Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլոր հոգիով ծառայեցի՝ հակառակ փորձութիւններու

Բոլոր հոգիով ծառայեցի՝ հակառակ փորձութիւններու

Կենսագրութիւն

Բոլոր հոգիով ծառայեցի՝ հակառակ փորձութիւններու

ՊԱՏՄՈՒԱԾ՝ ՌՈՏՈԼՖՕ ԼՈԶԱՆՈՅ–Ի ԿՈՂՄԷ

Ծնած եմ Մեքսիկա, Տուրանկօ Նահանգի Կոմէզ Բալասիօ քաղաքին մէջ, 17 Սեպտեմբեր 1917–ին։ Մեքսիկական Յեղափոխութիւնը արդէն բռնկած էր։ Թէեւ յեղափոխութիւնը վերջ գտաւ 1920–ին, սակայն մեր ապրած շրջանին մէջ խռովութիւնները տարիներ շարունակուեցան, կեանքը շատ դժուարացնելով։

ԱՆԳԱՄ մը, երբ մայրս լսեց թէ յեղափոխականներուն եւ բանակին միջեւ բախում մը տեղի պիտի ունենար, զիս, երեք եղբայրներս ու երկու քոյրերս քանի մը օր տան մէջ պահեց։ Քիչ ուտելիք ունէինք, եւ կը յիշեմ որ ես ու պզտիկ քոյրս անկողինին տակ կը պահուըտէինք։ Անկէ ետք մայրս որոշեց մեզ Միացեալ Նահանգներ տանիլ, ուր հայրս յետոյ մեզի պիտի միանար։

1926–ին Գալիֆորնիա հասանք, Տնտեսական Մեծ Ձախորդութիւնը Միացեալ Նահանգները հարուածելէն քիչ առաջ։ Ուր որ գործ գտնէինք, հոն կը փոխադրուէինք, ինչպէս՝ Սան Ճոաքին Վէլի, Սանթա Քլարա, Սալինաս եւ Քինկ Սիթի։ Սորվեցանք դաշտերու մէջ աշխատիլ եւ ամէն տեսակ պտուղ եւ բանջարեղէն քաղել։ Թէեւ ծանր աշխատանքով լեցուն պատանեկութիւն մը ունեցայ, սակայն ասիկա կեանքիս շատ հաճելի ժամանակներէն մէկն էր։

Աստուածաշունչի Ճշմարտութիւնը Մեզի կը Հասնի

1928–ի Մարտին, Աստուածաշունչի Աշակերտ մը՝ ինչպէս Եհովայի Վկաները կը կոչուէին այն ատեն՝ մեզի այցելեց։ Ան Էսթեպան Ռիվերա անունով սպանախօս տարեց մարդ մըն էր։ Իր տուած՝ «Ո՞ւր Են Մեռելները» խորագրով գրքոյկը եւ անոր բովանդակութիւնը զիս տպաւորեցին։ Թէեւ դեռատի էի, սակայն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն հետեւեցայ։ Ժամանակի ընթացքին, մայրս եւ քոյրս՝ Օրորան ալ նախանձախնդրաբար Եհովան փառաբանողներ եղան։

1930–ական թուականներու կիսուն, Սան Ժոզէի մէջ անգլիախօս ժողովքին համար Թագաւորութեան Սրահ մը կառուցուեցաւ։ Քանի որ այդ շրջանի ագարակներուն մէջ բազմաթիւ Սպանացիներ կ’աշխատէին, սկսանք անոնց քարոզել եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Ասիկա 80 քիլոմեթր անդին գտնուող՝ Սան Ֆրանսիսգոյի Սպանացի Վկաներուն օգնութեամբ ըրինք։ Ժամանակ մը ետք, Սան Ժոզէի Թագաւորութեան Սրահին մէջ, շուրջ 60 հոգի Սպաներէն լեզուով վարուած ժողովներուն ներկայ կ’ըլլար։

Ի վերջոյ, 28 Փետրուար 1940–ին, Սան Ժոզէի մէջ գումարուած համաժողովի մը ընթացքին, Եհովայի ըրած նուիրումս խորհրդանշեցի ջուրի մկրտութեամբ։ Յաջորդ տարի, ռահվիրայ նշանակուեցայ, Եհովայի Վկաներու լիաժամ ծառայ մը։ Ապա, 1943–ի Ապրիլին, հրաւէր ստացայ շուրջ 130 քիլոմեթր հեռու գտնուող Սթոքթըն քաղաքը փոխադրուելու, սպանախօս ժողովք մը կազմելու համար։ Այդ ժամանակ, Սան Ժոզէի անգլիական ժողովքին վերակացու տեսուչն էի, եւ հոն գտնուող սպանախօս Վկաներուն հոգ կը տանէի։ Այս պատասխանատուութիւնները ուրիշներու յանձնելէ ետք, Սթոքթըն փոխադրուեցայ։

Ուղղամտութիւնս Փորձի կ’Ենթարկուի

1940–էն սկսեալ, զինուորագրութեան խորհուրդին կողմէ բազմիցս կը կանչուէի, բայց ամէն անգամ որպէս խղճմտանքի առարկու իմ կեցուածքս կը յարգուէր։ Դեկտեմբեր 1941–ին Միացեալ Նահանգները համաշխարհային երկրորդ պատերազմը մտնելէն քիչ ետք, զինուորագրութեան խորհուրդին կողմէ ճնշումը սաստկացաւ։ Վերջապէս, 1944–ին բանտարկուեցայ։ Մինչ դատավճիռս կը սպասէի, ոճրագործներու հետ միատեղ ներքնայարկի մը մէջ արգելափակուած էի։ Երբ անոնք իմացան որ Եհովայի Վկայ մըն եմ, անոնցմէ շատեր ինծի հարցուցին թէ իրենց գործած ոճիրները Աստուծոյ առջեւ իրենց կեցուածքին ի՛նչպէս պիտի ազդէին։

Ընթացքի մէջ եղող դատավարութենէս ազատ արձակուելու համար, Սան Ժոզէի Վկաները երաշխիք մը վճարեցին։ Լոս Անճէլոսի մէջ, քաղաքացիական իրաւունքներու առնչուող դատերու մէջ ամբաստանեալներ ներկայացնող փաստաբան մը համաձայնեցաւ անվճար դատս յանձն առնել։ Դատաւորը վճռեց զիս ազատ արձակել, պայմանաւ որ ռահվիրայութիւնս դադրեցնէի, աշխարհիկ գործ մը սկսէի եւ ամէն ամիս պետական հեղինակութիւններուն տեղեկագրութիւն ներկայացնէի։ Այս վճիռը չընդունեցի, հետեւաբար, երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցայ, Ուաշինկթըն Նահանգի ՄքՆիլ Կղզիին բանտին մէջ։ Հոն ժամանակս օգտագործեցի Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութիւն ընելով. նաեւ, մեքենագրել սորվեցայ։ Երկու տարին չամբողջացուցած, բարի վարք ունենալուս համար ազատ արձակուեցայ։ Ռահվիրայական ծառայութիւնս շարունակելու համար անմիջապէս կարգադրութիւններ ըրի։

Ընդլայնուած Գործունէութիւն

1947–ի ձմրան, ռահվիրայ ընկերակիցի մը հետ, Թէքսասի Գոլորատօ Սիթիի սպանախօս բնակիչներուն քարոզելու նշանակում ստացայ։ Սակայն, այնքան ցուրտ էր որ Սան Անթոնիօ գացինք, աւելի ջերմ կլիմայ մը վայելելու համար։ Բայց հոն ա՛յնքան տեղատարափ անձրեւ եկաւ որ չկրցանք դռնէ դուռ ծառայութիւն ընել։ Մեր դրամն ալ շուտով հատաւ։ Շաբաթներով մեր սնունդը կը բաղկանար հում կաղամբի սանտուիչներէ եւ ալֆալֆա թէյէ։ Ընկերակիցս տուն վերադարձաւ, բայց ես մնացի։ Երբ անգլիախօս Վկաները նիւթական կարիքներէս տեղեակ եղան, սկսան օգնել ինծի։

Յաջորդ գարնան, Գոլորատօ Սիթիի մէջ ունեցած նշանակումիս վերադարձայ, եւ վերջապէս սպանախօս պզտիկ ժողովք մը հաստատուեցաւ հոն։ Ապա փոխադրուեցայ Սուիթվոթըր, Թէքսաս, ուր ուրիշ սպանախօս ժողովքի մը կազմուելուն օգնեցի։ Մինչ Սուիթվոթըր էի, Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցի 15–րդ դասարանը յաճախելու հրաւէր ստացայ, միսիոնարական մարզում ստանալու համար, որ սկսաւ 22 Փետրուար 1950–ին։ Այդ ամառ, Նիւ Եորք Սիթիի Եանգի Սթէտիումին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, երեք ամիս մնացի Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ, Պրուքլին։ Հոն, Մեքսիկայի մասնաճիւղին մէջ նշանակումիս համար մարզում ստացայ։

Գործը՝ Մեքսիկայի Մէջ

20 Հոկտեմբեր 1950–ին, Մեքսիկօ ժամանեցի։ Շուրջ երկու շաբաթ ետք, մասնաճիւղի տեսուչ նշանակուեցայ, եւ չորսուկէս տարի այս նշանակումին հոգ տարի։ Ռահվիրայական ծառայութեան, բանտին, Գաղաադի եւ Պրուքլինի մէջ ձեռք ձգած փորձառութիւնս մեծապէս օգտակար եղաւ։ Երբ Մեքսիկօ հասայ, շուտով կարիքը տեսայ Մեքսիկացի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւորականութիւնը կերտելու։ Մանաւանդ հարկը կար անոնց օգնելու, որ Աստուծոյ Խօսքին բարոյական բարձր չափանիշներուն կառչին։

Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, Մեքսիկան ալ ներառեալ, սովորութիւն էր որ զոյգեր կենակցէին առանց օրինական ամուսնութեան։ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները, մանաւանդ Կաթողիկէ Եկեղեցին, թոյլատրած էին որ այս ոչ–սուրբ գրային սովորութիւնը տիրական դառնար։ (Եբրայեցիս 13։4) Ուստի, ոմանք Եհովայի Վկաներու ժողովքներու անդամ եղած էին, առանց իրենց ամուսնութիւնը օրինականացնելու։ Արդ, կարգադրութիւն եղաւ որ այսպիսի անհատներու վեց ամիս տրուի իրենց ամուսնութիւնը օրինականացնելու համար։ Այլապէս, անոնք ընդունելի պիտի չըլլային որպէս Եհովայի Վկաներ։

Շատերու համար այս հարցը շտկելը դիւրին էր։ Անոնք պէտք էր միայն իրենց յարաբերութիւնը օրինականացնէին՝ ամուսնանալով։ Ուրիշներ աւելի խրթին պարագաներ ունէին։ Օրինակի համար, ոմանք երկու կամ նոյնիսկ երեք անգամ ամուսնացած էին, առանց օրինական ամուսնալուծում մը ձեռք ձգելու։ Երբ ի վերջոյ Եհովայի ժողովուրդին ամուսնական պարագաները Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումներուն հետ ներդաշնակ եղան, ժողովքները սկսան հոյակապ հոգեւոր օրհնութիւններ վայելել։—Ա. Կորնթացիս 6։9-11

Այդ օրերուն, աշխարհիկ ուսման մակարդակը ընդհանուր առմամբ ցած էր Մեքսիկայի մէջ։ Նոյնիսկ 1950–ին իմ ժամանումէս առաջ, մասնաճիւղի գրասենեակը սկսած էր ժողովքներուն մէջ կարդալ–գրելու դասարաններ կազմակերպել։ Այժմ այս դասարանները վերստին կազմակերպեցինք, եւ զանոնք կառավարութեան քով գրանցելու կարգադրութիւններ ըրինք։ 1946–էն ի վեր, երբ արձանագրութիւններ սկսան պահուիլ, Մեքսիկայի մէջ Վկաներուն կողմէ վարուած դասարաններու մէջ, աւելի քան 143,000 հոգի կարդալ–գրել սորված են։

Մեքսիկայի մէջ կրօնքի վերաբերեալ օրէնքները շատ խիստ էին։ Սակայն, վերջերս, այս ուղղութեամբ կարեւոր փոփոխութիւններ եղան։ 1992–ին, կրօնական հարցերու վերաբերեալ նոր օրէնք մը ելաւ։ Ուստի 1993–ին, Եհովայի Վկաները Մեքսիկայի մէջ գրանցուեցան որպէս կրօնական կազմակերպութիւն մը։

Այս փոփոխութիւնները ինծի համար ուրախութեան մեծ աղբիւր մը եղած են, քանի որ նախապէս կը կարծէի թէ անկարելի բաներ էին։ Երկար տարիներ, կրկին անգամ կառավարական գրասենեակներ այցելեցի, իսկ անոնք անվստահութիւն ցուցաբերեցին։ Սակայն, հոյակապ է տեսնել թէ այս հարցերը մեր մասնաճիւղի Օրինական Գրասենեակին միջոցաւ ի՛նչպէս ձեռք առնուեցան, այնպէս որ ներկայիս քարոզչութեան գործին մէջ բաղդատաբար քիչ արգելքներու կը հանդիպինք։

Միսիոնար Ընկերակիցի մը Հետ Ծառայել

Երբ Մեքսիկա հասայ, արդէն իսկ հոն Գաղաադու նախորդ դասարաններէն բազմաթիւ շրջանաւարտներ կային։ Անոնցմէ մէկն էր Եսթեր Վարդանեանը, Հայուհի Վկայ մը՝ որ 1942–ին ռահվիրայութեան ձեռնարկած էր Վալեժոյի մէջ, Գալիֆորնիա։ 30 Յուլիս 1955–ին ամուսնացանք, եւ շարունակեցինք ծառայել մեր նշանակումին մէջ՝ Մեքսիկա։ Եսթեր իր միսիոնարական գործը շարունակեց Մեքսիկոյի մէջ եւ մասնաճիւղին մէջ ապրեցանք, ուր ես իմ ծառայութիւնս շարունակեցի։

1947–ին, Եսթեր իր միսիոնարական առաջին նշանակումը սկսաւ, Մոնթերէի մէջ, Նուէվօ Լէոն, Մեքսիկա։ Մոնթերէի մէջ, 40 Վկաներէ բաղկացած միայն մէկ ժողովք կար, բայց երբ 1950–ին ան Մեքսիկօ փոխադրուեցաւ, արդէն չորս ժողովքներ կազմուած էին։ Այժմ, Մեքսիկոյի մօտ գտնուող մեր մասնաճիւղին մէջ երկու երիտասարդներ կան, որոնց ընտանիքներուն հետ Եսթեր Աստուածաշունչը ուսումնասիրած էր, երբ Մոնթերէի մէջ կը ծառայէր։

1950–ին, Մեքսիկոյի մէջ միսիոնարներուն քարոզած թաղամասը քաղաքին մեծ մասը կ’ընդգրկէր։ Անոնք իրենց նշանակումին մէջ կը շրջագայէին քալելով կամ շատ հին եւ խճողուած օթոպիւսներով։ Երբ 1950–ին վերջերը ես հոն հասայ, եօթը ժողովքներ կային։ Ներկայիս, Մեքսիկոյի մէջ անոնց թիւը շուրջ 1,600–ի հասած է, աւելի քան 90,000 Թագաւորութեան հրատարակիչներով, իսկ անցեալ տարի, աւելի քան 250,000 անհատներ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան հոն։ Տարիներու ընթացքին, Եսթերը եւ ես այս ժողովքներէն շատերուն մէջ ծառայելու առանձնաշնորհումը ունեցած ենք։

Երբ Եսթերը եւ ես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսինք, միշտ կը փորձենք ընտանիքին հօր հետաքրքրութիւնը արթնցնել, որպէսզի ամբողջ ընտանիքը ուսումնասիրութեան միջամուխ ընենք։ Այս կերպով, տեսած ենք շատ բազմանդամ ընտանիքներ, որոնք սկսած են Եհովայի ծառայել։ Կը խորհիմ որ Մեքսիկայի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքին արագ աճման նպաստող ազդակներէն մէկը այն է՝ որ յաճախ լման ընտանիքներ ճշմարիտ պաշտամունքին կը միանան։

Եհովա Գործը Օրհնած Է

1950–էն ի վեր, Մեքսիկայի մէջ գործին յառաջդիմութիւնը աչքառու եղած է, թէ՛ թիւերու յաւելումով եւ թէ կազմակերպութեան մէջ եղած փոփոխութիւններով։ Իսկապէս հաճոյք է այսպիսի հիւրասէր եւ ուրախ ժողովուրդի մը հետ աշխատելով, այս յաւելումին մէջ փոքր մասնակցութիւն մը ունենալը։

Քանի մը տարի առաջ, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին անդամներէն Գարլ Գլայնը եւ իր տիկինը՝ Մարկրէթը, արձակուրդի միջոցին մեզի այցելեցին։ Եղբայր Գլայն ուզեց Մեքսիկայի թաղամասին մէջ քարոզչութեան գործին թափը գիտնալ, ուստի ինք եւ Մարկրէթը Մեքսիկոյի մօտերը գտնուող Սան Խուան Թեզոնդլա Ժողովքը այցելեցին, ուր այն ատեն մենք կը ծառայէինք։ Մեր սրահը փոքր էր, 4.5 մեթր լայնք եւ 5.5 մեթր երկայնք ունէր։ Երբ հասանք, արդէն շուրջ 70 հոգի ներկայ էին ու կայնելիք տեղ չկար։ Տարեցները աթոռներու վրայ նստած էին, երիտասարդները՝ նստարաններու վրայ, իսկ երախաները՝ աղիւսներու վրայ կամ գետինը։

Եղբայր Գլայն շատ տպաւորուեցաւ, քանի որ բոլոր երախաները իրենց Աստուածաշունչը ունէին եւ դասախօսին հետ համարները կը բանային։ Հանրային դասախօսութենէն ետք, Եղբայր Գլայն խօսեցաւ Մատթէոս 13։19-23–ին մասին եւ ըսաւ թէ Մեքսիկայի մէջ Յիսուսի ակնարկած «աղէկ հող»էն շատ կար։ Այժմ, այդ օր ներկայ եղող երախաներէն եօթն, Մեքսիկոյի մօտ մեր մասնաճիւղը ընդլայնելու հսկայ ծրագրին վրայ կ’աշխատին, ուրիշ մը Պէթէլի մէջ կը ծառայէ, իսկ ոմանք ալ ռահվիրաներ են։

Երբ Մեքսիկօ եկայ, մեր մասնաճիւղը միայն 11 անդամ ունէր։ Ներկայիս, այդ վայրին մէջ շուրջ 1,350 հոգի կայ, որոնցմէ շուրջ 250–ը մեր նոր մասնաճիւղին շէնքերը կը կառուցանեն։ Երբ այս բոլոր գործերը ամբողջանան, հաւանաբար 2002–ին, ընդարձակուած մասնաճիւղին մէջ պիտի կարենանք շուրջ 1,300 հոգի ընդունիլ։ Երբ խորհիմ թէ 1950–ին, ամբողջ երկրին մէջ 7,000–էն նուազ Թագաւորութեան հրատարակիչներ կային, իսկ հիմա՝ 500,000–էն աւելի են, սիրտս ուրախութեամբ կը յորդի, տեսնելով թէ Եհովա ի՛նչպէս օրհնած է զինք փառաբանելու համար շատ ծանր աշխատող մեր Մեքսիկացի խոնարհ եղբայրներուն ջանքերը։

Մեծ Մարտահրաւէր մը Դիմագրաւել

Վերջերս դիմագրաւած ամենամեծ մարտահրաւէրներէս մէկը հիւանդութիւնը եղած է։ Ընդհանուր առմամբ, առողջ մէկը եղած եմ։ Սակայն, 1988–ի Նոյեմբերին, կաթուած մը ունեցայ որ ֆիզիքական կարողութիւններուս մեծապէս ազդեց։ Եհովայի շնորհիւ, մարզանքի եւ դարմաններու միջոցաւ որոշ տարողութեամբ ապաքինած եմ, սակայն մարմնիս կարգ մը մասերը ուզածիս պէս չեն ընդառաջեր։ Տակաւին դարման եւ բժշկական խնամք կը ստանամ, անկէ առթած զօրաւոր գլխացաւերէ եւ այլ հետեւանքներէ խուսափելու համար։

Թէեւ այլեւս չեմ կրնար ուզածիս չափ ծառայել, սակայն գոհունակութիւն կը զգամ գիտնալով թէ կրցած եմ շատերու օգնել, որ Եհովայի նպատակներուն մասին սորվին եւ իր նուիրուած ծառաները ըլլան։ Նաեւ ինծի համար հաճոյք է մասնաճիւղ այցելող բազմաթիւ եղբայրներու ու քոյրերու հետ խօսակցիլ. կը զգամ թէ փոխադարձ քաջալերութիւն կը ստանանք։

Զիս շատ զօրացուցած է այն գաղափարը թէ Եհովա իրեն մատուցած մեր ծառայութիւնը կը գնահատէ, եւ թէ մեր ըրածը պարապ չէ։ (Ա. Կորնթացիս 15։58) Հակառակ սահմանափակումներուս եւ հիւանդութեանս, սրտանց կ’անսամ Կողոսացիս 3։23, 24–ի խօսքերուն. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց, գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք»։ Այս յորդորին կառչելով, սորվեցայ բոլոր հոգիով Եհովայի ծառայել, հակառակ փորձութիւններու։

[Նկար՝ էջ 24]

1942–ին՝ երբ ռահվիրայ էի

[Նկար՝ էջ 24]

Կինս իր միսիոնարական նշանակումը սկսաւ 1947–ին, Մեքսիկայի մէջ

[Նկար՝ էջ 24]

Ներկայիս՝ Եսթերին հետ

[Նկարներ՝ էջ 26]

Վերեւը ձախին՝ Մեքսիկայի մեր Պէթէլի ընտանիքը 1952–ին, ես առջեւի շարքին մէջ եմ

Վերը՝ Մեքսիկոյի այս մարզադաշտին մէջ աւելի քան 109,000 հոգի հաւաքուեցաւ, 1999–ի նահանգային համաժողովին համար

Վարը ձախին՝ մեր նոր մասնաճիւղի շէնքերը, որոնք այժմ աւարտելու վրայ են