Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խաղաղութի՞ւն՝ նոր հազարամեակին համար

Խաղաղութի՞ւն՝ նոր հազարամեակին համար

Խաղաղութի՞ւն՝ նոր հազարամեակին համար

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ Մշակոյթի Միջազգային Տարուան բացումը տեղի ունեցաւ՝ 14 Սեպտեմբեր 1999–ին, Փարիզի եւ Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։ Ասիկա Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Համագումարին կողմէ յայտարարուեցաւ 2000 տարուան համար։ Ֆէտէրիգօ Մէյըր, Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութեան՝ Եունէսքոյի՝ նախկին ընդհանուր տնօրէնը, «խաղաղութեան եւ հակա–բռնութեան մշակոյթի երկրածաւալ շարժում մը ստեղծելու» լուրջ կոչ մը ըրաւ։

Եունէսքոն ասացուածք մը ունի թէ՝ «քանի որ պատերազմները մարդոց մտքերուն մէջ կը սկսին, ուրեմն, մարդոց մտքերուն մէջ է որ խաղաղութեան պաշտպանողական ամրութիւնները պէտք է կառուցուին»։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, կազմակերպութիւնը մտադրած է «դաստիարակութեան, գաղափարներու փոխանակման եւ համագործակցութեան» միջոցաւ խաղաղութեան մշակոյթ մը յառաջ մղել։ Պրն. Մէյըր ըսաւ թէ բաւարար չէ «խաղաղ ըլլալ, ոչ ալ՝ խաղաղապաշտ, այլ՝ խաղաղարար ըլլալ»։

Դժբախտաբար, 2000 տարին խաղաղ ըլլալէ շատ հեռու էր։ Արդի պատմութիւնը՝ ի ներառեալ 2000 տարուան իրադարձութիւնները՝ պատերազմը եւ բռնութիւնը կանխարգիլելու մարդուն անկարողութիւնը ցոյց տուած է, հակառակ մարդուն անկեղծ ջանքերուն։

Սակայն, նկատողութեան արժանի է թէ խաղաղութիւնը ա՛րդարեւ դաստիարակութեան հետ առնչուած է։ Շուրջ 2,700 տարիներ առաջ Եսայի մարգարէն նախագուշակեց. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 54։13) Միեւնոյն մարգարէն նախատեսեց ժամանակ մը, երբ բոլոր ազգերէն մարդիկ Եհովա Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքին պիտի դիմէին, Իր ճամբաները սորվելու համար։ Ի՞նչ արդիւնքով։ «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։ (Եսայեայ 2։2-4) Այդ մարգարէութեան հետ ներդաշնակ ըլլալով, Եհովայի Վկաները համաշխարհային դաստիարակչական աշխատանքի մը ձեռնարկած են, որ արդէն միլիոնաւորներու օգնած է ազգային ու ցեղային ատելութիւնները յաղթահարելու, որոնք գրեթէ բոլոր պատերազմներուն արմատը կը կազմեն։

Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ այլեւս պատերազմներ տեղի պիտի չունենան. անիկա երկրի վրայ մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ։ (Սաղմոս 72։7. Դանիէլ 2։44) Այն ատեն, սաղմոսերգուին խօսքերը պիտի կատարուին. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։ Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը»։—Սաղմոս 46։8, 9