Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պէ՞տք է անոր հաւատաք

Պէ՞տք է անոր հաւատաք

Պէ՞տք է անոր հաւատաք

ՏԱՍՆԸԵՐԿՈՒ տարեկան աշակերտը գրահաշիւի հիմնական սկզբունքները ըմբռնելու ճիգ կը թափէր։ Անոր ուսուցիչը դասարանին ներկայացուցած էր երեւութապէս պարզ թուող գրահաշուական հաշիւ մը։

Ան սկսաւ՝ «Ըսենք թէ x=y եւ թէ երկուքին ալ արժէքը 1 է»։

‘Մինչեւ հոս լաւ է’, խորհեցաւ աշակերտը։

Սակայն, երեւութապէս տրամաբանական հաշիւ թուող չորս տողերէն ետք, ուսուցիչը ապշեցուցիչ արդիւնքի մը հասաւ. «Հետեւաբար՝ 2=1–ի»։

Ան իր շփոթած աշակերտներուն մարտահրաւէր կարդաց, ըսելով. «Հերքեցէ՛ք ասիկա»։

Գրահաշիւի մասին իր ունեցած սահմանափակ գիտութեամբ, աշակերտը չէր գիտեր ինչպէս զայն հերքել։ Հաշիւին մէջ իւրաքանչիւր քայլ կատարելապէս շիտակ կը թուէր։ Ուստի, այս տարօրինակ եզրակացութեան պէ՞տք էր հաւատար, նկատի ունենալով որ իր ուսուցիչը ուսողութեան մէջ շատ աւելի հմուտ էր քան ինք։ Անշուշտ պէտք չէր հաւատար։ Ան ինքնիրեն խորհեցաւ. ‘Պէտք չունիմ զայն հերքելու։ Առողջ բանականութիւնը ինծի կ’ըսէ որ ասիկա անիմաստ է’։ (Առակաց 14։15, 18) Ան գիտէր թէ ո՛չ իր ուսուցիչը, ո՛չ ալ իր դասընկերներէն մէկը, երկու տոլարը մէկ տոլարով պիտի փոխանակէին։

Ժամանակ մը ետք, այս աշակերտը այդ հաշիւին սխալ ըլլալը հասկցաւ։ Մինչ այդ, ան այս փորձառութենէն թանկարժէք դաս մը սորվեցաւ։ Նոյնիսկ երբ գերազանցօրէն գիտուն անհատ մը, զգուշութեամբ կառուցուած եւ երեւութապէս անհակաճառելի պատճառաբանութիւն մը ներկայացնէ, ունկնդիր մը ստիպուած չէ անմիտ եզրակացութեան մը հաւատալ, պարզ անոր համար որ այն ժամանակ չէր կրնար զայն հերքել։ Խորքին մէջ, աշակերտը շատ գործնական սուրբ գրային սկզբունքի մը կը հետեւէր, որ կը գտնուի Ա. Յովհաննու 4։1–ի մէջ. շուտով չհաւատալ ձեր լսած բոլոր բաներուն, նոյնիսկ երբ ըստ երեւոյթին, անոնք հեղինակաւոր աղբիւրէ մը կու գան։

Ասիկա չի նշանակեր թէ կանխայղացուած գաղափարներու պէտք է յամառօրէն կառչիք։ Սխալ է զանց ընել տեղեկութիւններ, որոնք կրնան ձեր սխալ տեսակէտները սրբագրել։ Բայց պէտք չէ ալ «շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն», անհատէ մը եկած ճնշումի մը պատճառաւ, որ կը դաւանի շատ գիտութիւն կամ հեղինակութիւն ունենալ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2) Անշուշտ, այս ուսուցիչը իր աշակերտներուն գլխուն պարզապէս խաղ մը կը խաղար։ Սակայն, երբեմն պարագան այդքան ալ անմեղ չըլլար։ Մարդիկ կրնան չափազանց ‘խորամանկութեամբ խաբել, որպէսզի մոլորեցնեն’։—Եփեսացիս 4։14. Բ. Տիմոթէոս 2։14, 23, 24

Մասնագէտները Միշտ Շիտա՞կ Են

Մասնագէտներ որքան ալ գիտուն ըլլան, անոնք կրնան հակասական տեսակէտներ եւ յարափոփոխ կարծիքներ ունենալ տուեալ որեւէ մարզի մէջ։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, հիւանդութեան պատճառներուն պէս հիմնական հարցի մը շուրջ բժշկագիտութեան անվերջ վիճաբանութիւնները։ Հարվըրտ Համալսարանէն բժշկագիտութեան ուսուցիչ մը կը գրէ. «Հիւանդութեան մէջ ժառանգականութեան եւ միջավայրին ու ընկերային կենցաղին ունեցած յարաբերական կարեւորութիւնը, գիտնականներու միջեւ տաք վիճաբանութեան նիւթ դարձած է»։ Այդպէս կոչուած պատճառապաշտ խմբակի պատկանողները զօրաւոր կերպով կը հաւատան, թէ մեր ծիները վճռական դեր մը կը խաղան զանազան հիւանդութիւններու մեր ընդունակ ըլլալուն մէջ։ Սակայն, ուրիշներ կը պնդեն թէ միջավայրն ու կենցաղը, մարդկային ախտաբանութեան գլխաւոր ազդակներն են։ Երկու կողմերն ալ իրենց դատը պաշտպանելու համար, իսկոյն ուսումնասիրութիւններ եւ վիճակագրութիւններ կը մէջբերեն։ Այսուհանդերձ, բանավէճը կը շարունակուի։

Ամենէն կարկառուն մտաւորականներն անգամ բազմիցս սխալած են, հակառակ անոր որ անոնց սորվեցուցած բաները այդ ժամանակ անառարկելի կը թուէին։ Իմաստասէր Պէրթրանտ Ռասըլ, Արիստոտէլը նկարագրեց որպէս «ամենէն հեղինակաւոր իմաստասէրը»։ Սակայն, Ռասըլ նաեւ նշեց թէ Արիստոտէլի վարդապետութիւններէն շատերը, «բոլորովին սխալ» էին։ Ան գրեց. «Արդի ժամանակներուն, գիտական, տրամաբանական կամ իմաստասիրական մարզերուն մէջ գրեթէ իւրաքանչիւր յառաջդիմութիւն, Արիստոտէլի աշակերտներուն հետ առանց բախումի չէ եղած»։—Արեւմտեան Իմաստասիրութեան Պատմութիւնը (Անգլերէն)

‘Սուտանուն Գիտութիւնը’

Նախկին Քրիստոնեաներէն շատեր հաւանաբար հանդիպած ըլլալու էին շատերու, որոնք Սոկրատի, Պղատոնի եւ Արիստոտէլի նման Յոյն անուանի փիլիսոփաներու աշակերտներն էին։ Այն ատենուան զարգացած մարդիկը, մտաւորական գետնի վրայ իրենք զիրենք շատ մը Քրիստոնեաներէն գերադաս կը համարէին։ Յիսուսի աշակերտներէն քիչեր «մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ» կը նկատուէին։ (Ա. Կորնթացիս 1։26) Իրականութեան մէջ, այդ օրուան փիլիսոփայութիւններով դաստիարակուած անհատներ կը խորհէին թէ Քրիստոնեաներուն հաւատացած բաները պարզապէս «յիմարութիւն» կամ «բոլորովին անիմաստ» էին։—Ա. Կորնթացիս 1։23. Ֆիլլիբս

Եթէ դուք, այդ նախկին Քրիստոնեաներէն մէկը ըլլայիք, այդ օրուան մտաւորական ընտրանիներուն համոզիչ առարկութիւններէն պիտի տպաւորուէի՞ք, կամ իրենց իմաստութեան ցուցադրութենէն պիտի վախնայի՞ք։ (Կողոսացիս 2։4) Ըստ Պօղոս առաքեալին, պատճառ չկար այսպէս զգալու։ Ան Քրիստոնեաներուն յիշեցուց, թէ Եհովան այն օրուան «իմաստուններուն իմաստութիւնը» եւ «հանճարեղներուն հանճարը» յիմարութիւն կը նկատէր։ (Ա. Կորնթացիս 1։19) Ան հարց տուաւ. «Այս աշխարհի իմաստասէրը, գրագէտը եւ քննադատը իրենց ամբողջ իմաստութիւնը ի՞նչով ցոյց կու տան»։ (Ա. Կորնթացիս 1։20, Ֆիլլիբս) Հակառակ իրենց պայծառ իմացականութեան, Պօղոսի օրուան իմաստասէրները, գրագէտները եւ քննադատները, մարդկութեան խնդիրներուն իրական լուծում մը չէին գտած։

Ուստի, Քրիստոնեաները սորվեցան խուսափիլ անկէ՝ զոր Պօղոս առաքեալ կոչեց «սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններ»ը։ (Ա. Տիմոթէոս 6։20) Պօղոս այսպիսի գիտութիւն ‘սուտանուն’ կոչեց, քանի որ հիմնական ազդակ մը կը պակսէր անոր. աստուածային ծագում կամ վկայակոչում չունէր, որով անոնց վարկածները կրնային քննութեան ենթարկուիլ։ (Յոբայ 28։12. Առակաց 1։7) Այս ազդակը չունենալով եւ միեւնոյն ատեն գլխաւոր խաբեբային՝ Սատանային կողմէ կուրցած ըլլալով, այսպիսի գիտութեան կառչողները երբեք չէին կրնար յուսալ ճշմարտութիւնը գտնել։—Ա. Կորնթացիս 2։6-8, 14. 3։18-20. Բ. Կորնթացիս 4։4. 11։14. Յայտնութիւն 12։9

Աստուածաշունչը՝ Ներշնչեալ Ուղեցոյց մը

Նախկին Քրիստոնեաները բնաւ չկասկածեցան թէ Աստուած իր կամքը, նպատակը եւ սկզբունքները յայտնած էր Աստուածաշունչին մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ասիկա զիրենք պաշտպանեց որ չգերեվարուէին «փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է»։ (Կողոսացիս 2։8) Ներկայիս պարագան նոյնն է։ Մարդոց շփոթեցուցիչ եւ հակասական կարծիքներուն հակառակը, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը հաստատ հիմ մը կը հայթայթէ, որու վրայ կրնանք մեր հաւատալիքները հիմնել։ (Յովհաննու 17։17. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13. Բ. Պետրոս 1։21) Առանց անոր, շատ դժուարին կացութեան պիտի մատնուինք, ջանալով հաստատ բան մը կառուցանել մարդկային վարկածներու եւ փիլիսոփայութիւններու անկայուն աւազին վրայ։—Մատթէոս 7։24-27

Անհատ մը կրնայ հարց տալ. ‘Բայց պահ մը կեցէք. շիտակ չէ՞ որ գիտական իրողութիւններ ցոյց տուած են թէ Աստուածաշունչը սխալ է, հետեւաբար՝ մարդկային յարափոփոխ փիլիսոփայութիւններէն աւելի վստահելի չէ’։ Պէրթրանտ Ռասըլ ըսաւ, օրինակի համար, թէ «Կոպեռնիկոս, Քէփլըր եւ Գալիլէոս ստիպուեցան Արիստոտէլին, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչին դէմ պայքարիլ, որպէսզի հաստատեն այն տեսակէտը թէ երկիրը տիեզերքին կեդրոնը չէ»։ (Շեղագիրը մեզմէ։) Իսկ ճիշդ չէ՞ որ ներկայիս, զոր օրինակ, ստեղծագործութեան ջատագովներ կը պնդեն թէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ երկիրը 24 ժամէ բաղկացած վեց օրուան մէջ ստեղծուած է, երբ բոլոր իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ երկիրը միլիառաւոր տարիներու հնութիւն ունի։

Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ երկիրը տիեզերքի կեդրոնն է։ Անիկա եկեղեցական առաջնորդներու ուսուցումն էր, որոնք Աստուծոյ Խօսքին կառչած չէին։ Ծննդոցի ստեղծագործութեան արձանագրութիւնը թիկունք կը կանգնի այն գաղափարին, թէ երկիրը միլիառաւոր տարիներէ գոյութիւն ունի եւ թէ ստեղծագործական իւրաքանչիւր օր 24 ժամէ բաղկացած չէ։ (Ծննդոց 1։1, 5, 8, 13, 19, 23, 31. 2։3, 4) Աստուածաշունչի անկեղծ գնահատում մը ցոյց պիտի տայ որ թէեւ գիտական դասագիրք մը չէ, բայց վստահաբար «բոլորովին անիմաստ» ալ չէ։ Իրականութեան մէջ, անիկա փաստուած գիտութեան հետ կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ է։ *

‘Բանաւորութիւնը’

Թէեւ Յիսուսի աշակերտներէն շատեր համեստ տղամարդիկ ու կիներ էին, հաւանաբար սահմանափակ ուսումի տէր, սակայն, անոնք իրենց տրամադրութեան տակ աստուածատուր ուրիշ առաւելութիւն մը ունէին։ Իրենց ենթահողը ի՛նչ որ ալ ըլլար, բոլորն ալ տրամաբանելու եւ մտածելու կարողութիւններով օժտուած էին։ Պօղոս առաքեալ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները քաջալերեց որ իրենց ‘բանաւորութիւնը’ գործածեն, ‘քննելու համար թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է’։—Հռովմայեցիս 12։1, 2ՆԱ

Իրենց աստուածատուր «բանաւորութեամբ», նախկին Քրիստոնեաները յստակօրէն հասկցան թէ որեւէ փիլիսոփայութիւն կամ ուսուցում որ Աստուծոյ յայտնուած Խօսքին հետ ներդաշնակ չէր, անօգուտ էր։ Կարգ մը պարագաներուն, այն ժամանակուան իմաստունները խորքին մէջ ‘ճշմարտութիւնը կը խափանէին’ եւ կ’անտեսէին Աստուծոյ գոյութեան մասին իրենց շուրջ եղող ապացոյցը։ «Իրենք զիրենք իմաստուն համարեցին եւ յիմարացան», գրեց Պօղոս առաքեալ։ Քանի որ Աստուծոյ եւ իր նպատակին մասին ճշմարտութիւնը մերժեցին, «սնոտի խորհուրդներու մէջ ինկան եւ իրենց սրտերը խաւարեցան անմտութեամբ»։—Հռովմայեցիս 1։18-22, Տրապիզոն. Երեմեայ 8։8, 9

Անոնք որոնք կը պնդեն թէ իմաստուն են, յաճախ հետեւեալին նման եզրակացութիւններու կը յանգին. «Աստուած չկայ» կամ՝ «Աստուածաշունչին պէտք չէ վստահիլ» կամ՝ «Ասոնք ‘վերջին օրերը’ չեն»։ Այսպիսի գաղափարներ Աստուծոյ աչքին նոյնքան յիմարութիւն են, որքան եզրակացնելը թէ «2=1–ի»։ (Ա. Կորնթացիս 3։19) Մարդիկ իրենք իրենց ի՛նչ հեղինակութիւն ալ վերագրեն, պէտք չէ անոնց եզրակացութիւնները ընդունիք, եթէ անոնք Աստուած կը հակասեն, իր Խօսքը կ’անտեսեն, եւ տրամաբանութենէ զերծ են։ Եզրակացնելով ըսենք թէ միշտ իմաստութիւն է ձգել որ «Աստուած ճշմարիտ ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ»։—Հռովմայեցիս 3։4

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 20 Մանրամասնութեանց համար, տես՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, եւ՝ Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գրքերը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Նկարներ՝ էջ 31]

Մարդոց յարափոփոխ կարծիքներուն հակառակը, Աստուածաշունչը հաւատալու հաստատ հիմ մը կը հայթայթէ

[Նկարին աղբիւրները]

Left, Epicurus։ Photograph taken by courtesy of the British Museum; upper middle, Plato։ National Archaeological Museum, Athens, Greece; right, Socrates։ Roma, Musei Capitolini