Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ կը ծառայէք Աստուծոյ

Ինչո՞ւ կը ծառայէք Աստուծոյ

Ինչո՞ւ կը ծառայէք Աստուծոյ

Աստուածավախ թագաւոր մը առիթով մը իր որդւոյն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ՛»։ (Ա. Մնացորդաց 28։9) Յստակ է որ Եհովա կ’ուզէ որ իր ծառաները երախտապարտ ու գնահատող սրտով մը իրեն ծառայեն։

ՈՐՊԷՍ Եհովայի Վկաներ, իսկոյն կ’ընդունինք որ երբ առաջին անգամ մեզի բացատրուեցան Աստուածաշունչի խոստումները, մեր սիրտը երախտագիտութեամբ յորդեցաւ։ Ամէ՛ն օր նոր բան մը սորվեցանք Աստուծոյ նպատակներուն մասին։ Որքա՛ն շատ սորվեցանք Եհովայի մասին, այնքան զօրացաւ իրեն «կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն» ընելու մեր փափաքը։

Եհովայի Վկայ եղողներէն շատեր կը շարունակեն անսահման ուրախութեամբ Եհովայի ծառայել իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Սակայն, կարգ մը Քրիստոնեաներ լաւ կը սկսին՝ բայց ժամանակի ընթացքին կը մոռնան այն զօրաւոր պատճառները, որոնք կը մղեն մեզ որ Աստուծոյ ծառայենք։ Ասիկա ձեզի ալ պատահա՞ծ է։ Եթէ այո, մի՛ յուսահատիք։ Կորսուած ուրախութիւնը կարելի է վերագտնել։ Ի՞նչպէս։

Ձեր Օրհնութիւնները Հաշուեցէք

Նախ խորհեցէք ամէն օր Աստուծմէ ձեր ստացած օրհնութիւններուն մասին։ Մտածեցէք Եհովայի բարի պարգեւներուն մասին. իր բազմազան ստեղծագործութիւնը՝ որ անխտրաբար մատչելի է ընկերային կամ տնտեսական ամէն մակարդակի անհատներու՝ ուտելիքի եւ խմելիքի իր բնական հայթայթումները, ձեր վայելած համեմատական առողջութիւնը, Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին ձեր ունեցած գիտութիւնը, եւ գլխաւորաբար՝ իր Որդւոյն պարգեւը։ Իր մահը ձեր առջեւ ճամբան հարթեց որպէսզի մաքուր խղճով Աստուծոյ ծառայէք։ (Յովհաննու 3։16. Յակոբու 1։17) Որքա՛ն մտածէք Աստուծոյ բարութեան մասին, ա՛յնքան պիտի աւելնայ իրեն հանդէպ ձեր գնահատութիւնը։ Այն ատեն ձեր սիրտը պիտի մղէ ձեզ որ իրեն ծառայէք իր ըրած բոլոր բաներուն փոխարէն երախտագիտութենէ մղուած։ Անկասկած դարձեալ սաղմոսերգուին նման պիտի զգաք, որ գրեց. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. . . . համրանքէն աւելի շատ են»։—Սաղմոս 40։5

Այս խօսքերը գրեց Դաւիթ, մարդ մը, որու կեանքը խնդիրներէ զերծ չէր։ Իր երիտասարդութեան, Դաւիթ շատ անգամ փախստականի կեանք վարեց, քանի որ Սաւուղ չար թագաւորը եւ իր թիկնապահները կը փնտռէին զինք սպաննել։ (Ա. Թագաւորաց 23։7, 8, 19-23) Դաւիթ անձնական տկարութիւններ ալ ունէր, որոնց դէմ կը պայքարէր։ Ան ասոր գիտակցեցաւ 40–րդ Սաղմոսին մէջ. «Անթիւ չարիքներ զիս պատեցին. անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։ Գլխուս մազէն շատ են»։ (Սաղմոս 40։12) Այո, Դաւիթ նեղութիւններ ունէր, բայց անոնցմով ամբողջովին ջախջախուած չէր։ Ան հակառակ իր խնդիրներուն, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց այն բաներուն վրայ որոնցմով Եհովա կ’օրհնէր զինք, եւ նկատեց որ այդ օրհնութիւնները իր դժբախտութիւններէն շա՛տ աւելի էին։

Երբ անձնական խնդիրներով, կամ անկարողութեան զգացումներով համակուած զգաք, լաւ է որ Դաւիթի նման կենաք ու ձեր օրհնութիւնները համրէք։ Անկասկած, այսպիսի օրհնութիւններու հանդէպ գնահատութենէ մղուած դուք ձեզ Եհովայի նուիրեցիք. այս բաներուն մասին մտածելը կրնայ նաեւ վերարծարծել ձեր կորսնցուցած ուրախութիւնը եւ ձեզի օգնել որ գնահատութեամբ լեցուն սրտով մը Աստուծոյ ծառայէք։

Ժողովքային Հանդիպումները Կրնան Օգնել

Առանձնաբար Եհովայի բարութիւններուն մասին խորհրդածելէ զատ, պէտք է Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ ընկերակցինք։ Քաջալերական է կանոնաւորաբար հաւաքուիլ այրերու, կիներու եւ պատանիներու հետ, որոնք Աստուած կը սիրեն եւ վճռած են իրեն ծառայել։ Անոնց օրինակը կրնայ մեզ խթանել որ Եհովայի ծառայութեան մէջ բոլորանուէր ըլլանք։ Թագաւորութեան Սրահին մէջ մեր ներկայութիւնը անոնց համար ալ քաջալերութիւն է։

Ճիշդ է որ օրուան ծանր աշխատանքէն ետք երբ տուն վերադառնանք, կամ երբ կարգ մը խնդիրներու կամ տկարութիւններու պատճառաւ յուսահատած ըլլանք, այդքան ալ դիւրին չըլլար ժողովի համար Թագաւորութեան Սրահ երթալու մասին մտածել։ Այսպիսի ժամանակներ, մենք մեզի հետ խիստ պէտք է ըլլանք, այդպէս ըսուած՝ ‘մեր մարմինը ճնշելով’, որպէսզի Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ հաւաքուելու պատուէրին հնազանդինք։—Ա. Կորնթացիս 9։26, 27. Եբրայեցիս 10։23-25

Եթէ ասոր կարիքը տեսնենք, պէ՞տք է եզրակացնենք որ Եհովան իրապէս չենք սիրեր։ Բնա՛ւ երբեք։ Վաղեմի հասուն Քրիստոնեաներ, որոնց Աստուծոյ հանդէպ ունեցած սէրը անվիճելի էր, Աստուծոյ կամքը կատարելու համար մեծ ջանք թափեցին։ (Ղուկաս 13։24) Պօղոս առաքեալ այդ Քրիստոնեաներէն մէկն էր։ Ան իր զգացումները բացէ ի բաց սա կերպով արտայայտեց. «Գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասն զի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։ (Հռովմայեցիս 7։18, 19) Իսկ Կորնթացիներուն ըսաւ. «Եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. . . . եթէ ասիկա կամաւ ընեմ, վարձք կ’ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է»։—Ա. Կորնթացիս 9։16, 17

Շատերուս նման, Պօղոս մեղաւոր հակումներ ունէր, որոնք շիտակը ընելու իր ցանկութեան արգելք կ’ըլլային։ Բայց, ան ծանր պայքարեցաւ այդ հակումներուն դէմ եւ ընդհանրապէս յաջող դուրս եկաւ անոնցմէ։ Անշուշտ Պօղոս իր անձնական ուժով չըրաւ ասիկա։ Ան գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Պօղոսը զօրացնող Եհովան ձեզ ալ պիտի զօրացնէ, որպէսզի շիտակը ընէք, եթէ իրմէ օգնութիւն խնդրէք։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Ուստի, ‘պայքարեցէք հաւատքին համար’ եւ Եհովան ալ պիտի օրհնէ ձեզ։—Յուդա 3, Անթիլիաս

Այս պատերազմին մէջ առանձին չէք։ Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ կան, իրենց կարգին, յարատեւաբար ‘հաւատքի համար պայքար’ մղող հասուն Քրիստոնեայ երէցներ, որոնք պատրաստ են ձեզի օգնելու։ Եթէ օգնութեան համար երէցի մը մօտենաք, ան պիտի ջանայ ձեզ ‘մխիթարել’։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Իր նպատակը պիտի ըլլայ «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս» վարուիլ։—Եսայեայ 32։2

«Աստուած սէր է» եւ կ’ուզէ որ իր ծառաները սէրէ մղուած իրեն ծառայեն։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Եթէ Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը վերարծարծուելու կարիքը ունի, ասիկա ընելու համար հարկ եղած քայլերը առէք, ինչպէս բացատրուեցաւ։ Ուրախ պիտի ըլլաք որ ասիկա ըրիք։