուրգինա Ֆասօ), եւ Կամպիա երկիրներուն մէջ։

Եղբայր Նորի խօսքերը տակաւին ականջիս մէջ են, կարծես թէ երէկ խօսուած ըլլային։ Ան ըսաւ. «Պէտք չունիս անմիջապէս պաշտօնդ ստանձնելու։ Ժամանակդ առ. հոն գտնուող փորձառու եղբայրներէն սորվէ՛։ Ապա երբ պատրաստ զգաս, սկսիր մասնաճիւղի ծառայի հանգամանքով ծառայել։ . . . Ահաւասիկ նշանակումի նամակդ։ Հասնելէդ եօթը օր ետք, պէտք է պաշտօնիդ գլուխը անցնիս»։

Ես ինծի խորհեցայ. ‘Միայն եօթը օր։ Իսկ ո՞ւր մնաց «ժամանակդ առ» խօսքը’։ Այդ տեսակցութենէն շշմած դուրս ելայ։

Յաջորդ քանի մը օրերը արագօրէն անցան։ Շատ չանցած, բեռնանաւի մը կամրջակին վրայ կանգնած էի, որ Իյսթ Րիվըր գետէն նաւարկելով անցաւ Ընկերութեան Պրուքլինի գրասենեակներուն կողքէն եւ Կոլտ Քոսթ երթալու համար ովկիանոսի վրայ 21 օր տեւող ճամբորդութիւն մը սկսաւ։

Այլին եւ ես թղթատարական սպասարկութիւնը զբաղած պահեցինք։ 1958–ին դարձեալ հանդիպեցանք իրարու եւ այդ տարուան Օգոստոս 23–ին ամուսնացանք։ Բնաւ չեմ մոռնար Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու, այսպիսի սքանչելի լծակիցի մը համար։

19 տարի, միսիոնար ընկերակիցներուս եւ Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակին մէջ ծառայող Ափրիկեցի եղբայրներուս ու քոյրերուս կողքին ծառայելու առանձնաշնորհումը վայելեցի։ Այդ ժամանակաշրջանին, քանի մը անհատներէ բաղկացած Պէթէլի ընտանիքը շուրջ 25 հոգիի հասաւ։ Ասոնք մեզի համար խրախուսիչ, իրադարձութիւններով հարուստ եւ արդիւնաբեր օրեր էին։ Սակայն, պէտք է անկեղծ ըլլամ։ Ինծի համար տաք ու խոնաւ կլիման յատուկ մարտահրաւէր մըն էր։ Միշտ քրտնած, մարմինս միշտ կպչուն էր, եւ երբեմն ալ դիւրագրգիռ էի։ Այսուհանդերձ, հոն ծառայելը իսկական ուրախութիւն մըն էր։ 1956–ին, Կանայի մէջ աւելի քան 6,000 Թագաւորութեան հրատարակիչներ կային, 1975–ին անոնց թիւը 21,000–ի բարձրացաւ։ Իսկ կրկնապատիկ ուրախութիւն կը զգամ, երբ հոն աւելի քան 60,000 գործունեայ Վկաներ կը տեսնեմ ներկայիս։

Մեր Չակնկալած «Վաղ»ը

1970–ի ատենները, առողջապահական խնդիր մը սկսայ ունենալ, որ սկիզբը շատ դժուար եղաւ զայն բնորոշել։ Բժշկական ընդհանուր քննութիւններէ ետք, ինծի ըսուեցաւ թէ «լաւ առողջութիւն» մը ունէի։ Եթէ այս էր պարագան, ինչո՞ւ միշտ անհանգիստ, յոգնած եւ քնոտ կը զգայի։ Երկու բաներ պատասխան մը հայթայթեցին, միեւնոյն ատեն ցնցեցին զիս։ Արդարեւ, ինչպէս Յակոբոս գրեց. «Չէք գիտեր թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր կեանքը»։—Յակոբու 4։14, Երուսաղէմ

Առաջինը, այդ երիտասարդին հետ ունեցած փորձառութիւնս էր, որու վկայեցի երբ զինք բեռնակառքիս մէջ առի գիւղաքաղաք տանելու համար։ Բնաւ չանդրադարձայ որ անդադար կը խօսէի, հետզհետէ աւելի արագ եւ աւելի ուժգին։ Երբ այս երիտասարդին փափաքած վայրը հասանք, շատ անակնկալի եկայ, երբ ան բեռնակառքէն դուրս ցատկեց եւ սկսաւ վազել։ Կանացիներուն մեծամասնութիւնը բնաւորութեամբ հանդարտ եւ պաղարիւն են եւ դիւրաւ չեն նեղանար։ Անոր հակազդեցութիւնը ասոր չէր համապատասխաներ։ Պահ մը կանգ առի եւ խորհեցայ։ Անդրադարձայ որ խնդիր մը ունէի։ Ճիշդ ի՛նչ էր խնդիրը, չէի գիտեր։ Բայց, իրապէս խնդիր մը ունէի։

Երկրորդ, սրտաբաց զրոյցէ մը ետք, Այլին թելադրեց. «Լաւ, եթէ այս խնդիրը ֆիզիքական չէ, ուրեմն մտային պէտք է ըլլայ»։ Ուստի, բոլոր ախտանշաններս գրի առնելով հոգեբոյժի մը քով գացի։ Երբ պատրաստած ցանկս կարդացի, անոր պատասխանը եղաւ. «Ասիկա սովորական պարագայ մըն է։ Դուն մէյնիք տիփրէսիվ սայքոսիս–է կը տառապիս»։

Շշմեցա՛յ։ Յաջորդ քանի մը տարիներու ընթացքին, վիճակս հետզհետէ վատթարացաւ, մինչ ջանացի պայքարիլ այս կացութեան դէմ։ Շարունակեցի ճար մը փնտռել։ Սակայն, ոչ ոք իրապէս գիտէր ի՛նչ ընել։ Ի՜նչ ընդվզեցուցիչ պայքար մըն էր։

Միշտ մեր մտադրութիւնը եղած էր կառչած մնալ լիաժամ ծառայութեան առանձնաշնորհումին, որպէս մեր կեանքի ասպարէզը, եւ տակաւին ընելիք շատ բան կար։ Շատ անգամ այս սրտագին եւ ջերմեռանդ աղօթքը մատուցանեցի. «Եհովա, եթէ քու կամքդ է, ‘ապրիմ եւ այս բանն ալ ընեմ’»։ (Յակոբու 4։15) Բայց ասիկա չեղաւ։ Ուստի, իրականութիւնը դիմագրաւելով, Կանան եւ մեր բազմաթիւ սերտ բարեկամները ձգեցինք եւ Գանատա վերադարձանք 1975–ի Յունիսին։

Եհովա Իր Ծառաներուն Միջոցաւ Օգնութեան Ձեռք կ’Երկարէ

Շատ չանցած գիտցայ թէ անփոխարինելի չէի, ոչ ալ խնդիրս յատուկ էր։ Ա. Պետրոս 5։9–ի խօսքերը իմաստ մը ունեցան ինծի համար. «[Գիտցէք] որ ձեր [«համայն», ՆԱ] եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։ Ասիկա ըմբռնելով, սկսայ հասկնալ թէ Եհովա ի՛նչպէս արդարեւ թիկունք կը կանգնէր երկուքիս, հակառակ այս անհաճելի փոփոխութեան։ «Համայն եղբայրներ»ը սքանչելիօրէն մեր օգնութեան հասան զանազան կերպերով։

Թէեւ նիւթապէս շատ քիչ ունէինք, սակայն Եհովա մեզ չլքեց։ Ան Կանայի մեր բարեկամները մղեց որ մեզի օգնեն նիւթապէս եւ այլ կերպերով։ Խոր յուզումով հեռացանք մեզի շատ սիրելի դարձած անհատներէն, եւ այս անակնկալ «վաղ»ին հետ գլուխ ելլելու վրայ դարձուցինք մեր ուշադրութիւնը։

Այլինի քոյրը՝ Լէնորան եւ իր ամուսինը՝ Ալվին Ֆրիզընը, ազնուութեամբ մեզ իրենց տունը ընդունեցին, եւ ամիսներով առատաձեռնօրէն մեզ հիւրասիրեցին։ Կարկառուն հոգեբոյժ մը, այս ինքնավստահ նախագուշակութիւնը ըրաւ. «Վեց ամիսէն դարձեալ ոտքի պիտի ելլես»։ Թերեւս ան ասիկա ըսաւ իմ մէջս վստահութիւն արթնցնելու համար, սակայն այդ նախագուշակութիւնը չիրականացաւ նոյնիսկ վեց տարի ետք։ Մինչեւ օրս, կը տառապիմ այն բանէն որ ներկայիս քաղաքավարօրէն կը կոչուի՝ տրամադրութեան հակադիր խանգարում։ Վստահաբար ասիկա աւելի ազնիւ անուն մըն է, սակայն անկէ տառապողները շատ լաւ գիտեն որ ազնիւ անուն մը որեւէ կերպով չի թեթեւցներ այս հիւանդութեան ջախջախիչ ախտանիշները։

Այդ միջոցին, Եղբայր Նոր արդէն կը տառապէր հիւանդութենէ մը, որ ի վերջոյ իր մահուան առաջնորդեց 1977–ի Յունիսին։ Իր այդ վիճակին մէջ, ան ժամանակ ու կորովը կը գտնէր ինծի մխիթարական եւ խրատական խօսքերով լեցուն՝ երկար ու քաջալերական նամակներ գրելու։ Տակաւին այդ նամակները գուրգուրանքով կը պահեմ։ Իր խօսքերը մեծ դեր խաղցան, մէջս երեւան եկող ձախողութեան անտրամաբանական զգացումներս հանդարտեցնելու մէջ։

1975–ի վերջաւորութեան, լիաժամ ծառայութեան մեր թանկագին առանձնաշնորհումներէն հրաժարեցանք, եւ առողջութիւնս կայունացնելու վրայ կեդրոնացանք։ Ցորեկուան լոյսը աչքերս կը ցաւցնէր։ Յանկարծակի զիլ ձայները կրակոցի ձայներու պէս կը հնչէին։ Ամբոխներու շարժումը զիս կը շփոթեցնէր։ Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլն իսկ իսկական պայքար մըն էր։ Այսուհանդերձ, ամբողջովին համոզուած էի թէ հոգեւոր ընկերակցութիւնը թանկարժէք էր։ Այս հարցին հետ գլուխ ելլելու համար, Թագաւորութեան Սրահ կը մտնէի ներկաները նստելէն ետք, եւ դուրս կ’ելլէի յայտագրին վերջաւորութեան, ներկաները ոտքի ելլելէն առաջ։

Հանրային ծառայութեան մասնակցիլը, ուրիշ մեծ դժուարութիւն մը կը ներկայացնէր։ Երբեմն, դրան մը առջեւ հասնելէ ետքն իսկ, պարզապէս դրան զանգը զարնելու քաջութիւնը չէի ունենար։ Սակայն, տեղի չէի տար, քանի որ կը գիտակցէի թէ մեր ծառայութիւնը փրկութիւն կը նշանակէ թէ՛ մեզի եւ թէ դրականօրէն ընդառաջողներուն։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Քիչ ետք, զգացումներուս վրայ կ’իշխէի եւ յաջորդ դուռը կ’ուղղուէի ու դարձեալ կը փորձէի։ Ծառայութեան մասնակցիլս չդադրեցնելով, տրամաբանական չափով հոգեւոր առողջութիւն մը պահպանեցի, եւ ասիկա տոկալու կարողութիւնս աւելցուց։

Տրամադրութեան հակադիր խանգարումը երկարատեւ բնոյթ մը ունենալուն պատճառաւ, ընդունեցի որ այս հիւանդութիւնը շատ հաւանաբար կեանքիս անբաժան մէկ մասը պիտի ըլլար իրերու այս ներկայ դրութեան մէջ։ 1981–ին, Զարթի՛ր–ին մէջ հոյակապ յօդուածաշարք մը լոյս տեսաւ։ * Անոնց միջոցաւ սկսայ այս հիւանդութեան բնոյթը աւելի լաւ ըմբռնել եւ անոր հետ գլուխ ելլելու աւելի ազդու կերպեր սորվիլ։

Տոկալ Սորվիլ

Այս բոլորը կնոջս կողմէ զոհողութիւն եւ բարեճշդումներ պահանջած են։ Եթէ դուք ալ նոյնանման պայմաններու ներքեւ եղող անհատ մը կը խնամէք, հաւանաբար կնոջս դիտողութիւնները պիտի գնահատէք.

«Կը թուի թէ տրամադրութեան խանգարում մը իր հետ կը բերէ անձնաւորութեան յանկարծակի փոփոխութիւն մը։ Քանի մը վայրկեանի մէջ, կենսունակ, նոր ծրագիրներ ու գաղափարներ ունեցող քաջալերող ենթական, կը փոխուի անհատի մը որ ուժաթափ, բացասական, նոյնիսկ բարկացկոտ է։ Եթէ ասիկա հիւանդութեան աչքով չդիտուի, դիմացինին մէջ կրնայ բարկութիւն եւ շփոթութիւն յառաջացնել։ Բացայայտօրէն, պէտք է անմիջապէս ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկել, եւ յուսախաբութեան կամ մերժումի զգացումներու դէմ անձնական պայքար մը սկսիլ»։

Իսկ ինչ կը վերաբերի ինծի, երբ սովորականէն աւելի լաւ կը զգամ, կը սկսիմ վախնալ։ Բնազդաբար գիտեմ թէ այս «բարձր տրամադրութեան» պիտի յաջորդէ «վատ տրամադրութիւն» մը։ Իմ պարագայիս, «վատ տրամադրութիւն» մը «լաւ տրամադրութենէն» նախընտրելի է, քանի որ վատը սովորաբար քանի մը օր զիս կ’անշարժացնէ, եւ այդ միջոցին հաւանական է որ անհաւասարակշիռ բաներ չընեմ։ Այլին մեծապէս օգտակար կ’ըլլայ, զիս զգուշացնելով որ չափազանց խանդավառ չըլլամ, եւ զիս կը մխիթարէ ու ինծի թիկունք կը կանգնի, երբ մելամաղձոտ տրամադրութիւն մը զիս պատէ։

Իսկական վտանգը այն է որ երբ հիւանդութիւնը իր գագաթնակէտին հասնի անհատը անձնակեդրոն դառնալով ուրիշները իր կեանքէն կը վանէ։ Երբ անհատը ընկճուած տրամադրութեան մէջ ըլլայ, ան կրնայ բոլորովին մեկուսանալ, կամ՝ խելագարութեան նոպայի մը ընթացքին, ուրիշներու զգացումներէն եւ հակազդեցութիւններէն տեղեակ չըլլալ։ Անցեալին, դժուարութիւն ունէի ընդունելու թէ մտային եւ զգացական խնդիր մը ունէի։ Ստիպուեցայ պայքարիլ այն գաղափարին դէմ, թէ արտաքին բան մը՝ ձախող ծրագիր մը կամ ուրիշ անհատ մըն էր խնդրին պատճառը։ Կրկին անգամ ես ինծի կը վերյիշեցնէի, ‘Շուրջդ բան մը չէ փոխուած։ Խնդիրը ներքին է, ոչ թէ արտաքին’։ Աստիճանաբար, մտածելակերպս սրբագրուեցաւ։

Տարիներու ընթացքին, երկուքս ալ սորվեցանք վիճակիս առնչութեամբ իրարու եւ ուրիշներու հանդէպ անկեղծ ու պարկեշտ ըլլալ։ Կը ջանանք դրական կեցուածք մը պահպանել եւ թոյլ չտալ որ հիւանդութիւնը մեր կեանքը ղեկավարէ։

Աւելի Լաւ «Վաղ»ը

Ջերմեռանդ աղօթքներով եւ բազմաթիւ պայքարներով, Եհովայի օրհնութենէն եւ օգնութենէն օգտուեցանք։ Ներկայիս, երկուքս ալ յառաջացած տարիքի մէջ ենք։ Կանոնաւորաբար բժշկական հսկողութեան ներքեւ եմ, չափաւոր կերպով բայց յարատեւաբար դեղեր կ’առնեմ, եւ տրամաբանական չափով կայուն առողջութիւն մը ունիմ։ Կը գնահատենք ծառայութեան որեւէ առանձնաշնորհում։ Կը շարունակեմ ծառայել որպէս ժողովքի երէց մը։ Միշտ կը ջանանք հաւատքի մէջ ուրիշներու թիկունք կանգնիլ։

Շիտակ է ինչ որ Յակոբու 4։14–ը կ’ըսէ (Երուսաղէմ). «Չէք գիտեր թէ վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր կեանքը»։ Այս պիտի ըլլայ պարագան այնքան ատեն որ իրերու այս դրութիւնը առկայ է։ Սակայն, Յակոբու 1։12–ի խօսքերն ալ ճշմարիտ են. «Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ, որ Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ»։ Այժմ, թող որ բոլորս ալ հաստատ կենանք եւ վաղուան համար Եհովայի մեզի վերապահած օրհնութիւնները վայելենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 35 Տես հետեւեալ յօդուածները. «Կրնաք Կեանքին Հետ Գլուխ Ելլել», Զարթի՛ր 8 Օգոստոս 1981–ի համարին մէջ. «Ի՛նչպէս Կրնաք Յուսալքումի Դէմ Պայքարիլ», 8 Սեպտեմբեր 1981–ի համարին մէջ. եւ «Մեծ Յուսալքումի Դէմ Դնել», 22 Հոկտեմբեր 1981–ի համարին մէջ։

[Նկար՝ էջ 26]

Արուեստագիտանոցիս մէջ առանձնութիւն կը փնտռեմ

[Նկար՝ էջ 26]

Կնոջս՝ Այլինին հետ

[Նկար՝ էջ 28]

«Յաւիտենական Բարի Լուր» Համաժողովին, Թէմայի մէջ, Կանա, 1963–ին