«Այնպէս վազեցէք»
«Այնպէս վազեցէք»
ԴՈՒՔ ձեզ երեւակայեցէք ոգեւորուած ամբոխով խռնուած մարզադաշտի մը մէջ։ Մարզիկներ տողանցելով դաշտ կը մտնեն։ Մինչ իրենց հերոսները ի յայտ կու գան, ամբոխը կը սկսի բացագանչել։ Իրաւարարներ ներկայ են օրէնքները բանեցնելու համար։ Մինչ խաղերը տեղի կ’ունենան, յաղթութեան բացագանչութիւններ կը խառնուին յուսախաբութեան աղաղակներուն։ Խլացուցիչ ծափահարութիւն մը յաղթականները կ’ողջունէ։
Դուք ոչ թէ արդի, այլ՝ շուրջ 2,000 տարիներ առաջ Կորնթոսի Պարանոցին վրայ տեղի ունեցող մարզական դէպքի մը ներկայ կը գտնուիք։ Հոս, Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարէն մինչեւ Հ.Դ. չորրորդ դար, ամէն երկու տարին անգամ մը հռչակաւոր Իսթմեան Խաղերը տեղի կ’ունենային։ Օրեր շարունակ, այս դէպքը ամբողջ Յունաստանի ուշադրութեան առարկան կը դառնար։ Խաղերը պարզ մարմնամարզական մրցումներ չէին։ Մարզիկները զինուորական պատրաստութեան խորհրդանիշեր էին։ Յաղթողները որպէս հերոսներ կ’աստուածացուէին, եւ ծառի տերեւներէ շինուած պսակներ կը ստանային։ Անոնք կը պարգեւատրուէին, եւ քաղաքին կողմէ մեծ թոշակ կը յատկացուէր անոնց, մինչեւ իրենց մահը։
Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի մօտ տեղի ունեցող Իսթմեան Խաղերուն ծանօթ էր եւ Քրիստոնեային կեանքի ընթացքը մարմնամարզական մրցումի մը նմանցուց։ Վազողներու, ըմբշամարտիկներու եւ կռփամարտիկներու ակնարկելով, ան ճարտարօրէն նկարագրեց լաւ մարզումին, շիտակ կերպով ուղղուած ջանքերուն եւ համբերութեան վարձատրութիւնները։ Անշուշտ, այն Քրիստոնեաները որոնց գրեց ան, տեղեակ էին այս խաղերէն։ Անկասկած անոնցմէ ոմանք մարզադաշտին մէջ բացագանչող ամբոխներուն մէջ գտնուած էին։ Ուստի, անոնք իսկոյն գնահատեցին Պօղոսի ըրած բաղդատութիւնները։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Մենք ալ յաւիտենական կեանքի մրցավազքին մէջ ենք։ Այս մրցումներուն մասին Պօղոսի ըրած ակնարկումներէն ի՞նչպէս կրնանք օգտուիլ։
‘Օրէնքին Համաձայն Մրցիլ’
Վաղեմի խաղերուն մասնակցելու պահանջները շատ խիստ էին։ Մունետիկ մը իւրաքանչիւր մարզիկ հանդիսատեսներուն կը ներկայացնէր, ապա կը պոռար. ‘Կա՞յ մէկը որ կրնայ այս մարդուն որեւէ ոճիր վերագրել։ Ան գող, կամ ամբարիշտ եւ վատ կենցաղի տէր մէ՞կն է’։ Արքիաոլոճիա Կրէքա–ի համաձայն, «ո՛չ մէկ վատահամբաւ չարագործ կամ այնպիսի մէկու մը հետ [սերտօրէն] կապ ունեցող անհատ արտօնութիւն ունէր մրցելու»։ Իսկ խաղերուն օրէնքները խախտողները ծանր պատիժ կը ստանային, մրցումներէն զրկուելով։
Այս իրողութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու Պօղոսի խօսքը. «Մրցորդ մը պսակ չի ստանար, եթէ օրէնքին համաձայն չմրցի»։ (Բ. Տիմոթէոս ) Նմանապէս, կեանքի մրցավազքին մէջ վազելու համար, պէտք է Եհովայի պահանջներուն գոհացում տանք եւ Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշներուն համակերպինք։ Սակայն, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ մեզ. «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է»։ ( 2։5Ծննդոց 8։21) Ուստի, մրցումին մասնակցելէ ետք իսկ, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ շարունակենք օրէնքներուն համաձայն մրցիլ, որպէսզի շարունակենք Եհովայի հաճութիւնը ունենալ եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։
Այս կերպով վարուելու համար, մեծագոյն օգնութիւնը Աստուծոյ հանդէպ սէրն է։ (Մարկոս 12։29-31) Այսպիսի սէր պիտի ձգէ որ ուզենք Եհովան հաճեցնել եւ իր կամքին համաձայն վարուիլ։—Ա. Յովհաննու 5։3
‘Ամէն Ծանրութիւն Մէկդի Ձգենք’
Վաղեմի խաղերուն մէջ, վազողները հագուստով կամ իրերով ծանրաբեռնուած չէին ըլլար։ «Վազքերուն, . . . մարզիկները բոլորովին մերկ կը ներկայանային», կ’ըսէ Յոյներուն եւ Հռովմէացիներուն Կեանքը խորագրով գիրքը (Անգլերէն)։ Հագուստ չհագնիլը մարզիկներուն ճկունութիւն, թեթեւաշարժութիւն եւ աշխուժութիւն կու տար։ Անտեղի ծանրութեան պատճառաւ ոյժ չէր վատնուեր։ Հաւանաբար, Պօղոս ասիկա ի մտի ունէր, երբ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ . . . համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։—Եբրայեցիս 12։1
Կեանքի մրցավազքին մէջ ի՞նչպիսի ծանրութիւն կրնայ մեզի արգելք հանդիսանալ։ Անոնցմէ մէկը կրնայ ըլլալ անհրաժեշտ չեղող նիւթական բաներ դիզել կամ փարթամ ապրելակերպ մը պահպանել։ Ոմանք կրնան հարստութիւնը ապահովութիւն կամ ուրախութեան աղբիւր նկատել։ Այսպիսի աւելորդ «ծանրութիւն» կրնայ վազողին ընթացքը ա՛յնքան դանդաղեցնել, որ ի վերջոյ, իրեն համար Աստուած մեծ նշանակութիւն մը չունենար։ (Ղուկաս 12։16-21) Յաւիտենական կեանքը կրնայ հեռաւոր յոյս մը դառնալ։ Անհատ մը կրնայ պատճառաբանել. ‘Նոր աշխարհը օր մը պիտի գայ, սակայն մինչ այդ լաւ է որ այս աշխարհին հրամցուցած բաներէն օգտուինք’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17-19) Այսպիսի նիւթապաշտ տեսակէտ մը կրնայ անհատը կեանքի մրցավազքէն դիւրաւ շեղեցնել կամ նոյնիսկ արգելք հանդիսանալ որ ան այս մրցավազքին մասնակցի։
Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Ապա, ըսելէ ետք թէ Եհովա անասուններուն եւ բուսականութեան հոգ կը տանի եւ թէ մարդիկ անոնցմէ աւելի արժէքաւոր են, ան խրատեց. «Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ (Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն). վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։—Մատթէոս 6։24-33
«Համբերութիւնով Վազենք»
Վաղեմի բոլոր մրցավազքերը կարճ վազքեր չէին։ Տոլի·խոս կոչուած վազքը, շուրջ չորս քիլոմեթր էր։ Անիկա զօրութեան եւ համբերութեան դժուար քննութիւն մըն էր։ Աւանդութեան համաձայն, Հ.Դ.Ա. 328–ին, Այիաս անունով մարզիկ մը այս մրցավազքը շահելէ ետք, շարունակեց վազել մինչեւ իր ծննդավայրը՝ Արկոս քաղաքը, իր յաղթութիւնը ծանուցանելու համար։ Այդ օրը ան շուրջ 110 քիլոմեթր վազեց։
Քրիստոնէական մրցավազքն ալ մեր համբերութիւնը փորձի ենթարկող երկար վազք մըն է։ Այս մրցավազքին մէջ մինչեւ վերջ տոկալով է որ Բ. Տիմոթէոս 4։7, 8) Պօղոսի նման, պէտք է մրցավազքը ‘աւարտենք’։ Եթէ մեր համբերութիւնը հատնի, պարզ անոր համար որ մրցավազքը նախապէս մեր ակնկալածէն երկար է, պիտի չկարենանք մեր մրցանակը շահիլ։ (Եբրայեցիս 11։6) Ասիկա որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ աւարտագծին ա՛յսքան մօտ ենք։
Եհովայի հաճութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի մրցանակը կը շահինք։ Պօղոս այս կերպով վազեց։ Իր կեանքի վերջաւորութեան, ան կրցաւ ըսել. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի [«կեանքի ընթացքը աւարտեցի», Անթիլիաս], հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը»։ (Մրցանակը
Վաղեմի յունական մարմնամարզական մրցումներուն շահողները պսակ կը ստանային, որ սովորաբար ծառերու տերեւներէ շինուած եւ ծաղիկներով զարդարուած կ’ըլլար։ Պիւթեան Խաղերուն յաղթանակ տանողները դափնիէ շինուած պսակ մը կը ստանային։ Ողիմպիական Խաղերուն անոնք վայրի ձիթենիի տերեւներէ շինուած պսակներ կը ստանային, մինչ Իսթմեան Խաղերուն՝ սոճիէ շինուած պսակներ։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ. «Մրցորդներուն եռանդը գրգռելու համար, մրցումի ընթացքին մարզադաշտին մէջ, պսակները՝ յաղթութեան վարձատրութիւնները, եւ արմաւենիի ճիւղերը անոնց դիմաց եռոտանիի մը կամ սեղանի մը վրայ դրուած կ’ըլլային»։ Յաղթողին համար, պսակը ստանալը մեծ պատիւի արժանանալ կը նշէր։ Տուն վերադարձին, ան կառքով յաղթական մուտք կը գործէր քաղաքին մէջ։
Ասիկա ի մտի ունենալով, Պօղոս իր Կորնթացի ընթերցողներուն հարցուց. «Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք։ . . . Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին»։ (Ա. Կորնթացիս 9։24, 25. Ա. Պետրոս 1։3, 4) Ի՜նչ հակադրութիւն։ Վաղեմի խաղերու վաղանցիկ պսակներուն հակառակը, կեանքի մրցավազքին մէջ մինչեւ վերջ վազողներուն սպասած մրցանակը երբեք պիտի չթառամի։
Այս աւելի ընտիր պսակին առնչութեամբ, Պետրոս գրեց. «Հովուապետին երեւցած ատենը փառքի անթառամ պսակը պիտի ընդունիք»։ (Ա. Պետրոս 5։4) Այս աշխարհին հրամցուցած որեւէ մրցանակ կարելի՞ է բաղդատել անմահութեան՝ Քրիստոսի հետ երկնային փառքի մէջ անապական կեանքի մրցանակին՝ հետ։
Ներկայիս, վազքի մասնակցող Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը, Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ ըլլալու համար օծուած չեն եւ երկնային յոյս մը չունին։ Հետեւաբար, անոնք անմահութեան մրցանակին համար չեն վազեր։ Սակայն Աստուած անոնց դիմաց ալ աննման մրցանակ մը կը դնէ։ Անիկա երկնքի Թագաւորութեան ներքեւ, դրախտ երկրի մը վրայ կատարելութեան մէջ յաւիտենական կեանքն է։ Վազող Քրիստոնեան իր աչքը ի՛նչ մրցանակի վրայ ալ սեւեռած ըլլայ, ան մարմնամարզական մրցումի մը մէջ վազող որեւէ մարզիկէ աւելի մեծ վճռակամութեամբ եւ կորովով պէտք է վազէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մրցանակը երբեք պիտի չթառամի. «Ասիկա է այն խոստումը, որ ինք ձեզի խոստացաւ, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը»։—Ա. Յովհաննու 2։25
Քանի որ վազող Քրիստոնեան իր առջեւ այսպիսի անբաղդատելի մրցանակ մը ունի, այս աշխարհի հրապոյրներուն նկատմամբ իր տեսակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Ան Պօղոսի տեսակէտը պէտք է ունենայ, որ ըսաւ. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ»։ Ասոր համար, Պօղոս շա՜տ տքնաջանօրէն վազեց։ «Եղբա՛յրներ, ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը Փիլիպպեցիս 3։8, 13, 14) Պօղոս աչքը մրցանակին վրայ սեւեռած վազեց։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։
վազեմ»։ (Մեր Լաւագոյն Տիպարը
Վաղեմի խաղերուն մէջ, ախոյեանները բոլորին հիացմունքին կ’արժանանային։ Բանաստեղծներ անոնց մասին կը գրէին, իսկ քանդակագործներ անոնց արձանները կը շինէին։ Պատմաբան Վերա Օլիվովա կ’ըսէ թէ անոնք «փառքի մէջ կը լողային եւ չափազանց ժողովրդականութիւն կը վայելէին»։ Անոնք նաեւ որպէս տիպար կը ծառայէին ախոյեաններու յաջորդ սերունդներուն։
Քրիստոնեաներուն համար լաւագոյն օրինակը հանդիսացող «ախոյեան»ը ո՞վ է։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ (Եբրայեցիս 12։1, 2) Այո, եթէ յաւիտենական կեանքի մեր մրցավազքէն կ’ուզենք յաղթական դուրս գալ, պէտք է մեր աչքերը սեւեռենք մեր Տիպարին՝ Յիսուս Քրիստոսի վրայ։ Ասիկա կրնանք ընել կանոնաւորաբար Աւետարանները կարդալով եւ զինք ընդօրինակելու կերպերու մասին մտածելով։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը մեզի պիտի օգնէ հասկնալու թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ հնազանդ էր եւ իր հաւատքին որակը ապացուցանեց իր համբերութեամբ։ Իր համբերութեան որպէս վարձատրութիւն, ան Եհովա Աստուծոյ հաճութիւնը ստացաւ, բազմաթիւ հոյակապ առանձնաշնորհումներու կողքին։—Փիլիպպեցիս 2։9-11
Անշուշտ, Յիսուսի ամենէն ուշագրաւ յատկութիւնը սէրն էր։ «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ (Յովհաննու 15։13) Ան «սէր» բառին աւելի խորունկ իմաստ մը տուաւ, մեզի սորվեցնելով որ նոյնիսկ մեր թշնամիները սիրենք։ (Մատթէոս 5։43-48) Քանի որ իր երկնաւոր Հայրը կը սիրէր, Յիսուսի համար հաճոյք էր իր Հօրը կամքը կատարելը։ (Սաղմոս 40։9, 10. Առակաց 27։11) Մեր Տիպարին, եւ կեանքի տքնաջան մրցավազքին մէջ մեր քայլերուն ուղղութիւն տուող Յիսուսին նայիլը, մեզ ալ պիտի մղէ որ Աստուած եւ մեր դրացին սիրենք եւ մեր սրբազան ծառայութեան մէջ իսկական ուրախութիւն գտնենք։ (Մատթէոս 22։37-39. Յովհաննու 13։34. Ա. Պետրոս 2։21) Ի մտի ունեցէք թէ Յիսուս անկարելին չի պահանջեր։ Ան մեզ կը հաւաստիացնէ. «[Ես] հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։—Մատթէոս 11։28-30
Յիսուսի նման, պէտք է մեր աչքերը սեւեռած պահենք մրցանակին վրայ, որ վերապահուած է բոլոր անոնց որոնք մինչեւ վերջը կը համբերեն։ (Մատթէոս 24։13) Եթէ օրէնքներուն համաձայն մրցինք, եթէ ամէն ծանրութիւն մէկդի դնենք եւ համբերութեամբ վազենք՝ կրնանք վստահ ըլլալ յաղթանակէն։ Մեր դիմացը եղող նպատակակէտը մեզ առաջ նետուելու կը մղէ։ Անիկա մեր ուժը կը նորոգէ, անոր ներշնչած ուրախութեան պատճառաւ, ուրախութիւն մը՝ որ մեր դիմացը եղող ճամբուն մէջ քալելը կը դիւրացնէ։
[Նկար՝ էջ 29]
Քրիստոնէական մրցավազքը երկար վազք է. համբերութիւն կը պահանջէ
[Նկար՝ էջ 30]
Պսակ ստացած մարզիկներուն հակառակը, Քրիստոնեաները կրնան անեղծանելի մրցանակ մը ակնկալել
[Նկար՝ էջ 31]
Մրցանակը պիտի ստանան բոլոր անոնք որոնք մինչեւ վերջը կը համբերեն
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 28]
Copyright British Museum