Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Քրիստոնեայ հաւատարիմ կին մը ո՞ր աստիճան պէտք է ընդդիմանայ իր կողակիցին առած ամուսնալուծման քայլերուն։
Երբ ամուսնութեան կարգադրութիւնը եղաւ, Աստուած ըսաւ որ այրը եւ կինը իրարու պէտք է «յարի»ն։ (Ծննդոց 2։18-24) Մարդիկ անկատար եղան եւ ասիկա շա՛տ մը ամուսնութիւններու մէջ խնդիրներու դուռ բացաւ. բայց Աստուծոյ փափաքն է որ կողակիցներ տակաւին իրարու յարին։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։ (Իսկ եթէ զատուի ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ»։—Ա. Կորնթացիս 7։10, 11
Այս խօսքերէն յայտնի կ’ըլլայ որ անկատար մարդոց մէջ երբեմն կողակից մը կ’որոշէ զատուիլ։ Օրինակ, Պօղոս ըսաւ որ եթէ կողակից մը զատուի, երկու կողմերն ալ «առանց ամուսնանալու մնան»։ Ինչո՞ւ։ Ճիշդ է որ կողակիցը մեկնեցաւ, բայց երկուքը տակաւին Աստուծոյ աչքին իրարու միացած են։ Պօղոս ասիկա կրնար ըսել, քանի որ Յիսուս ինք չափանիշը դրած էր քրիստոնէական ամուսնութեան. «Ով որ առանց պոռնկութեան [Յունարէն՝ բոռ·նէա] պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ (Մատթէոս 19։9) Այո, ամուսնութեան վերջ դնող ամուսնալուծման համար սուրբ գրային միակ պատճառը ‘պոռնկութիւնն’ է, այսինքն՝ սեռային անբարոյութիւնը։ Բացայայտ է որ Պօղոսի ակնարկած պարագային, կողակիցներէն ոչ մէկը անբարոյ եղած էր, ուստի երբ ամուսինը կամ կինը զատուեցաւ, Աստուծոյ աչքին ամուսնութիւնը վերջ չգտաւ։
Պօղոս ապա խօսեցաւ կացութեան մը մասին. ճշմարիտ Քրիստոնեան կողակից մը ունի որ հաւատացեալ չէ։ Նկատի առէք Պօղոսի տուած ուղղութիւնները. «Եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ»։ (Ա. Կորնթացիս 7։12-16) Հաւատարիմ կին մը ի՞նչ կրնայ ընել երբ իր անհաւատ ամուսինը ձգէ զինք, նոյնիսկ օրինաւոր կերպով ամուսնալուծուիլ ուզէ։
Ան կրնայ նախընտրել որ ամուսինը իր հետ մնայ։ Ան թերեւս տակաւին կը սիրէ զինք, իրենց փոխադարձ զգացական ու սեռային կարիքներուն կը գիտակցի եւ գիտէ թէ ինք ու իր փոքր երախաները նիւթական օգնութեան պէտք ունին։ Ան կրնայ յուսալ նաեւ որ ժամանակի ընթացքին իր ամուսինը հաւատացեալ մը ըլլայ ու փրկուի։ Բայց եթէ ամուսինը քայլեր առած է ամուսնութեան վերջ դնելու համար (ոչ–սուրբ գրային պատճառով մը), կինը կրնայ ձգել որ ան «զատուի», ինչպէս Պօղոս գրեց։ Նոյնը կիրարկելի է նաեւ երբ հաւատացեալ ամուսին մը ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը անտեսէ եւ ուզէ զատուիլ։
Այսպիսի պարագայի մը, սակայն, թերեւս կինը ինքզինք ու իր երախաները օրինաւոր կերպով պաշտպանելու պէտքը զգայ։ Ի՞նչպէս։ Ան կրնայ փափաքիլ որ իր սիրելի զաւակները ինք խնամէ, որպէսզի կարենայ շարունակել անոնց հանդէպ մայրական սէր ցոյց տալ, բարոյական մարզում տալ եւ անոնց մէջ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն վրայ հիմնուած հաւատք քանդակել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Ամուսնալուծումը կրնայ իր իրաւունքները վտանգել։ Ուստի ան քայլեր կրնայ առնել որպէսզի հեղինակութեանց դիմաց հարկ եղած կերպով ներկայանայ, զաւակները ունենալու իր իրաւունքը պաշտպանելու եւ վստահ ըլլալու համար որ ամուսինը իր լքած ընտանիքին ապրուստը տալու ստիպուած ըլլայ։ Կարգ մը տեղեր, ամուսնալուծման ընդդիմացող կին մը կրնայ օրինական թուղթեր ստորագրել, որոնք երախաներուն խնամակալութիւնը եւ նիւթական օգնութիւնը կը պայմանաւորեն, առանց նշելու թէ ինք իր ամուսնոյն ձեռնարկած ամուսնալուծման համաձայն է։ Ուրիշ տեղեր, թուղթերուն բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինք համաձայն է ամուսնալուծման. ուստի, եթէ անոր ամուսինը շնութեամբ յանցաւոր է, կինը այս թուղթերը ստորագրելով ըսել կ’ուզէ թէ զինք կը մերժէ։
Համայնքին ու ժողովքին մէջ շատեր մանրամասնութիւններէն կրնան տեղեակ չըլլալ. զոր օրինակ, թէ ամուսնալուծումը սուրբ գրային գետնի վրայ ձեռք ձգուած էր թէ ոչ։ Ուստի, հարցերը մինչեւ հոն հասնելէն առաջ, յանձնարարելի է որ կինը (նախընտրաբար գրաւոր կերպով) ժողովքի վերակացու տեսուչը եւ ուրիշ երէց մը իրողութիւններէն տեղեակ պահէ։ Այս կերպով այդ իրողութիւնները մատչելի պիտի ըլլան որեւէ հարցում յարուցուելու պարագային՝ այն ատեն կամ հետագային։
Վերադառնանք Յիսուսի խօսքերուն. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ Եթէ ամուսինը իրապէս սեռային անբարոյութեամբ յանցաւոր էր, բայց ուզեց Ովսեայ 1։1-3. 3։1-3
իր կնոջմէ չբաժնուիլ, կինը (Յիսուսի օրինակին մէջ անմեղ եղողը) պէտք է որոշէ թէ կ’ուզէ՞ ներել եւ շարունակել իր հետ ամուսնական անկողինը բաժնել, թէ ոչ մերժել զինք։ Եթէ որոշէ ներել եւ իր օրինաւոր ամուսնոյն հետ շարունակել ապրիլ, ասիկա ընելուն համար ինք բարոյապէս պղծուած չ’ըլլար։—Եթէ անբարոյ ամուսին մը ուզէ ամուսնալուծուիլ, կինը տակաւին կրնայ փափաքիլ ներել, յուսալով որ ան իրեն վերադառնայ։ Կինը ինք՝ իր խղճին ու իր կացութեան հիման վրայ՝ պիտի որոշէ անոր ամուսնալուծման քայլին առարկել կամ ոչ։ Կարգ մը տեղեր, ամուսնալուծման ընդդիմացող կին մը կրնայ թուղթեր ստորագրել, որոնք երախաներուն խնամակալութիւնը եւ նիւթական օգնութիւնը կը պայմանաւորեն, առանց նշելու թէ ինք ամուսնալուծման համաձայն է. կնոջ այսպիսի թուղթեր ստորագրելը ինքնին չի նշեր որ կը մերժէ իր ամուսինը։ Սակայն, ուրիշ տեղեր, ամուսնալուծման ընդդիմացող կնոջմէ մը կրնայ խնդրուիլ որ թուղթեր ստորագրէ, որոնց վրայ գրուած է թէ ինք համաձայն է ամուսնալուծման. այսպիսի թուղթեր ստորագրելը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ թէ ինք կը մերժէ իր յանցաւոր ամուսինը։
Թիւրիմացութեան առաջքը առնելու համար, յանձնարարելի է որ այս պարագային ալ կինը ժողովքի ներկայացուցիչներուն նամակով մը բացատրէ առնուած քայլերը եւ անոնց ետին եղող կեցուածքները։ Ան կրնայ նշել որ իր ամուսնոյն ըսած է թէ ինք պատրաստ էր ներելու եւ իր կինը մնալու։ Ատիկա պիտի նշէր որ ձեռք ձգուած ամուսնալուծումը իր կամքին հակառակ էր. փոխանակ իր ամուսինը մերժելու, տակաւին ան պատրաստ էր ներելու։ Այսպիսով յստակ ընելով որ ինք յօժար էր ներելու եւ ամուսնացած մնալու, այդ պարագային նիւթական եւ/կամ զաւակներու խնամակալութեան հարցերը պարզապէս կարգի դնելու համար կնոջ թուղթեր ստորագրելը իր ամուսինը մերժած ըլլալու նշում պիտի չնկատուի։ *
Նոյնիսկ ամուսնալուծումէն ետք կինը ներելու պատրաստակամ ըլլալը հաստատելով, ո՛չ ինք եւ ոչ ամուսինը ուրիշի մը հետ ամուսնանալու ազատ կրնան ըլլալ։ Եթէ կինը՝ անմեղ կողակիցը, որու ներելու առաջարկը մերժուեցաւ, հետագային որոշէ թէ կը մերժէ իր ամուսինը իր անբարոյութեան համար, այն ատեն երկուքն ալ ազատ կրնան ըլլալ։ Յիսուս ցոյց տուաւ որ անմեղ կողակիցը այսպիսի որոշում մը տալու իրաւունքը ունի։—Մատթէոս 5։32. 19։9. Ղուկաս 16։18
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 11 Տեղէ տեղ օրինական քայլերը եւ թուղթերը կը տարբերին։ Թուղթ մը ստորագրելէ առաջ, օրինական փաստաթուղթերու վրայ ամուսնալուծման պայմանները ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ։ Եթէ անմեղ կողակիցը ստորագրէ թուղթեր, որոնք կը նշեն թէ ինք առարկութիւն մը չունի ամուսնալուծման համար, անիկա իր կողակիցը մերժելու համահաւասար կ’ըլլայ։—Մատթէոս 5։37