Ծնունդի սովորութիւնները քրիստոնէակա՞ն են
Ծնունդի սովորութիւնները քրիստոնէակա՞ն են
ԾՆՈՒՆԴԻ շրջան է։ Ասիկա ձեզի, ձեր ընտանիքին եւ բարեկամներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա հոգեւո՞ր առիթ մըն է, թէ ոչ՝ պարզապէս խրախճանքի եւ ուրախութեան ժամանակ մը։ Անիկա Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան մասին խոկալո՞ւ, թէ ոչ քրիստոնէական կանոնները անտեսելու ժամանակ է։
Մինչ նկատի կ’առնէք այս հարցումները, ի մտի ունեցէք թէ ձեր ապրած վայրին համաձայն Ծնունդի սովորութիւնները կրնան տարբերիլ։ Օրինակ, Մեքսիկայի կամ Լատին Ամերիկայի այլ երկիրներու մէջ, անոր անունը անգամ տարբեր է։ Համայնագիտարան մը կը նշէ թէ Անգլերէն Քրիսմըս անունը «յառաջ եկած է միջնադարեան Քրիսդըս Մէս–էն՝ Քրիստոսի Պատարագէն»։ Սակայն, Լա Նաւիտատ–ը՝ կամ Ծնունդը, ինչպէս Լատին Ամերիկայի այս երկիրներուն մէջ կ’անուանուի, կ’ակնարկէ Յիսուսի ծնունդին։ Պահ մը նկատի առէք Մեքսիկայէն եկած կարգ մը մանրամասնութիւններ։ Ասիկա ձեզի կրնայ օգնել այս տօնական շրջանին նկատմամբ կարծիք մը կազմելու։
Բոսատաս–ը, «Երեք Իմաստունները» եւ Նասիմիենթօ–ն
16 Դեկտեմբերին, տօնակատարութիւնները կը սկսին բոսատաս–ով։ Մեքսիկայի Կեանքի Խրախճանքները գիրքը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Ծնունդի գիշերուան առաջնորդող ինը մոգական օրերուն՝ բոսատաս–ի ժամանակ է որ կը յիշատակուի Յովսէփի եւ Մարիամի Բեթլէհէմ քաղաքին մէջ առանձին թափառիլը, եւ այն վայրկեանը երբ ի վերջոյ հիւրընկալուեցան եւ պատսպարուեցան։ Ընտանիքներ ու բարեկամներ ամէն գիշեր իրարու քով հաւաքուելով Քրիստոսի ծնունդին նախորդող օրերը վերստին կը խաղարկեն»։
Սովորաբար, խումբ մը մարդիկ Մարիամի ու Յովսէփի արձանները շալկած տուն մը կ’ուղղուին եւ երգելով ապաստանարան, կամ՝ բոսատա, կը խնդրեն։ Այդ տունը գտնուողները երգելով կը պատասխանեն, մինչեւ որ այցելուները ի վերջոյ տուն մտնելու արտօնութիւն ստանան։ Ապա խրախճանք մը կը սկսի, որու ընթացքին ոմանք իրենց աչքերը փակած եւ ձեռքերնին փայտ մը առած, կարգով կը փորձեն փինաթա–ն կոտրել՝ պարանով կախուած կաւէ մեծ ու զարդարուած կաթսայ մը։ Անգամ մը որ կոտրուի, անոր պարունակութիւնը (շաքարեղէն, պտուղ եւ նման բաներ) տօնախմբուողներուն կողմէ կը հաւաքուի։ Ասոր կը յաջորդէ ուտել–խմել, երաժշտութիւն եւ պար։ 16 Դեկտեմբերէն մինչեւ 23 Դեկտեմբեր, բոսատա–ի ութը խրախճանքներ տեղի կ’ունենան։ Ամսուն 24–ին, Նոչեպուէնա–ն (Ծնունդին նախորդող գիշերը) կը տօնակատարուի, երբ ընտանիքներ կը ջանան իրարու քով հաւաքուիլ մասնաւոր ընթրիքի մը համար։
Շատ չանցած կը հասնի Նոր Տարուան Գիշերը, որ շատ աղմկալից խրախճանքներով կը տօնակատարուի։ Յունուար 5–ի երեկոյեան, Թրէս Ռեյէս Մակոս–ը («երեք իմաստուններ»ը) պէտք է երախաներուն խաղալիքներ բերեն։ Ասիկա բարձրակէտի մը կը հասնի Յունուար 6–ի գիշերը տեղի ունեցող խրախճանքով, երբ րոսքա տէ Ռեյէս մը (կլոր կարկանդակ) կը հրամցուի։ Մինչ այս կարկանդակը կ’ուտուի, ներկաներէն մէկը իր շերտին մէջ մանուկ Յիսուսը ներկայացնող արձանիկ մը պիտի գտնէ։ Արձանիկը գտնողը ստիպուած է Փետրուար 2–ին վերջնական խրախճանք մը կազմակերպել ու հիւրընկալել։ (Կարգ մը տեղեր, «երեք իմաստունները» ներկայացնող երե՛ք արձանիկներ կան։) Ինչպէս կը տեսնէք, Ծնունդի առթիւ սարքուած խրախճանքները վերջ չունին։
Այս ժամանակաշրջանին, նասիմիենթօ–ն (Ծննդեան տեսարան) շատ տիրական է։ Ասոր մէջ ի՞նչ պարփակուած է։ Հանրային վայրերու, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու եւ տուներու մէջ
տեսարաններ կը սարքուին, որու մէջ սերամիք–է, փայտէ կամ կաւէ (մեծ ու փոքր) արձանիկներ կը դրուին։ Անոնք կը ներկայացնեն Յովսէփն ու Մարիամը, ծունկի եկած մսուրի մը առջեւ, որուն մէջ նորածին մանուկ մը կայ։ Յաճախ հովիւներ եւ Լոս Ռեյէս Մակոս («իմաստունները») ալ կան։ Տեսարանը ախոռ մըն է եւ քանի մը անասուններ տեսարանը կ’ամբողջացնեն։ Սակայն, գլխաւոր անձնաւորութիւնը նորածին մանուկն է, որ Սպաներէնով կը կոչուի էլ Նինօ Տիոս (Մանուկ Աստուածը)։ Այս գլխաւոր անձնաւորութիւնը կրնայ տեսարանին մէջ աւելցուիլ Ծնունդի Գիշերը։Ծննդեան Աւանդութիւններուն Վրայ Մօտէն Ակնարկ մը
Համայն աշխարհի մէջ ընդհանրապէս ճանչցուած Ծնունդի տօնակատարութեան մասին խօսելով, Ամերիքանա Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Ծնունդին հետ առնչուող ներկայ սովորութիւններուն մեծամասնութիւնը, սկիզբը Ծնունդի սովորութիւններ չէին, այլ, նախաքրիստոնէական եւ ոչ–քրիստոնէական սովորութիւններ էին, որոնք որդեգրուեցան Քրիստոնեայ եկեղեցիին կողմէ։ Դեկտեմբերի կիսուն տօնակատարուած հռովմէական տօնը՝ Սաթուրնալիան, որպէս օրինակ ծառայեց Ծնունդի տօնախմբութիւններուն հետ առնչուած շատ մը սովորութիւններուն։ Օրինակ, այս տօնակատարութենէն յառաջ եկան մեծ խնամքով պատրաստուած խրախճանքները, նուէրներ փոխանակելը, եւ մոմեր վառելը»։
Լատին Ամերիկայի մէջ, Ծննդեան այս հիմնական սովորութիւններուն կը յաջորդեն շատ մը ուրիշներ։ Թերեւս հարց տաք թէ ‘ասոնց ծագումը ի՛նչ է’։ Անկեղծ ըլլալու համար, Աստուածաշունչին կառչիլ ուզողներէն շատեր կ’ընդունին թէ այս սովորութիւններէն ոմանք ուրիշ բան չեն եթէ ոչ Ազթէգեան ծէսեր։ Մեքսիկօ Սիթիի մէջ լոյս տեսնող Էլ Եունիվերսալ օրաթերթը ըսաւ. «Զանազան դասերէ վանականներ, հնդկական ծիսական օրացոյցին վրայ եղած տօնակատարութիւններուն, Կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին հետ զուգադիպիլը օգտագործեցին, եւ զայն իրենց աւետարանչական եւ միսիոնարական գործը յառաջ տանելու համար գործածեցին։ Անոնք նախա–Սպանական չաստուածութիւններու նուիրուած տօները փոխարինեցին քրիստոնէական աստուածութիւններու ձօնուած տօնակատարութիւններով, եւրոպական տօնակատարութիւններ եւ գործունէութիւններ ներմուծեցին, նաեւ օգտուեցան հնդկական տօնակատարութիւններէն, որոնք մշակութային միաձուլման առաջնորդեցին, որմէ յառաջ եկած են զուտ Մեքսիկեան արտայայտութիւններ»։
Ամերիքանա Համայնագիտարանը կը բացատրէ. «Ծննդեան խաղարկութիւնները նախապէս Ծնունդի տօնակատարութեան մէկ մասն էին։ . . . Կ’ըսուի թէ եկեղեցիին մէջ մսուրի տեսարան մը սարքելը սկսաւ Սուրբ Ֆրանսիսի կողմէ»։ Քրիստոսի ծնունդը ներկայացնող այս խաղարկութիւնները եկեղեցիներու մէջ կը ներկայացուէին Մեքսիկայի գաղութացման սկիզբի շրջանին։ Անոնք Ֆրանսիսկան վանականներու կողմէ կազմակերպուած էին, Հնդիկներուն Ծնունդին ինչ ըլլալը սորվեցնելու համար։ Հետագային, բոսատաս–ը աւելի ժողովրդական դարձան։ Անոնց ետին եղող սկզբնական նպատակը ինչ որ ալ ըլլայ, ներկայիս բոսատաս–ի սարքուած կերպը, անոնց իսկական բնոյթը երեւան կը հանէ։ Եթէ պատահի որ այս ժամանակաշրջանին Մեքսիկայի մէջ գտնուիք, կրնաք տեսնել կամ զգալ բան մը, որու մասին Էլ Եունիվերսալ օրաթերթի թղթակից մը հետեւեալը ըսաւ. «Բոսատաս–ը՝ որոնք ժամանակին կերպ մըն էին մեզի յիշեցնելու Յիսուսի ծնողքին ուխտագնացութիւնը, երբ անոնք մանուկ–Աստուծոյ համար պատսպարան մը կամ ծնանելու վայր մը կը փնտռէին, ներկայիս միա՛յն գինովութեան, ծայրայեղութիւններու, որկրամոլութեան, սնափառութեան եւ շատ աւելի ոճիրներ գործելու օրեր են»։
Նասիմիենթօ–ի գաղափարը յառաջ եկաւ գաղութային ժամանակաշրջանին՝ եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցող վառ ներկայացումներէն։ Թէեւ ոմանք ասիկա հրապուրիչ կը գտնեն, սակայն անիկա Աստուածաշունչի ըսածը շիտակ կերպով կը ներկայացնէ՞։ Ասիկա տեղին հարցում մըն է։ Երբ այդպէս կոչուած երեք իմաստունները՝ որոնք իրականութեան մէջ մոգեր էին՝ այցելութեան եկան, Յիսուս եւ իր ընտանիքը ալ ախոռի մը մէջ չէին բնակեր։ Ժամանակ անցած էր, եւ ընտանիքը տան մը մէջ կ’ապրէր։ Այս մանրամասնութիւնը նկատի առնելը հետաքրքրական պիտի գտնէք, որ կը գտնուի Մատթէոս 2։1, 11–ի ներշնչեալ արձանագրութեան մէջ։ Կրնաք նաեւ նշմարել թէ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ քանի՛ մոգեր կային։ *
Լատին Ամերիկայի մէջ, երեք իմաստունները՝ Կաղանդ Պապուկի դերը փոխարինած են։ Ինչպէս ուրիշ երկիրներու մէջ, հոն ալ ծնողներէն շատեր տան մէջ խաղալիքներ կը պահեն։ Ապա Յունուար 6–ի առաւօտեան, զաւակները զանոնք կը փնտռեն, իբրեւ թէ երեք իմաստունները բերած ըլլան։ Ասիկա խաղալիք վաճառողներուն համար դրամ շահելու ժամանակ մըն է, եւ անոնցմէ ոմանք հարստութիւն դիզած են բանի մը ետեւէն, որ պարկեշտ սրտով անհատներէն շատեր պարզապէս երեւակայական պատմութիւն մը կը նկատեն։ Երեք իմաստուններուն առասպելը իր վարկը կը կորսնցնէ շատերուն քով, նոյնիսկ՝ երախաներուն։ Թէեւ ոմանք ուրախ չեն որ այս առասպելին հաւատացողները հետզհետէ կը նուազին, բայց պարզապէս աւանդութեան եւ առեւտրական շահերու սիրոյն պահպանուած երեւակայական պատմութենէ մը ի՞նչ կրնանք ակնկալել։
Նախկին Քրիստոնեաները Ծնունդը չէին տօներ։ Համայնագիտարան մը ասոր մասին կ’ըսէ. «Քրիստոնէական եկեղեցիին սկիզբի դարերուն այս տօնը չէր պահուեր, քանի որ քրիստոնէական ընդհանրացած սովորութիւնն էր կարկառուն անհատներու մահը յիշատակել, քան թէ անոնց ծնունդը»։ Աստուածաշունչը ծննդեան տարեդարձները կ’առնչէ հեթանոսներու եւ ոչ թէ Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն հետ։—Մատթէոս 14։6-10
Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր թէ օգտակար պիտի չըլլայ Աստուծոյ Որդւոյն ծննդեան հետ առնչուած իրադարձութիւններուն մասին սորվիլ կամ զանոնք յիշել։ Աստուածաշունչի ստոյգ արձանագրութիւնը կարեւոր ներատեսութիւն եւ դասեր կը հայթայթէ բոլոր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ կամքը կ’ուզեն ընել։
Յիսուսի Ծնունդը՝ Ըստ Աստուածաշունչին
Յիսուսի ծննդեան մասին վստահելի տեղեկութիւններ պիտի գտնէք Մատթէոսի եւ Ղուկասու Ղուկաս 1։31-33
Աւետարաններուն մէջ։ Անոնք ցոյց կու տան թէ Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամ անունով կոյս աղջկայ մը այցելութիւն տուաւ, Գալիլիոյ Նազարէթ քաղաքին մէջ։ Ան ի՞նչ պատգամ հաղորդեց։ «Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։—Այս պատգամը շատ անակնկալի բերաւ Մարիամը։ Ամուսնացած չըլլալով, ան ըսաւ. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։ Հրեշտակը պատասխանեց. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի»։ Մարիամ ըմբռնելով թէ ասիկա Աստուծոյ կամքն էր, ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։—Ղուկաս 1։34-38
Հրեշտակ մը այս հրաշալի ծնունդին մասին տեղեակ պահեց Յովսէփը, որպէսզի Մարիամի հետ չամուսնալուծուի, ինչ որ կը ծրագրէր ընել անոր յղութեան մասին տեղեկանալէ ետք։ Այն ատեն ան յօժարեցաւ Աստուծոյ Որդւոյն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը ստանձնել։—Մատթէոս 1։18-25
Ապա Օգոստոս Կայսրէն ելած հրաման մը ստիպեց որ Յովսէփն ու Մարիամը Գալիլիոյ Նազարէթէն իրենց նախահայրերուն քաղաքը՝ Հրէաստանի Բեթլէհէմը՝ ճամբորդեն, աշխարհագիրը մտնելու համար։ «Երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, իր անդրանիկ որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար»։—Ղուկաս 2։1-7
Ղուկաս 2։8-14–ը կը նկարագրէ յաջորդիւ պատահածը։ «Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։ Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան։ Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. ‘Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։ Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ՝ մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած’։ Իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին. Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, [«բարեացակամ», ՆԱ] մարդոց մէջ հաճութիւն»։
Մոգերը
Մատթէոսի արձանագրութիւնը կը յիշէ թէ Արեւելքէն մոգեր Երուսաղէմ եկան, որոնք Հրեաներու թագաւորին ծննդեան վայրը կը փնտռէին։ Հերովդէս Թագաւորը շատ հետաքրքրուած էր այս հարցով, բայց ո՛չ լաւ միտումներով։ «Զանոնք Բեթլէհէմ ղրկելով՝ ըսաւ. ‘Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէս զի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ’»։ Մոգերը գտան մանուկը եւ «իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս»։ Սակայն անոնք Հերովդէսի չվերադարձան։ ‘Երազի մէջ հրաման առին, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան’։ Աստուած հրեշտակ մը գործածեց Յովսէփը Հերովդէսի միտումներէն զգուշացնելու համար։ Յովսէփ եւ Մարիամ իրենց որդին առնելով Եգիպտոս փախան։ Անկէ ետք, նոր թագաւորը սպաննելու նպատակով, անգութ Հերովդէս Թագաւորը հրամայեց որ Բեթլէհէմի շրջանին մէջ գտնուող բոլոր տղաքը սպաննեն։ Ո՞ր տղաքը։ Երկու տարեկան եւ անկէ վար եղողները։—Մատթէոս 2։1-16
Այս Արձանագրութենէն Ի՞նչ Կրնանք Սորվիլ
Այցելող մոգերը՝ քանի հոգի ալ ըլլային անոնք՝ ճշմարիտ Աստուածը չէին պաշտեր։ Աստուածաշունչի Լա Նուէվա Պիպլիա Լաթինոամերիքա թարգմանութիւնը (1989–ի Հրատարակութիւն), ստորանիշի մը մէջ կ’ըսէ. «Մոգերը թագաւորներ չէին, այլ՝ բախտագուշակներ եւ հեթանոսական կրօնքի մը քուրմերը»։ Անոնք եկած էին իրենց նուիրուած աստղերուն մասին իրենց գիտութեան համաձայն։ Եթէ Աստուած ուզէր զանոնք մանուկին առաջնորդել, անոնք ճի՛շդ վայրը պիտի առաջնորդուէին եւ հարկ պիտի չըլլար նախ Երուսաղէմ, ապա Հերովդէսի պալատը երթալու։ Հետագային, Աստուած միջամտեց,
անոնց ճամբան փոխել տալով, մանուկը պաշտպանելու համար։Ծննդեան շրջանին, այս պատմութիւնը յաճախ առասպելական եւ զգացական ոճ մը կը ստանայ, որ ամենէն կարեւոր իրողութիւնը մութի մէջ կը ձգէ. թէ՝ այս մանուկը սքանչելի թագաւոր մը ըլլալու համար ծնած էր, ինչպէս որ Մարիամին եւ հովիւներուն ծանուցուեցաւ։ Ո՛չ, Յիսուս Քրիստոս այլեւս մանուկ մը չէ, ոչ ալ երախայ մըն է։ Ան Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխող Թագաւորն է, որ շատ շուտով Աստուծոյ կամքին հակառակ կեցող բոլոր իշխանութիւնները պիտի բնաջնջէ եւ մարդկութեան բոլոր խնդիրները պիտի լուծէ։ Ասիկա է այն Թագաւորութիւնը զոր կը խնդրենք Տէրունական Աղօթքին մէջ։—Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10
Հրեշտակին միջոցաւ հովիւներուն եղած յայտարարութենէն կը սորվինք թէ փրկութեան պատեհութիւնը բացուած է բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը յօժարին բարի լուրի պատգամը լսել։ Աստուծոյ հաճութիւնը շահողները ‘բարեացակամ մարդիկ’ կը դառնան։ Յիսուս Քրիստոսի Թագաւորութեան ներքեւ, համայն աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը տիրելու հոյակապ հեռանկարներ կան, սակայն մարդիկ Աստուծոյ կամքը կատարելու յօժար պէտք է ըլլան։ Ծննդեան ժամանակաշրջանը ասոր կը նպաստէ՞ եւ այդ փափաքը կ’արտացոլացնէ՞։ Աստուածաշունչին հետեւիլ փափաքող անկեղծ անհատներէն շատեր կը խորհին թէ պատասխանը բացայայտ է։—Ղուկաս 2։10, 11, 14
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 13 Ուրիշ մանրամասնութիւն մը, զոր պէտք չէ զանց ընել. Մեքսիկական նասիմիենթօ–ին մէջ, երախան կը կոչուի «Մանուկ Աստուած», այն առումով թէ Աստուած անձամբ երկիր եկաւ որպէս մանուկ։ Սակայն, Աստուածաշունչը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ Որդին, որ երկրի վրայ ծնաւ. ան ամենակալ Եհովա Աստուածը չէր, ոչ ալ անոր հաւասար էր։ Այս մասին ճշմարտութիւնը նկատի առէք հետեւեալ համարներուն մէջ՝ Ղուկաս 1։35. Յովհաննու 3։16. 5։37. 14։1, 6, 9, 28. 17։1, 3. 20։17։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
ՈՄԱՆՔ ԿՐՆԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼԻ ԳԱԼ
Ծնունդի մասին տարիներ հետազօտելէ ետք, Ծնունդի Բացասական Երեսակը խորագրով իր գրքին մէջ, հեղինակ Թոմ Ֆլին կը ներկայացնէ այն եզրակացութիւնները որոնց յանգած է.
«Ներկայիս Ծնունդին հետ մեր առնչած սովորութիւններուն մեծ մասը ծագում առած է նախաքրիստոնէական շրջանի հեթանոս կրօնական սովորութիւններէն։ Անոնցմէ ոմանք, ընկերային, սեռային կամ աստղագիտական իմաստներ ունին, որոնք կրնան ուսեալ եւ մշակոյթի հանդէպ դիւրազգաց եղող արդիական անհատները մղել որ այդ սովորութիւններէն հրաժարին, անգամ մը որ անոնց ծագումը աւելի յստակօրէն հասկնան»։—Էջ 19
Թիկունք կանգնող ահագին տեղեկութիւններ ներկայացնելէ ետք, Ֆլին կը վերադառնայ հիմնական կէտին. «Ծնունդի ամենէն ծիծաղելի մասը այն է՝ թէ անոր բովանդակութեան շատ քիչ մասը իրապէս քրիստոնէական է։ Երբ նախաքրիստոնէական տարրերէն ձերբազատուինք, գրեթէ մնացեալը յետ–քրիստոնէական է, փոխանակ ծագումով զուտ քրիստոնէական ըլլալու»։—Էջ 155
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուսի ծնունդին եղած ծանուցումը որպէս Աստուծոյ ընտրեալ Թագաւոր իր ապագայ դերին համար բեմը պատրաստեց