Ձեր սէրը ո՞ր տարողութեամբ է
Ձեր սէրը ո՞ր տարողութեամբ է
«Քու ընկերդ [«դրացիդ», ՆԱ] սիրես քու անձիդ պէս»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 22։39
1. Եթէ Եհովան կը սիրենք, ինչո՞ւ պէտք է որ մեր դրացին ալ սիրենք։
ԵՐԲ Յիսուսի հարցուեցաւ թէ ո՞րն էր մեծագոյն պատուիրանը, ան պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ Ապա, առաջինին նման երկրորդ պատուիրան մը մէջբերեց. «Քու ընկերդ [«դրացիդ», ՆԱ] սիրես քու անձիդ պէս»։ (Մատթէոս 22։37, 39) Այո, դրացիի հանդէպ սէրը Քրիստոնեայի մը յատկանիշն է։ Արդարեւ, եթէ Եհովան կը սիրենք, մեր դրացին ալ պէտք է սիրենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք իր Խօսքին հնազանդելով, եւ իր Խօսքը կը պատուիրէ որ մեր դրացին սիրենք։ Հետեւաբար, եթէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը չենք սիրեր, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը հարազատ չի կրնար ըլլալ։—Հռովմայեցիս 13։8. Ա. Յովհաննու 2։5. 4։20, 21
2. Մեր դրացիին հանդէպ ի՞նչպիսի սէր պէտք է ունենանք։
2 Երբ Յիսուս ըսաւ թէ պէտք է մեր դրացին սիրենք, ան բարեկամութենէ մը աւելին ի մտի ունէր։ Ան կ’ակնարկէր սիրոյ մը, որ տարբեր է այն բնական սէրէն որ գոյութիւն ունի ընտանիքներու մէջ, կամ տղամարդու մը եւ կնոջ մը միջեւ։ Ան կը խօսէր սիրոյ մը մասին որ Եհովա ունի իր նուիրուած ծառաներուն հանդէպ, եւ անոնք ալ՝ Իրեն հանդէպ։ (Յովհաննու 17։26. Ա. Յովհաննու 4։11, 19) Հրեայ դպիր մը, որ ըստ Յիսուսի՝ խելացիօրէն կը խօսէր, համամիտ էր Յիսուսի հետ թէ Աստուած պէտք է սիրել «բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով»։ (Մարկոս 12։28-34) Ան շիտակ էր։ Աստուծոյ եւ դրացիի հանդէպ Քրիստոնեայի մը մշակած սէրը, կը ներառէ մեր զգացումներն ու իմացականութիւնը։ Անիկա սրտով կը զգացուի եւ մտքով կ’առաջնորդուի։
3. (ա) Յիսուս «օրինական»ի մը ի՞նչպէս սորվեցուց որ իր դրացիին ինքնութեան նկատմամբ աւելի ընդարձակ տեսակէտ մը ունենայ։ (բ) Յիսուսի առակը ներկայիս ի՞նչպէս կը կիրարկուի Քրիստոնեաներուն։
Ղուկաս 10։25-37) Օրինականը թերեւս յանկարծակիի եկաւ, լսելով Յիսուսի ըսածը թէ Սամարացի մը կրնար աւելի լաւ դրացի մը ըլլալ, քան քահանայ մը կամ Ղեւտացի մը։ Բացայայտօրէն, Յիսուս այդ մարդուն կ’օգնէր որ իր դրացին սիրէր ա՛լ աւելի մեծ տարողութեամբ։ Քրիստոնեաներն ալ նոյն կերպով կը սիրեն։ Նկատի առէք թէ անոնց սէրը որոնք կ’ընդգրկէ։
3 Ըստ Ղուկասի տեղեկագրութեան, երբ Յիսուս ըսաւ թէ պէտք է մեր դրացին սիրենք, «օրինական մը» հարցուց. «Իմ ընկերս [«դրացիս», ՆԱ] ո՞վ է»։ Յիսուս առակով մը պատասխանեց։ Մարդ մը ծեծուած, կողոպտուած եւ ճամբուն եզերքը կիսամեռ թողուած էր։ Նախ՝ քահանայ մը, ապա Ղեւտացի մը քովէն անցան։ Երկուքն ալ զինք անտեսեցին։ Ի վերջոյ Սամարացի մը անցաւ, վիրաւոր մարդը տեսաւ, եւ անոր հանդէպ մեծ ազնուութիւն ցուցաբերեց։ Այս երեքէն ո՞վ այս վիրաւոր մարդուն դրացին եղաւ։ Պատասխանը բացայայտ էր։ (Սէր՝ Ընտանիքին Մէջ
4. Քրիստոնեան նախ ո՞ւր սէր կ’արտայայտէ։
4 Քրիստոնեաները կը սիրեն իրենց ընտանիքի անդամները. կիներ՝ իրենց ամուսինները, ամուսիններ՝ իրենց կիները, ծնողներ՝ իրենց զաւակները կը սիրեն։ (Ժողովողի 9։9. Եփեսացիս 5։33. Տիտոս 2։4) Ճիշդ է որ բնական սիրոյ կապեր առկայ են գրեթէ բոլոր ընտանիքներու մէջ։ Սակայն, քայքայուած ամուսնութիւններու, կողակիցներու գէշ վերաբերմունքի եւ անտեսուած կամ չարաշահուած երախաներու մասին տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ներկայիս ընտանիքներ ճնշումի ներքեւ են, եւ ընտանիքի անդամներուն միջեւ եղող բնական զգացումները ինքնին ընտանիքը միացած պահելու համար բաւարար չեն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-3) Իրենց ընտանեկան կեանքը իրապէս յաջողեցնելու համար, Քրիստոնեաները Եհովայի եւ Յիսուսի ունեցած սիրոյն նման սէր մը ի գործ պէտք է դնեն։—Եփեսացիս 5։21-27
5. Ծնողներ իրենց զաւակները մեծցնելու համար որո՞ւ օգնութեան կը դիմեն, եւ շատեր ի՞նչ արդիւնքներ քաղած են։
5 Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակները Եհովայի կողմէ իրենց վստահուած աւանդ մը կը նկատեն, եւ զանոնք մեծցնելու համար իր օգնութեան կը դիմեն։ (Սաղմոս 127։3-5. Առակաց 22։6) Այս կերպով անոնք քրիստոնէական սէր կը մշակեն, որ կ’օգնէ իրենց զաւակները պաշտպանելու այն ապականիչ ազդեցութիւններէն, որոնց կրնան դեռատիները զոհ երթալ։ Որպէս արդիւնք, Քրիստոնեայ ծնողներէն շատեր, Հոլանտայի մէջ մօր մը ունեցած ուրախ փորձառութիւնը վայելած են։ Իր որդւոյն մկրտութիւնը դիտելէ ետք՝ որ անցեալ տարի Հոլանտայի մէջ մկրտուող 575 անհատներէն մէկն էր, ան հետեւեալը գրեց. «Այս պահուն, վերջին 20 տարիներուն ըրած ներդրումիս հատուցումը ստացայ։ Այլեւս մոռցուեցան այն բոլո՜ր ժամանակն ու կորովը, ինչպէս նաեւ նեղութիւնները, ջանքերը եւ վշտերը»։ Ան որքա՜ն ուրախ է որ իր տղան իր ազատ կամքով ընտրած է Եհովայի ծառայել։ Անցեալ տարի Հոլանտայի մէջ տեղեկագրող 31,089 հրատարակիչներուն մէջ կան շատեր՝ որոնք իրենց ծնողներէն սորված են Եհովան սիրել։
6. Քրիստոնէական սէրը ի՞նչպէս կ’օգնէ ամուսնական կապը զօրացնելու։
6 Պօղոս սէրը կոչեց «միութեան կատարեալ կապ մը», եւ անիկա կրնայ ամուսնական միութիւնը պահպանել նոյնիսկ փոթորկալից ժամանակներուն։ (Կողոսացիս 3։14, ՆԱ, 18, 19. Ա. Պետրոս 3։1-7) Թահիթիէն շուրջ 700 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ռուրութու փոքր կղզիէն մարդ մը, երբ սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, իր կինը սաստիկ հակառակեցաւ։ Ի վերջոյ, կինը զաւակները առաւ, զինք լքեց եւ Թահիթի գնաց։ Այսուհանդերձ, ամուսինը իր սէրը ցոյց տուաւ, կանոնաւորաբար անոր դրամ ղրկելով եւ հեռաձայնով հարցնելով թէ ինք կամ զաւակները բանի մը պէտքը ունէի՞ն։ Այսպէս, ան իր քրիստոնէական պարտականութիւնները կատարելու մէջ իր լաւագոյնը ըրաւ։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Ան անդադար աղօթեց որ իր ընտանիքը վերամիանայ, եւ ի վերջոյ կինը վերադարձաւ։ Ան իր կնոջ հետ ‘սիրով, համբերութեամբ ու հեզութեամբ’ վարուեցաւ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11) 1998–ին ան մկրտուեցաւ, եւ հետագային շատ ուրախացաւ երբ կինը ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Այդ ուսումնասիրութիւնը, անցեալ տարի Թահիթիի մասնաճիւղին հովանաւորութեան ներքեւ եղող թաղամասին մէջ վարուած 1,351 ուսումնասիրութիւններէն մէկն էր։
7. Գերմանիա ապրող մարդու մը կարծիքով, ի՞նչ բան իր ամուսնութիւնը զօրացուցած է։
7 Գերմանիոյ մէջ, մարդ մը Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ իր կնոջ ունեցած հետաքրքրութեան
ընդդիմացաւ եւ համոզուած էր որ Եհովայի Վկաները կ’ուզէին իր կնոջ խաբել։ Սակայն, հետագային, ան ճշմարտութիւնը իր կնոջ ծանօթացնող Վկային գրեց. «Շնորհակալ եմ որ կինս Եհովայի Վկաներուն ծանօթացուցիր։ Սկիզբը մտահոգ էի, քանի որ անոնց մասին շատ գէշ բաներ լսած էի։ Սակայն կնոջս հետ ժողովներու ներկայ գտնուելէս ետք, կը գիտակցիմ թէ որքա՜ն սխալած էի։ Գիտեմ որ լսածներս ճշմարտութիւն են, եւ ասիկա մեր ամուսնութիւնը շատ զօրացուցած է»։ Գերմանիոյ մէջ 162,932 եւ Թահիթիի մասնաճիւղին հովանաւորութեան ներքեւ եղող կղզիներուն մէջ 1,773 Եհովայի Վկաներուն մաս կը կազմեն աստուածային սիրով միացած բազմաթիւ ընտանիքներ։Սէր՝ Մեր Քրիստոնեայ Եղբայրներուն Հանդէպ
8, 9. (ա) Ո՞վ մեզի կը սորվեցնէ մեր եղբայրները սիրել, եւ սէրը ի՞նչ ընելու կը մղէ մեզ։ (բ) Օրինակ մը տուէք թէ սէրը ի՛նչպէս կրնայ եղբայրներուն օգնել որ իրարու թիկունք կանգնին։
8 Պօղոս Թեսաղոնիկեցի Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9) Այո, ‘Տէրոջմէ սորվածները’ զիրար կը սիրեն։ (Եսայեայ 54։13) Անոնց սէրը գործերով կ’արտայայտուի, ինչպէս Պօղոս ցոյց տուաւ, երբ ըսաւ. «Սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք»։ (Գաղատացիս 5։13. Ա. Յովհաննու 3։18) Անոնք ասիկա կ’ընեն, զոր օրինակ, երբ հիւանդ եղբայրներ ու քոյրեր կ’այցելեն, յուսալքուածները կը քաջալերեն եւ տկարներուն ձեռնտու կ’ըլլան։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Մեր հարազատ քրիստոնէական սէրը, մեր հոգեւոր դրախտին աճման կը նպաստէ։
9 Էքուատորի 544 ժողովքներէն մէկուն՝ Անքոնի Ժողովքին մէջ, եղբայրները իրենց սէրը գործնական կերպով ցոյց տուին։ Տնտեսական տագնապի մը հետեւանքով անոնք անգործ կամ առանց եկամուտի մնացին, ուստի հրատարակիչները որոշեցին եկամուտ ապահովել տեղացի ձկնորսներուն ուտելիք ծախելով, երբ անոնք գիշերուան ձկնորսութենէն տուն վերադառնային։ Բոլորն ալ համագործակցեցան, ի ներառեալ երախաները։ Անոնք պէտք էր կ.ա. 1։00–ին սկսէին, որպէսզի երբ կ.ա. 4։00–ին ձկնորսները վերադառնային, ճաշը պատրաստ ըլլար։ Հաւաքուած դրամը եղբայրներուն միջեւ կը բաժնուէր, անոնց կարիքներուն համաձայն։ Այսպիսի փոխադարձ օգնութիւն քրիստոնէական հարազատ սէր ապացուցանեց։
10, 11. Ի՞նչպէս կրնանք սէր ցոյց տալ անհատապէս մեր չճանչցած եղբայրներուն հանդէպ։
10 Սակայն, մենք միայն անհատապէս մեր ճանչցած Քրիստոնեաներուն չենք սահմանափակեր մեր սէրը։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Ամբողջ Ա. Պետրոս 2։17, ՆԱ) Մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք, քանի որ բոլորն ալ մեզի պէս Եհովա Աստուծոյ երկրպագուներն են։ Այս սէրը ցուցաբերելու պատեհութիւն մը կրնայ ներկայացուիլ նեղութեան ժամանակ։ Օրինակ, 2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, սաստիկ ջրհեղեղներ Մոզամպիկը քանդեցին, իսկ Անկոլայի մէջ շարունակուող քաղաքացիական պատերազմը, շատերը չքաւոր դարձուց։ Մոզամպիկի 31,725 իսկ Անկոլայի 41,222 եղբայրներէն շատեր այս իրադարձութիւններէն ազդուեցան։ Հետեւաբար, դրացի երկրէն՝ Հարաւային Ափրիկէէն, Վկաներ մեծ քանակութեամբ նպաստներ ղրկած են, այս երկիրներուն մէջ եղող իրենց եղբայրներուն նեղ կացութիւնը մեղմացնելու համար։ Իրենց «աւելին» իրենց կարօտեալ եղբայրներուն յօժարակամօրէն տալով, իրենց սէրը ապացուցանեցին։—Բ. Կորնթացիս 8։8, 13-15, 24
եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք»։ (11 Սէրը կը բացայայտուի նաեւ, երբ շատ մը երկիրներու մէջ եղբայրներ նուիրատուութիւններ կ’ընեն, աղքատ երկիրներու մէջ Թագաւորութեան Սրահներու եւ Համաժողովի Սրահներու կառուցման համար։ Օրինակ մը տանք Սալոմոն Կղզիներէն։ Հակառակ խռովութիւններուն, Սալոմոն Կղզիներուն մէջ հրատարակիչներու թիւը 6 տոկոս յաւելում արձանագրեց անցեալ տարի, 1,697 բարձրագոյն թիւին հասնելով։ Անոնք ծրագրեցին Համաժողովի Սրահ մը կառուցանել։ Թէեւ կղզեցիներէն շատեր երկրէն փախուստ կու տային, սակայն Աւստրալիայէն կամաւորներ եկան շինարարութեան ձեռք տալու համար։ Ի վերջոյ, երբ կամաւորները կղզիէն պիտի մեկնէին, անոնք արդէն իսկ տեղացի եղբայրները մարզած էին որպէսզի շինարարութիւնը ամբողջացնէին։ Սրահին համար կանխակառոյց պողպատէ կմախքը առաքուեցաւ Աւստրալիայէն, իսկ պաշտամունքի այս հոյակապ կառոյցին ամբողջացումը Եհովայի անուան եւ եղբայրներուն սիրոյն սքանչելի վկայութիւն մը պիտի ըլլայ, երբ շատ մը կառոյցներ կիսաւարտ լքուած են։
Աստուծոյ Նման, Աշխարհը կը Սիրենք
12. Մեր հաւատքէն չեղողներուն հանդէպ մեր կեցուածքով ի՞նչպէս Եհովան կ’ընդօրինակենք։
12 Արդեօք մենք միայն մեր ընտանիքն ու եղբայրակցութի՞ւնը կը սիրենք։ Եթէ «Աստուծոյ նմանող»ներ ենք, պարագան այս պէտք չէ ըլլայ։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Եփեսացիս 5։1. Յովհաննու 3։16) Եհովա Աստուծոյ նման, բոլորին հետ սիրով կը վարուինք, ի ներառեալ անոնք որ մեր հաւատակիցները չեն։ (Ղուկաս 6։35, 36. Գաղատացիս 6։10) Այս պարագային մանաւանդ, Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք եւ ուրիշներուն կը պատմենք իրենց ի նպաստ Աստուծոյ սիրոյ մեծագոյն արարքին մասին։ Մտիկ ընող ոեւէ անհատի համար ասիկա կրնայ փրկութիւն նշանակել։—Մարկոս 13։10. Ա. Տիմոթէոս 4։16
13, 14. Կարգ մը փորձառութիւններ պատմեցէք եղբայրներու մասին, որոնք Վկայ չեղողներուն հանդէպ սէր ցոյց տուին, նոյնիսկ իրենք զիրենք շատ մեծ նեղութեան մատնելով։
13 Նկատի առէք Նէփալի մէջ գտնուող չորս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Անոնք երկրին հարաւ–արեւմտեան կողմը գտնուող քաղաք մը նշանակուեցան, եւ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին այդ քաղաքին եւ հեռաւոր գիւղերուն մէջ համբերութեամբ վկայելով, իրենց սէրը ցուցաբերած են։ Իրենց թաղամասը ծածկելու համար, անոնք յաճախ երկար ժամեր հեծանիւով կը ճամբորդեն, աւելի քան 40 ս. ջերմաստիճանի ներքեւ։ Անոնց սէրը եւ ‘բարի գործերու մէջ համբերութիւնը’ հոյակապ արդիւնք տուին, գիւղերէն մէկուն մէջ գրքի ուսումնասիրութեան խումբ մը կազմուելով։ (Հռովմայեցիս 2։7) 2000–ի Մարտին, 32 անհատներ եկան հոն այցելող շրջանային տեսուչին հանրային դասախօսութիւնը լսելու համար։ Անցեալ տարի, Նէփալի մէջ հրատարակիչներու բարձրագոյն թիւը հասաւ 430–ի. 9 տոկոս յաւելում մը։ Բացայայտօրէն, Եհովա այդ երկրին մէջ գտնուող եղբայրներուն նախանձախնդրութիւնն ու սէրը կ’օրհնէ։
14 Գոլոմպիայի մէջ, առժամեայ մասնաւոր ռահվիրաներ Ուայու Հնդիկներուն քարոզելու գացին։ Ասիկա ընելու համար, անոնք նոր լեզու մը սորվեցան. սակայն, անոնց սիրալիր հետաքրքրութիւնը վարձատրուեցաւ, երբ ի հեճուկս տեղատարափ անձրեւին, 27 հոգի հանրային դասախօսութեան մը ներկայ գտնուեցան։ Այսպիսի սիրալիր նախանձախնդրութիւն մը նպաստեց որ Գոլոմպիայի մէջ 5 առ հարիւր յաւելում մը ըլլայ եւ հրատարակիչներու բարձրագոյն թիւը հասնի 107,613–ի։ Տանըմարքայի մէջ տարեց քոյր մը ուզեց ուրիշներուն հետ բարի լուրը բաժնել, սակայն անկարող էր։ Ուստի անյողդողդ կամքով, ան հետաքրքրուած անհատներու հետ շփման մէջ եկաւ նամակներ գրելով։ Ներկայիս, ան 42 անհատներու հետ կը
թղթակցի եւ 11 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէ։ Անցեալ տարի, ան Տանըմարքայի մէջ տեղեկագրող 14,885 հրատարակիչներէն մէկն էր։Սիրեցէք Ձեր Թշնամիները
15, 16. (ա) Յիսուս ըսաւ որ մեր սէրը ո՞ր տարողութեամբ պէտք է ըլլայ։ (բ) Պատասխանատու եղբայրներ ի՞նչպէս սիրալիր կերպով վարուեցան անհատի մը հետ, որ Եհովայի Վկաներուն դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ըրած էր։
15 Յիսուս օրինականին ըսաւ որ Սամարացի մը կրնայ դրացի նկատուիլ։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս նոյնիսկ քայլ մը անդին գնաց, ըսելով. «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես’։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք’»։ (Մատթէոս 5։43-45) Նոյնիսկ երբ մէկը մեզի հակառակի, կը փորձենք ‘բարիով յաղթել չարին’։ (Հռովմայեցիս 12։19-21) Եթէ կարելի ըլլայ, անոր հետ կը բաժնենք մեր ամենաթանկագին ստացուածքը՝ ճշմարտութիւնը։
16 Ուգրանիոյ մէջ, Գրէմէնչուք Հէրըլտ լրագրին մէջ յօդուած մը Եհովայի Վկաները ներկայացուց որպէս վտանգաւոր աղանդ մը։ Ասիկա լուրջ բան մըն էր, քանի որ Եւրոպայի մէջ ոմանք Եհովայի Վկաներուն մասին այս կերպով կը խօսին, մարդիկը համոզելու որ Վկաներուն գործունէութիւնները պէտք է սահմանափակուին կամ արգիլուին։ Ուստի, խմբագիրէն խնդրուեցաւ որ հաղորդագրութեամբ մը սրբագրէ յօդուածը։ Ան համաձայնեցաւ, սակայն լոյս տեսած հաղորդագրութեան մէջ նշեց թէ յօդուածը իրողութեան վրայ հիմնուած էր։ Հետեւաբար, պատասխանատու եղբայրներ դարձեալ մօտեցան իրեն եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ հայթայթեցին։ Ի վերջոյ, խմբագիրը ընդունեց առաջին յօդուածին սխալ ըլլալը, եւ հրատարակեց որ կը հերքէր իր ըսածները։ Այս պարագան ձեռք առնելու սիրալիր կերպն էր անոր հետ անկեղծօրէն եւ ազնուօրէն վարուիլ, եւ ասիկա լաւ արդիւնք տուաւ։
Ի՞նչպէս Կրնանք Սէր Մշակել
17. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ միշտ դիւրին չէ ուրիշներուն հետ սիրալիր կերպով վարուիլ։
17 Երբ մանուկ մը ծնի, անոր ծնողքը իսկոյն անոր կը սիրահարի։ Չափահասներուն հետ սիրալիր կերպով վարուիլը միշտ նոյնքան բնազդաբար չի կատարուիր։ Հաւանաբար անոր համար է որ Աստուածաշունչը կրկին անգամ կ’ըսէ որ մէկզմէկ սիրենք. անիկա բան մըն է որու վրայ պէտք է աշխատինք։ (Ա. Պետրոս 1։22. 4։8. Ա. Յովհաննու 3։11) Յիսուս գիտէր թէ մեր սէրը փորձի պիտի ենթարկուէր, երբ ըսաւ թէ պէտք է մեր եղբօր ներենք «մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը»։ (Մատթէոս 18։21, 22) Պօղոս ալ մեզ յորդորեց որ «շարունակենք իրարու համբերել»։ (Կողոսացիս 3։12, 13, ՆԱ) Զարմանալի չէ որ մեզի ըսուած է. «Սիրոյ ետեւէն գացէ՛ք»։ (Ա. Կորնթացիս 14։1) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
18. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ ուրիշներու հանդէպ սէր մշակենք։
18 Նախ՝ կրնանք միշտ ի մտի ունենալ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած սէրը։ Այս սէրը, մեր դրացին սիրելու զօրաւոր դրդապատճառ մըն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ այսպէս վարուինք, ասիկա մեր երկնաւոր Հօր մասին լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ եւ իրեն փառք ու պատիւ կը բերէ։ (Յովհաննու 15։8-10. Փիլիպպեցիս 1։9-11) Երկրորդ, կրնանք փորձել հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն դիտել։ Ամէն անգամ որ մեղք գործենք, Եհովայի դէմ մեղանչած կ’ըլլանք. սակայն, ան ամէն անգամ կը ներէ մեզի եւ կը շարունակէ մեզ սիրել։ (Սաղմոս 86։5. 103։2, 3. Ա. Յովհաննու 1։9. 4։18) Եթէ Եհովայի տեսակէտը զարգացնենք, հակումը պիտի ունենանք ուրիշները սիրելու եւ մեզի դէմ ուղղուած վիրաւորանքները ներելու։ (Մատթէոս 6։12) Երրորդ, կրնանք ուրիշներու հետ վարուիլ այնպէս՝ ինչպէս կ’ուզենք որ իրենք մեզի հետ վարուին։ (Մատթէոս 7։12) Անկատար ըլլալով, յաճախ թողութիւն ստանալու կարիքը ունինք։ Օրինակ, երբ ուրիշները վիրաւորող բաներ ըսենք, կ’ակնկալենք որ անոնք յիշեն թէ ժամանակ առ ժամանակ ամէն անհատ իր լեզուով մեղք կը գործէ։ (Յակոբու 3։2) Եթէ կ’ուզենք որ ուրիշներ մեզի հետ սիրալիր կերպով վարուին, մենք ալ պէտք է իրենց հետ սիրալիր կերպով վարուինք։
19. Ի՞նչպէս կրնանք սուրբ հոգիին օգնութիւնը խնդրել սէր մշակելու համար։
19 Չորրորդ, կրնանք սուրբ հոգիին օգնութիւնը խնդրել, քանի որ սէրը հոգիին պտուղներէն մէկն է։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Բարեկամութիւնները, ընտանեկան զգացումները եւ վիպական սէրը յաճախ բնազդաբար կը զարգանան։ Սակայն, Եհովայի հոգիին օգնութեան կարիքը ունինք, որպէսզի Եհովայի ունեցած սէրը մշակենք, այն սէրը՝ որ միութեան կատարեալ կապն է։ Կրնանք սուրբ հոգիին օգնութիւնը փնտռել ներշնչեալ Աստուածաշունչը կարդալով։ Օրինակ, եթէ Յիսուսի կեանքը ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք թէ ան մարդոց հետ ի՛նչպէս վարուեցաւ, եւ այս կերպով կրնանք սորվիլ զինք ընդօրինակել։ (Յովհաննու 13։34, 35. 15։12) Ասկէ զատ, կրնանք Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրել, մանաւանդ այն պարագաներուն երբ կը զգանք որ սիրալիր կերպով վարուիլը դժուար է։ (Ղուկաս 11։13) Ի վերջոյ, կրնանք սիրոյ հետամուտ ըլլալ քրիստոնէական ժողովքին մօտիկ մնալով։ Սիրալիր եղբայրներու ու քոյրերու հետ ըլլալը կ’օգնէ մեզի որ սէր մշակենք։—Առակաց 13։20
20, 21. 2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, Եհովայի Վկաները ի՞նչ ուշագրաւ սէր ցոյց տուին։
20 Անցեալ տարի, համայն աշխարհի մէջ բարի լուրի հրատարակիչներու բարձրագոյն թիւն էր՝ 6,035,564։ Եհովայի Վկաները ընդամէնը 1,171,270,425 ժամեր յատկացուցին, անհատներու բարի լուրին մասին խօսելու համար։ Սէ՛րը ձգեց որ անոնք տաքին, անձրեւին եւ ցուրտին տոկան, մինչ այս գործը կը կատարէին։ Սէրն էր որ զանոնք մղեց դասընկերներու եւ գործակիցներու խօսելու, փողոցը եւ այլ վայրերու մէջ բոլորովին անծանօթ անհատներու մօտենալու։ Վկաներուն այցելած անհատներէն շատեր անտարբեր էին, իսկ ոմանք՝ հակառակող։ Սակայն, ոմանք հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին. ուստի, 433,454,049 վերայցելութիւններ եղան, եւ 4,766,631 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան։ *
21 Այս բոլորը ի՜նչ հոյակապ կերպով ցոյց տուին իրենց Աստուծոյն եւ դրացիին հանդէպ Եհովայի Վկաներուն ունեցած սէրը։ Այս սէրը երբեք պիտի չպաղի։ Վստահ ենք որ 2001–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի մեծ վկայութիւն մը պիտի տրուի մարդոց։ Կը մաղթենք որ Եհովա շարունակէ օրհնել իր հաւատարիմները եւ եռանդուն երկրպագուները, մինչ անոնք թոյլ կու տան որ «ամէն բաները սիրով ըլլան»։—Ա. Կորնթացիս 16։14
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 20 2000–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագրութեան մասին մանրամասնութիւններու համար, տես՝ էջ 18-21–ի ցուցակը։
Կրնա՞ք բացատրել
• Մեր դրացին սիրելով որո՞ւ ընդօրինակած կ’ըլլանք։
• Մեր սէրը ո՞ր տարողութեամբ պէտք է ըլլայ։
• Քրիստոնէական սէր ցոյց տուող ի՞նչ փորձառութիւններ տեսանք։
• Ի՞նչպէս կրնանք քրիստոնէական սէր մշակել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Ցուցակ՝ էջ 18-21]
2000–ի ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(Տե՛ս կազմուած հատորը)
[Նկարներ՝ էջ 15]
Քրիստոնէական սէրը կրնայ ընտանիք մը միացած պահել
[Նկարներ՝ էջ 17]
Սէրը կը մղէ մեզ որ մեր յոյսը ուրիշներու հետ բաժնենք