Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք
Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք
«Ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար [կը ջանայ], որպէս զի դուք կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 4։12, ՆԱ
1, 2. (ա) Դրսեցիները ի՞նչ նշմարած էին նախկին Քրիստոնեաներուն մասին։ (բ) Կողոսացիս գիրքը ի՞նչպէս սիրալիր հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ։
ՅԻՍՈՒՍԻ հետեւորդները խորապէս հետաքրքրուած էին իրենց հաւատակիցներով։ Տերտուղիանոս (Հ.Դ. երկրորդ ու երրորդ դարու պատմագիր մը) կը խօսի որբերու, աղքատներու եւ տարեցներու հանդէպ անոնց ցոյց տուած ազնուութեան մասին։ Սէր ապացուցանող այս արարքները ա՛յնքան տպաւորած էին անհաւատները, որ ոմանք Քրիստոնեաներուն մասին ըսած են՝ ‘Նայեցէք ինչպէ՛ս իրար կը սիրեն’։
2 Կողոսացիս գիրքը, Պօղոսի ու իր ընկերակիցին՝ Եպափրասի կողմէ այսպիսի սիրալիր հետաքրքրութիւն մը կ’արտացոլացնէ Կողոսայի եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։ Պօղոս անոնց գրեց, ըսելով՝ Եպափրաս «ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար [կը ջանայ], որպէս զի դուք կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։ 2001 տարուան ընթացքին, Կողոսացիս 4։12–ի այս խօսքերը. «Կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կեցէք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։
Եհովայի Վկաները որպէս տարուան համար պիտի ունենան3. Եպափրաս ի՞նչ երկու բաներու համար աղօթեց։
3 Կրնաք նկատել որ իր սիրելիներուն համար Եպափրասի աղօթքները երկու երեսակ ունէին. (1) որ ‘կատարեալ կենան’ եւ (2) «հաստատօրէն համոզուած կենան Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։ Այս տեղեկութիւնը Սուրբ Գրքին մէջ տեղ գրաւած էր մեր օգտին համար։ Արդ, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ անձնապէս կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենալու համար, ի՞նչ բանի կարիքը ունիմ։ Իսկ մինչ ասիկա կ’ընեմ, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ’։ Տեսնե՛նք։
Ջանացէք ‘Կատարեալ Կենալ’
4. Կողոսացիները ի՞նչ առումով կատարեալ ըլլալու կարիքը ունէին։
4 Եպափրաս անկեղծօրէն կը փափաքէր որ Կողոսայի իր եղբայրներն ու քոյրերը ‘կատարեալ կենային’։ Պօղոսի հոս գործածած «կատարեալ» արտայայտութիւնը ամբողջական, չափահաս կամ հասուն իմաստը կրնայ ունենալ։ (Մատթէոս 19։21. Եբրայեցիս 5։14. Յակոբու 1։4, 25) Հաւանաբար գիտէք որ երբ անհատ մը մկրտուած Եհովայի Վկայ մը կ’ըլլայ, անիկա ինքնին չի նշանակեր որ ինք չափահաս Քրիստոնեայ մըն է։ Պօղոս Կողոսայի արեւմուտքը ապրող Եփեսացիներուն գրեց, որ հովիւներ եւ ուսուցիչներ կը ջանան օգնել որ «ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ [«չափահաս», ՆԱ] մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու»։ Ուրիշ տեղ մը Պօղոս յորդորեց Քրիստոնեաները որպէսզի «հասկնալու կարողութեան մէջ չափահաս» ըլլան։—Եփեսացիս 4։8-13. Ա. Կորնթացիս 14։20, ՆԱ
5. Կատարելութիւնը ի՞նչպէս կրնանք մեր գլխաւոր նպատակը դարձնել։
5 Եթէ Կողոսայի մէջ կային ոմանք, որոնք տակաւին հոգեւորապէս չափահաս կամ հասուն չէին, իրենց նպատակը այս պէտք էր ըլլար։ Պարագան նոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ այսօր։ Տասնեակ տարիներէ մկրտուած ըլլանք, թէ՝ վերջերս, կը նկատե՞նք որ իրապէս մեր բանականութեան եւ տեսակէտներուն մէջ յառաջդիմած ենք։ Որեւէ որոշում տալէ առաջ Աստուածաշունչի սկզբունքները նկատի կ’առնե՞նք։ Աստուծոյ եւ ժողովքին շահերուն հետ կապ ունեցող հարցերը փոխանակ պատահական ըլլալու, աւելի մեծ տեղ մը կը գրաւե՞ն մեր կեանքին մէջ։ Հոս չենք կրնար դէպի կատարելութիւն կամ չափահասութիւն մեր աճումի բոլոր երեսակները բացատրել, բայց երկու օրինակներ առնենք։
6. Ո՞ր մարզին մէջ թերեւս անհատ մը կրնայ յառաջդիմել Եհովայի նման կատարեալ ըլլալու համար։
6 Առաջին օրինակը. Ենթադրենք որ մենք կանխադատողութեամբ, կամ ուրիշ ցեղի, ազգութեան կամ շրջանի մարդոց հանդէպ թշնամական մթնոլորտի մէջ մեծցած ենք։ Հիմա գիտենք որ Աստուած աչառութիւն չ’ըներ եւ մենք ալ աչառութիւն պէտք չէ ընենք։ (Գործք 10։14, 15, 34, 35) Մեր ժողովքին կամ շրջանին մէջ, այդ ենթահողէն եղող անհատներ կան, ուստի անոնցմով շրջապատուած ենք։ Սակայն, ո՞րքանով ներքնապէս կարգ մը բացասական զգացումներ, կամ կասկածներ կը պահենք այդ ենթահողէն եղող մարդոց հանդէպ։ Արդեօք ‘մեր մէջ փուշ մը’ ունի՞նք անոնց հանդէպ, անմիջապէս ժխտական կերպով մտածելով, երբ այդ ենթահողէն մէկը սխալի կամ կերպով մը մեզ արհամարհէ։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Աստուծոյ անաչառ տեսակէտը ունենալու համար աւելի յառաջդիմելու կարիքը ունի՞մ’։
7. Որպէս Քրիստոնեայ կատարեալ ըլլալը թերեւս ուրիշներու հանդէպ ի՞նչ տեսակէտ կը պարունակէ։
7 Երկրորդ օրինակը. Փիլիպպեցիս 2։3–ի համաձայն, ‘բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով պէտք չէ ընենք. հապա խոնարհութիւնով ուրիշները մեր անձէն լաւ պէտք է սեպենք’։ Այս ուղղութեամբ ո՞րքանով յառաջդիմած ենք։ Իւրաքանչիւր անհատ ունի իր տկար ու զօրաւոր կողմերը։ Եթէ անցեալին ուրիշներուն տկար կողմերը նկատելու մէջ արագ էինք, հիմա ասոր մէջ յառաջդիմա՞ծ ենք, այլեւս անոնցմէ չակնկալելով որ գրեթէ «կատարեալ» ըլլան։ (Յակոբու 3։2) Հիմա՝ առաջուընէ շատ աւելի կրնա՞նք տեսնել, նոյնիսկ փնտռել թէ ո՛ր մարզերուն մէջ ուրիշներ մեզ կը գերազանցեն։ ‘Իրապէս կ’ընդունիմ որ այսինչ քոյրը ինծմէ լաւ է համբերութեան մէջ’։ ‘Այնինչը՝ աւելի զօրաւոր հաւատք մը կ’արտացոլացնէ’։ ‘Շիտակը, ինք ինծմէ լաւ ուսուցիչ մըն է’։ ‘Այսինչ քոյրը ինքզինք զսպելու մէջ աւելի լաւ է’։ Թերեւս Կողոսացիներէն ոմանք այս ուղղութեամբ յառաջդիմելու կարիքը ունէին։ Արդեօք մե՞նք ալ ասոր կարիքը ունինք։
8, 9. (ա) Ի՞նչ առումով Եպափրաս աղօթեց որպէսզի Կողոսացիները կատարեալ ‘կենան’։ (բ) Կատարեալ մնալը ի՞նչ կը պարփակէր ապագայի նկատմամբ։
8 Եպափրաս աղօթեց որ Կողոսացիները ‘կատարեալ կենան’։ Որոշ է ուրեմն, որ Եպափրաս Աստուծոյ կ’աղօթէր որ Կողոսացիները ինչ տարողութեամբ որ ամբողջական, հասուն եւ չափահաս Քրիստոնեաներ էին, թող որ այդպէս ‘կենային’, կամ մնային։
9 Չենք կրնար ենթադրել թէ ամէն մէկը որ Քրիստոնեայ կ’ըլլայ՝ նոյնիսկ հասուն՝ այդպէս պիտի յարատեւէ։ Յիսուս ըսաւ որ Աստուծոյ հրեշտակային որդիներէն մէկը «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ»։ (Յովհաննու 8։44) Իսկ Պօղոս Կորնթացիներուն յիշեցուց կարգ մը անհատներ, որոնք անցեալին ժամանակ մը Եհովայի ծառայած էին, բայց ետքը՝ ձգած։ Ան հոգիէն օծուած եղբայրներուն զգուշացուց. «Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։12) Ասիկա աւելի տպաւորիչ կը դարձնէ այն աղօթքը թէ Կողոսացիները ‘կատարեալ կենային’։ Անգամ մը որ կատարեալ, չափահաս ըլլային, պէտք էր յարատեւէին, ետ չքաշուելով, չյոգնելով կամ չհեռանալով։ (Եբրայեցիս 2։1. 3։12. 6։6. 10։39. 12։25) Այս կերպով, անոնք «կատարեալ» պիտի ըլլային իրենց քննութեան, եւ վերջնական հաճութեան արժանանալու օրը։—Բ. Կորնթացիս 5։10. Ա. Պետրոս 2։12
10, 11. (ա) Եպափրաս աղօթելու ի՞նչ օրինակ ձգած է մեզի։ (բ) Նկատի ունենալով Եպափրասին ըրածը, հաւանաբար ի՞նչ ընել որոշէք։
10 Արդէն խօսեցանք ուրիշներուն համար աղօթելու կարեւորութեան մասին, անոնց անունները յիշելով, որոշակի ըլլալով, երբ կը խնդրենք որ Եհովա օգնէ, մխիթարէ, օրհնէ եւ սուրբ հոգին տայ անոնց։ Կողոսացիներուն համար Եպափրասի մատուցանած աղօթքները այս տեսակ էին։ Իսկ այս խօսքերուն մէջ կրնանք արժէքաւոր թելադրութիւններ գտնել՝ եւ պէ՛տք է գտնենք՝ թէ երբ մեր մասին կ’աղօթենք, ի՛նչ բաներ կրնանք պարզել Եհովայի։ Անվարանօրէն պէտք է Եհովայի օգնութիւնը խնդրենք, որպէսզի անհատապէս ‘կատարեալ կենանք’։ Ասիկա կ’ընէ՞ք։
11 Ինչո՞ւ աղօթքի մէջ չյիշէք ձեր կացութիւնը։ Աստուծոյ խօսեցէք թէ ո՛ր աստիճան «կատարեալ», չափահաս կամ հասուն ըլլալու մէջ յառաջդիմութիւն ըրած էք։ Իրմէ պաղատեցէք որ ձեզի գիտցնէ այն մարզերը, որոնց մէջ տակաւին հոգեւորապէս աճելու կարիքը ունիք։ (Սաղմոս 17։3. 139։23, 24) Անկասկած այսպիսի մարզեր ունիք։ Ապա, փոխանակ անոնց համար յուսահատելու, որոշակի կերպով, զայն մատնանշելով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեցէք, որպէսզի անոր մէջ յառաջդիմէք։ Ասիկա մէկ անգամ ընելով մի՛ բաւարարուիք։ Արդարեւ, ինչո՛ւ չորոշէք որ յառաջիկայ շաբաթ որոշ ժամանակ պիտի աղօթէք, որպէսզի կարենաք ‘կատարեալ կենալ’։ Իսկ ծրագրեցէք աւելի յաճախ ընել ասիկա՝ մինչ նկատի կ’առնէք տարուան համարը։ Եթէ Աստուծոյ ծառայութենէն ետ քաշուելու, յոգնած ըլլալու, կամ հեռանալու հակումներ կը զգաք, ձեր աղօթքներուն մէջ անոնց եւ անոնցմէ խուսափելու կերպերուն վրայ ծանրացէք։—Եփեսացիս 6։11, 13, 14, 18
Հաստատ Համոզումի Համար Աղօթեցէք
12. Կողոսացիները ինչո՞ւ մասնաւորաբար կարիքը ունէին «հաստատօրէն համոզուած» ըլլալու։
12 Եպափրաս ուրիշ բանի մը համար ալ աղօթեց, որ կենսական էր որպէսզի Կողոսացիները վերջապէս ընդունելի կեցուածք մը ունենային Աստուծոյ Գաղատացիս 3։19. Կողոսացիս 2։8, 16-18
առջեւ։ Ատիկա հաւասարապէս անհրաժեշտ է մեզի համար։ Ի՞նչ էր այդ։ Ան աղօթեց որ անոնք «հաստատօրէն համոզուած կենան Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։ Անոնք շրջապատուած էին հերձուածութեամբ եւ քայքայիչ փիլիսոփայութիւններով, որոնցմէ քանի մը հատը ճշմարիտ պաշտամունքի խաբուսիկ երեւոյթը ունէին։ Օրինակ, անոնց վրայ ճնշում կը բանեցուէր որ ծոմապահութեան կամ տօնախմբութեան կարգ մը օրեր պահէին, որոնք անցեալին պահանջուած էին հրէական պաշտամունքին մէջ։ Կեղծ ուսուցիչներ կը ծանրանային հրեշտակներու վրայ, այդ հզօր հոգեղէն արարածները, որոնք Օրէնքը Մովսէսին տալու համար գործածուած էին։ Դուք ձեզ երեւակայեցէ՛ք այսպիսի ճնշումներու ներքեւ։ Իրար հակասող շարք մը շփոթեցուցիչ գաղափարներ գոյութիւն ունէին։—13. Ո՞ր ազդակը ընդունիլը կրնար օգնել Կողոսացիներուն, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի։
13 Պօղոս այս բոլորը հերքեց, Յիսուս Քրիստոսի դերին վրայ շեշտ դնելով։ «Ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք»։ Այո, (թէ՛ Կողոսացիներուն կողմէ եւ թէ մեր կողմէ) Աստուծոյ նպատակին մէջ ու մեր կեանքին մէջ, Քրիստոսի դերին մասին լման համոզումի կարիք կար։ Պօղոս բացատրեց. «Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։ Եւ դուք ալ անով լեցուած էք, որ գլուխն է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան»։—Կողոսացիս 2։6-10
14. Յոյսը ինչո՞ւ իրական բան մըն էր Կողոսացիներուն համար։
14 Կողոսացիները հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներ էին։ Անոնք իւրայատուկ յոյս մը ունէին՝ կեանք երկնքի մէջ, եւ այդ յոյսը վառ պահելու ամէն պատճառ ունէին։ (Կողոսացիս 1։5) «Աստուծոյ կամք»ն էր որ անոնք իրենց յոյսէն վստահ ըլլային։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը կասկած ունէ՞ր այդ յոյսէն։ Բնա՛ւ երբեք։ Արդեօք ներկայիս երկրային դրախտի աստուածատուր ակնկալութիւնը ունեցողներուն համար պարագան տարբե՞ր պէտք է ըլլայ։ Արդարեւ ո՛չ։ Այդ վաւերական յոյսը յստակօրէն «Աստուծոյ կամք»ին մէկ մասն է։ Արդ, նկատի առէք հետեւեալ հարցումները. Եթէ դուք ամէն ջանք կը թափէք որ ‘մեծ նեղութենէն’ վերապրելիք ‘մեծ բազմութենէն’ մէկը ըլլաք, ձեր յոյսը ո՞րքան իրական է։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Անիկա ‘Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ ձեր հաստատ համոզումին’ մէկ մա՞սն է։
15. Պօղոս ի՞նչ շարքաւորում մը ուրուագծեց որու մէջ յոյսը կար։
15 «Յոյս» ըսելով չենք ակնարկեր անորոշ ցանկութեան կամ պատրանքի մը։ Ասիկա կրնանք տեսնել այն կարգ մը կէտերէն, զորս նախապէս Պօղոս Հռովմայեցիներուն ներկայացուց։ Այդ շարքաւորման մէջ յիշուած իւրաքանչիւր բան՝ միւսին կ’առաջնորդէ։ Ուշադրութիւն ըրէք որ իր պատճառաբանութեան մէջ, Պօղոս «յոյս»ը ո՛ւր կը դնէ. «Նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը բերէ եւ համբերութիւնը իր կարգին, ընդունելի վիճակ մը, ու ընդունելի վիճակը՝ յոյս. եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է սուրբ հոգիին միջոցով»։—Հռովմայեցիս 5։3-5, ՆԱ
16. Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցաք, ի՞նչ յոյս ունեցաք։
16 Երբ Եհովայի Վկաները առաջին անգամ Աստուածաշունչի պատգամը ձեզի հետ բաժնեցին, հաւանաբար որոշ ճշմարտութիւն մը ձեր ուշադրութիւնը գրաւեց, ինչպէս՝ մեռելներուն վիճակը կամ յարութիւնը։ Շատերուն համար, գլխաւոր նորութիւնը դրախտ երկրի մը վրայ կեանք ունենալու Աստուածաշունչին տուած կարելիութիւնն էր։ Մտաբերեցէք երբ առաջին անգամ այդ ուսուցումը լսեցիք։ Ի՜նչ սքանչելի յոյս մը. հիւանդութիւն ու ծերութիւն պիտի չըլլան, պիտի շարունակէք ապրիլ ու ձեր ձեռքին պտուղը վայելել, եւ անասուններուն հետ խաղաղութիւն պիտի ունենաք։ (Ժողովողի 9։5, 10. Եսայեայ 65։17-25. Յովհաննու 5։28, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4) Հոյակա՛պ յոյս մը ունեցաք։
17, 18. (ա) Հռովմայեցիներուն ներկայացուցած Պօղոսի ցանկը ի՞նչպէս յոյսին կը հասնի։ (բ) Հռովմայեցիս 5։4, 5–ի մէջ ի՞նչպիսի յոյսի կ’ակնարկուի։
17 Հաւանաբար ժամանակ մը հակառակութեան կամ հալածանքի հանդիպեցաք։ (Մատթէոս 10։34-39. 24։9) Նոյնիսկ վերջերս, զանազան երկիրներու մէջ Վկաներու տուները թալանուած են, կամ ալ անոնք բռնի ուժով ապաստանեալներ եղած են։ Ոմանք վայրագօրէն ծեծուած են, անոնց սուրբ գրային գրականութիւնները բռնագրաւուած են, կամ լրատուական գործակալութեան կողմէ սուտ տեղեկագրութիւններու թիրախ դարձած են։ Ի՛նչ տեսակ հալածանք ալ դիմագրաւեցիք, ինչպէս Հռովմայեցիս 5։3–ը կ’ըսէ, կրցաք նեղութիւններու մէջ ուրախանալ, եւ ասիկա լաւ արդիւնք մը տուաւ։ Ինչպէս Պօղոս գրեց, նեղութիւնը ձեր մէջ համբերութիւն յառաջ բերաւ։ Ապա համբերութիւնը ընդունելի վիճակի մը առաջնորդեց։ Գիտցաք որ դուք շիտակ եղածը կ’ընէք՝ Աստուծոյ կամքը կը կատարէք, ուստի վստահ եղաք որ իր հաճութիւնը ունիք։ Պօղոսի խօսքերով, զգացիք որ «ընդունելի վիճակի» մէջ էք։ Շարունակելով, Պօղոս գրեց որ «ընդունելի վիճակը իր կարգին, յոյս» կը բերէ։ Ասիկա քիչ մը անսովոր կրնայ թուիլ։ Պօղոս «յոյս»ը ինչո՞ւ ցանկին մէջ այսքան հեռուն կը դնէ։ Երբ բարի լուրը առաջին անգամ լսեցիք, արդէն յոյս չունեցա՞ք։
18 Որոշ է որ Պօղոս հոս չ’ակնարկեր կատարեալ կեանքի նկատմամբ մեր սկզբնական յոյսին։ Իր ակնարկածը անկէ շատ անդին կ’երթայ, որ աւելի խորունկ, աւելի խթանող է։ Երբ հաւատարմաբար համբերենք եւ այս կերպով գիտակցինք որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունինք, ասիկա մեր սկզբնական
յոյսը աւելցնելու ու զօրացնելու վրայ խոր ազդեցութիւն կ’ունենայ։ Մեր ունեցած յոյսը շատ աւելի իրական, ամուր, եւ անձնական կը դառնայ։ Խարսխուած այս յոյսը աւելի պայծառութեամբ կը փայլի։ Անիկա մեր ամբողջ էութիւնը, մեր իւրաքանչիւր ջիղը կը պարուրէ։ Իսկ «յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով»։19. Ձեր յոյսը ի՞նչպէս ձեր կանոնաւոր աղօթքներուն մաս պէտք է կազմէ։
19 Եպափրասի սրտագին աղօթքն էր որ Կողոսայի իր եղբայրներն ու քոյրերը իրենց դիմաց եղող բանէն ազդուած, եւ անով համոզուած ըլլային՝ «հաստատօրէն համոզուած . . . Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։ Թող որ ամէն մէկս մեր յոյսին կապակցաբար նոյն կերպով կանոնաւորաբար Աստուծոյ մօտենանք։ Ձեր անձնական աղօթքին մէջ, նոր աշխարհի մասին ձեր յոյսը պարփակեցէք։ Եհովայի արտայայտեցէք թէ ո՛րքան կը տենչաք անոր, լիովին համոզուած՝ որ անիկա պիտի գայ։ Իրմէ պաղատեցէք որ ձեր համոզումը խորացնելու ու լայնցնելու մէջ ձեզի օգնէ։ Ինչպէս որ Եպափրաս աղօթեց որ Կողոսացիները «հաստատօրէն համոզուած [ըլլան] Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ», դուք ալ նոյնը ըրէք, եւ ասիկա յաճա՛խ ըրէք։
20. Եթէ յարաբերաբար քիչեր քրիստոնէական ճամբէն կը խոտորին, ասիկա ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատեցնէ մեզ։
20 Ձեզ ո՛չ մտացիր պէտք է ընէ, ո՛չ ալ յուսահատեցնէ այն իրողութիւնը թէ բոլորն ալ կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած չեն կենար։ Ոմանք կրնան սայթաքիլ, խոտորիլ, կամ պարզապէս՝ հրաժարիլ։ Ասիկա Յիսուսի շատ սերտ եղող անհատներու, իր առաքեալներուն պատահեցաւ։ Բայց երբ Յուդա դաւաճանեց, միւս առաքեալները դանդաղեցա՞ն կամ լքեցի՞ն։ Անշուշտ ո՛չ։ Պետրոս Սաղմոս 109։8–ն կիրարկեց, ցոյց տալու համար թէ ուրիշ մը պիտի առնէր Յուդային տեղը։ Փոխարինութիւնը կատարուեցաւ եւ Աստուծոյ հաւատարիմ եղողները իրենց քարոզչութիւնը շարունակեցին։ (Գործք 1։15-26) Անոնք վճռած էին կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենալ։
21, 22. Ձեր կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենալը ի՞նչ առումով պիտի նշմարուի։
21 Կրնաք բացարձակապէս վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ կամքին մէջ կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենալը աննկատ պիտի չմնայ։ Անիկա պիտի նկատուի ու գնահատուի։ Որո՞նց կողմէ։
22 Այո, ձեզ ճանչցող ու սիրող ձեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի նշմարեն ասիկա։ Նոյնիսկ երբ բոլորն ալ ասիկա բառերով չարտայայտեն, ազդեցութիւնը Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։2-6–ի նման պիտի ըլլայ, ուր կը կարդանք. «Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ. անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ։ . . . Մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ, . . . դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նմանե[ցաք]»։ Ձեր շուրջը գտնուող հաւատարիմ Քրիստոնեաներն ալ նոյնպէս պիտի զգան, երբ նկատեն որ դուք «կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կը կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։—Կողոսացիս 1։23
23. Յառաջիկայ տարուան ընթացքին, ի՞նչ ընել պէտք է վճռէք։
23 Շատ վստահաբար ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի նկատէ ու պիտի հաճի ձեզի։ Ասկէ վստահ եղէք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ դուք կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կը մնաք «Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։ Պօղոս քաջալերական խօսքեր գրեց Կողոսացիներուն, քանի որ անոնք ‘Եհովայի արժանի կերպով կը քալէին՝ զինք հաճեցնելով’։ (Կողոսացիս 1։10) Այո, կարելի է որ անկատար մարդիկ լիովին հաճեցնեն զինք։ Ձեր Կողոսացի եղբայրներն ու քոյրերը ասիկա ըրին։ Հիմա ձեր շուրջը գտնուող Քրիստոնեաներն ալ նոյնը կ’ընեն։ Դո՛ւք ալ կրնաք ընել։ Ուստի, յառաջիկայ տարուան ընթացքին, ձեր առօրեայ աղօթքներն ու արարքները թող մի՛շտ ապացուցանեն որ դուք վճռած էք «կատարեալ եւ հաստատօրէն համոզուած կենալ Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ»։
Կրնա՞ք յիշել
• ‘Կատարեալ կենալը’ ի՞նչ կը պարփակէ։
• Աղօթքի մէջ ձեր մասին ի՞նչ պէտք է պարփակէք։
• Ի՞նչպիսի յոյս մը կ’ուզէք ունենալ, ինչպէս թելադրուած է Հռովմայեցիս 5։4, 5–ի մէջ։
• Մեր ուսումնասիրութիւնը ձեզ խթանեց որ յառաջիկայ տարի ի՞նչ նպատակակէտ ունենաք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 20]
Եպափրաս աղօթեց որ իր եղբայրները կատարեալ կենան, Քրիստոսի ու իրենց յոյսին մասին հաստատ համոզումով
[Նկարներ՝ էջ 23]
Միլիոնաւոր ուրիշներ կը բաժնեն ձեր վստահ յոյսը եւ հաստատ համոզումը